ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22
ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ
Ժամադրուիլը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իմաստուն որոշում մը առնես
«Սրտին ծածուկ մարդը. . . խիստ պատուական է» (Ա. ՊԵՏ. 3։4)։
ՆԻՒԹ
Իրարու հետ ժամադրուող զոյգերը ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի իմաստուն որոշում մը առնեն, եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց օգնել։
1-2. Ոմանք ի՞նչ կ’ըսեն ժամադրուելու ժամանակաշրջանին մասին։
ԺԱՄԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ժամանակաշրջանը կրնայ հաճելի եւ խանդավառ ժամանակ մը ըլլալ։ Եթէ ներկայիս մէկու մը հետ կը ժամադրուիս, վստահաբար կ’ուզես, որ այդ ժամանակը լաւ անցնի, ինչպէս որ ուրիշներու հետ լաւ կ’անցնի։ Եթովպիայէն եղող Ցիօնa անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ ես եւ ամուսինս կը ժամադրուէինք, այդ օրերը կեանքիս ամէնէն ուրախ օրերէն էին։ Ատեններ լուրջ խօսակցութիւններ կ’ունենայինք, ատեններ ալ խնդալով կ’անցընէինք։ Սիրելը եւ մէկու մը կողմէ սիրուիլը ինծի ուրախութիւն տուաւ»։
2 Անդին, Հոլանտայէն եղող Ալեշօ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Թէեւ հաճելի էր այդ ժամանակը, երբ կնոջս հետ կը ժամադրուէի, բայց ատիկա դժուարութիւններ ալ ունէր»։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ իրարու ծանօթացող զոյգերը ի՛նչ դժուարութիւններ կրնան ունենալ եւ Սուրբ Գիրքի ո՛ր սկզբունքները կրնան անոնց օգնել, որ իմաստուն որոշում մը առնեն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, որ ժողովքին մէջ ուրիշներ ինչպէ՛ս կրնան անոնց օգնել։
ԺԱՄԱԴՐՈՒԵԼՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
3. Ժամադրուելուն նպատակը ի՞նչ է (Առակաց 20։25)։
3 Թէեւ ժամադրուիլը կրնայ հաճելի ըլլալ, բայց անիկա նաեւ լուրջ քայլ մըն է, որ կրնայ ամուսնութեան առաջնորդել։ Զոյգ մը իրենց հարսանիքին օրը Եհովային առջեւ ուխտ կ’ընեն, որ իրար պիտի սիրեն եւ յարգեն՝ այնքա՛ն ատեն որ կ’ապրին։ Բայց որեւէ ուխտ ընելէ առաջ, պէտք է ատոր մասին լրջօրէն մտածենք (կարդա՛ Առակաց 20։25)։ Նոյնն է պարագան ամուսնական ուխտին։ Ժամադրուելուն նպատակն է առիթ տալ զոյգերուն, որ իրար ճանչնան եւ ետքը իմաստուն որոշում մը առնեն։ Երբեմն այդ որոշումը կ’ըլլայ ամուսնանալ, երբեմն ալ՝ իրարմէ բաժնուիլ։ Եթէ զոյգ մը իրարմէ բաժնուի, ասիկա չի նշանակեր, թէ անոնք ձախողեցան։ Ընդհակառակը ատիկա կը նշանակէ, թէ ժամադրուելու ժամանակաշրջանը իր նպատակին ծառայեց եւ իրենց օգնեց, որ իմաստուն որոշում մը առնեն։
4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնանք թէ ժամադրուելուն նպատակը ճիշդ ի՛նչ է։
4 Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գիտնանք թէ ժամադրուելուն նպատակը ճիշդ ի՛նչ է։ Ատիկա ամուրիներուն կ’օգնէ որ չժամադրուին մէկու մը հետ, որուն հետ նպատակ չունին ամուսնանալու։ Բայց ո՛չ թէ միայն ամուրիները պէտք է գիտնան ժամադրուելուն նպատակը, հապա նաեւ՝ բոլորս։ Ինչո՞ւ։ Ոմանք կը կարծեն որ եթէ զոյգ մը իրարու հետ կը ժամադրուի, անպայմա՛ն պէտք է ամուսնանայ։ Լաւ, այս տեսակէտը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ամուրիներուն։ Միացեալ Նահանգներէն եղող Մէլիսա անունով ամուրի քոյր մը, կ’ըսէ. «Ուրիշներուն ակնկալութիւնները շատ ճնշում կը դնեն իրարու հետ ժամադրուող վկայ զոյգին վրայ։ Այս պատճառով, կարգ մը ժամադրուող զոյգեր իրարմէ չեն բաժնուիր նոյնիսկ եթէ իրարու յարմար չեն, իսկ ուրիշներ՝ բոլորովին չեն ժամադրուիր։ Ասիկա շատ մեծ ճնշում կը դնէ ամուրիներուն վրայ»։
ԻՐԱՐ ԼԱՒ ՃԱՆՉՑԷՔ
5-6. Ժամադրուող զոյգ մը ի՞նչ բաներ պէտք է ջանան գիտնալ իրարու մասին (Ա. Պետրոս 3։4)։
5 Եթէ մէկու մը հետ կը ժամադրուիս, ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ որոշես ամուսնանալ կամ ո՛չ։ Իրար լաւ ճանչցէ՛ք։ Հաւանաբար, ժամադրուելու սկսելէ առաջ արդէն իսկ քանի մը բաներ գիտէիր դիմացինին մասին, բայց հիմա առիթը ունիս, որ դիմացինին «սրտին ծածուկ մարդը» գիտնաս (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։4)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ դիմացինին հոգեւորութեան, անձնաւորութեան եւ մտածելակերպին մասին կրնաս աւելի բաներ գիտնալ։ Ժամանակ մը ետք, ասիկա պիտի օգնէ, որ կարենաս ասոնց նման հարցումներու պատասխանները գիտնալ. ‘Այս անձը ինծի համար յարմար կողակից մը կրնա՞յ ըլլալ’ (Առ. 31։26, 27, 30. Եփ. 5։33. Ա. Տիմ. 5։8)։ ‘Կրնա՞նք իրարու տալ այն սէրն ու հոգատարութիւնը, որոնց պէտք ունինք։ Կրնա՞նք իրար գէշ բնաւորութիւնները շալկել’ (Հռով. 3։23)b։ Մինչ դիմացի անհատին աւելի կը ծանօթանաս, ասիկա մի՛ մոռնար. զոյգ մը իրարու յարմար կ’ըլլան ո՛չ թէ երբ ամէն բանի մէջ իրարու կը նմանին, հապա՝ երբ իրարու կը յարմարին հակառա՛կ անոր որ իրարմէ տարբեր են։
6 Ժամադրուելու ժամանակ ուրիշ ի՞նչ բաներ պէտք է գիտնաս դիմացինին մասին։ Առաջ որ անոր շատ կապուիս, պէտք է անոր հետ խօսիս կարգ մը կարեւոր նիւթերու մասին, օրինակ՝ անոր նպատակները։ Արդեօք պէ՞տք է առողջապահական հարցերու, դրամական խնդիրներու, հոգեկան վէրքերու (trauma) կամ ուրիշ անձնական նիւթերու մասին ալ խօսիս։ Պէտք չունիս ամէ՛ն նիւթի մասին խօսելու հազիւ որ ժամադրուելու սկսիս (համեմատէ՛ Յովհաննէս 16։12)։ Եթէ կը զգաս որ տակաւին կանուխ է, որ կարգ մը անձնական հարցումներու պատասխանես, դիմացինին ըսէ ասիկա։ Բայց ժամանակի ընթացքին դիմացինը պէտք է այս տեղեկութիւնները գիտնայ, որպէսզի իմաստուն որոշում մը առնէ։ Ուրեմն, ժամանակ մը ետք պէտք է անկեղծօրէն խօսիս ատոնց մասին։
7. Ժամադրուող զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնան իրար աւելի լաւ ճանչնալ (տե՛ս նաեւ «Երբ հեռու տեղ մը ապրող մէկու մը հետ կը ժամադրուիս» տուփը) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
7 Ինչպէ՞ս կրնաս դիմացինը շատ լաւ ճանչնալ։ Լաւագոյն կերպերէն մէկն է, անոր հետ բացէ ի բաց խօսիլ եւ հարցումներ հարցնել, ետքը՝ լաւ մտիկ ընել (Առ. 20։5. Յակ. 1։19)։ Թերեւս օգտակար գտնես ընել բաներ, որոնք առիթ կու տան որ իրարու հետ խօսակցիք, օրինակ՝ իրարու հետ ուտել, իրարու հետ քալել հանրային վայրերու մէջ կամ իրարու հետ քարոզել։ Իրար կրնաք աւելի ճանչնալ նաեւ, երբ բարեկամներու եւ ընտանիքի հետ ժամանակ կ’անցընէք։ Ասկէ զատ, կրնաք ընել բաներ, որոնք ցոյց կու տան թէ դիմացինը տարբեր պարագաներու եւ տարբեր մարդոց հետ ինչպէ՛ս կը վարուի։ Նկատի առ Աշուինը, որ Հոլանտայէն է, ի՛նչ փորձեց ընել Ալիսիային հետ ժամադրուելու ատեն։ Ան կ’ըսէ. «Միասնաբար ըրինք բաներ, որոնք մեզի օգնեցին որ իրարու մասին աւելի գիտնանք։ Ատեններ, ատոնք պարզ բաներ էին, ինչպէս՝ միասին ճաշ պատրաստել կամ միասին տունի գործեր ընել։ Աս առիթներով՝ իրարու զօրաւոր եւ տկար կէտերը տեսանք»։
Եթէ որպէս զոյգ միասին ընէք բաներ, որոնք ձեզի առիթ կու տան միասին խօսելու, շատ հաւանաբար իրար աւելի պիտի ճանչնաք (տե՛ս պարբերութիւններ 7-8)
8. Ժամադրուող զոյգը ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն եթէ միասին սերտեն։
8 Նաեւ կրնաք միասին հոգեւոր նիւթերու մասին սերտելով՝ իրար աւելի լաւ ճանչնալ։ Արդէն, երբոր ամուսնանաք, ժամանակ պիտի տրամադրէք ընտանեկան պաշտամունք ընելու, որպէսզի Եհովան ձեր ամուսնութեան մէկ մասը ըլլայ (Ժող. 4։12)։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ հիմակուընէ ժամանակ տրամադրէք միասին սերտելու՝ մինչ տակաւին կը ժամադրուիք։ Ճիշդ է որ ժամադրուող զոյգը տակաւին ընտանիք չկազմեց եւ եղբայրը տակաւին քրոջ գլուխը չեղաւ, բայց երբ որ անոնք միասնաբար եւ կանոնաւորաբար սերտեն, կրնան մէկը միւսին հոգեւորութեան մասին աւելին գիտնալ։ Միացեալ Նահանգներէն եղող զոյգ մը՝ Մէքսը եւ Լայսան՝ սերտելէն ուրիշ օգուտ մըն ալ քաղեցին։ Մէքսը կ’ըսէ. «Երբ նոր սկսած էինք ժամադրուիլ, սկսանք մեր հրատարակութիւններէն նիւթեր սերտել՝ ժամադրուելու, ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին մասին։ Ասիկա առիթ բացաւ, որ միասին շատ մը կարեւոր նիւթերու մասին խօսինք, ինչ որ պիտի չպատահէր եթէ միասին չսերտէինք»։
ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ ՈՐՈՆՔ ՆԿԱՏԻ ՊԷՏՔ Է ԱՌՆԷՔ
9. Զոյգ մը որո՞ւ պէտք է տեղեկացնէ իրենց յարաբերութեան մասին, եւ ինչո՞ւ։
9 Ձեր յարաբերութեան մասին որո՞ւ պէտք է ըսէք։ Դուք էք որ որպէս զոյգ ատիկա կ’որոշէք։ Թերեւս ձեր յարաբերութեան սկիզբը միայն քանի մը հոգիներու ըսէք (Առ. 17։27)։ Ասիկա ընելով, թերեւս ձեր վրայ աւելի քիչ ճնշում ըլլայ եւ աւելի քիչ հարցումներ հարցնեն։ Բայց եթէ մէկո՛ւ մը չըսէք, թերեւս մեկուսանաք՝ վախնալով որ ուրիշներ գիտնան ատոր մասին, եւ ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Անոր համար, իմաստութիւն է որ տեղեակ պահէք, գոնէ անոնց՝ որոնք կրնան ձեզի օգտակար խրատներ տալ եւ գործնական կերպով օգտակար դառնալ (Առ. 15։22)։ Օրինակի համար, կրնաք տեղեակ պահել կարգ մը ընտանիքի անդամներ, հասուն ընկերներ կամ քրիստոնեայ երէցներ։
10. Զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնայ բարոյապէս մաքուր մնալ (Առակաց 22։3)։
10 Ինչպէ՞ս կրնաք բարոյապէս մաքուր մնալ։ Բնական է որ մինչ ձեր զգացումները կը զարգանան, իրարմով աւելի հրապուրուիք։ Լաւ ի՞նչը կրնայ ձեզի օգնել, որ բարոյապէս մաքուր մնաք (Ա. Կոր. 6։18)։ Իրարու հետ անբարոյ բաներու մասին մի՛ խօսիք, առանձին մի՛ մնաք եւ շատ մի՛ խմէք (Եփ. 5։3)։ Այս բաները կրնան ձեր մէջ սեռային ցանկութիւններ արթնցնել եւ սխալ բան մը ընելը դիւրացնել։ Ասոր համար, լաւ կ’ըլլայ, որ միշտ միասին խօսիք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք, որ թէ՛ իրար եւ թէ Եհովային չափանիշները յարգէք (կարդա՛ Առակաց 22։3)։ Նկատի առ թէ ի՛նչը օգնեց Տաուիթին եւ Ալմազին, որոնք Եթովպիայէն են։ Անոնք կ’ըսեն. «Մենք միասին ժամանակ կ’անցընէինք հանրային տեղեր կամ երբ եղբայրներ կամ քոյրեր մեզի հետ կ’ըլլային։ Մենք բնա՛ւ մինակ չէինք մնար ինքնաշարժի կամ տունի մը մէջ։ Այսպիսով, մենք մեզ չդրինք փորձութիւն պատճառող պարագաներու մէջ»։
11. Ո՞ր բաներու հիման վրայ զոյգ մը կրնայ որոշել իրենց սէրը ի՛նչ ֆիզիքական կերպերով ցոյց տալ։
11 Արդեօք պէ՞տք է ձեր սէրը իրարու հանդէպ ֆիզիքական կերպերով ցոյց տաք։ Մինչ յարաբերութիւնը կը զարգանայ, թերեւս որոշէք պատշաճ կերպերով ասիկա ընել։ Բայց եթէ սեռային գետնի վրայ գրգռուիք, հաւանաբար դժուար պիտի ըլլայ որ ճիշդ որոշումը առնէք (Երգ 1։2. 2։6)։ Ասկէ զատ, երբ ձեր սէրը ֆիզիքական կերպերով ցոյց տաք, ասիկա կրնայ դիւրաւ պատճառ դառնալ, որ ձեր ինքնազսպումը տկարանայ եւ Եհովան նեղացնող բան մը ընէք (Առ. 6։27)։ Ուրեմն ձեր յարաբերութեան սկիզբէն իսկ խօսեցէք Եհովային չափանիշներուն մասին, եւ թէ ի՛նչ պիտի ընէք եւ ի՛նչ պիտի չընէք (Ա. Թես. 4։3-7)c։ Որպէս զոյգ դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Մեր մշակոյթին մէջ մարդիկ ի՞նչ աչքով կը դիտեն, երբ մենք մեր սէրը ֆիզիքական որոշ կերպերով ցոյց կու տանք։ Եւ եթէ մենք այդ կերպերով ցոյց տանք, կարելի՞ է որ մեզմէ մէկը սեռային գետնի վրայ գրգռուի’։
12. Եթէ զոյգ մը անհամաձայնութիւններ կ’ունենայ, ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնէ։
12 Ձեր խնդիրները եւ անհամաձայնութիւնները ինչպէ՞ս կը լուծէք։ Եթէ ատեն–ատեն անհամաձայնութիւններ կ’ունենաք, արդեօք ասիկա ըսե՞լ է, որ իրարու յարմար զոյգեր չէք։ Պայման չէ։ Բոլոր զոյգերը անհամաձայնութիւններ կ’ունենան։ Ամուսնութիւն մը զօրաւոր կ’ըլլայ, երբ որ զոյգը իրարու հետ կը համագործակցի, որպէսզի իրենց անհամաձայնութիւնները լուծեն։ Անոր համար, այն կերպը, որ հիմա՛ ձեր խնդիրները կը լուծէք, ցոյց կու տայ, թէ ձեր ամուսնութիւնը յաջող պիտի ըլլա՛յ կամ ոչ։ Որպէս զոյգ դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Հարցերը հանդարտութեամբ եւ յարգանքով կը քննարկե՞նք, մեր սխալները կ’ընդունի՞նք եւ կը փորձե՞նք փոխուիլ։ Շուտով կը զիջի՞նք, ներողութիւն կը խնդրե՞նք եւ կը ներե՞նք’ (Եփ. 4։31, 32)։ Միւս կողմէ, մինչ կը ժամադրուիք, եթէ անդադար անհամաձայնութիւններ կ’ունենաք կամ կը վիճիք, շատ հաւանաբար այս վիճակը ասանկ շարունակուի ամուսնանալէ ետք ալ։ Եթէ անդրադառնաս որ դիմացինը քեզի յարմար անձ մը չէ, երկուքիդ համար ամէնէն լաւ որոշումն է, որ ամէն մէկդ իր ճամբան երթայd։
13. Ի՞նչ բաներ կրնան զոյգի մը օգնել, որոշելու համար թէ որքա՛ն երկար պէտք է ժամադրուին։
13 Ժամադրուելու ժամանակաշրջանը որքա՜ն երկար պէտք է տեւէ։ Արագ որոշումները շատ անգամ գէշ արդիւնքներ կ’ունենան (Առ. 21։5)։ Ձեր ժամադրուելու ժամանակաշրջանը բաւարար պէտք է ըլլայ, որպէսզի իրար լաւ ճանչնաք։ Բայց ատիկա պէտք եղածէն աւելի պէտք չէ երկարի։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ» (Առ. 13։12)։ Ասկէ զատ, ժամադրուելու ժամանակաշրջանը որքա՛ն աւելի երկարի, այնքա՛ն աւելի դժուար կ’ըլլայ, որ սեռային փորձութիւններու դէմ դնէք (Ա. Կոր. 7։9)։ Փոխանակ կեդրոնանալու թէ որքա՛ն ժամանակ պէտք է երկարի ձեր ժամադրուիլը, կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Տակաւին ի՞նչ բաներ կան դիմացինին մասին որ պէտք է գիտնամ, որպէսզի որոշումս առնեմ’։
ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ ԺԱՄԱԴՐՈՒՈՂ ԶՈՅԳԵՐՈՒՆ
14. Ուրիշներ ի՞նչ գործնական կերպերով կրնան օգնել ժամադրուող զոյգերուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Եթէ գիտենք որ զոյգ մը կը ժամադրուի, ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ Կրնանք զանոնք հրաւիրել, որ մեզի հետ ճաշեն, ընտանեկան պաշտամունք ընեն կամ ժամանակ անցընեն (Հռով. 12։13)։ Ասոնք առիթներ կը ստեղծեն, որ զոյգը ա՛լ աւելի ճանչնայ իրար։ Թերեւս անոնց կրնաս օգնել՝ որպէս երրորդ անձ անոնց ընկերակցելով ըլլա՛յ ինքնաշարժին մէջ կամ ուրիշ ոեւէ տեղ, կամ ալ՝ քու տունդ բանալով անոնց, որպէսզի հոն իրարու հետ տեսնուին (Գաղ. 6։10)։ Նախապէս յիշուած Ալիսիան կ’ըսէ, որ ինքը եւ Աշուինը ի՛նչ բան օգտակար գտան, երբ կը ժամադրուէին։ Ան կ’ըսէ. «Մենք շատ ուրախացանք, երբ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր մեզի ըսին, որ կրնանք իրենց տունը երթալ, եթէ պէտք ունինք տեղի մը, որ իրարու հետ խօսինք, բայց միեւնոյն ատեն մինակ չմնանք»։ Եթէ զոյգ մը քեզմէ խնդրէ որ իրենց ընկերակցիս որպէս երրորդ անձը, կրնաս ասիկա առիթ սեպել որ բարեկամներուդ օգնես։ Ուշադիր եղիր որ զանոնք բոլորովին առանձին չձգես, բայց միեւնոյն ատեն անոնց առիթ եւ ժամանակ տուր, որ առանձին խօսին (Փլպ. 2։4)։
Եթէ կը ճանչնանք զոյգ մը որ կը ժամադրուի, կրնանք գործնական կերպերով անոնց օգնել (տե՛ս պարբերութիւններ 14-15)
15. Ժամադրուող զոյգին ընկերները ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնան օգտակար դառնալ (Առակաց 12։18)։
15 Ժամադրուող զոյգին նաեւ կրնանք օգնել ուշադիր ըլլալով, որ ի՛նչ կ’ըսենք եւ ի՛նչ չենք ըսեր։ Երբեմն պէտք է մենք մեզ զսպենք (կարդա՛ Առակաց 12։18)։ Օրինակ, թերեւս անհամբեր ենք ուրիշներուն պատմելու, որ զոյգ մը սկսաւ ժամադրուիլ։ Բայց թերեւս զոյգը կ’ուզէ անձամբ ասիկա ըսել ուրիշներուն։ Պէտք չէ ժամադրուող զոյգին մասին բամբասենք կամ անոնց անձնական բաներուն մասին քննադատութիւններ ընենք (Առ. 20։19. Հռով. 14։10. Ա. Թես. 4։11)։ Ասկէ զատ, պէտք չէ ըսենք բաներ կամ հարցնենք հարցումներ, որոնք զոյգին վրայ ճնշում կը դնեն որ ամուսնանան։ Էլիզ անունով քոյր մը եւ իր ամուսինը, կը յիշեն. «Շատ նեղ կացութեան կը մատնուէինք, երբ ուրիշներ մեզի հարցնէին մեր հարսանեկան ծրագիրներուն մասին, մինչ տակաւին մենք ատոնց մասին չէինք խօսած»։
16. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ զոյգ մը բաժնուի։
16 Երբ զոյգ մը բաժնուի, պէտք չէ հարցին մէջ խառնուինք կամ անոնցմէ մէկուն կողմը բռնենք (Ա. Պետ. 4։15)։ Լիա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ եղբայր մը եւ ես բաժնուեցանք, ականջիս հասաւ որ ուրիշներ իրենց միջեւ կը խօսակցէին, որ արդեօք պատճառը ի՛նչ է։ Շատ վիրաւորուած զգացի»։ Ինչպէս որ նախապէս յիշեցինք, երբ զոյգ մը բաժնուի, ասիկա ըսել չէ որ անոնք սխալ որոշում մը առին։ Ընդհակառակը, ասիկա ըսել է, որ ժամադրութեան ժամանակաշրջանը իր նպատակին ծառայեց։ Ատոր նպատակն էր զոյգին օգնել, որ իմաստուն որոշում մը առնէ։ Բայց բաժնուիլը կրնայ զգացական վէրքեր ձգել եւ անձը մինակ զգացնել։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ կերպեր փնտռենք, որ անոնց օգնենք (Առ. 17։17)։
17. Ժամադրուող զոյգերը ի՞նչ բան պէտք է շարունակեն ընել։
17 Ինչպէս որ տեսանք, ժամադրուիլը ունի իր դժուարութիւնները, բայց ատիկա նաեւ հաճելի բան մըն է։ Ճեսիքան կ’ըսէ. «Խօսքին բացը, ժամադրուիլը շատ գործ կ’ուզէ։ Բայց հարիւրէ–հարիւր կ’արժէ ատոր ժամանակ եւ կորով տալ։ Եթէ ժամադրուող զոյգ մըն էք, շարունակեցէք իրար աւելի լաւ ճանչնալ։ Եթէ ասիկա ընէք, պիտի յաջողիք, այսինքն՝ իմաստուն որոշում մը պիտի առնէք։
ԵՐԳ 11 Եհովայի սիրտը ուրախացնենք
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։
b Ուրիշ հարցումներ կրնաս գտնել Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Բ., էջ 39-40 (արաբ)։
c Մէկու մը սեռային անդամները շոյելը՝ սեռային անբարոյութեան մէկ ձեւ է եւ կը պահանջէ որ ժողովքի երէցները դատական քայլեր առնեն։ Կուրծքերը շոյելը, եւ մէսըճներով կամ հեռաձայնով անբարոյ խօսակցութիւններ ունենալն ալ կրնան դատական քայլերու առաջնորդել. բայց ասիկա պարագաներէն կախեալ է։
d Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 օգոստոս 1999 թիւին մէջ (արաբ)։