ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18
ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ
Երիտասարդ եղբայրնե՛ր, Մարկոսէն ու Տիմոթէոսէն օրինակ առէք
«Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար» (Բ. ՏԻՄ. 4։11)։
ՆԻՒԹ
Երիտասարդ եղբայրները կրնան Մարկոսէն եւ Տիմոթէոսէն սորվիլ այն յատկութիւնները, որոնց պէտք ունին որ ուրիշներուն աւելի ծառայեն։
1-2. Ի՞նչ դժուարութիւններ կրնային արգելք ըլլալ որ Մարկոսն ու Տիմոթէոսը ուրիշներուն աւելի ծառայեն։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ եղբայրներ, կ’ուզէ՞ք Եհովային աւելի ծառայել եւ ձեր ժողովքին աւելի օգտակար դառնալ։ Վստահաբար այո՛։ Մեր սիրտը շատ կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնենք թէ այսքա՛ն շատ երիտասարդներ պատրաստ են ուրիշներուն ծառայելու (Սաղ. 110։3)։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ կը վախնաս Եհովային ծառայութեան մէջ աւելին ընելու, քանի որ չես գիտեր թէ Եհովան ինչ բանի մէջ քեզ պիտի գործածէ։ Պատահա՞ծ է որ որոշ նշանակում մը չես ընդունած, քանի որ ինքնավստահութիւն չունիս։ Եթէ այո՛, ոչ առաջինն ես եւ ոչ ալ՝ վերջինը, որ ասանկ կը զգաս։
2 Մարկոսն ու Տիմոթէոսը նման դժուարութիւններէ անցան։ Բայց անոնք չձգեցին որ իրենց վախերը կամ անփորձ ըլլալը զիրենք ետ կեցնէ ուրիշներուն ծառայելէ։ Մարկոս հաւանաբար իր մօրը հետ կ’ապրէր հանգիստ տան մը մէջ, երբ Պօղոս առաքեալը եւ Բառնաբասը զինք հրաւիրեցին, որ իրենց առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան մէջ իրենց միանայ (Գործք 12։12, 13, 25)։ Մարկոս իր տունն ու տեղը ձգեց, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայէ։ Ան նախ Անտիոք փոխադրուեցաւ, ետքը՝ Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ ուրիշ հեռաւոր տեղեր ճամբորդեց (Գործք 13։1-5)։ Տիմոթէոսն ալ հաւանաբար իր ծնողքին հետ կ’ապրէր, երբ Պօղոս զինք հրաւիրեց որ քարոզչութեան մէջ իրեն միանայ։ Երիտասարդ ու անփորձ Տիմոթէոսը, չձգեց որ ինքնավստահութեան պակասը զինք ետ կեցնէ (համեմատէ՛ Ա. Կորնթացիս 16։10, 11 եւ Ա. Տիմոթէոս 4։12)։ Ան Պօղոսի հրաւէրը ընդունեց եւ իր կեանքին մէջ շատ մը օրհնութիւններ վայելեց (Գործք 16։3-5)։
3. ա) Պօղոս որքա՞ն կ’արժեւորէր Մարկոսն ու Տիմոթէոսը (Բ. Տիմոթէոս 4։6, 9, 11) (տե՛ս նաեւ նկարները)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Երբ Մարկոսն ու Տիմոթէոսը տարիքով պզտիկ էին, սորվեցան ժողովքին մէջ տարբեր–տարբեր պատասխանատուութիւններու հոգ տանիլ։ Պօղոս այս երիտասարդները այնքա՛ն կ’արժեւորէր, որ երբ գիտցաւ որ իր մեռնելու ժամը կը մօտենայ, ուզեց որ անոնք իր քով գան (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։6, 9, 11)։ Պօղոս, Մարկոսին եւ Տիմոթէոսին ո՞ր յատկութիւնները կը սիրէր։ Երիտասարդ եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան անոնցմէ օրինակ առնել։ Երիտասարդները ներկայիս ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ Պօղոսի հայրական խրատներէն։
Պօղոս՝ Մարկոսը եւ Տիմոթէոսը կը սիրէր, քանի որ անոնք պատասխանատուութիւններ շալկեցին, մինչ տակաւին տարիքով պզտիկ էին (տե՛ս պարբերութիւն 3)b
ՄԱՐԿՈՍԻՆ ՊԷՍ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ
4-5. Մարկոսը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք պատրաստ է ուրիշներուն ծառայելու։
4 Ուրիշներուն ծառայելը կրնայ նշանակել ամէն գնով անոնց օգնել, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։ Մարկոս ասոր մէջ լաւ օրինակ եղաւ, երբ Պօղոս չուզեց զինք հետը տանիլ իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին (Գործք 15։37, 38)։ Հակառակ որ Մարկոս հաւանաբար յուսախաբ եղաւ եւ վիրաւորուեցաւ, բայց ան ետ չկեցաւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելէ։
5 Մարկոս իր մօտիկ ազգականին՝ Բառնաբասին՝ հետ գնաց ծառայելու ուրիշ շրջանի մը մէջ։ Շուրջ 11 տարի ետք, երբ Պօղոս Հռոմի մէջ առաջին անգամ բանտարկուած էր, Մարկոսը իր քովն էր որ իրեն օգնէր (Փլմ. 23, 24)։ Պօղոս, Մարկոսի տուած օգնութիւնը այնքա՛ն գնահատեց, որ Մարկոսին մասին ըսաւ թէ ան իրեն «մխիթարութիւն» եղաւ (Կող. 4։10, 11)։
6. Մարկոս հասուն քրիստոնեաներուն հետ մօտէն ընկերակցելով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ (տե՛ս ստորանիշը)։
6 Մարկոս հասուն քրիստոնեաներուն հետ մօտէն ընկերակցելով շատ օգտուեցաւ։ Մարկոս Պօղոսին հետ Հռոմի մէջ բաւական ժամանակ անցընելէ ետք, Բաբելոն գնաց Պետրոսին հետ ծառայելու համար։ Անոնք այնքա՛ն մօտիկ եղան որ Պետրոս զինք կոչեց՝ «իմ որդիս Մարկոսը» (Ա. Պետ. 5։13)։ Մինչ անոնք միասին կը ծառայէին, հաւանաբար Պետրոս իր երիտասարդ ընկերոջ՝ Մարկոսին՝ պատմեց Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին շատ մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, որոնք ետքը Մարկոսը գրեց իր աւետարանին մէջa։
7. Սուն Վու անունով եղբայր մը ինչպէ՞ս Մարկոսին օրինակին հետեւեցաւ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Մարկոս Եհովային ծառայութեան մէջ զբաղած մնաց եւ հասուն եղբայրներուն մօտիկ մնաց։ Ինչպէ՞ս կրնաս Մարկոսէն օրինակ առնել։ Օրինակ, եթէ կ’ուզես Եհովային ծառայել որպէս օգնական ծառայ կամ երէց, բայց տակաւին որակումները չունիս, մի՛ յուսահատիր։ Փոխարէն, ուրիշ կերպեր գտիր որ Եհովային եւ եղբայրներուդ ծառայես։ Նկատի առ Սունկ Վու անունով երէց եղբօր մը պարագան։ Երբ ան երիտասարդ էր, ինքզինք կը բաղդատէր ուրիշ երիտասարդ եղբայրներու հետ։ Անոնցմէ ոմանք իրմէ առաջ առանձնաշնորհումներ ստացան։ Սունկ Վուն յուսախաբ ու անտեսուած կը զգար, եւ ի վերջոյ ասոր մասին խօսեցաւ հասուն եղբայրներու հետ։ Երէց մը իրեն թելադրեց, որ իր ամէն կարելին ընէ ուրիշներուն ծառայելու համար, նոյնիսկ եթէ ատեններ ուրիշներ չնկատեն իր ըրածները։ Սուն Վուն գործադրեց այս խրատը եւ սկսաւ օգնել տարեցներուն եւ այն անձերուն, որոնք ժողովի հասցնող պէտք ունէին։ Յիշելով այդ օրերը, ան կ’ըսէ. «Աւելի սորվեցայ թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել է ուրիշներուն ծառայել եւ շա՛տ ուրախ էի, քանի որ գործնական կերպով օգնեցի ուրիշներուն»։
Երիտասարդ եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ հասուն եղբայրներու հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելով (տե՛ս պարբերութիւն 7)
ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ ՊԷՍ ՍՐՏԱՆՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԷ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՎ
8. Պօղոս ինչո՞ւ Տիմոթէոսը զատեց որ իրեն հետ ճամբորդէ (Փիլիպպեցիս 2։19-22)։
8 Պօղոս պէտք ունէր քաջ եղբայրներու, որ իրեն հետ երթային այն քաղաքները, ուր ասկէ առաջ մարդիկ իրեն հակառակած էին։ Ան նախ զատեց Շիղա անունով փորձառու եղբայր մը, որ իրեն հետ ճամբորդէ (Գործք 15։22, 40)։ Ետքը, ան Տիմոթէոսն ալ իրեն հետ առաւ։ Լաւ, Պօղոս ինչո՞ւ Տիմոթէոսը զատեց։ Պատճառներէն մէկը այն էր, որ ան լաւ անուն ունէր (Գործք 16։1, 2)։ Ան նաեւ սրտանց հետաքրքրուած էր մարդոցմով (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։19-22)։
9. Տիմոթէոս ինչպէ՞ս ցուցուց որ սրտանց հետաքրքրուած էր իր եղբայրներով ու քոյրերով։
9 Տիմոթէոս սկիզբէն իսկ ցուցուց որ մարդոցմով աւելի հետաքրքրուած էր, քան՝ իր անձով։ Ասոր համար, Պօղոսին միտքը հանգիստ էր երբ Տիմոթէոսը ձգեց Բերիա, որ այդտեղի աշակերտները զօրացնէ (Գործք 17։13, 14)։ Հոն, Տիմոթէոս վստահաբար շատ բաներ սորվեցաւ Շիղայէն, որ նոյնպէս Բերիա մնացած էր։ Բայց յետագային, Պօղոս Տիմոթէոսը առանձին ղրկեց Թեսաղոնիկէ, որ այդտեղի քրիստոնեաները զօրացնէ (Ա. Թես. 3։2)։ Յաջորդ 15 տարիներուն ընթացքին, Տիմոթէոս սորվեցաւ ‘լացողներուն հետ լալ’ եւ դիմացինին ցաւը իր մորթին վրայ զգալ (Հռով. 12։15. Բ. Տիմ. 1։4)։ Լաւ, երիտասարդ եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան Տիմոթէոսին նմանիլ։
10. Ուու Ճէյ անունով եղբայր մը ինչպէ՞ս սորվեցաւ ուրիշներով աւելի հետաքրքրուիլ։
10 Ուու Ճէյ անունով եղբայր մը սորվեցաւ ուրիշներով աւելի հետաքրքրուիլ։ Երբ ան երիտասարդ էր, իրեն համար դժուար էր տարիքով մեծ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ նիւթ բանալ։ Ատոր համար, ժողովներուն անոնց միայն բարեւ կու տար–կ’անցնէր։ Երէց մը իրեն առաջարկեց որ տարիքով մեծ եղողներուն երթայ եւ ըսէ, թէ ի՛նչ բաներ կը սիրէ իրենց մէջ, եւ այսպիսով իրենց հետ խօսակցութիւն սկսի։ Երէցը նաեւ զինք քաջալերեց որ մտածէ, թէ դիմացինը ինչ բանով կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ։ Ուու Ճէյը այս խրատները գործադրեց։ Ան հիմա երէց է եւ կ’ըսէ. «Հիմա ինծի համար աւելի դիւրին է խօսիլ տարբեր տարիքի եղող անձերու հետ։ Ուրախ եմ որ դիմացինին մտահոգութիւնները աւելի լաւ կը հասկնամ։ Ասանկով աւելի կրնամ օգնել եղբայրներուն ու քոյրերուն»։
11. Երիտասարդ եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան սորվիլ ժողովքին մէջ ուրիշներով աւելի հետաքրքրուիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
11 Երիտասարդ եղբայրներ, դո՛ւք ալ կրնաք սորվիլ ուրիշներով հետաքրքրուիլ։ Ժողովներուն, կրնաք տարբեր–տարբեր տարիքի եւ մշակոյթի պատկանող անձերու մօտիկութիւն ցուցնել։ Անոնց հարցուցէք թէ ինչպէ՛ս են եւ ականջնիդ բաց մտիկ ըրէք թէ ի՛նչ կ’ըսեն։ Ժամանակի ընթացքին թերեւս սկսիք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս կրնաք իրենց օգնել։ Կրնայ ըլլալ որ տարիքով մեծ զոյգ մը շատ չեն գիտեր գործածել JW Library® էփը։ Կամ թերեւս տեսնէք որ անոնք ծառայութեան ժամադրութիւն չեն առած մէկու մը հետ։ Կրնա՞ք օգնել որ կարենան իրենց հեռաձայնը կամ թապլեթը գործածել։ Կրնա՞ք ծառայութեան ժամադրութիւն առնել իրենց հետ։ Երբ ջանք թափէք որ ուրիշներուն օգնէք, լաւ օրինակ պիտի ձգէք բոլորին։
Երիտասարդ եղբայրները կրնան ժողովքին օգտակար դառնալ շատ մը գործնական կերպերով (տե՛ս պարբերութիւն 11)
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՐԱՏՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԷ
12. Երիտասարդ եղբայրները ինչէ՞ս կրնան Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոսին խրատներէն օգտուիլ։
12 Պօղոս գործնական խրատներ տուաւ Տիմոթէոսին, որ կարենայ յաջողիլ թէ՛ իր կեանքին մէջ, թէ՛ ալ իր ծառայութեան մէջ (Ա. Տիմ. 1։18. Բ. Տիմ. 4։5)։ Երիտասարդ եղբայրներ, դո՛ւք ալ կրնաք օգտուիլ Պօղոսին հայրական խրատներէն։ Ինչպէ՞ս։ Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոսին նամակները այնպէս մը կարդացէ՛ք, որ կարծես թէ ձեզի ուղղուած են, եւ տեսէք թէ ո՛ր խրատները կրնաք ձեր կեանքին մէջ գործադրել։ Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ։
13. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ հաւատարմօրէն կապուած ըլլաս Եհովային։
13 «Քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր» (Ա. Տիմ. 4։7բ)։ Աստուածպաշտութիւնը ի՞նչ է։ Աստուածապաշտ անձը հաւատարմօրէն կապուած կ’ըլլայ Աստուծոյ եւ փափաքը կ’ունենայ անոր սիրտը ուրախացնելու։ Մենք աստուածապաշտ չենք ծնիր։ Անոր համար, պէտք է ջա՛նք թափենք որ այս յատկութիւնը ունենանք։ Ինչպէ՞ս։ Անցեալին, «վարժուիլ» թարգմանուած յունարէն բառը շատ անգամ կը գործածուէր նկարագրելու համար այն ծանր մարզումը, որ մարզիկները կը ստանային մրցումի մը պատրաստուելու համար։ Այդ մարզիկները պէտք էր փորձ ընէին եւ որոշ սովորութիւններու վարժուէին։ Մենք ալ պէտք է վարժուինք այն սովորութիւններուն, որոնք մեզ աւելի պիտի մօտեցնեն Եհովային։
14. Մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք. օրինակ մը տուր։
14 Մինչ Սուրբ Գիրքը կարդալու սովորութիւնը կը զարգացնես, միտքդ պահէ որ նպատակդ է՝ Եհովային աւելի մօտենալ։ Օրինակ, Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվիս, երբ հարուստ երիտասարդ իշխանին դէպքը կը կարդաս (Մար. 10։17-22)։ Երիտասարդը կը հաւատար որ Յիսուս Մեսիան է, բայց իր հաւատքը բաւարար չէր որ Յիսուսին հետեւէր։ Հակառակ ասոր, Յիսուս «սիրեց զանիկա»։ Չե՞ս ազդուիր, երբ կը կարդաս որ Յիսուս որքա՜ն ազնուութեամբ խօսեցաւ այդ երիտասարդին հետ։ Յստակ է որ Յիսուս կ’ուզէր որ ան իմաստուն որոշում մը առնէ։ Յիսուսին ունեցած սէրը նաեւ ցոյց կու տար, որ Եհովա՛ն որքան կը սիրէր այդ երիտասարդը (Յովհ. 14։9)։ Մինչ կը մտածես այս դէպքին եւ քու պայմաններուդ մասին, դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ Եհովային աւելի մօտենամ եւ ուրիշներուն աւելի ծառայեմ’։
15. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երիտասարդ եղբայր մը ուրիշներուն լաւ օրինակ ըլլայ (Ա. Տիմոթէոս 4։12, 13)։
15 «Օրինակ եղիր հաւատացեալներուն» (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12, 13)։ Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ ո՛չ միայն կարդալու եւ սորվեցնելու նման ձիրքեր զարգացնէ, հապա նաեւ՝ սիրոյ, հաւատքի ու բարոյական մաքրութեան նման յատկութիւններ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մէկու մը ըրածը աւելի՛ կարեւոր է, քան՝ իր խօսածը։ Ենթադրէ որ քեզի դասախօսութիւն մը նշանակուեցաւ՝ ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը աւելցնելու մասին։ Եթէ ծառայութեան մէջ արդէն քու լաւագոյնդ կ’ընես, աւելի երես պիտի ունենաս այս նիւթին մասին խօսելու։ Իսկ քեզի մտիկ ընողները աւելի պիտի քաջալերուին ըսածդ գործադրելու, եթէ տեսնեն թէ դուն ասիկա անձամբ կ’ընես (Ա. Տիմ. 3։13)։
16. ա) Երիտասարդ եղբայրները ո՞ր հինգ մարզերուն մէջ օրինակ կրնան ըլլալ։ բ) Երիտասարդ եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ «խօսքով» օրինակ ըլլալ։
16 Ա. Տիմոթէոս 4։12–ին մէջ, Պօղոս կը նշէ հինգ մարզեր, որոնց մէջ երիտասարդ եղբայր մը կրնայ լաւ օրինակ ըլլալ ուրիշներուն։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ այս մարզերէն ամէն մէկուն մասին անձնական ուսումնասիրութիւն ընես։ Օրինակ, ենթադրենք որ կ’ուզես «խօսքով» լաւ օրինակ ըլլալ։ Մտածէ թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս խօսքերովդ ուրիշները քաջալերել։ Եթէ ծնողքիդ հետ կ’ապրիս, կրնա՞ս անոնց աւելի՛ շնորհակալութիւն յայտնել իրենց ըրած բաներուն համար։ Ժողովներէն ետք, կրնա՞ս եղբօր մը կամ քրոջ մը ըսել թէ իր բաժինին մէջ ո՛ր բանը սիրեցիր։ Թերեւս ալ փորձես քու բառերովդ պատասխաններ տալ ժողովներուն։ «Խօսքով» օրինակ ըլլալու համար թափած ջանքերդ, ցոյց պիտի տան որ հոգեւորապէս կը յառաջդիմես (Ա. Տիմ. 4։15)։
17. Ի՞նչը երիտասարդ եղբայրներուն կրնայ օգնել որ իրենց հոգեւոր նպատակներուն հասնին (Բ. Տիմոթէոս 2։22)։
17 «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։22)։ Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց որ դէմ դնէ այն ցանկութիւններուն, որոնք կրնան արգելք ըլլալ իր հոգեւոր նպատակներուն, եւ տկարացնել Եհովային հետ իր բարեկամութիւնը։ Թերեւս նկատես որ կարգ մը զբաղումներ (հակառակ որ ատոնք ինքնին սխալ չեն) շատ ժամանակ չեն ձգեր հոգեւոր բաներու։ Օրինակ, մէկ հատ մտածէ թէ որքա՛ն ժամանակ կու տաս մարզանքի, ինթըրնէթի կամ վիտէօ խաղերու։ Կրնա՞ս այդ ժամանակին մէկ մասը գործածել հոգեւոր բաներու համար։ Թերեւս կրնաս սայլակով վկայել կամ ալ օգնել Թագաւորութեան սրահին հոգ տանելու։ Եթէ այսպիսի բաներ ընես, հաւանաբար պիտի ունենաս նոր ընկերներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ հոգեւոր նպատակներ դնես ու ատոնց հասնիս։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵԼԸ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ
18. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մարկոսն ու Տիմոթէոսը աղուոր փորձառութիւններով լեցուն ուրախ կեանք մը ապրեցան։
18 Մարկոսը եւ Տիմոթէոսը շատ մը զոհողութիւններ ըրին, որ աւելի ծառայեն ուրիշներուն։ Ասոր համար, անոնք աղուոր փորձառութիւններով լեցուն ուրախ կեանք մը ապրեցան (Գործք 20։35)։ Մարկոսը շատ մը հեռաւոր շրջաններ ճամբորդեց, որ եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայէ։ Ան նաեւ շատ հետաքրքրական արձանագրութիւն մը գրի առաւ Յիսուսին կեանքին եւ ծառայութեան մասին։ Իսկ Տիմոթէոսը Պօղոսին օգնեց որ ժողովքներ հաստատէ, նաեւ քաջալերէ ու զօրացնէ եղբայրներն ու քոյրերը։ Վստահաբար, Մարկոսին ու Տիմոթէոսին անձնազոհ հոգին շատ ուրախացուց Եհովային սիրտը։
19. Երիտասարդ եղբայրները ինչո՞ւ պէտք է մտիկ ընեն Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոսի խրատները, եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
19 Տիմոթէոսին գրած Պօղոսին նամակներէն յստակօրէն կը տեսնենք, որ Պօղոս շատ կը սիրէր Տիմոթէոսը։ Բայց նկատի առ թէ Եհովա՛ն էր որ Պօղոսը գործածեց այդ նամակները գրելու համար։ Ուրեմն, ատոր մէջի գրուածները կը ցուցնեն, որ Եհովան ձե՛զ ալ շատ կը սիրէ՝ երիտասարդներ։ Ան կ’ուզէ որ դուք յաջողիք։ Ուրեմն, ձեր լաւագոյնը ըրէք որ Պօղոսին հայրական խրատները գործադրէք եւ ձեր փափաքը զօրացնէք ուրիշներուն աւելի ծառայելու համար։ Այսպիսով, թէ՛ հիմա հիանալի կեանք մը պիտի ունենաք, թէ՛ ալ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք պիտի ձգէք’ (Ա. Տիմ. 6։18, 19)։
ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’
a Պետրոս խոր զգացումներու տէր մարդ էր, եւ այս պատճառով իրեն համար դիւրին էր Մարկոսին բացատրել ոչ միայն Յիսուս ի՛նչ ըսաւ եւ ըրաւ, հապա նաեւ՝ ինչպէ՛ս զգաց։ Ասիկա գաղափար մը կու տայ, թէ ինչո՛ւ Մարկոս իր աւետարանին մէջ շատ անգամ նկարագրեց ո՛չ միայն Յիսուսին գործերը, այլ նաեւ՝ զգացումները (Մար. 3։5. 7։34. 8։12)։
b ՆԿԱՐ. Մարկոս՝ Պօղոսի ու Բառնաբասի պէտքերուն հոգ կը տանի, իրենց միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին։ Տիմոթէոս ուրախութեամբ ժողովք մը կ’այցելէ, եղբայրները զօրացնելու եւ քաջալերելու համար։