ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ
Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ տոկանք
«Բոլոր շնորհներու Աստուածը. . . ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛» (Ա. ՊԵՏ. 5։10)։
ՆԻՒԹ
Նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը գործածէ աղօթքը, Սուրբ Գիրքը, մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր յոյսը, որպէսզի մեզի օգնէ որ մեր դժուարութիւններուն տոկանք, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։
1. Ինչո՞ւ պէտք ունինք տոկալու, եւ ո՞վ կրնայ մեզի օգնել (Ա. Պետրոս 5։10)։
ԱՅՍ դժուար վերջին օրերուն, Եհովային ծառաները պէտք ունին տոկալու։ Ոմանք կը տառապին լուրջ հիւանդութիւններէ, ուրիշներ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Տակաւին ուրիշներ կը հալածուին, ըլլայ ատիկա իրենց ընտանիքէն կամ կառավարութենէն (Մատ. 10։18, 36, 37)։ Վստահ եղիր որ ի՛նչ ալ ըլլայ քու դժուարութիւնդ, Եհովան կրնայ քեզի օգնել որ տոկաս (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։10)։
2. Մենք որո՞ւ ուժով կրնանք տոկալ։
2 Տոկալ ըսել է՝ Եհովային հաւատարիմ մնալ, ուրախութեամբ իրեն ծառայել եւ մեր յոյսը զօրաւոր պահել, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններ ունենանք, հալածուինք կամ փորձութեան առջեւ ըլլանք։ Մենք մեր ուժով չենք կրնար տոկալ, հապա՝ Եհովային ուժով, քանի որ ինք մեզի կու տայ «սովորականէն աւելի եղող ուժը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ի՛նչ չորս կերպերով մեզի կ’օգնէ որ տոկանք, եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։
ԱՂՕԹՔ
3. Ինչո՞ւ համար աղօթքը հրաշալի կարգադրութիւն մըն է։
3 Եհովան հրաշալի կարգադրութիւն մը ըրած է, որպէսզի մեզի օգնէ որ տոկանք։ Ան մեզի առիթը տուած է որ հետը խօսինք, թէեւ մեղաւոր ենք (Եբ. 4։16)։ Պահ մը մտածէ. Եհովային կրնանք աղօթել որեւէ ժամանակ եւ որեւէ նիւթի մասին։ Ան մեզ կը լսէ որեւէ լեզուով եւ որեւէ տեղէ, նոյնիսկ երբ մինակ ըլլանք կամ՝ բանտարկուած (Յովն. 2։1, 2, Գործք 16։25, 26)։ Եթէ այնքա՛ն մտահոգուած ըլլանք, որ չկարենանք մեր զգացումները բառերով արտայայտել, Եհովան նոյնիսկ կրնայ մեր չըսածը հասկնալ (Հռով. 8։26, 27)։ Աղօթքը իրապէ՛ս հրաշք մըն է։
4. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ երբ Եհովայէն խնդրենք որ մեզի օգնէ տոկալու՝ ասիկա իր կամքին համաձայն է։
4 Եհովան իր Խօսքին մէջ մեզի կ’ըսէ, որ «ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։ Լաւ, կրնա՞նք Եհովայէն խնդրել որ մեզի օգնէ տոկալու։ Ա՛յո, քանի որ ասիկա իր կամքին համաձայն է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Եհովան կ’ըսէ որ երբ նեղութիւններու տոկանք, իրեն առիթ կու տանք որ Սատանային պատասխան տայ (Առ. 27։11)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան սրտանց կ’ուզէ ‘իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնել’ (Բ. Մն. 16։9)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան թէ՛ ուժը եւ թէ՛ փափաքը ունի մեզի օգնելու որ տոկանք (Եսա. 30։18. 41։10. Ղուկ. 11։13)։
5. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի մտքի խաղաղութիւն տալ (Եսայի 26։3)։
5 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ մեր մտահոգութիւններուն մասին անկեղծօրէն աղօթենք, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։7)։ Ասիկա բացատրենք հետեւեալ բաղդատութեամբ։ Երբ Եհովան չպաշտողները դժուարութիւններու հանդիպին, տարբեր–տարբեր մեթոտներ կը փորձեն, որպէսզի մտքի խաղաղութիւն ունենան։ Օրինակ, ոմանք խոկումի (meditation) տեսակ մը կ’ընեն, իրենց միտքը ամէն բանէ պարպելու համար, մէջը ըլլալով մտահոգութիւնները։ Բայց մեր միտքը պարպելը առիթ կու տայ դեւերուն որ մեր մտքին ազդեն, եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է (համեմատէ՛ Մատթէոս 12։43-45)։ Ասկէ զատ, այն խաղաղութիւնը որ Եհովան կու տայ երբ կ’աղօթենք, շա՜տ աւելի լաւ է, քան որեւէ խաղաղութիւն որ մէկը կրնայ ունենալ այդ տեսակի խոկում ընելով։ Եհովան ‘կատարեալ խաղաղութիւն’ կու տայ միայն անոնց, որոնք լիովին իրեն կը վստահին (կարդա՛ Եսայի 26։3)։ Կերպերէն մէկը, որով Եհովան ասիկա կ’ընէ, այն է որ մեզի կ’օգնէ յիշելու համարներ, որոնք մեզ կը մխիթարեն։ Այս համարները մեր միտքը ու սիրտը կը հանգստացնեն, քանի որ կը յիշեցնեն թէ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ յաջողինք (Սաղ. 62։1, 2)։
6. Ի՞նչ բաներ կրնաս ըսել աղօթքներուդ մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Մինչ դժուարութեան մը կը տոկաս, «քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛» եւ աղօթքիդ մէջ խաղաղութիւն խնդրէ (Սաղ. 55։22)։ Նաեւ աղօթէ որ քեզի պէտք եղած իմաստութիւնը տայ, որ դժուարութեանդ հետ գլուխ ելլես (Առ. 2։10, 11)։ Մի՛ մոռնար աղօթքներուդ մէջ նաեւ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու (Փլպ. 4։6)։ Մտածէ այն կերպերուն մասին, որոնցմով Եհովան քեզի կ’օգնէ որ դժուարութեանդ տոկաս, եւ շնորհակալութիւն խնդրէ ատոնց համար։ Մի՛ ձգեր որ դժուարութիւնդ քեզ մոռցնէ այն օրհնութիւնները, որոնք արդէն ստացած ես (Սաղ. 16։5, 6)։
Երբ կ’աղօթես՝ Եհովային հետ կը խօսիս։ Իսկ երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս՝ ինքը հետդ կը խօսի (տե՛ս պարբերութիւն 6)b
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ
7. Սուրբ Գիրքը սերտելը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ տոկանք։
7 Եհովան մեզի իր Խօսքը տուած է որ կարենանք տոկալ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ մը համարներ, որոնք մեզ կը վստահեցնեն, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Օրինակ մը նկատի առնենք։ Մատթէոս 6։8–ը կ’ըսէ. «Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։ Յիսուսն է որ այս խօսքը ըսաւ, եւ ան ոեւէ մէկէ աւելի լաւ գիտէ Եհովան։ Ուրեմն, նեղութեան մէջ կրնանք լման վստահ ըլլալ, որ Եհովան գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ մը այսպիսի խոստումներ, որոնք մեզի զօրութիւն կու տան տոկալու (Սաղ. 94։19)։
8. ա) Աստուածաշունչէն խրատ մը յիշէ որ կրնայ մեզի օգնել տոկալու։ բ) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուածաշունչի խրատները յիշենք։
8 Աստուածաշունչին խրատները մեզի կրնան օգնել որ տոկանք։ Ատոնք կրնան մեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնենք (Առ. 2։6, 7)։ Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ օրը օրին ապրինք, փոխանակ չափազանց մտահոգուելու թէ ապագային ի՛նչ կրնայ պատահիլ կամ չպատահիլ (Մատ. 6։34)։ Եթէ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք եւ անոր վրայ խոկանք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ անոր խրատները յիշել, երբ որոշում մը պիտի առնենք կամ պիտի ուզենք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս կրնանք խնդիրի մը տոկալ։
9. Աստուածաշունչը կարդալը ինչպէ՞ս կրնայ մեր վստահութիւնը զօրացնել թէ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։
9 Աստուածաշունչին մէջ նաեւ կը կարդանք մարդոց մասին, որոնք Եհովային վստահեցան եւ ան իրենց օգնեց (Եբ. 11։32-34. Յակ. 5։17)։ Երբ խոկանք թէ Եհովան անոնց ինչպէ՛ս օգնեց, մեր հաւատքը կը զօրանայ թէ Եհովան «մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու» (Սաղ. 46։1)։ Եւ երբ մտածենք թէ Եհովային ծառաները ինչպէ՛ս իրեն հանդէպ հաւատք ցուցուցած են եւ շարունակած են իրեն ծառայել նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն, կը մղուինք անոնց հաւատքն ու համբերութիւնը ընդօրինակելու (Յակ. 5։10, 11)։
10. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի լման օգտուիս Սուրբ Գիրքէն։
10 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդա՛ եւ համարներու ցանկ մը պատրաստէ՛, որոնք շատ կ’օգնեն քեզի։ Շատեր օրուան համարը կարդալով կը սկսին իրենց օրը, եւ այդ քաջալերական գաղափարները իրենց մտքին մէջ կը մնան օրուան ընթացքին։ Ասիկա օգնեց Մերիa անունով քրոջ մը, երբ իր հայրն ու մայրը նոյն ատեն քաղցկեղ ունեցան եւ ինք անոնց հոգ տարաւ անոնց վերջին ամիսներուն։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն առտու օրուան համարը կը կարդայի Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկէն եւ ատոր վրայ կը խոկայի։ Այս ռութինը ինծի օգնեց որ Եհովային եւ իր խօսքերուն վրայ կեդրոնանամ, փոխանակ դժուար պարագայիս վրայ կեդրոնանալու» (Սաղ. 61։2)։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐԸ
11. Ի՞նչ կը զգանք երբ մտածենք, թէ ուրիշներ ալ մեզի պէս կը տոկան դժուարութիւններու։
11 Եհովան նաեւ մեզի տուած է եղբայրութիւնը որպէսզի օգնէ որ տոկանք։ Ձեւով մը կը հանգչինք, երբ գիտնանք որ «[մեր] եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն» (Ա. Պետ. 5։9)։ Այս գաղափարը մեզ կը վստահեցնէ, թէ ի՛նչ դժուարութենէ ալ անցնինք, ուրիշներ նոյնանման դժուարութենէ անցած են եւ տոկացած են։ Եթէ իրենք տոկացին, մե՛նք ալ կրնանք տոկալ (Գործք 14։21)։
12. Եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել, եւ մենք ի՞նչ կրնանք ընել իրենց համար (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
12 Երբ նեղութեան մէջ ըլլանք, եղբայրներն ու քոյրերը կրնան իրենց խօսքերով ու գործերով մեզ քաջալերել։ Ասիկա պատահեցաւ Պօղոս առաքեալին հետ։ Ան իր նամակներուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք իրեն օգնած էին, եւ նոյնիսկ անոնց անունները յիշեց։ Անոնք Պօղոսը մխիթարած, քաջալերած եւ իրեն գործնական կերպով օգնած էին (Փլպ. 2։25, 29, 30. Կող. 4։10, 11)։ Նոյն բանը կրնայ պատահիլ մեզի հետ։ Երբ նեղութեան մէջ ըլլանք, մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեր օգնութեան կը վազեն, եւ երբ անո՛նք նեղութեան մէջ ըլլան՝ մենք իրենց օգնութեան կը վազենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
13. Ի՞նչը Մայա անունով քրոջ մը օգնեց որ տոկայ։
13 Եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերութեան մեծ աղբիւր մը եղան Ռուսիա ապրող Մայա անունով քրոջ մը։ 2020–ին, ոստիկանները անոր տան մէջ փնտռտուք ըրին, եւ ետքը ան դատարան տարուեցաւ, քանի որ ուրիշներուն կը քարոզէր։ Մայան կ’ըսէ. «Կար ատեն մը, երբ զգացականօրէն շատ գէշ վիճակ մը ունէի, բայց եղբայրներն ու քոյրերը ինծի հեռաձայնեցին եւ գրեցին, վստահեցնելով թէ զիս շատ կը սիրեն։ Ես գիտէի որ մեծ ու սիրալիր ընտանիք մը ունիմ, բայց 2020–էն ի վեր, ա՛լ աւելի համոզուած եմ ասոր»։
14. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն տուած օգնութենէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Երբ նեղութեան մը կը տոկաս, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ մօտիկ մնա՛։ Երէցներէն օգնութիւն խնդրելու մի՛ քաշուիր։ Անոնք կրնան «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» ըլլալ (Եսա. 32։2)։ Նաեւ մի՛ մոռնար որ եղբայրներդ ու քոյրերդ ալ նեղութիւններու կը տոկան։ Ուրեմն, նեղութեան մէջ եղողի մը բարիք ըրէ։ Ասիկա քեզ ուրախ պիտի զգացնէ եւ քեզի պիտի օգնէ որ քու նեղութեանդ տոկաս (Գործք 20։35)։
Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ մօտիկ մնա՛ (տե՛ս պարբերութիւն 14)c
ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ
15. Յոյսը ինչպէ՞ս Յիսուսին օգնեց եւ ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ (Եբրայեցիս 12։2)։
15 Եհովան նաեւ մեզի տուած է վստահելի յոյս մը, օգնելու համար որ տոկանք (Հռով. 15։13)։ Յո՛յսը օգնեց Յիսուսին որ երկրի վրայ իր ապրած ամէնէն դժուար օրը տոկայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։2)։ Յիսուս գիտէր որ եթէ հաւատարիմ մնայ՝ պիտի պաշտպանէ Եհովային անունը։ Ան նաեւ ուրախ էր որ իր Հօրը պիտի միանար եւ ետքը իր եղբայրներուն հետ պիտի ծառայէր երկնքի Թագաւորութեան մէջ։ Մենք ալ յոյս ունինք որ յաւիտեան ապրինք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, եւ այս յոյսը մեզի կ’օգնէ որ Սատանային աշխարհին մէջ մեր ունեցած բոլոր դժուարութիւններուն տոկանք։
16. Յոյսը ինչպէ՞ս օգնեց քրոջ մը, եւ ի՞նչ կը սորվիս իր ըսածէն։
16 Նկատի առ թէ Թագաւորութեան յոյսը ինչպէ՛ս օգնեց Ռուսիոյ մէջ ապրող Ալա անունով քրոջ մը, որուն ամուսինը ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ մինչեւ որ դատը ըլլայ։ Ան կ’ըսէ. «Ունեցած յոյսիս մասին աղօթելը եւ ատոր վրայ խոկալը ինծի կ’օգնեն որ շատ չյուսահատիմ։ Ես գիտեմ որ աւելի լաւ օրեր պիտի գան։ Եհովան պիտի յաղթէ, մե՛նք ալ պիտի յաղթենք»։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կ’արժեւորենք Եհովային տուած յոյսը (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ժամանակ տրամադրէ որ մտածես այն հիանալի ապագային մասին որ Եհովան խոստացած է։ Դուն քեզ երեւակայէ նոր աշխարհին մէջ ընտանիքիդ ու ընկերներուդ հետ, ուր ամէնքդ շատ ուրախ էք։ Ասանկով, պիտի զգաս որ հիմա քաշած նեղութիւններդ «վայրկենական» եւ «թեթեւ» են (Բ. Կոր. 4։17)։ Ասկէ զատ, ամէն կարելիդ ըրէ որ ուրիշներուն խօսիս Աստուծոյ խոստումներուն մասին։ Երեւակայէ որ անոնց համար որքա՜ն դժուար է ապրիլ այս աշխարհին մէջ՝ առանց գիտնալու որ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է։ Նոյնիսկ եթէ անոնց միայն մի քանի բան ըսես, անոնք թերեւս ուզեն աւելի գիտնալ Թագաւորութեան յոյսին մասին։
Ժամանակ տրամադրէ որ մտածես այն հիանալի ապագային մասին որ Եհովան խոստացած է (տե՛ս պարբերութիւն 17)d
18. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ Եհովային մեզի տուած յոյսէն։
18 Յոբը շատ դժուարութիւններու հաւատարմութեամբ տոկալէ ետք, Եհովային ըսաւ. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր» (Յոբ 42։2)։ Յոբ սորվեցաւ որ բան մը չկայ, որ կրնայ Եհովային նպատակին արգելք ըլլալ։ Այս գաղափարը կրնայ մեզ զօրացնել մինչ կը տոկանք։ Օրինակ, ըսենք թէ հիւանդ կին մը կայ, որ յուսախաբ եղած է, որովհետեւ շատ բժիշկներ չեն կրցած իր հիւանդութեան բուժումը գտնել։ Բայց վստահելի եւ փորձառու բժիշկ մը հիւանդութիւնը կը գիտնայ եւ իրեն կը բացատրէ, թէ ինչպէս զինք պիտի բուժէ։ Կինը կը հանգչի, թէեւ գիտէ թէ բուժումը ժամանակ պիտի առնէ։ Ան հիմա կրնայ տոկալ, գիտնալով որ յոյս ունի թէ պիտի լաւանայ։ Մենք ալ կրնանք այս կնոջ պէս տոկալ, որովհետեւ վստահ ենք որ Դրախտի յոյսը պիտի իրականանայ։
19. Տոկալու համար ինչի՞ պէտք ունինք։
19 Ինչպէս որ տեսանք, Եհովան մեզի կ’օգնէ որ մեր նեղութիւններուն տոկանք՝ աղօթքի, իր Խօսքին, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ մեր յոյսին միջոցաւ։ Եթէ ասոնցմէ լաւագոյնս օգտուինք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ՝ ի՛նչ ալ ըլլան մեր քաշած նեղութիւնները։ Պիտի կարենանք տոկալ մինչեւ այն օրը, երբ Սատանային աշխարհն ու անոր նեղութիւնները ամբողջովին վերջ գտնեն (Փլպ. 4։13)։
ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ
a Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։
b ՆԿԱՐ. Տարեց եղբայր մը հաւատարմօրէն կը տոկայ մինչ տարիները կը սահին։
c ՆԿԱՐ. Տարեց եղբայր մը հաւատարմօրէն կը տոկայ մինչ տարիները կը սահին։
d ՆԿԱՐ. Տարեց եղբայր մը հաւատարմօրէն կը տոկայ մինչ տարիները կը սահին։