ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ
Լուսանցքային յղումներէն օգտուէ
Թերեւս ձեռքիդ տակը ունիս ուրիշ լեզուով Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, որ իր մէջը ունի լուսանցքային յղումներ (օրինակ՝ արաբերէնով)։ Այդ յղումները ցոյց կու տան, որ Սուրբ Գիրքին մէջ ըսուածները իրարու համաձայն են։ Ինչպէ՞ս։ Ատոնք կարդացած համարդ կը կապեն նոյն նիւթին մասին խօսող ուրիշ համարներու հետ, որոնք աւելի մանրամասնութիւններ կու տան։ Ատոնք գտնելու համար, տե՛ս բառի մը վրայ եղող պզտիկ գիրը։ Եթէ տպուած Սուրբ Գիրք կը գործածես, պզտիկ նշանը գտնելէդ ետքը նոյն նշանը փնտռէ մէջտեղի կամ կողմի սիւնակին մէջ, որպէսզի կապուած համարները գտնես։ Իսկ եթէ jw.org կամ JW Library® էփը կը գործածես, բառին վրայի նշանին վրայ կոխէ, որ կապուած համարները տեսնես։
Լուսանցքային յղումները որոշ համար մը կը կապեն հետեւեալ բաներուն հետ.
Նոյն դէպքը՝ տարբեր գիրքի մը մէջ։ Յղումը մեզ կը տանի ուրիշ գիրքի մը մէջ եղող նոյն դէպքին։ Օրինակ, տե՛ս Բ. Թագաւորաց 24։1 եւ Ա. Մնացորդաց 21։1։
Մէջբերում։ Յղումը ցոյց կու տայ թէ որոշ արտայայտութիւն մը առաջին անգամ ո՛ւր ըսուած է։ Օրինակ, տե՛ս Մատթէոս 4։4 եւ Բ. Օրինաց 8։3։
Կատարուած մարգարէութիւն։ Յղումը մարգարէութիւնը կը կապէ իր կատարումին հետ։ Օրինակ, տե՛ս Մատթէոս 21։5 եւ Զաքարիա 9։9։