ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 43
ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ
Մի՛ մոռնար ուրիշներուն համար աղօթել
«Աղօ՛թք ըրէք իրարու համար. . . Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (ՅԱԿ. 5։16)։
ՆԻՒԹ
Նկատի պիտի առնենք թէ ինչո՛ւ համար կարեւոր է որ ուրիշներուն համար աղօթենք, եւ պիտի տեսնենք կարգ մը առաջարկներ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։
1. Ինչպէ՞ս գիտենք որ մեր աղօթքները կարեւոր են Եհովային համար։
ԱՂՕԹՔԸ հոյակապ նուէր մըն է։ Պահ մը մտածէ. Եհովան հրեշտակները նշանակած է որ կարգ մը գործեր ընեն (Սաղ. 91։11)։ Ան իր Որդիին ալ շատ ծանր պատասխանատուութիւններ տուած է (Մատ. 28։18)։ Բայց գալով աղօթքներուն, Եհովան որոշած է որ ի՛նքը ատոնց հոգ պիտի տանի։ Իբրեւ ‘աղօթք լսողը’, ան անձա՛մբ մտիկ կ’ընէ մեր աղօթքներուն (Սաղ. 65։2)։
2. Պօղոս առաքեալ ուրիշներուն համար աղօթելու նկատմամբ ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։
2 Ճիշդ է որ մենք կրնանք Եհովային ազատօրէն աղօթել մեր մտահոգութիւններուն մասին, բայց պէտք է նաեւ աղօթենք ուրիշներուն համար։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ըրաւ։ Օրինակ, ան Եփեսոսի ժողովքին գրեց. ‘Չեմ դադրիր ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելէ’ (Եփ. 1։16)։ Ան նաեւ անձերու համար աղօթեց։ Օրինակ, Տիմոթէոսին ըսաւ. «Շնորհակալ եմ Աստուծոյ. . . միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ» (Բ. Տիմ. 1։3)։ Ճիշդ է որ Պօղոս իր անձնական մտահոգութիւնները ունէր, որոնց մասին կ’աղօթէր (Բ. Կոր. 11։23. 12։7, 8)։ Բայց, ան ժամանակ կը յատկացնէր որ ուրիշներուն համար ալ աղօթէ։
3. Ինչո՞ւ թերեւս մոռնանք ուրիշներուն համար աղօթել։
3 Ատեններ, թերեւս մոռնանք ուրիշներուն համար աղօթել։ Ինչո՞ւ։ Սապրինաa անունով քոյր մը կը յիշէ պատճառներէն մէկը։ Ան կ’ըսէ. «Կեանքը այնքա՛ն վազնիվազ է, որ միայն մեր խնդիրներուն վրայ կը կեդրոնանանք եւ միայն մեր պէտքերուն մասին կ’աղօթենք»։ Ասիկա հետդ ալ կը պատահի՞։ Եթէ այո՛, այս յօդուածը քեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։ Յօդուածը 1) պիտի բացատրէ որ ինչո՛ւ կարեւոր է որ ուրիշներուն համար աղօթենք եւ 2) պիտի ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՆՔ
4-5. Ուրիշներուն համար աղօթելը ինչպէ՞ս «շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակոբոս 5։16)։
4 Ուրիշներուն համար աղօթելը «շատ ազդեցութիւն ունի» (կարդա՛ Յակոբոս 5։16)։ Ուրիշներուն համար աղօթելով, կրնա՞նք պատճառ դառնալ որ անոնց պարագաները փոխուին։ Այո՛։ Օրինակ, Յիսուս, գիտնալով որ Պետրոս առաքեալը քիչ ետք զինք պիտի ուրանար, ըսաւ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի» (Ղուկ. 22։32)։ Պօղոսն ալ գիտէր թէ աղօթքները կրնան օգնել, որ մէկու մը պարագաները փոխուին։ Ասոր համար, երբ ան անիրաւօրէն բանտարկուած էր Հռոմի մէջ, Փիլիմոնին գրեց. «Կը յուսամ թէ Աստուած ձեր աղօթքներուն պատասխանելով զիս ձեզի պիտի ղրկէ» (Փլմ. 22)։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Շատ չանցած, Պօղոս բանտէն ազատ արձակուեցաւ եւ իր քարոզչութիւնը շարունակեց։
5 Վստահաբար, ասիկա ըսել չէ որ աղօթելով կրնանք Եհովան ստիպել որ բան մը ընէ։ Հապա ըսել է, որ ան կը նկատէ իր ծառաներուն մտահոգութիւնները եւ ատեններ կ’որոշէ անոնց խնդրանքը կատարել։ Ասիկա գիտնալը, կրնայ մեզի օգնել որ ամբողջ սրտով Եհովային աղօթենք որոշ հարցի մը մասին, եւ վստահ ըլլանք որ ան լաւագոյն կերպով ատիկա յանձն պիտի առնէ (Սաղ. 37։5. Բ. Կոր. 1։11)։
6. Ուրիշներուն համար աղօթելը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ «կարեկից» ըլլալու (Ա. Պետրոս 3։8)։
6 Ուրիշներուն համար աղօթելը մեզի կ’օգնէ «կարեկից» ըլլալու (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8)։ Կարեկցիլ կը նշանակէ դիմացինին չարչարանքը նկատել եւ անոր նկատմամբ բան մը ընելու փափաքը ունենալ (Մար. 1։40, 41)։ Մայքլ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Երբ ուրիշներուն պէտքերուն մասին աղօթեմ, ա՛լ աւելի կը հասկնամ անոնց խնդիրները, եւ ասիկա կը ձգէ որ ա՛լ աւելի սիրեմ զիրենք։ Նաեւ անոնց աւելի մօտիկ կը զգամ, նոյնիսկ երբ անոնք ասկէ տեղեակ չըլլան»։ Ռիչըրտ անունով երէց մը կը խօսի ուրիշ օգուտի մը մասին։ Ան կ’ըսէ. «Երբ մէկու մը համար աղօթենք, ասիկա պատճառ կրնայ ըլլալ որ իրեն օգնելու համար բան մը ընենք»։ Ան կ’աւելցնէ. «Երբ օգնենք մէկու մը, որուն համար աղօթեցինք, ձեւով մը օգնած կ’ըլլանք որ մեր ըրած աղօթքը պատասխանուի»։
7. Ուրիշներուն համար աղօթելը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ չափէն աւելի չկեդրոնանանք մեր անձնական խնդիրներուն վրայ (Փիլիպպեցիս 2։3, 4) (տե՛ս նաեւ նկարները)։
7 Ուրիշներուն համար աղօթելը մեզի կ’օգնէ, որ չափէն աւելի չկեդրոնանանք մեր անձնական խնդիրներուն վրայ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս. 2։3, 4)։ Ամէն մէկս իր խնդիրները ունի, որովհետեւ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Սատանային իշխանութեան տակ է (Ա. Յովհ. 5։19. Յայտ. 12։12)։ Երբ ուրիշներուն համար աղօթելը սովորութիւն դարձնենք, ասիկա մեզ կը յիշեցնէ որ ‘մեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն’ (Ա. Պետ. 5։9)։ Քաթրին անունով ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ. «Ուրիշներուն համար աղօթելը զիս կը յիշեցնէ, որ ուրիշներ ալ դժուարութիւններու առջեւ են։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ, որ չափէն աւելի չկեդրոնանամ անձնական խնդիրներուս վրայ»։
Ուրիշներուն համար աղօթելը մեզի կ’օգնէ, որ չափէն աւելի չկեդրոնանանք մեր անձնական խնդիրներուն վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 7)d
ՈՐՈ՞ՆՑ ՀԱՄԱՐ ԿՐՆԱՆՔ ԱՂՕԹԵԼ
8. Որո՞նց համար կրնանք աղօթել։
8 Որո՞նց համար կրնանք աղօթել։ Կրնանք աղօթել խումբ մը անհատներու համար, որոնք նոյն պարագաները ունին. օրինակ՝ հիւանդները, տարեցները կամ իրենց տարեկիցներուն կողմէ ծաղրուող կամ փորձութեան մէջ եղող դպրոցականները։ Մեր հաւատակիցներէն շատեր կը հալածուին, իրենց ընտանիքին կամ կառավարութեան կողմէ (Մատ. 10։18, 36. Գործք 12։5)։ Ոմանք ալ պատերազմներու պատճառաւ տուն տեղ ձգելով կը փախչին աւելի ապահով շրջաններ։ Ուրիշներ բնական աղէտներու զոհ կ’երթան։ Թերեւս այս եղբայրներն ու քոյրերը անձամբ չենք ճանչնար, բայց երբ անոնց համար աղօթենք, ցոյց կու տանք որ ‘մէկզմէկ սիրելու’ Յիսուսին պատուէրին կը հետեւինք (Յովհ. 13։34)։
9. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն ու անոնց կիներուն համար։
9 Նաեւ կրնանք աղօթել Եհովայի կազմակերպութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն համար, մէջ ըլլալով՝ Կառավարիչ մարմինը եւ անոնց օգնականները, Մասնաճիւղի յանձնախումբերը, մասնաճիւղերուն մէջ պատասխանատուութիւն շալկող տեսուչները, շրջանային տեսուչները, ժողովքներու երէցներն ու օգնական ծառաները։ Այս եղբայրներէն շատեր իրենց անձնական մտահոգութիւնները ունին, բայց միեւնոյն ատեն ջանք կ’ընեն որ մեզի օգնեն (Բ. Կոր. 12։15)։ Օրինակ, Մարք անունով շրջանային տեսուչ մը կ’ըսէ. «Ամենամեծ դժուարութիւններէս մէկը այն է, որ հեռու եմ ծնողքէս, որ տարիքով կը մեծնան։ Երկուքն ալ առողջապահական խնդիրներ ունին։ Թէեւ քոյրս եւ իր ամուսինը ծնողքիս պէտքերը կը հոգան, բայց շատ կը նեղանամ որ անձամբ չեմ կրնար իրենց օգնել»։ Այս աշխատասէր եղբայրներուն մտահոգութիւններուն մասին գիտնանք կամ չգիտնանք, լաւ կ’ըլլայ որ մեր աղօթքներուն մէջ զիրենք յիշենք (Ա. Թես. 5։12, 13)։ Նաեւ կրնանք աղօթել անոնց կիներուն համար, որոնք հաւատարմօրէն իրենց ամուսիններուն թիկունք կը կենան, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց նշանակումներուն մէջ։
10-11. Եհովան կ’ընդունի՞ մեր այն աղօթքները, ուր որոշ եղբօր մը կամ քրոջ մը անունը չենք տար. բացատրէ։
10 Ինչպէ՛ս որ տեսանք, շատ անգամներ կ’աղօթենք խումբ մը եղբայրներու ու քոյրերու համար, որոնք նոյն պարագաներէն կ’անցնին։ Օրինակ, թերեւս Եհովայէն խնդրենք որ օգնէ բոլոր բանտարկուածներուն, կամ մխիթարէ բոլոր անոնք որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են, առանց մեր միտքը ունենալու որոշ անհատներ։ Տանըլտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Այնքա՛ն շատ եղբայրներ ու քոյրեր դժուարութիւններէ կ’անցնին, որ ատեններ մէկ հատ ընդհանուր աղօթք մը կ’ընենք բոլորին համար»։
11 Լաւ, Եհովան կ’ընդունի՞ այսպիսի աղօթքներ։ Անշո՛ւշտ։ Քանի որ մենք չենք գիտեր որ ամէն մէկ եղբայր կամ քոյր ճիշդ ինչերէ կ’անցնի։ Ասոր համար, սխալ չէ մէկ աղօթք ընել բոլոր անոնց համար որ նոյն պարագաները ունին (Յովհ. 17։20. Եփ. 6։18)։ Այս աղօթքները կը փաստեն, որ մենք ‘եղբայրութիւնը կը սիրենք’ (Ա. Պետ. 2։17)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԷԿՈՒ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵԼ
12. Ինչո՞ւ պէտք է աչքերնիս չորս բանանք։
12 Աչքդ չորս բաց։ Նոյն պարագաները ունեցող եղբայրներու ու քոյրերու մասին աղօթելէ զատ, պէտք է նաեւ աղօթենք անձերո՛ւ համար, նշելով անոնց անունը։ Ժողովքիդ մէջ կա՞յ մէկը, որ լուրջ հիւանդութենէ մը կը տառապի։ Կա՞յ պատանի մը, որ դպրոցին մէջ իր դասընկերներուն կողմէ ճնշումի կ’ենթարկուի։ Կա՞յ առանձին ծնող մը, որ կը ջանայ իր զաւակը ‘մեծցնել Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’ (Եփ. 6։4)։ Աչքդ չորս բանալով, պիտի կարենաս ուրիշներուն հետ ա՛լ աւելի զգալ, ինչ որ անոնց համար աղօթելու փափաքդ պիտի աւելցնէ (Հռով. 12։15)b։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք աղօթել անոնց համար որ չենք ճանչնար։
13 Ուրիշներուն համար աղօթէ՝ անոնց անունը տալով։ Մենք կրնանք ասիկա ընել, նոյնիսկ երբ անձը չենք ճանչնար։ Օրինակ, նկատի առ մեր բանտարկուած եղբայրներն ու քոյրերը հետեւեալ տեղերէն՝ Խրիմ, Էրիթրիա, Ռուսիա եւ Սինկափուր։ Կրնանք jw.org կայքին վրայ գտնել բանտարկուածներուն անուններըc։ Պրայըն անունով շրջանային տեսուչ մը կ’ըսէ. «Նկատի առի որ բանտարկուած հաւատակիցներու անունները գրելը եւ ետքը ատոնք բարձրաձայն ըսելը ինծի կ’օգնէ, որ այդ անհատը միտքս մնայ եւ զինք աղօթքներուս մէջ յիշեմ»։
14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք մասնայատուկ բաներու մասին աղօթել։
14 Մասնայատուկ բաներու մասին աղօթէ։ Նախապէս նշուած Մայքլը կ’ըսէ. «Երբ jw.org կայքին վրայ կարդամ բանտարկուած եղբայրներուն մասին, կը փորձեմ երեւակայել որ ես ի՛նչ պիտի զգայի, եթէ իրենց տեղը ըլլայի։ Վստահ պիտի մտահոգուէի կնոջս վրայ եւ պիտի ուզէի կարգադրութիւն մը ընել, որ իր պէտքերը ապահովուին։ Ասոր համար, իմ աղօթքներուս մէջ գիտեմ ճիշդ ի՛նչ պիտի ըսեմ այն բանտարկուած եղբայրներուն համար, որոնք ամուսնացած են» (Եբ. 13։3)։
15 Եթէ վայրկեան մը երեւակայենք, որ բանտին մէջ եղող մեր հաւատակիցները օրական ի՛նչ բաներէ կ’անցնին, թերեւս ուրիշ կերպեր ալ գտնենք, որ մեր աղօթքներուն մէջ մասնայատուկ բաներ յիշենք։ Օրինակ, թերեւս աղօթենք որ անոնց բանտապահները իրենց հետ ազնուօրէն վարուին, իսկ կառավարական պաշտօնեաները արտօնեն որ մեր եղբայրները ազատօրէն պաշտեն Եհովան (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։ Թերեւս աղօթենք որ մեր բանտարկուած եղբայրներուն հաւատարիմ օրինակը քաջալերէ իրենց ժողովքը, կամ թէ բանտարկեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ վարքէն ազդուելով՝ Վկայ չեղողներ ընդունին Թագաւորութեան բարի լուրը (Ա. Պետ. 2։12)։ Անշուշտ, նոյն բանը կրնանք ընել երբ կ’աղօթենք այն եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք ուրիշ դժուարութիւններու կը տոկան։ Ուրեմն, մեր աչքը չորս բանալով, մեր աղօթքին մէջ ուրիշներուն անունները տալով, նաեւ մասնայատուկ բաներու մասին աղօթելով, կրնանք ցոյց տալ թէ ‘մեր սէրը իրարու վրայ կ’աւելնայ’ (Ա. Թես. 3։12)։
ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԸԼԼԱՆՔ
16. Ինչպէ՞ս կրնանք հաւասարակշռուած ըլլալ (Մատթէոս 6։8)։
16 Ինչպէս որ տեսանք, մենք մեր աղօթքներով կրնանք պատճառ դառնալ որ ուրիշներուն պարագաները փոխուին։ Բայց պէտք է ասոր մէջ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Յիշենք թէ բան մը չկայ որ Եհովան չի գիտեր եւ պէտք է մեզմէ լսէ, եւ թէ մենք չենք կրնար Եհովային խրատ տալ որ ի՛նչ կերպով պէտք է լուծէ հարց մը։ Եհովան գիտէ՛ թէ իր ծառաները ճիշդ ինչի պէտք ունին, նոյնիսկ անոնց գիտնալէն առաջ, կամ մե՛ր գիտնալէն առաջ (կարդա՛ Մատթէոս 6։8)։ Լաւ, եթէ այս է պարագան, ինչո՞ւ տակաւին պէտք է ուրիշներուն համար աղօթենք։ Այս յօդուածին մէջ յիշուած պատճառներէն զատ, ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ։ Ուրիշներուն համար կ’աղօթենք, քանի որ անոնցմով հետաքրքրուած ենք եւ զանոնք կը սիրենք։ Եւ Եհովան շատ կ’ուրախանայ երբ տեսնէ, որ իր ծառաները իրեն պէս սիրով կը վարուին։
17-18. Մեր հաւատակիցներուն համար մեր ըրած աղօթքները ո՞ր օրինակով կրնանք բացատրել։
17 Նոյնիսկ երբ այնպէս երեւի թէ մեր աղօթքները մէկու մը պարագան չեն փոխեր, բայց անոնք ցոյց կու տան որ մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք, եւ Եհովան կը նկատէ ասիկա։ Կրնանք այս կէտը բացատրել օրինակով մը։ Երեւակայէ ընտանիք մը, որ ունի երկու պզտիկ՝ տղայ մը եւ աղջիկ մը։ Մինչ տղան հիւանդ կը պառկի անկողնին մէջ, աղջիկը իր հօրը կ’ըսէ. «Աղբարիկս շատ հիւանդ է, հաճի՛ս իրեն համար բան մը ըրէ որ լաւանայ»։ Հայրը արդէն իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ իր տղուն հոգ տանելու համար, քանի որ զինք կը սիրէ։ Բայց ան որքա՜ն կ’ուրախանայ տեսնելով, որ իր աղջնակը այնքա՛ն հետաքրքրուած է իր եղբօրմով, որ հօրը կ’աղաչէ որ անոր օգնէ։
18 Եհովան ճիշդ ասիկա կ’ուզէ որ ընենք. կ’ուզէ որ իրարմով հետաքրքրուինք եւ իրարու համար աղօթենք։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ անձնասէր չենք, հապա՝ ուրիշները կը սիրենք, եւ Եհովան ասիկա կը նկատէ (Բ. Թես. 1։3. Եբ. 6։10)։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ տեսանք, մեր աղօթքները կրնան նոյնիսկ պատճառ դառնալ որ մէկու մը պարագաները փոխուին։ Ուրեմն, միշտ չի մոռնանք իրարու համար աղօթել։
ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։
b jw.org կայքին վրայ դիտէ Թաքեշի Շիմիզու. Եհովան «աղօթքի լսող»ն է վիտէոն։
c Մեր բանտարկուած եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները գիտնալու համար, jw.org կայքին վրայ փնտռէ «Իրենց հաւատքին համար բանտարկուած Եհովայի վկաներ. ըստ երկրի» (անգլ.)։
d ՆԿԱՐ. Եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք իրե՛նք խնդիրներ ունին, ուրիշներո՛ւն համար կ’աղօթեն։