Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն
ՅԻՍՈՒՍԻ օրինակին հետեւելով՝ ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ կ’աղօթենք. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Որպէս Եհովայի Վկաներ մեր կենցաղը կը յայտնէ մեր զօրաւոր փափաքը որ այս աղօթքին հետ ներդաշնակ ապրինք։ Հարկաւ Աստուծոյ անունը գիտնալէն զատ, մեզմէ շատ բաներ պահանջուած են։ Այդ անունը փառաւորելու իւրաքանչիւր պատեհութիւն պէտք է օգտագործենք։ Արդարեւ Եհովայի Վկայ կոչուիլը մեծագոյն պատիւն է որ կրնանք վայելել։—Մատթ. 6։9. Եսայ. 43։10
Սաղմոս 110։3–ի համաձայն, Եհովայի ժողովուրդը Իր սահմանած գործին յօժարափոյթ կը մասնակցի։ Ամէն տարիքի ու ենթահողի պատկանող անհատներ ինչո՞ւ անխոնջօրէն կը քարոզեն։ Գլխաւորաբար, քանի որ Աստուած կը սիրեն ու իրեն նուիրուած են։ Բ. Օրինաց 6։5, 6–ը մեզի կը պատուիրէ որ ‘մեր բոլոր սրտով, հոգիով ու զօրութեամբ’ Եհովան սիրենք։ Այս սրտագին սէրը մեզ կը մղէ որ մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները գործածենք Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար, մանաւանդ՝ մեր լաւագոյնը ընելով դաշտի ծառայութեան մէջ։
Մարդկութեան հանդէպ սէրէ մղուած՝ Եհովա պատուիրած է որ Թագաւորութեան բարի լուրը երկրագունդի տարածքին քարոզուի։ Ան չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ բոլորն ալ զղջան, իրենց կամակոր ընթացքը լքեն ու Ստեղծիչին դառնան, կեանքի հեռանկարը ունենալով։ (Բ. Պետ. 3։9) Եհովա կ’ըսէ. «Ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի»։ (Եզեկ. 33։11) Ծառայութեան մասնակցելով՝ կ’ապացուցանենք մարդոց հանդէպ Եհովայի սէրը, ինչ որ անկասկած կը նպաստէ մեր ուրախութեան ու գոհունակութեան։
Իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Սուրբ Գրութիւններուն հանդէպ մեր տեսակէտն ալ կ’արտացոլացնէ Եհովայի հանդէպ մեր խոր սէրը։ Առանց Աստուածաշունչին, Աստուած պիտի չճանչնայինք եւ իրեն պիտի չմօտենայինք, ինչպէս Յակոբու 4։8–ն կը յորդորէ։ Պիտի չգիտնայինք թէ ինչո՛ւ հոս ենք եւ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ։ Պիտի չգիտնայինք թէ մեր խնդիրներուն աղբիւրը Ադամն է՝ մեր բոլորին նախահայրը։ (Հռովմ. 5։12) Ո՛չ ալ պիտի գիտնայինք Աստուծոյ ցուցաբերած մեծ սէրը, մեզի համար իր միածին Որդին որպէս փրկանք հայթայթելով։ Շատ մը այլ կերպերով, Եհովա որոշ չափով մեզի կը հաղորդէ իր գիտութիւնը, իմաստութիւնն ու հասկացողութիւնը։ Ո՜րքան կ’արժեւորենք մեզի շնորհած պարգեւը՝ հոգիէն ներշնչուած իր Խօսքը։ Այս հոյակապ պարգեւը գնահատելը մեզ կը մղէ ‘ժամանակը ծախու առնելու’, որպէսզի Իր խօսքերը կարդանք, ուսումնասիրենք եւ անոնց վրայ խոկանք։ (Եփ. 5։15, 16. Սաղմ. 1։1-3) Երբեք պէտք չէ դժգոհութիւն յայտնենք այն ժամանակին համար որ կը պահանջուի Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր ընթերցելու։ Փոխարէն, Աստուծոյ սէրը մեզ պէտք է մօտեցնէ իր Խօսքին, մեզ կարող դարձնելով որ Իր մասին մեր հասկացողութիւնը աւելցնենք եւ իրեն հանդէպ մեր սէրը խորացնենք։
Աստուածաշունչէն սորվեցանք թէ երբ Ադամ Եհովայի դէմ մեղանչեց, իր ամբողջ զարմը, ի ներառեալ իւրաքանչիւրս, ողբալի ու անյոյս կացութեան մը մատնեց։ Սակայն Աստուած մարդկութեան համար ելք մը հայթայթեց, որ երկրին նկատմամբ իր նպատակը իրագործուի։—Ծննդ. 3։15
Անկասկած իւրաքանչիւրս մեր Աստուծոյն սքանչելի անունը սրբացնելու զօրաւոր փափաք ունինք։ Մինչ Եհովայի հիանալի անձնաւորութեան մասին յաւելեալ գիտութիւն կը ստանանք, կը մղուինք իրեն եւ իր կազմակերպութեան հետ համագործակցելու, որ իր մեծ անունն ու նպատակը ճանչցնենք։ Վստահ ենք որ ներկայիս իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կը վայելենք, իսկ նոր աշխարհին մէջ՝ անվերջ ապագայ մը մեզի կը սպասէ։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, մենք՝ Կառավարիչ Մարմինի անդամներս, կ’ուզենք ձեզի հանդէպ մեր սէրը հաստատել։ Նաեւ կ’ուզենք մեր խոր գնահատութիւնը յայտնել ձեր ժրաջան ջանքերուն համար, որ ‘մեծ նեղութենէն’ առաջ մնացեալ ժամանակը գործածէք՝ բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնելու համար։ (Յայտ. 7։14) Ասիկա ընելով, անոնց կու տաք այն պատեհութիւնը որ ձեզի տրուեցաւ,– Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալ, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Յովհ. 17։3
Ձեր եղբայրները՝
Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմին