Comstock Images/Stockbyte via Getty Images
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ փտած քաղաքագէտներու նկատմամբ
Մարդիկ կը փափաքին ունենալ վստահելի կառավարիչներ, քանի որ յոգնած եւ գանած են փտած կառավարիչներէ։ 2023–ին հրատարակուած համաշխարհային տեղեկագրութեան մը համաձայն, կառավարիչները այն խումբն են, որոնց պարզ մարդիկ շատ քիչ կը վստահինa։
Աստուածաշունչը կը խօսի կառավարութեան մը մասին, որուն Կառավարիչը փտած չէ, հապա վստահելի եւ պարկեշտ է։ Այդ կառավարութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է եւ ատոր Կառավարիչը Յիսուս Քրիստոսն է (Եսայի 9։7)։
Յիսուս իր գործերով փաստած է, որ մարդոցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած է (Մատթէոս 9։35, 36)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս արդարութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ բոլոր անոնց համար, որոնք իր իշխանութիւնը կ’ընդունին (Սաղմոս 72։12-14)։
a 2023 Edelman Trust Barometer Global Report.