Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 121
  • Որո՞ւն կրնաս վստահիլ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Որո՞ւն կրնաս վստահիլ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վստահելի անձ մը
  • Մարդիկ իրենց վստահութիւնը կը կորսնցնեն քաղաքագէտներու հանդէպ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Յիսուս աղքատութեան վերջ պիտի դնէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Կրնա՛ս եղբայրներուդ վստահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Յիսուս պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ
    Ուրիշ նիւթեր
Տես աւելին
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 121
Մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս վստահելի կը սեպուին։ 1. Քաղաքական առաջնորդ մը՝ միքրոֆոնին ետեւ։ 2. Քահանայ մը։ 3. Գիտնական մը՝ գրատախտակ բռնած։

Left: Olena Yefremkina/stock.adobe.com; center: lunamarina/stock.adobe.com; right: Rido/stock.adobe.com

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Որո՞ւն կրնաս վստահիլ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Մարդիկ յուսախաբ կ’ըլլան, երբ իրենց աչքին վստահելի երեւցող մարդիկ զիրենք երեսի վրայ կը ձգեն։ Շատեր ա՛լ չեն վստահիր...

  • քաղաքական առաջնորդներու, որոնք իրենց անձնական շահերը ժողովուրդին շահերէն առաջ կը դնեն։

  • լրատուամիջոցներու, որոնք լուրերը չեն ներկայացներ ճշգրիտ, պատշաճ եւ պարկեշտ կերպով։

  • գիտնականներու, որոնք մարդոց օգտին համար չեն շարժիր։

  • կրօնական առաջնորդներու, որոնք գլխաւորաբար զբաղած են քաղաքականութեան թիկունք կանգնելով, քան թէ՝ Աստուած ներկայացնելով։

Մարդիկ իրաւունք ունի՛ն զգոյշ ըլլալու, թէ որոնց վստահին այս օրերուն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.

  • «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ» (Սաղ. 146։3)։

Վստահելի անձ մը

 Աստուածաշունչը կը խօսի մէկու մը մասին, որուն կրնա՛ս վստահիլ. այն ալ Յիսուս Քրիստոսն է։ Յիսուսը պարզապէս բարի մարդ մը չէր, որ դարեր առաջ ապրեցաւ։ Աստուած, Յիսուսը նշանակած է որ «թագաւորէ», եւ «անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկաս 1։32, 33)։ Յիսուս, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Եւ այս թագաւորութիւնը հիմա երկինքին մէջ կ’իշխէ (Մատթէոս 6։10)։

  • Գիտնալու համար, թէ ինչո՛ւ կրնաս Յիսուսին վստահիլ, կարդա՛ «Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը» եւ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ» յօդուածները։

Վստահելի գիրք մը

Աստուածաշունչը շատ բան կ’ըսէ Յիսուսին կեանքին եւ ուրիշ շատ մը կարեւոր նիւթերու մասին։ Այս յատուկ գիրքին մէջ կը գտնենք արժէքաւոր տեղեկութիւններ, որոնք վստահելի՛ են։ Քեզ կը հրաւիրենք որ անձամբ ասիկա տեսնես, փորձելով Աստուածաշունչը սերտելու մեր ձրի յայտագիրը։ Այս դասընթացքին մէջ կը գտնես սերտուելիք բոլոր հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ կրնաս անձնական ուսուցիչ ունենալ։ Այս յայտագիրը քեզի պիտի օգնէ որ շատ բան սորվիս։ Բայց ամէնէն կարեւորը, պիտի սորվիս Յիսուսին ինչպիսի՛ անձ մը ըլլալուն մասին, եւ բոլոր այն բաներուն մասին որոնք անցեալին ըրաւ, հիմա կ’ընէ եւ ապագային պիտի ընէ։

Մեր դասընթացքը փորձէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել