Ուրբաթ, յուլիս 25
Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը (Մատ. 28։20)։
Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր, Եհովային ժողովուրդը որոշ չափով խաղաղ պայմաններու մէջ եւ ազատօրէն քարոզած է շատ մը երկիրներու մէջ, եւ ասոր համար, քարոզչութիւնը շատ լաւ արդիւնքներ տուած է։ Ներկայիս, Կառավարիչ մարմինի անդամները կը շարունակեն Քրիստոսի առաջնորդութիւնը փնտռել, քանի որ անոնք կ’ուզեն որ եղբայրներուն տրուած ուղղութիւնները Եհովային կամքին համաձայն ըլլան։ Անոնք շրջանային տեսուչներն ու երէցները կը գործածեն այս ուղղութիւնները ժողովքներուն հասցնելու համար։ Օծեալ երէցները Քրիստոսի «աջ ձեռքին մէջ»ն են (Յայտ. 2։1)։ Անշուշտ, այս երէցները անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն, ինչպէ՛ս որ Մովսէսը, Յեսուն եւ առաքեալները ատեններ սխալներ ըրին (Թւ. 20։12. Յես. 9։14, 15. Հռով. 3։23)։ Բայց եւ այնպէս, յստակօրէն կը տեսնենք որ Քրիստոս ուշադրութեամբ կ’առաջնորդէ հաւատարիմ ծառան եւ նշանակուած երէցները, եւ ան պիտի շարունակէ ասիկա ընել։ Հետեւաբար, շատ պատճառներ ունինք վստահ ըլլալու համար, որ Եհովան առաջնորդութիւն առնող այս տղամարդիկը կը գործածէ մեզ առաջնորդելու համար։ դ24.02 23-24 ¶13-14
Շաբաթ, յուլիս 26
Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։
Մեր օրերուն, Եհովան կ’ուրախացնենք՝ իր մասին խօսելով ջերմութեամբ, գնահատանքով եւ սիրով։ Երբ ծառայութեան մէջ ենք, մեր միտքը կը պահենք, որ մեր բուն նպատակն է մարդիկը Եհովային մօտեցնել եւ անոնց օգնել, որ մեզի պէս իրենք ալ Եհովան սիրալիր Հայր մը նկատեն (Յակ. 4։8)։ Մենք մարդոց հաճոյքով Սուրբ Գիրքէն ցոյց կու տանք որ Եհովան ունի գեղեցիկ յատկութիւններ։ Օրինակ՝ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն ու զօրութիւն։ Ասկէ զատ, մենք Եհովան կը փառաբանենք եւ կ’ուրախացնենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իրեն նմանինք։ Ասանկով, մարդիկ կը տեսնեն որ մենք շատ տարբեր ենք այս աշխարհին մէջ եղող միւս մարդոցմէն եւ թերեւս հարց կու տան թէ ինչո՛ւ (Մատ. 5։14-16)։ Իսկ երբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ անոնց հետ գործ ունենանք, թերեւս առիթը ըլլայ որ անոնց բացատրենք, թէ մենք ինչո՛ւ տարբեր ենք։ Ասիկա անկեղծ մարդիկը մեր Աստուծոյն կը մօտեցնէ։ Երբ այս կերպերով Եհովան փառաբանենք, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ24.02 10 ¶7
Կիրակի, յուլիս 27
Կարող եղիր. . . յորդորել եւ. . . յանդիմանել (Տիտ. 1։9)։
Հասուն քրիստոնեայ մը ըլլալու համար, պէտք է սորվիս բաներ, որոնք կրնան քեզի առօրեայ կեանքիդ մէջ օգնել։ Այս բաները քեզի պիտի օգնեն՝ որ պատասխանատուութիւններ շալկես ժողովքէն ներս, ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս եւ գտնես գործ մը որով կրնաս դուն քեզի կամ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանիլ։ Օրինակ, սորվէ լաւ գրել–կարդալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ուրախ եւ յաջող մարդ մը ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու համար (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալով, ան Եհովային մտածելակերպը պիտի հասկնայ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ աւելի լաւ կերպով մտածէ եւ տրամաբանէ (Առ. 1։3, 4)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս կարող տղամարդոց կը վստահին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուղղութիւն եւ խրատ ստանալու համար։ Եթէ լաւ գրել–կարդալ գիտես, պիտի կարենաս շատ աղուոր եւ հաւատք զօրացնող դասախօսութիւններ եւ պատասխաններ պատրաստել եւ տալ։ Ինչպէս նաեւ պիտի կարենաս օգտակար նոթեր առնել, որոնք քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ քու հաւատքդ զօրացնես եւ թէ ուրիշները քաջալերես։ դ23.12 26-27 ¶9-11