Շաբաթ, յուլիս 26
Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս (Եփ. 5։1)։
Մեր օրերուն, Եհովան կ’ուրախացնենք՝ իր մասին խօսելով ջերմութեամբ, գնահատանքով եւ սիրով։ Երբ ծառայութեան մէջ ենք, մեր միտքը կը պահենք, որ մեր բուն նպատակն է մարդիկը Եհովային մօտեցնել եւ անոնց օգնել, որ մեզի պէս իրենք ալ Եհովան սիրալիր Հայր մը նկատեն (Յակ. 4։8)։ Մենք մարդոց հաճոյքով Սուրբ Գիրքէն ցոյց կու տանք որ Եհովան ունի գեղեցիկ յատկութիւններ։ Օրինակ՝ սէր, արդարութիւն, իմաստութիւն ու զօրութիւն։ Ասկէ զատ, մենք Եհովան կը փառաբանենք եւ կ’ուրախացնենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իրեն նմանինք։ Ասանկով, մարդիկ կը տեսնեն որ մենք շատ տարբեր ենք այս աշխարհին մէջ եղող միւս մարդոցմէն եւ թերեւս հարց կու տան թէ ինչո՛ւ (Մատ. 5։14-16)։ Իսկ երբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ անոնց հետ գործ ունենանք, թերեւս առիթը ըլլայ որ անոնց բացատրենք, թէ մենք ինչո՛ւ տարբեր ենք։ Ասիկա անկեղծ մարդիկը մեր Աստուծոյն կը մօտեցնէ։ Երբ այս կերպերով Եհովան փառաբանենք, իր սիրտը կ’ուրախացնենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ24.02 10 ¶7
Կիրակի, յուլիս 27
Կարող եղիր. . . յորդորել եւ. . . յանդիմանել (Տիտ. 1։9)։
Հասուն քրիստոնեայ մը ըլլալու համար, պէտք է սորվիս բաներ, որոնք կրնան քեզի առօրեայ կեանքիդ մէջ օգնել։ Այս բաները քեզի պիտի օգնեն՝ որ պատասխանատուութիւններ շալկես ժողովքէն ներս, ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս եւ գտնես գործ մը որով կրնաս դուն քեզի կամ ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանիլ։ Օրինակ, սորվէ լաւ գրել–կարդալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ուրախ եւ յաջող մարդ մը ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ անոր վրայ խոկալու համար (Սաղ. 1։1-3)։ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալով, ան Եհովային մտածելակերպը պիտի հասկնայ, ինչ որ իրեն պիտի օգնէ որ աւելի լաւ կերպով մտածէ եւ տրամաբանէ (Առ. 1։3, 4)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս կարող տղամարդոց կը վստահին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուղղութիւն եւ խրատ ստանալու համար։ Եթէ լաւ գրել–կարդալ գիտես, պիտի կարենաս շատ աղուոր եւ հաւատք զօրացնող դասախօսութիւններ եւ պատասխաններ պատրաստել եւ տալ։ Ինչպէս նաեւ պիտի կարենաս օգտակար նոթեր առնել, որոնք քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ քու հաւատքդ զօրացնես եւ թէ ուրիշները քաջալերես։ դ23.12 26-27 ¶9-11
Երկուշաբթի, յուլիս 28
Մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է (Ա. Յովհ. 4։4)։
Երբ վախնաս, մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ ապագային, երբ Սատանան մէջտեղէն վերցուի։ 2014–ի տարեկան համաժողովի յայտագրին մէջ ցուցադրութիւն մը կար, ուր հայր մը իր ընտանիքին հետ քննարկեց Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, եւ համարին բառերը փոխելով ցոյց տուաւ, որ Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ. «Նոր աշխարհին մէջ ամէնէն ուրախ ժամանակները պիտի գան։ Մարդիկ պիտի ըլլան՝ ուրիշները սիրողներ, ճշմարտութիւնը սիրողներ, համեստ, խոնարհ, Աստուած փառաբանողներ, ծնողներու հնազանդ, շնորհակալ, հաւատարիմ, իրենց ընտանիքին հանդէպ շատ գութ ունեցող, հաշտ, միշտ ուրիշներուն մասին լաւ խօսող, ինքնազսպում ունեցող, հեզ, բարին սիրող, վստահելի, ճկուն, Աստուած սիրող քան թէ՝ հաճոյք սիրող, անկեղծ աստուածպաշտութիւն ունեցող, եւ այս մարդոց հետ բարեկամացիր»։ Ընտանիքիդ կամ հաւատակիցներուդ հետ կը խօսի՞ս, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ դ24.01 6 ¶13-14