Երեքշաբթի, յուլիս 29
Քեզի հաւնեցայ (Ղուկ. 3։22)։
Շատ կ’ուրախանանք երբ գիտնանք, որ Եհովան կը հաւնի իր ծառաներուն որպէս խումբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Երբեմն, ոմանք այնքան յուսահատ կ’ըլլան, որ հարց կու տան, թէ Եհովան իրենց կը հաւնի՞։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող Եհովային կարգ մը հաւատարիմ ծառաներն ալ այսպիսի մտածումներ ունեցած են (Ա. Թագ. 1։6-10. Յոբ 29։2, 4. Սաղ. 51։11)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Եհովան մեզի պէս անկատար մարդոց կրնայ հաւնիլ։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ Յիսուս Քրիստոսին հաւատանք ու մկրտուինք (Յովհ. 3։16)։ Այսպիսով, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ մեր մեղքերուն համար զղջացած ենք եւ Եհովային խոստում տուած ենք, որ իր կամքը պիտի ընենք (Գործք 2։38. 3։19)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ այս քայլերը առնելով իր մօտիկ բարեկամները դառնանք։ Այնքան ատեն, որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ իրեն ծառայելու մեր խոստումը պահենք, Եհովան մեզի կը հաւնի եւ մեզ իր մօտիկ բարեկամները կը սեպէ (Սաղ. 25։14)։ դ24.03 26 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յուլիս 30
Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ (Գործք 4։20)։
Կրնանք Յիսուսին աշակերտները ընդօրինակել, երբ կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները պահանջեն որ ատիկա ընելէ կենանք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք։ Ուրեմն աղօթէ Եհովային, որ քեզի իմաստութիւն տայ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Մեզմէ շատեր հիւանդ են կամ զգացական խնդիրներ ունին, սիրելի մը մահով կորսնցուցած են, ընտանեկան դժուար պարագայ ունին, կը հալածուին կամ ուրիշ խնդիր մը ունին։ Իսկ համավարակները կամ պատերազմները այս դժուարութիւններէն շատեր անտանելի կը դարձնեն։ Անոր համար, սիրտդ Եհովային առջեւ բաց։ Իրեն պատմէ քու պարագայիդ մասին ճիշդ ինչպէս որ մտերիմ բարեկամի մը կը պատմէիր։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի համար բան մը պիտի ընէ (Սաղ. 37։3, 5)։ Շարունակ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’ (Հռով. 12։12)։ Եհովան գիտէ որ իր ծառաները ինչերէ կ’անցնին. «անոնց աղաղակը կը լսէ» (Սաղ. 145։18, 19)։ դ23.05 5-6 ¶12-15
Հինգշաբթի, յուլիս 31
Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին (Եփ. 5։10)։
Երբ կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլանք, պէտք է տեսնենք, «թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը», եւ ետքը ատոր հիման վրայ որոշումներ առնենք (Եփ. 5։17)։ Երբ փնտռենք Սուրբ Գիրքի սկզբունքներ, որոնք մեր պարագային կը կիրարկուին, իրականութեան մէջ փնտռած կ’ըլլանք, որ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Երբ իր սկզբունքները գործադրենք, աւելի լաւ որոշումներ պիտի առնենք։ Մեր թշնամին Սատանան, կամ՝ «չարը», կ’ուզէ մեզ զբաղած պահել այս աշխարհին մէջ եղած բաներով, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան համար ժամանակ չունենանք (Ա. Յովհ. 5։19, ՆԱ)։ Դիւրին է որ քրիստոնեայ մը սկսի կեդրոնանալ դրամի, ուսումի եւ գործի վրայ, փոխանակ Եհովային ծառայութեան մէջ իրեն ներկայացուած առիթները օգտագործելու։ Եթէ այսպէս պատահի, ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան աշխարհի մտածելակերպէն ազդուած է։ Անշուշտ, այս բոլոր բաները ինքնին սխալ չեն, բայց բնա՛ւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք չէ առնեն։ դ24.03 24 ¶16-17