Աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ
«Քու աչքերդ քու [Մեծ Ուսուցիչդ (ՆԱ)] պիտի տեսնեն։ ... Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 30։20, 21
1. Եհովայի կրթութիւնը ինչո՞ւ ճշգրտօրէն կարելի է կոչել աստուածային ուսուցում։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ լաւագոյն ուսուցումի Աղբիւրն է, զոր անհատ մը կրնայ ստանալ։ Եթէ իրեն մտիկ ընենք, երբ կը խօսի, մանաւանդ իր Սրբազան Խօսքին ընդմէջէն, ան մեր Մեծ Ուսուցիչը պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 30։20) Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները զինք նաեւ կը կոչեն ‘Աստուած’։ (Սաղմոս 50։1) Հետեւաբար, Եհովայի տուած կրթութիւնը աստուածային ուսուցում մըն է։
2. Ո՞ր առումով շիտակ է որ միայն Աստուած իմաստուն է։
2 Աշխարհ իր բազմաթիւ կրթարաններով կը հպարտանայ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը աստուածային ուսուցումը կը մատակարարէ։ Այո, աշխարհային դարաւոր իմաստութիւնը ոչինչ է, Եհովայի անհուն իմաստութեան վրայ հիմնուած աստուածային ուսուցումին հետ բաղդատած։ Հռովմայեցիս 16։27–ն կ’ըսէ որ միայն Աստուած իմաստուն է եւ ասիկա շիտակ է այն առումով որ մի՛այն Եհովան բացարձակ իմաստութիւն ունի։
3. Յիսուս Քրիստոս ինչո՞ւ երկրի վրայ ապրած մեծագոյն ուսուցիչն է։
3 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իմաստութեան տիպարը եւ երկրի վրայ ապրած մեծագոյն ուսուցիչն է։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ անհամար դարեր, Եհովան իր Ուսուցիչը եղած է երկնքի մէջ։ Իրականութեան մէջ, աստուածային ուսուցումը սկսաւ, երբ Աստուած իր առաջին ստեղծագործութեան, իր միածին Որդւոյն, սորվեցնել սկսաւ։ Հետեւաբար, Յիսուս կրնար ըսել. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ (Յովհաննու 8։28. Առակաց 8։22, 30) Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի խօսքերը աստուածային ուսուցումին մասին մեր գիտութիւնը աւելնալուն մեծապէս կը նպաստեն։ Երբ կը սորվեցնեն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց, օծեալ Քրիստոնեաները կը հնազանդին իրենց Մեծ Ուսուցիչին, որու կամքն է որ «Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը» գիտցուի ժողովքին միջոցաւ։—Եփեսացիս 3։10, 11. 5։1. Ղուկաս 6։40
Իմաստութեան Փնտռտուքը
4. Ի՞նչ ըսուած է ուղեղին կարողութեան մասին։
4 Աստուածային ուսուցումէն առթած իմաստութիւնը ձեռք ձգելու համար, մեր մտածելու աստուածատուր կարողութիւնները փութաջանութեամբ պէտք է գործածենք։ Ասիկա կարելի է, քանի որ մարդկային ուղեղը շատ մեծ կարողութիւն ունի։ Գիրք մը (The Incredible Machine) կ’ըսէ. «Մեր մտապատկերացուցած նոյնիսկ ամենէն փարթամ համակարգիչները խակ են բաղդատած՝ մարդկային ուղեղին անհուն բարդութեան եւ ճկունութեան հետ. յատկութիւններ՝ որոնք կարելի կը դառնան անոր ելեկտրաքիմիական ազդանշաններու կնճռոտ, չափուած դրութեամբ։ ... Ձեր ուղեղին մէջ որեւէ պահուն խոյացող միլիոնաւոր ազդանշանները անհաւատալիօրէն բեռնաւորուած են տեղեկութեամբ։ Անոնք լուրեր կը բերեն ձեր մարմնին ներքին եւ արտաքին շրջապատէն. ձեր ոտքի մատին ջղապրկումին, կամ սուրճին հոտին եւ կամ բարեկամի մը պատմած մէկ կատակին մասին։ Մինչ ուրիշ ազդանշաններ ձեռք կ’առնեն եւ կը վերլուծեն տեղեկութիւնը, անոնք որոշ յուզումներ, յիշատակներ, խորհուրդներ, կամ որոշումի մը յանգող ծրագիրներ յառաջ կը բերեն։ Ձեր ուղեղէն եկող ազդանշաններ գրեթէ անմիջապէս մարմնին ուրիշ մասերուն կ’ըսեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն. ոտքի մատը շարժել, սուրճը խմել, խնդալ կամ թերեւս սրամիտ պատասխան մը տալ։ Միեւնոյն ատեն, առանց ձեր գիտակցութեան, ձեր ուղեղը նաեւ ձեր շնչառութեան, արեան բաղադրութեան, ջերմութեան եւ ուրիշ կենսական գործառնութիւններու հոգ կը տանի։ Անիկա հրամաններ կ’արձակէ, որպէսզի ձեր մարմինը շարունակէ մեղմօրէն գործել հակառակ ձեր շրջապատի յարատեւ փոփոխութիւններուն։ Անիկա նաեւ ապագայ պահանջներու համար պատրաստութիւն կը տեսնէ»։—Էջ 326
5. Սուրբ գրային առումով, իմաստութիւնը ի՞նչ է։
5 Թէեւ մարդկային ուղեղը անժխտելիօրէն հոյակապ կարողութիւն ունի, բայց ինչպէ՞ս կրնանք մեր միտքը լաւագոյն կերպով գործածել։ Ասիկա չենք կրնար ընել պարզապէս լեզու, պատմութիւն, գիտութիւն կամ տարբեր կրօնքներ ջանադրութեամբ ուսումնասիրելով։ Մեր մտածելու կարողութիւնը պէտք է գործածենք գլխաւորաբար աստուածային ուսուցում ստանալու համար։ Միայն անիկա է որ իրական իմաստութիւն կու տայ։ Բայց ի՞նչ է իրական իմաստութիւնը։ Սուրբ գրային առումով, իմաստութիւնը շատ մեծ շեշտ կը դնէ առողջ դատողութեան վրայ, որ հիմնուած է ճշգրիտ գիտութեան եւ իրական հասկացողութեան վրայ։ Իմաստութիւնը կարելի կը դարձնէ որ մեր գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը յաջող կերպով գործածենք խնդիրներ լուծելու, վտանգներէ խուսափելու կամ զգուշանալու, ուրիշներուն օգնելու եւ նպատակակէտերու հասնելու համար։ Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը իմաստութիւնը կը հակադրէ յիմարութեան եւ ապուշութեան հետ. յատկանիշներ՝ որոնցմէ վստահաբար կ’ուզենք խուսափիլ։—Բ. Օրինաց 32։6. Առակաց 11։29. Ժողովողի 6։8
Եհովայի Հոյակապ Դասագիրքը
6. Եթէ իրական իմաստութիւն պիտի ցուցաբերենք, ի՞նչ բան լաւ պէտք է գործածենք։
6 Մեր շուրջը աշխարհային իմաստութեան տեսակները շատ են։ (Ա. Կորնթացիս 3։18, 19) Այո, աշխարհը լեցուն է դպրոցներով եւ միլիոնաւոր գիրքեր պարունակող գրատուներով։ Անոնցմէ շատեր դասագրքեր են, որոնք լեզուի, ուսողութեան, գիտութեան եւ ուրիշ մարզերու մէջ ուսում կու տան։ Սակայն Մեծ Ուսուցիչը դասագիրք մը հայթայթած է՝ իր ներշնչեալ Խօսքը, Աստուածաշունչը՝ որ կը գերազանցէ միւս բոլորին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Անիկա ճշգրիտ է ոչ միայն երբ պատմական, աշխարհագրական եւ բուսաբանական նիւթեր կը շօշափէ, այլ նաեւ՝ երբ ապագան կը գուշակէ։ Ասկէ զատ, անիկա կ’օգնէ մեզի որ հիմա իսկ շատ ուրախ եւ շատ արդիւնաբեր կեանք մը վարենք։ Անշուշտ, ինչպէս որ աշխարհային դպրոցներու աշակերտները պէտք է գործածեն իրենց գրքերը, մենք ալ Աստուծոյ մեծագոյն Դասագրքին լաւ պէտք է ծանօթանանք ու զայն գործածենք, եթէ իրական իմաստութիւն պիտի ցուցաբերենք որպէս «Աստուծմէ սորված»ներ։—Յովհաննու 6։45
7. Ինչո՞ւ կ’ըսէք որ Աստուածաշունչի բովանդակութեան հետ մտքով ընտելանալը բաւարար չէ։
7 Սակայն, մտքով Աստուածաշունչին հետ ընտելանալու եւ իրական իմաստութեան ու աստուածային ուսուցումին ենթարկուելու միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Բացատրենք. ԺԷ. դարուն Կաթողիկէ մը, Կոռնելիոս վան տէր Սթէն, ուզեց Ժէզուիթ մը ըլլալ, բայց հասակը շատ կարճ ըլլալուն համար մերժուեցաւ։ Իր գրքին մէջ (The Jesuits—History & Legend of the Society of Jesus), Մանֆրէդ Պարթըլ կ’ըսէ. «Յանձնաժողովը վան տէր Սթէնին տեղեկացուց որ իրենք պատրաստ են հասակի պահանջը մէկ կողմ դնելու, պայմանաւ որ ան ամբողջ Աստուածաշունչը գոց արտասանէր։ Պատմութիւնը իրապէս անիմաստ պիտի դառնար, եթէ վան տէր Սթէն այս յաւակնոտ խնդրանքին համաձայնած չըլլար»։ Ի՜նչ ջանք կը պահանջէր ամբողջ Աստուածաշունչը գոց սորվիլը։ Սակայն, վստահաբար շատ աւելի կարեւոր է Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ քան զայն գոց սորվիլ։
8. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ աստուածային ուսուցումէն օգտուինք եւ իրական իմաստութիւն ցուցաբերենք։
8 Եթէ կ’ուզենք աստուածային ուսուցումէն լիովին օգտուիլ եւ իրական իմաստութիւն ցուցաբերել, մենք Սուրբ Գրութիւններուն ճշգրիտ գիտութեան պէտքը ունինք։ Նաեւ, Եհովայի սուրբ հոգիով, կամ՝ գործօն ոյժով, պէտք է առաջնորդուինք։ Ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ խորունկ ճշմարտութիւնները՝ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը՝ սորվինք։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Հետեւաբար, ջանադրութեամբ ուսումնասիրենք Եհովայի հոյակապ Դասագիրքը եւ իր սուրբ հոգիին կողմէ առաջնորդուելու համար աղօթենք։ Առակաց 2։1-6–ին հետ համընթաց ըլլալով, իմաստութեան ուշադրութիւն ընծայենք, մեր սիրտը հանճարին տանք եւ հասկացողութիւն փնտռենք։ Ծածուկ գանձեր փնտռելու պէս պէտք է ընենք ասիկա, քանի որ միայն այն ատեն ‘Եհովայի վախը պիտի հասկնանք եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնենք’։ Աստուածային ուսուցումին կարգ մը յաղթանակներն ու օգուտները նկատի առնելը աստուածատուր իմաստութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնէ։
Աստիճանական Հասկացողութիւն
9, 10. Ըստ Ծննդոց 3։15–ի արձանագրութեան, Աստուած ի՞նչ ըսաւ, եւ այդ խօսքերուն պատշաճ հասկացողութիւնը ի՞նչ է։
9 Աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ Եհովայի ժողովուրդին աստիճանական հասկացողութիւն մը տալով Սուրբ Գրութիւններուն մասին։ Օրինակի համար, սորված ենք որ Բանսարկու Սատանան էր, որ Եդեմի պարտէզին մէջ օձին միջոցաւ խօսեցաւ, երբ զրպարտեց թէ Աստուած կը ստէր ըսելով որ անոնք, եթէ արգիլուած պտուղէն ուտէին, պիտի մեռնէին։ Բայց կը տեսնենք որ Եհովա Աստուծոյ անհնազանդութիւնը իրապէս մահ բերաւ մարդկային ցեղին վրայ։ (Ծննդոց 3։1-6. Հռովմայեցիս 5։12) Բայց Աստուած յոյս մը տուաւ մարդկութեան, երբ իր խօսքը Սատանային ուղղելով, օձին ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։—Ծննդոց 3։15
10 Այդ խօսքերը գաղտնիք մը կը պարունակէին, որ աստուածային ուսուցումով աստիճանաբար յայտնուեցաւ։ Եհովա իր ժողովուրդին սորվեցուցած է որ Աստուածաշունչի գլխաւոր բնաբանն է իր գերիշխանութեան ջատագովումը, Սերունդին միջոցաւ, որ Աբրահամի ու Դաւիթի շառաւիղէն ըլլալով օրինաւոր իրաւունքը պիտի ունենար Թագաւորական իշխանութեան։ (Ծննդոց 22։15-18. Բ. Թագաւորաց 7։12, 13. Եզեկիէլ 21։25-27) Մեր Մեծ Ուսուցիչը մեզի սորվեցուցած է որ Յիսուս Քրիստոս «կնոջ»՝ Աստուծոյ տիեզերական կազմակերպութեան՝ գլխաւոր Սերունդն է։ (Գաղատացիս 3։16) Հակառակ Սատանային բերած բոլոր փորձութիւններուն, Յիսուս իր ուղղամտութիւնը պահեց մինչեւ մահ, մինչեւ Սերունդին գարշապարին խայթուիլը։ Նաեւ սորվեցանք որ մարդոց մէջէն 144,000 ժառանգակիցներ Քրիստոսի պիտի ընկերակցին «առաջին օձ»ին՝ Սատանային՝ գլուխը ջախջախելու համար։ (Յայտնութիւն 14։1-4. 20։2. Հռովմայեցիս 16։20. Գաղատացիս 3։29. Եփեսացիս 3։4-6) Աստուծոյ Խօսքէն այսպիսի գիտութիւն մը որքա՜ն կը գնահատենք։
Աստուծոյ Սքանչելի Լոյսը
11. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ մարդիկը հոգեւոր լուսաւորութեան առաջնորդելով։
11 Աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ մարդիկը հոգեւոր լուսաւորութեան առաջնորդելով։ Օծեալ Քրիստոնեաները այս փորձառութիւնը ունեցած են առ ի կատարում Ա. Պետրոս 2։9–ին. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»։ Այսօր, «մեծ բազմութիւն»ն ալ աստուածատուր այդ լոյսը կը վայելէ, որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի։ (Յայտնութիւն 7։9. Ղուկաս 23։43) Մինչ Աստուած կը սորվեցնէ իր ժողովուրդին, Առակաց 4։18–ի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը կը փաստուի. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Աստիճանաբար սորվելու այս կերպը աստուածային ուսուցումին մեր հասկացողութիւնը կը յղկէ, ինչպէս որ աշակերտներ կը յառաջդիմեն ուսուցիչի մը լաւ օգնութեամբ, երբ անոնք քերականութիւն, պատմութիւն կամ ուրիշ նիւթ մը կը սերտեն։
12, 13. Վարդապետական ո՞ր վտանգներուն դէմ աստուածային ուսուցումը պաշտպանած է Եհովայի ժողովուրդը։
12 Աստուածային ուսուցումը ուրիշ կերպով մըն ալ կը յաղթէ. զայն խոնարհօրէն ստացողները կը պահպանէ «դեւերու ուսմունքներ»էն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Իսկ միւս կողմէն, նայեցէք Քրիստոնեայ Աշխարհին։ 1878–ին, Հռովմէական Կաթողիկէ եպիսկոպոս Ճոն Հէնրի Նիումէն գրեց. «Չարէն վարակուելու դէմ դնելու եւ դիւային պաշտամունքի գործիքները եւ սովորութիւնները աւետարանչական գործածութեան վերածելու համար Քրիստոնէութեան զօրութեան վստահելով, ... Եկեղեցիին կառավարիչները վաղուց պատրաստուած էին, երբ առիթը ներկայանար, գոյութիւն ունեցող ժողովրդական արարողութիւնները եւ սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսեալ դասակարգին փիլիսոփայութիւնը, որդեգրելու, ընդօրինակելու, կամ վաւերացնելու»։ Նիումէն աւելցուց որ սուրբ ջուրը, քահանայական զգեստները եւ պատկերները «հեթանոսական ծագում ունին եւ Եկեղեցիին մէջ ներմուծուելով՝ սրբացուած են»։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդարեւ երախտապարտ է որ աստուածային ուսուցումը զինք կը պաշտպանէ այսպիսի հաւատուրացութենէ։ Անիկա ամէն տեսակ դիւապաշտութեան վրայ յաղթանակ կը տանի։—Գործք 19։20
13 Աստուածային ուսուցումը ամէն կերպ կրօնական սխալներու վրայ յաղթանակ կը տանի։ Որպէս Աստուծմէ սորվածներ, զոր օրինակ, մենք չենք հաւատար Երրորդութեան, այլ կ’ընդունինք որ Եհովա Բարձրեալն է, Յիսուս իր Որդին է եւ սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ոյժն է։ Մենք դժոխքի կրակէն չենք վախնար, քանի որ կը գիտակցինք որ Աստուածաշունչի դժոխքը մարդկութեան հասարակ գերեզմանն է։ Իսկ մինչ կեղծ կրօնաւորները կ’ըսեն որ մարդկային հոգին անմահ է, մենք գիտենք որ մեռելները բան մը չեն գիտեր։ Տակաւին երկար է աստուածային ուսուցումով ձեռք ձգուած ճշմարտութիւններուն ցանկը։ Ի՜նչ օրհնութիւն է Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ հոգեւոր կապանքէն ձերբազատուիլը։—Յովհաննու 8։31, 32. Յայտնութիւն 18։2, 4, 5
14. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ կրնան հոգեւոր լոյսի մէջ շարունակել քալել։
14 Քանի որ աստուածային ուսուցումը կրօնական սխալի վրայ յաղթանակ կը տանի, անիկա կարելի կը դարձնէ որ Աստուծոյ ծառաները հոգեւոր լոյսի մէջ քալեն։ Արդարեւ, անոնք իրենց ետեւէն խօսք մը կը լսեն որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ (Եսայեայ 30։21) Աստուծոյ ուսուցումը նաեւ կը պահպանէ իր ծառաները սուտ տրամաբանութիւններէ։ Երբ Կորնթոսի ժողովքին մէջ «սուտ առաքեալներ»ը խնդիր կը յարուցանէին, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք»։ (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5. 11։13-15) Աստուածային ուսուցումին հակառակ եղող տրամաբանութիւնները կը քանդուին, ժողովքին մէջ մեղմութեամբ տրուած ուսուցումով եւ դուրսիններուն բարի լուրը քարոզելով։—Բ. Տիմոթէոս 2։24-26
Հոգիով ու Ճշմարտութիւնով Պաշտել
15, 16. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան պաշտել հոգիով ու ճշմարտութիւնով։
15 Մինչ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը մեծապէս կը յառաջդիմէ, աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ խոնարհներուն ցոյց տալով թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան Աստուած պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ Սուքար քաղաքին մօտ գտնուող Յակոբի ջրհորին մօտ, Յիսուս Սամարացի կնոջ մը ըսաւ որ ինք կրնար յաւիտենական կեանք պարգեւող ջուր տալ։ Սամարացիներուն ակնարկելով, ան աւելցուց. «Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար։ ... Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասնզի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ»։ (Յովհաննու 4։7-15, 21-23) Ապա Յիսուս ինքզինք ճանչցուց որպէս Մեսիան։
16 Բայց ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած պաշտել հոգիով։ Աստուծոյ հանդէպ սիրով լեցուած երախտագէտ սրտով մը մաքուր պաշտամունք մատուցանելով, որ իր Խօսքին ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած է։ Կրնանք ճշմարտութիւնով զինք պաշտել կրօնական ստութիւնները մերժելով եւ աստուածային կամքը կատարելով, որ յայտնուած է Եհովայի հոյակապ Դասագրքին մէջ։
Փորձութիւններու եւ Աշխարհի Յաղթողներ
17. Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել որ աստուածային ուսուցումը օգնած է Եհովայի ծառաներուն որ փորձութիւններ դիմագրաւեն։
17 Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը փորձութիւններ դիմագրաւէ, աստուածային ուսուցումը միշտ յաղթանակ կը տանի։ Հետեւեալը նկատի առէք. Բ. Աշխարհամարտին սկիզբը, Սեպտեմբեր 1939–ին, Եհովայի ծառաները իր հոյակապ Դասագրքէն մասնայատուկ հասկացողութեան մը կարիքը ունէին։ Դիտարան 1 Նոյեմբեր, 1939–ի թիւին մէջ, յօդուած մը մեծապէս օգտակար եղաւ անոնց, որ յստակօրէն ներկայացուց աստուածային ուսուցումը Քրիստոնէական չէզոքութեան մասին։ (Յովհաննու 17։16) Նմանապէս, 1960–ական տարիներուն սկիզբը, կառավարական ‘վերին իշխանութիւններ’ուն յարաբերական հպատակութիւն ցոյց տալու մասին Դիտարանի յօդուածները Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեցին, որ անհանդարտ ընկերութեան մէջ աստուածային ուսուցումին ենթարկուի։—Հռովմայեցիս 13։1-7. Գործք 5։29
18. Հ.Դ. երկրորդ ու երրորդ դարուն ապրած Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներ ինչպէ՞ս նկատեցին նուաստացուցիչ զբօսանքները, եւ աստուածային ուսուցումը ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ ներկայիս այդ առնչութեամբ։
18 Աստուածային ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ փորձութիւններու յաղթենք, ինչպէս՝ նուաստացուցիչ զբօսանք փնտռելու հրապոյրներուն։ Նկատի առէք թէ մեր Հասարակ Դարաշրջանի երկրորդ ու երրորդ դարուն ապրած Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներ ի՛նչ ըսին։ Տերտուղիանոս գրեց. «Մենք խօսակցութեամբ, տեսողութեամբ կամ լսողութեամբ ո՛չ մէկ կապ ունինք ‘սիրգ’ին խելագարութեան, թատրոնին անամօթութեան եւ կրկէսին վայրագութեան հետ»։ Այդ ժամանակաշրջանէն ուրիշ գրող մը հարցուց. «Հաւատարիմ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ գործ ունի այս բաներուն մէջ, քանի որ ինք նոյնիսկ չարութեան մասին պէտք չէ մտածէ։ Ան ինչո՞ւ հաճոյք պիտի առնէ կիրքերու ներկայացումներէն»։ Թէեւ այս գրողները առաջին դարու Քրիստոնեաներէն տարիներ ետք ապրեցան, բայց դատապարտեցին նուաստացուցիչ ժամանցները։ Այսօր, աստուածային ուսուցումը իմաստութիւն կու տայ մեզի որ մերժենք լկտի, անբարոյ եւ վայրագ զբօսանքները։
19. Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանինք։
19 Աստուածային ուսուցումին ենթարկուիլը կարելի կը դարձնէ որ ուղղակի աշխարհին վրայ յաղթանակ տանինք։ Այո, մեր Մեծ Ուսուցիչին ուսուցումը կիրարկելով, կը յաղթենք Սատանայի զօրութեան ներքեւ եղող այս աշխարհի չար ազդեցութիւններուն։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19) Եփեսացիս 2։1-3–ը կ’ըսէ որ Աստուած մեզ կենդանացուց, երբ մենք օդի իշխանութեան իշխանին ուզացին պէս քալելով, յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էինք։ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք որ աստուածային ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ յաղթենք աշխարհային ցանկութիւններուն եւ այն հոգիին որ ծագում կ’առնէ Իր ու մեր թշնամիէն—գլխաւոր խաբողէն՝ Բանսարկու Սատանայէն։
20. Ո՞ր հարցումները նկատի առնուելու արժանի են։
20 Որոշ է ուրեմն որ աստուածային ուսուցումը կը յաղթէ շատ մը կերպերով։ Իրականութեան մէջ, կարելի չէ թուել բոլորը։ Անիկա համայն աշխարհի մարդոց կ’ազդէ։ Սակայն անիկա ի՞նչ կ’ընէ ձեզի համար։ Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ձեր կեանքին։
Ի՞նչ Սորվեցաք
◻ Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել իրական իմաստութիւնը։
◻ Աստուած աստիճանաբար ի՞նչ յայտնեց Ծննդոց 3։15–ին առնչութեամբ։
◻ Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս յաղթանակ տարած է հոգեւոր հարցերուն մէջ։
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած պաշտել հոգիով ու ճշմարտութիւնով։
◻ Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս օգնած է Եհովայի ծառաներուն որ փորձութիւններու եւ աշխարհի վրայ յաղթանակ տանին։
[Նկարներ՝ էջ 10]
Յիսուս իր ուղղամտութիւնը պահեց մինչեւ մահ—մինչեւ Սերունդին գարշապարին խայթուիլը