Եհովա՝ ուխտերու Աստուած մը
«Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 31։31
1, 2. (ա) Յիսուս ո՞ր տօնակատարութիւնը հիմնեց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։ (բ) Յիսուս իր մահուան կապակցաբար ո՞ր ուխտին ակնարկութիւն ըրաւ։
ՅԻՍՈՒՍ իր 12 առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնեց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։ Գիտնալով որ անիկա իր վերջին ընթրիքը պիտի ըլլար անոնց հետ եւ թէ իր թշնամիներուն ձեռքով շուտով պիտի սպաննուէր, ան առիթը օգտագործելով իր ամենամտերիմ աշակերտներուն շատ մը կարեւոր բաներ բացատրեց։—Յովհաննու 13։1–17։26
2 Այդ ժամանակն էր որ Իսկարիովտացի Յուդան ղրկելէն ետք, Յիսուս հաստատեց Քրիստոնեաներուն պատուիրուած տարեկան միակ տօնակատարութիւնը՝ իր մահուան Յիշատակատօնը։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս’։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար’»։ (Մատթէոս 26։26-28) Յիսուսի հետեւորդները իր մահը պիտի յիշատակէին պարզ ու պատուարժան կերպով։ Իսկ Յիսուս իր մահուան կապակցաբար ուխտի մը ակնարկութիւն ըրաւ։ Ղուկասի արձանագրութեան մէջ ալ անիկա կոչուած է «նոր ուխտ»։—Ղուկաս 22։20
3. Նոր ուխտին մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
3 Ի՞նչ է այս նոր ուխտը։ Երբ նոր ուխտ ըսուած է, կը նշանակէ որ հին ո՞ւխտ մըն ալ կայ։ Արդեօք ուրիշ ուխտեր անոր հետ առնչութիւն ունի՞ն։ Ասոնք կարեւոր հարցեր են, քանի որ Յիսուս ըսաւ որ այդ ուխտին արիւնը պիտի թափուէր «մեղքերու թողութեան համար»։ Բոլորս ալ անպայմանօրէն կարիքը ունինք այսպիսի թողութեան։—Հռովմայեցիս 3։23
Ուխտ մը Աբրահամի Հետ
4. Ո՞ր հին խոստում մը մեզի կ’օգնէ որ նոր ուխտը հասկնանք։
4 Նոր ուխտը հասկնալու համար, Յիսուսի երկրային ծառայութենէն գրեթէ 2,000 տարիներ ետ պէտք է երթանք, երբ Թարա եւ իր ընտանիքը՝ մէջը ըլլալով Աբրամ (որ հետագային կոչուեցաւ Աբրահամ) եւ Աբրամի կինը՝ Սարա (հետագային՝ Սառա)՝ Քաղդէացիներու բարգաւաճ Ուր քաղաքէն դուրս գալով, Խառան գաղթեցին, որ Միջագետքի հիւսիսը կը գտնուէր։ Անոնք հոն մնացին մինչեւ Թարայի մահը։ Ապա, Եհովայէ պատուէր ստանալով, 75 ամեայ Աբրահամը Եփրատ Գետը կտրեց եւ հարաւ–արեւմտեան կողմը՝ Քանան գնաց, վրաններու տակ թափառական կեանք մը վարելու համար։ (Ծննդոց 11։31–12։1, 4, 5. Գործք 7։2-5) Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 1943–ին։ Երբ տակաւին Աբրահամ Խառանի մէջ էր, Եհովա ըսած էր անոր. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։ Իսկ Աբրահամ Քանան մտնելէն ետք, Եհովա անոր ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։—Ծննդոց 12։2, 3, 7
5. Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը պատմական ո՞ր մարգարէութեան հետ կապուած է։
5 Աբրահամի տրուած խոստումը, Եհովայի ուրիշ մէկ խոստումին հետ առնչուած էր։ Արդարեւ, ասիկա Աբրահամը՝ մարդկային պատմութեան գլխաւոր դերակատար մը՝ արձանագրուած առաջին մարգարէութեան օղակներէն մէկը դարձուց։ Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամն ու Եւան մեղանչելէ ետք, Եհովա երկուքին վրայ դատաստան արձակեց եւ նոյն առիթով Եւան մոլորեցուցած Սատանային ալ խօսքը ուղղելով ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Աբրահամի հետ Եհովայի կատարած ուխտը ցոյց կու տար որ այն Սերունդը, որ պիտի քակէր Սատանայի գործերը, այդ նահապետէն պիտի սերէր։
6. (ա) Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը որո՞ւ միջոցով պիտի կատարուի։ (բ) Ի՞նչ է աբրահամական ուխտը։
6 Քանի որ Եհովայի խոստումը սերունդի մը հետ կապուած էր, Աբրահամ որդի մը պէտք էր ունենար, որպէսզի Սերունդը անոր միջոցաւ գար։ Սակայն ինք եւ Սառա յառաջացած տարիք մը ունէին եւ տակաւին անզաւակ էին։ Բայց վերջապէս Եհովա օրհնեց զանոնք, հրաշքով վերակենդանացնելով անոնց վերարտադրական զօրութիւնը եւ Սառա որդի մը՝ Իսահակը, ծնաւ Աբրահամի ու այսպիսով սերունդի մը կապակցաբար տրուած խոստումը պահուեցաւ։ (Ծննդոց 17։15-17. 21։1-7) Տարիներ ետք, իր սիրելի որդին՝ Իսահակը զոհ մատուցանելու յօժարող Աբրահամի հաւատքը փորձելէ ետք, Եհովա Աբրահամի տուած իր խոստումը կրկնեց. «Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [«իրենք զիրենք պիտի օրհնեն», ՆԱ], որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։ (Ծննդոց 22։15-18) Այս ընդլայնուած ուխտը յաճախ կոչուած է աբրահամական ուխտ եւ հետագային եղած նոր ուխտը, սերտօրէն առնչուած էր անոր հետ։
7. Աբրահամի սերունդը թիւով ի՞նչպէս աճեցաւ, եւ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Եգիպտոսի մէջ բնակեցաւ։
7 Ժամանակի ընթացքին, Իսահակ երկուորեակ մը ունեցաւ՝ Եսաւը եւ Յակոբը։ Եհովա ընտրեց Յակոբը, որպէսզի Խոստացեալ Սերունդին նախահայրը ըլլայ։ (Ծննդոց 28։10-15. Հռովմայեցիս 9։10-13) Յակոբ 12 որդի ունեցաւ։ Բացայայտօրէն, ժամանակը հասած էր որ Աբրահամի սերունդը ընդարձակուէր։ Երբ Յակոբի որդիները չափահասներ դարձան ու բազմանդամ ընտանիքներ կազմեցին, սովի մը պատճառաւ ստիպուեցան Եգիպտոս փոխադրուիլ, ուր աստուածային նախախնամութեամբ, Յակոբի որդին Յովսէփ ճամբան պատրաստած էր։ (Ծննդոց 45։5-13. 46։26, 27) Քանի մը տարիներ ետք, Քանանու մէջ սովը մեղմացաւ։ Բայց Յակոբի ընտանիքը Եգիպտոս մնաց, սկիզբը որպէս հիւր, իսկ վերջը՝ որպէս գերի։ Աբրահամ Եփրատ Գետը կտրելէն 430 տարի ետք, Հ.Դ.Ա. 1513–ին էր որ Մովսէս ազատագրեց Յակոբի սերունդը՝ զանոնք Եգիպտոսէն դուրս հանելով։ (Ելից 1։8-14. 12։40, 41. Գաղատացիս 3։16, 17) Արդ, Եհովա մասնաւոր ուշադրութիւն պիտի ընծայէր Աբրահամի հետ իր ըրած ուխտին։—Ելից 2։24. 6։2-5
«Հին Ուխտը»
8. Սինայի մէջ, Եհովա ի՞նչ համաձայնութիւն ըրաւ Յակոբի սերունդին հետ, եւ ասիկա ի՞նչ առնչութիւն ունէր աբրահամական ուխտին հետ։
8 Երբ Յակոբ եւ իր որդիները Եգիպտոս փոխադրուեցան, բազմանդամ ընտանիք մըն էին, բայց երբ անոնց սերունդը Եգիպտոսը ձգեց, բազմամարդ ցեղերէ բաղկացած հսկայ զանգուած մըն էր։ (Ելից 1։5-7. 12։37, 38) Եհովա զիրենք Քանանու երկիրը բերելէ առաջ, դէպի հարաւ տարաւ, Արաբիոյ մէջ Քորեբ (կամ Սինա) կոչուած լերան ստորոտը։ Հոն անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ։ «Նոր ուխտ»ին հետ բաղդատած, ասիկա «հին ուխտ» կոչուեցաւ։ (Բ. Կորնթացիս 3։14, ՆԱ) Հին ուխտին միջոցաւ, Եհովա հսկեց որ աբրահամական ուխտը պատկերաւոր կատարում մը ունենայ։
9. (ա) Աբրահամական ուխտով, Եհովա ի՞նչ չորս բաներ խոստացաւ։ (բ) Իսրայէլի հետ Եհովայի ուխտը ուրիշ ի՞նչ ակնկալութիւններու դուռ բացաւ, բայց ի՛նչ պայմանով։
9 Եհովա Իսրայէլ ազգին բացատրեց այս ուխտին պայմանները. «Եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։ (Ելից 19։5, 6) Եհովա խոստացած էր որ Աբրահամի սերունդը (1) մեծ ազգ մը պիտի ըլլար, (2) թշնամիներուն պիտի յաղթէր, (3) Քանանու երկիրը պիտի ժառանգէր եւ (4) ազգերը իրեն միջոցաւ պիտի օրհնուէին։ Արդ, կը յայտնէր թէ որպէս իր սեպհական ժողովուրդը՝ Իսրայէլ «քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը» ըլլալով այս օրհնութիւնները պիտի կարենային ժառանգել, եթէ իր պատուէրներուն հնազանդէին։ Իսրայելացիները այս ուխտին մէջ մտնելու յօժարեցա՞ն։ Անոնք միաբերան պատասխանեցին. «Եհովայի բոլոր ասածները կ’անենք»։—Ելից 19։8, Արարատ։
10. Եհովա ի՞նչպէս Իսրայէլը կազմակերպեց որպէս ազգ, եւ անոնցմէ ի՞նչ ակնկալեց։
10 Ուստի, Եհովա որպէս ազգ կազմակերպեց Իսրայելացիները։ Ան պաշտամունքի եւ քաղաքացիական կեանքին հետ առնչուող օրէնքներ տուաւ անոնց։ Նաեւ անոնց տաղաւար մը (հետագային, Երուսաղէմի մէջ տաճար մը) եւ քահանայութիւն մը տուաւ, որպէսզի տաղաւարին մէջ սրբազան ծառայութիւն մատուցանէին։ Ուխտը պահել պիտի նշանակէր Եհովայի օրէնքներուն հնազանդիլ եւ մանաւա՛նդ միայն զինք պաշտել։ Այդ օրէնքին կորիզը կազմող Տասը Պատուիրաններուն առաջինը կ’ըսէր. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս»։—Ելից 20։2, 3
Օրէնքի Ուխտին Միջոցաւ Օրհնութիւններ
11, 12. Հին ուխտին խոստումները ի՞նչ կերպերով Իսրայէլի վրայ կատարուեցան։
11 Իսրայէլի նկատմամբ Օրէնքի ուխտին խոստումները կատարուեցա՞ն։ Իսրայէլ «սուրբ ազգ մը» եղա՞ւ։ Որպէս Ադամի սերունդը, Իսրայելացիները մեղաւոր էին։ (Հռովմայեցիս 5։12) Հետեւաբար, Օրէնքի ներքեւ, զոհեր կը մատուցանուէին իրենց մեղքերը ծածկուելու համար։ Տարեկան Քաւութեան Օրը մատուցուած զոհերուն առնչութեամբ, Եհովա ըսաւ. «Այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի կատարէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջեւ»։ (Ղեւտացւոց 16։30) Ուստի, երբ հաւատարիմ էր, Իսրայէլ սուրբ ազգ մըն էր, Եհովայի ծառայութեան համար մաքրուած։ Բայց իրենց այս մաքուր վիճակը Օրէնքին հնազանդելէն եւ յարատեւաբար զոհեր մատուցանելէն կախեալ էր։
12 Իսրայէլ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը եղա՞ւ։ Ուխտը հաստատուած պահէն սկսեալ, անիկա թագաւորութիւն մը եղաւ, Եհովան ունենալով որպէս երկնային Թագաւոր։ (Եսայեայ 33։22) Օրէնքի ուխտը մարդկային թագաւորութեան համար կարգադրութիւններ ալ կը բովանդակէր, այնպէս որ հետագային Երուսաղէմի մէջ իշխող թագաւորները Եհովան կը ներկայացնէին։ (Բ. Օրինաց 17։14-18) Բայց Իսրայէլ քահանաներու թագաւորութիւն մը եղա՞ւ։ Իսրայէլ քահանայութիւն մը ունէր, որ տաղաւարին մէջ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէր։ Տաղաւարը (հետագային՝ տաճարը) Իսրայելացիներուն, ինչպէս նաեւ ոչ–Իսրայելացիներուն համար, մաքուր պաշտամունքի կեդրոնն էր։ Իսկ ազգը կը ծառայէր որպէս միակ խողովակը, մարդոց ճշմարտութիւնը յայտնելու համար։ (Բ. Մնացորդաց 6։32, 33. Հռովմայեցիս 3։1, 2) Բոլոր հաւատարիմ Իսրայելացիները Եհովայի «վկաներ»ն էին, ոչ միայն՝ Ղեւտացի քահանաները։ Իսրայէլ Եհովայի «ծառան» էր եւ ‘իր գովութիւնը պատմելու’ համար կազմուած էր։ (Եսայեայ 43։10, 21) Բազմաթիւ հեզ օտարականներ իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի զօրութիւնը տեսան եւ մաքուր պաշտամունքին միանալով նորահաւատներ եղան։ (Յեսուայ 2։9-13) Իրականութեան մէջ սակայն, միմիայն մէկ ցեղ որպէս օծուած քահանաներ ծառայեց։
Նորահաւատներ՝ Իսրայէլի Մէջ
13, 14. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ նորահաւատները Օրէնքի ուխտին մէջ բաժին չունէին։ (բ) Նորահաւատները ի՞նչպէս Օրէնքի ուխտին ներքեւ եկան։
13 Այսպիսի նորահաւատներ ի՞նչ տեղ կը գրաւէին։ Եհովա իր ուխտը միայն Իսրայէլի հետ ըրաւ. թէեւ «խառն բազմութիւն մը» ներկայ էր հոն, բայց անոնք այդ ուխտին չմասնակցեցան։ (Ելից 12։38. 19։3, 7, 8) Անոնց անդրանիկները հաշուի չառնուեցան, երբ Իսրայէլի անդրանիկներու փրկանքի գինը որոշուեցաւ։ (Թուոց 3։44-51) Տասնեակ տարիներ ետք, երբ Քանանու երկիրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ բաժնուեցաւ, Իսրայելացի չեղող հաւատացեալներուն համար բան մը չյատկացուեցաւ։ (Ծննդոց 12։7. Յեսուայ 13։1-14) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Օրէնքի ուխտը նորահաւատներուն հետ կատարուած չէր։ Բայց նորահաւատ տղամարդիկը Օրէնքին հնազանդելով թլփատուած էին։ Անոնք կը պահէին անոր կանոնները եւ այդ կարգադրութիւններէն կ’օգտուէին։ Նորահաւատները, ինչպէս նաեւ Իսրայելացիները, Օրէնքի ուխտին ներքեւ եկան։—Ելից 12։48, 49. Թուոց 15։14-16. Հռովմայեցիս 3։19
14 Օրինակ, եթէ նորահաւատ մը անդիտումնաւոր կերպով մէկու մը մահուան պատճառ ըլլար, ինքն ալ Իսրայելացիի մը նման, կրնար ապաստանի քաղաքներէն մէկը փախչիլ։ (Թուոց 35։15, 22-25. Յեսուայ 20։9) Քաւութեան Օրը զոհ մը կը մատուցանուէր «Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին համար»։ Որպէս ժողովքին մաս կազմողներ, նորահաւատները կը մասնակցէին արարողութիւններուն եւ զոհերը իրենց մեղքերն ալ կը ծածկէին։ (Ղեւտացւոց 16։7-10, 15, 17, 29. Բ. Օրինաց 23։7, 8) Օրէնքին ներքեւ, նորահաւատները այնքան սերտօրէն կ’ընկերակցէին Իսրայէլի հետ, որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ ‘թագաւորութեան առաջին բանալին’ գործածուեցաւ Հրեաներուն ի նպաստ, նորահաւատներն ալ անկէ օգտուեցան։ Որպէս հետեւանք, «Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին» Քրիստոնեայ եղաւ եւ Երուսաղէմի ժողովքի կարիքներուն հոգ տանելու համար նշանակուած՝ ‘բարի վկայուած եօթը հոգի’ներէն մէկն էր։—Մատթէոս 16։19. Գործք 2։5-10. 6։3-6. 8։26-39
Եհովա կ’Օրհնէ Աբրահամի Սերունդը
15, 16. Աբրահամի հետ Եհովայի ուխտը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Օրէնքի ուխտին ներքեւ։
15 Եհովա օրհնեց Օրէնքի ներքեւ որպէս ազգ կազմակերպուած Աբրահամի սերունդը, նահապետին իր տուած խոստումը յարգելով։ Հ.Դ.Ա. 1473–ին, Մովսէսի յաջորդը՝ Յեսուն էր որ Իսրայէլը Քանանու երկիրը առաջնորդեց։ Հետագային երկիրը ցեղերուն մէջ բաժնելով, երկիրը Աբրահամի սերունդին տալու Եհովայի խոստումը կատարուեցաւ։ Երբ Իսրայէլ հաւատարիմ ըլլար, իր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանելու իր տուած խոստումը կը պահէր Եհովա. մանաւանդ Դաւիթ Թագաւորի իշխանութեան ընթացքին ասիկա բացայայտ եղաւ։ Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի ժամանակ, աբրահամական խոստումին երրորդ երեսակը կատարուեցաւ։ «Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին»։—Գ. Թագաւորաց 4։20
16 Սակայն, ազգերը ի՞նչպէս իրենք զիրենք պիտի օրհնէին Իսրայէլի՝ Աբրահամի սերունդին՝ միջոցով։ Ինչպէս յիշուեցաւ, Իսրայէլ Եհովայի սեպհական ժողովուրդը, ազգերուն մէջ իր ներկայացուցիչն էր։ Իսրայէլ Քանան արշաւելէ ճիշդ առաջ, Մովսէս ըսաւ. «Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք»։ (Բ. Օրինաց 32։43) Բազմաթիւ օտարականներ այս կոչին ընդառաջեցին։ Արդէն «խառն բազմութիւն» մը Իսրայէլի հետ դուրս ելած էր Եգիպտոսէ, անապատին մէջ Եհովայի զօրութեան ականատես եղած եւ Մովսէսի տուած ուրախանալու հրաւէրն ալ լսած էր։ (Ելից 12։37, 38) Հետագային, Մովաբացի Հռութ ամուսնացաւ Իսրայելացի Բոոսի հետ եւ Մեսիայի նախամայրերէն մէկը եղաւ։ (Հռութայ 4։13-22) Երբ մարմնաւոր Իսրայելացիներէն շատեր անհաւատարիմ էին, Կենեցի Յովնադաբն ու անոր սերունդը եւ Եթովպիացի Աբդեմելէք շիտակ սկզբունքներու կառչած մնալով զատորոշուեցան։ (Դ. Թագաւորաց 10։15-17. Երեմեայ 35։1-19. 38։7-13) Պարսկական Կայսրութեան ներքեւ, բազմաթիւ օտարականներ նորահաւատ եղան եւ Իսրայէլի կողքին անոր թշնամիներուն դէմ պատերազմեցան։—Եսթերայ 8։17, ՆԱ, ստորանիշ։
Նոր Ուխտի մը Կարիքը
17. (ա) Եհովա ինչո՞ւ մերժեց Իսրայէլի հիւսիսային եւ հարաւային թագաւորութիւնները։ (բ) Ի՞նչ բանի պատճառաւ Հրեաները վերջնականապէս մերժուեցան։
17 Սակայն եւ այնպէս, Աստուծոյ խոստումներուն ամբողջական կատարումը վայելելու համար, Աստուծոյ սեպհական ժողովուրդը պէտք էր հաւատարիմ գտնուէր։ Բայց պարագան այդ չէր։ Ճիշդ է որ բացառիկ հաւատքի տէր Իսրայելացիներ կային։ (Եբրայեցիս 11։32–12։1) Սակայն, շատ առիթներով, ազգը հեթանոս չաստուածներու դարձաւ, նիւթական բարիքներ ակնկալելով։ (Երեմեայ 34։8-16. 44։15-18) Եղան անհատներ, որոնք Օրէնքը սխալ գործածեցին կամ պարզապէս զայն անտեսեցին։ (Նէեմեայ 5։1-5. Եսայեայ 59։2-8. Մաղաքեայ 1։12-14) Սողոմոնի մահուընէ ետք, Իսրայէլ բաժնուեցաւ հիւսիսային եւ հարաւային թագաւորութիւններու։ Երբ հիւսիսային թագաւորութիւնը ուղղակիօրէն ըմբոստացաւ, Եհովա ըսաւ. «Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս»։ (Ովսեայ 4։6) Հարաւային թագաւորութիւնն ալ խիստ պատիժի ենթարկուեցաւ, քանի որ ուխտադրուժ եղաւ։ (Երեմեայ 5։29-31) Երբ Հրեաները Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիա, Եհովան ալ զիրենք մերժեց։ (Գործք 3։13-15. Հռովմայեցիս 9։31–10։4) Վերջապէս Եհովա նոր կարգադրութիւն մը ըրաւ աբրահամական ուխտը լիովին կիրարկելու համար։—Հռովմայեցիս 3։20
18, 19. Եհովա ի՞նչ նոր կարգադրութիւն ըրաւ, որպէսզի աբրահամական ուխտը լիովին կատարուի։
18 Այդ նոր կարգադրութիւնը՝ նոր ուխտն էր։ Եհովա ասիկա նախագուշակած էր, երբ ըսած էր. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ, . . . Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. ‘Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան’»։—Երեմեայ 31։31-33
19 Ասիկա է այն նոր ուխտը, որու Յիսուս ակնարկեց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։ Այդ առիթով, ան յայտնեց որ խոստացուած ուխտը պիտի կատարուէր իր աշակերտներուն եւ Եհովայի միջեւ, Յիսուսը ունենալով որպէս միջնորդ։ (Ա. Կորնթացիս 11։25. Ա. Տիմոթէոս 2։5. Եբրայեցիս 12։24) Այս նոր ուխտին միջոցաւ, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը աւելի փառաւոր եւ մնայուն կատարում մը պիտի ունենար, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածով։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Եհովա ի՞նչ խոստացաւ աբրահամական ուխտով։
◻ Եհովա մարմնաւոր Իսրայէլի վրայ ի՞նչպէս կիրարկեց աբրահամական ուխտը։
◻ Նորահաւատները ի՞նչպէս օգտուեցան հին ուխտէն։
◻ Ինչո՞ւ նոր ուխտի մը կարիքը կար։
[Նկար՝ էջ 18]
Օրէնքի ուխտին միջոցաւ, Եհովա հսկեց որ աբրահամական ուխտը պատկերաւոր կատարում մը ունենայ