Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 7/15 էջ 23-27
  • «Իմ վկաներս դուք էք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Իմ վկաներս դուք էք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎԿԱՆԵՐԸ ՎԱՂԵՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
  • «ԱՀԱ ԵՍ ՆՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ»
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
  • ՄԵՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ
  • Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Եհովան իր անունը կը փառաւորէ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Սուտ աստուածներու դէմ վկաներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Եհովային անունը որքա՞ն կարեւոր է քեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 7/15 էջ 23-27
Աստուածաշունչի Աշակերտներուն 1931–ի համաժողովը, ուր Եհովայի վկաներ անունը որդեգրուեցաւ

«Իմ վկաներս դուք էք»

«‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը» (ԵՍԱ. 43։10)։

ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ

  • Իսրայէլացիները ինչպէ՞ս վկաներ եղան Եհովային։

  • Աստուծոյ անունը ի՞նչ կը նշանակէ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ սուրբ անունը կրելու առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք։

1, 2. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ վկայ ըլլալ, եւ աշխարհի լրատուամիջոցները ի՞նչ բանի մէջ ուշագրաւօրէն ձախողած են։ բ) Եհովան ինչո՞ւ աշխարհի լրատուամիջոցներուն չ’ապաւինիր։

Ի՞ՆՉ կը նշանակէ վկայ ըլլալ։ Բառարան մը հետեւեալ սահմանումը կու տայ. «Մէկը որ դէպքի մը ականատես կ’ըլլայ եւ զայն կը պատմէ»։ Օրինակ, Հարաւային Ափրիկէի Փիթերմարիցպուրկ քաղաքին մէջ, լրագիր մը որ այժմ կը կոչուի Վկան, աւելի քան 160 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ։ Անունը յարմար է, քանի որ լրագրի մը նպատակն է՝ աշխարհի իրադարձութիւնները ճշգրտօրէն տեղեկագրել։ Լրագրին հիմնադիրը խոստացաւ թէ լրագիրը պիտի ըսէր «ճշմարտութիւնը, ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ միմիայն ճշմարտութիւնը»։

2 Սակայն, ցաւօք սրտի, աշխարհի լրատուամիջոցները մեծապէս անտեսած կամ նոյնիսկ խեղաթիւրած են մարդկութեան պատմութեան կարեւորագոյն իրողութիւնները։ Վստահաբար այս է պարագան այն խօսքին, որ Ամենակալ Աստուած Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը» (Եզեկ. 39։7)։ Բայց տիեզերքի Գերիշխանը աշխարհի լրատուամիջոցներուն չ’ապաւինիր։ Ան ունի շուրջ ութ միլիոն Վկաներ, որոնք իր մասին կը պատմեն բոլոր ազգերէ մարդոց, նշելով մարդկութեան հետ իր անցեալի եւ այժմու գործառնութիւնները։ Վկաներու այս բազմութիւնը նաեւ կը ծանուցանէ այն ինչ որ Աստուած կը խոստանայ ընել՝ ապագային մարդկութեան օրհնութիւններ բերելու համար։ Վկայելու այս գործին նախապատուութիւն տալով, մեր աստուածատուր անուան համաձայն գործած կ’ըլլանք, ինչպէս նշուած է Եսայի 43։10–ի մէջ. «‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘նաեւ իմ ընտրած ծառաս’»։

3, 4. ա) Աստուածաշունչի Աշակերտները ե՞րբ նոր անուն մը որդեգրեցին, եւ անոր առնչութեամբ ինչպէ՞ս զգացին (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ինչ մե՜ծ առանձնաշնորհում է Եհովային անունը կրել, քանի որ ան «յաւիտենական թագաւոր» է եւ կ’ըսէ. «Իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է» (Ա. Տիմ. 1։17. Ել. 3։15. համեմատէ՛ Ժողովող 2։16)։ 1931–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցին։ Ապա, այս պարբերաթերթին մէջ շատ մը գնահատական նամակներ հրատարակուեցան։ «Այս ուրախ լուրը թէ ‘Եհովայի վաներ’ ենք, մեզ շատ ոգեւորեց եւ մեր վճռականութիւնը ամրացուց, որ մեր նոր անունը կրելու արժանի ըլլանք», գրեց ժողովք մը Քանատայի մէջ։

4 Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ, թէ Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումդ կը գնահատես։ Նաեւ, կրնա՞ս բացատրել թէ ինչո՛ւ Եհովան մեզ կը կոչէ իր վկաները, ինչպէս որ Եսայի գրքին մէջ կը կարդանք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎԿԱՆԵՐԸ ՎԱՂԵՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

5, 6. ա) Իսրայէլացի ծնողները ի՞նչ կերպով վկաներ պիտի ըլլային Եհովային։ բ) Իսրայէլացի ծնողներուն ուրիշ ի՞նչ պատուէր տրուած էր, եւ ինչո՞ւ այժմու ծնողները նոյն բանը պէտք է ընեն։

5 Եսայիի օրուան իւրաքանչիւր իսրայէլացի Եհովայի «վկայ» էր, իսկ ամբողջ ազգը Աստուծոյ «ծառան» էր (Եսա. 43։10)։ Իսրայէլացի ծնողներու վկայութեան մէկ կերպն էր՝ զաւակներուն սորվեցնել իրենց նախահայրերուն հետ Եհովայի գործառնութեանց մասին։ Օրինակ, Պասեքին առնչութեամբ ժողովուրդին ըսուեցաւ. «Եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’, ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’» (Ել. 12։26, 27)։ Ծնողները թերեւս նաեւ իրենց զաւակներուն բացատրեցին, թէ երբ Մովսէս փարաւոնէն խնդրեց իսրայէլացիներուն թոյլ տալ որ անապատին մէջ Եհովան պաշտեն, փարաւոն պատասխանեց. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թոյլատրեմ» (Ել. 5։2)։ Անշուշտ ծնողները կրնային աւելցնել, թէ տասը պատուհասներ Եգիպտոսը հարուածելէ ետք եւ Կարմիր ծովուն մէջ եգիպտական բանակը բնաջնջուելէ ետք, փարաւոնին հարցումին պատասխանը ամէնուն յստակ դարձաւ։ Եհովան ցոյց տուաւ թէ Ամենակալն է։ Նաեւ, իսրայէլ ազգը ականատես եղաւ թէ Եհովան է ճշմարիտ Աստուածը եւ թէ իր խոստումները միշտ կը կատարէ։

6 Այն իսրայէլացիները, որոնք Եհովայի անունը կրելու առանձնաշնորհումը արժեւորեցին, անկասկած այս սքանչելի զարգացումները ոչ միայն իրենց զաւակներուն պատմեցին, այլեւ այն օտարներուն, որոնք իրենց տուներուն մէջ ծառաներ եղան։ Նոյնքան կարեւոր էր այն պատուէրը, որ իրենց զաւակները մարզէին այնպէս մը որ Աստուծոյ սրբութեան չափանիշները յարգէին։ Եհովան ըսաւ. «Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ» (Ղեւ. 19։2. Բ. Օր. 6։6, 7)։ Ասիկա ի՜նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանայ քրիստոնեայ ծնողներուն, որոնք նոյնպէս պէտք է իրենց զաւակներուն հաղորդեն սրբութեան ճամբաները, որպէսզի Աստուծոյ փառաւոր անուան պատիւ բերեն (կարդա՛ Առակաց 1։8. Եփեսացիս 6։4)։

Իսրայէլացի ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն՝ սրբութեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները

Եհովային մասին մեր զաւակներուն սորվեցնելը, իր անուան պատիւ կը բերէ (տե՛ս պարբերութիւն 5, 6)

7. ա) Երբ իսրայէլ Եհովային հաւատարիմ էր, այս մէկը ի՞նչ ազդեցութիւն ունէր շրջակայ ազգերուն վրայ։ բ) Ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին բոլոր անոնք որ Աստուծոյ անունը կը կրեն։

7 Ուստի երբ իսրայէլացիները հաւատարիմ էին, Աստուծոյ անուան լաւ վկայութիւն կու տային։ Անոնց ըսուած էր. «Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան» (Բ. Օր. 28։10)։ Սակայն ցաւօք սրտի, իսրայէլացիներուն պատմութեան մեծ մասը անհաւատարմութեան արձանագրութիւն է։ Անոնք կրկին անգամ մարդակերտ կուռքերու պաշտամունքին վերադարձան։ Ասկէ զատ, քանանացիներուն չաստուածներուն նման, անոնք անգութ դարձան, իրենց զաւակները զոհելով եւ աղքատները կեղեքելով։ Ասիկա մեզի համար ինչ մե՜ծ դաս է, որ ջանանք միշտ սուրբ ըլլալ՝ ընդօրինակելով Ամենասուրբը, որուն անունը կը կրենք։

«ԱՀԱ ԵՍ ՆՈՐ ԲԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ»

8. Եսային Եհովայէն ի՞նչ յանձնարարութիւն ստացաւ, եւ ինչպէ՞ս հակազդեց։

8 Եհովան նախագուշակած էր գերութենէն ազատագրուելու հրաշալի արարք մը, որուն ականատես պիտի ըլլար իսրայէլ ազգը (Եսա. 43։19)։ Եսայի գիրքին առաջին վեց գլուխները ազդարարութիւն են այն ստոյգ աղէտին մասին, որ Երուսաղէմի ու անոր շրջակայ քաղաքներուն վրայ պիտի գար։ Եհովան՝ կատարելապէս սրտերը քննողը, Եսայիին ըսաւ որ շարունակէ այս ազդարարութիւնը յայտարարել, հակառակ որ բացասական հակազդեցութիւն պիտի դիմագրաւէր։ Եսային տրտմեցաւ եւ ուզեց գիտնալ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ո՛րքան ժամանակ անզեղջ պիտի մնար։ Աստուծոյ պատասխանը ի՞նչ էր։ «Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ» (կարդա՛ Եսայի 6։8-11)։

9. ա) Երուսաղէմի մասին Եսայիի մարգարէութիւնը ե՞րբ կատարուեցաւ։ բ) Ներկայիս մեզմէ արթուն ըլլալ պահանջող ի՞նչ կացութիւն առկայ է։

9 Եսային այս յանձնարարութիւնը ստացաւ Ոզիա թագաւորին իշխանութեան վերջին տարին, շուրջ Ք.Ա. 778–ին։ Ան իր մարգարէական ծառայութիւնը շարունակեց 46 տարի կամ աւելի, մինչեւ Ք.Ա. 732–էն ետք, երբ Եզեկիա թագաւորը կ’իշխէր։ Ասիկա Ք.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն 125 տարի առաջ էր։ Ուստի, Աստուծոյ ժողովուրդին վաղուց ազդարարութիւն տրուած էր թէ իրենց ի՛նչ պիտի պատահէր։ Այսօր ալ Եհովան իր ծառաներուն միջոցաւ տեղեկացուցած է թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի։ 135 տարիէ ի վեր Դիտարան պարբերաթերթը, իր առաջին թիւէն իսկ, ընթերցողները յորդորած է որ գիտակցին այն իրողութեան, թէ Սատանայի ամբարիշտ իշխանութիւնը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ պիտի փոխարինուի Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեամբ (Յայտ. 20։1-3, 6)։

10, 11. Բաբելոնի մէջ եղող իսրայէլացիները Եսայիի ո՞ր մարգարէութեան կատարման ականատես եղան։

10 Շատ մը հնազանդ հրեաներ, որոնք բաբելոնացիներուն յանձնուեցան, Երուսաղէմի կործանումէն վերապրեցան եւ դէպի Բաբելոն գերի տարուեցան (Եր. 27։11, 12)։ Հոն, 70 տարի ետք, Աստուծոյ ժողովուրդը հոյակապ մարգարէութեան մը կատարման ականատես եղաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը, Ձեր Փրկարարը, Իսրայէլի Սուրբը. ‘Ձեր սիրոյն համար՝ թշնամին Բաբելոն կը ղրկեմ եւ զանոնք բոլորն ալ իբր փախստական կ’իջեցնեմ [«բանտի նիգերը կը հանեմ», ՆԱ]’» (Եսա. 43։14, ԱԾ)։

11 Այդ մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, Ք.Ա. 539–ի հոկտեմբերին սկիզբը, աշխարհը ցնցող դէպք մը պատահեցաւ։ Գիշերը, մինչ Բաբելոնի թագաւորը եւ իր ազնուականները Երուսաղէմի տաճարէն բերուած սուրբ անօթներով գինի կը խմէին եւ մարդակերտ չաստուածները կը փառաբանէին, Մարաստանի ու Պարսկաստանի զօրքերը Բաբելոնը նուաճեցին։ Ք.Ա. 538–ին կամ 537–ին, Կիւրոս հրեաներուն պատուիրեց հայրենիք վերադառնալ եւ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ տաճարը վերաշինել։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց այս բոլորը, ներառեալ՝ Եհովայի խոստումը թէ Իր զղջացող ժողովուրդը պիտի պաշտպանէր, մինչ Երուսաղէմ կը վերադառնային։ Աստուած անոնց առնչութեամբ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն» (Եսա. 43։21. 44։26-28)։ Անգամ մը որ այս աքսորեալները վերադարձան եւ տաճարը վերաշինեցին, անոնք վկաներ դարձան այն իրողութեան, որ Եհովան՝ միակ ճշմարիտ Աստուածը, մի՛շտ իր խօսքը կը կատարէ։

12, 13. ա) Եհովայի պաշտամունքի վերահաստատման մէջ, որո՞նք իսրայէլացիներուն հետ պարփակուած էին։ բ) «Ուրիշ ոչխարներ»էն ի՞նչ կ’ակնկալուի՝ մինչ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին թիկունք կը կանգնին, եւ անոնք ի՞նչ յոյս ունին։

12 Վերադարձող իսրայէլացիներուն հետ հազարաւոր օտարներ սկսան Եհովան պաշտել, եւ յետագային շատ մը հեթանոսներ նորահաւատներ դարձան (Եզր. 2։58, 64, 65. Եսթ. 8։17)։ Ներկայիս, Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն մը» հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը կը կազմեն (Յայտ. 7։9, 10. Յովհ. 10։16. Գաղ. 6։16)։ Եւ մեծ բազմութիւնն ալ կը կրէ այդ աստուածատուր անունը՝ Եհովայի վկաներ։

13 Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, մեծ բազմութիւնը աներեւակայելի ուրախութիւն պիտի վայելէ՝ յարուցեալներուն բացատրելով թէ ի՛նչ ըսել էր Եհովայի վկայ ըլլալ այս դրութեան վերջին օրերուն։ Բայց մենք ասիկա պիտի կարենանք ընել, միայն եթէ հիմա մեր անուան հետ ներդաշնակ գործենք եւ ջանանք սուրբ մնալ։ Նաեւ, որքա՛ն ալ ջանք թափենք որ սխալ չընենք, պէտք է ամէն օր ներում խնդրենք անսրբութեան որեւէ արարքի համար, գիտակցելով թէ մեղաւորներ ենք եւ թէ Աստուծոյ սուրբ անունը կրելը շատ մեծ պատիւ է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 1։8, 9)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

14. Եհովա անունը ի՞նչ կը նշանակէ։

14 Աստուծոյ անունը կրելու պատիւը ա՛լ աւելի գնահատելու համար, լաւ է որ անոր նշանակութեան մասին խոկանք։ «Եհովա» անունը ծագում կ’առնէ եբրայերէն բայէ մը, որ արարք կը նկարագրէ եւ կրնայ թարգմանուիլ՝ «ըլլալ»։ Ուստի, կրնանք ըսել թէ Եհովա անուան իմաստն է՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Այս սահմանումը շատ կը յարմարի Եհովայի դերին, թէ՛ որպէս տիեզերքի ու մտացի արարածներուն Ստեղծիչը եւ թէ որպէս իր նպատակը Իրագործող։ Մինչ դէպքերը կը զարգանան, ան կը շարունակէ պատճառել որ իր կամքն ու նպատակը իրագործուին, ի՛նչ որ ալ ընէ ոեւէ հակառակորդ՝ ինչպէս Սատանան, Իր կամքին աստիճանական կատարման արգելք հանդիսանալու համար։

15. Եհովան ի՞նչ կերպով իր անձնաւորութեան մէկ երեսակը յայտնեց (տե՛ս «Իմաստալից անուն մը» շրջանակը)։

15 Երբ Եհովան Մովսէսին յանձնարարեց որ Իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս հանէ, Իր անձնաւորութեան մէկ երեսակը յայտնեց, գործածելով առաջին դէմքով յարակից բայ մը՝ իր անունը նկարագրելու համար։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կը նշէ. «Աստուած ըսաւ Մովսէսին. ‘Ես եմ Որ Էն [«‘Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ’», ՆԱ]’։ Եւ ըսաւ. ‘Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. «Զիս Որ Էն [«‘Ես պիտի ըլլամ’–ը», ՆԱ] ղրկեց ձեզի»’» (Ել. 3։14)։ Արդ, որեւէ պարագայի, Եհովան պիտի ըլլայ այն ինչ որ պէտք է, իր նպատակը իրագործելու համար։ Ատեն–մը–ստրկացած իսրայէլացիներուն համար, ան եղաւ՝ Ազատարար, Պաշտպան, Առաջնորդ եւ Մատակարար, որ իրենց նիւթական ու հոգեւոր բոլոր կարիքները հոգաց։

ՄԵՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ

16, 17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ մեր երախտապարտութիւնը Աստուծոյ անունը կրելու առանձնաշնորհումին համար։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

16 Այսօր, Եհովան կը շարունակէ իր անուան համաձայն գործել, մեր հոգեւոր ու նիւթական բոլոր կարիքները գոհացնելով։ Բայց Աստուծոյ անուան նշանակութիւնը սահմանափակուած չէ թէ ի՛նք կ’ըլլայ ինչ որ կը կամենայ ըլլալ, հապա կը պարփակէ ի՛նչ որ կը պատճառէ տեղի ունենալ իր Վկաներուն գործին առնչութեամբ՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ասոր վրայ խոկալը պիտի մղէ մեզ որ շարունակենք իր անուան համաձայն ապրիլ։ 84 տարեկան Քորէ, որ Նորվեկիոյ մէջ 70 տարիէ ի վեր նախանձախնդիր Վկայ մըն է, կ’ըսէ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է Եհովային՝ յաւիտենականութեան Թագաւորին ծառայել եւ իր սուրբ անունով կոչուած ժողովուրդին մէկ անդամը ըլլալ։ Միշտ մեծ առանձնաշնորհում է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բացատրել եւ տեսնել մարդոց ուրախութիւնը երբ կ’ըմբռնեն զայն։ Օրինակ, խոր գոհունակութիւն կը զգամ, երբ անոնց կը սորվեցնեմ Քրիստոսի փրկանքի զոհին կարգադրութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս անոր միջոցաւ կրնան յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել՝ խաղաղ եւ արդար նոր աշխարհի մը մէջ»։

17 Ճիշդ է որ կարգ մը թաղամասերու մէջ, հետզհետէ ա՛լ աւելի դժուար կը դառնայ գտնել մարդիկ, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ մասին սորվիլ։ Այսուհանդերձ, Քորէի նման, չե՞ս հրճուիր երբ մտիկ ընող ականջ կը գտնես եւ Եհովայի անուան մասին անոր կը սորվեցնես։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք միեւնոյն ատեն վկաներ ըլլալ թէ՛ Եհովայի եւ թէ Յիսուսի։ Այս հարցումը պիտի քննարկուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

Իմաստալից անուն մը

Ի՛նչ կը նշանակէ

  • «Ան կը պատճառէ ըլլալ»

Ինչո՛ւ յարմար է

  • Եհովան ամէն բան ստեղծեց

  • Ան կը շարունակէ պատճառել որ իր կամքն ու նպատակը իրագործուին

Ի՛նչ կը յայտնէ

  • Ան պիտի ըլլայ ինչ որ հարկ է՝ իր խոստումները կատարելու համար

  • Ան պատճառ կը դառնայ որ իր ստեղծագործութիւնը ընէ ինչ որ հարկ է՝ Իր կամքը կատարելու համար

  • Իր նպատակը իրագործելու համար, բան մը չկայ որ չի կրնար ընել կամ պատճառել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել