Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 10/1 էջ 18-23
  • ‘Եհովա, ողորմած ու բարերար Աստուած’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Եհովա, ողորմած ու բարերար Աստուած’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ըմբոստ Որդի մը Տունը կը Ձգէ
  • Հեռու Երկրի մը Մէջ Յուսահատութիւն
  • Անառակ Որդին Ինքզինքին կու Գայ
  • Սիրտ Տոգորող Ընդունելութիւն մը
  • Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Կորսուած որդիի մը պատմութիւնը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Ի՞նչպէս կրնաք «անառակ» որդիի մը օգնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Անառակ որդին կը վերադառնայ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 10/1 էջ 18-23

‘Եհովա, ողորմած ու բարերար Աստուած’

«Տէ՛ր [«Եհովա», ՆԱ] Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։—ԵԼԻՑ 34։6

1. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ մխիթարութիւն կու տայ անոնց, որոնց սիրելիները հեռացած են մաքուր պաշտամունքէն։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ մոլորած անհատները։

«ԱՂՋԻԿՍ ըսաւ որ այլեւս չ’ուզեր քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմել», կ’ըսէ Քրիստոնեայ հայր մը։ «Անկէ ետք օրերով, շաբաթներով, նոյնիսկ ամիսներով մարմնիս մէջ կրծող ցաւ մը զգացի։ Մահուընէ գէշ էր»։ Արդարեւ, սիրելիի մը մաքուր պաշտամունքի ճամբէն հեռանալը մեծ վիշտ կը պատճառէ։ Այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցա՞ծ էք։ Եթէ այո, ուրեմն պիտի մխիթարուիք, գիտնալով որ Եհովա կը կարեկցի ձեզի։ (Ելից 3։7. Եսայեայ 63։9) Բայց ինք ի՞նչպէս կը նկատէ մոլորած անհատները։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Եհովա ողորմածօրէն զանոնք կը հրաւիրէ որ իր հաճութեան վերադառնան։ Ան Մաղաքիայի օրուան ըմբոստ Հրեաներուն աղերսեց՝ «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ»։—Մաղաքեայ 3։7

2. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ ողորմութիւնը Եհովայի անձնաւորութիւնը բնորոշող մէկ երեսակն է։

2 Սինա լերան վրայ Աստուծոյ ողորմութիւնը Մովսէսի ուշադրութեան յանձնուեցաւ։ Հոն Եհովա ինքզինք յայտնեց որպէս «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ելից 34։6) Այս յայտարարութիւնը կը շեշտէ թէ ողորմութիւնը Եհովայի անձնաւորութիւնը բնորոշող մէկ երեսակն է։ Ան կը փափաքի «որ ամէնքը ապաշխարեն», գրեց Քրիստոնեայ Պետրոս առաքեալ։ (Բ. Պետրոս 3։9) Անշուշտ Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման չէ։ Մովսէսի ըսուեցաւ որ Ան «յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Ելից 34։7. Բ. Պետրոս 2։9) Այսուհանդերձ, «Աստուած սէր է» եւ ողորմութիւնը այդ յատկութեան գլխաւոր երեսակներէն մէկն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8. Յակոբու 3։17) Եհովա «իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր» եւ «ողորմութիւնը կը սիրէ»։—Միքիայ 7։18, 19

3. Ողորմութեան նկատմամբ Յիսուսի տեսակէտը ի՞նչպէս դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն տեսակէտին հակառակն էր։

3 Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց իր երկնաւոր Հայրը։ (Յովհաննու 5։19) Յանցագործներուն հանդէպ իր ողորմած վերաբերմունքով, անոնց մեղքերը չէր չքմեղացներ, այլ՝ ֆիզիքապէս հիւանդներուն հանդէպ իր ունեցած նոյն խանդաղատանքը կ’արտայայտէր։ (Բաղդատել՝ Մարկոս 1։40, 41։) Այո, Յիսուս Աստուծոյ «օրէնքին ծանր ծանր բաներ»ուն շարքին դասեց ողորմութիւնը։ (Մատթէոս 23։23) Ասոր հակառակը, նկատի առէք դպիրներն ու Փարիսեցիները, որոնց արդարութեան բառացի հասկացողութիւնը ամբողջովին վանած էր ողորմութիւնը։ Անոնք երբ տեսան որ Յիսուս մեղաւորներուն հետ ընկերային կը վարուէր՝ գանգատեցան, ըսելով. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ»։ (Ղուկաս 15։1, 2) Յիսուս զինք մեղադրողներուն պատասխանեց երեք օրինակներով, որոնցմէ ամէն մէկը Աստուծոյ ողորմութիւնը կը շեշտէ։

4. Յիսուս ի՞նչ երկու օրինակներ կու տայ, եւ իւրաքանչիւրին մէջ շեշտուած կէտը ի՞նչ է։

4 Նախ՝ Յիսուս խօսեցաւ մարդու մը մասին որ իր 99 ոչխարները թողուց եւ մէկ կորսուածին ետեւէն գնաց։ Ի՞նչ կէտ ուզեց շեշտել։ «Աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։ Ապա Յիսուս խօսեցաւ կնոջ մը մասին որ իր կորսուած դրամը կը փնտռէր եւ երբ գտաւ զայն՝ ուրախացաւ։ Ի՞նչ կիրարկում ըրաւ։ «Ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Յիսուս իր երրորդ օրինակը առակի ձեւով պատմեց։a Շատեր զայն կը նկատեն ցարդ պատմուած ամենագեղեցիկ պատմուածքը։ Այս առակը քննարկելը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը գնահատենք ու զայն ընդօրինակենք։—Ղուկաս 15։3-10

Ըմբոստ Որդի մը Տունը կը Ձգէ

5, 6. Յիսուսի երրորդ օրինակին պզտիկ տղան ի՞նչպէս գնահատութեան մեծ պակաս ցոյց տուաւ։

5 «Մարդ մը երկու որդի ունէր. անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը։ Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց»։—Ղուկաս 15։11-13b

6 Պզտիկ տղան գնահատութեան մեծ պակաս ցոյց կու տայ։ Նախ՝ ան իրեն ինկած ժառանգութիւնը կը պահանջէ, ապա զայն կը վատնէ «անառակութեամբ ապրելով»։ ‘Անառակ կեանք’ արտայայտութիւնը թարգմանուած է Յունարէն բառէ մը որ կը նշանակէ «սանձարձակ կենցաղ»։ Ուսումնական մը կ’ըսէ որ այս բառը «բարոյական ծայր աստիճան լքում կ’արտայայտէ»։ Ուստի, վաւերական պատճառով Յիսուսի առակին մէջի պզտիկ տղան կոչուած է՝ անառակ, բառ մը որ կը նկարագրէ անհատ մը, որ անխոհեմօրէն անհեթեթ ու շռայլ է։

7. Այսօր որո՞նք անառակ որդիին կը նմանին, եւ անոնցմէ շատեր ինչո՞ւ ‘հեռու երկրի մը’ մէջ անկախութիւն կը փնտռեն։

7 Ներկայիս կա՞ն անհատներ որոնք անառակ որդիին կը նմանին։ Այո՛։ Դժբախտաբար, յարաբերաբար քիչ թիւով անհատներ ձգած են մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի՝ ապահով ‘տունը’։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Անոնցմէ ոմանք կը խորհին որ Աստուծոյ տան միջավայրը շատ կաշկանդիչ է, թէ Եհովայի հսկող աչքերը պահպանութիւն ըլլալէն աւելի արգելք մըն են։ (Բաղդատել՝ Սաղմոս 32։8։) Նկատի առնենք Քրիստոնեայ կնոջ մը պարագան, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներով մեծցած էր, սակայն հետագային խմիչքի ու թմրեցուցիչի անձնատուր եղաւ։ Իր կեանքին այդ խաւար օրերուն վրայ ակնարկ մը նետելով, ան կ’ըսէ. «Ուզեցի փաստել որ աւելի լաւ կեանք մը կրնամ ունենալ։ Ուզեցի ընել այն ի՛նչ որ կը փափաքէի, եւ չէի ուզեր որ ոեւէ մէկը այս ուղղութեամբ տարբեր բան մը ըսէր»։ Անառակ որդիին նման այս կինը անկախութիւն տենչաց։ Դժբախտաբար, իր հակա–սուրբ գրային սովորութիւններուն պատճառաւ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցաւ։—Ա. Կորնթացիս 5։11-13

8. (ա) Աստուծոյ չափանիշներուն հակառակ ապրիլ ուզող անհատներուն ի՞նչ օգնութիւն կարելի է տալ։ (բ) Պաշտամունքի ընտրութեան հարցը ինչո՞ւ լրջօրէն նկատի պէտք է առնուի։

8 Իրապէս սրտաճմլիկ բան մըն է երբ հաւատակից մը փափաքի Աստուծոյ չափանիշներուն հակառակ եղող կեանք մը վարել։ (Փիլիպպեցիս 3։18) Երբ ասիկա պատահի, երէցներ եւ հոգեւոր որակում ունեցող ուրիշներ կը ջանան մոլորեալը ճամբու բերել։ (Գաղատացիս 6։1) Այսուհանդերձ, Քրիստոնեայ աշակերտ մը ըլլալը պարտադիր բան մը չէ։ (Մատթէոս 11։28-30. 16։24) Երբ չափահաս ըլլան, նոյնիսկ պատանիներ պաշտամունքի հարցին մէջ անձնական որոշումի մը պէտք է յանգին։ Վերջապէս, ամէն մէկ անհատ բարոյական ազատ գործակալ մըն է, որ իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ։ (Հռովմայեցիս 14։12) Անշուշտ, ‘ինչ որ կը սերմանենք, նոյնը պիտի հնձենք’. դաս մը որ Յիսուսի առակին անառակ որդին շուտով պիտի սորվէր։—Գաղատացիս 6։7, 8

Հեռու Երկրի մը Մէջ Յուսահատութիւն

9, 10. (ա) Անառակ որդիին պարագաները ի՞նչպէս փոխուեցան, եւ ան ի՞նչպէս հակազդեց։ (բ) Բացատրեցէք թէ ներկայիս ճշմարիտ պաշտամունքը լքող անհատներէն ոմանք ի՛նչպէս անառակ որդիին վատ կացութեան փորձառութիւնը կ’ունենան։

9 «Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր»։—Ղուկաս 15։14-16

10 Թէեւ չքաւոր վիճակի մէջ ինկած էր, բայց անառակ որդին տակաւին տուն վերադառնալու մասին չէր մտածեր։ Փոխարէն, քաղաքացի մը գտաւ, որ իրեն գործ մը տուաւ՝ խոզեր արածել։ Քանի որ Մովսիսական Օրէնքը խոզը անմաքուր անասուններուն շարքին կը դասէր, այսպիսի գործ մը Հրեայի մը համար անընդունելի պիտի ըլլար։ (Ղեւտացւոց 11։7, 8) Բայց անառակ որդին եթէ նոյնիսկ խղճի խայթ ունենար, ան պիտի լռեցնէր զայն։ Իսկապէս չէր կրնար ակնկալել որ իր գործատէրը, տեղացի մը, կարեւորութիւն տար չքաւոր օտարականի մը զգացումներուն։ Անառակ որդիին վատ կացութիւնը կը նմանի ներկայիս մաքուր պաշտամունքի ուղիղ ճամբան լքող շատ մը անհատներու ունեցած փորձառութեան։ Անոնք յաճախ այնպիսի բաներ կ’ընեն, զորս նախապէս նուաստացուցիչ կը նկատէին։ Օրինակ, երիտասարդ մը 17 տարեկանին ըմբոստացաւ որպէս Քրիստոնեայ իր մեծցած կերպին դէմ։ Ան կ’ընդունի. «Անբարոյութիւնը եւ թմրեցուցիչի մոլութիւնը տարիներէ ի վեր տրուած սուրբ գրային դաստիարակութիւնը ջնջեցին»։ Շատ չանցած այս երիտասարդը զինեալ գողութեան ու մարդասպանութեան համար ինքզինք բանտը գտաւ։ Թէեւ հետագային հոգեւորապէս վերակազդուրուեցաւ, բայց «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»ու համար ի՜նչ մեծ գին մը վճարեց։—Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 11։24-26։

11. Անառակ որդիին անել կացութիւնը ի՞նչպէս վատթարացաւ, եւ ներկայիս ոմանք ի՞նչպէս աշխարհի հրապոյրները «փուճ խաբէութիւն» կը գտնեն։

11 Անառակ որդիին անել կացութիւնը վատթարացնողը այդ էր որ «մէ՛կը [«որեւէ բան», ՆԱ] չէր տար անոր»։ Ո՞ւր էին իր նոր գտած ընկերները։ Իր գրպանը չորնալով, անոնց համար «ատելի» եղած էր։ (Առակաց 14։20) Նոյն կերպով, այսօր ալ հաւատքէն մոլորողներէն շատեր կը տեսնեն որ այս աշխարհի հրապոյրները եւ տեսակէտները «փուճ խաբէութիւն» են։ (Կողոսացիս 2։8) Աստուծոյ կազմակերպութիւնը որոշ ատեն ձգած երիտասարդուհի մը կ’ըսէ. «Առանց Եհովայի առաջնորդութեան շատ վիշտ ու սրտացաւ ունեցայ։ Փորձեցի աշխարհին յարմարիլ, բայց քանի որ իրապէս իրենց նման չէի, զիս կը մերժէին։ Կորսուած երախայի մը նման էի, որ առաջնորդութեան համար հօր մը կարիքը ունէր։ Այն ատեն անդրադարձայ որ Եհովայի պէտք ունէի։ Անգամ մը եւս իրմէ անկախ ապրիլ չուզեցի»։ Յիսուսի առակին անառակ որդին նոյն եզրակացութեան եկաւ։

Անառակ Որդին Ինքզինքին կու Գայ

12, 13. Ներկայիս, ի՞նչ ազդակներ օգնած են ոմանց որ իրենք իրենց գան։ (Տես շրջագիծը։)

12 «Այն ատեն ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. ‘Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ»’։ Ու ելաւ իր հօրը գնաց»։—Ղուկաս 15։17-20

13 Անառակ որդին ‘ինքզինքին եկաւ’։ Ժամանակ մը, անառակ որդին հաճոյքի մէջ թաղուած էր, որպէս թէ երեւակայական աշխարհի մը մէջ ըլլար։ Բայց հիմա իր հոգեւոր իսկական վիճակին իրապէս անդրադարձաւ։ Այո, թէեւ ինկած էր, բայց պարագան անյոյս չէր։ Իր մէջ բարի բան մը կարելի էր գտնել։ (Առակաց 24։16. բաղդատել՝ Բ. Մնացորդաց 19։2, 3։) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին որոնք ներկայիս Աստուծոյ հօտը կը ձգեն։ Տրամաբանակա՞ն է եզրակացնել որ անոնցմէ յոյս չկայ, եւ թէ իրենց ըմբոստ ընթացքը կ’ապացուցանէ որ անոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիին դէմ մեղանչած են։ (Մատթէոս 12։31, 32) Պայման չէ։ Անոնցմէ ոմանք իրենց մոլորած ընթացքին համար կը տանջուին եւ ժամանակի ընթացքին անոնցմէ շատեր իրենք իրենց կու գան։ Աստուծոյ կազմակերպութենէն հեռու եղած ժամանակին մասին խորհելով, քոյր մը կ’ըսէ. «Ես բնա՛ւ չմոռցայ Եհովան, ո՛չ իսկ օր մը։ . . . Միշտ կ’աղօթէի որ կերպով մը, օր մը ետ ճշմարտութեան մէջ ընդունէր զիս»։—Սաղմոս 119։176

14. Անառակ որդին ի՞նչ որոշումի յանգեցաւ, եւ ասիկա ընելով ի՞նչպէս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։

14 Սակայն անոնք որոնք մոլորած են, ի՞նչ կրնան ընել։ Յիսուսի առակին մէջ անառակ որդին որոշեց տուն վերադառնալ եւ իր հօրմէն ներողութիւն խնդրել։ Ան որոշեց իր հօրը ըսել՝ «զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ»։ Վարձկան մը օրականով վարձուած գործաւոր մըն էր որ նոյն օրն իսկ կարելի էր ետ ուղարկել։ Ասիկա ծառայէ մը աւելի ստորին դրութիւն մըն էր, քանի որ ծառան կերպով մը ընտանիքի անդամ մը կը նկատուէր։ Ուստի, անառակ որդին չէր մտածեր իսկ որպէս որդի իր նախկին դիրքը խնդրել։ Ան ամենաստորին դիրքը ընդունելու պատրաստ էր, որպէսզի հօրը հանդէպ իր հաւատարմութիւնը վերապացուցանէր օրը օրին։ Բայց անառակ որդիին անակնկալ մը կը սպասէր։

Սիրտ Տոգորող Ընդունելութիւն մը

15-17. (ա) Հայրը որդին տեսնելով ի՞նչպէս վարուեցաւ։ (բ) Իր որդիին տուած պատմուճանը, մատանին եւ կօշիկները ի՞նչ կը նշանակէին։ (գ) Հօրը խնճոյք մը սարքել տալը ի՞նչ բանի նշան էր։

15 «Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա։ Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’։ Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. ‘Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը։ Եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’։ Սկսան ուրախութիւն ընել»։—Ղուկաս 15։20-24

16 Ոեւէ սիրալիր ծնող կարօտով կը սպասէ իր զաւկին հոգեւոր վերակազդուրումը։ Ուստի, կրնանք երեւակայել անառակ որդիին հայրը, որ ամէն օր աչքերը սեւեռած իր տան առջեւ գտնուող ճամբուն, բուռն ցանկութեամբ կը յուսար իր որդւոյն վերադարձը։ Ահաւասիկ իր աչքին կը զարնէ որ իր որդին տան ճամբան բռնած կու գայ։ Տղուն երեւոյթը անկասկած փոխուած է։ Այսուհանդերձ, «մինչդեռ ինք շատ հեռու» է, հայրը կը ճանչնայ զինք։ Ան ցնցոտիներէն եւ ընկճուած հոգիէն անդին կը տեսնէ. ան կը տեսնէ իր որդին եւ զինք դիմաւորելու կը վազէ։

17 Երբ հայրը իր որդւոյն կը հասնի, անոր վիզին կ’իյնայ եւ խանդաղատանքով զինք կը համբուրէ։ Ապա իր ծառաներուն կը պատուիրէ որ իր որդւոյն պատմուճան, մատանի եւ կօշիկներ տան։ Այս պատմուճանը պարզ հագուելիք մը չէր, այլ՝ «առաջին», թերեւս պճնագեղ հանդերձ մը, որ պատուական հիւրի մը կը հրամցուէր։ Քանի որ սովորաբար ծառաները մատանի եւ կօշիկներ չունէին, հայրը յստակօրէն կ’ուզէ գիտցնել որ իր որդին բարի եկած էր որպէս լիազօրութիւն ունեցող ընտանիքի անդամ մը։ Բայց հայրը տակաւին ասկէ աւելին կ’ընէ։ Ան իր որդւոյն վերադարձը տօնելու համար խնճոյք մը սարքել կը հրամայէ։ Շատ որոշ է որ այս մարդը դժկամութեամբ չներեց, ո՛չ ալ ստիպուած եղաւ ներելու, պարզապէս քանի որ որդին վերադարձած էր, այլ, ինք ուզեց ներողամիտ ըլլալ։ Անիկա զինք ուրախացուց։

18, 19. (ա) Անառակ որդիին առակը ձեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։ (բ) Ինչպէս ցոյց տրուած է Յուդայի ու Երուսաղէմի պարագային, Եհովա ի՞նչպէս ‘կը սպասէ’ որ մեղաւորները վերադառնան։

18 Մինչեւ հոս, անառակ որդիին առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ այն Աստուծոյն մասին, որու պաշտելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Նախ՝ որ Եհովա «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է]՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ելից 34։6) Արդարեւ, ողորմութիւնը Աստուծոյ ակնբախ յատկութիւններէն մէկն է։ Ասիկա կարօտեալներուն հանդէպ իր բնական վերաբերմունքն է։ Տակաւին, Յիսուսի առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Եհովա «ներելու պատրաստ» է։ (Սաղմոս 86։5, ՆԱ) Կարծես թէ ան ուշադրութեամբ կը հետեւի, մեղաւոր մարդոց սրտին մէջ փոփոխութիւն մը տեսնելու համար, որպէսզի անոնց հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալու հիմ մը ունենայ։—Բ. Մնացորդաց 12։12. 16։9

19 Խորհեցէք, զոր օրինակ, Իսրայէլի հետ Աստուծոյ վերաբերմունքին մասին։ Եսայի մարգարէն Եհովայի կողմէ ներշնչուելով Յուդան եւ Երուսաղէմը նկարագրեց որպէս «ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը»՝ հիւանդ։ Բայց նաեւ ըսաւ. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի»։ (Եսայեայ 1։5, 6. 30։18. 55։7. Եզեկիէլ 33։11) Յիսուսի առակին հօրը նման, Եհովա կարծես անոնց ‘ճամբան կը սպասէ’։ Ան անկեղծօրէն կ’ակնկալէ որ իր տունը ձգողները վերադառնան։ Սիրալիր հօրմէ մը ասիկա չե՞նք ակնկալեր։—Սաղմոս 103։13

20, 21. (ա) Շատեր ներկայիս ի՞նչ կերպով Աստուծոյ ողորմութենէն ազդուած են։ (բ) Յաջորդ յօդուածով ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։

20 Ամէն տարի, Եհովայի ողորմութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ շատեր իրենք իրենց գան եւ մաքուր պաշտամունքին վերադառնան։ Ասիկա ի՜նչ ուրախութիւն կը բերէ իրենց սիրելիներուն։ Առէք, զոր օրինակ, սկիզբը մեր յիշած Քրիստոնեայ հօր պարագան։ Բարեբախտաբար, իր աղջիկը հոգեւորապէս կազդուրուեցաւ եւ հիմա կը ծառայէ որպէս լիաժամ քարոզիչ մը։ Հայրը կ’ըսէ. «Ես ա՛յնքան ուրախ եմ, որքան որ անհատ մը կրնայ ըլլալ իրերու այս հին դրութեան մէջ։ . . . Իմ վշտի արցունքներս հիմա ուրախութեան արցունքներու վերածուած են»։ Վստահաբար, Եհովա ալ կ’ուրախանայ։—Առակաց 27։11

21 Բայց անառակ որդիի առակը տակաւին աւելին կը սորվեցնէ։ Յիսուս իր պատմութիւնը շարունակեց, որպէսզի Եհովայի ողորմութիւնը հակադրէ դպիրներու ու Փարիսեցիներու մէջ տիրական եղող անթեք ու դատապարտող կեցուածքին հետ։ Ասիկա ի՞նչպէս ըրաւ եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար. յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի խօսինք ասոնց մասին։

[Ստորանիշներ]

a Աստուածաշունչին մէջ պատմուած առակները եւ միւս օրինակները անպայմանօրէն իրապէս տեղի ունեցած չեն։ Ասկէ զատ, քանի որ այս պատմութիւններուն նպատակն է բարոյական դաս մը տալ, հարկ չկայ ամէն մանրամասնութեան մէջ այլաբանական իմաստ մը փնտռել։

b Այս առակին մարգարէական բացատրութիւնը տրուած է Դիտարան 15 Փետրուար 1989 (Անգլերէն), էջ 16-17–ի մէջ։

Վերաքաղ

◻ Ողորմութեան հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը ի՞նչպէս տարբեր էր Փարիսեցիներուն կեցուածքէն։

◻ Ներկայիս որո՞նք անառակ որդիին կը նմանին եւ ի՛նչպէս։

◻ Ի՞նչ պարագաներ պատճառ եղան որ անառակ որդին ինքզինքին գայ։

◻ Հայրը ի՞նչպէս ողորմութիւն ցոյց տուաւ իր զղջացած որդւոյն հանդէպ։

[Շրջանակ՝ էջ 11]

ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՔ ԻՐԵՆՑ ԵԿԱՆ

Ի՞նչ բան օգնած է կարգ մը անհատներու, որ ժամանակ մը քրիստոնէական ժողովքէն վտարուելէ ետք իրենք իրենց գան։ Հետեւեալ մեկնաբանութիւնները լոյս կը սփռեն այս հարցին վրայ։

«Սրտիս մէջ տակաւին գիտէի թէ ճշմարտութիւնը ո՛ւր կը գտնուէր։ Տարիներ Աստուածաշունչ սերտելը եւ քրիստոնէական ժողովներու երթալը մեծ ազդեցութիւն ձգած էին իմ վրաս։ Ի՞նչպէս կրնայի դեռ Եհովայի կռնակ դարձնել։ Ինք զիս չէր ձգած. ե՛ս էի որ զինք ձգած էի։ Վերջապէս ընդունեցի որ շատ սխալ վարուած ու յամառութիւն ըրած էի եւ թէ Եհովայի Խօսքը միշտ ճիշդ էր՝ ‘ինչ որ կը սերմանես, նոյնը պիտի հնձես’»։—Գ.Վ.

«Աղջիկ երախաս սկսաւ խօսիլ եւ ասիկա ազդեց ինծի, քանի որ կ’ուզէի անոր բաներ սորվեցնել, զոր օրինակ, ո՛վ է Եհովան եւ ի՛նչպէս կրնանք իրեն աղօթել։ Չէի կրնար քնանալ եւ գիշեր մը ուշ ատեն ինքնաշարժս առի, հանրային պարտէզ մը գացի ու լացի։ Լացի, ու Եհովայի աղօթեցի, ինչ որ երկա՜ր ատենէ չէի ըրած։ Միմիայն գիտէի որ կեանքիս մէջ դարձեալ Եհովային պէտք ունէի եւ կը յուսայի որ ինծի ներէր»։—Կ.Հ.

«Երբ կրօնքի նիւթ բացուէր, մարդոց կ’ըսէի որ եթէ ես կրօնք մը ընտրելու ըլլայի, որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր՝ Եհովայի Վկայ մը կ’ըլլայի։ Ապա կ’ըսէի որ ես ալ Վկայ մըն էի, բայց անոր համաձայն չկարենալով ապրիլ՝ հեռացայ։ Ասոր անդրադառնալով, յաճախ յանցաւոր եւ տխուր կը զգայի։ Վերջապէս ընդունեցի. ‘Ես դժբախտ եմ։ Պէտք է հիմնական փոփոխութիւններ ընեմ’»։—Օ.Ն.

«Երեսունըհինգ տարի առաջ ես եւ ամուսինս վտարուեցանք։ Ապա՝ 1991–ին, հաճելի անակնկալ մը ունեցանք. երկու երէցներ մեզ այցելեցին եւ մեզի տեղեկացուցին որ Եհովայի վերադառնալու կարելիութիւնը ունէինք։ Վեց ամիս ետք, վերընդունուելով մեր ուրախութիւնը սահման չունէր։ Ամուսինս 79 տարեկան է եւ ես՝ 63»։—Օ.Ա.

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել