Երբ Յիսուս Թագաւորութեան փառքով գայ
«Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները . . . մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 16։28
1, 2. Հ.Դ. 32–ի Պէնտէկոստէէն անմիջապէս վերջ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ի՛նչ էր այդ դէպքին նպատակը։
ՀԱՍԱՐԱԿ Դարաշրջան 32–ի Պէնտէկոստէէն անմիջապէս ետք, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներէն երեքը յիշատակելի տեսիլք մը ունեցան։ Ներշնչուած արձանագրութեան համաձայն, «Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։ Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ»։—Մատթէոս 17։1, 2
2 Այլակերպութեան տեսիլքը ճակատագրական ժամանակի մը մէջ եղաւ։ Յիսուս սկսած էր իր հետեւորդներուն ըսել թէ ինք Երուսաղէմի մէջ պիտի չարչարուէր ու մեռնէր, սակայն անոնք իր խօսքերուն իմաստը չէին ըմբռնած։ (Մատթէոս 16։21-23) Տեսիլքը Յիսուսի երեք առաքեալներուն հաւատքը զօրացուց, զանոնք պատրաստելով իր մօտալուտ մահուան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ժողովքին սպասող ծանր աշխատանքի ու փորձութեան տարիներուն համար։ Ներկայիս, կրնա՞նք դաս մը սորվիլ այս տեսիլքէն։ Այո՛, քանի որ ինչ որ ան կը նախապատկերացնէր, իրապէս մեր օրերուն տեղի կ’ունենայ։
3, 4. (ա) Այլակերպութենէն վեց օր առաջ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Նկարագրեցէք թէ այլակերպութեան ընթացքին ի՛նչ պատահեցաւ։
3 Այլակերպութենէն վեց օր առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ»։ Այս խօսքերը պիտի կատարուէին «իրերու դրութեան վախճանին»։ Յիսուս շարունակեց ըսել. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ (Մատթէոս 16։27, 28. 24։3, ՆԱ. 25։31-34, 41. Դանիէլ 12։4) Այլակերպութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ խօսքերուն առ ի կատարում։
4 Երեք առաքեալները ճիշդ ի՞նչ տեսան։ Ղուկաս հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ այս դէպքը. «Երբ [Յիսուս] աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։ Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին, փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր»։ Յետոյ «ամպ մը եկաւ ու [առաքեալներուն] վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։ Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք’»։—Ղուկաս 9։29-31, 34, 35
Մեր Հաւատքը կը Զօրանայ
5. Այլակերպութիւնը Պետրոս առաքեալին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։
5 Պետրոս առաքեալ արդէն իսկ բնորոշած էր Յիսուսը որպէս «Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ (Մատթէոս 16։16) Երկնքէն՝ Եհովայի խօսքերը հաստատեցին այդ բնորոշումը ու Յիսուսի այլակերպումի տեսիլքը՝ վերջապէս մարդկութիւնը դատելու համար Թագաւորութեան զօրութեամբ եւ փառքով Քրիստոսի գալուն նախահամն էր։ Այլակերպումէն 30 տարի ետք, Պետրոս գրեց. «Ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ»։—Բ. Պետրոս 1։16-18. Ա. Պետրոս 4։17
6. Այլակերպութենէն ետք դէպքերը ի՞նչպէս իրարու յաջորդեցին։
6 Ներկայիս, մեր հաւատքն ալ կը զօրանայ երեք առաքեալներուն տեսածով։ Անշուշտ, դէպքերը աստիճանաբար առաջ ընթացած են Հ.Դ. 32 թուականէն ասդին։ Յաջորդ տարին, Յիսուս մեռաւ ու յարուցուեցաւ, իր Հօրը աջ կողմը բարձրանալով։ (Գործք 2։29-36) Այդ տարի Պէնտէկոստէին, «Աստուծոյ [նոր] Իսրայէլ»ը յառաջ եկաւ ու քարոզչութեան արշաւ մը սկսաւ Երուսաղէմէն եւ տարածուեցաւ մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Գաղատացիս 6։16. Գործք 1։8) Գրեթէ անմիջապէս ետք, Յիսուսի հետեւորդներուն հաւատքը փորձի տակ դրուեցաւ։ Առաքեալները ձերբակալուեցան ու սաստիկ ծեծուեցան, քանի որ մերժեցին քարոզչութիւնը դադրեցնել։ Շատ չանցած Ստեփանոս սպաննուեցաւ։ Անկէ ետք, այլակերպութեան ականատեսներէն մէկը՝ Յակոբոս՝ սպաննուեցաւ։ (Գործք 5։17-40. Գործք 6։8–7։60. Գործք 12։1, 2) Սակայն, Պետրոս եւ Յովհաննէս վերապրեցան ու հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեցին երկար տարիներ։ Իրականութեան մէջ, Հ. Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս յաւելեալ տեսիլքներ արձանագրեց, որոնք Յիսուսի երկնային փառքին նշոյլներն էին։—Յայտնութիւն 1։12-20. Յայտնութիւն 14։14. Յայտնութիւն 19։11-16
7. (ա) Այլակերպութեան տեսիլքը ե՞րբ սկսաւ կատարուիլ։ (բ) Յիսուս ե՞րբ ոմանց իրենց գործերուն համեմատ հատուցում ըրաւ։
7 1914–ին «Տէրունական օրը» սկսելէն ի վեր, Յովհաննէսի տեսած տեսիլքներէն շատեր կատարուած են։ (Յայտնութիւն 1։10, ՆԱ) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այլակերպութեամբ նախապատկերացուած Յիսուսի ‘Հօրը փառքով գալուն’ մասին։ Այս տեսիլքը 1914–ին Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ծնունդին սկսաւ կատարուիլ։ Երբ Յիսուս, առաւօտեան աստղի մը նման, տիեզերական թատերաբեմին վրայ բարձրացաւ որպէս նոր գահակալուած Թագաւոր, այլաբանօրէն խօսելով՝ ասիկա նոր օրուան մը արշալոյսն էր։ (Բ. Պետրոս 1։19. Յայտնութիւն 11։15. 22։16) Յիսուս այդ ժամանակ ոմանց իրենց գործերուն համեմատ հատուցում ըրա՞ւ։ Այո՛։ Զօրաւոր ապացոյց կայ որ անկէ քիչ ետք, օծեալ Քրիստոնեաներու երկնային յարութիւնը սկսաւ։—Բ. Տիմոթէոս 4։8. Յայտնութիւն 14։13
8. Ո՞ր դէպքերը այլակերպութեան տեսիլքին կատարման յանգումը պիտի նշեն։
8 Շատ շուտով, սակայն, Յիսուս «իր փառքովը [պիտի] գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ», որպէսզի ամբողջ մարդկութիւնը դատէ։ (Մատթէոս 25։31) Այն ժամանակ, իր ամբողջ սքանչելի փառքը պիտի յայտնէ ու «ամէն մէկուն» գործերուն արդար հատուցում պիտի ընէ։ Ոչխարանման անհատները իրենց համար պատրաստուած Թագաւորութեան մէջ յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգեն, իսկ այծանման անհատները «յաւիտենական բնաջնջումի» պիտի երթան։ Այս կերպով, այլակերպութեան տեսիլքը ի՜նչ հոյակապ կերպով կատարուած պիտի ըլլայ։—Մատթէոս 25։34, 41, 46. Մարկոս 8։38. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10
Յիսուսի Փառաւորուած Ընկերակիցները
9. Պէ՞տք է ակնկալենք որ Մովսէս ու Եղիա այլակերպութեան տեսիլքին կատարման մէջ Յիսուսի հետ ըլլան։ Բացատրեցէք։
9 Այլակերպութեան ժամանակ Յիսուս առանձին չէր։ Մովսէս ու Եղիա անոր հետ երեւցան։ (Մատթէոս 17։2, 3) Անոնք բառացիօրէն ներկա՞յ էին։ Ո՛չ, քանի որ երկուքն ալ շատոնց մեռած էին ու հողին մէջ կը ննջէին՝ յարութեան սպասելով։ (Ժողովողի 9։5, 10. Եբրայեցիս 11։35) Անոնք Յիսուսի հետ պիտի յայտնուի՞ն, երբ ան իր երկնային փառքով գայ։ Ո՛չ, քանի որ Մովսէս ու Եղիա ապրեցան երկնային կեանքի յոյսը մարդկութեան առջեւ բացուելէն առաջ։ Անոնք ‘արդարներու [երկրային] յարութեան’ մաս պիտի կազմեն։ (Գործք 24։15) Ուստի, այլակերպութեան տեսիլքին մէջ անոնց երեւոյթը խորհրդանշական է։ Ի՞նչ բանի։
10, 11. Տարբեր պարագաներու մէջ Եղիա ու Մովսէս զո՞վ կը պատկերացնեն։
10 Ուրիշ պարագաներու մէջ, Մովսէս ու Եղիա մարգարէական տիպեր են։ Մովսէս Օրէնքի ուխտին որպէս միջնորդ, Յիսուսի՝ նոր ուխտի Միջնորդին՝ նախաշուքն էր։ (Բ. Օրինաց 18։18. Գաղատացիս 3։19. Եբրայեցիս 8։6) Եղիա կը նախապատկերացնէր Յովհաննէս Մկրտիչը, որ Մեսիայի նախակարապետն էր։ (Մատթէոս 17։11-13) Ասկէ զատ, Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին բովանդակութեան մէջ, Մովսէս ու Եղիա կը նախապատկերացնեն օծեալ մնացորդը՝ վերջին ժամանակին մէջ։ Ի՞նչպէս գիտենք։
11 Լաւ, բանանք Յայտնութիւն 11։1-6–ը։ Երրորդ համարին մէջ կը կարդանք. «Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն»։ Այս մարգարէութիւնը օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին վրայ կատարուեցաւ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին։a Ինչո՞ւ երկու վկաներ։ Քանի որ օծեալ մնացորդը այնպիսի գործեր կը կատարէ, որոնք հոգեւոր առումով, Մովսէսի ու Եղիայի գործերուն կը նմանին։ 5 եւ 6–րդ համարները կը շարունակեն ըսել. «Եւ եթէ մէկը ուզէ [երկու վկաներուն] վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։ Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն»։ Հոս, մեր ուշադրութեան կը յանձնուին Մովսէսի ու Եղիայի կատարած հրաշքները։—Թուոց 16։31-34. Գ. Թագաւորաց 17։1. Դ. Թագաւորաց 1։9-12
12. Այլակերպութեան դէպքին մէջ, Մովսէս ու Եղիա զո՞վ կը պատկերացնեն։
12 Արդ, այլակերպութեան մէջ, Մովսէս ու Եղիա զո՞վ կը պատկերացնեն։ Ղուկաս կ’ըսէ թէ անոնք Յիսուսի հետ «փառքով» երեւցան։ (Ղուկաս 9։31) Յստակօրէն, անոնք կը պատկերացնեն այն Քրիստոնեաները, որոնք սուրբ հոգիով օծուած են որպէս Յիսուսի «ժառանգակիցներ» եւ որոնք, հետեւաբար, իր «փառքին ալ հաղորդ» ըլլալու հոյակապ յոյսը ստացած են։ (Հռովմայեցիս 8։17) Յարուցուած օծեալները Յիսուսի հետ պիտի ըլլան, երբ ան իր Հօրը փառքովը գայ ‘ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում ընելու համար’։—Մատթէոս 16։27
Մովսէսի ու Եղիայի Նման Վկաներ
13. Ի՞նչ երեսակներ ցոյց կու տան թէ Մովսէս ու Եղիա մարգարէական կերպով կը պատկերացնեն Յիսուսի հետ փառաւորուած օծեալ ժառանգակիցները։
13 Կարգ մը ուշագրաւ երեսակներ ցոյց կու տան թէ Մովսէս ու Եղիա մարգարէական կերպով կը պատկերացնեն Յիսուսի օծեալ ժառանգակիցները։ Թէ՛ Մովսէս եւ թէ Եղիա բազմաթիւ տարիներ ծառայեցին որպէս Եհովայի խօսնակները։ Երկուքն ալ կառավարիչի մը բարկութեան հանդիպեցան։ Երբ նեղութեան մէջ էին, երկուքին պարագային ալ օտար ընտանիք մը հոգ տարաւ իրենց։ Երկուքն ալ Թագաւորներու դիմաց խիզախօրէն մարգարէացան ու սուտ մարգարէներու ընդդիմացան։ Մովսէս եւ Եղիա Սինա Լերան (կոչուած է նաեւ՝ Քորեբ) վրայ Եհովայի զօրութեան ցուցադրութիւնները տեսան։ Երկուքն ալ իրենց համար յաջորդներ նշանակեցին Յորդանանի արեւելեան կողմը։ Իսկ թէ՛ Մովսէսի (Յեսուի հետ) եւ թէ Եղիայի (Եղիսէի հետ) ապրած շրջանին է որ տեղի ունեցան ամենաշատ հրաշքները, Յիսուսի ժամանակ կատարուածներէն բացի։b
14. Մովսէսի ու Եղիայի նման, օծեալները ի՞նչ կերպով որպէս Եհովայի խօսնակը ծառայեցին։
14 Այս բոլորը, Աստուծոյ Իսրայէլը չե՞ն յիշեցներ մեզի։ Արդարեւ։ Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս խօսքերուն հնազանդելով, օծեալ Քրիստոնեաները որպէս Եհովայի խօսնակը ծառայած են, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն մինչեւ հիմա։ Մովսէսի ու Եղիայի նման, կառավարիչներու բարկութիւնը դիմագրաւած ու անոնց վկայած են։ Յիսուս իր 12 առաքեալներուն ըսաւ. «Իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար»։ (Մատթ. 10։18) Անոր խօսքերը կրկնակիօրէն կատարուած են քրիստոնէական ժողովքի պատմութեան տեւողութեան։—Գործք 25։6, 11, 12, 24-27. 26։3
15, 16. Երբ Մովսէսն ու Եղիան բաղդատենք Աստուծոյ Իսրայէլին հետ, ի՞նչ յարակցութիւններ կը գտնենք՝ (ա) ճշմարտութիւնը անվախօրէն պաշտպանելու հարցին մէջ, (բ) Իսրայելացի չեղող անհատներէն օգնութիւն ստանալու մէջ։
15 Ասկէ զատ, օծեալ Քրիստոնեաները Մովսէսի ու Եղիայի նման անվախ եղած են կրօնական ստութեանց դէմ՝ ճշմարտութիւնը պաշտպանելով։ Յիշեցէք թէ Պօղոս ինչպէս հրեայ սուտ մարգարէին՝ Բարեյեսուի՝ դէմ կեցաւ, նաեւ փափկանկատութեամբ, բայց հաստատ կերպով քօղազերծեց Աթենացիներուն չաստուածները։ (Գործք 13։6-12. Գործք 17։16, 22-31) Յիշեցէք նաեւ, թէ արդի ժամանակներուն օծեալ մնացորդը համարձակօրէն քօղազերծած է Քրիստոնեայ Աշխարհը, եւ այս վկայութիւնը պատուհաս մը եղած է անոր համար։—Յայտնութիւն 8։7-12c
16 Երբ Մովսէս Փարաւոնի բարկութենէն փախաւ, ան ապաստանեցաւ Իսրայելացի չեղող Ռագուէլի տան մէջ, որ նաեւ Յոթոր կը կոչուէր։ Հետագային, Մովսէս կազմակերպչական արժէքաւոր խրատ ստացաւ Ռագուէլէն, որու որդին՝ Յոբաբ, Իսրայէլի ուղղութիւն ցոյց տուաւ անապատին մէջ։d (Ելից 2։15-22. 18։5-27. Թուոց 10։29) Աստուծոյ Իսրայէլին անդամներն ալ, Աստուծոյ Իսրայէլի օծեալ անդամներ չեղողներէ նման օգնութիւն ստացա՞ծ են։ Այո՛, այս վերջին օրերու ընթացքին աշխարհի թատերաբեմին վրայ երեւցած «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը օգնած է անոնց։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16. Եսայեայ 61։5) Նախագուշակելով այն ջերմ, սիրալիր օժանդակութիւնը որ այս «ոչխարներ»ը պիտի մատուցանէին իր օծեալ եղբայրներուն, Յիսուս մարգարէաբար անոնց ըսաւ. «Անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք։ . . . Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։—Մատթէոս 25։35-40
17. Օծեալները ի՞նչպէս Քորեբ Լերան վրայ Եղիայի հետ պատահած դէպքին նման փորձառութիւն մը ունեցան։
17 Ասկէ զատ, Աստուծոյ Իսրայէլը, Քորեբ Լերան վրայ Եղիայի նման փորձառութիւն մը ունեցաւ։e Յեզաբէլ Թագուհիէն փախչող Եղիայի նման, երկչոտ օծեալ մնացորդը խորհեցաւ թէ իր գործունէութիւնը վերջ գտած էր Ա. Աշխարհամարտի աւարտին։ Դարձեալ, Եղիայի նման, Եհովա զիրենք անակնկալի բերաւ, երբ եկաւ «Աստուծոյ տուն»ը ըլլալ դաւանող կազմակերպութիւնները դատելու։ (Ա. Պետրոս 4։17. Մաղաքեայ 3։1-3) Մինչ Քրիստոնեայ Աշխարհը պակաս գտնուեցաւ, օծեալ մնացորդը բնորոշուեցաւ որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ու Յիսուսի երկրային բոլոր ստացուածքներուն պատասխանատու դրուեցաւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Քորեբի մէջ, Եղիան «մեղմ ու բարակ ձայն մը» լսեց. Եհովայի ձայնն էր, որ անոր յաւելեալ գործ կու տար։ Յետ–պատերազմեան հանդարտ տարիներուն, Եհովայի հաւատարիմ օծեալ ծառաները, Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն իր ձայնը լսեցին եւ իրե՛նք ալ գիտակցեցան որ յանձնարարութիւն մը ունէին կատարելիք։—Գ. Թագաւորաց 19։4, 9-18. Յայտնութիւն 11։7-13
18. Եհովայի զօրութեան ուշագրաւ ցուցադրութիւնները ի՞նչպէս Աստուծոյ Իսրայէլին միջոցաւ մատակարարուած են։
18 Վերջապէս, Եհովայի զօրութեան ցուցադրութիւնները Աստուծոյ Իսրայէլին միջոցաւ մատակարարուա՞ծ են։ Յիսուսի մահէն ետք, առաքեալները բազմաթիւ հրաշքներ կատարեցին, սակայն անոնք աստիճանաբար դադրեցան։ (Ա. Կորնթացիս 13։8-13) Ներկայիս, բառացի առումով հրաշքներ չենք տեսներ։ Միւս կողմէ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’»։ (Յովհաննու 14։12) Ասոր առաջին կատարումը տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուսի աշակերտները առաջին դարուն բարի լուրը քարոզեցին Հռովմէական Կայսրութեան ամբողջ տարածքին։ (Հռովմայեցիս 10։18) Ներկայիս աւելի մեծ գործեր կը կատարուին, մինչ օծեալ մնացորդը բարի լուրի քարոզչութիւնը յառաջ կը տանի «բովանդակ աշխարհի մէջ . . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Քսաներորդ դարը Եհովայի նուիրուած, հաւատարիմ ծառաներու մեծագոյն հաւաքին ականատես եղած է։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 7։9, 10) Եհովայի զօրութեան ի՜նչ սքանչելի ապացոյց մը։—Եսայեայ 60։22
Յիսուսի Եղբայրները Փառքով կու Գան
19. Յիսուսի օծեալ եղբայրները ե՞րբ իր հետ պիտի փառաւորուին։
19 Յիսուսի օծեալ եղբայրներու մնացորդէն անոնք որոնք իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, անոր հետ կը փառաւորուին։ (Հռովմայեցիս 2։6, 7. Ա. Կորնթացիս 15։53. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14, 17) Այսպէս, անոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ անմահ թագաւորներ ու քահանաներ կը դառնան։ Յիսուսի հետ, անոնք պիտի ‘հովուեն ժողովուրդը երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին’։ (Յայտնութիւն 2։27. 20։4-6. Սաղմոս 110։2, 5, 6) Յիսուսի հետ, անոնք աթոռներու վրայ պիտի նստին «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Մատթէոս 19։28) Հառաչող ստեղծագործութիւնը մեծ ակնկալութեամբ սպասած է այս դէպքերուն, որոնք «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» մաս կը կազմեն։—Հռովմայեցիս 8։19-21. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8
20. (ա) Այլակերպութիւնը ի՞նչ բանի նկատմամբ Պետրոսի հաւատքը զօրացուց։ (բ) Ներկայիս, այլակերպութիւնը ի՞նչպէս Քրիստոնեաները կը զօրացնէ։
20 Պօղոս ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին Յիսուսի յայտնութեան մասին խօսեցաւ, երբ գրեց. «Երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ եւ հիանալի ըլլալ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ . . . այն օրը»։ (Մատթէոս 24։21. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։10) Ի՜նչ սքանչելի հեռանկար մը Պետրոսի, Յակոբոսի, Յովհաննէսի եւ հոգիէն–օծուած բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։ Այլակերպութիւնը Պետրոսի հաւատքը զօրացուց։ Վստահաբար, անոր մասին կարդալը մեր հաւատքն ալ կը զօրացնէ ու կ’ամրապնդէ մեր վստահութիւնը թէ Յիսուս շուտով «ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ»։ Ներկայիս ողջ եղող հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներուն վստահութիւնը կը հաստատուի, գիտնալով թէ Յիսուսի հետ պիտի փառաւորուին։ Ուրիշ ոչխարներուն հաւատքն ալ կը զօրանայ, գիտնալով որ ան զիրենք փրկելով այս ամբարիշտ իրերու դրութեան վախճանէն, պիտի հասցնէ փառաւոր նոր աշխարհը։ (Յայտնութիւն 7։14) Մինչեւ վերջ հաստատ կենալու համար ի՜նչ քաջալերութիւն։ Այս տեսիլքը շատ աւելին կրնայ սորվեցնել մեզի, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ «Քու Անունդ Սուրբ Ըլլայ» (Անգլերէն), էջ 313-314, եւ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է (Անգլերէն), էջ 164-165, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
b Ելից 2։15-22. 3։1-6. Ելից 5։2. Ելից 7։8-13. Ելից 8։18. 19։16-19. Բ. Օրինաց 31։23. Գ. Թագաւորաց 17։8-16. 18։21-40. Գ. Թագաւորաց 19։1, 2, 8-18. Դ. Թագաւորաց 2։1-14
d Տես՝ Դուք Կրնաք Արմագեդոնէն Վերապրելով Աստուծոյ Նոր Աշխարհին Մէջ Ապրիլ (Անգլերէն), էջ 281-283, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
e Տես՝ «Քու Անունդ Սուրբ Ըլլայ» (Անգլերէն), էջ 317-320։
Կը յիշէ՞ք
◻ Այլակերպութեան ատեն Յիսուսի հետ որո՞նք երեւցան։
◻ Առաքեալներուն հաւատքը այլակերպութեան միջոցաւ ի՞նչպէս զօրացաւ։
◻ Երբ Մովսէս ու Եղիա այլակերպութեան ատեն Յիսուսի հետ «փառքով» յայտնուեցան, անոնք զո՞վ ներկայացուցին։
◻ Երբ Մովսէսն ու Եղիան բաղդատենք Աստուծոյ Իսրայէլին հետ, ի՞նչ յարակցութիւններ կը գտնենք։