Յոբի վարձատրութիւնը, յոյսի աղբիւր մը
«Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց»։—ՅՈԲԱՅ 42։12
1. Եհովա ի՞նչ կ’ընէ իր ծառաներուն ի նպաստ, նոյնիսկ երբ փորձութիւններ շատ տկարացնեն զանոնք։
ԵՀՈՎԱ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Ան նաեւ իր նուիրուած ծառաները կը դրդէ քաջութեամբ վկայելու, նոյնիսկ երբ փորձութիւններ մահուան աստիճան տկարացուցած են զանոնք։ (Յոբ 26։5. Յայտնութիւն 11։3, 7, 11) Ասիկա փաստուեցաւ տառապեալ Յոբի պարագային։ Թէեւ երեք կեղծ մխիթարիչներու կողմէ զրպարտուեցաւ, սակայն ան մարդոց վախէն ազդուած լուռ չմնաց։ Ընդհակառակը, ան խիզախօրէն վկայութիւն մը տուաւ։
2. Թէեւ հալածանքէ տառապած ու նեղութիւններ կրած են, սակայն Եհովայի Վկաները իրենց փորձութիւններէն ինչպէ՞ս դուրս եկած են։
2 Այժմու շատ մը Եհովայի Վկաներ այնպիսի մեծ հալածանքէ տառապած եւ նեղութիւններ կրած են որ անոնք մահուան մօտ եղած են։ (Բ. Կորնթացիս 11։23) Սակայն, Յոբին նման, անոնք Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերած ու արդարութիւն գործադրած են։ (Եզեկիէլ 14։14, 20) Անոնք ալ իրենց փորձութիւններէն դուրս եկած են, Եհովան հաճեցնելու համար վճռակամ, խիզախօրէն վկայութիւն մը տալու համար ուժովցած եւ իրական յոյսով ոգեւորուած ըլլալով։
Յոբ Խիզախօրէն Վկայութիւն մը Կու Տայ
3. Իր վերջին ճառին մէջ, Յոբ ի՞նչպիսի վկայութիւն մը տուաւ։
3 Իր վերջին ճառին մէջ, Յոբ նախորդէն նոյնիսկ աւելի մեծ վկայութիւն մը տուաւ։ Ան բոլորովին պապանձեցուց իր կեղծ մխիթարիչները։ Խայթիչ հեգնանքով, ան ըսաւ. «Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր»։ (Յոբ 26։2) Յոբ Եհովան գովաբանեց, որու զօրութիւնը մեր երկրագունդը կը կախէ անջրպետին մէջ ոչինչին վրայ եւ ջուրով ծանրաբեռնուած ամպերը կը տարածէ երկրին վերեւը։ (Յոբ 26։7–9) Սակայն Յոբ ըսաւ որ այս սքանչելիքները «անոր ճամբաներուն ծայրեր»ն են։—Յոբ 26։14
4. Յոբ ուղղամտութեան մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ ան ինչո՞ւ կրնար այդպէս արտայայտուիլ։
4 Իր անմեղ ըլլալուն վրայ վստահ ըլլալով, Յոբ ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս [ուղղամտութիւնս (ՆԱ)] ձեռքէ պիտի չձգեմ»։ (Յոբ 27։5) Հակառակ իր դէմ բերուած սուտ ամբաստանութիւններուն, ան բան մը չէր ըրած որ արժանանար իր վրայ եկած բաներուն։ Յոբ գիտէր որ Եհովա հաւատուրացներուն աղօթքները չի լսեր, բայց ուղղամիտները կը վարձատրէ։ Ասիկա մեզի լաւ կը յիշեցնէ թէ, շուտով, Արմագեդոնի փոթորիկը ամբարիշտները իրենց հեղինակաւոր դիրքէն պիտի գլորէ, իսկ Աստուծոյ ձեռքը պիտի չխնայէ զանոնք։ Մինչ այդ, Եհովայի ծառաները ուղղամտութեամբ պիտի քալեն։—Յոբ 27։11–23
5. Յոբ ինչպէ՞ս սահմանեց իրական իմաստութիւնը։
5 Պահ մը երեւակայեցէք աշխարհային իմաստութիւնով թաթաւուած երեք մտիկ ընողները, մինչ Յոբ ցոյց կու տայ թէ մարդը իր հմտութիւնը գործածած է երկրին վրայ ու ծովուն մէջ ոսկի, արծաթ եւ ուրիշ գոհարներ փնտռելու համար։ Բայց ան կ’ըսէ. «Իմաստութեան գինը բուստերու գինէն աւելի բարձր է»։ (Յոբ 28։18) Յոբի կեղծ մխիթարիչները չէին կրնար իրական իմաստութիւն գնել։ Անոր աղբիւրը հովին, անձրեւին, կայծակին ու որոտումին Ստեղծիչն է։ Արդարեւ, Եհովայի հանդէպ ակնածու «վախն է իմաստութիւնը ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է»։—Յոբ 28։28
6. Յոբ ինչո՞ւ իր անցեալի կեանքին մասին խօսեցաւ։
6 Հակառակ իր տառապանքներուն, Յոբ Եհովայի ծառայելէ չդադրեցաւ։ Փոխանակ Բարձրեալէն հեռանալու, այս ուղղամիտ մարդը ‘Աստուծոյ հետ ունեցած իր նախկին մտերմութեան’ կարօտը կը քաշէր։ (Յոբ 29։4) Յոբ չէր պարծենար, երբ յիշեց որ ինք ի՛նչպէս ‘աղաղակողը կ’ազատէր, արդարութիւն հագած էր եւ աղքատին իրական հայր էր’։ (Յոբ 29։12–16) Ընդհակառակը, ան իր կեանքին իրողութիւնները կը յիշէր որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը։ Մենք ալ այսպիսի գեղեցիկ արձանագրութիւն մը կերտա՞ծ ենք։ Անշուշտ, Յոբ երեք բարեպաշտ կեղծաւորներուն ըրած ամբաստանութիւններուն սուտ ըլլալն ալ կը քօղազերծէր։
7. Յոբ ի՞նչպիսի անձ մը եղած էր։
7 Յոբ ծաղրանքի առարկայ էր իրմէ երիտասարդ մարդոց կողմէ, ‘որոնց հայրերը իր հօտերուն շուներուն հետ իսկ դրած պիտի չըլլար’։ Անոնք իրմէ կը գարշէին եւ իր վրայ կը թքէին։ Մեծ նեղութեան մէջ ըլլալով, Յոբի հանդէպ ոչ մէկ նկատառութիւն կը ցուցաբերուէր։ (Յոբ 30։1, 10, 30) Սակայն քանի որ Եհովայի սրտանց նուիրուած էր, ան մաքուր խղճմտանք ունէր եւ կրնար ըսել. «Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով ու Աստուած իմ անմեղութիւնս [ուղղամտութիւնս (ՆԱ)] գիտնայ»։ (Յոբ 31։6) Յոբ շնացող մը կամ դաւադրող մը չէր եւ ան կարօտեալին օգնութեան փութալու մէջ չէր թերացած։ Թէեւ հարուստ եղած էր, բայց ան իր վստահութիւնը նիւթական հարստութեան վրայ բնաւ չէր դրած։ Ասկէ զատ, ան կռապաշտութեան անձնատուր չէր եղած, անկենդան բաներ, ինչպէս՝ լուսինը, պաշտելով։ (Յոբ 31։26–28) Աստուծոյ վստահելով, ան գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ որպէս ուղղամիտ անհատ մը։ Հակառակ իր տառապանքներուն եւ կեղծ մխիթարիչներուն ներկայութեան, Յոբ ճարտար կերպով իր պաշտպանութիւնը ըրաւ եւ հոյակապ վկայութիւն մը տուաւ։ Իր խօսքերը աւարտելով, ան Աստուծոյ դարձաւ որպէս իր Դատաւորը եւ Վարձատուն։—Յոբ 31։35–40
Եղիուս կը Խօսի
8. Ո՞վ էր Եղիուս, եւ ան ինչպէ՞ս թէ՛ յարգանք եւ թէ համարձակութիւն ցուցաբերեց։
8 Քիչ մը հեռուն կը գտնուէր երիտասարդ Եղիուսը, Նաքովրի որդի Բուզի սերունդ մը եւ հետեւաբար Եհովայի բարեկամ Աբրահամի հեռաւոր մէկ ազգականը։ (Եսայեայ 41։8) Եղիուս տարեց մարդոց հանդէպ յարգանք ցուցաբերած էր բանավէճին մէջ երկու կողմերուն մտիկ ընելով։ Բայց ան համարձակութեամբ խօսեցաւ այն հարցերուն շուրջ, որոնց մէջ անոնք սխալած էին։ Օրինակի համար, իր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, քանի որ ան ‘Աստուծմէ աւելի իր անձը կ’արդարացնէր’։ Եղիուսի բարկութիւնը մասնաւորաբար բորբոքեցաւ կեղծ մխիթարիչներուն դէմ։ Անոնց խօսքերը, ըստ երեւոյթին, Աստուած կը գովաբանէին, բայց իրականութեան մէջ, զայն կը նախատէին, քանի որ անոնք հակաճառութեան մէջ Սատանայի դիրքերը կը պաշտպանէին։ «Խօսքերով լեցուն» եւ սուրբ հոգիէն մղուած, Եղիուս Եհովայի անաչառ վկայ մըն էր։—Յոբ 32։2, 18, 21
9. Եղիուս Յոբին համար բարելաւման ի՞նչ նշոյլ տուաւ։
9 Յոբ իր անձնական ջատագովութիւնով աւելի հետաքրքրուած էր քան Աստուծոյ։ Իրականութեան մէջ, ան Աստուծոյ հետ վիճած էր։ Սակայն, մինչ Յոբի հոգին մահուան կը մօտենար, բարելաւման նշոյլ մը կար։ Ինչպէ՞ս։ Այո, Եղիուս մղուեցաւ ըսելու թէ Եհովա կը բարեհաճէր Յոբին հետեւեալ պատգամը ուղղելով. «Ազատէ զանիկա, որպէսզի գերեզմանը չիջնէ։ Ես քաւութիւն մը գտայ։ Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ»։—Յոբ 33։24, 25
10. Յոբ ո՞ր աստիճան փորձի պիտի ենթարկուէր, բայց Ա. Կորնթացիս 10։13–ին ի տես, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
10 Եղիուս Յոբը սրբագրեց իր խօսքերուն համար թէ ուղղամիտ մնալով, Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն օգուտ մը չկայ։ Եղիուս ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։ Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ»։ Իր անձնական արդարութեան վրայ շեշտ դնելով, Յոբ յանդգնաբար վարուած էր, բայց ան ասիկա ըրաւ առանց բաւարար գիտութեան ու ներատեսութեան։ Իսկ Եղիուս աւելցուց. «[Թող] որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի [փորձի ենթարկուի (ՆԱ)]. վասնզի ամբարիշտներուն պէս պատասխան տուաւ»։ (Յոբ 34։10, 11, 35, 36) Նոյնպէս, մեր հաւատքն ու ուղղամտութիւնը կրնան լիովին ապացուցանուիլ, միմիայն երբ մենք կերպով մը ‘մինչեւ վերջը փորձի ենթարկուինք’։ Այսուհանդերձ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը պիտի չթողու որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք։—Ա. Կորնթացիս 10։13
11. Երբ դառնօրէն փորձի ենթարկուինք, ի՞նչ պէտք է յիշենք։
11 Իր խօսակցութիւնը շարունակելով, Եղիուս դարձեալ ցոյց տուաւ որ Յոբ իր անձնական արդարութեան վրայ շատ շեշտ կը դնէր։ Ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացուի մեր Հոյակապ Արարիչին վրայ։ (Յոբ 35։2, 6, 10) Աստուած «ամբարիշտը չ’ապրեցներ ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ», ըսաւ Եղիուս։ (Յոբ 36։6) Ոչ ոք կրնայ Աստուծոյ քալելու ճամբան որոշել եւ ըսել թէ ան անիրաւ եղած է։ Աստուած մեր գիտցածէն շատ աւելի մեծ է եւ իր տարիները անքննելիօրէն անվերջ են։ (Յոբ 36։22–26) Երբ դառնօրէն փորձի ենթարկուինք, յիշենք որ յաւիտենական Աստուած արդար է եւ Զինք գովաբանելու մէջ մեր հաւատարիմ գործունէութիւններուն համար պիտի վարձատրէ մեզ։
12. Ամբարիշտներուն վրայ Աստուծոյ դատաստան ի գործ դնելուն մասին Եղիուսի եզրափակիչ արտայայտութիւնները ի՞նչ կը նշեն։
12 Մինչ Եղիուս կը խօսէր, փոթորիկ մը կը պատրաստուէր։ Մինչ անիկա կը մօտենար, Եղիուսի սիրտը սկսաւ ցատկել ու դողալ։ Ան Եհովայի ըրած մեծ բաներուն մասին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն [սքանչելի գործերուն (ՆԱ)] վրայ մտածէ՛»։ Յոբին նման, մենք ալ Աստուծոյ սքանչելի գործերուն եւ ահաւոր արժանապատուութեանը վրայ պէտք է մտածենք։ «Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա», ըսաւ Եղիուս։ «Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ։ Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ»։ (Յոբ 37։1, 14, 23, 24) Եղիուսի եզրափակիչ արտայայտութիւնները մեզի կը յիշեցնեն թէ, երբ Աստուած շուտով դատաստան ի գործ դնէ ամբարիշտներուն վրայ, ան արդարութիւնը պիտի չնսեմացնէ եւ իրմէ վախցողները պիտի պահպանէ որպէս իրմէ ակնածող երկրպագուներ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է այսպիսի ուղղամիտ անհատներու մէջ գտնուիլ, որոնք Եհովան կ’ընդունին որպէս Տիեզերքի Գերիշխանը։ Յոբին նման, դուք ալ համբերեցէք եւ բնաւ թոյլ մի՛ տաք որ Բանսարկուն այս ուրախ բազմութեան մէջ ձեր օրհնեալ տեղէն հեռացնէ ձեզ։
Եհովա կը Պատասխանէ Յոբին
13, 14. (ա) Եհովա ի՞նչ բաներու մասին սկսաւ հարցումներ ուղղել Յոբին։ (բ) Յոբին ուղղուած Աստուծոյ ուրիշ հարցումներէն ի՞նչ կէտեր կրնանք սորվիլ։
13 Յոբ որչա՜փ ապշած ըլլալու էր, երբ Եհովա փոթորիկին մէջէն իրեն խօսեցաւ։ Այդ փոթորիկը Աստուծոյ մէկ արարքն էր, հակառակը այն մեծ հովին զոր Սատանան գործածած էր տունը փլելու եւ Յոբի որդիները սպաննելու համար։ Յոբ պապանձեցաւ, երբ Աստուած հարցուց. «Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի։ ... Անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ, երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին»։ (Յոբ 38։4, 6, 7) Եհովա ծովուն, անոր ամպէ հանդերձին, արշալոյսին, մահուան դռներուն, լոյսին ու խաւարին եւ բազմաստեղութիւններուն մասին մէկ հարցումէն միւսը Յոբին վրայ տեղացուց։ Յոբ բան մը չէր կրնար ըսել, երբ իրեն հարցուեցաւ. «Երկնքի կանոնները գիտե՞ս»։—Յոբ 38։33
14 Ուրիշ հարցումներ ցոյց տուին որ մարդը ստեղծուելէ եւ ձուկերուն, թռչնազգիներուն, գազաններուն ու սողուններուն վրայ անոր տիրապետութիւն տրուելէ առաջ, Աստուած հոգ կը տանէր անոնց, առանց մարդկային օգնութեան կամ խրատի մը։ Եհովային ըրած ուրիշ հարցումներ կը յիշեցնէին կարգ մը արարչութիւններ, ինչպէս միեղջերուն, ջայլամը եւ ձին։ Յոբին հարցուեցաւ. «Արծիւը քու հրամանո՞վդ կը բարձրանայ ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ»։ (Յոբ 39։27) Անշո՛ւշտ ոչ։ Երեւակայեցէք Յոբի հակազդեցութիւնը, երբ Աստուած հարցուց իրեն. «Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞»։ Կասկած չ’վերցներ որ Յոբ ըսաւ. «Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ»։ (Յոբ 40։2, 4) Քանի որ Եհովա միշտ իրաւունք ունի, եթէ պատահի որ իր դէմ գանգատելու փորձութենէն բռնուինք, ‘մեր ձեռքը մեր բերնին պէտք է դնենք’։ Աստուծոյ հարցումները նաեւ մեծարեցին իր գերակայութիւնը, արժանապատուութիւնն ու զօրութիւնը, ինչպէս ցուցաբերուած են անոնք իր ստեղծագործութեան մէջ։
Բեհեմովթն ու Լեւիաթանը
15. Բեհեմովթը ընդհանրապէս կը կարծուի ո՞ր անասունը ըլլալ, եւ անոր կարգ մը յատկանիշները ի՞նչ են։
15 Եհովա ապա յիշեց Բեհեմովթը, որ ընդհանրապէս կը կարծուի գետաձին ըլլալ։ (Յոբ 40։15–24) Իր հսկայութեամբ, մեծ ծանրութեամբ եւ կարծր մորթով, այս բուսակեր կենդանին «արջառի պէս խոտ կ’ուտէ»։ Անոր զօրութեան ու ոյժին աղբիւրները անոր մէջքի ու փորի մկաններուն մէջ են։ Անոր ազդրերուն ոսկորները «պղնձէ խողովակներ»ու պէս ամուր են։ Բեհեմովթը հեղեղային ջուրերէն չի վախնար, այլ հոսանքին հակառակ հանդարտ կը լողայ։
16. (ա) Լեւիաթանին նկարագրութիւնը ո՞ր արարածին կը յարմարի, եւ անոր մասին կարգ մը իրողութիւնները ի՞նչ են։ (բ) Բեհեմովթին ու Լեւիաթանին ոյժը կրնայ Եհովայի ծառայութեան մէջ նշանակումներ կատարելու մասին ի՞նչ թելադրել։
16 Աստուած նաեւ Յոբին հարցուց. «Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել»։ Լեւիաթանի նկարագրութիւնը կը յարմարի կոկորդիլոսին։ (Յոբ 41։1–34) Անիկա ոեւէ մէկուն հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի չկնքէ եւ ոչ մէկ իմաստուն անհատ պիտի յանդգնի այս սողունը արթցնել։ Նետերը զայն չեն փախցներ եւ անիկա «տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ»։ Կատաղած Լեւիաթանը անդունդը կ’եռացնէ օծանելիքի կաթսայի մը պէս։ Այն իրողութիւնը՝ թէ Լեւիաթանը եւ Բեհեմովթը Յոբէն շա՜տ աւելի զօրաւոր էին, օգնեց Յոբին որ ինքզինք խոնարհեցնէ։ Մենք ալ խոնարհութեամբ պէտք է գիտակցինք որ մենք անձնապէս հզօր չենք։ Մենք աստուածատուր իմաստութեան ու զօրութեան կարիքը ունինք Սատանայի՝ Օձին՝ ժանիքներէն խոյս տալու եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր նշանակումները կատարելու համար։—Փիլիպպեցիս 4։13. Յայտնութիւն 12։9
17. (ա) Յոբ ինչպէ՞ս ‘Աստուած տեսաւ’։ (բ) Ի՞նչ փաստուեցաւ այն հարցումներով որոնց Յոբ չկրցաւ պատասխանել, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։
17 Ամբողջովին խոնարհացած, Յոբ գիտակցեցաւ որ իր տեսակէտը սխալ էր եւ ընդունեց որ տգիտութեամբ խօսած էր։ Սակայն, ան հաւատք արտայայտած էր որ ‘Աստուած պիտի տեսնէր’։ (Յոբ 19։25–27) Ինչպէ՞ս կարելի էր ատիկա, քանի որ ոչ մէկ մարդ կրնայ Եհովան տեսնել ու ապրիլ։ (Ելից 33։20) Արդարեւ, Յոբ աստուածային զօրութեան ցուցադրութիւնը տեսաւ, Աստուծոյ խօսքը լսեց եւ իր հասկացողութեան աչքերը բացուեցան Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը տեսնելու համար։ Ուստի Յոբ ‘իր անձը արհամարհեց եւ հողի ու մոխիրի վրայ զղջաց’։ (Յոբ 42։1–6) Այն շատ մը հարցումները, որոնց ան չէր կրցած պատասխանել, Աստուծոյ գերակայութիւնը փաստած էին եւ մարդուն՝ նոյնիսկ Յոբին նման Եհովայի նուիրուած անհատներուն՝ պզտիկութիւնը ցոյց տուած էին։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ մեր շահերը Եհովայի անուան սրբացումէն ու իր գերիշխանութեան ջատագովումէն վեր պէտք չէ դասենք։ (Մատթէոս 6։9, 10) Մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ Եհովայի հանդէպ ուղղամիտ մնալ եւ իր անունը պատուել։
18. Յոբի կեղծ մխիթարիչները ի՞նչ պէտք էր ընէին։
18 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ինքնարդար կեղծ մխիթարիչներուն մասին։ Եհովա կրնար Եղիփազը, Բաղդատը եւ Սոփարը իրաւացիօրէն սպաննել, քանի որ անոնք Յոբին նման իր մասին ճշմարտութիւնը չէին ըսած։ Աստուած ըսաւ. «Ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ»։ Այս երեք անհատները իրենց անձերը պէտք էր խոնարհեցնէին համաձայնելու համար։ Ուղղամիտ Յոբ անոնց համար աղօթեց, իսկ Եհովա անոր աղօթքը ընդունելի գտաւ։ (Յոբ 42։7–9) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Յոբի կնկան մասին, որ Աստուծոյ հայհոյել ու մեռնիլ յորդորեց զինք։ Այնպէս կը թուի որ, Աստուծոյ ողորմութեամբ, ան իր ամուսնոյն հետ հաշտուեցաւ։
Խոստացուած Վարձատրութիւնները Յոյս Կու Տան Մեզի
19. Յոբին պարագային, Եհովա ինչպէ՞ս Բանսարկուին վրայ իր գերակայութիւնը ցոյց տուաւ։
19 Անմիջապէս որ Յոբ իր տառապանքներուն մասին մտահոգուելէ դադրեցաւ եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ վերստին աշխուժացաւ, Եհովա անոր վիճակը փոխեց։ Յոբ երեք մարդոց համար աղօթելէ ետք, Աստուած «գերութենէ ազատեց Յոբը» եւ անոր «բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ»։ Եհովա Բանսարկուին վրայ իր գերակայութիւնը ցոյց տուաւ, Սատանային հիւանդութիւն փոխանցող ձեռքը հեռացնելով եւ հրաշքով Յոբը բուժելով։ Աստուած նաեւ դեւերու հորդաները ետ մղեց եւ զանոնք բաւական հեռաւորութեան վրայ պահեց, Յոբին շուրջ դարձեալ Իր հրեշտակային բանակէն բաղկացած պահպանիչ ցանկ մը դնելով։—Յոբ 42։10. Սաղմոս 34։7
20. Եհովա ի՞նչ կերպերով վարձատրեց եւ օրհնեց Յոբը։
20 Յոբի եղբայրները, քոյրերը եւ նախկին ծանօթները շարունակեցին անոր հետ հաց ուտելու գալ, անոր ցաւակցիլ եւ զինք մխիթարել իր վրայ եկած փորձանքին համար զոր Եհովա թոյլատրած էր։ Ամէն մէկը ստակ ու ոսկի օղ մը տուաւ Յոբին։ Եհովա Յոբին վերջը սկիզբէն աւելի օրհնեց, այնպէս որ ան 14,000 ոչխար, 6,000 ուղտ, 1,000 զոյգ եզ ու 1,000 մատակ էշ ունեցաւ։ Յոբ նաեւ, անցեալին ունեցած թիւով, եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ունեցաւ։ Անոր աղջիկները՝ Եմիման, Կասիան ու Կերենհապուքը՝ երկրին վրայ ամենէն գեղեցիկ կիներն էին եւ Յոբ անոնց ալ ժառանգութիւն տուաւ անոնց եղբայրներուն հետ։ (Յոբ 42։11–15) Ասկէ զատ, Յոբ 140 տարի եւս ապրեցաւ եւ մինչեւ չորրորդ սերունդը տեսաւ։ Պատմութիւնը այսպէս կ’աւարտի. «Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ»։ (Յոբ 42։16, 17) Իր կեանքին երկարաձգուիլը Եհովա Աստուծոյ հրաշալի մէկ արարքն էր։
21. Յոբին մասին սուրբ գրային պատմութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, եւ պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։
21 Յոբին մասին սուրբ գրային պատմութիւնը մեզ աւելի արթուն կը պահէ Սատանայի հնարքներուն նկատմամբ եւ մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ տիեզերական գերիշխանութիւնը ի՛նչպէս կապուած է մարդուն ուղղամտութեան։ Բոլոր Աստուած սիրողները փորձի պիտի ենթարկուին, Յոբին նման։ Բայց ինչպէս Յոբ համբերեց, մենք ալ կրնանք համբերել։ Ան իր փորձութիւններէն դուրս եկաւ հաւատքով ու յոյսով, իսկ իր վարձատրութիւնները շատ էին։ Մենք՝ Եհովայի ներկայ ծառաներս՝ իրական հաւատք ու յոյս ունինք։ Իսկ Մեծ Վարձատուն ի՜նչ հոյակապ յոյս մը դրած է իւրաքանչիւրիս դիմաց։ Երկնային յոյսը ի մտի ունենալը պիտի օգնէ օծեալներուն որ երկրի վրայ իրենց կեանքին մնացեալ մասին մէջ հաւատարմօրէն ծառայեն Աստուծոյ։ Երկրային հեռանկարներով շատեր բնաւ պիտի չմեռնին, բայց մահացողները երկրի վրայ Դրախտին մէջ յարութիւնով մը պիտի վարձատրուին Յոբին հետ մէկտեղ։ Մեր սրտին ու մտքին մէջ այսպիսի իրական յոյսով, բոլոր Աստուած սիրողները թող փաստեն որ Սատանան ստախօս մըն է, վճռակամօրէն Եհովայի կողմը կայնելով որպէս ուղղամիտ անհատներ եւ իր տիեզերական գերիշխանութեան հաւատարիմ զօրակիցներ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ են կարգ մը կէտեր զորս Յոբ շեշտեց իր կեղծ մխիթարիչներուն տուած իր վերջին պատասխանին մէջ։
◻ Եղիուս ինչպէ՞ս փաստեց թէ ինք Եհովայի անաչառ վկայ մըն էր։
◻ Յոբի ուղղած Աստուծոյ կարգ մը հարցումները ի՞նչ էին, եւ անոնք ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան։
◻ Յոբին մասին սուրբ գրային պատմութենէն ի՞նչ օգուտ քաղեցիք։