Աստուած ձեզի համար իրակա՞ն է
ԵՐԲ ձեզ մտատանջող խնդիրներ դիմագրաւէք, իսկոյն Աստուծոյ կը մօտենա՞ք աղօթքով։ Եթէ այո, կը զգա՞ք թէ իրական անձի մը հետ կը խօսիք։
Իր երկնաւոր Հօրը ակնարկելով, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ [«իրական», ՆԱ] է»։ (Յովհաննու 7։28) Այո, Եհովա Աստուած իրական է եւ իրեն աղօթելը կը նմանի՝ օգնութեան կամ խրատի համար շատ մտերիմ մարդկային բարեկամի մը դիմելու։ Անշուշտ, Աստուծմէ լսուելու համար մեր աղօթքները՝ ընդունելի աղօթքներու նկատմամբ սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում պէտք է տան։ Զոր օրինակ, «աղօթքի լսող»ին խոնարհութեամբ պէտք է մօտենանք, իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ։—Սաղմոս 65։2. 138։6. Յովհաննու 14։6
Ոմանք կրնան խորհիլ թէ քանի որ Աստուած անտեսանելի է, ան անձ մը չէ։ Անոնց համար Աստուած կրնայ վերացական բան մը թուիլ։ Նոյնիսկ Աստուծոյ սքանչելի յատկութիւններուն մասին սորված Քրիստոնեաներէն ոմանք, երբեմն դժուար կը գտնեն ըմբռնել թէ Ան որչա՛փ իրական է։ Դուք ալ նոյնպէս զգացա՞ծ էք։ Եթէ այո, ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ Եհովա Աստուած ձեզի համար իրական ըլլայ։
Աստուածաշունչը Ուսումնասիրեցէք
Սուրբ Գրութիւնները կանոնաւորաբար կ’ուսումնասիրէ՞ք։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ձեր պահերը որքա՛ն յաճախ եւ խտացուած ըլլան, Եհովա Աստուած ձեզի համար այնքան աւելի իրական պիտի ըլլայ։ Այս կերպով ձեր հաւատքը պիտի զօրանայ եւ կարող պիտի ըլլաք ‘Անտեսանելին տեսնել’։ (Եբրայեցիս 11։6, 27) Սակայն, Աստուածաշունչի հազուադէպ կամ ընդհատական ուսումնասիրութիւն մը, անհաւանական է որ ձեր հաւատքին վրայ յատկանշական ազդեցութիւն ունենայ։
Բացատրենք. Ենթադրենք որ բժիշկը ձեզի թելադրէ որ յարատեւ քերուըտուք մը բուժելու համար օրական երկու անգամ որոշ քսուք մը գործածէք։ Ձեր քերուըտուքը պիտի անհետանա՞յ, եթէ քսուքը միա՛յն ամիսը մէկ կամ երկու անգամ գործածէք։ Անհաւանական է։ Նոյնպէս ալ սաղմոսերգուն, հոգեւոր առողջութեան համար մեզի «դեղագիր» մը կու տայ. Աստուծոյ Խօսքը «ցորեկ ու գիշեր» կարդացէք։ (Սաղմոս 1։1, 2) Յարաճուն օգուտները վայելելու համար, «դեղագրին» պէտք է հետեւինք. ամէն օր խոկանք Աստուծոյ Խօսքին վրայ, քրիստոնէական գրականութիւններու օժանդակութեամբ։—Յեսուայ 1։8
Կը փափաքի՞ք ձեր ուսումնասիրութեան պահերը ձեր հաւատքը աւելի զօրացնեն։ Ահաւասիկ թելադրութիւն մը. Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն կամ վերագրութիւններ բովանդակող ուրիշ Աստուածաշունչէ գլուխ մը ընթերցելէն ետք, հետաքրքրական համար մը ընտրեցէք եւ վերագրումներուն մէջ յիշուած համարները բացէք։ Ասիկա ձեր ուսումնասիրութիւնը պիտի ճոխացնէ եւ վստահաբար Աստուածաշունչի ներքին ներդաշնակութեամբ պիտի տպաւորուիք։ Ասիկա իր կարգին, Աստուածաշունչի հեղինակը՝ Եհովա Աստուածը, ձեզի համար աւելի իրական պիտի դարձնէ։
Վերագրումները գործածելով կրնաք Աստուածաշունչի մարգարէութեանց եւ անոնց կատարումներուն հետ ընտելանալ։ Թերեւս քաջածանօթ էք Աստուածաշունչի գլխաւոր մարգարէութիւններուն, ինչպէս՝ Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանման հետ առնչուած մարգարէութիւններուն։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ յարաբերակից մարգարէութիւններու շղթայ մը եւ անոնց կատարումները։ Անոնցմէ ոմանք շատ ծանօթ չեն։
Օրինակի համար, կարդացէք այն մարգարէութիւնը, որ կը խօսի Երիքովը վերակառուցանելու համար որոշուած պատիժին մասին, ապա նկատի առէք անոր կատարումը։ Յեսուայ 6։26–ը կ’ըսէ. «Այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. ‘Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ’»։ Ասոր կատարումը եղաւ շուրջ 500 տարիներ ետք, ինչպէս կը կարդանք Գ. Թագաւորաց 16։34–ի մէջ. «Անոր [Աքաաբ Թագաւորի] օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։a Միմիայն իրական Աստուած մը կրնար այսպիսի մարգարէութիւններ ներշնչել եւ վստահ ըլլալ անոնց կատարումէն։
Մինչ Աստուածաշունչը կը կարդաք, թերեւս որոշ կէտի մը շուրջ ձեր հետաքրքրութիւնը շարժի։ Զոր օրինակ, թերեւս հարց տաք թէ քանի՛ տարիներ անցած են մարգարէութեան մը ու անոր կատարման միջեւ։ Փոխանակ ուրիշ անհատի մը հարցնելու, ինչո՞ւ չջանաք անձամբ անոր պատասխանը փնտռել։ Ցուցակներ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններ գործածելով, ժրաջանութեամբ պատասխանները փնտռեցէք, ինչպէս պիտի ընէիք եթէ գանձի մը քարտէսը կը ջանայիք վերլուծել։ (Առակաց 2։4, 5) Պատասխանները գտնելը ձեր հաւատքին վրայ խոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ Եհովա Աստուած ձեզի համար աւելի իրական պիտի դարձնէ։
Կանոնաւորաբար եւ Ջերմեռանդօրէն Աղօթեցէք
Աղօթքի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը մի՛ անտեսէք։ Յիսուսի աշակերտները ուղղակի այս խնդրանքը ըրին. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ (Ղուկաս 17։5) Եթէ Եհովա ձեզի համար իրական չի թուիր, ինչո՞ւ չաղօթէք իրեն որ ձեր հաւատքը աւելցնէ։ Ձեր երկնաւոր Հայրը իրական ըլլալու համար՝ վստահութեամբ իրմէ օգնութիւն խնդրեցէք։
Եթէ խնդիր մը ձեզ կը մտատանջէ, ձեր երկնաւոր Բարեկամին սրտանց արտայայտուելու համար պէտք եղած ժամանակը տրամադրեցէք։ Երբ Յիսուս մահուան սեմին կը գտնուէր, ան ջերմագին աղօթեց։ Թէեւ ան դատապարտեց հանրութեան ցուցադրելու համար աղօթքը երկարելու կրօնական սովորութիւնը, բայց իր 12 առաքեալները ընտրելէն առաջ, ան ամբողջ գիշերը առանձին աղօթելով անցուց։ (Մարկոս 12։38-40. Ղուկաս 6։12-16) Կրնանք դաս մը սորվիլ Աննայէն ալ, որ Սամուէլ մարգարէին մայրը եղաւ։ Արու զաւկի մը տենչալով՝ «Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց»։—Ա. Թագաւորաց 1։12
Այս բոլորէն ո՞ր հիմնական դասը կը սորվինք։ Եթէ կը յուսաք որ ձեր աղօթքները պատասխանուին, պէտք է սրտանց, ջերմեռանդօրէն եւ անդադար աղօթէք, եւ անշուշտ, Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ։ (Ղուկաս 22։44. Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Ա. Յովհաննու 5։13-15) Ասիկա ընելով Աստուած իրական պիտի ըլլայ ձեզի համար։
Ուշադրութեամբ Ստեղծագործութիւնը Դիտեցէք
Արուեստագէտի մը անձնաւորութիւնը իր գծագրութիւններէն կը յայտնուի։ Նոյնպէս, տիեզերքի Ծրագրիչին ու Արարիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ «աներեւոյթ յատկութիւնները» ստեղծագործութեան մէջ բացայայտօրէն կը տեսնուին։ (Հռովմայեցիս 1։20, ՆԱ) Երբ ուշադրութեամբ Եհովայի ձեռքին գործը դիտենք, իր անձնաւորութեան մասին աւելի հասկացողութիւն ձեռք կը ձգենք, հետեւաբար ան մեզի համար աւելի իրական կը դառնայ։
Եթէ Աստուծոյ ստեղծած բաները մօտէն քննէք, խորապէս պիտի տպաւորուիք իր իրական յատկութիւններով։ Զոր օրինակ, թռչուններու ճամբորդելու կարողութիւններուն մասին տեղեկութիւնները, կրնան Եհովայի իմաստութեան հանդէպ ձեր գնահատութիւնը աւելցնել։ Երբ տիեզերքի մասին կը կարդաք, կրնաք սորվիլ թէ մէկ ծայրէն միւսը երթալու համար շուրջ 100,000 լոյսի տարի պահանջող Ծիր Կաթինը, անջրպետի մէջ գոյութիւն ունեցող միլիառաւոր հոյախումբերէն միայն մէկն է։ Ասիկա ձեր մտքին մէջ չի՞ տպաւորեր Ստեղծիչին իմաստութեան իրականութիւնը։
Վստահաբար, Եհովայի իմաստութիւնը իրական է։ Բայց ասիկա ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Անկասկած որ ան չի շփոթիր երբ մեզմէ մէկը աղօթքով իր խնդիրները իրեն կը ներկայացնէ։ Այո, ստեղծագործութեան մասին նոյնիսկ սահմանափակ գիտութիւն ունենալը կրնայ Եհովան ձեզի համար աւելի իրական դարձնել։
Եհովայի Հետ Քալեցէք
Կրնա՞ք անհատապէս շօշափել Եհովայի որքա՛ն իրական ըլլալը։ Այո՛, եթէ հաւատարիմ Նոյ նահապետին կը նմանիք։ Ան միշտ Եհովայի հնազանդեցաւ, այն աստիճան որ իր մասին կրնար ըսուիլ. «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։9) Նոյ ապրեցաւ այնպէս որպէս թէ Եհովա ուղղակի իր կողքին էր։ Աստուած կրնայ ձեզի համար ալ ա՛յդքան իրական ըլլալ։
Եթէ Եհովայի հետ քալէք, սուրբ գրային խոստումներուն կը վստահիք եւ անոնց համաձայն կը գործէք։ Զոր օրինակ, կը հաւատաք Յիսուսի խօսքերուն. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ [Աստուծոյ] արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն [նիւթական կարիքներն] ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։25-33) Շիտակ է որ Եհովա ձեր կարիքները միշտ ձեր ակնկալած կերպով կրնայ չհայթայթել։ Բայց եւ այնպէս, երբ աղօթէք ու ապա Աստուծոյ օգնութիւնը ստանաք, ան ձեր կողքին կեցող իրական անհատի մը նման պիտի ըլլայ։
Երբ անհատ մը Եհովայի հետ քալելու մէջ յարատեւէ, Եհովայի հետ այսքան մտերիմ յարաբերութիւն մը կը մշակուի։ Նկատի առէք Սպանախօս Վկայ մը՝ Մանուէլան, որ բազմաթիւ դժուարութիւններու տոկացած է։ Ան կ’ըսէ. «Երբ մտահոգ ըլլամ կամ բանի մը կարիքը ունենամ, Առակաց 18։10–ի սկզբունքը կը գործադրեմ։ Եհովայի կը դիմեմ օգնութեան համար։ Ան ինծի համար միշտ ‘ամուր աշտարակ’ մը եղած է»։ Մանուէլան ասիկա կրնայ ըսել, 36 տարի Եհովայի ապաւինելէ եւ իր օգնութիւնը վայելելէն ետք։
Տակաւին նո՞ր սկսած էք Եհովան ձեր ապաւէնը դարձնել։ Մի՛ յուսահատիք եթէ իր հետ ձեր յարաբերութիւնը տակաւին ձեր ուզածին պէս չէ։ Ամէն օր ապրեցէք որպէս թէ Եհովայի հետ քալող մըն էք։ Մինչ հաւատարմութեամբ յատկանշուած կենցաղ մը կը կերտէք, Եհովայի հետ աւելի մտերիմ պիտի ըլլաք։—Սաղմոս 25։14. Առակաց 3։26, 32
Եհովայի հետ քալելու ուրիշ կերպ մըն է իր ծառայութեամբ կլանուած ըլլալ։ Երբ Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութեան մասնակցիք, Եհովայի հետ գործակից եղած կ’ըլլաք։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Ասոր գիտակցիլը, Աստուած ձեզի համար շատ իրական կը դարձնէ։
Սաղմոսերգուն կը յորդորէ. «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ»։ (Սաղմոս 37։5) Ձեր ունեցած բոլոր բեռները կամ հոգերը Աստուծոյ ‘յանձնելու’ մի՛ վարանիք։ Օգնութեան եւ առաջնորդութեան համար մի՛շտ իրեն նայեցէք։ Եթէ աղօթքով Եհովա Աստուծոյ ապաւինիք եւ անվերապահօրէն միշտ իրեն վստահիք, ապահով պիտի զգաք, քանի որ գիտէք թէ ան ձեզի համար օգնութեան փութալու մէջ պիտի չթերանայ։ Երբ ձեր անձնական մտահոգութիւնները ներկայացնելու համար Եհովայի կը մօտենաք, ասիկա վստահութեամբ կ’ընէ՞ք։ Պիտի կարենա՛ք ընել, եթէ Աստուած ձեզի համար իրական ըլլայ։
[Ստորանիշ]
a Ուրիշ օրինակ մը եւս. կարդացէք Գ. Թագաւորաց 13։1-3–ի մէջ, Յերոբովամի զոհասեղանին նախագուշակուած պղծումին մասին։ Ապա նկատի առէք անոր կատարումը, որ արձանագրուած է Դ. Թագաւորաց 23։16-18–ի մէջ։
[Նկար՝ էջ 29]
Ձեր ուսումնասիրութեան պահերը հաւատք զօրացնող դարձուցէք
[Նկար՝ էջ 30]
Կանոնաւորաբար ու ջերմեռանդօրէն աղօթելու համար ժամանակ տրամադրեցէք
[Նկարներ՝ էջ 31]
Ուշադրութեամբ դիտեցէք թէ Աստուծոյ յատկութիւնները ի՛նչպէս կը տեսնուին ստեղծագործութեան մէջ
[Նկարներուն աղբիւրները]
Hummingbird։ U.S. Fish and Wildlife Service, Washington, D.C./Dean Biggins; stars։ Photo։ Copyright IAC/RGO 1991, Dr. D. Malin et al, Isaac Newton Telescope, Roque de los Muchachos Observatory, La Palma, Canary Islands