Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 6/1 էջ 23-28
  • Եհովան չ’անարգեր կոտրած սիրտ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան չ’անարգեր կոտրած սիրտ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մաքուր Սրտի Կարիքը Կայ
  • Սուրբ Հոգին Կենսական Է
  • Փրկութեան Ցնծութիւնը
  • Ի՞նչ Սորվեցնել Ամբարիշտներուն
  • Աստուծոյ Ընդունելի Զոհեր
  • Մաքուր Պաշտամունքին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն
  • Եհովա կը Լսէ Մեր Աղաղակը
  • Եհովայի գթութիւնը մեզ կը փրկէ յուսահատութենէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Հոգեւոր բուժման առաջնորդող խոստովանութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովայի ներումէն կրնա՛նք օգտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 6/1 էջ 23-28

Եհովան չ’անարգեր կոտրած սիրտ մը

«Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։—ՍԱՂՄՈՍ 51։17

1. Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ իր երկրպագուները որոնք լրջօրէն մեղանչած են, բայց կը զղջան։

ԵՀՈՎԱ կրնայ ‘ինքզինք ամպով ծածկել, որպէսզի մեր աղօթքը չանցնի’։ (Ողբք 3։44) Բայց ան կ’ուզէ որ իր ծառաները կարենան իրեն մօտենալ։ Նոյնիսկ երբ իր ծառաներէն մէկը լրջօրէն մեղանչէ, բայց զղջայ, մեր սիրալիր Հայրը կը յիշէ այդ անհատին ըրած բարիքները։ Անոր համար, Պօղոս առաքեալ կրնար ըսել իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—Եբրայեցիս 6։10

2, 3. Քրիստոնեայ երէցներ ի՞նչ բան նկատի պէտք է ունենան, երբ մեղանչող հաւատակիցներու հարցերով կը հետաքրքրուին։

2 Քրիստոնեայ երէցներն ալ նկատի պէտք է ունենան իրենց հաւատակիցներուն մատուցած տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Ասիկա կիրարկելի է սխալ քայլ մը առած, կամ նոյնիսկ լուրջ մեղք մը գործած զղջացողներուն կողմէ մատուցուած սրբազան ծառայութեան։ Քրիստոնեայ հովիւները Աստուծոյ հօտին մէջ բոլոր եղողներուն հոգեւոր բարօրութիւնը կը փնտռեն։—Գաղատացիս 6։1, 2

3 Զղջացող մեղաւոր մը Եհովայի գթութեան կարիքը ունի։ Բայց ասիկա ալ բաւարար չէ։ Ասիկա յստակօրէն կը տեսնուի Սաղմոս 51։10–19–ի Դաւիթի խօսքերէն։

Մաքուր Սրտի Կարիքը Կայ

4. Դաւիթ ինչո՞ւ աղօթեց մաքուր սիրտ մը եւ ուղիղ հոգի մը ունենալու համար։

4 Եթէ նուիրուած Քրիստոնեայ մը մեղքի պատճառաւ հոգեւոր վատ վիճակ մը ունի, Եհովայի գութէն եւ թողութենէն զատ ուրիշ ի՞նչ բանի կարիքը կրնայ ունենալ։ Դաւիթ խնդրեց. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ (Սաղմոս 51։10) Երեւութապէս Դաւիթ ասիկա խնդրեց, քանի որ գիտակցեցաւ որ իր սրտին մէջ տակաւին լուրջ մեղք գործելու հակամէտ էր։ Թերեւս մենք Բերսաբէի եւ Ուրիայի կապակցաբար Դաւիթի ինկած ծուղակին նման մեղքերու մէջ չենք, սակայն տակաւին Եհովայի օգնութեան կարիքը ունինք, որպէսզի որեւէ լուրջ մեղքի մը մէջ գտնուելու փորձութենէն խուսափինք։ Ասոր համար, թերեւս անհատապէս աստուածային օգնութեան պէտք ունինք, մեր սրտէն վանելու համար գողութեան եւ մարդասպանութեան համահաւասար եղող ընչաքաղցութեան եւ ատելութեան նման յատկանիշներ։—Կողոսացիս 3։5, 6. Ա. Յովհաննու 3։15

5. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ մաքուր սիրտ ունենալ։ (բ) Դաւիթ ի՞նչ կը փափաքէր, երբ խնդրեց ուղիղ հոգի մը ունենալ։

5 Եհովա կը պահանջէ որ իր ծառաները «մաքուր սիրտ» մը, այսինքն, մաքուր մղում կամ հակում ունենան։ Անդրադառնալով որ ինք այսպիսի մաքրութիւն չէր յայտնաբերած, Դաւիթ աղօթեց որ Աստուած մաքրէր իր սիրտը եւ զայն աստուածային չափանիշներուն հետ ներդաշնակութեան մէջ բերէր։ Սաղմոսերգուն նաեւ ուզեց նոր, ուղիղ հոգի մը, կամ մտային հակում մը ունենալ։ Ան կարիքը ունէր այնպիսի հոգիի մը, որ իրեն օգնէր փորձութեան դիմադրելու եւ Եհովայի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն ամրօրէն կառչելու։

Սուրբ Հոգին Կենսական Է

6. Դաւիթ ինչո՞ւ աղաչեց որ Եհովա իրմէ սուրբ հոգին չառնէ։

6 Երբ մեր գործած սխալներուն կամ յանցանքներուն պատճառաւ յուսահատ վիճակ մը ունենանք, թերեւս խորհինք որ Աստուած մեզ պիտի լքէ ու մեզմէ հեռացնէ իր սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը։ Դաւիթ այդպէս զգաց, անոր համար Եհովայի աղաչեց. «Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր ու քու սուրբ հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ»։ (Սաղմոս 51։11) Սրտաբեկ եւ խոնարհ Դաւիթը զգաց որ իր մեղքերուն պատճառով Եհովայի ծառայելու արժանի չէր։ Աստուծոյ երեսէն ձգուած ըլլալը պիտի նշանակէր իր հաճութիւնը, մխիթարութիւնը եւ օրհնութիւնը կորսնցնել։ Դաւիթ հոգեւորապէս վերահաստատուելու համար, Եհովայի սուրբ հոգիին կարիքը ունէր։ Սուրբ հոգին իր վրայ հանգչելով, թագաւորը կրնար աղօթքով աստուածային առաջնորդութիւնը փնտռել, Եհովայի հաճելի ըլլալու համար մեղքէն խուսափիլ եւ իմաստութեամբ իշխել։ Գիտակցելով որ սուրբ հոգին Տուողին դէմ մեղանչած էր, Դաւիթ տեղին ըլլալով աղաչեց որ Եհովա զայն չառնէ իրմէ։

7. Ինչո՞ւ սուրբ հոգին ստանալու համար պէտք է աղօթենք, եւ զայն տրտմեցնելէ զգուշանանք։

7 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Պէտք է աղօթենք սուրբ հոգին ստանալու համար եւ զգուշանանք զայն տրտմեցնելէ, անոր ուղղութեան չենթարկուելով։ (Ղուկաս 11։13. Եփեսացիս 4։30) Ապա թէ ոչ, կրնանք կորսնցնել այդ հոգին եւ այլեւս չկարենալ ցուցաբերել անոր աստուածատուր պտուղները, որոնք են՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ Եհովա Աստուած իր սուրբ հոգին մեզմէ կ’առնէ մանաւանդ երբ շարունակենք առանց զղջալու մեղանչել իր դէմ։

Փրկութեան Ցնծութիւնը

8. Եթէ մեղանչենք, բայց ուզենք փրկութեան ուրախութիւնը ունենալ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Հոգեւորապէս վերահաստատուած զղջացող մեղաւոր մը կրնայ դարձեալ ուրախանալ Եհովայի հայթայթած փրկութեամբ։ Ասոր տենչալով, Դաւիթ Աստուծոյ աղերսեց. «Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ զիս [հոգիով մը թիկունք կանգնէ ինծի (ՆԱ)]»։ (Սաղմոս 51։12) Ի՜նչ սքանչելի էր ցնծալ Եհովա Աստուծոյ փրկութեան վստահ յոյսով։ (Սաղմոս 3։8) Աստուծոյ դէմ մեղանչելէ ետք, Դաւիթ փափաքեցաւ փրկութեան ուրախութիւնը վերագտնել Իր միջոցով։ Հետագային, Եհովա փրկութիւն հայթայթեց իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին շնորհիւ։ Եթէ մենք՝ Աստուծոյ նուիրուած ծառաներս՝ լրջօրէն մեղանչենք, բայց փափաքինք փրկութեան ուրախութիւնը վերագտնել, պէտք է զղջանք եւ մեր մեղքը պէտք չէ շարունակենք, սուրբ հոգիին դէմ մեղանչելու աստիճան։—Մատթէոս 12։31, 32. Եբրայեցիս 6։4–6

9. Դաւիթ ի՞նչ կը խնդրէր, երբ ուզեց որ Աստուած «կամաւոր հոգի»ով թիկունք կանգնէր իրեն։

9 Դաւիթ խնդրեց որ Եհովա իրեն թիկունք կանգնէր «կամաւոր հոգի»ով մը։ Երեւութապէս ասիկա ոչ թէ իրեն օգնելու համար Աստուծոյ կամ սուրբ հոգիին յօժարակամութեան կ’ակնարկէր, այլ՝ Դաւիթի մտային հակումին։ Դաւիթ կ’ուզէր որ Աստուած իրեն թիկունք կանգնէր, շիտակը ընելու եւ անգամ մը եւս մեղքի մէջ չիյնալու համար յօժարակամ հոգի մը տալով։ Եհովա Աստուած անդադար թիկունք կը կանգնի իր ծառաներուն եւ տարբեր փորձութիւններով ծռածները կը կանգնեցնէ։ (Սաղմոս 145։14) Ասիկա գիտնալը որքա՜ն մխիթարական է, մանաւանդ երբ մեղանչած, բայց վշտաբեկ ենք եւ կը փափաքինք Եհովայի ծառայել հաւատարմօրէն ու անվերջ։

Ի՞նչ Սորվեցնել Ամբարիշտներուն

10, 11. (ա) Դաւիթ ի՞նչ կրնար սորվեցնել Իսրայելացի ամբարիշտներուն։ (բ) Դաւիթ մեղաւորներուն կրնար սորվեցնել միմիայն անձնապէս ի՞նչ ընելէ ետք։

10 Եթէ Աստուած թոյլ տար, Դաւիթ անձնուրացութեամբ կը փափաքէր բան մը ընել, Եհովայի գթութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը ցոյց տալու եւ ուրիշներուն օգնելու համար։ Ջերմեռանդութեամբ իր զգացումները Եհովայի յայտնելով, զղջացող թագաւորը ապա ըսաւ. «Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան»։ (Սաղմոս 51։13) Մեղաւոր Դաւիթ ինչպէ՞ս ամբարիշտներուն կրնար սորվեցնել Աստուծոյ Օրէնքը։ Ան ի՞նչ կրնար ըսել անոնց։ Իսկ ասիկա ի՞նչ բարիք կրնար իրագործել։

11 Իսրայելացի ամբարիշտներուն Եհովայի ճամբաները ցոյց տալով, յուսալով՝ զանոնք իրենց ամբարիշտ ճամբայէն դարձնել, Դաւիթ կրնար անոնց հասկցնել մեղքին ո՛րքան գէշ ըլլալը, զղջումին ի՛նչ նշանակելը եւ Աստուծոյ գթութիւնը ի՛նչպէս ստանալը։ Եհովայի տհաճութեան արժանացած եւ յանցապարտ խղճի մը ցաւերը զգացած ըլլալով, Դաւիթ անկասկած պիտի կարենար կարեկից ուսուցիչ մը ըլլալ զղջացողներուն եւ կոտրած սիրտ մը ունեցող մեղաւորներուն։ Անշուշտ, ան կրնար իր օրինակը գործածել ուրիշներուն սորվեցնելու, միմիայն անձնապէս Եհովայի չափանիշները ընդունած եւ Իր թողութիւնը ստացած ըլլալէ ետք, քանի որ աստուածային պահանջներուն չենթարկուողները ‘Աստուծոյ օրէնքները’ պատմելու իրաւունք չունին։—Սաղմոս 50։16, 17

12. Դաւիթ ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, երբ գիտցաւ որ Աստուած զինք փրկած էր արիւնահեղութենէ։

12 Իր միտքը ուրիշ կերպով յայտնելով, Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը, փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ. լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով»։ (Սաղմոս 51։14) Արիւնահեղութիւնը մահուան դատապարտութեան կ’արժանացնէր։ (Ծննդոց 9։5, 6) Ուստի, գիտնալը թէ իր փրկութեան Աստուածը զինք փրկած էր արիւնահեղութենէ՝ Ուրիայի կապակցաբար՝ կրնար սրտի ու մտքի խաղաղութիւն տալ Դաւիթին։ Այդ ատեն իր լեզուն կրնար ցնծութեամբ երգել Աստուծոյ՝ ոչ թէ իր՝ արդարութեան մասին։ (Ժողովողի 7։20. Հռովմայեցիս 3։10) Դաւիթ չէր կրնար իր գործած անբարոյութիւնը ջնջել կամ Ուրիան գերեզմանէն ետ բերել, ինչպէս ներկայիս անհատ մը չի կրնար իր պղծած անհատին անարատութիւնը վերադարձնել կամ իր սպաննած անհատը յարուցանել։ Երբ փորձութեան դիմաց գտնուինք, այս մասին պէտք չէ՞ խորհինք։ Իսկ որքա՜ն պէտք է գնահատենք արդարութեամբ մեզի հանդէպ ցոյց տրուած Եհովայի գթութիւնը։ Իրականութեան մէջ, գնահատութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ ուրիշները առաջնորդենք արդարութեան եւ թողութեան այս Ակունքին։

13. Միայն ո՞ր պայմաններուն ներքեւ մեղաւոր մը կրնայ իր շրթունքները պատշաճօրէն բանալ Եհովան փառաբանելու համար։

13 Ո՛չ մէկ մեղաւոր կրնայ պատշաճօրէն իր շրթունքները բանալ Եհովան փառաբանելու համար, մինչեւ որ գթառատ Աստուած զանոնք չբանայ, Իր ճշմարտութիւններուն մասին խօսելու համար։ Այս պատճառաւ Դաւիթ երգեց. «Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ»։ (Սաղմոս 51։15) Աստուծոյ թողութեան շնորհիւ իր թեթեւցած խղճով, Դաւիթ պիտի մղուէր ամբարիշտներուն Եհովայի ճամբաները սորվեցնելու եւ ազատօրէն Զինք գովաբանել։ Բոլոր անոնք, որոնց մեղքերը ներուած են Դաւիթի նման, պէտք է գնահատեն իրենց հանդէպ ցոյց տրուած Եհովայի անարժան ողորմութիւնը եւ ամէն առիթ պէտք է օգտագործեն Աստուծոյ ճշմարտութիւններուն մասին խօսելու եւ ‘իր գովութիւնը պատմել’ու համար։—Սաղմոս 43։3

Աստուծոյ Ընդունելի Զոհեր

14. (ա) Ըստ Օրէնքի ուխտին, ի՞նչպիսի զոհեր կը պահանջուէին։ (բ) Ինչո՞ւ սխալ պիտի ըլլար խորհիլ որ կրնանք բարի գործերով հատուցանել մեր յանցագործութեան համար։

14 Դաւիթ խոր ներատեսութիւն ձեռք ձգած էր, ուստի կրցաւ ըսել. «Վասնզի զոհի չես հաճիր [Եհովա], որ զանիկա մատուցանեմ։ Դուն ողջակէզի ալ չես հաճիր»։ (Սաղմոս 51։16) Օրէնքի ուխտը կը պահանջէր որ անասնական զոհեր մատուցանուէին Աստուծոյ։ Սակայն Դաւիթի շնութեան ու մարդասպանութեան մեղքերը, որոնց պատիժը մահ էր, չէին կրնար քաւուիլ այսպիսի զոհերով։ Ապա թէ ոչ, ան ո՛չ մէկ ծախս պիտի խնայէր Եհովայի անասնական զոհեր մատուցանելու համար։ Զոհերը անարժէք են, երբ սրտանց զղջում չկայ։ Հետեւաբար, սխալ պիտի ըլլար խորհիլ որ բարի գործերով կրնանք հատուցանել մեր շարունակական յանցագործութեան համար։

15. Կոտրած սիրտ ունեցող նուիրուած անհատ մը ի՞նչ կեցուածք ունի։

15 Դաւիթ աւելցուց. «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ (Սաղմոս 51։17) Զղջացող մեղաւորի մը պարագային, «Աստուծոյ [ընդունելի] զոհը կոտրած հոգին է»։ Այսպիսի անհատ մը կռուարար կեցուածք մը չունի։ Կոտրած հոգի ունեցող նուիրուած անհատի մը սիրտը խոր վշտի մէջ է իր մեղքին համար, Աստուծոյ տհաճութիւնը զգալով խոնարհած է եւ աստուածային հաճութիւնը վերստին շահելու համար որեւէ բան ընելու պատրաստ է։ Չենք կրնար Աստուծոյ որեւէ արժէքաւոր բան մատուցանել մինչեւ որ մեր մեղքերէն չզղջանք եւ մեր սրտերը իրեն չտանք բացարձակ նուիրումով։—Նաւումայ 1։2

16. Աստուած ինչպէ՞ս կը նայի իր մեղքին պատճառաւ կոտրած սիրտ ունեցող անհատի մը։

16 Աստուած չի մերժեր կոտրած ու խոնարհ սրտի նման զոհ մը։ Ուստի, որպէս իր ծառաները, ի՛նչ դժուարութեան ալ հանդիպինք, բնաւ չյուսահատինք։ Եթէ կեանքի ճամբուն մէջ կերպով մը սայթաքած ենք եւ մեր սրտերը աստուածային գթութեան համար կ’աղաղակեն, ամէն բան չէ կորսուած։ Եթէ նոյնիսկ լուրջ մեղք մը գործած ենք, բայց կը զղջանք, Եհովա պիտի չ’անարգէ մեր կոտրած սիրտը։ Ան Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ պիտի ներէ մեզի եւ իր հաճութեան մէջ պիտի հաստատէ մեզ։ (Եսայեայ 57։15. Եբրայեցիս 4։16. Ա. Յովհաննու 2։1) Դաւիթի նման սակայն, պէտք է աղօթենք աստուածային հաճութիւնը վերագտնելու համար, ոչ թէ՝ հարկ եղած յանդիմանութենէ կամ սրբագրութենէ խուսափելու։ Աստուած ներեց Դաւիթին, բայց նաեւ՝ պատժեց։—Բ. Թագաւորաց 12։11–14

Մաքուր Պաշտամունքին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն

17. Աստուծմէ թողութիւն հայցելէ զատ, մեղաւորները ի՞նչ պէտք է ընեն։

17 Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, անկասկած ասիկա ծանր պիտի կշռէ մեր մտքին վրայ եւ մեր վշտաբեկ սիրտը մեզ պիտի մղէ որ Աստուծմէ թողութիւն հայցենք։ Այսուհանդերձ, ուրիշներուն համար ալ աղօթենք։ Թէեւ Դաւիթ կ’ակնկալէր անգամ մը եւս Աստուծոյ ընդունելի պաշտամունք մատուցանել, սակայն, իր սաղմոսը անձնասիրութեամբ դուրս չէր ձգեր ուրիշները։ Անիկա Եհովայի մատուցուած հետեւեալ խնդրանքը կը բովանդակէ. «Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ»։—Սաղմոս 51։18

18. Զղջացող Դաւիթ ի՞նչ աղօթեց Սիօնին համար։

18 Այո, Դաւիթի ակնկալութիւնն էր աստուածային հաճութիւնը վերաշահիլ։ Սակայն, խոնարհ սաղմոսերգուն կ’աղօթէր որ ‘Աստուած բարեսրտութիւնով բարիք ընէր Սիօնի’, Իսրայէլի մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմին, ուր Դաւիթ կը յուսար կառուցանել Աստուծոյ տաճարը։ Դաւիթի լուրջ մեղքերը ամբողջ ազգին սպառնացած էին, քանի որ ամբողջ ժողովուրդը կրնար տառապիլ թագաւորին յանցագործութեան պատճառաւ։ (Բաղդատել Բ. Թագաւորաց 24–րդ գլուխը։) Իրապէս, իր մեղքերը խախտած էին «Երուսաղէմի պարիսպները», այնպէս որ անոնք վերաշինուելու կարիքը ունէին։

19. Եթէ մեղանչած, բայց թողութիւն ստացած ենք, ի՞նչ բանի համար պատշաճ պիտի ըլլար աղօթել։

19 Եթէ լուրջ մեղք մը գործած, բայց Աստուծմէ թողութիւն ստացած ենք, պատշաճ պիտի ըլլար աղօթել որ ան մեր վարքին պատճառած որեւէ վնաս կերպով մը դարմանէր։ Թերեւս նախատինք բերինք իր սուրբ անուանը վրայ, ժողովքը տկարացուցինք, կամ մեր ընտանիքին վիշտ պատճառեցինք։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կրնայ իր անուանը վրայ բերուած որեւէ նախատինք վերցնել, ժողովքը կրնայ կերտել իր սուրբ հոգիով եւ իրեն սիրող եւ ծառայող մեր սիրելիներուն սրտերը մխիթարել։ Անշուշտ, մեղքը խնդրոյ առարկայ ըլլայ կամ ոչ, Եհովայի անուան սրբացումը եւ իր ժողովուրդին բարօրութիւնը միշտ մեր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ։—Մատթէոս 6։9

20. Ո՞ր պարագաներուն ներքեւ Եհովա պիտի հաճէր Իսրայէլի զոհերուն եւ ողջակէզներուն։

20 Եթէ Եհովան Սիօնի պարիսպները շինէր, ուրիշ ի՞նչ պիտի պատահէր։ Դաւիթ երգեց. «Այն ատեն պիտի հաճիս [Եհովա] արդարութեան զոհերուն, ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն. այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն»։ (Սաղմոս 51։19) Դաւիթ սրտանց կը փափաքէր որ ինք եւ իր ազգը Եհովայի հաճութիւնը վայելէին, որպէսզի ընդունելի կերպով կարենային Զինք պաշտել։ Այն ատեն Աստուած պիտի հաճէր իրենց ողջակէզներուն եւ բոլոր զոհերուն։ Այս պիտի ըլլար պարագան, քանի որ անոնք նուիրուած, անկեղծ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելող ու զղջացած անհատներու կողմէ մատուցուած արդարութեան զոհեր պիտի ըլլային։ Եհովայի գթառատութեան հանդէպ երախտագիտութենէ մղուած, անոնք իր սեղանին վրայ զուարակներ՝ լաւագոյն եւ ամենէն սուղ զոհերը՝ պիտի մատուցանէին։ Ներկայիս, Եհովան կը պատուենք մեր լաւագոյնը բերելով իրեն։ Իսկ մեր ընծաները կը բովանդակեն «մեր շրթունքներուն պտուղը»՝ փառաբանութեան զոհեր՝ մեր գթառատ Աստուծոյ՝ Եհովայի։—Ովսեայ 14։2. Եբրայեցիս 13։15

Եհովա կը Լսէ Մեր Աղաղակը

21, 22. 51–րդ Սաղմոսը օգտակար ի՞նչ դասեր կը բովանդակէ։

21 51–րդ Սաղմոսին մէջ արձանագրուած Դաւիթի սրտաբուխ աղօթքը ցոյց կու տայ որ երբ մեղանչենք՝ անկեղծ զղջումի հոգի մը պէտք է ցուցաբերենք։ Այս սաղմոսը նաեւ որոշ դասեր կը բովանդակէ մեր օգտին համար։ Օրինակի համար, երբ մեղանչենք, բայց զղջում յայտնենք, կրնանք վստահիլ Աստուծոյ գթութեան։ Սակայն, ամէն բանէ առաջ պէտք է մտահոգուինք Եհովայի անուան վրայ թերեւս մեր բերած նախատինքին համար։ (Համարներ՝ 1–4) Դաւիթին նման, կրնանք մեր երկնաւոր Հօր գթութեան կոչ ընել, մեր ժառանգական մեղանչականութեան հիման վրայ։ (Համար՝ 5) Ճշմարտասէր պէտք է ըլլանք եւ Աստուծմէ իմաստութիւն հայցենք։ (Համար՝ 6) Եթէ մեղանչած ենք, Եհովայի պէտք է աղաչենք որ մեզ մաքրէ, որ մեզի մաքուր սիրտ մը եւ ուղիղ հոգի մը տայ։—Համարներ՝ 7–10

22 51–րդ Սաղմոսէն կը սորվինք նաեւ որ բնաւ թոյլ պէտք չէ տանք որ մեղքի մէջ կարծրանանք։ Եթէ ասիկա ընենք, Եհովա մեզմէ կ’առնէ իր սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը։ Սակայն, Աստուծոյ հոգին մեր վրայ ունենալով, կրնանք յաջողապէս ուրիշներուն սորվեցնել իր ճամբաները։ (Համարներ՝ 11–13) Եթէ մեղանչենք, բայց զղջանք, Եհովա թոյլ պիտի տայ որ շարունակենք զինք գովաբանել, քանի որ ան չ’անարգեր կոտրած ու խոնարհ սիրտ մը։ (Համարներ՝ 14–17) Այս սաղմոսը տակաւին ցոյց կու տայ որ մեր աղօթքներուն առանցքը միայն մենք պէտք չէ ըլլանք։ Այլ, պէտք է աղօթենք որ Եհովայի մաքուր պաշտամունքին մէջ բոլոր եղողներն ալ օրհնուին ու բարգաւաճին։—Համարներ՝ 18, 19

23. 51–րդ Սաղմոսը ինչո՞ւ մեզ պէտք է մղէ քաջ եւ լաւատես ըլլալու։

23 Դաւիթի այս յուզիչ սաղմոսը մեզ պէտք է մղէ քաջ եւ լաւատես ըլլալու։ Անիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ երբ մեղքի մէջ իյնանք, չխորհինք որ ամէն բան կորսուած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ զղջանք, Եհովայի գթութիւնը մեզ յուսահատութենէ կրնայ փրկել։ Եթէ մենք վշտաբեկ եւ ամբողջովին նուիրուած ենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը, ան կը լսէ իր գթութեան արժանանալու մեր աղաղակը։ Իսկ որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ Եհովա չանարգեր կոտրած սիրտ մը։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ մաքուր սրտի եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին կարիքը ունին։

◻ Զղջացող անհատ մը Եհովայի օրէնքէն ի՞նչ կրնայ սորվեցնել ամբարիշտներուն։

◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը նայի կոտրած ու խոնարհ սիրտ ունեցողի մը։

◻ 51–րդ Սաղմոսը ի՞նչ դասեր կը բովանդակէ։

[Նկար՝ էջ 25]

Սուրբ հոգին ստանալու եւ զայն տրտմեցնելէ զգուշանալու համար կ’աղօթէ՞ք։

[Նկար՝ էջ 27]

Ճշմարտութեան մասին խօսելով գնահատութիւն ցոյց տանք Եհովայի անարժան ողորմութեան հանդէպ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել