Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 7/1 էջ 8
  • Գործնական նոյնիսկ ներկայիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գործնական նոյնիսկ ներկայիս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս թիւին մէջ. Աստուածաշունչը կրնա՞յ կեանքդ բարելաւել
    Զարթի՛ր 2019
  • Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը
    Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
  • Թող Աստուծոյ Խօսքը քայլերդ ուղղէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 7/1 էջ 8

Գործնական նոյնիսկ ներկայիս

«Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (ՍԱՂՄՈՍ 119։105)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՐԲԵՐ Է։ Գրական երկերը թերեւս դասական նկատուին, բայց եւ այնպէս կեանքի ուղեգիրք մը չեն։ Եւ ցուցմունքներ տուող արդի տեղեկագիրքեր յարատեւաբար պէտք է վերամշակուին։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը դաւանի թէ «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվի[ն]ք» (Հռովմայեցիս 15։4)։

ՕՐԻՆԱԿ։ Թէեւ բժշկական ուղեգիրք մը չէ, սակայն Աստուածաշունչը կը բովանդակէ գործնական առաջարկներ զգացական եւ ֆիզիքական առողջութեան առնչութեամբ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ «հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է» (Առակաց 14։30)։ Նաեւ կը զգուշացնէ, թէ «ինքնահաճոյ [«մեկուսացող», ՆԱ] մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ» (Առակաց 18։1)։ Միւս կողմէ, ատիկա կը նշէ թէ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։

ԻՆՉ ՈՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Հանդարտութիւնը, զօրաւոր բարեկամութիւնները եւ առատաձեռնութիւնը կրնան առողջութիւնդ բարելաւել։ Պարբերաթերթ մը կը տեղեկագրէ. «Պոռթկացող տղամարդիկը, չբարկացող տղամարդոցմէ կրկնապատիկ վտանգ կ’ունենան կաթուածէ բռնուելու» (The Journal of the American Medical Association)։ Աւստրալիոյ մէջ տասը տարուան ուսումնասիրութիւն մը նկատեց թէ այն տարեցները, որոնք «աւելի լաւ ընկերային յարաբերութիւններ ունէին իրենց բարեկամներուն եւ մտերիմներուն հետ», աւելի երկար ապրելու հաւանականութիւն ունէին։ Եւ 2008–ին, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետազօտիչներ ապացուցանեցին, թէ «ուրիշներուն վրայ դրամ ծախսելը անհատին աւելի ուրախութիւն կը բերէ, քան՝ իր անձին համար ծախսելը»։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Գրեթէ 2000 տարի առաջ ամբողջացած այլ գրքի մը տուած առողջապահական խրատներուն պիտի վստահէի՞ր, թէ ոչ՝ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

«Աստուածաշունչը սրտիս շա՜տ կը խօսի. . . քանի որ բժշկական հոյակապ խրատներ կը բովանդակէ» (ԲԺ. ՀԱՈՒԸՐՏ ՔԷԼԻ, THE JOHNS HOPKINS UNIVERSITY SCHOOL OF MEDICINE)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել