Համբերութիւնը ինչո՞ւ այսքան հազուագիւտ է
ԷՄԻԼԻՈՆ իր 60–ական տարիքին մէջ էր։a Ան Օահու կղզին եկած էր տխուր պարտականութեամբ մը. իր չափահաս որդւոյն թաղման համար։ Երբ բլուրի կողքի հանդարտ փողոցէ մը կը քալէր, իր քանի մը բարեկամներուն հետ խօսակցելով, Էմիլիոն սոսկաց, ինքնաշարժ մը անձնական տան մը մուտքէն դէպի ետ փողոց ելաւ։ Քիչ մնաց որ ինքնաշարժը զարնէր իրեն։ Էմիլիոն, բարկութեամբ ու անհամբերութեամբ, նախատեց վարորդին եւ ինքնաշարժի յետսակողմին ձեռքով հարուած մը տուաւ։ Վէճ մը պայթեցաւ։ Այնպէս կը թուի որ վարորդը հրեց Էմիլիոյին որ ինկաւ եւ իր գլուխը մայթին զարնուեցաւ։ Քանի մը օր ետք, Էմիլիոն մահացաւ իր գլխուն ստացած հարուածին պատճառաւ։ Ի՜նչ տխուր հետեւանք մը։
Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր համբերութիւնը հազուագիւտ յատկութիւն մըն է։ Ինքնաշարժի վարորդները երթալով աւելի արագ կը քշեն։ Ուրիշներ արագութեան սահմանը յարգող ինքնաշարժներուն շատ մօտէն կը հետեւին։ Տակաւին ուրիշներ մէկ գիծէն միւսը կ’անցնին, քանի որ չեն հանդուրժեր ուրիշ ինքնաշարժի մը ետեւը ըլլալ։ Տան մէջ, ընտանիքի անդամները բարկութեան նոպաներու անձնատուր կ’ըլլան եւ կը բռնանան։ Նոյնիսկ կարգ մը Քրիստոնեաներ չափազանց տակնուվրայ կ’ըլլան իրենց հոգեւոր եղբայրներուն յանցանքներուն կամ սխալներուն համար։
Համբերութիւնը ինչո՞ւ այսքան հազուագիւտ է։ Միշտ այսպէ՞ս եղած է։ Մեր օրերուն ինչո՞ւ շատ դժուար է համբերող ըլլալ։
Անհամբերութեան Օրինակներ
Աստուածաշունչը կը խօսի կնոջ մը մասին, որ շատ մեծ որոշում մը տալէ առաջ իր ամուսնոյն կարծիքը առնելու չսպասեց։ Այդ կնոջ անունը Եւա էր։ Ադամէն առաջ անցնելով, թերեւս մասամբ անհամբերութեան պատճառաւ, ան արգիլուած պտուղէն կերաւ։ (Ծննդոց 3։1–6) Ի՞նչ կրնանք ըսել անոր ամուսնոյն մասին։ Անկասկած ան ալ անհամբեր գտնուեցաւ Եւային հետեւելով, օգնութեան կամ ուղղութեան համար առանց նախ իր երկնաւոր Հօրը՝ Եհովայի՝ մօտենալու։ Անոնց ագահութիւնը, որու հաւանաբար խառնուած էր մեղքի առաջնորդած անհամբերութիւնը, չարաշուք հետեւանքներ ունեցաւ բոլորիս համար։ Մենք նաեւ անոնցմէ ժառանգեցինք մեղքեր գործելու, մէջը ըլլալով՝ գոռոզութեան եւ անհամբերութեան, հակումը։—Հռովմայեցիս 5։12
Մեր առաջին ծնողքին մեղքէն շուրջ 2,500 տարիներ ետք, Իսրայելացիները՝ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը՝ հաւատքի ու համբերութեան խոր եւ յարատեւ պակաս մը ցոյց տուին։ Թէեւ Եհովա տակաւին նոր փրկած էր զիրենք Եգիպտոսի գերութենէն, անոնք «շուտով մոռցան անոր գործերը ու անոր խրատին չսպասեցին»։ (Սաղմոս 106։7–14) Անոնք կրկին անգամ լուրջ յանցանքներու մէջ ինկան, քանի որ անհամբեր էին։ Անոնք ոսկիէ հորթ մը շինեցին ու զայն պաշտեցին. անոնք իրենց ի նպաստ Եհովայի հայթայթած նիւթական կարգադրութեան՝ մանանային՝ մասին տնտնջացին։ Անոնցմէ շատերը նոյնիսկ Եհովայի նշանակած ներկայացուցիչին՝ Մովսէսին՝ դէմ ըմբոստացան։ Իրապէս, անոնց համբերութեան պակասը վշտի ու աղէտի առաջնորդեց զանոնք։
Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ՝ իր զաւակները զրկեց արքունական ժառանգորդներ ըլլալու պատեհութենէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան Սամուէլ մարգարէին չսպասեց, որ Եհովայի զոհ մը պիտի մատուցանէր։ Մարդու վախը պատճառ եղաւ որ Սաւուղ Սամուէլէն առաջ անցնի, զոհը մատուցանելով։ Պահ մը երեւակայեցէք թէ ան ի՛նչ զգացած ըլլալու է, երբ, արարողութիւնը հազիւ վերջացած, Սամուէլ հասաւ։ Եթէ ան քանի մը վայրկեան եւս մի՛այն սպասած ըլլար։—Ա. Թագաւորաց 13։6–14
Եթէ Եւա մի՛այն սպասած ըլլար Ադամի, փոխանակ պտուղին վրայ խուժելու։ Եթէ Իսրայելացիները մի՛այն սպասած ըլլային Եհովայի խրատին։ Այո, համբերութիւնը այսքան վիշտէ ու ցաւէ խնայած պիտի ըլլար զանոնք ու մեզ։
Անհամբերութեան Պատճառները
Աստուածաշունչը կ’օգնէ մեզի որ ներկայ անհամբերութեան գլխաւոր պատճառը հասկնանք։ Երկրորդ Տիմոթէոս 3–րդ գլուխը կը նկարագրէ որ մեր սերունդը «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրի։ Անիկա կ’ըսէ որ «մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր ամբարտաւան, հպարտ ... անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող»։ (Համարներ 2, 3) Այսպիսի ագահ ու անձնակեդրոն կեցուածք մը շատերուն սրտերն ու մտքերը ապականած է, պատճառ ըլլալով որ շատեր, մէջը ըլլալով՝ Քրիստոնեաները, անհամբեր ըլլան։ Երբ տեսնենք աշխարհային անհատներ որոնք շատ արագ կը քշեն, կամ ուրիշին ճամբան կը կտրեն կամ մեր վրայ նախատինքներ կը տեղացնեն, մեր համբերութիւնը դառն փորձի կ’ենթարկուի։ Կրնանք փորձուիլ զանոնք ընդօրինակել կամ անոնց փոխադարձել, այդ ատեն անոնց անձնասէր սնապարծութեան աստիճանին իջած կ’ըլլանք։
Երբեմն, մեր կողմէ սխալ եզրակացութիւն մը պատճառ կրնայ ըլլալ որ մեր համբերութիւնը կորսնցնենք։ Նկատի առէք թէ Սողոմոն Թագաւոր ի՛նչպէս պատկերացուց փութկոտ, սխալ տրամաբանութեան եւ անհամբեր, ցասկոտ վարմունքի միջեւ եղած կապակցութիւնը. «Երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։ Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի»։ (Ժողովողի 7։8, 9) Եթէ հակազդելէ առաջ, ժամանակ տրամադրենք կացութիւն մը ճշգրիտ կերպով եւ լիովին հասկնալու համար, անկասկած ուրիշներուն հանդէպ աւելի հասկացող, աւելի կարեկից եւ աւելի համբերող պիտի ըլլանք։ Իսկ միւս կողմէն, հպարտ, անձնակեդրոն կեցուածք մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ նեղմիտ, անհամբեր ու դառն ըլլանք, Մովսէսը նեղացուցած, տրտնջացած, խստապարանոց Իսրայելացիներուն նման։—Թուոց 20։2–5, 10
Այս աշխարհին մէջ երթալով աւելցող անհամբերութեան ուրիշ մէկ պատճառը անոր անյոյս վիճակն է, որ Եհովայէ օտարացած ըլլալուն հետեւանքն է։ Դաւիթ Եհովայի յուսալու մարդուն կարիքը արտայայտեց, ըսելով. «Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, վասնզի անկէ է իմ յոյսս»։ (Սաղմոս 62։5) Եհովան չճանչցողներէն շատեր սահմանափակ, տխուր հայեացք մը ունին, ուստի անոնք կը ջանան հաճոյքի եւ շահախնդրութեան ամէն առիթ յափշտակել մինչեւ որ իրենց ժամանակը վերջ գտնէ։ Իրենց հոգեւոր հօրը՝ Բանսարկու Սատանային՝ նման, անոնք յաճախ հոգ չեն ըներ թէ իրենց արարքները ի՛նչպէս կրնան ուրիշներուն վնասել։—Յովհաննու 8։44. Ա. Յովհաննու 5։19
Զարամանալի չէ, ուրեմն, որ ներկայիս համբերութիւնը շատ հազուագիւտ է։ Իրերու այս ամբարիշտ ու անձնասէր դրութիւնը, անոր աստուածը՝ Սատանան եւ մեր ինկած մարմնին մեղաւոր հակումները կը դժուարացնեն որ ոեւէ մէկը, նոյնիսկ անկեղծ անհատները, համբերող ըլլան։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ յատկապէս Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման նկատմամբ ‘համբերութիւն ունենանք’։ (Յակոբու 5։8) Համբերութիւնը ինչո՞ւ այսքան արժէքաւոր է։ Անիկա ի՞նչ վարձատրութիւններ կը բերէ մեզի։
Համբերութիւնը Ի՛նչու Այսքան Արժէքաւոր Է
«Անոնք ալ կը ծառայեն, որոնք միայն կը կանգնին ու կը սպասեն»։ Աւելի քան երեք հարիւր տարիներ առաջ, այս խօսքերը գրած է Անգլիացի բանաստեղծ Ճոն Միլթըն «Իր Կուրութեան Մասին» հնչեակի մը մէջ։ Բանաստեղծութեան սկիզբը, ան Աստուծոյ լիովին ծառայելու անկարող ըլլալու իր զգացումին մասին իր ընդվզումն ու մտահոգութիւնը կ’արտայայտէ, քանի որ ան քառասունական տարիքին մէջ իր տեսողութիւնը կորսնցուցած էր։ Բայց ի՛նչպէս կը տեսնուի բանաստեղծութեան վերջին տողէն, զոր վերը յիշեցինք, ան կը գիտակցէր որ անհատ մը կրնայ Աստուած պաշտել նեղութիւններու համբերութեամբ տոկալով եւ հանդարտութեամբ ծառայելու մատչելի առիթներ փնտռելով։ Միլթըն համբերութեամբ Աստուծոյ ապաւինելու արժէքը հասկցած էր։
Շատերս թերեւս լաւ տեսողութիւն մը ունինք, բայց բոլորս ալ սահմանափակումներ ունինք, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ բարկանանք կամ նեղանանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք համբերութիւն ձեռք ձգել ու համբերող ըլլալ։
Քաջալերական Օրինակներ
Աստուածաշունչը համբերութեան բազմաթիւ գեղեցիկ օրինակներ կու տայ մեզի։ Եհովայի համբերութիւնը միլիոնաւոր անհատներու համար յաւիտենական կեանքը կարելի կ’ընէ։ (Բ. Պետրոս 3։9, 15) Մեզ հրաւիրելով որ իր լուծը առնենք եւ ‘մեր հոգիներուն հանգստութիւն գտնենք’, Յիսուս իր Հօրը հոյակապ համբերութիւնը կատարելապէս կ’արտացոլացնէ։ (Մատթէոս 11։28–30) Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակներուն վրայ խոկալը կրնայ օգնել մեզի որ աւելի համբերող ըլլանք։
Յակոբի որդին՝ Յովսէփ՝ բարկանալու, դառնանալու կամ ոխակալ ըլլալու շատ պատճառներ ունէր։ Իր եղբայրները շատ անարդար կերպով վարուած էին իրեն հետ, իր մահը դաւադրելով եւ վերջապէս զինք գերութեան ծախելով։ Եգիպտոսի մէջ, հակառակ Պէտափրէսի իր մատուցանած խղճամիտ ու հաւատարիմ սպասարկութեան, Յովսէփ անիրաւօրէն ամբաստանուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։ Ան իր բոլոր նեղութիւններուն համբերութեամբ տոկաց, հաւանաբար հասկնալով որ այսպիսի փորձանքներ կրնային Եհովայի նպատակներուն ծառայել։ (Ծննդոց 45։5) Քանի որ խոնարհութեամբ ու հասկացողութեամբ Եհովայի վրայ հաւատք ու յոյս մշակեց, Յովսէփ կրցաւ համբերել, նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներու ներքեւ։
Եհովայի սուրբ հոգին ուրիշ կարեւոր օգնութիւն մըն է։ Եթէ, զոր օրինակ, շուտ բորբոքող եւ կծող լեզու ունինք, կրնանք սուրբ հոգիին օգնութիւնը խնդրել անոր պտուղները մշակելու համար։ Իւրաքանչիւր պտուղին, ինչպէս՝ երկայնամտութեան եւ ժուժկալութեան, վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ անոնք համբերութեան հետ ի՛նչպէս խոր կերպով առնչութիւն ունին։—Գաղատացիս 5։22, 23
Համբերութեան Վարձատրութիւնները
Համբերող ըլլալը կրնայ շատ մը օգուտներ բերել մեզի։ Անիկա մեր անձնաւորութիւնը կը զօրացնէ եւ հապճեպով յիմարական արարքներ ընելէ կը պաշտպանէ մեզ։ Մեզմէ ո՞վ վնասակար արարքներ չէ ըրած, դժուար կամ լարուած կացութիւններու արագօրէն մեր դիմադարձելուն պատճառաւ։ Թերեւս անազնիւ խօսք մը ըսած կամ կոշտ կերպով վարուած ենք։ Թերեւս թոյլ տուած ենք որ սիրելի անձի մը հետ չնչին դէպք մը բուռն կռիւի դառնայ առանց տեղի տալու։ Շատ բարկութենէ, խռովութենէ ու ցաւէ ետք, թերեւս ողբալով խորհած ենք, ‘Եթէ մի՛այն քիչ մը աւելի համբերած ըլլայի’։ Համբերող ըլլալը կրնայ ամէն տեսակ վիշտէ պաշտպանել մեզ։ Միայն այն իրողութիւնը արդէն մեր կեանքը աւելի խաղաղ, կայուն եւ գոհացուցիչ կը դարձնէ։—Փիլիպպեցիս 4։5–7
Համբերող ըլլալը նաեւ հանդարտ, վստահելի սիրտ մը ունենալու կ’օգնէ։ Անիկա կրնայ ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ աւելի առողջ ըլլալու նպաստել։ (Առակաց 14։30) Անզուսպ, կատաղի բարկութիւնը կրնայ զգացական եւ ֆիզիքական լուրջ հիւանդութիւններու եւ մահուան առաջնորդել։ Իսկ միւս կողմէն, համբերող ըլլալով, ուրիշներու, մասնաւորաբար մեր հոգեւոր եղբայրներուն եւ ընտանիքի անդամներուն, հանդէպ աւելի դրական կեցուածք մը կ’ունենանք։ Այդ պարագային, աւելի փափկանկատ եւ ծառայասէր ըլլալու հակումը պիտի ունենանք, փոխանակ ցասկոտ եւ քննադատող ըլլալու։ Ուրիշներն ալ, իրենց կարգին, մեզի հետ ընկերակցիլը աւելի դիւրին եւ հաճելի պիտի գտնեն։
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէցները մասնաւորաբար համբերութեան կարիքը ունին։ Երբեմն, Քրիստոնեայ հաւատակիցներ լուրջ խնդիրներով անոնց կը մօտենան։ Այս անկեղծ անհատները կրնան շփոթած, տակնուվրայ եղած կամ ընկճուած ըլլալ, իսկ երէցները, իրենց կարգին կրնան յոգնած, անձնական, կամ ընտանեկան խնդիրներով մտազբաղ ըլլալ։ Բայց, որքա՜ն կենսական է որ երէցները համբերող ըլլան այսպիսի փորձիչ պարագաներու ներքեւ։ Այս կերպով, անոնք «քաղցրութեամբ» խրատելու եւ ‘հօտին խնայելու’ ի վիճակի պիտի ըլլան։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25. Գործք 20։28, 29) Թանկագին կեանքեր խնդրոյ առարկայ են։ Ժողովքին համար ազնիւ, սիրալիր եւ համբերող երէցները ի՜նչ օրհնութիւն են։
Ընտանիքի գլուխներն ալ իրենց տան անդամներուն հետ համբերութեամբ, հասկացողութեամբ եւ ազնուութեամբ պէտք է վարուին։ Անոնք ընտանիքի բոլոր անդամներէն ալ պէտք է ակնկալեն եւ զանոնք քաջալերեն որ այս նոյն յատկութիւնները ցուցաբերեն։ (Մատթէոս 7։12) Ասիկա տան մէջ սիրոյ եւ խաղաղութեան մեծապէս պիտի նպաստէ։
Քարոզչութեան մէջ համբերութիւն ցուցաբերելը պիտի օգնէ Քրիստոնեայ քարոզիչներուն որ այս ծառայութիւնը աւելի լման կերպով վայելեն։ Անոնք աւելի լաւ կերպով պիտի տոկան որեւէ անտարբերութեան եւ հակառակութեան։ Փոխանակ ցասկոտ տանուտէրներուն հետ առարկելու, համբերող քարոզիչներ պիտի կարենան մեղմ պատասխան մը տալ կամ անխօս մեկնիլ, այսպիսով իրենց խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը պահելով։ (Մատթէոս 10։12, 13) Ասկէ զատ, երբ Քրիստոնեաները ամենուն հետ համբերութեամբ ու ազնուութեամբ վարուին, ոչխարանման անհատներ Թագաւորութեան պատգամով պիտի հրապուրուին։ Եհովա համաշխարհային գետնի վրայ իր ծառաներուն համբերատար ջանքերը օրհնած է, քանի որ ճշմարտութիւնը սիրող հարիւր հազարաւորներ Եհովայի սիրալիր ժողովքը կը խուժեն ամէն տարի։
Իրապէս, համբերութիւն ցուցաբերելը լաւ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Բազմաթիւ արկածներէ եւ խնդիրներէ պիտի խուսափինք, որոնք կը պատճառուին անզուսպ ըլլալէ եւ մեր լեզուն շատ արագ գործածելէն։ Մենք աւելի ուրախ, հանդարտ եւ հաւանաբար աւելի առողջ պիտի ըլլանք։ Մեր ծառայութեան, ժողովքին եւ տան մէջ, մենք աւելի մեծ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն պիտի վայելենք։ Բայց ամենէն աւելին, Աստուծոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը պիտի վայելենք։ Ուստի, Եհովայի ապաւինեցէ՛ք։ Համբերութիւն ցուցաբերեցէք։
[Ստորանիշ էջ 10]
a Անունը փոխուած է։