Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/94 էջ 3-4
  • Եհովային Ծառայենք Առանց Զբաղումի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային Ծառայենք Առանց Զբաղումի
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առանց զբաղումի Եհովային ծառայէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Մենք Արթուն Կը Կենա՞նք—Զբաղումներէ Խուսափելով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • «Պատրաստ Կեցէք»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • ‘Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել’
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 4/94 էջ 3-4

Եհովային Ծառայենք Առանց Զբաղումի

1 «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ (Սաղմ. 144։15) Դաւիթ թագաւորին այս խօսքերը տակաւին ճշմարի՞տ են, նոյնիսկ այս չար օրերուն ընթացքին։ (Եփ. 5։16) Այո. Քրիստոնեաները տակաւին հաճոյք կը գտնեն Եհովային ծառայելուն մէջ։ Մեզի համար իրերը միշտ դիւրին չեն։ Սատանան մեզի նեղութիւններ կը պատճառէ այս «չար ժամանակներ»ուն ընթացքին, այսուհանդերձ սրտաբեկ չենք։ (Բ. Տիմ. 3։1, 2) Վատթարացած վիճակները յաւելեալ փաստ մըն են թէ ժամանակը մօտեցած է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս հին աշխարհը մէջտեղէն վերցնէ եւ փոխարինէ զայն մաքուր նոր աշխարհով մը։ (Բ. Պետ. 3։13) Այս աշխարհի խաւարը չ’աղօտացներ կամ չի մարեր մեր ուրախ յոյսին բոցը. փոխարէն, մեր Թագաւորութեան յոյսը ա՛լ աւելի շողշողուն կերպով կը փայլի։ Ուրախ չէ՞ք որ Եհովային կը ծառայէք որպէս լուսաւոր մը այս խաւար աշխարհին մէջ։—Փիլ. 2։15

2 Անհատապէս պէտք է յարատեւաբար ուշադրութիւն ընենք թէ ինչպէ՛ս Եհովային կը ծառայենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան մեծ Զբաղեցնող մըն է։ Բառարան մը կը սահմանէ Անգլերէնով «զբաղեցնել» բառը որպէս «մէկդի դարձնել», «(մէկու մը ուշադրութիւնը) հրաւիրել կամ ուղղել տարբեր բանի մը կամ զանազան ուղղութիւններու միեւնոյն ժամանակ» եւ «հակասական զգացումներ կամ շարժառիթներ գրգռել կամ անոնցմով շփոթեցնել»։ Դէպի այս երկիր ձգուելէ ի վեր, Սատանան յաջողած է մարդկութիւնը «մոլորեց»նելու մէջ։ Ան շատ մը միջոցներ կը գործածէ որպէսզի մարդուն ուշադրութիւնը հեռացնէ մեր օրուան իսկական հարցերէն։ (Յայտ. 12։9) Թէեւ Եհովայի Վկաները փութաջանօրէն քարոզեցին Թագաւորութիւնը անցեալ հարիւր տարուան տեւողութեան, քանի՞ անհատներ կը գնահատեն Աստուծոյ անուան սրբացման եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ իր գերիշխանութեան ջատագովութեան ամենակարեւոր հարցերը։ Յարաբերաբար քիչեր։ (Ա. Յովհ. 5։19) Եթէ Սատանան կրնայ միլիառաւոր մարդիկ զբաղեցնել այս երկրին վրայ, միշտ վտանգ կայ որ ան մեզ զբաղեցնէ կամ մեր ուշադրութիւնը գրաւէ այնպէս որ Եհովայի ծառայութիւնը լքենք։ Դժբախտաբար, մեր եղբայրներէն ոմանք շփոթութեան մատնուեցան Սատանային զբաղումներուն միջոցաւ։ Անոնք թոյլ տուին իրենց մտքերուն որ առաջնորդուին տարբեր ուղղութիւններու։ Այսօր զբաղումներուն ամէն տեսակները կան։ Նկատի առէք անոնցմէ մի քանի հատը։

3 Տնտեսական Խնդիրները եւ Նիւթական Բաներու Սէրը. Երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ, անգործութիւնը եւ ապրուստի սղութիւնը մտահոգութիւններ կը պատճառեն։ Ճիշդ է որ մեզի եւ մեր ընտանիքներուն պէտք է հայթայթենք կերակուր, հագուստեղէն եւ պատսպարան։ Բայց եթէ թոյլ տանք որ չափազանցօրէն մտահոգուինք կեանքի անհրաժեշտ բաներու մասին, այս հոգերը պիտի տիրապետեն մեր մտածութեան վրայ։ Մեր ֆիզիքական վերապրումը կրնայ ամենակարեւոր բանը ըլլալ մեր կեանքին մէջ քան թէ մեր թիկունք կանգնիլը Թագաւորութեան հարցին։ Պօղոս առաքեալ ասոր առնչութեամբ խրատ տուաւ Եբրայեցիս 13։5, 6–ին մէջ։ Յիսուս Քրիստոս մեզ կը վստահեցնէ թէ անոնք որոնք առաջ Թագաւորութիւնը կը փնտռեն հարկ չկայ որ մտահոգուին. Եհովա մեր իսկական կարիքները կը լեցնէ։ (Մատթ. 6։25-34) Ռահվիրաները եւ ուրիշ լիաժամ ծառաները համայն աշխարհի մէջ կրնան հաստատել թէ ասիկա ճշմարիտ է։

4 Սատանայի աշխարհը յառաջ կը մղէ նիւթական բաներու սէրը։ Աւելի ստացուածքներ ձեռք ձգելը կամ զանոնք պաշտպանելը մղիչ ոյժն է միլիոնաւոր մարդոց կեանքին մէջ։ Նոյնանման զբաղումներ կը գտնուէին Յիսուսի օրերուն։ Հարուստ երիտասարդ մը Յիսուսի հարցուց թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր որպէսզի յաւիտենական կեանքը ժառանգէր։ Յիսուս պատասխանեց. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ (Մատթ. 19։16-23) Երեւութապէս, անոր նիւթական շատ ստացուածքները զինք զբաղեցուցին այնպէս որ բոլոր սրտով Աստուծոյ ծառայութիւն չմատուցանեց։ Անոր սիրտը կեդրոնացած էր իր հարստութեան վրայ։ Յիսուս գիտէր որ երիտասարդը պիտի օգտուէր եթէ այս զբաղումներէն ձերբազատուէր։ Անոնք արգելք հանդիսացան որ ինք կատարեալ ըլլար իր նուիրումին մէջ Աստուծոյ։ Ի՞նչ ըսել ձեր մասին։ Արդեօք աշխարհային գործին աւելի՞ ժամանակ կը յատկացնէք որպէսզի պահպանէք այն կենցաղը որու վարժուած էք։ Ասիկա ազդա՞ծ է ձեր ծառայութեան զոր Եհովայի կը մատուցանէք։ Արդեօք ձեր նիւթական ստացուածքները ձեր ժամանակէն ու կորովէն ա՛յնքան շատ կ’առնե՞ն որ ոչինչ կը մնայ Թագաւորութեան շահերուն համար։ (Մատթ. 6։24) Կրնա՞ք ձեր կեանքը պարզ դարձնել որպէսզի աւելի ժամանակ յատկացնէք հոգեւոր շահերուն։

5 Առօրեայ Կեանքի Սովորական Գործունէութիւնները. Եթէ ուշադիր չենք, կրնանք ա՛յնքան միջամուխ ըլլալ կեանքի սովորական գործունէութիւններուն որ կը սկսինք հոգեւոր հետապնդումները անտեսել։ Յիշեցէք Նոյի օրերուն ապրող մարդիկը։ Անոնք ա՛յնքան մտազբաղ էին ընկերային գործունէութեամբ, ուտելով ու խմելով, ամուսնանալով եւ իրենց զաւակները ամուսնացնելով, որ ուշադրութիւն չընծայեցին Նոյի ազդարարութեան պատգամին վերահաս Ջրհեղեղին մասին։ Մինչ չէին անդրադարձած, Ջրհեղեղը եկաւ եւ զանոնք բնաջնջեց։ Զբաղումները իրենց համար կործանում նշանակեցին։ Յիսուս ըսաւ. «Որդի մարդոյ [ներկայութիւնն, ՆԱ] ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթ. 24։37-39) Արդարեւ, մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր ա՛յնքան միջամուխ եղած են իրենց անձնական կեանքին որ ուշադրութիւն չեն ընծայեր ազդարարութեան պատգամին զոր իրենց կը բերենք։ Անոնք սոսկալի անտարբերութիւն մը կը ցուցաբերեն հոգեւոր բաներուն հանդէպ։

6 Արդեօք ձեր կեանքը ընկերային գործունէութիւններով երթալով աւելի կը խճողուի՞ այնպէս որ հոգեւոր հարցերը երթալով նուազ ուշադրութիւն կը ստանան։ Առիթով մը Յիսուս հրաւիրուած էր Մարթային ու Մարիամին տունը։ Մարիամ ուշի ուշով մտիկ կ’ընէր անոր ըսածներուն։ Միւս կողմէն, Մարթա «սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր»։ Մարթա չափազանց մտահոգութիւն ունէր լաւ հիւրընկալուհի մը ըլլալու նկատմամբ։ Ան չգնահատեց կարիքը ժամանակ տրամադրելու որ Յիսուսին մտիկ ընէր։ Յիսուս ազնուօրէն Մարթային ցոյց տուաւ որ շատ աշխատանքով պատրաստուած հայթայթումներուն հարկ չկար. աւելի ուշադրութիւն պէտք է ընծայել հոգեւոր հարցերուն։ Այդ խրատը կիրարկելու կարիքը ունի՞ք։ (Ղուկ. 10։38-42) Յիսուս նաեւ ազդարարեց որ պէտք է մեր անձերուն զգոյշ ըլլանք որպէսզի շատ չուտենք կամ չափազանց խմենք, մեր զգայարանքները բթացնելով։ Մարդկային պատմութեան այս դժուարին ժամանակին մէջ, կարիքը ունինք ամբողջովին արթուն ըլլալու։—Ղուկ. 21։34-36

7 Հաճոյքներ Հետապնդելը. Հաճոյք հետապնդելը Սատանային գործածած ամենամեծ զբաղումներէն մէկն է, Թագաւորութեան հարցէն ուշադրութիւնը հեռացնելու համար։ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ միլիոնաւորներ Աստուծմէ առաջ հաճոյքը դրած են։ Անոնք կը նախընտրեն զուարճանալ որոշ զբօսանքով քան թէ լրջօրէն հետաքրքրուիլ Աստուծոյ Խօսքով։ (Բ. Տիմ. 3։4) Անշուշտ, առողջարար ժամանցը եւ զբօսանքը ինքնին սխալ չեն։ Բայց իւրաքանչիւր շաբաթ շատ ժամանակ յատկացնելը հեռատեսիլին, շարժանկարներուն, պատկերիզներուն, մարմնամարզանքին, աշխարհային ընթերցումին կամ նախասիրութիւններուն կրնայ թոյլ տալ որ խաբեբայ սիրտ մը զարգանայ եւ մեզ Եհովայէ հեռացնէ։ (Երեմ. 17։9. Եբր. 3։12) Ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ տեղի ունենալ։ Քրիստոնէական ժողովներուն ընթացքին, թերեւս նկատէք որ ձեր միտքը կը թափառի. թերեւս նոյնիսկ փափաքիք որ ժողովը վերջանայ որպէսզի կարենաք վերադառնալ հաճոյքները հետապնդելու։ Շուտով, կը սկսիք պատճառներ փնտռել որպէսզի տունը մնաք քան թէ ժողովի երթաք կամ դաշտի ծառայութեան մասնակցիք։ Հիմա է ժամանակը բացայայտօրէն որոշելու թէ այս հետապնդումները զբաղումներ եղա՛ծ են ձեր կեանքին մէջ կամ ոչ։ (Ղուկ. 8։14) Կարելի չէ՞ զբօսանքին սպառած թանկագին ժամերէն ոմանք աւելի լաւ կերպով գործածուին հոգեւոր յառաջդիմութեան համար։

8 Ժամանակ Սպառող Երկրորդական Հարցերը. Ոմանք միջամուխ եղած են արդի ընկերութեան հասարակ խնդիրները լուծելու ջանքերուն։ Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին պարփակուելէ ընկերային հարցերու շուրջ աշխարհի անվերջ վէճերուն մէջ կամ անոր փուճ պայքարներուն մէջ՝ անարդարութիւնները շտկելու համար։ (Յովհ. 17։16) Այս բոլորը մաս կը կազմեն Սատանայի ծրագրէն որ ուշադրութիւնը հեռացնէ Աստուածաշունչի խրատէն եւ այն հիմնական իրողութենէն թէ միայն մէկ երկարատեւ լուծում կայ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Եթէ ենթարկուած ենք անձնական վնասի մը կամ անարդարութեան, պէտք է զգուշանանք վրիժառու ըլլալէ կամ զգացականօրէն շատ խանգարուելէ այնպէս որ մոռնանք ո՛վ ենք՝ Եհովայի Վկաներ։ Ամէն բանէ առաջ, Եհովայի դէմ է որ սխալը գործուած է եւ իր անունն է որ պէտք է սրբացնենք։—Եսայ. 43։10-12. Մատթ. 6։9

9 Մինչ ամէն անհատ կ’ուզէ պահպանել որոշ չափով լաւ առողջութիւն մը, չափազանց ուշադրութիւն ընծայելը առաջարկուած երեւութապէս անվերջ տեսութիւններու եւ դարմաններու, կրնայ անհատը մտազբաղ դարձնել առողջապահութեան հարցերով։ Շատ անհատներ կան որոնք ֆիզիքական ու զգացական խնդիրներու համար կը պաշտպանեն այլազան սննդականոններ, դարմաններ եւ բուժումներ, որոնցմէ շատեր իրարու հակասական են։ Անձնական որոշում մըն է ինչ որ անհատ մը կ’ընէ առողջապահութեան հարցերուն առնչութեամբ, որքան ատեն հակասութիւն չկայ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ։ Միշտ պահպանենք մեր ամբողջական վստահութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ որպէս մարդկութեան հիւանդութիւններուն ճշմարիտ դարմանը։—Եսայ. 33։24. Յայտ. 21։3, 4

10 Հաստատո՛ւն եւ Անշա՛րժ Կենանք. Մինչ վախճանը կը մօտենայ, Սատանան պիտի աւելցնէ իր ջանքերը ձեզ զբաղեցնելու եւ Եհովայի ձեր ծառայութիւնը խանգարելու։ «Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած»։ (Ա. Պետ. 5։9) Ինչպէ՞ս։ Պէտք է սնուցանուիք Աստուծոյ խորհուրդներով։ (Մատթ. 4։4) Թոյլ մի տաք աշխարհի զբաղումներուն որ ձեզմէ ու ձեր ընտանիքէն խլեն պէտք եղած ժամանակը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հանդարտօրէն խոկալու։ Երբ ընտանիոք կը ճաշէք, խօսակցեցէք շինիչ փորձառութիւններու եւ ուրիշ հոգեւոր հարցերու մասին։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներուն պատրաստուելու հաստատ յայտագրի մը կառչեցէք։

11 Երբ մտահոգութիւնները կը սպառնան ձեր միտքը խանգարել, աղօթքով ձեր բեռը Եհովայի վրայ ձգեցէք։ Ան վստահաբար ձեզի համար կը հոգայ։ (Ա. Պետ. 5։7) Աստուծոյ խաղաղութիւնը թող ձեր սիրտը եւ մտային կարողութիւնները պահպանէ։ (Փիլ. 4։6, 7) Թոյլ մի տաք որ զբաղումները ձեր հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտացնեն։ Յարատեւաբար ձեր աչքերուն առջեւ Եհովան պահեցէք, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ (Գործք 2։25) Ձեր աչքերը սեւեռած պահեցէք ձեր նպատակակէտին վրայ, ինչպէս Առակաց 4։25-27 մեզ կը քաջալերէ. «Քու աչքերդ ուղիղ թող նային ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։ Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։ Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր»։

12 Հաւատարմօրէն բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուեցէք եւ ջանացէք ուշի ուշով մտիկ ընել Աստուծոյ Խօսքէն տրուած խրատներուն։ (Եբր. 2։1. 10։24, 25) Փոխանակ այս վատթարացող աշխարհին ներկայացուցած հաճոյքները փնտռելու, ձեր նպատակակէտը ըրէք արդիւնաբեր ծառայութիւն մը պահպանել։ Ասիկա է որ մնայուն ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը բերէ։ (Ա. Թես. 2։19, 20) Վերջապէս, որեւէ բանի կամ ոեւէ անհատի թոյլ մի տաք որ ձեր սուրբ ծառայութիւնը խանգարէ։ «Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։—Ա. Կորն. 15։58

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել