Ազատագրուելով՝ արդար նոր աշխարհ մը մտնել
«Խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—ՍԱՂՄՈՍ 37։11
1, 2. (ա) Մեր օրերուն Եհովայի ազատագրումը ի՞նչպէս անցեալէն տարբեր պիտի ըլլայ։ (բ) Եհովա իր ժողովուրդը ի՞նչպիսի աշխարհի մը մէջ պիտի բերէ։
ԵՀՈՎԱ ազատագրութեան Աստուած մըն է։ Անցեալին, ան բազմիցս իր ժողովուրդը ազատագրած է։ Այդ ազատագրութիւնները ժամանակաւոր էին, քանի որ Եհովա անոնցմէ որեւէ մէկուն ընթացքին Սատանայի ամբողջ աշխարհին վրայ վերջնական դատաստան չգործադրեց։ Բայց մեր օրերուն, Եհովա շուտով մեծագոյն ազատագրութիւնը պիտի կատարէ իր ծառաներուն համար։ Այս անգամ Սատանայի դրութեան ամէն հետք երկրէն պիտի սրբէ ու իր ծառաները մնայուն, արդար նոր աշխարհի մը մէջ պիտի բերէ։—Բ. Պետրոս 2։9. 3։10-13
2 Եհովա կը խոստանայ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։10, 11) Որքա՞ն ժամանակ։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29. Մատթէոս 5։5) Սակայն, ասիկա տեղի ունենալէն առաջ, այս աշխարհը իր մեծագոյն նեղութեան շրջանը պիտի ունենայ։
«Մեծ Նեղութիւն»ը
3. Յիսուս ի՞նչպէս նկարագրեց «մեծ նեղութիւն»ը։
3 1914–ին, այս աշխարհը իր «վերջին օրեր»ուն մէջ մտաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Այդ ժամանակաշրջանէն 83 տարի անցած է հիմա եւ անոր աւարտին կը մօտենանք, երբ՝ ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց՝ հետեւեալը տեղի պիտի ունենայ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Այո, նոյնիսկ Բ. Աշխարհամարտէն գէշ պիտի ըլլայ, որ շուրջ 50 միլիոն կեանքեր խլեց։ Աշխա՛րհ ցնցելիք այս ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ։
4. Ինչո՞ւ Աստուծոյ դատաստանը պիտի գայ «Մեծ Բաբելոն»ի վրայ։
4 «Մեծ նեղութիւն»ը պիտի գայ ա՛յնքան յանկարծ՝ «մէկ ժամու մէջ»՝ որ պիտի ապշեցնէ։ (Յայտնութիւն 18։10) Անիկա պիտի սկսի, Աստուծոյ Խօսքին մէջ «Մեծ Բաբելոն» կոչուած բոլոր սուտ կրօնքներուն վրայ Աստուծոյ դատաստանին գործադրութեամբ։ (Յայտնութիւն 17։1-6, 15) Վաղեմի Բաբելոնի մէջ սուտ կրօնքը տիրական էր։ Արդի Բաբելոնը իր նախկին համանմանին պէս է եւ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը կը ներկայացնէ։ Ան քաղաքական տարրերուն հետ զիջումներ ընելով՝ պոռնիկի դեր խաղցած է։ Ան պատերազմներուն նեցուկ կանգնած ու անոնց հակադիր կողմերը օրհնած է, պատճառ դառնալով որ նոյն կրօնքին պատկանողներ զիրար սպաննեն։ (Մատթէոս 26։51, 52. Ա. Յովհաննու 4։20, 21) Ան իր ծուխերուն պիղծ սովորութիւններուն աչք խփած, եւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ հալածած է։—Յայտնութիւն 18։5, 24
5. «Մեծ նեղութիւն»ը ի՞նչպէս կը սկսի։
5 «Մեծ նեղութիւն»ը կը սկսի, երբ քաղաքական տարրերը յանկարծ «Մեծ Բաբելոն»ին դէմ դառնան։ «Անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ (Յայտնութիւն 17։16) Անկէ ետք, անոր նախկին համակիրները «պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ»։ (Յայտնութիւն 18։9-19) Բայց Եհովայի ծառաները երկա՜ր ատենէ կը սպասեն ասիկա, ուստի երբ պատահի, անոնք պիտի աղաղակեն. «Ալէլուիա՜. . . . քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։—Յայտնութիւն 19։1, 2
Աստուծոյ Ծառաները Յարձակման կ’Ենթարկուին
6, 7. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ ապահով պիտի զգան, երբ ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին յարձակումի ենթարկուին։
6 Սուտ կրօնքը կործանած ըլլալով, քաղաքական տարրերը Եհովայի ծառաներուն դէմ պիտի ելլեն։ Սատանան, մարգարէութեան մէջի ‘Մագոգի երկրին Գոգը’՝ կ’ըսէ. «Հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ»։ Խորհելով որ զանոնք կրնայ դիւրաւ որսալ, անոնց վրայ պիտի յարձակի ‘շատ զօրքով, ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկէ’։ (Եզեկիէլ 38։2, 10-16) Եհովայի ծառաները գիտեն որ այս յարձակումը պիտի ձախողի, քանի որ իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրած են։
7 Երբ Փարաւոն եւ իր բանակները խորհեցան թէ Աստուծոյ ծառաները ծուղակը ձգեցին Կարմիր Ծովու ափին, Եհովա հրաշքով ազատեց իր ժողովուրդը, իսկ կործանեց եգիպտական բանակները։ (Ելից 14։26-28) ‘Մեծ նեղութեան’ ընթացքին, երբ ազգերը խորհին թէ Եհովայի ծառաները ծուղակը ձգած են, Ան անգամ մը եւս հրաշարար զօրութեամբ պիտի հասնի անոնց փրկութեան. «Այն օրը, . . . իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։ Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ»։ (Եզեկիէլ 38։18, 19) Այն ժամանակ, «մեծ նեղութիւն»ը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի։
8. Եհովա ամբարիշտները բնաջնջելէ առաջ, գերբնական ի՞նչ իրադարձութիւններ պիտի պատահին եւ ի՛նչ ազդեցութեամբ։
8 «Մեծ նեղութիւն»ը սկսելէն ետք՝ բայց այս աշխարհի մնացեալ մասին վրայ Եհովա իր դատաստանը գործադրելէն առաջ՝ որոշ մէկ հանգըրուանին, գերբնական իրադարձութիւններ պիտի պատահին։ Նկատի առէք անոնց ունենալիք ազդեցութիւնը. «Այն ատեն Որդի մարդոյ [Քրիստոսի] նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով»։ (Մատթէոս 24։29, 30) «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան, . . . մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին»։—Ղուկաս 21։25, 26
«Ձեր Փրկութիւնը Մօտ Է»
9. Երբ գերբնական իրադարձութիւններ կատարուին, Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ իրենց ‘գլուխները պիտի բարձրացնեն’։
9 Այդ մասնայատուկ ժամանակին, Ղուկաս 21։28–ի մարգարէութիւնը պիտի կիրարկուի. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ Աստուծոյ թշնամիները իրենց սարսափէն պիտի դողան, գիտնալով որ այդ գերբնական իրադարձութիւնները պատճառողը Եհովան է։ Բայց Եհովայի ծառաները պիտի ուրախանան, գիտնալով որ իրենց փրկութիւնը մօտ է։
10. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կը բնութագրէ ‘մեծ նեղութեան’ յանգումը։
10 Այն ատեն Եհովա մահացու հարուածը պիտի տայ Սատանայի դրութեան. «Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ . . . յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղամ։ . . . Ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը [«Եհովան», ՆԱ]»։ (Եզեկիէլ 38։22, 23) Սատանայի դրութեան բոլոր հետքերը պիտի կործանին։ Աստուած անտեսող մարդկային ամբողջ ընկերութիւնը բնաջնջուած պիտի ըլլայ։ Ատիկա ‘մեծ նեղութեան’ բարձրակէտը՝ Արմագեդոնը, պիտի ըլլայ։—Երեմեայ 25։31-33. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8. Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։11-21
11. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ պիտի ազատագրուին ‘մեծ նեղութենէն’։
11 Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի երկրպագուներէն միլիոնաւորներ պիտի ազատագրուին ‘մեծ նեղութենէն’։ Ասոնք պիտի կազմեն «մեծ բազմութիւն» մը, որոնք եկած են «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան ահաւոր կերպով կ’ազատագրուին։ Քանի որ Եհովայի «կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր»։ Հետեւաբար, անոնք կը վերապրին աշխարհի վախճանէն եւ արդար նոր աշխարհ մը կը մտնեն։ (Յայտնութիւն 7։9-15) Այս կերպով, անոնք Եհովայի հետեւեալ խոստումին ականատեսները կ’ըլլան. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես»։—Սաղմոս 37։34
Նոր Աշխարհը
12. Արմագեդոնէն վերապրողները ի՞նչ կրնան ակնկալել։
12 Ատիկա ի՜նչ խայտալի ժամանակ մը պիտի ըլլայ. ամբարշտութիւնը արմատախիլ եղած եւ մարդկային պատմութեան ամենէն փառաւոր ժամանակաշրջանը թեւակոխած պիտի ըլլանք։ (Յայտնութիւն 20։1-4) Արմագեդոնէն վերապրողները որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլան Եհովայի, մտնելով իր պատրաստած ջինջ, մաքուր քաղաքակրթութեան, նոր աշխարհին մէջ, դրախտի վերածուած երկրի մը վրայ։ (Ղուկաս 23։43) Անոնք բնա՛ւ պիտի չմեռնին։ (Յովհաննու 11։26) Արդարեւ, անկէ սկսեալ, անոնք ոգեզմայլ ակնկալութիւնը պիտի ունենան ապրելու ա՛յնքան, որքան՝ Եհովան։
13. Յիսուս երկրի վրայ իր սկսած բուժումի գործը ի՞նչպէս պիտի վերսկսի։
13 Եհովայի նշանակած երկնային Թագաւորը՝ Յիսուս՝ ինք պիտի հսկէ ազատագրեալներու վայելելիք հրաշալի օրհնութիւններուն վրայ։ Երբ երկրի վրայ էր, ան կոյր աչքերը ու խուլ ականջները բացաւ, եւ բուժեց «բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ»։ (Մատթէոս 9։35. 15։30, 31) Նոր աշխարհին մէջ, ան համերկրային տարողութեամբ բուժումներ պիտի կատարէ։ Աստուծոյ Գործակալը ըլլալով, ինք պիտի կատարէ հետեւեալ խոստումը. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Այլեւս բժիշկներու կամ մեռելաթաղներու կարիքը պիտի չըլլայ։—Եսայեայ 25։8. 33։24
14. Եհովայի արդէն մեռած ծառաներուն ազատագրումը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
14 Անցեալին մահացած՝ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաներն ալ պիտի ազատագրուին։ Նոր աշխարհին մէջ, անոնք գերեզմանի կապանքներէն պիտի ձերբազատուին։ Եհովա կ’երաշխաւորէ. «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Հաւանաբար, «արդարներ»ը աւելի շուտ պիտի յարուցանուին, եւ Դրախտի ընդլայնման մէջ իրենց բաժինը պիտի բերեն։ Արմագեդոնէն վերապրողներուն համար որքա՜ն զգլխիչ պիտի ըլլայ լսել վաղեմի մեռած՝ բայց յարութիւն առած, հաւատարիմներուն փորձառութիւնները։—Յովհաննու 5։28, 29
15. Նոր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունենալիք վիճակներէն քանի մը հատը նկարագրեցէք։
15 Բոլոր ապրողները փորձառաբար պիտի տեսնեն ինչ որ սաղմոսերգուն ըսաւ Եհովայի. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ (Սաղմոս 145։16) Այլեւս անօթութիւն պիտի չըլլայ. երկրի կենսոլորտը իր հաւասարակշռութիւնը պիտի գտնէ եւ առատ բերք պիտի տայ։ (Սաղմոս 72։16) Այլեւս տնազուրկներ պիտի չըլլան. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին» եւ «ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։ (Եսայեայ 65։21, 22. Միքիայ 4։4) Այլեւս վախ պիտի չըլլայ. ո՛չ պատերազմ, ո՛չ բռնութիւն, ո՛չ ալ ոճիր։ (Սաղմոս 46։8, 9. Առակաց 2։22) «Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն»։—Եսայեայ 14։7
16. Արդարութիւնը ինչո՞ւ պիտի ներթափանցէ նոր աշխարհին մէջ։
16 Նոր աշխարհին մէջ, Սատանայի պրոպականդային լրատուութիւնը չքացած պիտի ըլլայ։ Անոր փոխարէն, «աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին»։ (Եսայեայ 26։9. 54։13) Տարուէ տարի հոգեւոր պարարտացուցիչ տեղեկութիւններով «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Կերտիչ խորհուրդներ եւ արարքներ պիտի ներթափանցեն մարդոց մէջ։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Երեւակայեցէք ոճիրէ, անձնասիրութենէ, նախանձէ զերծ մարդկային համաշխարհային ընկերութիւն մը, միջազգային եղբայրակցութիւն մը, ուր բոլորը Աստուծոյ հոգիին պտուղները կ’արտադրեն։ Արդարեւ, մեծ բազմութիւնը հիմակուընէ իսկ այսպիսի պտուղներ կը մշակէ։—Գաղատացիս 5։22, 23
Ինչո՛ւ Այսքան Երկար Սպասել
17. Եհովա ինչո՞ւ այսքան սպասած է անօրէնութեան վերջ դնելու համար։
17 Սակայն, Եհովա ինչո՞ւ այսքան երկար սպասած է, ամբարշտութիւնը վերացնելու եւ իր ժողովուրդը ազատագրելով նոր աշխարհ մըտցնելու համար։ Պահ մը խորհեցէք թէ ի՛նչ բաներ պէտք էր իրագործուէին։ Ամենէն կարեւորը Եհովայի գերիշխանութեան՝ իշխելու իր իրաւունքին ջատագովումն էր։ Ան բաւարար ժամանակ թոյլատրելով, ամէն կասկածէ վեր ապացուցանած է որ իր գերիշխանութենէն դուրս մարդկային իշխանութիւնը վիթխարի ձախողութիւն մը եղած է։ (Երեմեայ 10։23) Հետեւաբար, Եհովա հիմա իր արդար իրաւունքին մէջ է մարդկային իշխանութիւնը փոխարինելու, Քրիստոսի յանձնուած իր երկնային Թագաւորութեամբ։—Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10
18. Աբրահամի սերունդը ե՞րբ պիտի ժառանգէր Քանանու երկիրը։
18 Այս բոլոր դարերու ընթացքին պատահածը, Աբրահամի օրերուն պատահածին կը նմանի։ Եհովա Աբրահամի ըսաւ որ իր սերունդը Քանանու երկիրը պիտի ժառանգէր, բայց չորս հարիւր տարի ետք, «վասն զի Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ լեցուած չէր»։ (Ծննդոց 12։1-5. 15։13-16) Հոս «Ամօրհացիներ» (կարկառուն ցեղախումբ մը) արտայայտութիւնը, հաւանաբար ամբողջ Քանանացիներուն կ’ակնարկէր։ Ուստի, շուրջ չորս հարիւր տարի անցաւ, մինչեւ որ Եհովա իր ժողովուրդին տուաւ Քանանու երկիրը։ Այդ միջոցին, Եհովա թոյլ տուաւ որ Քանանու մէջ գտնուող ազգերը իրենց ընկերութիւնները զարգացնեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
19, 20. Քանանացիները ի՞նչպիսի ընկերութիւն մը յառաջ բերած էին։
19 Հէնրի Հ. Հէլիի կողմէ գրուած՝ Պայպըլ Հէնտպուք–ը, կը նշէ թէ Մակեդովի մէջ, հնախոյզները Աստարովթի՝ Բահաղի չաստուածուհի–կնոջ՝ տաճարին փլատակները գտած են։ Ան կը գրէ. «Այս տաճարէն միայն քանի մը քայլ անդին գերեզմանատուն մը կար, ուր բազմաթիւ կուժեր գտնուեցան, որոնց մէջ, այս տաճարին մէջ սպաննուած մանուկներու մասունքները կային։ . . . Բահաղի եւ Աստարովթի մարգարէները փոքր երախաներու օրինաւոր սպաննիչներ էին»։ «Ուրիշ սարսափելի սովորութիւն մըն էր, իրենց այդպէս կոչած ‘հիմնադրութեան զոհերը’։ Երբ տուն մը պիտի շինուէր, մանուկ մը կը զոհուէր եւ անոր մարմինը պատին մէջ կը ծեփուէր»։
20 Հէլին կը բացատրէ. «Բահաղի, Աստարովթի եւ քանանացի ուրիշ չաստուածներու պաշտամունքը շատ այլանդակ շուայտանքներէ կը բաղկանար. անոնց տաճարները անառակութեան կեդրոններ էին։ . . . Քանանացիները պաշտամունք կը մատուցանէին անբարոյ արարքներով, . . . ապա իրենց անդրանիկ զաւակները սպաննելով որպէս զոհ այդ նոյն չաստուածներուն։ Այնպէս կը թուի որ Քանանու երկիրը, ամբողջութեամբ, տեսակ մը Սոդոմ ու Գոմոր դարձած էր։ . . . Միթէ այսքան զզուելի եւ գազանային քաղաքակրթութիւն մը իրաւունք ունէ՞ր աւելի երկար գոյատեւելու։ . . . Քանանու քաղաքներու աւերակները պեղող հնաբանները կը զարմանան թէ Աստուած ինչո՛ւ աւելի շուտ չէ կործանած զանոնք»։—Բաղդատել՝ Գ. Թագաւորաց 21։25, 26։
21. Քանանացիներու օրերուն տիրական եղող կացութեան եւ ներկայ կացութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։
21 Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը ‘լեցուած էր’։ Ուստի Եհովա լիովին իրաւունք ունէր զանոնք բնաջնջելու։ Նոյնն է պարագան ներկայիս։ Այս աշխարհը լեցուն է բռնութեամբ, անբարոյութեամբ եւ Աստուծոյ օրէնքներուն հանդէպ ընդդիմութեամբ։ Իսկ քանի որ վաղեմի Քանանու մէջ կատարուած երախաներու սոսկատեսիլ զոհագործութիւնները իրաւացիօրէն կը փշաքաղեցնէ մեզ, ի՞նչ կրնանք ըսել այս աշխարհի պատերազմներուն մէջ սպաննուած տասնեակ միլիոնաւոր երիտասարդներու մասին, որ Քանանու մէջ պատահածէն աւելի վատ է։ Վստահաբար, Եհովա այս ամբարիշտ դրութիւնը բնաջնջելու համար լիովին արդարացած է։
Ուրիշ Բան մը Իրագործել
22. Մեր օրերուն, Եհովայի համբերութեան շնորհիւ ի՞նչ իրագործուած է։
22 Այս վերջին օրերուն, Եհովայի համբերութիւնը ուրիշ բան մը կ’իրագործէ։ Ան ժամանակ կը տրամադրէ արդէն հինգ միլիոնէ աւելիի հասնող մեծ բազմութիւնը հաւաքելու ու դաստիարակելու։ Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ, անոնք յառաջընթաց կազմակերպութեան մը մէջ ձեւաւորուած են։ Այրեր, կիներ եւ դեռահասակներ հոն կը մարզուին, որպէսզի ուրիշներուն սորվեցնեն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները։ Անոնք ժողովներու ու սուրբ գրային գրականութիւններու միջոցաւ Աստուծոյ սիրալիր ճամբաները կը սորվին։ (Յովհաննու 13։34, 35. Կողոսացիս 3։14. Եբրայեցիս 10։24, 25) Ասկէ զատ, անոնք շինարարութեան, ելեկտրոնիկի, տպագրութեան եւ ուրիշ մարզերու մէջ հմտութիւններ կը զարգացնեն, «բարի լուր»ի քարոզչութեան նեցուկ կանգնելու համար։ (Մատթէոս 24։14) Հաւանաբար, ուսուցումի եւ շինարարական այսպիսի հմտութիւններ լայնօրէն պիտի գործածուին նոր աշխարհին մէջ։
23. Այս ժամանակ ապրիլը ինչո՞ւ առանձնաշնորհում մըն է։
23 Այո, ներկայիս Եհովա իր ժողովուրդը կը պատրաստէ, որպէսզի կարենան ‘մեծ նեղութենէն’ անցնելով արդար նոր աշխարհ մը մտնել։ Հոն Սատանան եւ անոր ամբարիշտ աշխարհը պիտի չըլլան, անոնց դէմ պայքարելու համար. ո՛չ հիւանդութիւն, ո՛չ վիշտ ու ո՛չ մահ պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի մասնակցի դրախտի շինութեան գործին, ուր ամէն օր ‘ուրախութիւն’ պիտի ըլլայ։ Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ դարերու այս վերջնագոյն մասին մէջ կ’ապրինք, Եհովան կը ճանչնանք ու կը ծառայենք իրեն, գիտնալով որ շատ շուտով ‘մեր գլուխները պիտի բարձրացնենք, վասն զի մեր փրկութիւնը մօտեցած պիտի ըլլայ’։—Ղուկաս 21։28. Սաղմոս 146։5
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ «Մեծ նեղութիւն»ը ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչպէս կը սկսի։
◻ Եհովայի ծառաներուն վրայ Գոգի յարձակումը ինչո՞ւ պիտի ձախողի։
◻ «Մեծ նեղութիւն»ը ի՞նչպէս վերջ պիտի գտնէ։
◻ Նոր աշխարհը ի՞նչ հոյակապ օգուտներ պիտի բերէ։
◻ Եհովա ինչո՞ւ այսքան սպասած է այս դրութիւնը կործանելէ առաջ։
[Նկար՝ էջ 15]
Ամբողջ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի