Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 11/1 էջ 30
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս ապագայի մասին մարգարէութիւն մը կու տայ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Առաքեալները Յիսուսէն նշան մը կը խնդրեն
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Ճշմարտութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 11/1 էջ 30

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յիսուս հիմա Արմագեդոնին թուականը գիտէ՞։

Շատ տրամաբանական է խորհիլ որ ան գիտէ։

Այս հարցումը ոմանց կրնայ զարմացնել։ Բայց, հաւանաբար Մատթէոս 24։36–ի Յիսուսի խօսքերը զայն յարուցած են, երբ ըսաւ. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, [եւ ոչ Որդին] հապա միայն իմ Հայրս»։ Նկատի առէք՝ «Եւ ոչ Որդին» նախադասութիւնը։

Այս համարը մաս կը կազմէ առաքեալներուն հարցումին Յիսուսի տուած պատասխանին, երբ ըսին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Հիմա շատ մը երեսակներով «նշանը» կազմող այս շատ հռչակաւոր մարգարէութեան մէջ, ան նախագուշակեց պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, ճշմարիտ Քրիստոնեաներու հալածանքը եւ երկրի վրայ կատարուած ուրիշ բաներ, որոնք իր ներկայութիւնը պիտի նշէին։ Այս նշանով իր հետեւորդները պիտի գիտնային որ վախճանը մօտ էր։ Այս նմանութիւնը թզենիին տերեւները ցցուելուն եւ ամառուան մօտ ըլլալուն օրինակին հետ կապեց։ Ան աւելցուց. «Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով»։—Մատթէոս 24։33

Բայց Յիսուս ճշգրտօրէն չըսաւ որ վախճանը ե՛րբ պիտի գար, այլ նշեց ինչ որ կը կարդանք Մատթէոս 24։36–ի մէջ։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ շատ մը արդի թարգմանութիւններ այսպէս կը ներկայացնեն, սակայն աւելի հին կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ՝ «եւ ոչ Որդին» մասը չկայ։

Օրինակի համար, Հայերէն Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ Ինչո՞ւ «եւ ոչ Որդին» հանուած է, երբ Մարկոս 13։32–ին մէջ զայն կը գտնենք։ Քանի որ ԺԷ. դարուն սկիզբը, երբ կարգ մը թարգմանութիւններ կը պատրաստուէին, անոնց գործածած ձեռագիրները այս արտայայտութիւնը չէին պարունակեր։ Սակայն, անկէ ի վեր, Յունարէն աւելի հին շատ մը ձեռագիրներ երեւան բերուեցան։ Անոնք Մատթէոսի բնագրի ժամանակին աւելի մօտ ըլլալով, Մատթէոս 24։36–ին մէջ կը պարունակէին՝ «եւ ոչ Որդին» արտայայտութիւնը։

Հետաքրքրականօրէն, Կաթողիկէ թարգմանութիւն մը (Jerusalem Bible) այս նախադասութիւնը կը ներմուծէ, ստորանշիշի բացատրութեան մէջ ըսելով որ Լատիներէն Վուլկաթան այս մասը զեղջած է «հաւանաբար աստուածաբանական պատճառներով»։ Անշո՜ւշտ։ Երրորդութեան հաւատացող թարգմանիչներ եւ ընդօրինակողներ հաւանաբար փորձած են զեղջել նախադասութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս իր Հօրմէն նուազ գիտութիւն ունէր։ Յիսուս ի՞նչպէս կրնար տեղեակ չըլլալ կարգ մը իրողութիւններէն, երբ ինք եւ իր Հայրը երրեակ Աստուծոյ մը մաս կը կազմէին։

Նմանապէս, Մ. Մէցկէրի կողմէ պատրաստուած գիրք մը (A Textual Commentary on the Greek New Testament) կ’ըսէ. «‘Եւ ոչ Որդին’ բառերը չկան Մատթէոսի վկայութեան բազմաթիւ [ձեռագիրներուն] մէջ, մէջը ըլլալով հետագայ Բիւզանդական բնագրին մէջ։ Իսկ միւս կողմէն, Աղէքսանդրեան, Արեւմտեան եւ Կեսարական բնագիրներուն լաւագոյն ներկայացուցիչներուն մէջ այս նախադասութիւնը գոյութիւն ունի։ Վարդապետական դժուարութիւն ներկայացնելուն համար այս բառերուն հանուած ըլլալը աւելի հաւանական է, քան այն ենթադրութիւնը թէ անոնք աւելցուած են Մարկոս 13։32–ի մէջ»։—Շեղագիրը մեզմէ։

Այդ նախկին ձեռագիրներու ‘լաւագոյն ներկայացուցիչները’ թիկունք կը կագնին այս համարին, ուր գիտութեան տրամաբանական յառաջխաղաց ցոյց կու տայ։ Հրեշտակները վախճանին ժամը չեն գիտեր, ոչ ալ՝ Որդին. այլ միայն Հայրը։ Ասիկա համաձայն է Մատթէոս 20։23–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն հետ, ուր ան ընդունեց որ ինք չէր կրնար, այլ միայն Հայրը կրնար Թագաւորութեան մէջ կարկառուն տեղ շնորհել։

Հետեւաբար, Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան որ երկրի վրայ եղած ատեն ինք ‘աշխարհի վախճանին’ թուականը չէր գիտեր։ Բայց անկէ ի վեր արդեօք գիտցա՞ւ։

Յայտնութիւն 6։2–ը Յիսուսը կը նկարագրէ ճերմակ ձիու վրայ հեծած, որ «յաղթող էր ու յաղթելու» կ’երթար։ Ապա անոր կը յաջորդէ ձիաւորներ, որոնք պատերազմներ, սովեր եւ պատուհասներ կը ներկայացնեն, որոնք տեղի ունեցան 1914–ի Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր։ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ 1914–ին, Յիսուս գահակալուեցաւ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը, եւ ինք է որ պիտի մղէ երկրի ամբարիշտներուն դէմ մօտալուտ պատերազմը։ (Յայտնութիւն 6։3–8. 19։11–16) Արդ, քանի որ Յիսուս զօրութիւն ստացած է Աստուծոյ անունով յաղթելու, տրամաբանական է որ իր Հայրը իրեն ըսած ըլլայ թէ վախճանը ե՛րբ պիտի ըլլայ, ե՛րբ ‘յաղթելու պիտի երթայ’։

Երկրի վրայ ապրողներուս չէ ըսուած այդ թուականը, ուստի Յիսուսի խօսքը տակաւին կը կիրարկուի մեզի. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք . . . վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ . . . Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։—Մարկոս 13։33–37

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել