Եհովա՝ ներելու պատրաստ Աստուած մը
«Դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, բարի ու ներելու պատրաստ ես»։—ՍԱՂՄՈՍ 86։5, ՆԱ։
1. Դաւիթ Թագաւոր ի՞նչ ծանր բեռ մը կը կրէր եւ ի՛նչպէս կրցաւ իր խռոված սրտին մխիթարութիւն գտնել։
ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը գիտցաւ թէ յանցաւոր խղճմտանքի մը բեռը որքա՜ն ծանր կրնար ըլլալ։ Ան գրեց. «Անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։ Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. սրտիս հեծութենէն մռնչեցի»։ (Սաղմոս 38։4, 8) Սակայն, Դաւիթ իր խռոված սրտին մխիթարութիւն գտաւ։ Ան գիտէր որ թէեւ Եհովա կ’ատէր մեղքը, բայց ոչ՝ մեղաւորը, եթէ ան իսկական զղջում ցուցաբերէր եւ իր մեղաւոր ընթացքէն ետ դառնար։ (Սաղմոս 32։5. 103։3) Դաւիթ կատարեալ հաւատք ունենալով թէ Եհովա զղջացող անհատներուն ողորմութիւն ցոյց տալու պատրաստակամութիւնը ունի, ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, բարի ու ներելու պատրաստ ես»։—Սաղմոս 86։5, ՆԱ։
2, 3. (ա) Երբ մեղք գործենք, որպէս հետեւանք ի՛նչ բեռ կրնանք շալկել եւ ասիկա ինչո՞ւ օգտակար է։ (բ) Յանցանքով ‘ընկղմելուն’ վտանգը ի՞նչ է։ (գ) Աստուածաշունչը ի՞նչ երաշխաւորութիւն կու տայ Եհովայի ներելու պատրաստակամութեան մասին։
2 Երբ մեղանչենք, մենք ալ տանջող խղճմտանքի մը ճնշիչ բեռը կրնանք շալկել։ Խղճահարութեան այս զգացումը բնական է, նոյնիսկ՝ օգտակար։ Անիկա կրնայ մղել մեզ որ մեր սխալները սրբագրելու համար դրական քայլեր առնենք։ Քրիստոնեաներէն ոմանք, սակայն, յանցապարտութեան զգացումով ջախջախուած են։ Անոնց ինքնադատ սիրտը կրնայ պնդել թէ Աստուած բոլորովին պիտի չներէ իրենց, որքա՛ն ալ զղջան։ Քոյր մը, իր ըրած սխալին մասին մտածելով ըսաւ. «Սոսկալի զգացում մըն է, երբ խորհիս թէ Եհովա այլեւս քեզ պիտի չսիրէ»։ Նոյնիսկ զղջալէն եւ ժողովքի երէցներէն օգտակար խրատներ ստանալէն յետոյ, տակաւին կը զգար թէ Աստուծոյ ներողամտութեան արժանի չէր։ Ան կը բացատրէ. «Օր մը չ’անցնիր որ Եհովայէ ներողութիւն չխնդրեմ»։ Եթէ յանցապարտութեան մէջ ‘ընկղմինք’, Սատանան կրնայ փորձել մեզ հրաժարեցնել, զգացնել տալ թէ մենք Եհովայի ծառայելու արժանի չենք։—Բ. Կորնթացիս 2։5-7, 11
3 Սակայն, Եհովա հարցերը բոլորովին տարբեր ձեւով կը դիտէ։ Իր Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ երբ սրտանց ու իսկական զղջում ցուցաբերենք, Եհովա յօժար է, նոյնիսկ պատրաստ է ներելու։ (Առակաց 28։13) Հետեւաբար, եթէ երբեք զգացած էք թէ Աստուծոյ ներողամտութիւնը ձեզի մատչելի չէ, թերեւս կարիք ունիք աւելի լաւ հասկնալու թէ Աստուած ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս կը ներէ։
Եհովա Ինչո՞ւ «Ներելու Պատրաստ» Է
4. Եհովա մեր բնոյթին նկատմամբ ի՞նչ կը յիշէ, եւ ասիկա ի՛նչպէս կ’ազդէ մեր հետ իր ունեցած վերաբերմունքին։
4 Կը կարդանք. «Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ»։ Եհովա ինչո՞ւ տրամադիր է ողորմութիւն ցոյց տալու։ Յաջորդ համարը կը պատասխանէ. «Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։12-14) Այո՛, Եհովա չի մոռնար թէ մենք հողէ արարածներ ենք, անկատարութեան պատճառաւ թերութիւններ կամ տկարութիւններ ունինք։ Ան «մեր կազմուածքը» գիտէ արտայայտութիւնը, մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուածաշունչը Եհովան կը նմանցնէ բրուտի մը, իսկ մեզ՝ իր շինած ամաններուն։a (Երեմեայ 18։2-6) Բրուտ մը իր հողէ ամանները ամուր կերպով կը բռնէ, միեւնոյն ժամանակ նրբութեամբ, նկատի ունենալով անոնց բնոյթը։ Նմանապէս, Մեծագոյն Բրուտը՝ Եհովա, մեր հետ մեղմութեամբ կը վարուի, մեր մեղաւոր բնոյթին տկարութեան համաձայն։—Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 4։7։
5. Հռովմայեցիս գիրքը ի՞նչպէս կը նկարագրէ մեր ինկած մարմնին վրայ մեղքին ունեցած զօրաւոր ազդեցութիւնը։
5 Եհովա կը հասկնայ թէ մեղքը ո՜րքան զօրաւոր է։ Սուրբ Գրութիւնները մեղքը կը բնութագրեն որպէս զօրաւոր ոյժ մը որ մարդը իր մահուան ճիրաններուն մէջ առած է։ Մեղքին ճիրանը որքա՞ն զօրաւոր է։ Հռովմայեցիս գրքին մէջ, Պօղոս առաքեալ ներշնչմամբ՝ ասիկա պատկերալից կերպով կը բացատրէ. Մենք «մեղքի տակ» ենք, ինչպէս որ զինուորները իրենց հրամանատարին հրամանին ներքեւ են (Հռովմայեցիս 3։9). անիկա թագաւորի մը պէս մարդոց վրայ ‘թագաւորած’ է (Հռովմայեցիս 5։21). անիկա մեր մէջ «կը բնակի» կամ «բնակած է» (Հռովմայեցիս 7։17, 20). անոր «օրէնք»ը շարունակաբար մեր մէջ կը գործէ, փորձելով մեր ընթացքը ղեկավարել։ (Հռովմայեցիս 7։23, 25) Մեր ինկած մարմնին վրայ մեղքին ունեցած զօրաւոր ազդեցութեան ընդդիմանալու համար, շա՜տ դժուար պայքար մը պէտք է մղենք։—Հռովմայեցիս 7։21, 24
6. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ իր ողորմութիւնը զղջացած սրտով փնտռող անհատները։
6 Այսուհանդերձ, մեր ողորմած Աստուածը գիտէ թէ մենք չենք կրնար իրեն հանդէպ կատարեալ հնազանդութիւն ցոյց տալ, որքան ալ մեր սրտերը փափաքին ասիկա ընել։ (Գ. Թագաւորաց 8։46) Ան սիրալիր կերպով մեզ կը հաւաստիացնէ որ, երբ վշտաբեկ սրտով իր հայրական ողորմութիւնը փնտռենք, ան պիտի ներէ մեզի։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ (Սաղմոս 51։17) Եհովա երբեք չի մերժեր յանցապարտութեամբ ծանրաբեռնուած, կոտրած ու ճնշուած սիրտ մը։ Ասիկա որքա՜ն գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ Եհովայի ներելու պատրաստակամութիւնը։
7. Ինչո՞ւ չենք կրնար Աստուծոյ ողորմութիւնը թեթեւի առնել։
7 Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը կրնանք թեթեւի առնել, մեր մեղաւոր բնոյթը գործածելով որպէս մեղք գործելու չքմեղանք։ Բնաւ երբե՛ք։ Եհովա զուտ զգացումներով չ’առաջնորդուիր։ Անոր ողորմութիւնը սահման ունի։ Անիկա երբեք պիտի չներէ անոնց, որոնք խստասրտութեամբ՝ չարամտութեամբ, կամաւորապէս մեղք կը գործեն, առանց զղջալու։ (Եբրայեցիս 10։26-31) Միւս կողմէ, երբ տեսնէ «կոտրած ու խոնարհ» սիրտ մը, ան ‘պատրաստ է ներելու’։ (Առակաց 17։3) Հիմա, միասնաբար նկատի առնենք Աստուածաշունչին գործածած կարգ մը արտայայտութիւնները, նկարագրելու համար աստուածային ներողամտութեան ամբողջական ըլլալը։
Ո՞ր Տարողութեամբ Եհովա կը Ներէ
8. Երբ Եհովա մեր մեղքերը ներէ ի՞նչ կ’ընէ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։
8 Զղջացած Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ ‘Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս’։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը»։ (Սաղմոս 32։5) «Ներեցիր» արտայայտութիւնը թարգմանուած է Եբրայերէն բառէ մը որ հիմնականօրէն կը նշանակէ «վերցնել», «շալկել, կրել»։ Հոս անոր գործածութիւնը ցոյց կու տայ ‘յանցանքը, մեղքը տանելու’ իմաստը։ Ուստի Եհովա կարծես թէ Դաւիթի մեղքերը վերցուց եւ զանոնք իրմէ հեռացուց։ (Բաղդատել՝ Ղեւտացւոց 16։20-22։) Վստահաբար ասիկա Դաւիթի կրած յանցապարտութեան զգացումները թեթեւցուց։ (Բաղդատել՝ Սաղմոս 32։3։) Մենք ալ կրնանք լիովին վստահիլ այն Աստուծոյն, որ կը ներէ մեղքերը անոնց, որոնք իրմէ ներողութիւն կը հայցեն, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ իրենց ցուցաբերած հաւատքին հիման վրայ։ (Մատթէոս 20։28. Բաղդատել՝ Եսայեայ 53։12։) Անոնց որոնց մեղքերը Եհովա այս կերպով կը վերցնէ ու կը հեռացնէ, անոնք պէտք չունին տակաւին անցեալի մեղքերուն համար իրենց յանցապարտութեան զգացումներուն բեռը կրելու։
9. Ի՞նչ իմաստ ունին Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը»։
9 Յիսուս պարտատէրերու եւ պարտականներու միջեւ յարաբերութիւնը որպէս օրինակ գործածեց, Եհովայի ներած կերպը բացատրելու համար։ Օրինակի համար, Յիսուս մեզ յորդորեց որ աղօթենք. «Մեզի ներէ մեր պարտքերը»։ (Մատթէոս 6։12) Այսպէս ան մեր «մեղքերը» նմանցուց «պարտքեր»ու։ (Ղուկաս 11։4) Երբ մեղանչենք, Եհովայի «պարտականներ» կը դառնանք։ Յունարէն ‘ներել’ թարգմանուած բայը կրնայ նշանակել «պարտք մը ձգել, շնորհել, զայն չպահանջելով»։ Առումով մը, երբ Եհովա ներէ, ան կը ջնջէ մեր պարտքը որ կրնար մեր հաշւոյն անցնիլ։ Հետեւաբար զղջացած մեղաւորները կրնան մխիթարուիլ, քանի որ Եհովա երբեք վճարում պիտի չպահանջէ այն պարտքին համար որ ինք ջնջած է։—Սաղմոս 32։1, 2. Բաղդատել՝ Մատթէոս 18։23-35։
10, 11. (ա) Գործք 3։19–ի մէջ գտնուած «ջնջուի» բառը ի՞նչ պատկեր կ’արտայայտէ։ (բ) Եհովայի ներումին ամբողջական ըլլալը ի՞նչ օրինակով բացատրուած է։
10 Գործք Առաքելոց 3։19–ին մէջ, Աստուծոյ ներողամտութիւնը նկարագրելու համար, Աստուածաշունչը կը գործածէ այլաբանական ուրիշ դարձուածք մը. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի»։ «Ջնջուի» արտայայտութիւնը Յունարէն բայի մը թարգմանութիւնն է, որ երբ փոխաբերականօրէն գործածուի, կրնայ նշանակել՝ «սրբել, անհետացնել, ջնջել կամ կործանել»։ Կարգ մը ուսումնականներու համաձայն, հոս արտայայտուած գաղափարը, ձեռագիր մը սրբել է։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր։ Անցեալին, սովորաբար գործածուած մելանը, բնածուխի, խէժի եւ ջուրի բաղադրութիւն մըն էր։ Այսպիսի մելանով մը գրելէն անմիջապէս ետք, անհատ մը կրնար թաց սպունգով մը գրութիւնը սրբել։
11 Ասիկա գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ Եհովայի ներողամտութեան ամբողջական ըլլալը։ Երբ ան մեր մեղքերը ներէ, կարծես թէ ան սպունգ մը առնելով զանոնք կը սրբէ։ Պէտք չկայ վախնալու որ ան այս մեղքերը ապագային նորէն մեր դէմ գործածէ, քանի որ Աստուածաշունչը Եհովայի ողորմութեան մասին իրապէ՛ս յատկանշական ուրիշ բան մըն ալ կը յայտնէ. Ան երբ ներէ, կը մոռնա՛յ։
«Ա՛լ Անոնց Մեղքը Պիտի Չյիշեմ»
12. Երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա մեր մեղքերը կը մոռնայ, կը նշանակէ՞ թէ ան չի կրնար զանոնք յիշել։ Ինչո՞ւ այսպէս կը պատասխանէք։
12 Երեմիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նոր ուխտին մէջ եղողներուն խոստացաւ. «Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։ (Երեմեայ 31։34) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ երբ Եհովա կը ներէ, ան չի կրնար մեղքերը դարձեալ յիշել։ Չի կրնար պարագան այս ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը յիշէ բազմաթիւ անհատներ, ի ներառեալ Դաւիթը, որոնց մեղքերը Եհովա ներեց։ (Բ. Թագաւորաց 11։1-17. 12։1-13) Բացայայտօրէն, անոնց գործած յանցանքներէն Եհովա տակաւին տեղեակ է, ինչպէս որ մենք։ Անոնց գործած մեղքերուն, ինչպէս նաեւ անոնց զղջումին, եւ Աստուծմէ ներում ստացած ըլլալուն արձանագրութիւնը պահպանուած է մեր օգտին համար։ (Հռովմայեցիս 15։4) Հետեւաբար, Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ երբ կ’ըսէ թէ Եհովա ‘չի յիշեր’ իր ներած անձերուն մեղքերը։
13. (ա) ‘Յիշել’ թարգմանուած Եբրայերէն բային իմաստը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Երբ Եհովա կ’ըսէ, «Անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ», ան մեզ ի՞նչ կը վստահեցնէ։
13 ‘Յիշել’ թարգմանուած Եբրայերէն բայը, պարզապէս անցեալը վերյիշելէն աւելին կը նշանակէ։ Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրք–ին (Անգլերէն) համաձայն, անիկա կը պարփակէ՝ «պատշաճ քայլեր առնելու յաւելեալ իմաստ մը»։ Հետեւաբար, այս առումով, մեղքը ‘յիշել’ կը նշանակէ՝ մեղաւորներուն դէմ գործի լծուիլ։ Երբ Ովսէէ մարգարէն կամակոր Իսրայելացիներուն մասին ըսաւ, «[Եհովա] անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ», մարգարէն ըսել կ’ուզէր թէ քանի որ զղջացած չէին, Եհովա անոնց դէմ գործի պիտի լծուէր։ Հետեւաբար, համարը կը շարունակէ ըսելով. «Անոնց մեղքը պիտի պատժէ»։ (Ովսեայ 9։9) Միւս կողմէ, երբ Եհովա կ’ըսէ, «Անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ», ան կը վստահեցնէ մեզ, թէ անգամ մը որ զղջացող մեղաւորի մը ներէ, այդ մեղքերուն համար ապագային անոր դէմ քայլեր պիտի չառնէ։ (Եզեկիէլ 18։21, 22) Ուստի, ան կը մոռնայ այն առումով որ մեր մեղքերը կրկին ու կրկին չի յիշեր, բազմիցս մեզ ամբաստանելու կամ պատժելու համար։ Այս կերպով, Եհովա սքանչելի օրինակ մը կը հանդիսանայ մեզի, որ զինք ընդօրինակենք ուրիշներուն հետ մեր ունեցած գործառնութիւններուն մէջ։ Երբ անհամաձայնութիւններ ծագին, լաւ է որ անցեալի սխալները չյիշենք, զորս ներելու համաձայն գտնուած էինք։
Հետեւանքներուն Մասին Ի՞նչ Կրնանք Ըսել
14. Ինչո՞ւ ներել չի նշանակեր որ զղջացած մեղաւորը իր սխալ ընթացքին բոլոր հետեւանքներէն զերծ պիտի մնայ։
14 Եհովայի ներելու պատրաստակամութիւնը կը նշանակէ՞ թէ զղջացող մեղաւոր մը իր սխալ ընթացքին հետեւանքներէն զերծ պիտի ըլլայ։ Բնա՛ւ երբեք։ Չենք կրնար մեղք գործել ու անպատիժ մնալ։ Պօղոս գրեց. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։8) Կրնայ ըլլալ որ մեր արարքին կամ խնդիրներուն որոշ հետեւանքը կրենք, սակայն Եհովա մեզի ներում շնորհելէն ետք, պատճառ չ’ըլլար որ մեր վրայ դժուարութիւններ գան։ Երբ խնդիրներ ծագին, Քրիստոնեայ մը պէտք չէ խորհի որ ‘Թերեւս Եհովա անցեալին գործած մեղքերուս համար զիս կը պատժէ’։ (Բաղդատել՝ Յակոբու 1։13։) Միւս կողմէ, Եհովա մեզ չի խնայեր մեր սխալ արարքներուն բոլոր հետեւանքներէն։ Ամուսնալուծումը, անփափաքելի յղութիւնը, սեռային գետնի վրայ փոխանցիկ հիւանդութիւնը, վստահութեան կամ յարգանքի կորուստը՝ այս բոլորը կրնան մեղքին ցաւալի հետեւանքները ըլլալ, եւ Եհովա մեզ պիտի չպաշտպանէ անոնցմէ։ Յիշեցէք որ, թէեւ Եհովա Բերսաբէի եւ Ուրիայի հետ կապակցաբար Դաւիթի մեղքերը ներեց, սակայն ան Դաւիթը չպաշտպանեց իր արարքներուն աղիտալի հետեւանքներէն։—Բ. Թագաւորաց 12։9-14
15, 16. Ղեւտացւոց 6։1-7–ի մէջ արձանագրուած օրէնքէն ի՞նչպէս կ’օգտուէին թէ՛ զոհ գացողը եւ թէ յանցաւորը։
15 Մեր մեղքերը ուրիշ հետեւանքներ ալ կրնան ունենալ։ Օրինակի համար, նկատի առէք Ղեւտացւոց 6–րդ գլուխին մէջ յիշուած դէպքը։ Հոն, Մովսիսական Օրէնքը նկատի կ’առնէ անհատի մը պարագան որ լուրջ յանցանք մը գործած է Իսրայելացիի մը ստացուածքը յափշտակելով՝ գողութեամբ, բռնութեամբ կամ խարդախութեամբ։ Մեղաւորը կ’ուրանայ թէ ինք յանցաւոր է, նոյնիսկ կը համարձակի սուտ երդում ընել։ Հոս անհատի մը խօսքն է՝ միւսին դէմ. փաստեր չկան։ Սակայն, հետագային, յանցաւորին խղճմտանքը զինք կը տանջէ ու կը խոստովանի իր մեղքը։ Աստուծոյ ներողամտութիւնը ձեռք ձգելու համար, ան երեք յաւելեալ բաներ պէտք է ընէ. իր առածը վերադարձնէ, անհատին 20 առ հարիւր վնասի հատուցում ընէ եւ խոյ մը մատուցանէ՝ որպէս յանցանքի պատարագ։ Ապա, օրէնքը կ’ըսէ. «Քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։—Ղեւտացւոց 6։1-7. բաղդատել՝ Մատթէոս 5։23, 24
16 Այս օրէնքը Աստուծմէ տրուած ողորմած հայթայթում մըն էր։ Անիկա զոհ գացողին օգտին կը ծառայէր, որու ստացուածքը իրեն կը վերադարձուէր եւ անկասկած շատ կը հանգստանար, երբ յանցաւորը ի վերջոյ իր մեղքը ընդունէր։ Միեւնոյն ժամանակ, օրէնքը յանցաւորին օգտին ալ կը ծառայէր, որու խղճմտանքը ի վերջոյ զինք մղած էր իր յանցանքը ընդունելու եւ իր սխալը շտկելու։ Արդարեւ, եթէ ան մերժէր այս քայլը առնել, Աստուած ալ իրեն պիտի չներէր։
17. Երբ ուրիշներ մեր մեղքին պատճառաւ վիրաւորուին, Եհովա ի՞նչ կ’ակնկալէ մեզմէ։
17 Թէեւ մենք Մովսիսական Օրէնքին տակ չենք, բայց անիկա մեզի արժէքաւոր ներատեսութիւն կու տայ Եհովայի միտքը՝ ի ներառեալ ներողամտութեան շուրջ իր տեսակէտը՝ հասկնալու։ (Կողոսացիս 2։13, 14) Երբ ուրիշներ մեր մեղքերուն զոհ դառնան եւ անոնցմէ վիրաւորուին, Եհովա կը հաճի, երբ մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք ‘սխալը շտկելու’ համար։ (Բ. Կորնթացիս 7։11, ՆԱ) Ասիկա կը պարփակէ մեր մեղքերը խոստովանիլ, մեր յանցանքը ընդունիլ եւ նոյնիսկ վիրաւորուած անհատէն ներողութիւն խնդրել։ Ապա կրնանք Եհովայի դիմել, Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ եւ մաքուր խղճմտանքի մը հանգստութիւնը վայելել, ինչպէս նաեւ այն երաշխաւորութիւնը՝ թէ Աստուած մեզի ներած է։—Եբրայեցիս 10։21, 22
18. Եհովայի ներումին ի՞նչ կրթութիւն կրնայ ընկերանալ։
18 Ոեւէ սիրալիր ծնողքի մը նման, Եհովա թերեւս ներողամտութեան հետ որոշ կրթութիւն ալ մատուցանէ։ (Առակաց 3։11, 12) Զղջացող Քրիստոնեայ մը թերեւս ստիպուի որպէս երէց, օգնական ծառայ կամ ռահվիրայ մը ծառայելու իր առանձնաշնորհումէն հրաժարիլ։ Որոշ ժամանակ իր թանկագին առանձնաշնորհումներէն զրկուիլը, կրնայ ցաւ պատճառել իրեն։ Սակայն, այսպիսի կրթութիւն մը չի նշանակեր թէ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցած է եւ կամ Ան իրեն չէ ներած։ Ասկէ զատ, պէտք չէ մոռնանք որ Եհովայի կրթութիւնը մեզի հանդէպ իր սիրոյն ապացոյցն է։ Զայն ընդունիլը եւ գործադրելը մեր լաւագոյն շահերուն կը նպաստէ եւ յաւիտենական կեանքի կրնայ առաջնորդել։—Եբրայեցիս 12։5-11
19, 20. (ա) Եթէ յանցանքներ գործած էք, ինչո՞ւ պէտք չէ խորհիք թէ Եհովայի ողորմութիւնը ձեզի մատչելի չէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
19 Որքա՜ն թարմացուցիչ է գիտնալ թէ «ներելու պատրաստ» Աստուծոյ մը կը ծառայենք։ Եհովա մեր մեղքերէն եւ սխալներէն անդին կը տեսնէ։ (Սաղմոս 130։3, 4) Ան գիտէ թէ մեր սրտերուն մէջ ի՛նչ կայ։ Եթէ կը խորհիք թէ ձեր սիրտը կոտրած եւ ճնշուած է անցեալի մեղքերուն պատճառաւ, մի՛ եզրակացնէք թէ Եհովայի ողորմութիւնը ձեզի մատչելի չէ։ Ի՛նչ սխալներ ալ գործած ըլլաք, եթէ իրապէս զղջացած, սխալը շտկելու քայլեր առած էք եւ Եհովայի ներողամտութեան համար ջերմեռանդ աղօթած էք Յիսուսի թափուած արեան հիման վրայ, կրնաք կատարեալ վստահութիւն ունենալ թէ Ա. Յովհաննու 1։9–ի խօսքերը կը կիրարկուին ձեր պարագային. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։
20 Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ Եհովայի ներողամտութիւնը ընդօրինակենք։ Սակայն, երբ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն, ո՞ր տարողութեամբ մեզմէ կ’ակնկալուի զայն ներել ու մոռնալ։ Ասիկա յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուի։
[Ստորանիշ]
a Հետաքրքրականօրէն, «մեր կազմուածքը» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, գործածուած է բրուտին շինած հողէ ամաններուն հետ կապակցաբար։—Եսայեայ 29։16
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Եհովա ինչո՞ւ «ներելու պատրաստ» է։
◻ Աստուածաշունչը Եհովայի ներումին ամբողջական ըլլալը ի՞նչպէս կը նկարագրէ։
◻ Երբ Եհովա ներէ, ան ի՞նչ առումով կը մոռնայ։
◻ Երբ ուրիշներ մեր մեղքերէն վիրաւորուին, Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։
[Նկար՝ էջ 9]
Երբ ուրիշներ մեր մեղքերէն վիրաւորուին, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ հատուցում ընենք