Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ17 Դեկտեմբեր էջ 5
  • Միջշաբաթային ժողովին մէջ նորութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միջշաբաթային ժողովին մէջ նորութիւն
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Թագաւորը աւանակի վրայ նստած Երուսաղէմ կը մտնէ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
ժտ17 Դեկտեմբեր էջ 5
Մատթէոս Աւետարանը Նոր աշխարհի թարգմանութեան առցանց ուսումնասիրական հրատարակութեան մէջ

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Միջշաբաթային ժողովին մէջ նորութիւն

Յունուար 2018–էն սկսեալ, միջշաբաթային ժողովին մէջ պիտի քննարկենք սերտելու նոթեր, պատկերներ, վիտէօներ, գունաւոր գծագրութիւններ եւ շարժուն գծանկարներ, որոնք առնուած են Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան առցանց ուսումնասիրական հրատարակութենէն (նոյնիսկ եթէ ատիկա դեռ քու լեզուովդ չկայ)։ Անշուշտ այս տեղեկութիւնները պիտի ճոխացնեն ժողովներու պատրաստութիւնդ։ Աւելի կարեւորը, կը յուսանք որ անոնք քեզ ա՛լ աւելի մօտեցնեն մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովային։

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՆՈԹԵՐ

Սերտելու նոթերը մշակութային, աշխարհագրական եւ լեզուական տեղեկութիւններ կու տան Սուրբ Գիրքի շատ մը համարներու մասին։

Մատթէոս 12։20

Պլպլած պատրոյգ։ Տան մէջ սովորաբար գործածուած ճրագը ձէթով լեցուած կաւեղէն պզտիկ աման մըն էր։ Պատրոյգն ալ, որ վուշի (բոյսի տեսակ) թելէ հիւսուած ժապաւէն մըն էր, ձէթ կը հայթայթէր կրակին. այսինքն պատրոյգին մէկ ծայրը կը դրուէր դիւրին վարուող ձէթին մէջ, իսկ միւս ծայրը կը վարուէր։ «Պլպլած պատրոյգ»ին յունարէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ պատրոյգ մը, որ տկար լոյս կ’արձակէ եւ մարելու վրայ է։ Եսայի 42։3–ին մէջ մարգարէացուած էր, որ Յիսուս մարդոց պիտի կարեկցէր. ան բնա՛ւ պիտի չմարէր խոնարհ եւ ճնշուած մարդոց յոյսի վերջին նշոյլը, որ պլպլած պատրոյգի պէս էր։

Մատթէոս 26։13

Ճշմարիտ։ «Ճշմարիտ» թարգմանուած յունարէն եւ եբրայերէն բառերը կը նշանակեն «ամէն» կամ «թող այդպէս ըլլայ»։ Յիսուս այս բառը շատ անգամ կը գործածէ՝ խօսք մը ըսելէ, խոստում մը տալէ եւ կամ մարգարէանալէ առաջ. այսպէս, ան կը շեշտէ որ իր ըսածը ճշմարիտ եւ վստահելի տեղեկութիւն է։ Կ’ըսուի որ «ճշմարիտ» կամ «ամէն» բառին գործածութիւնը յատուկ է, քանի որ ատոնք միայն կը տեսնենք Յիսուսին խօսքերուն մէջ,– Աւետարաններուն մէջ։ Երբեմն Յիսուս այս բառը երկու անգամ կը կրկնէր (ճշմարիտ ճշմարիտ), իր ըսածը աւելի շեշտելու համար, ինչպէս որ Յովհաննէս Աւետարանին մէջ կը տեսնենք (Յովհ. 1։51)։

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ, ՎԻՏԷՕՆԵՐ, ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՇԱՐԺՈՒՆ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐ

Պատկերներ, գծագրութիւններ, անձայն վիտէօներ եւ շարժուն գծանկարներ կը բացատրեն Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած տարբեր մանրամասնութիւններ։

Բեթփագէ, Ձիթենիներու լեռ եւ Երուսաղէմ

Այս կարճ վիտէոն ցոյց կու տայ դէպի Երուսաղէմ տանող ճամբան արեւելքէն՝ մեր օրերու Էլ-Թուր գիւղէն,– որ Սուրբ Գիրքին Բեթփագէ քաղաքն է,– եւ կը հասնի մինչեւ Ձիթենիներու լերան ամէնէն բարձր վայրերէն մէկը։ Բեթանիան կը գտնուի Բեթփագէին արեւելքը, Ձիթենիներու լերան արեւելեան լանջին վրայ։ Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երուսաղէմ ըլլային, անոնք ընդհանրապէս կը գիշերէին Բեթանիոյ մէջ, որ այսօր Էլ-Ազարիէ գիւղն է, որ կը նշանակէ «Ղազարոսին վայրը»։ Յիսուս անկասկած Մարթային, Մարիամին եւ Ղազարոսին տունը մնաց (Մատ. 21։17. Մար. 11։11. Ղուկ. 21։37. Յովհ. 11։1)։ Երբ Յիսուս անոնց տունէն դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուէր, թերեւս բռնեց վիտէոյին մէջ ցուցադրուած ճամբան։ Ք.Ե. 33–ի նիսան 9–ին, Յիսուս աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ գնաց՝ հաւանաբար սկսելով Բեթփագէէն եւ անցնելով Ձիթենիներու լեռնէն։

Ճամբայ մը որ թերեւս Յիսուս բռնեց Բեթանիայէն Երուսաղէմ
  1. Բեթանիայէն Բեթփագէ ճամբայ

  2. Բեթփագէ

  3. Ձիթենիներու լեռ

  4. Կեդրոն հեղեղատ

  5. Տաճարի բարձունք

Մարդու մը կրունկի ոսկորին մէջ գամ

Մարդու մը կրունկի ոսկորին մէջ գամ

Այս նկարին մէջ կը տեսնենք նմոյշ մը մարդու մը կրունկի ոսկորին, որուն մէջ մխրճուած է 11,5 սմ. երկարութեամբ գամ մը։ Բուն կրունկը, որ հռոմէական ժամանակներէն է, գտնուեցաւ 1968–ին՝ երբ Երուսաղէմի հիւսիսը պեղումներ կ’ըլլային։ Անիկա հնագիտական փաստ է, որ շատ հաւանաբար գամեր կը գործածուէին մահապատիժի ատեն, անհատը փայտին կառչած պահելու համար։ Այս գամը թերեւս նման է այն գամերուն, որ հռովմայեցի զինուորները գործածեցին Յիսուս Քրիստոսը ցիցին վրայ գամելու համար։ Կրունկը գտնուեցաւ «ոսկորի արկղ» կոչուած քարէ տուփի մը մէջ։ Մեռելի մը մարմինը փտելէ ետք, անոր ոսկորները կը դրուէին ոսկորի արկղին մէջ։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մահապատիժի ենթարկուողը կը թաղուէր (Մատ. 27։35)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել