Եհովա առատապէս կը ներէ
«Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ... վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 55։7
1. Եհովայէ թողութիւն ստացողները ի՞նչ բանով այժմ կ’օրհնուին։
ԵՀՈՎԱ զղջացող յանցագործներուն կը ներէ եւ այժմ զիրենք կարող կը դարձնէ որ մտքի խաղաղութիւն վայելեն հոգեւոր դրախտի մը մէջ։ Պատճառը այն է որ անոնք հետեւեալ պահանջներուն գոհացում կու տան. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։ Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր ու մեր Աստուծոյն՝ վասնզի անիկա առատապէս կը ներէ»։—Եսայեայ 55։6, 7
2. (ա) Եսայեայ 55։6, 7–ին մէջ յիշուած ‘Եհովան փնտռել’ը եւ ‘անոր դառնալ’ը ի՞նչ կը նշանակեն։ (բ) Հրեայ աքսորեալները Բաբելոնի մէջ ինչո՞ւ Եհովային դառնալու կարիքը ունէին, եւ անոնցմէ ոմանց ի՞նչ պատահեցաւ։
2 ‘Եհովան փնտռել’ու եւ ընդունելի կերպով զանիկա կանչելու համար, ամբարիշտ մը պէտք է հրաժարի իր սխալ ճամբէն եւ ուրիշներու վնաս հասցնելու որեւէ խորհուրդէ։ ‘Եհովային դառնալ’ու կարիքը կը մատնանշէ թէ յանցագործը Աստուած լքած է, որու հետ անցեալին մտերիմ յարաբերութիւն մը ունեցած էր։ Այդ էր պարագան Յուդայի բնակիչներուն, որոնց անհաւատարմութեան պատճառաւ, Աստուած վերջապէս Բաբելոն աքսորեց զանոնք։ Հրեայ աքսորեալները Եհովային դառնալու կարիքը ունէին, զղջալով այն չար գործերուն համար որոնց հետեւանքով Բաբելոն աքսորուած էին եւ իրենց հայրենիքը 70 տարի ամայի մնացած էր, ինչպէս նախագուշակուած էր։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, կառավարական հրովարտակով Բաբելոնէն ազատ արձակուած աստուածավախ Հրեայ մնացորդ մը դարձեալ բնակեցաւ այդ երկրին մէջ։ (Եզրասայ 1։1–8. Դանիէլ 9։1–4) Այդ վերահաստատութեան արդիւնքը այնքան շքեղ էր, որ Յուդայի երկիրը Եդեմական Դրախտի նմանցուած էր։—Եզեկիէլ 36։33–36
3. Յուդա վերադարձած աստուածավախ աքսորեալներուն նման, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը ի՞նչպիսի փորձառութիւն մը ունեցած է։
3 Հոգեւոր Իսրայելացիները, Բաբելոնական գերութենէն Յուդա վերադարձած աստուածավախ Հրեաներուն ունեցածին նման, փորձառութիւն մը ունեցան։ (Գաղատացիս 6։16) Ա. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը կարգ մը փոփոխութիւններ մտցուց իր ճամբաներուն եւ խորհուրդներուն մէջ։ 1919 թուականը վերջ դրաւ Աստուծոյ լիարժան հաճութենէն, Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ ծիրին մէջ անոր աքսորութեան։ Քանի որ անոնք մարդու վախի եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ դանդաղելու իրենց մեղքերէն զղջացած էին, ան զանոնք Մեծն Բաբելոնէն ազատագրեց, իրենց հոգեւոր արդարացի վիճակին վերադարձուց եւ դարձեալ զանոնք գործածեց որ Թագաւորութեան պատգամը քարոզեն։ Անկէ ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ հոգեւոր դրախտ մը ծաղկած է իր սուրբ անուան ի պատիւ։ (Եսայեայ 55։8–13) Ուստի, վաղեմի նախատիպը եւ արդի հակատիպը յստակօրէն կ’ապացուցանեն թէ աստուածային թողութեան օրհնութիւններ կը յաջորդեն եւ թէ Եհովա արդարեւ առատապէս կը ներէ զղջացող անհատներուն։
4. Եհովայի կարգ մը ծառաները ի՞նչ վախ ունին։
4 Եհովայի այժմու ծառաները, հետեւաբար, կրնան իր թողութեան վստահիլ։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ ոմանք անցեալի սխալներուն համար կը վհատին եւ յանցապարտութեան զգացումը զիրենք գրեթէ կ’ընկճէ։ Անոնք իրենք զիրենք արժանի չեն սեպեր հոգեւոր դրախտին մէջ բնակելու։ Իրականութեան մէջ, ոմանք կը վախնան թէ աններելի մեղքը գործած են եւ Եհովայի թողութիւնը երբեք պիտի չստանան։ Ասիկա հաւանակա՞ն է։
Կարգ մը Մեղքեր Աններելի Են
5. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ կարգ մը մեղքեր աններելի են։
5 Կարգ մը մեղքեր աններելի են։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց սուրբ հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց»։ (Մատթէոս 12։31) Ուստի, Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ոյժին՝ դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի մեղքի մը ակնարկեց երբ գրեց. «Անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն ... որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն»։—Եբրայեցիս 6։4–6
6. Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ մեղք մը ներելի է կամ ոչ։
6 Միայն Աստուած գիտէ թէ անհատ մը աններելի մեղքը գործած է։ Սակայն, Պօղոս լոյս սփռեց այս հարցին վրայ, երբ գրեց. «Եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին»։ (Եբրայեցիս 10։26, 27) Յօժարակամ անձ մը կանխամտածութեամբ կը գործէ, կամ «յամառօրէն եւ յաճախ կամակոր կերպով յանդուգն» է։ (Webster’s New Collegiate Dictionary) Ոեւէ անհատ, որ ճշմարտութիւնը ճանչնալէ ետք յօժարակամօրէն եւ յամառօրէն կը շարունակէ մեղք գործել, պիտի չներուի անոր։ Ուստի, ոչ թէ մեղքը ինքնին, այլ՝ սրտի վիճակը անոր պարփակած, յօժարակամութեան աստիճանը կ’որոշեն թէ մեղքը ներելի է թէ ոչ։ Իսկ միւս կողմէն, հաւանաբար պարագան ի՞նչ է երբ մոլորեալ Քրիստոնեայ մը իր յանցագործութեան համար խորապէս վրդոված է։ Անոր խոր մտահոգութիւնը հաւանաբար ցոյց կու տայ թէ, իրականութեան մէջ, ան աններելի մեղք չէ գործած։
Անոնց Մեղքերը Աններելի Էին
7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յիսուսի օրերուն, կարգ մը կրօնական հակառակորդներ աններելի մեղք գործեցին։
7 Կարգ մը Հրեայ կրօնական առաջնորդներ որոնք Յիսուսի հակառակեցան, յօժարակամ՝ հետեւաբար աններելի՝ մեղք գործեցին։ Անոնք թէեւ տեսան Աստուծոյ սուրբ հոգիին գործունէութիւնը Յիսուսի միջոցաւ, երբ ան բարիք կ’ընէր եւ հրաշքներ կը գործէր, սակայն այն կղերները իր ոյժը վերագրեցին Բէեղզեբուղին, կամ Բանսարկու Սատանային։ Անոնք մեղանչեցին Աստուծոյ հոգիին անժխտելի գործառնութեան կատարելապէս գիտակցելով։ Ուստի անոնք աններելի մեղքը գործեցին, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ սուրբ հոգիին դէմ [բան] ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհին մէջ»։—Մատթէոս 12։22–32
8. Յուդա Իսկարիովտացիին մեղքը ինչո՞ւ աններելի էր։
8 Յուդա Իսկարիովտացիին մեղքն ալ աններելի էր։ Անոր մատնիչութիւնը բարձրակէտն էր յօժարակամօրէն, կանխամտածուած կեղծաւոր եւ անպարկեշտ ընթացքի մը։ Օրինակի համար, երբ Յուդա տեսաւ որ Մարիամ թանկագին իւղով Յիսուսը կ’օծէր, հարցուց. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Յովհաննէս առաքեալ աւելցուց. «[Յուդա] ասիկա ըսաւ, ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր»։ Անկէ անմիջապէս ետք, Յուդա 30 կտոր արծաթի փոխարէն Յիսուսը մատնեց։ (Յովհաննու 12։1–6. Մատթէոս 26։6–16) Ճիշդ է որ Յուդա խղճի խայթ զգաց եւ անձնասպան եղաւ։ (Մատթէոս 27։1–5) Բայց անոր չներուեցաւ, քանի որ իր կանխամտածուած, անձնասէր յարատեւ ընթացքը եւ իր դաւաճան արարքը կ’արտացոլացնէին սուրբ հոգիին դէմ իր գործած մեղքը։ Որքա՜ն յարմար էր որ Յիսուս Յուդան կոչեց «կորստեան որդին»։—Յովհաննու 17։12. Մարկոս 3։29. 14։21
Անոնց Մեղքերը Ներուեցան
9. Աստուած ինչո՞ւ ներեց Բերսաբէին հետ առնչութիւն ունեցող Դաւիթի մեղքերը։
9 Յօժարակամօրէն գործուած մեղքերը սուր կերպով կը հակադրուին Աստուծմէ թողութիւն ստացող անհատներուն սխալներուն հետ։ Առ ի օրինակ, նկատի առէք Դաւիթ Թագաւորը։ Ան Բերսաբէին՝ Ուրիայի կնոջը՝ հետ շնութիւն ըրաւ եւ ապա մղեց Յովաբին որ պատերազմին մէջ Ուրիայի մահը դաւադրէ։ (Բ. Թագաւորաց 11։1–27) Աստուած ինչո՞ւ Դաւիթին ողորմեցաւ։ Գլխաւորաբար Թագաւորութեան ուխտին պատճառաւ, բայց նաեւ Դաւիթի ողորմածութեան եւ անոր անկեղծ զղջումին համար։—Ա. Թագաւորաց 24։4–7. Բ. Թագաւորաց 7։12. 12։13
10. Թէեւ Պետրոս լրջօրէն մեղանչեց, սակայն Աստուած ինչո՞ւ ներեց անոր։
10 Պետրոս առաքեալն ալ նկատի առէք։ Ան կրկնակիօրէն Յիսուսը ուրանալով լրջօրէն մեղանչեց։ Աստուած ինչո՞ւ Պետրոսին ներեց։ Յուդա Իսկարիովտացիին հակառակը, Պետրոս պարկեշտ եղած էր Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ծառայութեան մէջ։ Այս առաքեալին մեղքը մարմնաւոր տկարութեան պատճառաւ էր եւ ան իրապէս զղջաց ու «դառնապէս լացաւ»։—Մատթէոս 26։69–75
11. Ինչպէ՞ս կը սահմանէք «զղջալ» բառը, եւ անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ եթէ իրապէս կը զղջայ։
11 Վերոյիշեալ օրինակները ցոյց կու տան որ նոյնիսկ ծանրապէս մեղանչող անհատ մը կրնայ Եհովա Աստուծմէ թողութիւն ստանալ։ Սակայն ի՞նչ վերաբերմունք կը պահանջուի թողութիւն ստանալու համար։ Մեղանջող Քրիստոնեայ մը Աստուծմէ իրապէս թողութիւն ստանալու համար, անհրաժեշտ է որ ան անկեղծօրէն զղջայ։ Զղջալ կը նշանակէ «մեղքէն հեռանալ, անցեալի յանցագործութիւններուն համար մեղայի գալով» կամ՝ «ցաւ կամ վիշտ զգալ ըրած կամ չըրած բաներուն համար»։ (Webster’s Third New International Dictionary) Իրապէս զղջացող անհատը խղճահարութիւն պէտք է յայտնաբերէ որեւէ նախատինքի, վիշտի, կամ խնդրի համար, զոր իր մեղքը բերած է Եհովայի անուան եւ կազմակերպութեան վրայ։ Զղջացող յանցագործը նաեւ համապատասխան պտուղներ պէտք է արտաբերէ, զղջումի արժանաւոր գործեր կատարելով։ (Մատթէոս 3։8. Գործք 26։20) Օրինակի համար, եթէ ան մէկը շորթած է, տրամաբանական քայլեր պէտք է առնէ վնասը հատուցանելու։ (Ղուկաս 19։8) Այսպիսի զղջացող Քրիստոնեայ մը սուրբ գրային վաւերական պատճառներ ունի վստահ ըլլալու թէ Եհովա առատապէս պիտի ներէ իրեն։ Ի՞նչ են անոնք։
Պատճառներ՝ Աստուծոյ Թողութեան Վստահելու
12. Ինչպէս Սաղմոս 25։11–ը ցոյց կու տայ, զղջացող անհատ մը կրնայ ի՞նչ բանի հիման վրայ թողութիւն ստանալու համար աղօթել։
12 Զղջացող յանցագործ մը կրնայ վստահութեամբ աղօթել թողութեան համար Եհովայի անունը խնդրոյ առարկայ ըլլալուոն համար։ Դաւիթ աղաչեց. «Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասնզի մեծ է»։ (Սաղմոս 25։11) Այսպիսի աղօթք մը եւ Աստուծոյ անուան վրայ յանցագործին պատճառած որեւէ նախատինքի համար ցուցաբերուած զղջումը արգելք պէտք է հանդիսանան ապագային մեծ մեղք մը գործելու։
13. Աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ աստուածային թողութիւն ստանալուն հետ։
13 Եհովա Աստուած իր մոլորեալ, բայց զղջացող ծառաներուն սրտագին աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Օրինակի համար, Եհովա իր ականջը չգոցեց Դաւիթին, երբ ան Բերսաբէին հետ առնչութիւն ունեցող իր մեղքերուն ահռելի ըլլալուն գիտակցելէ ետք, սրտանց աղօթեց։ Իրականութեան մէջ, 51–րդ Սաղմոսին մէջ Դաւիթին խօսքերը աղերսարկուի մը շատ մը զգացումները կ’արտայայտեն։ Ան աղաչեց. «Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ, քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։ Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։ Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։—Սաղմոս 51։1, 2, 17
14. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս կը վստահեցնեն թէ Աստուած կը ներէ անոնց որոնք Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան հաւատք կ’ընծայեն։
14 Աստուած կը ներէ անոնց որոնք Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան հաւատք կ’ընծայեն։ Պօղոս գրեց. «Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն»։ (Եփեսացիս 1։7) Նոյն ուղիով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէսզի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2
15. Որպէսզի շարունակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը վայելել, զղջացող մեղաւոր մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
15 Եհովայի ողորմութիւնը զղջացող յանցագործին պատճառ կու տայ վստահելու թէ կրնայ թողութիւն ստանալ։ Նէեմիա ըսաւ. «Դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած [մըն ես]»։ (Նէեմեայ 9։17. բաղդատել Ելից 34։6, 7։) Անշուշտ, որպէսզի աստուածային ողորմութիւնը շարունակէ վայելել, մեղաւորը ջանք պէտք է թափէ Աստուծոյ օրէնքը պահելու։ Ինչպէս սաղմոսերգուն ըսաւ. «Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէսզի ապրիմ, վասնզի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։ Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս»։—Սաղմոս 119։77, 156
16. Ինչպէ՞ս մեզ կը մխիթարէ այն իրողութիւնը թէ Եհովա մեր մեղաւոր վիճակը նկատի կ’առնէ։
16 Եհովա մեր մեղաւոր վիճակը հաշիւի առնելն ալ կը մխիթարէ եւ պատճառ կու տայ զղջացող յանցագործին որ վստահութեամբ աղօթէ գիտնալով որ Աստուած պիտի ներէ իրեն։ (Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12) Սաղմոսերգու Դաւիթ ամոքիչ վստահութիւն ներշնչեց, երբ յայտարարեց. «Անիկա [Եհովա Աստուած] մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։10–14) Այո, մեր երկնաւոր Հայրը նոյնիսկ մարդկային ծնողէ մը աւելի ողորմած եւ գթասիրտ է։
17. Անհատի մը Աստուծոյ մատուցած հաւատարիմ ծառայութեան անցեալի արձանագրութիւնը ի՞նչ կապակցութիւն ունի թողութեան հետ։
17 Զղջացող մեղաւոր մը կրնայ թողութեան համար աղօթել վստահ ըլլալով որ Եհովա անցեալին իր կատարած հաւատարիմ ծառայութեան արձանագրութիւնը պիտի չանտեսէ։ Թէեւ Նէեմիա մեղքի թողութեան համար չէր պաղատեր, սակայն ան ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։ (Նէեմեայ 13։31) Զղջացող Քրիստոնեայ մը կրնայ մխիթարուիլ սա խօսքերով. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—Եբրայեցիս 6։10
Օգնութիւն Երէցներէն
18. Ի՞նչ պէտք է ընել եթէ Քրիստոնեայի մը մեղքը զինք հոգեւորապէս հիւանդացուցած է։
18 Քրիստոնեայ մը ի՞նչ կրնայ ընել երբ զգայ թէ հոգեւոր դրախտին մէջ մնալու արժանի չէ կամ աղօթելու անկարող է, քանի որ իր մեղքը զինք հոգեւորապէս հիւանդացուցած է։ «[Ժողովքին] երէցները թող կանչէ, որպէսզի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր»։ Այո, ժողովքի երէցները կրնան զղջացող հաւատակիցի մը հետ եւ անոր համար ազդեցիկ կերպով աղօթել, յուսալով վերահաստատել հոգեւոր լաւ առողջութիւնը։—Յակոբու 5։14–16
19. Եթէ անհատ մը վտարուած է, ի՞նչ պէտք է ներուելու եւ վերընդունուելու։
19 Նոյնիսկ երբ դատական յանձնախումբ մը անզեղջ մեղաւոր մը վտարէ, ան որ պայման չէ աններելի մեղքը գործէ։ Սակայն, թողութիւն ստանալու եւ վերընդունուելու համար, ան պէտք է հնազանդի Աստուծոյ օրէնքներուն զղջումի արժանաւոր պտուղներ յառաջ բերէ եւ վերընդունուելու համար երէցներուն դիմէ։ Վաղեմի Կորնթոսի մէջ եղող ժողովքէն պոռնկացող մը վտարուելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ։ Ուստի ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք»։—Բ. Կորնթացիս 2։6–8. Ա. Կորնթացիս 5։1–13
Աստուած Ոյժ Կու Տայ
20, 21. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել անհատի մը որ թերեւս աններելի մեղք գործած ըլլալուն մասին կը մտատանջուի։
20 Եթէ տկար առողջութիւնը, կամ ճնշումը, պատճառ ըլլան որ անհատ մը մտատանջուի թէ աններելի մեղք գործած է, բաւարար հանգիստը եւ քունը կրնան օգտակար ըլլալ։ Սակայն, յատկապէս պէտք է յիշէք Պետրոսին խօսքերը. «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ Իսկ բնաւ թոյլ մի՛ տաք որ Սատանան ձեզ վհատեցնէ, քանի որ Պետրոս աւելցուց. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը ... ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛»։—Ա. Պետրոս 5։6–10
21 Ուստի եթէ սրտաբեկ էք, բայց կը վախնաք որ աններելի մեղքով յանցաւոր էք, յիշեցէք որ Աստուծոյ ճամբաները իմաստուն, արդար եւ սիրալիր են։ Հետեւաբար, հաւատքով աղօթեցէք իրեն։ Շարունակեցէք սնուցանուիլ այն հոգեւոր սնունդով զոր ան «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ կը հայթայթէ։ (Մատթէոս 24։45–47) Հաւատակիցներուն հետ ընկերակցեցէք եւ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար բաժին բերէք։ Այսպէս ընելը ձեր հաւատքը պիտի զօրացնէ եւ ձեզ պիտի ազատէ աններելի մեղք գործած ըլլալուն վախէն։
22. Յաջորդիւ ի՞նչ բան ետքը նկատի պիտի առնենք։
22 Հոգեւոր դրախտին մէջ բնակողները կրնան մխիթարուիլ գիտնալով որ Եհովա առատապէս կը ներէ։ Այսուհանդերձ, անոնց կեանքը ներկայիս փորձութիւններէ զերծ չէ։ Թերեւս անոնք յուսալքուած են, սիրելիի մը մահուան, կամ սիրելի ընկերոջ մը ծանրաբար հիւանդութեան պատճառաւ։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, այս եւ ուրիշ պարագաներուն, Եհովա, իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, իր ժողովուրդին կ’օգնէ եւ զայն կ’առաջնորդէ։
Ի՞նչ Են Ձեր Պատասխանները
◻ Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա «առատապէս կը ներէ»։
◻ Ո՞ր մեղքին համար թողութիւն չկայ։
◻ Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ անհատի մը մեղքերը կը ներուին։
◻ Զղջացող յանցագործները ինչո՞ւ կրնան Աստուծոյ թողութեան վստահիլ։
◻ Զղջացող յանցագործներուն ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։
[Նկար՝ էջ 19]
Գիտէ՞ք ինչու Դաւիթ եւ Պետրոս թողութիւն ստացան, բայց Յուդա Իսկարիովտացին՝ ոչ։
[Նկար՝ էջ 20]
Ժողովքի երէցներուն կողմէ մատուցուած օժանդակութիւնը կրնայ Քրիստոնեայի մը հոգեւորապէս օգնել