Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 10/1 էջ 11-15
  • Ո՛վ երէցներ, արդարութեամբ դատեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՛վ երէցներ, արդարութեամբ դատեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոս՝ Օրինակելի Դատաւորը
  • Երկրային Դատաւորներ
  • Դատաւորներ Որոնք ‘Վախով կը Վարուին’
  • Ամբողջ Ժամանակով Հովիւներ
  • Ծառայել Որպէս Բարերար Հովիւներ ու Դատաւորներ
  • Պատշաճ Վերաբերմունք Նիստերու Ընթացքին
  • Դատական Նիստերուն Նպատակը
  • Եհովա՝ ‘բոլոր երկրի անաչառ Դատաւորը’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Երէցները սիրով եւ ողորմութեամբ կը վարուին յանցագործներուն հետ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Եհովայի ոչխարները գորովալից հոգածութեան պէտք ունին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 10/1 էջ 11-15

Ո՛վ երէցներ, արդարութեամբ դատեցէք

«Ձեր եղբայրներուն խնդիրները [երբ լսէք] ... արդարութեամբ դատեցէք»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 1։16

1. Դատելու հարցին մէջ, հեղինակութեան ի՞նչ իրաւասութիւն տրուած է, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մարդկային դատաւորներուն համար։

ՈՐՊԷՍ Գերագոյն Դատաւորը, Եհովա դատական հեղինակութիւն տուած է իր Որդւոյն։ (Յովհաննու 5։27) Իր կարգին, որպէս Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը, Քրիստոս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը եւ անոր Կառավարիչ Մարմինը կը գործածէ երէցներ նշանակելու համար, որոնք երբեմն պէտք է գործեն որպէս դատաւորներ։ (Մատթէոս 24։45–47. Ա. Կորնթացիս 5։12, 13. Տիտոս 1։5, 9) Իբրեւ օգնական դատաւորներ, ասոնք ստիպողականութիւնը ունին մօտէն հետեւելու երկնային Դատաւորներուն՝ Եհովայի ու Քրիստոս Յիսուսի, օրինակին։

Քրիստոս՝ Օրինակելի Դատաւորը

2, 3. (ա) Ո՞ր Մեսիական մարգարէութիւնը կը յայտնէ Քրիստոսին յատկութիւնները որպէս Դատաւոր։ (բ) Ի՞նչ կէտեր մասնաւորապէս նկատողութեան արժանի են։

2 Քրիստոսի մասին որպէս Դատաւոր մարգարէաբար գրուած էր. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը հոգին, իմաստութեան ու հանճարի հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ»։—Եսայեայ 11։2–4

3 Նկատեցէք այդ մարգարէութեան մէջ այն յատկութիւնները որոնք կարող կ’ընեն որ Քրիստոս «աշխարհս արդարութեամբ ... դատէ»։ (Գործք 17։31) Ան կը դատէ Եհովայի հոգիին, աստուածային իմաստութեան, հասկացողութեան, խրատին, ու գիտութեան համաձայն։ Նկատեցէք նաեւ թէ ան կը դատէ Եհովայի վախով։ Ուստի, «Քրիստոսին ատեան»ը՝ «Աստուծոյ ատեանին» ներկայացուցիչ է։ (Բ. Կորնթացիս 5։10. Հռովմայեցիս 14։10, ՆԱ) Ան ուշադիր է որ հարցերը դատէ Աստուծոյ դատած կերպով։ (Յովհաննու 8։16) Ան պարզապէս երեւոյթին կամ տարաձայնութեան համեմատ չի դատեր։ Ան իրաւունքով կը դատէ աղքատներուն ու զրկուածներուն ի նպաստ։ Ի՜նչ սքանչելի Դատաւոր մը։ Իսկ ի՜նչ սքանչելի օրինակ մը այն անկատար մարդոց համար, որոնցմէ կը պահանջուի դատական հանգամանքով գործել այսօր։

Երկրային Դատաւորներ

4. (ա) Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին 144,000–ի պաշտօններէն մէկը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (բ) Ո՞ր մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ կարգ մը օծեալ Քրիստոնեաներ դատաւորներ պիտի նշանակուէին երկրի վրայ գտնուած ատեն։

4 Սուրբ գրութիւնները կը մատնանշեն թէ օծեալ Քրիստոնեաներու համեմատաբար պզտիկ թիւ մը, 12 առաքեալներէն սկսելով, Քրիստոս Յիսուսի հետ ընկերակից դատաւորներ պիտի ըլլան Հազարամեային ընթացքին։ (Ղուկաս 22։28–30. Ա. Կորնթացիս 6։2. Յայտնութիւն 20։4) Հոգեւոր Իսրայէլի օծեալ անդամներէն մնացորդ մը երկրի վրայ դատուեցաւ ու վերահաստատուեցաւ 1918–1919–ի ընթացքին։ (Մաղաքեայ 3։2–4) Հոգեւոր Իսրայէլի այս վերահաստատման մասին մարգարէացուած էր. «Քու դատաւորներդ առաջուան պէս ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ»։ (Եսայեայ 1։26) Արդ, ճիշդ ինչպէս որ ըրած էր մարմնաւոր Իսրայէլի սկիզբը, Եհովա վերահաստատուած մնացորդին տուաւ արդար դատաւորներ ու խորհրդականներ։

5. (ա) Հոգեւոր Իսրայէլի վերահաստատութենէն ետք, որո՞նք որպէս «դատաւոր»ներ նշանակուեցան, եւ անոնք ինչպէ՞ս նկարագրուած են Յայտնութիւն գրքին մէջ։ (բ) Ներկայիս դատական գործին մէջ որո՞նք կ’օգնեն օծեալ տեսուչներու, եւ ասոնք ինչպէ՞ս կը մարզուին աւելի լաւ դատաւորներ ըլլալու համար։

5 Սկիզբը այն «իմաստուն» մարդիկը որոնք որպէս «դատաւոր»ներ դրուեցան, բոլորն ալ օծեալ երէցներ էին։ (Ա. Կորնթացիս 6։4, 5) Հաւատարիմ, յարգուած օծեալ տեսուչները Յայտնութեան գրքին մէջ նկարագրուած են որպէս Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ, այսինքն, անոր հսկողութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ։ (Յայտնութիւն 1։16, 20. 2։1) 1935–էն ի վեր, օծեալները երթալով աւելցող ‘մեծ բազմութեան’ հաւատարիմ օգնութիւնը ստացած են, որու յոյսն է «մեծ նեղութենէն» վերապրիլ ու յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14–17) Մինչ «Գառնուկին հարսանիքը» կը մօտենայ, անոնցմէ երթալով աւելի շատ անհատներ օծեալ Կառավարիչ Մարմինին կողմէ կը նշանակուին որպէս երէցներ ու դատաւորներ ծառայելու համար համայն Աշխարհի Եհովայի Վկաներու աւելի քան 66,000 ժողովքներուն մէջ։a (Յայտնութիւն 19։7–9) Մասնաւոր դպրոցներու միջոցաւ, անոնք կը մարզուին որ «նոր երկրի» ընկերութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն։ (Բ. Պետրոս 3։13) 1991–ի վերջաւորութեան շատ մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցած Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցը շեշտ դրաւ դատական հարցերը պատշաճ կերպով ձեռք առնելուն վրայ։ Այն երէցները որոնք կը ծառայեն որպէս դատաւորներ Եհովան ու Քրիստոս Յիսուսը ընդօրինակելու ստիպողականութիւնը ունին, որոնց դատաստանները ճշմարիտ ու արդար են։—Յովհաննու 5։30. 8։16. Յայտնութիւն 19։1, 2

Դատաւորներ Որոնք ‘Վախով կը Վարուին’

6. Այն երէցները որոնք կը ծառայեն դատական յանձնախումբերու մէջ, ինչո՞ւ պէտք է ‘վախով վարուին’։

6 Եթէ Քրիստոս Եհովայի վախով եւ անոր հոգիին օգնութեամբ կը դատէ, որքա՜ն աւելի այնպէս պէտք է ընեն անկատար երէցները։ Երբ անոնք կը նշանակուին դատական յանձնախումբի մը մէջ ծառայելու, անոնք կարիքը ունին ‘վախով վարուելու’, ‘առանց աչառութեան դատող’ Հօրմէն խնդրելով որ իրենց օգնէ արդարութեամբ դատելու։ (Ա. Պետրոս 1։17) Անոնք պէտք է յիշեն թէ անհատներու կեանքին՝ «հոգիներուն»՝ հետ գործ ունին որպէս թէ «հաշիւ պիտի տան»։ (Եբրայեցիս 13։17) Ասոր ի տես, վստահաբար անոնք նաեւ Եհովայի համարատու պիտի ըլլան, որեւէ խուսափելի դատական սխալի համար զոր կը գործեն։ Եբրայեցիս 13։17–ին մասին իր մեկնութեան մէջ, Ժ. Հ. Ա. Էպրարտ գրեց. «Հովիւին պարտականութիւնն է իր հոգատարութեան յանձնուած հոգիներուն վրայ հսկել եւ ... անոնց բոլորին, իր սխալին պատճառաւ կորսուողներուն համար պէտք է հաշիւ տայ։ Ասիկա շատ լուրջ խօսք մըն է։ Թող որ այս խօսքին ամէն ծառայ նկատի առնէ թէ յօժարակամօրէն ստանձնած է այս պատկառելի պատասխանատու պաշտօնը»։—Բաղդատել Յովհաննու 17։12. Յակոբու 3։1։

7. (ա) Արդի դատաւորները ի՞նչ պէտք է յիշեն, եւ անոնց նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ (բ) Երէցները ի՞նչ դասեր պէտք է քաղեն Մատթէոս 18։18–20–էն։

7 Դատական հանգամանքով գործող երէցները պէտք է յիշեն թէ իւրաքանչիւր դատի իրական Դատաւորներն են Եհովան ու Քրիստոս Յիսուսը։ Յիշեցէք ինչ որ ըսուեցաւ Իսրայելացի դատաւորներուն. «Ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։ Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ ...։ Այսպէս ըրէք, որպէսզի [դուք] յանցաւոր չըլլաք»։ (Բ. Մնացորդաց 19։6–10) Ակնածու վախով, դատ վարող երէցները իրենց լաւագոյնը պէտք է ընեն վստահ ըլլալու համար թէ Եհովա իրապէս ‘դատաստանի մէջ իրենց հետ է’։ Անոնց որոշումը պէտք է ճշգրտօրէն ցոլացնէ այն կերպը որով Եհովա ու Քրիստոս կը նկատեն հարցը։ Անոնք երկրի վրայ ինչ որ այլաբանօրէն ‘կը կապեն’ (յանցաւոր կը նկատեն) կամ ‘կ’արձակեն’ (անմեղ կը նկատեն) արդէն երկնքի մէջ կապուած կամ արձակուած պէտք է ըլլայ ինչ որ կը յայտնուի Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքին Գրութեամբ։ Եթէ անոնք Յիսուսի անունով Եհովայի աղօթեն, Յիսուս «անոնց մէջ» պիտի գտնուի անոնց օգնելու համար։ (Մատթէոս 18։18–20. Դիտարան Մայիս 1, 1991, էջ 9, Անգլ.) Դատական նիստի մը ընթացքին մթնոլորտը պէտք է յայտնէ թէ Քրիստոս իսկապէս իրենց մէջ կը գտնուի։

Ամբողջ Ժամանակով Հովիւներ

8. Ի՞նչ է երէցներուն գլխաւոր պատասխանատուութիւնը հօտին հանդէպ, Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի օրինակէն դատելով։ (Եսայեայ 40։10, 11. Յովհաննու 10։11, 27–29)

8 Երէցները ամբողջ ժամանակով չեն դատեր։ Անոնք ամբողջ ժամանակով հովիւներ են։ Անոնք բուժողներ են, ոչ թէ պատժողներ։ (Յակոբու 5։13–16) Յունարէն տեսուչ բառին (էբիսգոբոս) հիմնական գաղափարն է պահպանիչ հոգածութիւն ցոյց տալ։ Նոր Կտակարանի Աստուածբանական Բառարանը կը նշէ. «Հովիւին վրայ [Ա. Պետրոս 2։25–ի մէջ], այս արտայայտութիւնը [էբիսգոբոս] հսկելու կամ պահպանելու հովուական գործ մը կը թելադրէ»։ Այո, անոնց գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է ոչխարներուն վրայ հսկել ու զանոնք պահպանել, հօտին մէջ զանոնք պահել։

9, 10. (ա) Պօղոս ինչպէ՞ս շեշտեց երէցներուն առաջին պարտականութիւնը, ուստի ո՞ր հարցումը տեղին է ուղղել։ (բ) Գործք 20։29–ին մէջ Պօղոսի խօսքերը ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն, ուստի երէցները ինչպէ՞ս կրնան փորձել դատական հարցերուն թիւը նուազեցնել։

9 Եփեսոսի ժողովքի երէցներուն խօսելով, Պօղոս առաքեալ շեշտը յարմար տեղը դրաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [Որդւոյն] արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Պօղոս ցցուն ըրաւ հովուելը, ոչ թէ պատժելը։ Կարգ մը երէցներ լաւ կ’ընեն եթէ խոկան հետեւեալ հարցումին վրայ. ‘Դատական հարցերը քննելու եւ ձեռք առնելու համար տրամադրուած այսքան ժամանակը կրնայի՞նք խնայել, եթէ հովուելու համար աւելի ժամանակ ու ջանք յատկացնէինք’։

10 Ճիշդ է որ Պօղոս զգուշացուց «յափշտակող գայլեր»ու դէմ։ Բայց անոնց չմեղադրե՞ց ‘հօտին հետ փափկութեամբ չվարուելուն’ համար։ (Գործք 20։29, ՆԱ) Իսկ թէեւ ան ակնարկեց թէ հաւատարիմ տեսուչները պէտք է վռնտեն այս «գայլեր»ը, սակայն իր խօսքերը ցոյց չե՞ն տար որ երէցները ‘փափկութեամբ’ պէտք է վարուին հօտին միւս անդամներուն հետ։ Երբ ոչխար մը հոգեւորապէս տկարանայ ու մոլորի, ան ի՞նչ բանի կարիքը ունի, ծեծուելո՞ւ՝ թէ բուժուելու, պատժուելո՞ւ՝ թէ հովուելու։ (Յակոբու 5։14, 15) Հետեւաբար, երէցները հովուելու գործին կանոնաւորաբար ժամանակ պէտք է յատկացնեն։ Ասոր լաւ հետեւանքը կրնայ ըլլալ աւելի նուազ ժամանակ վատնել մեղքի մէջ ինկած Քրիստոնեաներուն հետ ժամանակ սպառող դատական հարցերու համար։ Վստահաբար, երէցներուն առաջին հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ ամոքումի ու կազդուրման աղբիւր մը ըլլալ եւ այսպիսով Եհովայի ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն, հանդարտութիւն եւ ապահովութիւն յառաջացնել։—Եսայեայ 32։1, 2

Ծառայել Որպէս Բարերար Հովիւներ ու Դատաւորներ

11. Դատական յանձնախումբերու մէջ ծառայող երէցները ինչո՞ւ անաչառութեան ու ‘վերին իմաստութեան’ կարիքը ունին։

11 Քրիստոնեայ մը սխալ քայլ առնելէ առաջ, անխոնջ կերպով կատարուած հովուական այցելութիւնները կրնան իրապէս նուազեցնել դատական հարցերուն թիւը Եհովայի ժողովուրդին մէջ։ (Բաղդատել Գաղատացիս 6։1։) Այսուհանդերձ, մարդկային մեղքին ու անկատարութեան պատճառաւ, երբեմն Քրիստոնեայ տեսուչները պէտք է զբաղին յանցագործութեան հարցերով։ Ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է զիրենք առաջնորդեն։ Ատոնք չեն փոխուած Մովսէսի կամ նախկին Քրիստոնեաներու ժամանակէն ի վեր։ Իսրայէլի մէջ եղող դատաւորներուն Մովսէսի ուղղած խօսքերը տակաւին ի զօրու են. «Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ... արդարութեամբ դատեցէք։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք»։ (Բ. Օրինաց 1։16, 17) Անաչառութիւնը ‘վերին իմաստութեան’ մէկ յատկանիշն է, այն իմաստութիւնը որ շատ կենսական է դատական յանձնախումբերուն մէջ ծառայող երէցներուն համար։ (Յակոբու 3։17. Առակաց 24։23) Այսպիսի իմաստութիւն մը պիտի օգնէ անոնց որ տարբերութիւնը տկարութիւնը չարութենէն զատորոշեն։

12. Ի՞նչ իմաստով դատաւորները ոչ միայն արդար պէտք է ըլլան, այլ նաեւ՝ բարի։

12 Երէցները պէտք է ‘արդարութեամբ դատեն’, շիտակն ու սխալը բնորոշելու Եհովայի չափանիշներուն համաձայն։ (Սաղմոս 19։9) Բայց եւ այնպէս, մինչ կը ջանան արդար անհատներ ըլլալ, անոնք պէտք է նաեւ փորձեն բարի մարդիկ ըլլալ, Հռովմայեցիս 5։7, 8–ի մէջ Պօղոսի ըրած բաղդատութեան իմաստով։ Այս համարները մեկնաբանելով, «Արդարութիւն» խորագրին ներքեւ, Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը կը նշէ. «Յունարէն բառին գործածութիւնը ցոյց կու տայ թէ այն անհատը որ իր բարութեամբ յատկանշական կամ աչքառու է, մէկն է՝ որ բարեսէր է (հակամէտ է ուրիշներու բարիք ընելու կամ օգտակար ըլլալու) եւ բարերար է (այսպիսի բարութիւն մը գործնական արտայայտելով)։ Ան պարզապէս չէ հետաքրքրուած ընելով այն ինչ որ կը պահանջէ արդարութիւնը, այլ՝ անկէ անդին կ’երթայ, ուրիշներուն հանդէպ լաւ նկատառութենէ եւ անոնց օգտակար ըլլալու ու օգնելու մղուած փափաքէ»։ (Հատոր Բ., էջ 809) Այն երէցները որոնք ոչ միայն արդար են, այլ նաեւ՝ բարի, յանցագործներուն հետ քաղցր նկատառութեամբ պէտք է վարուին։ (Հռովմայեցիս 2։4) Անոնք պէտք է փափաքին ողորմած ու կարեկից ըլլալ։ Անոնք իրենց կարելին պէտք է ընեն, որպէսզի յանցագործը տեսնէ զղջալու կարիքը, նոյնիսկ եթէ սկիզբը այնպէս թուի թէ ան իրենց ջանքերուն չ’ընդառաջեր։

Պատշաճ Վերաբերմունք Նիստերու Ընթացքին

13. (ա) Երբ երէց մը կը գործէ դատաւորի հանգամանքով, ան ի՞նչ ըլլալէ չի դադրիր։ (բ) Պօղոսի ո՞ր խրատը կը կիրարկուի նաեւ դատական նիստերուն։

13 Երբ պարագայ մը դատական նիստ մը պահանջէ, տեսուչները պէտք չէ մոռնան որ տակաւին հովիւներ են եւ «բարի հովիւ»ին ձեռքին տակ Եհովայի ոչխարներուն հետ գործ ունին։ (Յովհաննու 10։11) Այն խրատը զոր Պօղոս տուաւ կանոնաւոր օգնութիւն մատուցանելու համար դժուարութիւններու մէջ եղող ոչխարներուն նոյն ուժգնութեամբ կը կիրարկուի դատական նիստերուն։ Ան գրեց. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։ Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք»։—Գաղատացիս 6։1, 2b

14. Տեսուչները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն դատական նիստերը, եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրենց վերաբերմունքը յանցագործի մը հանդէպ։

14 Փոխանակ իրենք զիրենք սեպելու գերադաս դատաւորներ, որոնք հաւաքուած են պատժելու համար, դատական յանձնախումբի մը մէջ ծառայող երէցները նիստին պէտք է նային որպէս իրենց հովուելու գործին ուրիշ մէկ երեսակը։ Եհովայի ոչխարներէն մէկը դժուարութեան մատնուած է. ի՞նչ կրնան ընել զինք ազատելու համար։ Հօտէն մոլորած այս ոչխարին շատ ո՞ւշ է օգնել։ Պէտք է յուսանք որ ոչ։ Երէցները դրական տեսակէտ մը պէտք է պահեն ողորմութիւն ցոյց տալով երբ պատշաճ է այդպէս ընել։ Անիկա չի նշանակեր որ անոնք Եհովայի չափանիշները պէտք է նսեմացնեն եթէ լուրջ մեղք մը գործուած է։ Բայց եթէ անոնք գիտակից ըլլան որ մեղմացուցիչ որեւէ պարագայ մը կայ, ասիկա իրենց պիտի օգնէ ողորմութիւն յայտնելու, ուր կարելի է։ (Սաղմոս 103։8–10. 130։3) Դժբախտաբար, կարգ մը յանցագործներ այնքան յամառ կեցուածք մը ունին որ երէցները կը ստիպուին հաստատամտութիւն ցոյց տալ, բայց երբեք՝ խստութիւն։—Ա. Կորնթացիս 5։13

Դատական Նիստերուն Նպատակը

15. Երբ լուրջ խնդիր մը ծագի անհատներու միջեւ, նախ ի՞նչ բանէ վստահ պէտք է ըլլալ։

15 Երբ անհատներու միջեւ լուրջ հարց մը ծագի, իմաստուն երէցները նախ վստահ պէտք է ըլլան թէ խնդրոյ առարկայ անհատները փորձած են հարցը առանձին լուծել, Մատթէոս 5։23, 24–ին կամ Մատթէոս 18։15–ին հոգիով։ Եթէ ասոր մէջ թերացած են, թերեւս մէկ կամ երկու երէցներու կողմէ տրուած խրատը բաւարար ըլլայ։ Դատական արարքը անհրաժեշտ է միայն եթէ լուրջ մեղք մը գործուած է, որ կրնայ վտարումի առաջնորդել։ (Մատթէոս 18։17. Ա. Կորնթացիս 5։11) Սուրբ գրային իրական հիմ մը պէտք է ըլլայ դատական յանձնախումբ մը կազմելու համար։ (Տես Դիտարան Սեպտեմբեր 15, 1989, էջ 18, Անգլ.)։ Երբ դատական յանձնախումբ մը կազմուի, ամենէն որակելի երէցները պէտք է ընտրուին այս մասնայատուկ պարագային։

16. Դատական նիստերուն միջոցաւ, երէցները ի՞նչ կը փորձեն իրագործել։

16 Երէցները ի՞նչ կը փորձեն իրագործել դատական նիստերուն միջոցաւ։ Նախ, անկարելի է արդարութեամբ դատել, եթէ ճշմարտութիւնը գիտցուած չէ։ Ինչպէս Իսրայէլի մէջ, լուրջ հարցերը պէտք է ‘աղէկ մը քննուին’։ (Բ. Օրինաց 13։14. 17։4) Ուստի նիստի մը նպատակակէտերէն մէկն է՝ հարցին իրողութիւնները երեւան հանել։ Բայց ասիկա կարելի է եւ պէտք է ընել սէրէ մղուած։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 6, 7) Անգամ մը որ իրողութիւնները գիտցուին, երէցները անհրաժեշտ եղածը պէտք է ընեն ժողովքը պաշտպանելու ու անոր մէջ Եհովայի բարձր չափանիշները եւ իր հոգիին ազատ հոսանքը պահպանելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 5։7, 8) Բայց եւ այնպէս, նիստի մը նպատակներէն մէկն է, եթէ կարելի է, վտանգուած մեղաւոր մը ազատել։—Բաղդատել Ղուկաս 15։8–10։

17. (ա) Ամբաստանեալ անհատի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ նիստի մը ընթացքին, եւ ի՞նչ նպատակով։ (բ) Ասիկա ի՞նչ պիտի պահանջէ դատական յանձնախումբի անդամներէն։

17 Ամբաստանեալ անհատին հետ պէտք է միշտ վարուիլ որպէս Աստուծոյ ոչխարներէն մէկը։ Անոր հետ փափկութեամբ պէտք է վարուիլ։ Եթէ մեղք մը (կամ մեղքեր) գործուած է, արդար դատաւորներուն նպատակը պիտի ըլլայ մեղաւորին օգնել որ շտկուի, իր ընթացքին սխալ ըլլալը հասկնայ, զղջայ, ու այսպիսով յափշտակուի «Սատանային որոգայթէն»։ Անիկա պիտի պահանջէ ‘սորվեցնելու արուեստը’ եւ ‘քաղցրութեամբ խրատել’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24–26. 4։2) Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի եթէ մեղաւորը գիտակցի որ մեղանչած է, իրապէս իր սրտին մէջ կը զղջայ եւ Եհովայէ թողութիւն կը խնդրէ։ (Բաղդատել Գործք 2։37)։ Եթէ յանձնախումբը համոզուած է որ անիկա անկեղծօրէն օգնութիւն կը խնդրէ, ընդհանրապէս պէտք չըլլար զինք վտարել։—Տես Դիտարան Յունուար 1, 1983, էջ 31, պարբերութիւն 1 (Անգլ.)։

18. (ա) Դատական յանձնախումբ մը ե՞րբ պէտք է հաստատամտութիւն ցոյց տայ վտարելով յանցագործ մը։ (բ) Ո՞ր սրտաճմլիկ վիճակին ի տես երէցները պէտք է ջանք թափեն մոլորած ոչխարներուն ի նպաստ։

18 Միւս կողմէն, երբ դատական յանձնախումբի մը անդամները անզեղջ հաւատուրացութեան, Եհովայի օրէնքներուն դէմ կամաւ ըմբոստութեան, կամ բացայայտ չարութեան յստակ պարագայի մը դիմաց գտնուին, անոնց պարտականութիւնն է ժողովքին միւս անդամները պաշտպանել, վտարելով չզղջացող յանցաւորը։ Դատական յանձնախումբը ստիպուած չէ յանցագործին հետ յաճախակի տեսակցելու, կամ անոր բերանը խօսեցնել տալու, փորձելով ստիպել որ զղջայ, եթէ բացայայտ է թէ անիկա աստուծոյ ուզածին պէս չէ տրտմած։c Վերջին տարիներուն, համայն աշխարհի մէջ վտարումները հրատարակիչներուն մօտաւորապէս 1 առ հարիւր համեմատութեամբ եղած են։ Ատիկա կը նշանակէ թէ փարախին մէջ մնացող շուրջ հարիւր ոչխարներէն մէկը կը կորսուի, առնուազն առժամապէս։ Նկատի առնելով անհատ մը փարախին մէջ բերելու համար պահանջուած ժամանակն ու ջանքը, սրտաճմլիկ բան մը չէ՞ գիտնալ թէ տասնեակ հազարաւորներ ամէն տարի ‘Սատանային կը մատնուին’։—Ա. Կորնթացիս 5։5

19. Դատական յանձնախումբի մը մէջ ծառայող երէցները ի՞նչ պէտք չէ երբեք մոռնան, ուստի անոնց նպատակակէտը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

19 Դատական հարցի մը ձեռնարկող երէցները պէտք է յիշեն որ ժողովքին մէջ գործուած մեղքերուն մեծամասնութիւնը կը պարփակէ տկարութիւն, ոչ թէ չարութիւն։ Անոնք երբեք պէտք չէ մոռնան կորսուած ոչխարին մասին Յիսուսի առակը, զոր եզրափակեց սա խօսքերով. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։ (Ղուկաս 15։7) Իսկապէս, «[Եհովա] ... չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Եհովայի օգնութեամբ, թող որ դատական յանձնախումբերը համայն աշխարհի մէջ իրենց կարելին ընեն, որպէսզի երկնքի մէջ ուրախութիւն ըլլայ, յանցագործներուն օգնելով որ զղջալու կարիքը տեսնեն եւ վերսկսին նեղ ճամբուն մէջ քալել, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Մատթէոս 7։13, 14

[Ստորանիշ էջ 12]

a Քրիստոսի աջ ձեռքին մէջի ուրիշ ոչխարներէն եղող երէցներուն դիրքին համար, տես Յայտնութիւն. Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը (Անգլ.), հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, էջ 136, լուսանցքի բացատրութիւն։

[Ստորանիշ էջ 14]

b Տես Դիտարան Սեպտեմբեր 15, 1989, էջ 19 (Անգլ.)

[Ստորանիշ էջ 15]

c Տես Դիտարան Սեպտեմբեր 1, 1982, էջ 18, պարբերութիւն 24։

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ Մեծ Հովիւին ու Բարի Հովիւին օրինակին հետեւելով, ի՞նչ պէտք է ըլլայ երէցներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը։

◻ Ի՞նչ կերպով երէցները կրնան ջանալ դատական հարցերուն թիւը նուազեցնել։

◻ Ի՞նչ իմաստով դատաւորները կարիքը ունին ոչ միայն արդար ըլլալու, այլ նաեւ՝ բարի։

◻ Յանցագործի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ նիստի մը ընթացքին, եւ ի՞նչ նպատակով։

◻ Վտարումը ինչո՞ւ առնուելիք վերջին քայլն է։

[Նկար՝ էջ 14]

Երբ առաջքը առնող հովուական այցելութիւններ կատարուին, կարելի կ’ըլլայ շատ մը դատական հարցերէ խուսափիլ

Նոյնիսկ դատական նիստի մը ընթացքին, երէցները հեզութեան հոգիով պէտք է փորձեն յանցագործը շտկել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել