Աստուած եւ Կայսրը
«Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։—ՂՈՒԿԱՍ 20։25
1. (ա) Եհովայի վեհ դիրքը ի՞նչ է։ (բ) Եհովայի ի՞նչ կը պարտինք զոր Կայսրին բնաւ չենք կրնար տալ։
ԵՐԲ Յիսուս Քրիստոս այդ պատուէրը տուաւ, իր մտքին մէջ յստակ էր որ իր ծառաներէն Աստուծոյ պահանջած բաները, Կայսրին, կամ Պետութեան պահանջած որեւէ բանէն առաջ պէտք էր անցնէր։ Յիսուս ոեւէ մէկէ աւելի լաւ գիտէր Եհովայի մատուցած սաղմոսերգուին աղօթքին ճշմարիտ ըլլալը. «Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է ու քու տէրութիւնդ՝ [գերիշխանութիւնդ]a ազգէ մինչեւ ազգ»։ (Սաղմոս 145։13) Երբ Բանսարկուն երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ հեղինակութիւն առաջարկեց Յիսուսի, Յիսուս պատասխանեց. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ (Ղուկաս 4։5–8) Պաշտամունքը բնա՛ւ «Կայսրին» չի կրնար տրուիլ, Կայսրը ըլլա՛յ Հռովմէացի միապետը, մարդկային ուրիշ կառավարիչ մը, կամ՝ Պետութիւնը։
2. (ա) Այս աշխարհի առնչութեամբ Սատանայի դիրքը ի՞նչ է։ (բ) Որո՞ւ թոյլտուութեամբ Սատանան այդ դիրքին վրայ է։
2 Յիսուս չուրացաւ որ աշխարհի թագաւորութիւնները Սատանային կը պատկանէին։ Հետագային, ան Սատանան կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։ (Յովհաննու 12։31. 16։11) Հ.Դ. առաջին դարուն վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ, ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Ասիկա չի նշանակեր որ Եհովա երկրի վրայ իր գերիշխանութիւնը լքած է։ Յիշենք որ, երբ Յիսուսի քաղաքական թագաւորութիւններու վրայ իշխանութիւն կ’առաջարկէր, Սատանան ըսաւ. «Այս ամէն իշխանութիւնը . . . քեզի պիտի տամ. վասնզի ինծի յանձնուած է»։ (Ղուկաս 4։6) Մի՛միայն Աստուծոյ թոյլտուութեամբ է որ Սատանան աշխարհի թագաւորութիւններուն վրայ հեղինակութիւն կը բանեցնէ
3. (ա) Ազգերու կառավարութիւնները Եհովայի առջեւ ի՞նչ դիրք կը գրաւեն։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ըսել որ այս աշխարհի կառավարութիւններուն հպատակիլը չի նշանակեր այս աշխարհի աստուծոյն՝ Սատանայի հպատակիլ։
3 Նմանապէս, Պետութիւնը իր հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէ մի՛միայն քանի որ Աստուած՝ որպէս Ամենակալ Իշխան՝ զայն կը թոյլատրէ։ (Յովհաննու 19։11) Ուստի, կարելի է ըսել որ «եղած իշխանութիւնները» «Աստուծմէ կարգուած են»։ Եհովայի գերագոյն հեղինակութեան հետ բաղդատած, անոնց հեղինակութիւնը աներկբայելիօրէն ստորադաս է։ Սակայն, անոնք «Աստուծոյ սպասաւորն» են, այն առումով որ անոնք անհրաժեշտ սպասարկութիւններ կը մատուցանեն, կարգ ու կանոն կը պահպանեն եւ չարագործները կը պատժեն։ (Հռովմայեցիս 13։1, 4, 6) Հետեւաբար, Քրիստոնեաները պէտք է հասկնան որ թէեւ Սատանան այս աշխարհի՝ կամ դրութեան՝ անտեսանելի իշխանն է, բայց Պետութեան հանդէպ իրենց յարաբերական հպատակութեան գիտակցելով, անոր ենթարկուած չեն ըլլար։ Անոնք այս կերպով Աստուծոյ կը հնազանդին։ Այս 1996 թուականին, քաղաքական Պետութիւնը տակաւին «Աստուծոյ հրամանին [կարգադրութեան, ՆԱ]» մէկ մասն է, ժամանակաւոր կարգադրութիւն մը, որու գոյութիւնը Աստուած կը թոյլատրէ եւ Եհովայի երկրային ծառաները պէտք է այդ հանգամանքով ընդունին զանիկա։—Հռովմայեցիս 13։2
Եհովայի Վաղեմի Ծառաները եւ Պետութիւնը
4. Եհովա ինչո՞ւ թոյլատրեց որ Յովսէփ Եգիպտոսի կառավարութեան մէջ կարկառուն մէկը դառնայ։
4 Նախա–Քրիստոնէական ժամանակներուն, Եհովա թոյլ տուաւ որ իր ծառաներէն ոմանք կառավարութիւններու մէջ կարկառուն դիրքեր գրաւեն։ Օրինակի համար, Հ.Դ.Ա. ԺԸ. դարուն, Յովսէփ Եգիպտոսի վարչապետը եղաւ, իշխող Փարաւոնէն ետք երկրորդ դիրքը գրաւելով։ (Ծննդոց 41։39–43) Յաջորդող դէպքերը բացայայտ ըրին որ Եհովա ի՛նք կարգադրեց ասիկա, որպէսզի Յովսէփ կարենար որպէս գործիք ծառայել ‘Աբրահամի սերունդը’ պահպանելու, Իր նպատակներուն իրագործման համար։ Անշուշտ, պէտք է ի մտի ունենանք որ Յովսէփ Եգիպտոսի մէջ որպէս գերի ծախուած էր ու ան կ’ապրէր այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Աստուծոյ ծառաները ո՛չ Մովսիսական Օրէնքը ունէին եւ ոչ ալ՝ «Քրիստոսին օրէնքը»։—Ծննդոց 15։5–7. 50։19–21. Գաղատացիս 6։2
5. Հրեայ աքսորեալներուն ինչո՞ւ պատուէր տրուեցաւ որ Բաբելոնի ‘խաղաղութիւնը փնտռեն’։
5 Դարեր ետք, հաւատարիմ Երեմիա մարգարէն Եհովայէ ներշնչուեցաւ որ Հրեայ աքսորեալներուն ըսէ որ Բաբելոնի մէջ իրենց կառավարիչներուն հպատակին եւ նոյնիսկ աղօթեն այդ քաղաքին խաղաղութեան համար։ Անոնց յղած իր նամակին մէջ, ան գրեց. «Այսպէս կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ բոլոր գերիներուդ, . . . ‘Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասնզի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’»։ (Երեմեայ 29։4, 7) Բոլոր ժամանակներուն Եհովայի ծառաները պատճառ ունեցած են որ ‘խաղաղութիւն փնտռեն’ իրենց համար ու այդ երկրին համար, ուր կ’ապրին, որպէսզի Եհովան պաշտելու ազատութիւն ունենան։—Ա. Պետրոս 3։11
6. Թէեւ կառավարական բարձր դիրքեր ստացան, Դանիէլ ու իր երեք ընկերները ի՞նչ կերպերով մերժեցին Եհովայի Օրէնքին մէջ զիջումներ ընել։
6 Բաբելոնական գերութեան ընթացքին, Դանիէլ եւ ուրիշ երեք հաւատարիմ Հրեաներ, որոնք Բաբելոնի մէջ գերիներ էին, պետական մարզում ստացան ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դարձան Բաբելոնի մէջ։ (Դանիէլ 1։3–7. 2։48, 49) Սակայն, նոյնիսկ իրենց մարզումին ընթացքին, անոնք հաստատ դիրք բռնեցին սննդականոնի վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ, որոնք կրնային Մովսէսի միջոցով իրենց Աստուծոյն Եհովայի՝ տուած Օրէնքը բեկանելու առաջնորդել։ Ասոր համար անոնք օրհնուեցան։ (Դանիէլ 1։8–17) Երբ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր պետական արձան մը կանգնեց, Դանիէլի երեք Եբրայեցի ընկերները ըստ երեւոյթին պարտադրուած էին պետական վարչագէտներուն հետ արարողութեան ներկայ գտնուիլ։ Բայց եւ այնպէս, անոնք մերժեցին պետական արձանին առջեւ ‘իյնալ ու երկրպագութիւն ընել’։ Դարձեալ, Եհովա անոնց ուղղամտութիւնը վարձատրեց։ (Դանիէլ 3։1–6, 13–28) Նմանապէս այսօր, Եհովայի Վկաները իրենց ապրած երկրին դրօշակը կը յարգեն, սակայն անոր հանդէպ պաշտամունքի արարք չեն կատարեր։—Ելից 20։4, 5. Ա. Յովհաննու 5։21
7. (ա) Բաբելոնի կառավարական կառոյցին մէջ բարձր դիրք ունենալով հանդերձ, Դանիէլ ի՞նչ լաւ կեցուածք մը ունեցաւ։ (բ) Քրիստոնէական ժամանակներուն ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։
7 Բաբելոնական նոր հարստութեան անկումէն ետք, զայն փոխարինող Մարա–Պարսկական նոր վարչաձեւին ներքեւ, Դանիէլ Բաբելոնի մէջ կառավարական բարձր դիրքի տիրացաւ։ (Դանիէլ 5։30, 31. 6։1–3) Սակայն ան թոյլ չտուաւ որ իր բարձր դիրքը իր ուղղամտութիւնը բեկանելու առաջնորդէ։ Երբ պետական օրէնք մը պահանջեց որ փոխանակ Եհովայի, Դարեհ Թագաւորին պաշտէր՝ ան մերժեց։ Ասոր համար ան առիւծներուն գուբը նետուեցաւ, սակայն Եհովա զինք ազատեց։ (Դանիէլ 6։4–24) Անշուշտ, ասիկա նախա–Քրիստոնէական ժամանակներուն էր։ Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէ ետք, Աստուծոյ ծառաները «Քրիստոսին օրէնքին տակ» եկան։ Հրէական դրութեան ներքեւ արտօնուած շատ մը բաներ, այլեւս տարբեր կերպով պէտք էր նկատուէին, իր ժողովուրդին հետ Եհովայի այժմ վարուած կերպին վրայ հիմնուելով։—Ա. Կորնթացիս 9։21. Մատթէոս 5։31, 32. 19։3–9
Պետութեան Հանդէպ Յիսուսի Տեսակէտը
8. Ո՞ր միջադէպը ցոյց կու տայ որ Յիսուս վճռած էր քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալէ խուսափիլ։
8 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն համար աւելի բարձր չափանիշներ դրաւ եւ մերժեց որեւէ կերպով քաղաքական կամ զինուորական հարցերու միջամուխ ըլլալ։ Յիսուս մի քանի նկանակով ու երկու պզտիկ ձուկերով հազարաւոր անհատներ հրաշքով կերակրելէ ետք, Հրեայ մարդիկ ուզեցին զինք բռնել ու քաղաքական թագաւոր մը ընել։ Սակայն Յիսուս անոնցմէ խոյս տուաւ, անմիջապէս լեռները քաշուելով։ (Յովհաննու 6։5–15) Այս միջադէպին մասին գիրք մը (The New International Commentary on the New Testament) կ’ըսէ. «Այդ շրջանի Հրեաներուն մէջ ազգային բուռն տենչեր կային եւ հրաշքին ականատես եղողներէն շատեր անկասկած խորհեցան՝ ահաւասիկ Աստուծմէ յանձնարարուած առաջնորդ մը, որ իտեալ անհատն է զիրենք Հռովմէացիներուն դէմ առաջնորդելու համար։ Ուստի անոնք վճռեցին զինք թագաւոր ընել»։ Անիկա կ’աւելցնէ, ըսելով որ Յիսուս քաղաքական առաջնորդ մը ըլլալու այս առաջարկը «վճռականօրէն մերժեց»։ Հռովմէական տիրապետութեան դէմ Հրէական որեւէ ապստամբութեան թիկունք չկանգնեցաւ Քրիստոս։ Արդարեւ, ան իր մահուընէ ետք տեղի ունենալիք ըմբոստութեան հետեւանքը գուշակեց. Երուսաղէմի բնակիչներուն համար անպատում վայեր եւ այդ քաղաքին կործանումը։—Ղուկաս 21։20–24
9. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս նկարագրեց աշխարհին հետ իր Թագաւորութեան ունեցած յարակցութիւնը։ (բ) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ, աշխարհի կառավարութիւններուն հետ իրենց ունենալիք գործառնութեանց նկատմամբ։
9 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս Յուդայի մէջ Հռովմէացի Կայսրին մասնաւոր ներկայացուցիչին ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Մինչեւ որ իր Թագաւորութիւնը քաղաքական կառավարութիւններու իշխանութեան վերջ դնէ, Քրիստոսի աշակերտները իր օրինակին կը հետեւին։ Անոնք հաստատուած հեղինակութիւններուն կը հնազանդին, բայց անոնց քաղաքական ձեռնարկներուն չեն խառնուիր։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 4։8–10) Յիսուս իր աշակերտներուն ուղեգծեր տուաւ, ըսելով. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մատթէոս 22։21) Նախապէս, իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսած էր. «Ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու»։ (Մատթէոս 5։41) Այս քարոզին ընդհանուր բովանդակութեան մէջ, Յիսուս կը լուսաբանէր օրինական պահանջներուն կամաւ ենթարկուելու սկզբունքը, ըլլա՛ն անոնք մարդկային յարաբերութեանց, թէ կառավարական պահանջներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ օրէնքին հետ ներդաշնակ են։—Ղուկաս 6։27–31. Յովհաննու 17։14, 15
Քրիստոնեաները եւ Կայսրը
10. Պատմաբանի մը համաձայն, նախկին Քրիստոնեաները Կայսրին նկատմամբ ի՞նչ խղճամիտ դիրք բռնեցին։
10 Այս համառօտ ուղեգծերը Քրիստոնեաներու ու Պետութեան միջեւ եղած յարաբերութիւնը պիտի ղեկավարէին։ Իր գրքին մէջ (The Rise of Christianity), պատմաբան Է. Ու. Պարնզ գրեց. «Ապագայ դարերուն, երբոր Քրիստոնեայ մը կասկածի մէջ ըլլար Պետութեան հանդէպ իր ունեցած պարտականութեան նկատմամբ, ան Քրիստոսի հեղինակաւոր ուսուցումին կը դիմէր։ Ան տուրքերը պիտի վճարէր. գանձուած հարկերը թերեւս ծանր ըլլային—ատոնք անտանելի եղան Արեւմտեան Կայսրութեան անկումէն առաջ—սակայն Քրիստոնեան ատոնց պիտի տոկար։ Ան նաեւ պիտի ընդունէր պետական բոլոր միւս պարտաւորութիւնները, պայմանաւ որ իրմէ չպահանջուեր Աստուծոյ պատկանածը Կայսրին տալ»։
11. Աշխարհային կառավարիչներու հետ վարուելու շուրջ, Պօղոս Քրիստոնեաներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։
11 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Քրիստոսի մահէն հազիւ 20 տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի»։ (Հռովմայեցիս 13։1) Շուրջ տասը տարի ետք, Հռովմի մէջ իր երկրորդ բանտարկութենէն ու մահապատիժէն քիչ առաջ, Պօղոս Տիտոսի գրեց. «Յորդորէ՛ [Կրետացի Քրիստոնեաները], որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն»։—Տիտոս 3։1, 2
Մեր «Վրայ Եղած Իշխանութիւններ»ը Աստիճանաբար Բնորոշել
12. (ա) Ըստ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի, Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պատշաճ կեցուածք պէտք էր ունենար կառավարական հեղինակութիւններուն հանդէպ։ (բ) օծեալ Քրիստոնեաները Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, Զինուորական ծառայութեան մասին ի՞նչ տարբեր դիրքեր բռնեցին։
12 1886–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ Դարերու Աստուածային Ծրագիրը խորագրով գրքին մէջ գրեց. «Ո՛չ Յիսուս եւ ոչ ալ Առաքեալները որեւէ կերպով խառնուեցան երկրային կառավարիչներուն։ . . . Անոնք Եկեղեցիին սորվեցուցին օրէնքներուն հնազանդիլ ու հեղինակութիւն ունեցողները յարգել իրենց պաշտօնին պատճառաւ, . . . որոշուած տուրքերը վճարել եւ որեւէ հաստատուած օրէնքի չհակառակիլ (Հռովմ. 13։1–7. Մատթ. 22։21), բացի երբ անիկա Աստուծոյ օրէնքները հակասէ։ (Գործք 4։19. 5։29) Յիսուս, Առաքեալները ու նախկին եկեղեցին, բոլորն ալ օրինապահ էին, թէեւ այս աշխարհի կառավարութիւններէն անջատ էին ու անոնց մէջ բաժին չէին բերեր»։ Այս գիրքը ճշգրիտ կերպով կը բնորոշէր Պօղոս առաքեալի յիշած մեր «վրայ եղած իշխանութիւններ»ը, կամ «վերին իշխանութիւնները» որպէս մարդկային կառավարական հեղինակութիւններ։ (Հռովմայեցիս 13։1, ՆԱ) 1904–ին, Նոր Ստեղծագործութիւն խորագրով գիրքը նշեց որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները «ներկայիս ամենէն օրինապահ անհատներէն պէտք է ըլլան. ո՛չ խռովարարներ, ո՛չ կռուազաններ, ո՛չ ալ ուրիշին վրայ յանցանք փնտռողներ»։ Ոմանք հասկցան որ ասիկա կը նշանակէր ամբողջական հպատակութիւն առկայ հեղինակութիւններուն, նոյնիսկ ընդունելով զինեալ բանակներուն մէջ ծառայել Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին։ Սակայն, ուրիշներ այս ծառայութիւնը նկատեցին որպէս Յիսուսի խօսքին հակառակ բան մը. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Ուստի, վերին իշխանութիւններու հանդէպ Քրիստոնէական հպատակութեան մասին աւելի յստակ հասկացողութեան կարիքը տեսնուեցաւ։
13. Վերին իշխանութիւններուն մասին ի՞նչ փոփոխութիւն ներկայացուեցաւ 1929–ին, եւ ասիկա ի՞նչ կերպով օգտակար եղաւ։
13 1929–ին, երբ զանազան կառավարութիւններ սկսան օրէնքներ հանել, արգիլելով կարգ մը բաներ, զորս Աստուած կը պատուիրէր, կամ պահանջելով բաներ՝ զորս Աստուծոյ օրէնքները կ’արգիլէին, անոնք խորհեցան որ վերին իշխանութիւնները Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս պէտք էր ըլլային։b Եհովայի ծառաները այս հասկացողութիւնը ունէին Բ. Աշխարհամարտէն առաջ ու անոր տեւողութեան տաժանելի շրջանին. նաեւ անոր յաջորդող Պաղ Պատերազմի ընթացքին, որ յատկանշուած էր հաւասարակշռուած սարսափով ու զինուորական պատրաստութիւններով։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով որոշապէս կը տեսնուի որ Եհովայի ու իր Քրիստոսին գերակայութիւնը մեծարող այս հասկացողութիւնը, Աստուծոյ ծառաներուն օգնեց որ այդ դժուար ժամանակի տեւողութեան անխախտելի չէզոքութիւն պահեն։
Յարաբերական Հպատակութիւն
14. 1962–ին ի՞նչպէս յաւելեալ լոյս սփռուեցաւ Հռովմայեցիս 13։1, 2 եւ յարակից համարներու վրայ։
14 1961–ին Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը ամբողջացաւ։ Անոր պատրաստութիւնը Սուրբ Գրութիւններու բնագիր լեզուին շուրջ խոր ուսումնասիրութիւն պահանջած էր։ Ոչ միայն Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխին, այլ Տիտոս 3։1, 2 եւ Ա. Պետրոս 2։13, 17 ի մէջ գործածուած բառերուն ճշգրիտ թարգմանութեամբ բացայայտ եղաւ որ մեր «վրայ եղած իշխանութիւններ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէր, ո՛չ թէ Գերագոյն Հեղինակութեան՝ Եհովայի՝ ու իր Որդւոյն՝ Յիսուսի, այլ մարդկային կառավարական հեղինակութիւններուն։ 1962–ի վերջերը, Դիտարանին մէջ յօդուածներ հրատարակուեցան, որոնք Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխին ճշգրիտ բացատրութիւնը տուին, ինչպէս նաեւ Չ. Թ. Ռասըլի ժամանակ եղած տեսակէտէն աւելի յստակ տեսակէտ մը հայթայթեցին։ Այս յօդուածները ցոյց տուին որ իշխանութեանց հանդէպ Քրիստոնէական հպատակութիւնը չի կրնար բացարձակ ըլլալ։ Անիկա յարաբերական պէտք է ըլլայ, Աստուծոյ ծառաները հակասութեան մէջ չդնելով Աստուծոյ օրէնքներուն հետ։ Դիտարանի հետագայ յօդուածներ այս կարեւոր կէտը շեշտած ենc։
15, 16. (ա) Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխին նոր հասկացողութիւնը ի՞նչ աւելի լաւ հաւասարակշռութեան մը առաջնորդեց։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ պատասխանի կը կարօտին։
15 Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխին շիտակ հասկացողութեան նպաստող այս բանալին, կարելի ըրաւ որ Եհովայի ծառաները քաղաքական հեղինակութիւններուն հանդէպ յարգանքը հաւասարակշռեն սուրբ գրային կենսական սկզբունքներուն նկատմամբ անխախտ կեցուածք մը ունենալու հետ։ (Սաղմոս 97։11. Երեմեայ 3։15) Անիկա թոյլ տուած է որ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան ու Պետութեան հետ իրենց գործառնութիւններուն նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ մը ունենան։ Անիկա երաշխաւորած է որ անոնք, ինչ որ Կայսրին է՝ Կայսրին տան, բայց չանտեսեն Աստուծոյն պատկանած բաներն ալ Աստուծոյ տալու։
16 Սակայն, Կայսրին բաները իրապէս ի՞նչ են։ Պետութիւնը ի՞նչ վաւերական պահանջներ կրնայ դնել Քրիստոնեային վրայ։ Այս հարցումները յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուին։
[Ստորանիշներ]
a Տես Սաղմոս 103։22, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանշումը։
b Դիտարան 1 եւ 15 Յունիս 1929, Անգլերէնով։
c Տես Դիտարան 1 եւ 15 Նոյեմբեր ու 1 Դեկտեմբեր 1962, 1 Նոյեմբեր 1990, Անգլերէնով. 1 Մայիս 1993. 1 Հոկտեմբեր 1994։
Հետաքրքրականօրէն, Հռովմայեցիս գլուխ 13–ին նկատմամբ իր մեկնաբանութեան մէջ, Ուսուցչապետ Ֆ. Ֆ. Պրուս կը գրէ. «Անմիջական բովանդակութենէն, ինչպէս առաքելական գրութիւններուն ընդհանուր բովանդակութենէն, յստակ է որ պետութիւնը իրաւացիօրէն կրնայ հնազանդութիւն պահանջել մի՛միայն այն նպատակներուն սահմաններէն ներս, որոնց համար Աստուած զինք հաստատած է. մասնաւորաբար, պետութեան ո՛չ միայն կարելի է, այլեւ պէ՛տք է ընդդիմանալ, երբ կը պահանջէ այն հաւատարմութիւնը որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի»։
Կրնա՞ք բացատրել
◻ Մեր վրայ եղած իշխանութիւններուն հպատակիլը ինչո՞ւ Սատանային հպատակիլ չի նշանակեր։
◻ Յիսուս ի՞նչ դիրք բռնեց իր օրուան քաղաքականութեան նկատմամբ։
◻ Կայսրին հետ իրենց գործառնութիւններուն առնչութեամբ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։
◻ Ազգերու կառավարիչներուն հետ ի՛նչպէս վարուելու նկատմամբ, Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ Քրիստոնեաներուն։
◻ Մեր վրայ եղած իշխանութիւններուն ինքնութեան հասկացողութիւնը տարիներու ընթացքին ի՞նչպէս զարգացաւ։
[Նկար՝ էջ 9]
Երբ Սատանան քաղաքական հեղինակութիւն առաջարկեց Յիսուսի, ան մերժեց զայն