Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 10/1 էջ 3-5
  • Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սրբացուելիք Անունը
  • Աղօթքի Պատշաճ Նիւթեր
  • Աղօթքի Մասին Յաւելեալ Խրատներ
  • Աղօթքներ՝ Որոնք Աստուած կը Լսէ
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 10/1 էջ 3-5

Ի՞նչպէս պէտք է աղօթենք

ԵՐԲ աշակերտ մը աղօթքի մասին տեղեկութիւն խնդրեց, Յիսուս չզլացաւ այս ուղղութեամբ։ Ղուկաս 11։2–4–ի համաձայն, ան պատասխանեց. «Երբ աղօթքի կանգնէք, ասացէ՛ք. ‘Հայր մեր, սուրբ թող լինի քո անունը. քո արքայութիւնը թող գայ։ Մեր հանապազօրեայ հացը տո՛ւր մեզի ամէն օր։ Եւ մեր մեղքերը մեզ ների՛ր, ինչպէս մենք էլ ներում ենք ամէն մարդու, որ յանցանք է գործում մեր դէմ. եւ մի՛ տար մեզ փորձութեան»։ (Արեւելհ. Արդի Թարգմ.) Ասիկա սովորաբար ճանչցուած է որպէս Տէրունական Աղօթք, որու մէջ շատ ընդարձակ տեղեկութիւն կայ։

Ամէն բանէ առաջ, անոր առաջին բառերն իսկ մեզի կ’ըսեն թէ մեր աղօթքները որո՛ւ պէտք է ուղղենք՝ Մեր Հօր։ Նշմարեցի՞ք որ Յիսուս որեւէ կերպով ուրիշ անձի, պատկերի, «սուրբ»ի մը կամ նոյնիսկ իրեն աղօթելու մասին չի խօսիր։ Քանի որ Աստուած ըսած էր. «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն»։ (Եսայեայ 42։8) Ուստի, մեր երկնաւոր Հօրմէն զատ որե՛ւէ բանի կամ ոե՛ւէ մէկու ուղղուած աղօթքները Աստուած չի լսեր, ո՛րքան ալ անկեղծ ըլլայ աղօթողը։ Աստուածաշունչին մէջ միմիայն Եհովան կոչուած է «Աղօթքի լսող»։—Սաղմոս 65։2

Ոմանք կրնան ըսել որ «սուրբերը» պարզապէս Աստուծոյ քով միջնորդութիւն կ’ընեն։ Բայց Յիսուս ի՛նք ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով։ Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէսզի Հայրը Որդիովը փառաւորուի»։ (Յովհաննու 14։6, 13) Այս խօսքերով Յիսուս վանեց այն գաղափարը թէ սուրբ կոչուած ոեւէ մէկը կրնայ որպէս միջնորդ ծառայել։ Նկատի առէք նաեւ ինչ որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ Քրիստոսի մասին. «Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ»։ «Ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար»։—Հռովմայեցիս 8։34. Եբրայեցիս 7։25

Սրբացուելիք Անունը

Յիսուսի աղօթքին յաջորդ խօսքերն էին՝ «Սուրբ թող լինի քո անունը»։ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ անունը սրբացնել, կամ զայն ջոկել, եթէ չգիտնայ կամ չգործածէ զայն։ «Հին Կտակարան«ին մէջ աւելի քան 6,000 անգամ Աստուած բնորոշուած է իր անձնական՝ Եհովա՝ անունով։

Աստուծոյ անուան մասին, Կաթողիկէ թարգմանութիւն մը (Douay Version) Ելից 6։3–ի ստորանիշի բացատրութեան մէջ կ’ըսէ. «Արդիականներէն ոմանք կազմած են Եհովա անունը . . . քանի որ երկար ատենէ անգործածելի ըլլալով, Եբրայերէն բնագրին մէջ գտնուող [Աստուծոյ] անուան ճշգրիտ հնչումը՝ հիմա գրեթէ անծանօթ է»։ Կաթողիկէ ուրիշ թարգմանութիւն մը (New Jerusalem Bible) կը գործածէ Եահվէ։ Թէեւ կարգ մը ուսումնականներ այս երկրորդը կը նախընտրեն, սակայն «Եհովա»ն աւելի վաւերական եւ Հայերէնի մէջ երկար ժամանակէ գործածուած հնչումն է աստուածային անուան համար։ Ուրիշ լեզուներ, աստուածային անունը հնչելու իրենց կերպը ունին։ Կարեւորը այդ անունը գործածելն է, որպէսզի զայն սրբացնենք։ Ձեր եկեղեցին սորվեցուցա՞ծ է որ աղօքթի մէջ Եհովա անունը գործածէք։

Աղօթքի Պատշաճ Նիւթեր

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն՝ «Քո արքայութիւնը թող գայ»։ Մատթէոսի Աւետարանը կ’աւելցնէ՝ «Քո կամքը թող լինի երկրի վրայ, ինչպէս որ երկնքում է»։ (Մատթէոս 6։10, Արեւելհ. Արդի Թարգ.) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած կառավարութիւն մըն է։ (Եսայեայ 9։6, 7) Աստուածաշունչի մարգարէութեան համաձայն, անիկա շուտով պիտի վերցնէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները եւ համերկրային խաղաղութեան դարաշրջան մը պիտի բերէ։ (Սաղմոս 72։1–7. Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 21։3–5) Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաներու աղօթքներուն մէջ կրկնուած նիւթ մըն է Թագաւորութեան գալը։ Ձեր եկեղեցին ձեզի սորվեցուցա՞ծ է ասիկա ընել։

Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս սորվեցուց նաեւ որ մեր աղօթքներուն մէջ կրնանք մեզ մտահոգող անձնական հարցեր մտցնել։ Ան ըսաւ. «Մեր հանապազօրեայ հացը տո՛ւր մեզի ամէն օր։ Եւ մեր մեղքերը մեզ ների՛ր, ինչպէս մենք էլ ներում ենք ամէն մարդու, որ յանցանք է գործում մեր դէմ եւ մի՛ տար մեզ փորձութիւն»։ (Ղուկաս 11։3, 4, Արեւելհ. Արդի Թարգ.) Յիսուսի խօսքերը կը թելադրեն որ առօրեայ խնդիրներուն մէջ կրնանք Աստուծոյ կամքը խնդրել եւ Եհովայի մօտենալ մեզ մտահոգող կամ մեր մտքի խաղաղութիւնը խանգարող որեւէ հարցով։ Այս բաներու մասին միշտ Աստուծոյ աղօթելը, մեզի կ’օգնէ գնահատելու որ իրմէ կախեալ ենք։ Այս կերպով մեր կեանքին վրայ իր ունեցած ազդեցութեան աւելի կը գիտակցինք։ Ամէն օր մեր յանցանքներուն համար Աստուծմէ թողութիւն խնդրելն ալ օգտակար է։ Այս կերպով աւելի կը գիտակցինք մեր տկարութիւններուն, իսկ աւելի կը հանդուրժենք ուրիշներու յանցանքներուն։ Փորձութենէ ազատութիւն խնդրելու Յիսուսի յորդորն ալ պատշաճ է, մանաւանդ աշխարհի բարոյական անկման ի տես։ Այդ աղօթքին հետ ներդաշնակ վարուելով, կը խուսափինք ա՛յն պարագաներէն եւ վիճակներէն, որոնք կրնան մեզ յանցագործութեան առաջնորդել։

Որոշ է ուրեմն, որ Տէրունական Աղօթքը շատ բաներ կ’ըսէ Աստուծոյ հաճելի աղօթքներ մատուցանելու մասին։ Սակայն, Յիսուս այս աղօթքը տուաւ որ թութակաբար զայն կրկնե՞նք։

Աղօթքի Մասին Յաւելեալ Խրատներ

Յիսուս յաւելեալ խրատներ տուաւ աղօթքի մասին։ Մատթէոս 6։5, 6–ի մէջ, կը կարդանք. «Երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէսզի մարդոց երեւնան. . . . Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան որ աղօթքները ցուցամոլութեամբ եւ փառասիրութեամբ պէտք չէ մատուցուին, ուրիշները տպաւորելու համար։ Մինակութեան մէջ, Եհովայի ձեր սիրտը կը թափէ՞ք, ինչպէս կը քաջալերէ Աստուածաշունչը։—Սաղմոս 62։8

Յիսուս զգուշացուց. «Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասնզի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին»։ (Մատթէոս 6։7) Բացայայտ է ուրեմն, որ Յիսուս գոց արտասանուած կամ գրքէ մը կարդացուած աղօթքները չի գնահատեր։ Իր խօսքերը կ’արգիլեն նաեւ վարդարանի գործածութիւնը։

Կաթողիկէ պատարագի գիրք մը հետեւեալը կ’ընդունի. «Մեր լաւագոյն աղօթքները կրնան ըլլալ մեր սրտաբուխ խորհուրդները, երբ իրեն կ’երթանք վշտի, կամ առօրեայ մեր պաշտամունքին ընթացքին երախտագիտութիւն յայտնելու կամ բան մը խնդրելու համար։» Յիսուսի աղօթքները սրտաբուխ էին եւ ոչ թէ՝ գոց սորված։ Օրինակ, Յովհաննու 17–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի աղօթքը կարդացէք։ Անիկա տիպար աղօթքին միտքը կը կրէ, շեշտելով Եհովայի անուան սրբացուումը տեսնելու Յիսուսի փափաքը։ Յիսուսի աղօթքը սրտաբուխ էր։

Աղօթքներ՝ Որոնք Աստուած կը Լսէ

Եթէ ձեզի սորվեցուցած են գոց սորված աղօթքներ արտասանել, «սուրբեր»ու կամ պատկերներու աղօթել, կամ կրօնական իրեր գործածել՝ ինչպէս վարդարանը՝ այդ պարագային Յիսուսի ուրուագծած կերպով աղօթելու գաղափարը կրնայ ձեզ վախցնել։ Սակայն, անոր գլխաւոր միտքն է Աստուած ճանչնալ. ճանչնալ իր անունը, իր նպատակները եւ իր անձնաւորութիւնը։ Ասիկա կրնաք ընել Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ ուսումնասիրելով։ (Յովհաննու 17։3) Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ եւ յօժարութեամբ ձեզի կ’օգնեն այս ուղղութեամբ։ Այո, անոնք միլիոնաւորներու օգնած են որ ‘ճաշակեն եւ տեսնեն որ Եհովան բարի է’։ (Սաղմոս 34։8) Որքան լաւ ճանչնաք Աստուած, այդքան պիտի մղուիք զինք փառաբանել՝ աղօթքով։ Իսկ ո՛րքան աւելի մօտենաք Եհովայի յարգալից աղօթքով, իր հետ ձեր յարաբերութիւնը ա՛յդքան աւելի կը սերտանայ։

Հետեւաբար, Աստուծոյ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն հրաւէր տրուած է որ ‘անդադար աղօթեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Վստահ եղէք որ ձեր աղօթքները ի՛րապէս Աստուածաշունչին, ինչպէս նաեւ, Յիսուս Քրիստոսի տուած հրահանգներուն համաձայն են։ Այս կերպով կրնաք վստահ ըլլալ որ ձեր աղօթքները Աստուծոյ հաճութիւնը կը վայելեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել