Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Սեպտեմբեր էջ 1-20
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2-8
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 9-15
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16-22
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 23-29
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 30–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 6
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Սեպտեմբեր էջ 1-20

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2-8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 7-8

«Յաւիտեան քահանայ Մելքիսեդեկի կարգին պէս»

(Եբրայեցիս 7։1, 2) Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։ 2 Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր։

it-2 366

Մելքիսեդեկ

Մելքիսեդեկ Սաղէմի թագաւորն էր եւ «Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան» (Ծն. 14։18, 22)։ Ան առաջին քահանան է, որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած է։ Ան որպէս քահանայ ծառայեց Ք.Ա. 1933–էն որոշ ժամանակ մը առաջ։ Պօղոս առաքեալ զինք կոչեց «Խաղաղութեան թագաւոր», քանի որ ան թագաւորն էր Սաղէմի՝ որ կը նշանակէ խաղաղութիւն, իսկ անոր անուան հիման վրայ՝ զինք կոչեց «Արդարութեան թագաւոր» (Եբ. 7։1, 2)։ Յայտնապէս՝ Սաղէմը յետագային դարձաւ Երուսաղէմ քաղաքը եւ իր անունը անցաւ Երուսաղէմ անուան մէջ։ Երուսաղէմ ատեններ կը կոչուի «Սաղէմ» (Սաղ. 76։2)։

Երբ Աբրամ (Աբրահամ) յաղթեց Քոդողագոմորին եւ իր դաշնակից թագաւորներուն, գնաց Շաւէ ձորը, այսինքն՝ «Թագաւորի ձորը»։ Ետքը, Մելքիսեդեկ «հաց ու գինի հանեց» եւ Աբրահամը օրհնեց, ըսելով. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրահամ այդ թագաւոր–քահանային տուաւ ամէն բանի «տասանորդ»ը, այսինքն՝ «աւար»ին տասանորդը, որ իր ձեռքը անցած էր երբ ան յաղթած էր դաշնակից թագաւորներուն (Ծն. 14։17-20. Եբ. 7։4)։

(Եբրայեցիս 7։3) Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։

it-2 367 ¶4

Մելքիսեդեկ

Ի՞նչ իմաստով Մելքիսեդեկ ‘ո՛չ օրերու սկիզբ ունէր, ո՛չ ալ կեանքի վախճան’։

Պօղոս առաքեալ աչքառու բան մը նշեց Մելքիսեդեկին մասին, երբ ըսաւ. «Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ» (Եբ. 7։3)։ Մելքիսեդեկ ոեւէ մարդու նման ծնաւ եւ մահացաւ։ Բայց ո՛չ իր հօր անունը նշուած է, ոչ ալ իր մօր անունը։ Մէկը չի գիտեր իր ազգաբանութիւնը եւ իր մէջտեղ բերած սերունդը։ Եւ Սուրբ Գրութիւնները տեղեկութիւն չեն տար իր օրերուն սկիզբին կամ կեանքին վերջին մասին։ Այսպիսով, Մելքիսեդեկ կրնայ նախապատկերացնել Յիսուս Քրիստոսը, որ անվերջ քահանայութիւն մը ունի։ Ճիշդ ինչպէս որ արձանագրութիւններուն մէջ չէ նշուած, որ Մելքիսեդեկէն առաջ կամ վերջ քահանայ կար, Քրիստոսէն առաջ ալ քահանայ չկար իրեն նման, եւ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ իրմէ վերջն ալ պիտի չըլլայ։ Ասկէ զատ, քանի որ Յիսուս Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթին թագաւորական շառաւիղէն էր, կրնար թագաւոր ըլլալ, բայց չէր կրնար քահանայ ըլլալ։ Նաեւ իր մարմնաւոր ծագումին պատճառով չէ որ կրցաւ միեւնոյն ատեն թէ՛ քահանայ ըլլալ եւ թէ թագաւոր, հապա՝ Եհովային երդումո՛վ է որ այս բաները իրականացան։

(Եբրայեցիս 7։17) Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։

it-2 366

Մելքիսեդեկ

Քրիստոսին քահանայութիւնը։ Մեսիական աչքառու մարգարէութեան մը մէջ, Եհովան երդում ըրաւ Դաւիթին «Տէրոջ», ըսելով. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես» (Սաղ. 110։1, 4)։ Այս ներշնչուած սաղմոսին հիման վրայ եբրայեցիները ըմբռնեցին, որ խոստացուած Մեսիան թէ՛ քահանայ պիտի ըլլար եւ թէ թագաւոր։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ լման կերպով յստակացուց, որ Մեսիան ի՛նչ դիրք պիտի ունենար, ըսելով. ‘Յիսուս՝ յաւիտենական Քահանայապետ է Մելքիսեդեկին կարգին պէս’ (Եբ. 6։20. 5։10)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եբրայեցիս 8։3) Քանզի ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա ալ բան մը ունենայ մատուցանելու։

դ00 8/15 14 ¶11

Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ

11 Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է»։ (Եբրայեցիս 8։3) Նկատի առէք որ Պօղոս երկու խումբի կը բաժնէ քահանայապետին կողմէ մատուցուած ընծաները. 1) «պատարագներ» (կամ նուէրներ) եւ 2) «զոհեր» (կամ ‘մեղքերու զոհեր’) (Եբրայեցիս 5։1)։ Սովորաբար մարդիկ նուէրներ կու տան սէր եւ գնահատութիւն յայտնելու, ինչպէս նաեւ՝ բարեկամութիւն ու հաճութիւն մշակելու, կամ ընդունելի ըլլալու համար։ (Ծննդոց 32։20. Առակաց 18։16) Նոյն կերպով, Օրէնքին պատուիրած ընծաներէն շատեր կրնան Աստուծոյ մատուցուած «նուէրներ» նկատուիլ՝ իր կողմէ ընդունելի ըլլալու եւ իր հաճութիւնը փնտռելու համար։ Իսկ Օրէնքին բեկանումը հատուցում կը պահանջէր, եւ որպէս տուգանք ‘մեղքի զոհեր’ կը մատուցուէին։ Հնգամատեանը՝ մանաւանդ Ելից, Ղեւտացւոց եւ Թուոց գրքերը՝ տարբեր տեսակի զոհերու ու ընծաներուն համար հայթայթուած այլազան իրերու մասին կը խօսի։ Թէեւ մեզի համար կրնայ իրապէս դժուար ըլլալ բոլոր մանրամասնութիւնները ըմբռնել եւ յիշել, բայց տարբեր տեսակի զոհերու շուրջ կարգ մը գլխաւոր կէտեր մեր ուշադրութեան արժանի են։

(Եբրայեցիս 8։13) Նոր ուխտ ըսելով առաջինը հինցուց ու այն որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ, ա՛լ կորուստի կը մօտենայ։

դ14 10/15 15-16 ¶11

‘Քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլաք’

11 Թէեւ Օրէնքի ուխտը առումով մը ‘հինցաւ’, երբ Եհովան Երեմիային միջոցաւ յայտարարեց թէ իսրայէլի հետ նոր ուխտ մը պիտի ընէր, սակայն անիկա վերջ չգտաւ մինչեւ որ նոր ուխտը ազդու դարձաւ (Եբ. 8։13)։ Ասիկա տեղի ունենալով, Աստուած կրնար հրեայ եւ ոչ–հրեայ անթլփատ հաւատացեալներուն միեւնոյն աչքով նայիլ, քանի որ անոնց «թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով» (Հռով. 2։29)։ Անոնց հետ նոր ուխտը հաստատելով, Աստուած իր օրէնքները «անոնց մտքին մէջ պիտի [դնէր] եւ անոնց սրտին վրայ պիտի [գրէր]» (Եբ. 8։10)։ Նոր ուխտին մէջ եղողներուն լման թիւը 144,000 պիտի ըլլար, կազմելով նոր ազգ մը,– «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը՝ հոգեւոր իսրայէլը (Գաղ. 6։16. Յայտ. 14։1, 4)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

it-1 524 ¶3-5

Ուխտ

Նոր ուխտ։ Ք.Ա. եօթներորդ դարուն, Եհովան Երեմիա մարգարէին միջոցաւ նշեց նոր ուխտը, ըսելով որ ատիկա պիտի չնմանէր Օրէնքի ուխտին, որ իսրայէլ ազգը բեկանեց կամ կտրեց (Եր. 31։31-34)։ Յիսուս Քրիստոսի մահուան նախորդող գիշերը՝ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին, երբ Տէրունական ընթրիքը հաստատեց, Յիսուս յայտնեց նոր ուխտին մասին, որ իր զոհով ի զօրու պիտի դառնար (Ղուկ. 22։20)։ Իր յարութենէն 50 օր ետք եւ իր Հօր քով ելլելէ 10 օր ետք, ան Եհովային տուած սուրբ հոգին թափեց իր աշակերտներուն վրայ, որոնք Երուսաղէմի մէջ վերնատան մը մէջ հաւաքուած էին (Գործք 2։1-4, 17, 33. Բ. Կոր. 3։6, 8, 9. Եբ. 2։3, 4)։

Նոր ուխտին կողմերն են՝ Եհովան եւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը, որոնք հոգիէն–ծնած են եւ Քրիստոսին հետ միութեան մէջ են, կազմելով իր ժողովքը կամ մարմինը (Եբ. 8։10. 12։22-24. Գաղ. 6։15, 16. 3։26-28. Հռով. 2։28, 29)։ Նոր ուխտը վաւերական դարձաւ Յիսուս Քրիստոսին թափուած արիւնով (որպէս զոհ տրուած մարդկային մարմնով), որուն արժէքը Յիսուս Եհովային ներկայացուց երբ երկինք ելաւ (Մատ. 26։28)։ Երբ Եհովան մէկը զատէ երկնային կոչումին (Եբ. 3։1) համար, զինք Իր ուխտին մէջ կը մտցնէ Քրիստոսին զոհին հիման վրայ (Սաղ. 50։5. Եբ. 9։14, 15, 26)։ Յիսուս Քրիստոս նոր ուխտին Միջնորդն է (Եբ. 8։6. 9։15) եւ Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը (Գաղ. 3։16)։ Որպէս նոր ուխտին միջնորդը, Յիսուս ուխտին մէջ եղողներուն կ’օգնէ, որ Աբրահամի իսկական սերունդին մաս կազմեն (Եբ. 2։16. Գաղ. 3։29) անոնց մեղքերու ներումին միջոցով։ Եհովան զանոնք կ’արդարացնէ (Հռով. 5։1, 2. 8։33. Եբ. 10։16, 17)։

Քրիստոսին հոգիէն–ծնած եւ օծեալ եղբայրները կը դառնան «թագաւորական քահանայութիւն» մը, որ կ’ենթարկուի Քահանայապետին (Ա. Պետ. 2։9. Յայտ. 5։9, 10. 20։6)։ Անոնք քահանայական ծառայութիւն (Փլպ. 2։17) կ’ընեն եւ կը կոչուին «նոր ուխտին պաշտօնեաներ» (Բ. Կոր. 3։6, ՆԱ)։ Այդ կանչուած անհատները պէտք է մինչեւ մահ ուշի–ուշով եւ հաւատարմութեամբ հետեւին Քրիստոսին քայլերուն։ Այդ ատեն, Եհովան զանոնք պիտի դարձնէ քահանաներու թագաւորութիւն մը, զանոնք աստուածային բնութեան մասնակից պիտի դարձնէ եւ անոնց անմահութիւն ու անապականութիւն պիտի տայ որպէս Քրիստոսին ժառանգակիցները երկինքին մէջ (Ա. Պետ. 2։21. Հռով. 6։3, 4. Ա. Կոր. 15։53. Ա. Պետ. 1։4. Բ. Պետ. 1։4)։ Նոր ուխտին նպատակն է՝ Եհովային անուան համար ժողովուրդ մը հաւաքել, որ Աբրահամի «սերունդ»ին մաս կը կազմէ (Գործք 15։14)։ Անոնք Քրիստոսին «հարս»ը կը դառնան եւ այն անհատներն են, որոնց Յիսուս Թագաւորութիւն մը կ’ուխտէ, որ իրեն հետ իշխեն (Յովհ. 3։29. Բ. Կոր. 11։2. Յայտ. 21։9. Ղուկ. 22։29. Յայտ. 1։4-6. 5։9, 10. 20։6)։ Որպէսզի նոր ուխտին նպատակը իրագործուի, ատիկա պէտք է ի զօրու մնայ մինչեւ որ ամբողջ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը յարութիւն առնելով երկինք ելլէ եւ անմահութիւն ստանայ։ Երբ ատիկա իրագործուի, օգուտները յաւիտենական պիտի ըլլան, եւ այս պատճառով ատիկա կը կոչուի «յաւիտենական ուխտ» (Եբ. 13։20)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 82

ՅԻՍՈՒՍԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՐԵԱՅԻ ՄԷՋ

ՂՈՒԿԱՍ 13։22–14։6

• ՋԱՆԱԼ ՆԵՂ ԴՌՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄՏՆԵԼ

• ՅԻՍՈՒՍ ՊԷՏՔ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՄԵՌՆԻ

Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի մէջ, Յիսուս ժողովուրդին սորվեցնելէ եւ բուժելէ ետք, Յորդանան գետը կը կտրէ եւ կ’անցնի Պերեա։ Հոն, ան քաղաքէ քաղաք երթալով՝ կը սորվեցնէ։ Բայց շուտով պիտի վերադառնայ Երուսաղէմ։

Մինչ Յիսուս Պերեայի մէջ է, տղամարդ մը կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ Թերեւս մարդը տեղեակ է որ կրօնական առաջնորդները այս նիւթին շուրջ կը վիճաբանին։ Անոնցմէ ոմանք կ’ըսեն որ շատեր պիտի փրկուին, իսկ ուրիշներ կ’ըսեն՝ քիչեր։ Փոխանակ պատասխանելու որ քանի հոգի պիտի փրկուի, Յիսուս կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել՝ փրկուելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Ջանք ըրէք [«Պայքարեցէ՛ք», ԱԾ] որ նեղ դռնէն մտնէք»։ Ուրեմն, պէտք է մէկը ջանք թափէ եւ պայքար մղէ, որ փրկուի։ Յիսուս բացատրելով՝ կ’ըսէ. «Շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան» (Ղուկաս 13։23, 24)։

Ջանք թափելու կարեւորութիւնը շեշտելու համար, Յիսուս օրինակ մը կու տայ՝ ըսելով. «Երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’. . . անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինձմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’» (Ղուկաս 13։25-27)։

Այսպէս Յիսուս ցոյց կու տայ, որ ինչ կը պատահի, երբ մէկը ուշ գայ,– թերեւս այն ժամանակ՝ երբ իրե՛ն յարմար է,– եւ տեսնէ որ դուռը արդէն փակուած ու կղպուած է։ Ան պէտք էր աւելի կանուխ գար, նոյնիսկ եթէ ատիկա իրեն անյարմար էր։ Նոյնպէս, շատեր չօգտուեցան երբ Յիսուս երկրի վրայ մարդոց կը սորվեցնէր, ոչ ալ ճշմարիտ պաշտամունքը առաջին տեղը դրին իրենց կեանքին մէջ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը, որոնց համար Յիսուս ղրկուած էր, չընդունեցին Աստուծոյ կարգադրած փրկութեան միջոցը։ Յիսուս կ’ըսէ որ անոնք պիտի ‘լան ու ակռաներ կրճտեն’, երբ դուրս ձգուին։ Բայց մարդիկ պիտի գան «արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն», այո, բոլոր ազգերէն, «ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ» (Ղուկաս 13։28, 29)։

Յիսուս կը բացատրէ. «Պիտի գտնուին յետիններ [ինչպէս՝ հրեայ չեղողներ եւ արհամարհուած հրեաներ]՝ որոնք առաջիններ պիտի ըլլան ու առաջիններ [կրօնական առաջնորդներ, որոնք կը հպարտանան որ Աբրահամի սերունդէն են]՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 13։30)։ Այդ ապերախտները «յետիններ» պիտի ըլլան այն իմաստով, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնեն։

Այն ատեն, կարգ մը փարիսեցիներ Յիսուսին կու գան ու կը խրատեն. «Ելիր ու գնա՛ ասկէ, վասն զի Հերովդէս [Անթիպաս] քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ Թերեւս Հերովդէս թագաւոր ինք սկիզբ տուած է այդ տարաձայնութեան, որպէսզի Յիսուս շրջանէն փախչի։ Հերովդէս թերեւս կը վախնայ որ ձեւով մը ուրիշ մարգարէի մը մահուան պատճառ դառնայ, ինչպէս որ պատճառ դարձաւ Յովհաննէս Մկրտիչին մահուան։ Բայց Յիսուս փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ‘Ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ’» (Ղուկաս 13։31, 32)։ Հերովդէսը «աղուէս» կոչելով՝ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ ան խորամանկ է։ Բայց Յիսուս թոյլ չի տար որ Հերովդէսը կամ ուրիշ ոեւէ մէկը ազդէ իրեն կամ պատճառ դառնայ որ իր գործունէութիւնը անտեղիօրէն արագացնէ։ Ան կ’ուզէ իր նշանակումը կատարել իր Հօ՛ր դրած յայտագրին համաձայն, եւ ոչ թէ՝ մարդոց։

Յիսուս կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի» (Ղուկաս 13։33)։ Աստուածաշունչին մէջ չկայ մարգարէութիւն մը, որ կը նշէ թէ Մեսիան այդ քաղաքին մէջ պէտք է մեռցուի. ուրեմն Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ հոն պիտի մեռնի։ Քանի որ Երուսաղէմը մայրաքաղաքն է եւ կեդրոնը հրէական բարձրագոյն ատեանին՝ Սենետրիոնին, որ 71 անդամներ ունի։ Հոն է որ կը հարցաքննուին անոնք՝ որոնք կ’ամբաստանուին սուտ մարգարէ ըլլալու յանցանքով։ Ասկէ զատ, Երուսաղէմի մէջ է որ անասնական զոհերը կը մատուցանուին։ Այսպէս, Յիսուս կը գիտակցի որ ուրիշ քաղաքի մէջ պիտի չսպաննուի։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Ղուկաս 13։34, 35)։ Հրեայ ազգը Աստուծոյ Որդին կը մերժէ եւ ատոր հետեւանքները պիտի կրէ։

Երուսաղէմ հասնելէ առաջ, Շաբաթ օրով՝ փարիսեցիներու գլխաւորներէն մէկը Յիսուսը ճաշի կը հրաւիրէ իր տունը։ Ներկաները ուշի–ուշով Յիսուսը կը դիտեն, որ տեսնեն թէ ի՛նչ պիտի ընէ երբ նկատէ որ ներկաներէն մէկը ջրգողեալ մարդ է (այսինքն՝ ունի հիւանդութիւն մը, որուն պատճառով հեղուկ կը լեցուի մարմինին մէջ, ընդհանրապէս՝ սրունքներուն եւ ոտքերուն մէջ)։ Յիսուս փարիսեցիներուն եւ օրինականներուն կը հարցնէ. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել» (Ղուկաս 14։3)։

Մէկը չի պատասխաներ։ Յիսուս այդ մարդը կը բժշկէ եւ ետքը կը հարցնէ. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը» (Ղուկաս 14։5)։ Դարձեալ անոնք իր տրամաբանական հարցումին պատասխան չունին։

◇ Ըստ Յիսուսին, փրկուելու համար ի՞նչ պէտք է ընել, եւ ինչո՞ւ շատեր դուրս կը ձգուին։

◇ Որո՞նք են «յետիններ»ը, որոնք «առաջիններ» կ’ըլլան, եւ «առաջիններ»ը որոնք «յետիններ» կ’ըլլան։

◇ Հերովդէս թագաւոր թերեւս ինչի՞ մասին մտահոգ է։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կը գիտակցի որ Երուսաղէմի մէջ պիտի սպաննուի։

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 7-8 | «Յաւիտեան քահանայ Մելքիսեդեկի կարգին պէս»

it-1 1113 ¶4-5

Քահանայապետ

Յիսուս Քրիստոսին քահանայապետութիւնը։ Եբրայեցիս գիրքը կը ցուցնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առնելէն եւ երկինք երթալէն ի վեր ‘յաւիտենական Քահանայապետ է Մելքիսեդեկին կարգին պէս’ (Եբ. 6։20. 7։17, 21)։ Որպէսզի Պօղոս նկարագրէ Քրիստոսին քահանայութեան մեծութիւնը եւ ցուցնէ թէ ատիկա կը գերազանցէ ահարոնական քահանայութիւնը, ան ցոյց կու տայ որ Մելքիսեդեկ թէ՛ թագաւոր էր եւ թէ քահանայ՝ Բարձրեալ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած եւ ոչ թէ՝ ժառանգութեամբ։ Յիսուս Քրիստոս Ղեւիի ցեղէն չէր, հապա՝ Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթին շառաւիղէն։ Հետեւաբար, ան իր դիրքը չժառանգեց Ահարոնէն, հապա՝ իր նշանակումը ուղղակի Աստուծմէ առաւ, ինչպէս որ Մելքիսեդեկին պարագան էր (Եբ. 5։10)։ Սաղմոս 110։4–ին խոստումին հիման վրայ Յիսուս նշանակուած է որպէս երկնային Թագաւոր եւ Քահանայ։ Հոն կ’ըսէ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. ‘Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես’»։ Ասկէ զատ, Յիսուս Դաւիթին սերունդէն ըլլալով ալ թագաւորական հեղինակութիւն ունի։ Այս պարագային, ան կը դառնայ ժառանգորդը այն թագաւորութեան, որ Եհովան Դաւիթին խոստացաւ ուխտի մը միջոցաւ (Բ. Թագ. 7։11-16)։ Ուրեմն Յիսուս միեւնոյն ատեն թէ՛ Թագաւոր է եւ թէ Քահանայ, Մելքիսեդեկին պէս։

Հետեւեալ կէտն ալ ցոյց կու տայ Քրիստոսին քահանայապետութեան գերազանց ըլլալը։ Ղեւին, որմէ յառաջացաւ հրէական քահանայութիւնը, տասանորդ տուած եղաւ Մելքիսեդեկին, քանի որ Ղեւին դեռ Աբրահամին երանքին մէջն էր, երբ Աբրահամ տասանորդ տուաւ Սաղէմի թագաւոր–քահանայ Մելքիսեդեկին։ Այսպիսով, Ղեւին օրհնուած եղաւ Մելքիսեդեկին կողմէ, եւ սկզբունքը այն է, որ «պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի» (Եբ. 7։4-10)։ Պօղոս առաքեալ նաեւ Մելքիսեդեկին մասին կ’ըսէ. «Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը»։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ որ Մելքիսեդեկ կը ներկայացնէ յաւիտենական քահանայութիւնը Յիսուս Քրիստոսին, որ «անվախճան կեանքի» յարութիւն առաւ (Եբ. 7։3, 15-17)։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 9-15

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9-10

«Գալիք բարիքներուն շուքը»

(Եբրայեցիս 9։12-14) Ո՛չ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով։ 13 Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, 14 ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։

դ14 11/15 11-12 ¶12-13

Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք

12 Եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ արիւնը մաքրելու զօրութիւնը ունէր, ըսելով. «Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չ’ըլլար» (Եբ. 9։22)։ Պօղոս նաեւ շեշտեց, որ անասնական զոհերը, որոնք ժամանակաւոր արժէք ունէին, միայն յիշեցում մըն էին իսրայէլացիներուն, որ մեղաւորներ էին եւ աւելի մեծ զոհի կարիք ունէին իրենց մեղքերէն լիովին մաքրուելու համար։ Արդարեւ, «օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն [էր], ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը» (Եբ. 10։1-4)։ Արդ՝ մեղքերու թողութիւնը ինչպէ՞ս կարելի պիտի դառնար։

13 Կարդա՛ Եփեսացիս 1։7։ Յիսուս Քրիստոս կամովին ‘իր անձը մատնեց մեզի համար’։ Իր զոհաբերական մահը մեծ արժէք ունի բոլոր զինք եւ իր Հայրը սիրողներուն համար (Գաղ. 2։20)։ Բայց Յիսուսի բուն արարքը որ մեզ իսկապէս փրկեց, մեր մեղքերուն թողութիւնը կարելի դարձնելով, իր մահէն եւ յարութենէն ե՛տք տեղի ունեցաւ։ Ան կատարեց ինչ որ նախապատկերացուած էր Քաւութեան օրուան իրադարձութիւններով։ Այդ օրը, քահանայապետը անասնական զոհերուն արիւնէն կ’առնէր եւ կը տանէր խորանին,– կամ յետագային՝ Սողոմոնի տաճարին,– Սրբութիւն սրբութեանցը, եւ զայն Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնէր (Ղեւ. 16։11-15)։ Համանման կերպով, Յիսուս իր մարդկային արեան արժէքը երկինք տարաւ եւ զայն Եհովայի առջեւ ներկայացուց (Եբ. 9։6, 7, 11-14, 24-28)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ կրնանք մեղքերու թողութիւն ստանալ եւ մաքուր խիղճ ունենալ, Յիսուսի արեան հանդէպ հաւատք ընծայելով։

(Եբրայեցիս 9։24-26) Քանզի Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ. 25 ո՛չ թէ՝ որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով. 26 ապա թէ ոչ՝ պէտք է ինք աշխարհի սկիզբէն ի վեր շատ անգամ չարչարուէր. բայց հիմա մէկ անգամ դարեր անցնելէ վերջը՝ իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ՝ մեղքը մէկդի ձգելու համար։

cf 183 ¶4

«Եկո՛ւր իմ ետեւէս»

4 Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր Յիսուսին երկինք հասնելուն մասին, կամ թէ ինչպէ՛ս դիմաւորուեցաւ եւ իր Հօր վերամիացաւ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կանխաւ յայտնած էր, որ երկինքին մէջ ի՛նչ պիտի ըլլար՝ Յիսուսին երկինք երթալէն քիչ ետք։ Ինչպէս գիտենք, աւելի քան 15 դարէ ի վեր հրեաները կանոնաւորաբար սուրբ արարողութիւն մը կ’ընէին։ Տարին անգամ մը, քահանայապետը տաճարին Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր, որպէսզի Քաւութեան օրուան զոհերուն արիւնը սրսկէր ուխտին տապանակին առջեւ։ Քահանայապետը այդ օրը կը նախապատկերացնէր Մեսիան։ Երբ Յիսուս երկինք վերադարձաւ, մէկ անգամ ընդմիշտ կատարեց մարգարէական նշանակութիւն ունեցող այդ արարողութիւնը։ Ան կանգնեցաւ Եհովային առջեւ,– տիեզերքին ամէնէն սուրբ տեղը,– եւ իր Հօր ներկայացուց իր զոհին արժէքը (Եբ. 9։11, 12, 24)։ Եհովան ընդունե՞ց զայն։

(Եբրայեցիս 10։1-4) Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։ 2 Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։ 3 Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ. 4 վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։

it-2 602-603

Կատարելութիւն

Մովսիսական օրէնքին կատարելութիւնը։ Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլ ազգին տրուած Օրէնքին մէկ կարգադրութիւնն էր, որ քահանայութիւն մը հաստատուի եւ անասնական զոհեր մատուցանուին։ Ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ցոյց կու տայ, ո՛չ Օրէնքը, ոչ քահանայութիւնը ոչ ալ զոհերը կատարելութիւն բերին Օրէնքին տակ եղողներուն, հակառակ անոր որ Օրէնքը կատարեալ էր, քանի որ Աստուծմէ էր (Եբ. 7։11, 19. 10։1)։ Փոխանակ մարդիկը մեղքէն եւ մահէն ազատելու, ատիկա աւելի աչքառու դարձուց մարդոց մեղաւոր ըլլալը (Հռով. 3։20. 7։7-13)։ Բայց բոլոր այս աստուածային կարգադրութիւնները ծառայեցին Աստուծոյ դրած նպատակին։ Օրէնքը որպէս «դաստիարակ» ծառայելով՝ մարդիկը առաջնորդեց Քրիստոսին, եւ այսպիսով կատարեալ կերպով «գալիք բարիքներուն շուք»ը եղաւ (Գաղ. 3։19-25. Եբ. 10։1)։ Ուրեմն, երբ Պօղոս կը խօսի այն բանին մասին, որ «օրէնքին համար անկարելի էր» որ ընէր, «որովհետեւ տկար էր մարմնով» (Հռով. 8։3), ան յստակօրէն ըսել կ’ուզէ որ հրեայ քահանայապետը (որուն նշանակումն էր զոհերը մատուցանել եւ զոհերուն արիւնը սրսկելու համար Սրբութիւն սրբութեանցը մտնել Քաւութեան օրը) անկարելի էր որ ‘բոլորովին ապրեցնէր’ զանոնք որոնց կը ծառայէր, ինչպէս որ Եբրայեցիս 7։11, 18-28–ը կը բացատրէ։ Թէեւ ահարոնական քահանայութեան միջոցաւ զոհեր մատուցանելը թոյլ կու տար, որ մարդիկ ընդունելի կեցուածք ունենային Աստուծոյ առջեւ, բայց ատիկա բոլորովին կամ կատարելապէս չազատեց զանոնք մեղաւոր ըլլալու զգացումէն։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ Պօղոս առաքեալին ըսածէն։ Ան ըսաւ որ քաւութեան զոհերը չեն կրնար «կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան», այսինքն կատարեալ ընել անոնց խիղճը (Եբ. 10։1-4. համեմատէ՛ Եբ. 9։9)։ Քահանայապետը չէր կրնար պէտք եղած փրկագինը տալ, որպէսզի մարդիկ իսկապէս ազատէին մեղքէն։ Միայն Քրիստոսին մնայուն քահանայական ծառայութիւնը եւ ազդու զոհը կ’իրագործեն ասիկա (Եբ. 9։14. 10։12-22)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եբրայեցիս 9։16, 17) Քանզի ուր կտակ [«ուխտ», ՆԱ] մը կայ, հարկ է որ կտակ ընողը [«ուխտ կապողը», ՆԱ] մեռնի։ 17 Վասն զի կտակը [«ուխտը», ՆԱ] մեռնելէն յետոյ հաստատ կ’ըլլայ. քանզի վաւերական չի սեպուիր այնքան ատեն որ կտակը ընողը [«ուխտ կապողը», ՆԱ] ողջ է։

w92 3/1 31 ¶4-6

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Պօղոս նշեց որ պէտք էր մէկը մեռնէր, որպէսզի Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ եղած ուխտերը վաւերական դառնային. օրինակ՝ Օրէնքին ուխտը։ Ատոր միջնորդը Մովսէսն էր, որ այս համաձայնութիւնը պիտի ընէր Աստուծոյ եւ մարմնաւոր իսրայէլին միջեւ։ Ուրեմն, Մովսէս շատ կարեւոր դեր մը խաղցաւ եւ ինքն էր որ իսրայէլացիներուն հետ գործառնութիւններ ունեցաւ, երբ ուխտին մէջ պիտի մտնէին։ Ուրեմն կրնայ ըսուիլ որ Մովսէս մարդկային «ուխտ կապողն» էր Օրէնքի ուխտին, որուն ծագումը Եհովայէն էր։ Բայց Մովսէս պէտք ունէ՞ր իր արիւնը թափելու, որպէսզի Օրէնքի ուխտը ի զօրու դառնար։ Ո՛չ։ Փոխարէն՝ անասուններ զոհ մատուցուեցան եւ ատոնց արիւնը Մովսէսին արիւնին տեղ թափուեցաւ (Եբ. 9։18-22)։

Ի՞նչ կրնանք ըսել նոր ուխտին մասին, որ Եհովային եւ հոգեւոր իսրայէլին միջեւ է։ Յիսուս Քրիստոս ունէր այն փառաւոր դերը, որ երկու կողմերուն միջնորդը ըլլար։ Թէեւ Եհովան էր այս ուխտին ծագում տուողը, բայց ատիկա Յիսուս Քրիստոսէն կախեալ էր։ Ատոր միջնորդը ըլլալէն զատ, Յիսուս ուղղակիօրէն գործառնութիւններ ունեցաւ անոնց հետ, որոնք առաջին հերթին պիտի մտնէին այդ ուխտին մէջ (Ղուկ. 22։20, 28, 29)։ Ասկէ զատ, ան որակեալ էր պէտք եղած զոհը տալու, որ ուխտը վաւերական դարձուէր։ Այդ զոհը անասնական պարզ զոհ չէր, հապա՝ մարդկային կատարեալ մարմին։ Ասոր համար, Պօղոս Քրիստոսին ակնարկեց որպէս նոր ուխտին մարդկային «ուխտ կապողը»։ Երբ «Քրիստոս. . . մտաւ. . . բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ», նոր ուխտը ի զօրու դարձաւ (Եբ. 9։12-14, 24)։

Երբ Պօղոս Մովսէսին եւ Յիսուսին մասին խօսեցաւ որպէս մարդկային «ուխտ կապող»ներ, ան ըսել չուզեց որ անոնք էին ուխտերուն ծագում տուողները։ Եհովա՛ն էր ատոնց ծագում տուողը։ Մովսէս եւ Յիսուս միջնորդներն էին։ Եւ երկու պարագաներուն ալ պէտք էր որ մէկը մեռնէր,– Մովսէսին տեղ անասուններ զոհ մատուցուեցան, իսկ նոր ուխտին մէջ եղողներուն համար՝ Յիսուս իր արիւնը տուաւ։

(Եբրայեցիս 10։5-7) Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «‘Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ 6 Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար’։ 7 Այն ատեն ըսի. ‘Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած’»։

դ10 8/1 17-18 ¶7-11

Յիսուս ինչպէ՛ս Աստուծոյ արդարութիւնը կը պանծացնէ

7 Յիսուս հոգեւոր բաներու հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, պաշտամունքի յատկացուած ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։ Իր կատարեալ մտքով, ան իւրացուցած ըլլալու էր ամէն ինչ որ Եբրայերէն Գրութիւններէն լսած կամ կարդացած էր (Ղուկ. 4։16)։ Ան ուրիշ թանկագին բան մըն ալ ունէր,– մարդկային կատարեալ մարմին, որ մարդկութեան ի նպաստ կրնար զոհաբերուիլ։ Երբ մկրտուեցաւ, Յիսուս կ’աղօթէր եւ թերեւս Սաղմոս 40։6-8–ի մարգարէական խօսքերուն վրայ կը մտածէր (Ղուկ. 3։21. կարդալ՝ Եբրայեցիս 10։5-10)։

8 Յովհաննէս Մկրտիչ սկիզբը չուզեց Յիսուսը մկրտել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յովհաննէս ջուրին մէջ կը մխրճէր այն հրեաները, որոնք Օրէնքին դէմ իրենց գործած մեղքերուն համար կը զղջային։ Մօտիկ ազգական ըլլալով, Յովհաննէս գիտցած ըլլալու էր, որ Յիսուս արդար էր ու հետեւաբար զղջումի կարիք չունէր։ Յիսուս Յովհաննէսը հաւաստիացուց, թէ իր մկրտութիւնը տեղին է, նշելով. «Այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք» (Մատ. 3։15)։

9 Որպէս կատարեալ մարդ, Յիսուս կրնար եզրակացնել, թէ Ադամին նման՝ կարելիութիւն ունէր կատարեալ ցեղ մը մէջտեղ բերելու։ Սակայն Յիսուս բնաւ այդպիսի ապագայ մը չցանկաց, քանի որ անիկա Եհովայի կամքը չէր իրեն համար։ Աստուած Յիսուսը երկիր ղրկած էր, որպէսզի խոստացեալ Սերունդին՝ կամ Մեսիային՝ դերը կատարէր, որ կը պարփակէր զոհել իր մարդկային կատարեալ կեանքը (կարդալ՝ Եսայի 53։5, 6, 12)։ Անշուշտ, Յիսուսի մկրտութիւնը մերինէն տարբեր նշանակութիւն ունէր։ Անիկա չընդգրկեց Եհովային նուիրուիլ, քանի որ Յիսուս արդէն իսկ Աստուծոյ նուիրեալ իսրայէլ ազգին մէկ անդամն էր։ Փոխարէն, Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշեց ինքզինք ներկայացնել՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, ինչպէս որ Մեսիային առնչութեամբ նշուած էր Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։

10 Եհովայի կամքը Յիսուսին համար պարփակեց՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, աշակերտներ հաւաքել ու զանոնք պատրաստել աշակերտելու գործին։ Յիսուս ինքզինք ներկայացնելով յայտնեց նաեւ իր կամեցողութիւնը, որ հալածանքի եւ դաժան մահուան տոկայ, Եհովա Աստուծոյ արդար գերիշխանութեան նեցուկ կանգնելով։ Որովհետեւ Յիսուս իսկապէս իր երկնաւոր Հայրը կը սիրէր, իրեն համար հաճոյք էր Աստուծոյ կամքը կատարելը, իսկ իր մարմինը որպէս զոհ ընծայելը խորապէս գոհացուցիչ նկատեց (Յովհ. 14։31)։ Իրեն նաեւ հաճելի էր գիտնալ, թէ իր կատարեալ կեանքին արժէքը կրնար որպէս փրկանք Աստուծոյ ներկայացուիլ, մեզ մեղքի ու մահուան ստրկութենէն վերագնելու համար։ Այս մեծ պատասխանատուութիւնները շալկելու համար Յիսուս ինքզինք ներկայացնելով ստացա՞ւ Աստուծոյ հաւանութիւնը։ Արդարեւ ստացաւ։

11 Բոլոր չորս աւետարանագիրները կը հաստատեն Եհովա Աստուծոյ հաւանութեան յստակ արտայայտութիւնը, երբ Յիսուս Յորդանան գետի ջուրերէն դուրս ելաւ։ Յովհաննէս Մկրտիչ վկայեց. «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու [Յիսուսի] վրայ կը հանգչէր. . . Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին» (Յովհ. 1։32-34)։ Աւելին, այդ առիթով Եհովա յայտարարեց. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17. Մար. 1։11. Ղուկ. 3։22)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 83

ՃԱՇԻ ՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

ՂՈՒԿԱՍ 14։7-24

• ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ

• ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐԸ ՊԱՏՐՈՒԱԿՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՆ ՈՐ ՉԳԱՆ

Յիսուս դեռ փարիսեցիին տունն է։ Ան քիչ առաջ բժշկած է ջրգողեալ մարդը։ Ան կը նկատէ որ ճաշի ժամանակ հիւրերը առաջին բազմոցները կ’ընտրեն, եւ այս առիթը կ’օգտագործէ խոնարհութեան մասին դաս մը սորվեցնելու համար։

Յիսուս կ’ըսէ. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել» (Ղուկաս 14։8, 9)։

Ետքը կ’ըսէ. «Երբ հրաւիրուիս, գնա՛ յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ»։ Այս վարքը պարզապէս քաղաքավարութիւն չէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Ղուկաս 14։10, 11)։ Այո, ան իրեն մտիկ ընողները կը քաջալերէ որ խոնարհութիւն զարգացնեն։

Ետքը, Յիսուս զինք հրաւիրող փարիսեցիին ուրիշ դաս մըն ալ կը սորվեցնէ։ Ան կը բացատրէ անոր, որ երբ ճաշի հրաւէր պիտի ընէ, որո՛նք պէտք է հրաւիրէ, որպէսզի Աստուծոյ հաճութեան արժանանայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։ Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել» (Ղուկաս 14։12-14)։

Շատ բնական է բարեկամներ, ազգականներ կամ դրացիներ ճաշի հրաւիրել եւ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ ատիկա ընելը սխալ է։ Բայց ան կը շեշտէ, որ երբ մէկը ճաշի հրաւիրէ կարիքաւորները, ինչպէս՝ աղքատները, հաշմանդամները կամ կոյրերը, կրնայ առատապէս օրհնուիլ։ Յիսուս զինք հրաւիրողին կը բացատրէ. «Արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։ Սեղան նստողներէն մէկը համաձայն գտնուելով՝ կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ» (Ղուկաս 14։15)։ Յստակ է որ ան կը տեսնէ թէ ատիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում է։ Բայց Յիսուս առակ մը պատմելով ցոյց կու տայ, որ ո՛չ բոլորը ատիկա կը գնահատեն։

«Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. ‘Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է’։ Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. ‘Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ’» (Ղուկաս 14։16-20)։

Ասոնք անհամոզիչ պատրուակներ են։ Ընդհանրապէս մէկը արտ մը կամ անասուն մը տեսնելու կ’ելլէ առա՛ջ որ զայն գնէ, ուրեմն ատոնք գնելէ ետք հրատապ բան չէ ստուգելը։ Իսկ երրորդ մարդը ամուսնութեան չի պատրաստուիր։ Ան արդէն ամուսնացած է. ուրեմն ամուսնութիւնը պատճառ չէ որ այդ կարեւոր հրաւէրը մերժէ։ Այս պատրուակները լսելով, տէրը կը բարկանայ ու կ’ըսէ իր ծառային.

«Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր»։ Ասիկա ընելէ ետք, ծառան կը տեսնէ որ դեռ տեղ կայ։ Տէրը անոր կ’ըսէ. «Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ» (Ղուկաս 14։21-24)։

Յիսուս իր պատմած առակին միջոցաւ ցոյց կու տայ, որ ինչպէս Եհովա Աստուած իրեն յանձնարարութիւն տուաւ, որ մարդիկ հրաւիրէ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնելու։ Նախ եւ առաջ հրեաները, մանաւանդ կրօնական առաջնորդները, կը հրաւիրուին, բայց անոնց մեծ մասը Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին կը մերժէ հրաւէրը։ Բայց ուրիշ մարդիկ ալ այդ հրաւէրը պիտի ստանան։ Յիսուս յստակօրէն ցոյց կու տայ որ ապագային երկրորդ հրաւէր մըն ալ պիտի տրուի հրեայ ազգի անարգուած մարդոց եւ նորահաւատներուն։ Անկէ ետք, երրորդ եւ վերջին հրաւէրը պիտի տրուի այն մարդոց՝ որոնք հրեաներուն կողմէ կը սեպուին, թէ Աստուծոյ աչքին անյարմար են (Գործք 10։28-48)։

Այո, Յիսուսին խօսքերը կը հաստատեն այն մարդուն խօսքը, որ ըսաւ. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութեան դաս կը սորվեցնէ։

◇ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ աստուածահաճոյ հացկերոյթ պատրաստել, եւ ինչո՞ւ ան պիտի ուրախանայ։

◇ Ընթրիքին առակով Յիսուս ի՞նչ կէտ կը շեշտէ։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 16-22

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11

«Հաւատքին կարեւորութիւնը»

(Եբրայեցիս 11։1) Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է։

դ16.10 27 ¶6

Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛

6 Եբրայեցիս 11։1–ին մէջ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ հաւատքը ի՛նչ է (կարդա՛)։ Հաւատքը կը կեդրոնանայ երկու բաներու վրայ, որոնք անտեսանելի են. 1) «յուսացուած բաներ»ը, որոնց մէջ կան ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները, ինչպէս՝ չարութեան վերջը եւ գալիք նոր աշխարհը։ 2) «Անտեսանելի իրողութիւնները», ինչպէս՝ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսին եւ հրեշտակներուն գոյութիւնը, նաեւ երկնային Թագաւորութեան գործունէութիւնները (Եբ. 11։3)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ իրապէս կը հաւատանք Աստուծոյ խոստումներուն եւ միւս անտեսանելի բաներուն։ Թէ՛ խօսքով ու թէ գործով, քանի որ մեր հաւատքը առանց ատոնց պակաս կը մնայ։

(Եբրայեցիս 11։6) Բայց առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։

դ13 11/1 11 ¶2-5

Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»

Եհովան հաճեցնելու համար ի՞նչ բան պահանջուած է։ «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», գրեց Պօղոս։ Նշմարէ թէ Պօղոս չըսաւ, թէ առանց հաւատքի դժուար է Աստուած հաճեցնել։ Փոխարէն, ան ըսաւ՝ անհնար կամ անկարելի է։ Ուրիշ խօսքով, Աստուած հաճեցնելու համար հաւատքը կենսական է։

Ինչպիսի՞ հաւատք Եհովան կը հաճեցնէ։ Աստուծոյ հաւատալը երկու երեսակ պէտք է պարփակէ. առաջին՝ ‘պէտք է հաւատանք թէ Աստուած կայ’։ Ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ «հաւատանք թէ ան իրական է» եւ «հաւատանք թէ ան գոյութիւն ունի»։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած հաճեցնել, եթէ իր գոյութեան կը կասկածինք։ Ասկէ զատ, հարազատ հաւատքը աւելի՛ն կը պարփակէ, քանի որ նոյնիսկ դեւերը կը հաւատան թէ Եհովան գոյութիւն ունի (Յակոբոս 2։19)։ Հաւատալով թէ Աստուած իրական է, պէտք է գործի լծուինք, այսինքն, մեր հաւատքը փաստենք՝ վարելով այնպիսի կենցաղակերպ մը, որ Աստուած կը հաճեցնէ (Յակոբոս 2։20, 26)։

Երկրորդ, պէտք է ‘հաւատանք’ որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ»։ Իսկական հաւատք ունեցող անհատը լիովին համոզուած կ’ըլլայ, թէ աստուածահաճոյ կեանք վարելու իր թափած ջանքերը ի զուր չեն (Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան հաճեցնել, եթէ կը կասկածինք թէ կարող չէ կամ չի փափաքիր մեզ վարձատրել (Յակոբոս 1։17. Ա. Պետրոս 5։7)։ Այն անհատը որ կ’եզրակացնէ թէ Աստուած անտարբեր, ապերախտ կամ կծծի ըլլալու է, իրապէս զինք չի ճանչնար։

Եհովան որո՞նք կը վարձատրէ։ Պօղոս կ’ըսէ, թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու համար պատրաստուած աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «փնտռել» թարգմանուած յունարէն բառը չի նշանակեր «որոնել», այլ՝ «պաշտամունքի միջոցաւ» Աստուծոյ մօտենալ։ Ուրիշ աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ, թէ այս յունարէն բային ձեւը կը թելադրէ անխոնջ եւ կեդրոնացած ջանք։ Արդարեւ, Եհովան կը վարձատրէ անոնք, որոնց հաւատքը կը մղէ զիրենք որ ամբողջ սրտով ե՛ւ նախանձախնդրութեամբ զինք պաշտեն (Մատթէոս 22։37)։

(Եբրայեցիս 11։33-38) Որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին, 34 կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին. 35 կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին. 36 ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. 37 քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով, 38 որոնց արժանի չէր աշխարհս, անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով։

դ16.10 23 ¶10-11

Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր

10 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին» (Եբ. 11։35)։ Շատեր փորձութիւններու տոկացին եւ Եհովային հաւատարիմ մնացին, քանի որ զօրաւոր հաւատք ունէին որ յարութիւն պիտի առնեն, ինչպէս որ Աստուած խոստացած է։ Անոնք գիտէին որ Եհովան դարձեալ պիտի կենդանացնէ զիրենք եւ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Միտքդ բեր Նաբովթը եւ Զաքարիան, որոնք քարկոծուելով մահացան քանի որ Աստուծոյ հնազանդ մնացին (Գ. Թագ. 21։3, 15. Բ. Մն. 24։20, 21)։ Դանիէլ դրուեցաւ անօթի առիւծներու գուբին մէջ, իսկ իր ընկերները՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։ Անոնք նախընտրեցին մեռնիլ, քան թէ չաստուածներ պաշտել։ Անոնք Աստուծոյ զօրութեան հաւատալով կրցան «առիւծներու բերաններ գոց[ել], կրակի զօրութիւն մար[ել]» (Եբ. 11։33, 34. Դան. 3։16-18, 20, 28. 6։13, 16, 21-23)։

11 Շատ մը մարգարէներ ծաղրուեցան կամ բանտ դրուեցան, ինչպէս՝ Միքիան եւ Երեմիան։ Ուրիշներ, ինչպէս՝ Եղիան, «անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ» թափառեցան։ Բոլորն ալ տոկացին, քանի որ «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը» ունէին (Եբ. 11։1, 36-38. Գ. Թագ. 18։13. 22։24-27. Եր. 20։1, 2. 28։10, 11. 32։2)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եբրայեցիս 11։4) Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։

ընդ 9, 12-13 ¶3, 14-17

«Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»

3 Պօղոս առաքեալ ներշնչուեցաւ Աբէլի մասին ըսելու. «Անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։4)։ Աբէլ ինչո՞վ կը խօսի։ Հաւատքո՛վ։ Աբէլ առաջին մարդն էր որ այս հիանալի յատկութիւնը մշակեց։ Ան իր հաւատքը այնքա՛ն զօրաւոր կերպով ցոյց տուաւ, որ մեզի համար ընտիր օրինակ թողուց։ Եթէ Աբէլին հաւատքէն սորվինք եւ ջանանք զայն ընդօրինակել, իր արձանագրութիւնը ազդո՛ւ եւ իսկակա՛ն կերպով խօսած կ’ըլլայ մեզի հետ։

14 Եհովայի խոստումները։ Ադամն ու Եւան իրենց որդիներուն պատմած ըլլալու էին Եդեմի պարտէզին մէջ եղած դէպքերը, որոնց պատճառով այդտեղէն վտարուեցան։ Ուստի Աբէլ խոկալիք շատ բան ունէր։

15 Եհովան ըսաւ որ երկիրը պիտի անիծուէր։ Աբէլ յստակօրէն կրնար տեսնել փուշերն ու տատասկները, որոնցմով այդ խօսքերը կատարուեցան։ Եհովան նաեւ նախագուշակեց, թէ Եւան յղութեան եւ ծննդաբերութեան ժամանակ ցաւ պիտի քաշէր։ Մինչ Աբէլի քոյրերն ու եղբայրները ծնան, անկասկած, ինք հասկցաւ թէ այդ խօսքերն ալ ճիշդ ելան։ Եհովան նախատեսեց, թէ Եւան անհաւասարակշռուած կերպով կարիքը պիտի զգար իր ամուսինին սիրոյն եւ ուշադրութեան, եւ թէ Ադամ իր կարգին՝ պիտի տիրէր անոր վրայ։ Աբէլ իր աչքերո՛վ տեսաւ այս տխուր իրողութիւնը։ Ամէն պարագայի, Աբէլ տեսաւ, թէ Եհովայի խօսքը լիովին վստահելի է։ Այսպիսով, ան վաւերական պատճառներ ունէր հաւատք ընծայելու Աստուծոյ այն խոստումին՝ որ «սերունդ» մը, օրին մէկը, պիտի շտկէր ամէն սխալ որ ծագում առաւ Եդեմին մէջ (Ծն. 3։15-19)։

16 Եհովայի ծառաները։ Աբէլ մարդոց մէջ որեւէ լաւ օրինակ չկրցաւ գտնել. բայց այդ ատեն, մարդիկ երկրի վրայ միակ մտացի արարածները չէին։ Երբ Ադամն ու Եւան պարտէզէն վտարուեցան, Եհովան հսկեց որ ո՛չ իրենք, ոչ ալ իրենց զաւակները մտնեն այդ երկրային Դրախտը։ Մուտքը պահպանելու համար, Եհովան դրաւ քերովբէներ՝ բարձրաստիճան հրեշտակներ եւ՝ բոցեղէն սուրը, որ շարունակ կը դառնար (կարդա՛ Ծննդոց 3։24)։

17 Երեւակայէ Աբէլի զգացումը, երբ այդ քերովբէները կը տեսնէր, մինչ տղեկ մըն էր։ Անոնց մարմնացած երեւոյթը, վստահաբար, սաստիկ զօրութիւն ցոյց կու տար։ Շարունակ դարձող բոցավառ «սուրը» նո՛յնպէս վախ կը ներշնչէր։ Մինչ Աբէլ կը մեծնար, արդեօք տեսա՞ւ թէ այդ քերովբէները ձանձրացան ու իրենց պաշտօնը լքեցին։ Ո՛չ։ Գիշեր–ցերեկ, տարիէ տարի, տասնամեակներ, այդ մտացի եւ հզօր արարածները իրենց տեղէն չշարժեցան։ Այսպիսով, Աբէլ գիտցաւ, թէ Եհովա Աստուած արդար եւ անդրդուելի ծառաներ ունէր։ Աբէլ, այդ քերովբէներուն մէջ տեսաւ Եհովայի հանդէպ այնպիսի հաւատարմութիւն ու հնազանդութիւն, որոնք չէր կրնար գտնել իր ընտանիքին մէջ։ Կասկած չկայ, թէ այդ հրեշտակներուն օրինակը իր հաւա՛տքը զօրացուց։

(Եբրայեցիս 11։5) Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։

դհ17.1 12-13

«Աստուծոյ հաճելի էր»

Լաւ, Ենովք ինչպէ՞ս «փոխադրուեցաւ» եւ ‘մահ չտեսաւ’։ Շատ հաւանաբար, Եհովան զինք հանդարտօրէն փոխադրեց մահուան, չձգելով որ իր թշնամիները վայրագօրէն մեռցնեն զինք։ Բայց ատկէ առաջ, Ենովք վկայութիւն ստացաւ որ «Աստուծոյ հաճելի էր»։ Ինչպէ՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ Ենովք իր մահէն ճիշդ առաջ տեսիլք մը ստացաւ Աստուծմէ, որ թերեւս կը ցուցնէր երկիրը որպէս դրախտ։ Եհովային հաճութեան այդ նշանը առնելով, ան մահուան քունին մէջ մտաւ։ Պօղոս առաքեալ Ենովքին եւ ուրիշ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին գրելով ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան» (Եբրայեցիս 11։13)։ Ատկէ ետք, թերեւս իր թշնամիները իր մարմինին վրայ փնտռեցին, բայց ատիկա «տեղ մը չէր գտնուեր», հաւանաբար քանի որ Եհովան անհետացուց զայն, թոյլ չտալով որ անոնք անարգալից կերպով վարուին ատոր հետ կամ զայն գործածեն սուտ կրօնքը յառաջ մղելու համար։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 84

ԱՇԱԿԵՐՏ ԴԱՌՆԱԼԸ ԼՈՒՐՋ ՈՐՈՇՈՒՄ Է

ՂՈՒԿԱՍ 14։25-35

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Յիսուս արժէքաւոր դասեր սորվեցուց, մինչ կը ճաշէր փարիսեցիներու գլխաւորներէն մէկուն տան մէջ։ Հիմա ան կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը դէպի Երուսաղէմ եւ մեծ թիւով մարդիկ իրեն կ’ընկերակցին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք իրապէ՞ս հետաքրքրուած են որ ամէն գնով իր հետեւորդները ըլլան։

Ճամբան, Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ թերեւս կը զարմացնէ ոմանք. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։26)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ բոլոր անոնք՝ որոնք իր հետեւորդները կ’ըլլան, պէտք է բառացիօրէն ատեն իրենց ազգականները։ Հապա ըսել կ’ուզէ, որ պէտք է զինք աւելի՛ սիրեն քան՝ զանոնք։ Անոնք պէտք չէ նմանին իր պատմած մեծ խնճոյքին առակին մէջի մարդուն, որ կարեւոր հրաւէր մը մերժեց պարզապէս քանի որ նոր ամուսնացած էր (Ղուկաս 14։20)։ Հրեաներուն նախահօր՝ Յակոբին մասին կ’ըսուի, որ ան Լիան ‘ատեց’ եւ Ռաքէլը սիրեց, այսինքն՝ ան Ռաքէլը աւելի սիրեց, քան՝ Լիան (Ծննդոց 29։31)։

Նկատէ որ Յիսուս կ’ըսէ, թէ իր աշակերտը պէտք է «իր կեանքն ալ» ատէ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ճշմարիտ աշակերտը պէտք է Յիսուսը աւելի՛ սիրէ քան՝ իր կեանքը, եւ նոյնիսկ պատրաստ ըլլայ իր կեանքը կորսնցնելու, եթէ հարկ ըլլայ։ Յստակ է որ Քրիստոսին աշակերտը ըլլալը լուրջ պատասխանատուութիւն է։ Անհատ մը պէտք է խորապէս մտածէ առաջ որ այդ որոշումը առնէ։

Երբ անհատ մը որոշէ Յիսուսին աշակերտը ըլլալ, թերեւս դժուարութիւններ դիմագրաւէ եւ հալածանքի ենթարկուի, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ իր խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։27)։ Այո, Յիսուսին ճշմարիտ աշակերտները պէտք է իրեն պէս պատրաստ ըլլան նախատուելու եւ նոյնիսկ թշնամիներուն ձեռքով մեռնելու։

Ուրեմն, Յիսուսին ընկերակցող մարդիկը պէտք է լրջօրէն մտածեն որ ի՛նչ կը նշանակէ անոր աշակերտը ըլլալ։ Յիսուս այս կէտը կը շեշտէ՝ օրինակ մը տալով. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ. . . չկրնայ լմնցնել» (Ղուկաս 14։28, 29)։ Ուրեմն, Յիսուսի աշակերտը դառնալէ առաջ, ճամբան իրեն ընկերակցողները պէտք է հաստատ որոշում առած ըլլան, որ աշակերտ ըլլալու պատասխանատուութիւնը լիովին պիտի կատարեն։ Ան այս կէտը կը շեշտէ ուրիշ օրինակ մը տալով.

«Ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ»։ Իր կէտը շեշտելու համար, Յիսուս կ’ըսէ. «Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղուկաս 14։31-33)։

Անշուշտ, Յիսուս այս բոլորը չ’ըսեր միայն իրեն ընկերակցող մարդոց։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Քրիստոսը կը ճանչնան, պէտք է պատրաստակամօրէն ընեն այն ինչ որ կ’ըսէ։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան զոհելու ամէն բան,– իրենց ստացուածքը, նոյնիսկ իրենց կեանքը,– եթէ իրապէս կ’ուզեն իր աշակերտը դառնալ։ Անոր համար ասոր մասին պէտք է լրջօրէն մտածել եւ աղօթել։

Ետքը Յիսուս կը բանայ նիւթ մը, որուն մասին խօսած էր իր Լերան քարոզին մէջ։ Ան ըսած էր որ իր աշակերտները «երկրի աղն» են (Մատթէոս 5։13)։ Ան հաւանաբար ըսել ուզած էր, որ ինչպէս որ բառացի աղը պահպանիչ ազդեցութիւն ունի, նոյնպէս ալ իր աշակերտները պահպանիչ ազդեցութիւն ունին մարդոց վրայ, զանոնք պաշտպանելով հոգեւոր եւ բարոյական ապականութենէ։ Հիմա որ իր ծառայութիւնը իր աւարտին հասնելու վրայ է, ան կ’ըսէ. «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ» (Ղուկաս 14։34)։ Մտիկ ընողները գիտեն որ մատչելի է աղի տեսակ մը, որ մաքրուած չէ ու հողային նիւթերով խառնուած է, եւ հետեւաբար քիչ օգուտ ունի։

Ուրեմն, Յիսուս ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր իր աշակերտներն են, պէտք է ուշադիր ըլլան որ իրենց վճռականութիւնը չտկարանայ։ Այլապէս, անօգուտ պիտի դառնան, ինչպէս որ աղը անօգուտ կը դառնայ երբ իր ազդեցութիւնը կորսնցնէ։ Եւ այն ատեն մարդիկ թերեւս իրենց ցած աչքով նային։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնեն եւ նոյնիսկ իր անուան նախատինք կը բերեն։ Յիսուս կը շեշտէ որ պէտք է զգոյշ ըլլան, որ այս վիճակին չհասնին, երբ կ’ըսէ. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ» (Ղուկաս 14։35)։

◇ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ որ իր աշակերտը պէտք է ‘ատէ’ իր ազգականները եւ նոյնիսկ «իր կեանքը»։

◇ Յիսուս իր պատմած երկու առակներով ի՞նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել։

◇ Աղի մասին խօսելով՝ Յիսուս ի՞նչ բան կը շեշտէ։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 23-29

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12-13

«Եհովային տուած կրթութիւնը իր սէրը կը յայտնէ»

(Եբրայեցիս 12։5) Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։

դ12 3/1 29 ¶18

«Ետին» մի՛ նայիր

18 Ցաւագին խրատ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ փորձուինք զայրացած ետին նայիլ մեզի տրուած խրատի մը։ Ասիկա ոչ միայն ցաւագին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ՝ վհատեցուցիչ,– պատճառ դառնալով որ ‘թուլնանք’ (Եբ. 12։5)։ Եթէ մենք խրատը ‘անարգենք’՝ զայն մերժելով, կամ ‘թուլնանք’՝ զայն ընդունելով եւ ապա յանձնուելով, արդիւնքը նոյնն է,– իրապէս թոյլ չենք տար որ խրատը մեզի օգտէ եւ յղկէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է Սողոմոնի ըսածին ականջ տալ. «Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է» (Առ. 4։13)։ Ճամբու ուղենշաններուն հնազանդող վարորդի մը նման, թող որ խրատը ընդունինք, զայն գործադրենք եւ յառա՛ջ երթանք (Առ. 4։26, 27. կարդա՛ Եբրայեցիս 12։12, 13)։

(Եբրայեցիս 12։6, 7) Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի։ 7 Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։

w12 7/1 21 ¶3

«Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր մեր’»

Սիրալիր հայր մը կը կրթէ իր զաւակները, քանի որ կ’ուզէ որ անոնք լաւ անձեր դառնան (Եփեսացիս 6։4)։ Ան թերեւս հաստատակամ ըլլայ, բայց բնա՛ւ խիստ չէ երբ իր զաւակները կը կրթէ։ Մեր երկնաւոր Հայրն ալ ատեններ պէտքը կը զգայ մեզ կրթելու, բայց ան միշտ սիրալիր կերպով կը կրթէ եւ բնա՛ւ չի վիրաւորեր։ Իր Հօր նման՝ Յիսուս ալ բնա՛ւ խիստ չէր, նոյնիսկ երբ ժամանակ առաւ, որ իր աշակերտները իրենց սխալները շտկեն (Մատ. 20։20-28. Ղուկ. 22։24-30)։

(Եբրայեցիս 12։11) Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։

դ18.03 32 ¶18

‘Կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի իմաստուն ըլլաս’

18 Կրթութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց Աստուծոյ կրթութիւնը մերժելուն ցաւը ա՛լ աւելի շատ է (Եբ. 12։11)։ Նկատի առ երկու օրինակներ՝ Կայէն եւ Սեդեկիա թագաւոր։ Երբ Աստուած տեսաւ որ Կայէն իր եղբայրը կ’ատէր եւ կ’ուզէր մեռցնել, զինք զգուշացուց. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես [«իշխե՞ս», ՆԱ]» (Ծն. 4։6, 7)։ Կայէն մտիկ չըրաւ եւ իր եղբայրը մեռցուց։ Ան ցաւալի հետեւանքներ կրեց մինչեւ իր կեանքին վերջը (Ծն. 4։11, 12)։ Եթէ Կայէն Աստուծոյ մտիկ ընէր, ա՛յսքան ցաւեր պիտի չունենար։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եբրայեցիս 12։1) Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։

դ11 9/1 21-22 ¶11

Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛

11 Այլաբանօրէն խօսելով, ‘վկաներու բազմութիւնը’ պարզապէս հանդիսատեսներ կամ դիտողներ չէին, որոնք ներկայ կը գտնուէին միմիայն մրցավազքը դիտելու կամ իրենց նախասիրած մարզիկին կամ խումբին շահիլը տեսնելու։ Փոխարէն, անոնք մասնակցողներ էին, մրցավազքի մը մէջ վազողներու նման։ Եւ անոնք յաջողապէս վազած էին եւ աւարտագծին հասած էին։ Անոնց օրինակը պիտի քաջալերէր ուրիշները, որ շարունակէին մրցավազքը վազել։ Եթէ մրցավազքի մը մէջ ըլլայինք, եւ գիտնայինք թէ շատ լաւ վազողներ մեզ կը դիտեն ու կը քաջալերեն որ շարունակենք վազել, այդ ատեն մեր ամէն կարելին պիտի ընէինք որ աւարտագծին հասնէինք։ Այս վաղեմի վկաները կրնային վկայել թէ այսպիսի այլաբանական մրցավազք մը, ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ՝ կրնա՛յ շահուիլ։ Հետեւաբար, ի մտի ունենալով ‘վկաներու բազմութեան’ օրինակը, առաջին դարու եբրայեցի քրիստոնեաները կրնային քաջալերուիլ եւ ‘տոկունութեամբ մրցավազքը վազել’։ Մենք ալ կրնա՛նք նոյնը ընել։

(Եբրայեցիս 13։9) Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։

դ90 1/1 22 ¶10

Եհովան հաճեցնող զոհեր մատուցանէ

10 Հետեւաբար Եբրայեցիները պէտք էր խուսափէին Յուդայականներու ‘կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով տարուբերելէ’։ (Գաղատացիս 5։1-6) Ոչ թէ այս ուսուցումներով, այլ՝ ‘Աստուծոյ շնորհքով սիրտը կրնայ հաստատուիլ’ որպէսզի ամուր մնայ ճշմարտութեան մէջ։ Ոմանք երեւութապէս կը պատճառաբանէին կերակուրներու եւ զոհերու շուրջ, քանի որ Պօղոս ըսաւ որ սիրտը չի հաստատուիր «կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին»։ Հոգեւոր օգուտներ կը քաղուին աստուածպաշտութենէն եւ փրկանքին հանդէպ գնահատութենէն եւ ոչ թէ որոշ կերակուրներ ուտելու եւ մասնայատուկ օրեր պահելու նկատմամբ անտեղի հետաքրքրութենէն։ (Հռովմայեցիս 14։5-9) Ասկէ զատ, Քրիստոսի զոհագործութիւնը անզօր դարձուց Ղեւտական զոհերը։— Եբրայեցիս 9։9-14. 10։5-10

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 85

ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ ԶՂՋԱՑՈՂ ՄԵՂԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

ՂՈՒԿԱՍ 15։1-10

• ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԻՆ ԵՒ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԴՐԱՄԻՆ ԱՌԱԿՆԵՐԸ

• ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՆ

Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին, շատ անգամ խօսած է խոնարհ ըլլալու կարեւորութեան մասին (Ղուկաս 14։8-11)։ Ան կը տենչայ գտնել տղամարդիկ ու կիներ, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ խոնարհաբար ծառայել։ Բայց թերեւս անոնցմէ ոմանք դեռ վատահամբաւ մեղաւորներ են։

Փարիսեցիներն ու դպիրները կը նկատեն որ այդպիսիներ,– որոնք իրենք անարժան կը համարեն,– Յիսուսին կ’երթան եւ անոր պատգամին կ’ընդառաջեն։ Անոր համար, անոնք դժգոհութեամբ կ’ըսեն. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ» (Ղուկաս 15։2)։ Փարիսեցիներն ու դպիրները իրենք զիրենք գերադաս կը սեպեն եւ հասարակ մարդիկը ոտքի տակ եղող աղտ կը համարեն։ Անոնց հանդէպ իրենց ունեցած արհամարհանքը արտայայտելու համար, զանոնք եբրայերէնով ամ հա·արեց կը կոչեն, այսինքն՝ «գետնի մարդիկ»։

Առ ի հակապատկեր, Յիսուս ամէն մարդու հետ արժանապատուութեամբ, ազնուութեամբ եւ կարեկցութեամբ կը վարուի։ Ատոր համար, արհամարհուած մարդոցմէ շատեր, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք վատահամբաւ մեղաւորներ են, շատ կ’ուզեն Յիսուսին մտիկ ընել։ Բայց Յիսուսին կարծիքը ի՞նչ է փարիսեցիներուն քննադատութեան նկատմամբ եւ ինչպէ՞ս կը հակազդէ։

Ան կը պատմէ սրտի դպչող առակ մը, որ կը նմանի այն առակին որ նախապէս Կափառնայումի մէջ պատմած էր (Մատթէոս 18։12-14)։ Ան այս առակին մէջ փարիսեցիները այնպէս մը կը ներկայացնէ, կարծես արդար են եւ Աստուծոյ հօտին մէջ ապահով են, իսկ սովորական մարդիկը կը ներկայացնէ որպէս մոլորածներ եւ կորսուածներ։ Ան կ’ըսէ.

«Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’» (Ղուկաս 15։4-6)։

Յիսուս ի՞նչ կիրարկում կ’ընէ։ Ան կը բացատրէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ» (Ղուկաս 15։7)։

Զղջումի գաղափարը թերեւս կը ցնցէ փարիսեցիները, քանի որ իրենք զիրենք արդար կը սեպեն եւ չեն զգար որ զղջումի պէտք ունին։ Երբ անոնցմէ ոմանք շուրջ երկու տարի առաջ Յիսուսը քննադատեցին, քանի որ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կը ճաշէր, ան պատասխանեց. «Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները» (Մարկոս 2։15-17)։ Իսկապէս զղջացող մեղաւորներուն հակառակը, ինքնարդար փարիսեցիները չեն նկատեր որ պէտք է զղջան, եւ այսպէս երկնքի մէջ ուրախութիւն չեն պատճառեր։

Շեշտելու համար որ զղջացող մեղաւորները մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն երկնքի մէջ, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ. «Ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’» (Ղուկաս 15։8, 9)։

Այս առակը եւ կորսուած ոչխարին առակը նոյն կիրարկումը ունին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ» (Ղուկաս 15։10)։

Երեւակայէ։ Աստուծոյ հրեշտակները որքա՜ն կը փափաքին որ Աստուծմէ հեռացած մեղաւորները զղջան ու դարձի գան։ Այս գաղափարը ուշադրութեան արժանի է, քանի որ զղջացած մեղաւորները, որոնք Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը պիտի մտնեն, հրեշտակներէն աւելի բարձր դիրք պիտի ստանան (Ա. Կորնթացիս 6։2, 3)։ Բայց հրեշտակները չեն նախանձիր։ Ուրեմն, մենք ինչպէ՞ս պէտք է զգանք, երբ մեղաւոր մը սրտանց զղջայ եւ Աստուծոյ վերադառնայ։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ընկերակցի վատահամբաւ մեղաւորներու։

◇ Փարիսեցիները ի՞նչ աչքով կը նային պարզ ժողովուրդին եւ Յիսուսին, որ անոնց հետ ժամանակ կ’անցընէ։

◇ Յիսուս երկու առակներով ի՞նչ դաս կը սորվեցնէ։

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12-13 | «Եհովային տուած կրթութիւնը իր սէրը կը յայտնէ»

it-1 629

Կրթութիւն

Երբ Եհովան թոյլ տայ որ իր ծառաները հալածուին, ասիկա կրնայ կրթութեան կամ մարզումի մէկ ձեւը ըլլալ, եւ մէջտեղ կը հանէ «արդարութեան պտուղը», որ անոնք խաղաղութեամբ կը վայելեն փորձութենէն ետք (Եբ. 12։4-11)։ Նոյնիսկ Աստուծոյ Որդին մարզուեցաւ որ գթասիրտ եւ կարեկից քահանայապետ մը ըլլայ, երբ իր Հայրը թոյլ տուաւ որ ան նեղութենէ անցնի (Եբ. 4։15)։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 30–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 6

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱԿՈԲՈՍ 1-2

«Մեղքի եւ մահուան տանող քայլը»

(Յակոբոս 1։14) Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած։

g17.4 14

Փորձութիւն

Փորձութեան կ’ենթարկուիս, երբ բան մը ուշադրութիւնդ կը գրաւէ, մանաւանդ՝ սխալ բան մը։ Օրինակ, ենթադրենք որ մինչ գնում կ’ընես, աչքիդ կը զարնէ ապրանք մը։ Միտքէդ գաղափար մը կ’անցնի. ‘Կրնամ դիւրութեամբ ապրանքը գողնալ ու չբռնուիլ’։ Բայց խիղճդ «ո՛չ» կ’ըսէ եւ գաղափարը միտքէդ կը հանես ու կը շարունակես գնում ընել։ Այսպէս, փորձութիւնը վերջ կը գտնէ եւ դուն յաղթական դուրս կու գաս։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ

Եթէ փորձութեան կ’ենթարկուիս, ասիկա ըսել չէ որ գէշ անձ մըն ես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ բոլո՛րս փորձութեան կ’ենթարկուինք (Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Կարեւորը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կը հակազդենք երբ փորձութեան առջեւ գտնուինք։ Ոմանք կը շարունակեն մտածել անպատշաճ ցանկութեան մասին եւ ի վերջոյ ատոր տեղի կու տան։ Իսկ ուրիշներ զայն սխալ կը նկատեն եւ շուտո՛վ կը մերժեն։

«Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած» (Յակ. 1։14)։

(Յակոբոս 1։15) Անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի։

g17.4 14

Փորձութիւն

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ո՛ր քայլերը կը ձգեն որ մէկը յանցանք գործէ։ Յակոբոս 1։15–ը կ’ըսէ. «Անկէ յետոյ [անպատշաճ] ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի»։ Մէկ խօսքով, եթէ շարունակ մտածենք սխալ ցանկութեան մը մասին, կը հասնինք տեղ մը որ անպայման տեղի պիտի տանք ու այդ սխալը գործենք, ճիշդ ինչպէս որ յղի կին մը անպայման կը ծննդաբերէ։ Բայց կրնա՛նք իշխել անպատշաճ ցանկութիւններուն վրայ, փոխանակ ատոնց գերին դառնալու։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յակոբոս 1։17) Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։

it-2 253-254

Լոյս

Եհովան ‘լոյսի Հայրն’ է (Յակ. 1։17)։ Ան ոչ միայն «արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ» (Եր. 31։35), հապա ան նաեւ հոգեւոր լոյսի Աղբիւրն է (Բ. Կոր. 4։6)։ Իր օրէնքը, դատաստանները եւ խօսքը լոյսի պէս են անոնց համար, որոնք կ’ուզեն անոնցմով առաջնորդուիլ (Սաղ. 43։3. 119։105. Առ. 6։23. Եսա. 51։4)։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք» (Սաղ. 36։9. համեմատէ՛ Սաղ. 27։1. 43։3)։ Ճիշդ ինչպէս որ արեւուն լոյսը երթալէն կը զօրանայ արեւածագէն «մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ», նոյնպէս ալ արդարին ճամբան, որ աստուածային իմաստութեան լոյսին տակ է, երթալէն աւելի կը լուսաւորուի (Առ. 4։18)։ Երբ մէկը Եհովային ճամբուն մէջ քալէ, իր լոյսին տակ քալած կ’ըլլայ (Եսա. 2։3-5)։ Անդին, երբ մէկը անմաքուր կերպով կամ գէշ միտումով նայի բաներու, ան հոգեւոր խոր մթութեան մէջ կ’ըլլայ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է» (Մատ. 6։23. համեմատէ՛ Բ. Օր. 15։9. 28։54-57. Առ. 28։22. Բ. Պետ. 2։14)։

(Յակոբոս 2։8) Արդ՝ եթէ դուք արքայական օրէնքը կը կատարէք գրքին ըսածին համեմատ, թէ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», աղէկ կ’ընէք։

it-2 222 ¶4

Օրէնք

«Արքայական օրէնքը»։ Ինչպէս որ թագաւոր մը մեծ կարեւորութիւն կ’ունենայ մարդոց համար, նոյնպէս «արքայական օրէնքը» մեծ կարեւորութիւն ունի մարդոց փոխյարաբերութիւնները կառավարող օրէնքներուն մէջ (Յակ. 2։8)։ Օրէնքի ուխտին հիմը սէրն էր, իսկ «քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» պատուիրանքը (արքայական օրէնքը) այն երկու պատուիրանքներէն մէկն էր, որոնցմէ «կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները» (Մատ. 22։37-40)։ Թէեւ քրիստոնեաները Օրէնքի ուխտին տակ չեն, բայց Թագաւոր Եհովային եւ իր Որդիին՝ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին օրէնքին տակ են, որ կապ ունի նոր ուխտին հետ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 86 ¶1-7

ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

ՂՈՒԿԱՍ 15։11-32

• ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուս հաւանաբար դեռ Պերեայի մէջ էր՝ Յորդանան գետի արեւելքը, երբ կորսուած ոչխարին եւ կորսուած դրամին առակները տուաւ։ Այդ առակներէն կը սորվինք, որ պէտք է ուրախանանք երբ մեղաւոր մը զղջայ եւ Աստուծոյ վերադառնայ։ Փարիսեցիներն ու դպիրները Յիսուսը քննադատեցին, քանի որ այդպիսի մարդիկ կ’ընդունի։ Բայց արդեօք այս քննադատողները երկու առակներէն դաս մը կը սորվի՞ն։ Արդեօք կ’ըմբռնե՞ն թէ մեր երկնաւոր Հայրը ի՛նչ կը զգայ զղջացող մեղաւորներուն նկատմամբ։ Այժմ Յիսուս սրտի դպչող առակ մը կը պատմէ, որ նոյն կարեւոր դասը կը շեշտէ. անառակ որդիին առակը։

Առակին մէջ, հայր մը երկու որդիներ ունի, եւ կրտսեր որդին գլխաւոր դերակատարն է։ Անոր պատահած բաները կարեւոր դաս պէտք է սորվեցնեն փարիսեցիներուն, դպիրներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն։ Բայց նաեւ կարելի է դասեր քաղել հօր եւ մեծ որդիին վերաբերմունքէն։ Ուրեմն այս երեք անձնաւորութիւնները ի մտի ունենալով՝ խոկանք Յիսուսին առակին վրայ։

Յիսուս կը սկսի պատմել. «Մարդ մը երկու որդի ունէր. անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը» (Ղուկաս 15։11, 12)։ Նկատէ որ կրտսեր որդին իր ժառանգութիւնը կը պահանջէ իր հայրը ողջ եղած ժամանակ եւ ոչ թէ անոր մահէն ետք։ Ան իր բաժինը հիմա կ’ուզէ, որպէսզի անկախ ըլլայ եւ իր ուզածը ընէ։ Լաւ իր ուզածը ի՞նչ է։

Յիսուս կը բացատրէ. «Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց» (Ղուկաս 15։13)։ Փոխանակ մնալու իր ապահով տան մէջ, ուր իր հայրը իրենց հոգ տարաւ եւ պէտք եղած ամէն բան ապահովեց, կրտսեր որդին կ’երթայ ուրիշ երկիր։ Հոն, իր ամբողջ ունեցածը կը վատնէ՝ իր սեռային ցանկութիւնները գոհացնելու համար։ Ետքը,– ինչպէս Յիսուս կը պատմէ,– ան խիստ պարագաներէ կ’անցնի.

«Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր» (Ղուկաս 15։14-16)։

Այս կրտսեր որդին այնքան նեղ կացութեան կը մատնուի, որ կը ստիպուի աշխատիլ որպէս խոզարած, հակառակ անոր որ ըստ Աստուծոյ Օրէնքին՝ խոզերը անմաքուր անասուններ են։ Ան ուտելու բան չունի եւ այնքան կ’անօթենայ, որ կը փափաքի խոզերուն սովորական կերը ուտել։ Իր յուսահատ վիճակին մէջ «ինքզինքին գալով»՝ ինքնիրեն կ’ըսէ. «Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. ‘Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ’»։ Ու կ’ելլէ եւ իր հօր քով կ’երթայ (Ղուկաս 15։17-20)։

Իր հայրը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ։ Պիտի բարկանա՞յ եւ յանդիմանէ՞ իր կրտսեր որդին, քանի որ անխոհեմաբար տունը ձգեց–քալեց։ Արդեօք ան անտարբե՞ր վերաբերմունք պիտի ունենայ իր տղուն հանդէպ։ Եթէ դուն այդ հօր տեղ ըլլայիր եւ որդին քու զաւակդ ըլլար, ինչպէ՞ս կը հակազդէիր։

◇ Յիսուս այս առակը որո՞նց կը պատմէ եւ ինչո՞ւ։

◇ Ո՞վ է առակին գլխաւոր դերակատարը եւ անոր ի՞նչ կը պատահի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել