ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՈՒ
Յաջող ամուսնութեան մը համար պատրաստութիւն
1, 2. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս շեշտեց ծրագրելու կարեւորութիւնը։ (բ) Մասնաւորաբար ո՞ր մարզին մէջ ծրագրելը կենսական է։
ՇԷՆՔ մը կառուցանելը ուշադիր պատրաստութեան կը կարօտի։ Հիմը դրուելէն առաջ, նախ հողը պէտք է գտնուի ու յատակագիծը պատրաստուի։ Բայց կենսական եղող ուրիշ բան մըն ալ կայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։—Ղուկաս 14։28
2 Նոյնը կիրարկելի է յաջող ամուսնութիւն մը կերտելու պարագային։ Շատեր կ’ըսեն. «Կ’ուզեմ ամուսնանալ»։ Բայց քանի՞ հոգի պահ մը կենալով անոր գինը հաշիւ կ’ընէ։ Մինչ Աստուածաշունչը նպաստաւոր կերպով կ’արտայայտուի ամուսնութեան մասին, սակայն մեր ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ անոր ներկայացուցած դժուարութիւնները։ (Առակաց 18։22. Ա. Կորնթացիս 7։28) Հետեւաբար, ամուսնութեան մասին մտածողները պէտք է իրապաշտ տեսակէտ մը ունենան անոր օրհնութիւններուն ե՛ւ դժուարութիւններուն նկատմամբ։
3. Ամուսնութեան պատրաստուողներուն համար Աստուածաշունչը ինչո՞ւ թանկարժէք օգնութիւն մըն է եւ անիկա ո՛ր երեք հարցումներուն պատասխանելու պիտի օգնէ։
3 Ասոր մէջ Աստուածաշունչը կրնայ օգնել մեզի։ Անոր խրատները ներշնչուած են ամուսնութեան Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ կողմէ։ (Եփեսացիս 3։14, 15. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Այս հին, սակայն արդիական, ուղեգրքին սկզբունքները գործածելով, որոշենք թէ (1) Անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ ըսել թէ ամուսնութեան համար պատրաստ է թէ ոչ։ (2) Կողակիցի մը մէջ ի՛նչ պէտք է փնտռել։ (3) Դարպասումի շրջանը ո՛րքան պատուաբեր կրնայ պահուիլ։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԷՔ
4. Յաջող ամուսնութիւն մը պահպանելու համար կարեւոր ազդակ մը ի՞նչ է եւ ինչո՛ւ։
4 Շէնք մը շինելը կրնայ սուղի նայիլ, բայց զայն երկար ժամանակ լաւ վիճակի մէջ պահելն ալ նոյնն է։ Ամուսնութեան պարագան ալ նոյնն է։ Ամուսնանալը մարտահրաւէր մըն է. սակայն, տարուէ տարի ամուսնական յարաբերութիւնը պահպանելն ալ նկատի պէտք է առնել։ Այսպիսի յարաբերութիւն մը պահպանելը ի՞նչ կը պահանջէ։ Բոլոր սրտով յանձնառու ըլլալը կենսական ազդակ մըն է։ Աստուածաշունչը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ ամուսնական յարաբերութիւնը. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ (Ծննդոց 2։24) Ըստ Յիսուս Քրիստոսի, ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու համար սուրբ գրային մէ՛կ հիմ կայ. ‘պոռնկութիւնը’, այսինքն, ամուսնութենէ դուրս սեռային անօրէն յարաբերութիւնները։ (Մատթէոս 19։9) Եթէ ամուսնութեան մասին կը մտածէք, սուրբ գրային այս չափանիշը ի մտի ունեցէք։ Եթէ այս լուրջ յանձնառութեան համար պատրաստ չէք՝ ուրեմն ամուսնանալու պատրաստ չէք։—Բ. Օրինաց 23։21. Ժողովողի 5։4, 5
5. Թէեւ ամուսնութեան լուրջ յանձնառութիւնը ոմանց կը վախցնէ, սակայն ամուսնութեան մասին մտածողները ինչո՞ւ մեծապէս պէտք է արժեւորեն զայն։
5 Լրջօրէն յանձնառու ըլլալու գաղափարը շատերը կը վախցնէ։ «Գիտնալով որ ցկեանս իրարու հետ կապուած էինք, ինքզինքս արգելափակուած, շրջափակուած եւ բանտարկուած զգացի», խոստովանեցաւ երիտասարդ մը։ Բայց եթէ իրական սէր ունիք ձեր ամուսնանալիք անհատին հանդէպ, այդ պարագային յանձնառութիւնը բեռ պիտի չըլլայ։ Ընդհակառակը, զայն ապահովութեան աղբիւր մը պիտի նկատէք։ Ամուսնութեան մէջ պարփակուած յանձնառութիւնը կարելի պիտի դարձնէ որ ամոլը փափաքի իրարու հետ մնալ լաւ կամ վատ ժամանակներուն, եւ իրարու թիկունք կանգնիլ՝ ի՛նչ որ ալ պատահի։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց որ սէրը «ամէն բանի կը զիջանի» եւ «ամէն բանի կը համբերէ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 7) Կին մը ըսաւ. «Կը սիրեմ այն հանգստութիւնը որ կու գայ, երբ ուրիշներու դիմաց կը խոստովանինք որ իրարու կառչած պիտի մնանք»։—Ժողովողի 4։9-12
6. Ինչո՞ւ աւելի լաւ է ամուսնութեան չնետուիլ վաղ հասակէն։
6 Այսպիսի յանձնառութեան համաձայն ապրիլը հասունութիւն կը պահանջէ։ Անոր համար Պօղոս խրատ կու տայ որ Քրիստոնեաները նախընտրաբար ‘կեանքի գարունը անցընելէն’ ետք ամուսնանան, շրջան մը երբ սեռային զգացումները տիրական են եւ անհատին դատողութիւնը կը խեղաթիւրեն։ (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ) Երիտասարդները որքան մեծնան, այդքան կը փոխուին։ Շատ երիտասարդ տարիքի մէջ ամուսնացողներ քանի մը տարի ետք կ’անդրադառնան որ իրենց եւ իրենց կողակիցին կարիքներն ու ցանկութիւնները նոյնը չեն։ Կատարուած հետազօտութիւններու համաձայն, անոնք որոնք անչափահաս տարիքի մէջ կ’ամուսնանան շատ հաւանական է որ ուրախ չըլլան եւ քիչ մը աւելի սպասողներէն աւելի ամուսնալուծման մասին մտածեն։ Ուստի, մի՛ աճապարէք ամուսնանալ։ Քանի մը տարի որպէս ամուրի չափահաս մը անցընելը ձեզի արժէքաւոր փորձառութիւն կու տայ, ձեզ աւելի հասուն եւ աւելի որակելի կողակից մը դարձնելով։ Ամուսնութիւնը քիչ մը յետաձգելը նաեւ կ’օգնէ որ դուք ձեզ աւելի լաւ ճանչնաք, ինչ որ անհրաժեշտ է ամուսնութեան մէջ յաջող յարաբերութիւն մը զարգացնելու համար։
ՆԱԽ ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆՉՑԷՔ
7. Ամուսնութեան մասին մտածողները ինչո՞ւ նախ պէտք է իրենք զիրենք քննեն։
7 Կողակիցի մը մէջ ձեր փնտռած որակումները թուելը դիւրի՞ն է։ Շատեր դիւրին կը գտնեն։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել ձե՛ր որակումներուն մասին։ Նկարագրի ի՞նչ գծեր ունիք, որոնք յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու պիտի նպաստեն։ Ի՞նչպիսի ամուսին մը կամ կին մը պիտի ըլլաք։ Օրինակ, դիւրութեամբ ձեր սխալները կ’ընդունիք եւ խրատ մտիկ կ’ընէ՞ք, թէ ոչ միշտ ինքնապաշտպանութեան կը դիմէք՝ երբ սրբագրուիք։ Ընդհանրապէս զուարթ եւ լաւատե՞ս էք, թէ ոչ՝ թախծոտ եւ յաճախ գանգատող։ (Առակաց 8։33. 15։15) Մի՛ մոռնաք որ ամուսնութիւնը ձեր անձնաւորութիւնը պիտի չփոխէ։ Եթէ ամուրիութեան ժամանակ հպարտ, գերզգայուն, կամ շատ յոռետես էք, ամուսնութենէ ետք ալ նոյնը պիտի ըլլաք։ Քանի որ ուրիշներ մեզ աւելի լաւ կրնան տեսնել քան մենք մեզ, ձեր ծնողքէն կամ վստահելի բարեկամէ մը խնդրեցէք որ ձեր մասին անկեղծօրէն արտայայտուի եւ թելադրութիւններ տայ։ Եթէ տեսնէք որ կարգ մը փոփոխութիւններ պէտք է ընէք, ամուսնանալու քայլը առնելէ առաջ անոնց վրայ աշխատեցէք։
Մինչ տակաւին ամուրի էք, յատկութիւններ, սովորութիւններ եւ կարողութիւններ զարգացուցէք, որոնք ամուսնութեան մէջ օգտակար պիտի ըլլան ձեզի
8-10. Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատներ կու տայ, որոնք ամուսնութեան պատրաստուելու կ’օգնեն։
8 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ առիթ տանք որ Աստուծոյ սուրբ հոգին մեր վրայ ներգործէ, որպէսզի գեղեցիկ յատկութիւններ զարգացնենք, ինչպէս՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Ան նաեւ մեզի կ’ըսէ որ ‘մտքով ու հոգիով նորոգուինք’ եւ ‘նոր մարդը մեր վրայ հագնինք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Եփեսացիս 4։23, 24) Ամուրիութեան շրջանին այս խրատը կիրարկելը, դրամատան մէջ դրամ դնելու կը նմանի. բան մը որ շատ արժէքաւոր պիտի ըլլայ ապագային, երբ ամուսնանաք։
9 Օրինակի համար, եթէ կին մըն էք, ձեր ֆիզիքական երեւոյթէն աւելի, սորվեցէք ձեր ‘սրտի ծածուկ մարդուն’ աւելի ուշադրութիւն ընծայել։ (Ա. Պետրոս 3։3, 4) Համեստութիւնը եւ խոհեմութիւնը ձեզի պիտի օգնեն որ իմաստութիւն ձեռք ձգէք, որ իրապէս «փառքի [«գեղեցկութեան», ՆԱ] պսակ» է։ (Առակաց 4։9. 31։10, 30. Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Եթէ տղամարդ էք, սորվեցէք կիներու հետ ազնիւ եւ յարգալից կերպով վարուիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2) Մինչ կը սորվիք որոշումներ տալ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնել, սորվեցէք նաեւ համեստ ու խոնարհ ըլլալ։ Իշխող կեցուածք մը խնդիրներ կը յարուցանէ ամուսնութեան մէջ։—Առակաց 29։23. Միքիայ 6։8. Եփեսացիս 5։28, 29
10 Թէեւ այս մարզերուն մէջ մեր միտքը նորոգելը դիւրին չէ, բայց բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ասոր վրայ պէտք է աշխատին։ Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ աւելի լաւ կողակից մը ըլլաք։
ԿՈՂԱԿԻՑԻ ՄԸ ՄԷՋ Ի՛ՆՉ ՓՆՏՌԵԼ
11, 12. Երկու անհատներ ի՞նչպէս կրնան գիտնալ թէ իրարու յարմար են թէ ոչ։
11 Ձեր ապրած շրջանին մէջ, սովորաբար անհատը ի՞նք կ’ընտրէ իր կողակիցը։ Եթէ այո, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէք, եթէ հակառակ սեռի պատկանող մէկէ մը ախորժիք։ Նախ դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Նպատակս իրապէս ամուսնանա՞լ է’։ Սխալ ակնկալութիւններ տալով, ուրիշի մը զգացումներուն հետ խաղալը անգթութիւն է։ (Առակաց 13։12) Ապա դուք ձեզի հարց տուէք, ‘Ամուսնանալու ի վիճակի՞ եմ’։ Եթէ այս երկու հարցումներուն պատասխանը այո է, ձեր յաջորդ քայլը մեծաւ մասամբ ձեր շրջանի սովորութենէն կախեալ է։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, որոշ ժամանակ անհատը ուսումնասիրելէ ետք, կրնաք իրեն մօտենալ եւ յայտնել որ կ’ուզէք զինք աւելի մօտէն ճանչնալ։ Եթէ ժխտական պատասխան մը ստանաք, անհաճելի ըլլալու աստիճան մի՛ պնդէք։ Մի՛ մոռնաք որ դիմացի անհատն ալ իրաւունք ունի այս հարցին մէջ անհատապէս որոշելու։ Սակայն, եթէ պատասխանը դրական է, կրնաք միասնաբար ժամանակ անցընել, օգտակար գործունէութիւններ ունենալով։ Ասիկա ձեզի առիթ պիտի տայ տեսնելու որ այդ անհատին հետ ձեր ամուսնութիւնը իմաստութիւն է թէ ոչ։a Երբ այս հանգրուանին հասնիք, ի՞նչ պէտք է փնտռէք։
12 Այդ հարցումին պատասխանելու համար, երկու նուագարան՝ թերեւս դաշնամուր մը եւ կիթառ մը՝ երեւակայեցէք։ Եթէ անոնց ձայները ճշգրիտ կերպով լարուած են, երկուքն ալ կրնան առանձին գեղեցիկ երաժշտութիւն մը արտադրել։ Իսկ եթէ այս նուագարանները միասնաբար պիտի նուագուին. . . այս պարագային, պէտք է իրարու հետ ներդաշնակուին։ Նոյնն է պարագան ձեր ու ձեր ապագայ կողակիցին հետ։ Երկուքդ ալ հաւանաբար ծանր աշխատած էք, ձեր նկարագրի գծերը ‘լարելու’ համար։ Սակայն հարցը հետեւեալն է. Իրա՛րու հետ ներդաշնա՞կ էք. ուրիշ խօսքով, իրարու յարմա՞ր էք։
13. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն չէ ձեր հաւատքէն չեղող մէկը դարպասել։
13 Կարեւոր է որ երկուքդ ալ նոյն հաւատալիքները եւ սկզբունքները ունենաք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»։ (Բ. Կորնթացիս 6։14. Ա. Կորնթացիս 7։39) Երբ կ’ամուսնանաք մէկու մը հետ որ ձեր հաւատքը չի բաժներ, շատ հաւանական է որ լուրջ անհամաձայնութիւններ ծագին։ Իսկ միւս կողմէ, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ ձեր երկուքին ունեցած նուիրումը միութեան ամենէն զօրաւոր հիմը կը կազմէ։ Եհովա կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաք եւ ձեր ամուսնացած անհատին հետ շատ մտերիմ կապ մը ունենաք։ Ան կը փափաքի որ Իրեն եւ իրարու կապուած ըլլաք սիրոյ երեքպատիկ դերձանով։—Ժողովողի 4։12
14, 15. Նոյն հաւատքը ունենալը ամուսնութեան մէջ միութիւն պահելու միա՞կ ազդակն է։ Բացատրեցէք։
14 Թէեւ Աստուծոյ պաշտամունքը միութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է, բայց անիկա բաւարար չէ։ Իրարու հետ ներդաշնակ ըլլալու համար, ձեր ապագայ կողակիցին հետ նոյն նպատակակէտերը պէտք է ունենաք։ Ի՞նչ են ձեր նպատակակէտերը։ Օրինակ, զաւակ ունենալու մասին երկուքդ ալ ի՞նչ կը մտածէք։ Ի՞նչ բաներ առաջին տեղը կու գան ձեր կեանքին մէջ։b (Մատթէոս 6։33) Իրապէս յաջող ամուսնութեան մը մէջ, ամոլը իրարու հետ լաւ բարեկամներ են եւ իրարու ընկերակցութենէն հաճոյք կ’առնեն։ (Առակաց 17։17) Ասոր համար, նոյն հետաքրքրութիւնները պէտք է ունենան։ Ապա թէ ոչ, մտերիմ բարեկամութիւն պահպանելը դժուար է. իսկ որքան աւելի՝ ամուսնութիւն մը։ Սակայն, եթէ ձեր ապագայ կողակիցը որոշ գործունէութիւն մը, զոր օրինակ՝ շրջագայիլ՝ կը սիրէ, իսկ դուք՝ ոչ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ դուք իրարու հետ պէտք չէ ամուսնանաք։ Պայման չէ։ Թերեւս ուրիշ աւելի կարեւոր հետաքրքրութիւններ կը բաժնէք։ Իսկ, երբ ձեր ապագայ կողակիցին հաճոյք առած առողջ գործունէութիւններուն մասնակից ըլլաք, կրնաք զինք ուրախացնել։—Գործք 20։35
15 Իրականութեան մէջ, ձեր իրարու յարմար ըլլալը մեծաւ մասամբ կախեալ է թէ երկուքդ ալ ո՛րքանով յարմարող էք, քան թէ որքանով իրար կը նմանիք։ Փոխանակ հարցնելու՝ «Ամէն բանի մէջ համաձա՞յն ենք», աւելի լաւ է որ հարցնէք՝ «Ի՞նչ կը պատահի երբ իրարու հետ համաձայն չենք։ Հանդարտօրէն իրարու հետ կրնա՞նք խօսակցիլ, իրար յարգելով եւ պատուելով։ Թէ ոչ խօսակցութիւնը յաճախ տաք վիճաբանութեան կը դառնայ»։ (Եփեսացիս 4։29, 31) Եթէ կ’ուզէք ամուսնանալ, զգոյշ եղէք հպարտ եւ ինքնահաւան անհատէ, որ բնաւ չի զիջիր, կամ միշտ իր ուզածը կը պահանջէ կամ կը ծրագրէ։
ՍԿԻԶԲԷՆ ՆՇՄԱՐԵՑԷՔ
16, 17. Տղամարդ մը կամ աղջիկ մը ի՞նչ պէտք է փնտռէ ապագայ կողակիցի մը մէջ։
16 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, պատասխանատուութիւն ստանձնողները ‘առաջ պէտք է փորձուին’։ (Ա. Տիմոթէոս 3։10) Դուք ալ այս սկզբունքը կրնաք գործածել։ Օրինակի համար, աղջիկ մը կրնայ հարցնել. «Այս մարդը ի՞նչպիսի համբաւ մը ունի։ Որո՞նք են իր ընկերները։ Ժուժկալութիւն ունի՞։ Տարեցներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։ Ի՞նչպիսի ընտանիքէ մը կու գայ։ Իր ընտանիքին հետ ի՞նչ շփում ունի։ Դրամի հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ունի։ Խմիչքի մէջ չափը կ’անցընէ՞։ Ջղային, կամ նոյնիսկ վայրա՞գ է։ Ժողովքին մէջ ի՞նչ պատասխանատուութիւններ ունի եւ զանոնք ի՞նչպէս կը կատարէ։ Կրնա՞մ խոր յարգանք ունենալ իրեն հանդէպ»։—Ղեւտացւոց 19։32. Առակաց 22։29. 31։23. Եփեսացիս 5։3-5, 33. Ա. Տիմոթէոս 5։8. 6։10. Տիտոս 2։6, 7
17 Տղամարդ մը կրնայ հարցնել. «Այս աղջիկը Աստուծոյ հանդէպ սէր եւ յարգանք ցոյց կու տա՞յ։ Տան հոգ տանելու կարո՞ղ է։ Իր ընտանիքը ի՞նչ կ’ակնկալէ մեզմէ։ Ան իմաստուն, աշխատասէր, խնայո՞ղ է։ Ի՞նչ բանի մասին կը խօսի։ Ուրիշներու բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուա՞ծ է, թէ ոչ անձնակեդրոն կամ ուրիշներու գործին խառնուող է։ Վստահելի՞ է։ Գլխաւորութեան ենթարկուո՞ղ է թէ ոչ յամառ, թերեւս նոյնիսկ ըմբոստ է»։—Առակաց 31։10-31. Ղուկաս 6։45. Եփեսացիս 5։22, 23. Ա. Տիմոթէոս 5։13. Ա. Պետրոս 4։15
18. Երբ դարպասումի շրջանին փոքր տկարութիւններ նշմարուին, ի՞նչ բան պէտք է ի մտի ունենալ։
18 Մի՛ մոռնաք որ Ադամի անկատար սերունդէն եղող անդամի մը հետ է ձեր գործը եւ ո՛չ թէ՝ վէպի մը իտէալ հերոսի կամ հերոսուհիի մը հետ։ Ամէն մարդ իր տկարութիւնները ունի եւ երբեմն թէ՛ ձեր եւ թէ ձեր ապագայ կողակիցին կարգ մը թերութիւններուն աչք պէտք է խփէք։ (Հռովմայեցիս 3։23. Յակոբու 3։2) Ասկէ զատ, նկատուած տկարութիւն մը, հոգեւոր գետնի վրայ աճելու կարիքը կը ներկայացնէ։ Օրինակ, ենթադրենք որ դարպասումի շրջանին, իրարու հետ անհամաձայնութիւն մը ունեցաք։ Մի՛ մոռնաք որ նոյնիսկ զիրար սիրող եւ յարգող անհատներ երբեմն իրարու հետ անհամաձայն կրնան ըլլալ։ (Բաղդատել՝ Ծննդոց 30։2. Գործք 15։39։) Կրնա՞յ ըլլալ որ երկուքդ ալ պարզապէս քիչ մը աւելի ‘ձեր ոգին զսպելու’ եւ հանդարտութեամբ խնդիրները լուծել սորվելու կարիքը ունիք։ (Առակաց 25։28) Ձեր ապագայ կողակիցը բարելաւուելու փափաք ունի՞։ Իսկ դո՞ւք։ Կրնաք սորվիլ նուազ զգայուն եւ դիւրագրգիռ ըլլալ։ (Ժողովողի 7։9) Խնդիրներ լուծել սորվելով է որ անկեղծ հաղորդակցութիւն կրնաք հաստատել, ինչ որ կենսական է ամուսնութեան համար։—Կողոսացիս 3։13
19. Եթէ դարպասումի շրջանին լուրջ խնդիրներ յայտնաբերուին, ո՞րն է իմաստուն ընթացքը։
19 Բայց եթէ նկատէք կարգ մը բաներ, որոնք ձեզ տակնուվրայ կ’ընեն, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Այսպիսի կասկածներ լրջօրէն նկատի պէտք է առնուին։ Որքան ալ սիրահարուած ըլլաք, կամ որքան ալ ամուսնանալու ձեր փափաքը զօրաւոր ըլլայ, լուրջ սխալներու վրայ աչք մի՛ խփէք։ (Առակաց 22։3. Ժողովողի 2։14) Եթէ մէկու մը հետ կը յարաբերիք, որու հանդէպ լուրջ վերապահութիւն կը զգաք, նախընտրելի է որ ձեր յարաբերութիւնը խզէք եւ անոր որեւէ խոստում չտաք։
ՁԵՐ ԴԱՐՊԱՍՈՒՄԸ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՊԱՀԵՑԷՔ
20. Դարպասող զոյգ մը իրենց բարոյական վարքը ի՞նչպէս անառարկելի կրնան պահել։
20 Ձեր դարպասումի շրջանը ի՞նչպէս կրնաք պատուաբեր պահել։ Նախ, վստահ եղէք որ ձեր բարոյական վարքը անառարկելի ըլլայ։ Ձեր բնակած շրջանին մէջ, չամուսնացած անհատներու համար իրարու ձեռք բռնելը, համբուրուիլը կամ փաթթուիլը պատշա՞ճ է։ Նոյնիսկ երբ սիրոյ այսպիսի արտայայտութիւններու ծուռ աչքով չի նայուիր, անոնք թոյլատրելի են միմիայն երբ ամուսնութիւնը վերջնականապէս ծրագրուած է։ Ուշադիր եղէք որ գուրգուրանքի արտայայտութիւնները պիղծ վարքի կամ նոյնիսկ պոռնկութեան աստիճանի չհասնին։ (Եփեսացիս 4։18, 19. բաղդատել՝ Երգ Երգոց 1։2. 2։6. 8։5, 9, 10։) Քանի որ սիրտը խաբեբայ է, իմաստութիւն է որ երկուքդ տան մը, կանգ առած ինքնաշարժի մը մէջ, կամ ուրիշ որեւէ տեղ՝ առանձին մնալէ խուսափիք, որոնք առիթ կրնան տալ սխալ ընթացք մը ունենալու։ (Երեմեայ 17։9) Ձեր դարպասումը բարոյապէս մաքուր պահելով, կ’ապացուցանէք որ ժուժկալ էք եւ թէ դիմացինին բարօրութիւնը ձեր ցանկութիւններէն առաջ կը դասէք։ Ամենէն կարեւորը, մաքուր դարպասում մը պիտի պատուէ Եհովա Աստուած, որ իր ծառաներուն կը պատուիրէ պղծութենէ եւ պոռնկութենէ զգուշանալ։—Գաղատացիս 5։19-21
21. Դարպասումը պատուաբեր պահելու համար, ի՞նչպիսի անկեղծ հաղորդակցութեան կարիքը կայ։
21 Պատուաբեր դարպասումը պարկեշտ հաղորդակցութիւն ալ կը պարփակէ։ Մինչ դէպի ամուսնութիւն կը դիմէք, կարգ մը նիւթերու մասին բացէ ի բաց պէտք է խօսիք։ Ո՞ւր պիտի բնակիք։ Երկուքդ ալ պիտի աշխատի՞ք։ Զաւակներ կ’ուզէ՞ք ունենալ։ Նաեւ, շիտակ է ձեր անցեալին մասին կարգ մը բաներ յայտնել, որոնք կրնան ազդել ձեր ամուսնութեան։ Անոնց մաս կը կազմեն մեծ պարտքեր, պարտաւորութիւններ, կամ առողջապահական խնդիրներ, ինչպէս՝ լուրջ հիւանդութիւն մը, կամ ուրիշ պարագայ մը։ Քանի որ HIV–ով (ԱԴԱ [ԷՅՏԾ] պատճառող ժահրը) վարակուած շատ անհատներ անմիջապէս անոր ախտանշանները չեն յայտներ, սխալ չէ երբ անհատ մը կամ հոգածու ծնող մը արեան քննութիւն պահանջէ, նախապէս սեռային խառնակ կեանք մը ունեցած կամ թմրեցուցիչ սրսկուած մէկէ մը։ Եթէ քննութեան արդիւնքը դրական ըլլայ, վարակուած անհատը պէտք չէ ճնշում բանեցնէ որ իր մտադրած կողակիցը իր յարաբերութիւնը շարունակէ, երբ ան կը փափաքի անոր վերջ դնել։ Արդարեւ, ոեւէ մէկը որ վտանգաւոր կենցաղ մը վարած է, իրարու հետ աւելի սերտօրէն ծանօթանալէ առաջ, պէտք է յօժարի ԷՅՏԾ–ի համար արեան քննութեան մը ենթարկուիլ։
ՀԱՐՍԱՆԻՔԷՆ ԱՆԴԻՆ ՆԱՅԻԼ
22, 23. (ա) Երբ հարսնիքի պատրաստութիւն կը տեսնուի, ինչո՞ւ երբեմն հաւասարակշռութիւնը չի պահուիր։ (բ) Երբ հարսնիքի եւ ամուսնութեան կարգադրութիւններ նկատի կ’առնուին, հաւասարակշռուած ի՞նչ տեսակէտ պէտք է պահուի։
22 Ամուսնութենէ առաջ, վերջին ամիսներուն, վստահաբար երկուքդ ալ հարսանեկան պատրաստութեամբ շատ զբաղած պիտի ըլլաք։ Չափաւոր ըլլալով, ձեր վրայ եղած ճնշումը կրնաք շատ աւելի նուազեցնել։ Փարթամ հարսնիք մը թերեւս հաճելի ըլլայ ազգականներուն եւ շրջապատին, սակայն անիկա կրնայ նոր ամոլը եւ իրենց ընտանիքները ֆիզիքապէս ուժասպառ եւ նիւթականապէս ցամքած վիճակի մէջ ձգել։ Տեղական որոշ սովորութիւններու հետեւիլը տրամաբանական է, բայց ստրկեցուցիչ կամ թերեւս մրցակցական մտայնութիւնները առիթին իմաստը շուքի մէջ կը ձգեն եւ ձեր ունենալիք ուրախութիւնը կը խլեն։ Թէեւ ուրիշներուն զգացումները նկատի պէտք է առնուին, բայց փեսան ի՛նքն է գլխաւոր պատասխանատուն թէ հարսնիքը ի՛նչպէս պիտի ընթանայ։—Յովհաննու 2։9
23 Մի՛ մոռնաք որ ձեր հարսնիքը միայն մէկ օր պիտի տեւէ, բայց ձեր ամուսնութիւնը՝ ամբողջ կեանք մը։ Խուսափեցէք հարսնիքի օրուան չափազանց կարեւորութիւն տալէ։ Ընդհակառակը, Եհովա Աստուծմէ առաջնորդութիւն խնդրեցէք եւ առաջուընէ ծրագրեցէք ձեր ամուսնական կեանքը։ Այդ պարագային յաջող ամուսնութեան մը համար լաւ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլաք։
a Ասիկա կիրարկելի է այն երկիրներուն, ուր դարպասումը պատշաճ նկատուած է Քրիստոնեաներու համար։
b Նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կրնայ ըլլալ որ ոմանք շատ հոգեւոր մտայնութիւն չունենան։ Փոխանակ, սրտանց Աստուծոյ ծառայելու, անոնք աշխարհի ընթացքէն ու վարքէն ազդուած կրնան ըլլալ։—Յովհաննու 17։16. Յակոբու 4։4