-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2019) | Հոկտեմբեր
-
-
ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ
• ԱՂՔԱՏ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ԱՌԱԿԸ
Յիսուս իր աշակերտներուն ընտիր խրատ կու տայ նիւթական միջոցները ինչպէ՛ս գործածելու նկատմամբ։ Բայց իր աշակերտները միակ անձերը չեն որ իրեն մտիկ կ’ընեն։ Հոն ներկայ են նաեւ փարիսեցիները, որոնք պէտք է Յիսուսին խրատին ականջ տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «արծաթասէր» են։ Բայց Յիսուսին խօսքերը լսելով կը սկսին զինք ‘քամահրել’ կամ ծաղրել (Ղուկաս 15։2. 16։13, 14)։
Բայց Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է» (Ղուկաս 16։15)։
Երկար ժամանակէ ի վեր, փարիսեցիները «բարձր» դիրք ունին մարդոց առջեւ։ Բայց ժամանակը հասած է որ այս վիճակը բոլորովին փոխուի։ Մեծ փառք վայելող մարդիկը, որոնք հարուստ են եւ քաղաքական հեղինակութիւն ու կրօնական իշխանութիւն ունին, պէտք է ցածնան։ Իսկ հասարակ ժողովուրդը, որ իր հոգեւոր կարիքներուն կը գիտակցի, պէտք է բարձրանայ։ Յիսուս յստակօրէն կը խօսի մեծ փոփոխութեան մը մասին, երբ կ’ըսէ.
«Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ» (Ղուկաս 3։18. 16։16, 17)։ Յիսուսին խօսքերը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ փոփոխութիւն մը տեղի կ’ունենայ։
Հրեայ կրօնական առաջնորդները հպարտօրէն կ’ըսեն, որ Մովսիսական օրէնքին կը հետեւին։ Յիշենք որ երբ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ կոյր մարդու մը աչքերը բացաւ, փարիսեցիները հպարտօրէն ըսին. «Մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ» (Յովհաննէս 9։13, 28, 29)։ Մովսէսին միջոցաւ տրուած Օրէնքին նպատակներէն մէկն էր՝ խոնարհները առաջնորդել Մեսիային, այսինքն՝ Յիսուսին։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսին համար ըսաւ որ Աստուծոյ Գառն է (Յովհաննէս 1։29-34)։ Յովհաննէսին ծառայութենէն սկսեալ, խոնարհ հրեաները, մասնաւորաբար աղքատները, կը լսեն «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը։ Այո, բարի լուր կայ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ եւ անկէ օգտուիլ։
Մովսիսական օրէնքը իր նպատակին հասա՞ւ։ Այո՛։ Ատիկա մարդիկը առաջնորդեց Մեսիային։ Եւ մէյ մը որ Օրէնքը կատարուի, Աստուծոյ ժողովուրդը այլեւս պարտաւորուած պիտի չըլլայ զայն պահելու։ Օրինակ, Օրէնքը արտօնեց ամուսնալուծումը կարգ մը պատճառներու համար։ Բայց Յիսուս հիմա կ’ըսէ. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Ղուկաս 16։18)։ Անշուշտ, այս խօսքը կը կատղեցնէ փարիսեցիները, որոնք կը սիրեն ամէն բանի համար կանոններ դնել։
Հիմա Յիսուս կը պատմէ առակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։ Առակը կը խօսի երկու տղամարդոց մասին, որոնց պարագաները հարիւր ութսուն աստիճան կը փոխուին։ Առակը նկատի առած ժամանակ ի մտի ունենանք, որ Յիսուսին մտիկ ընողներուն մէջ կան արծաթասէր փարիսեցիները, որոնք «բարձր» դիրք ունին մարդոց առջեւ։
Յիսուս կը պատմէ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին» (Ղուկաս 16։19-21)։
Փարիսեցիները դրամասէր են, ուրեմն կասկած չկայ որ Յիսուս իրենց կ’ակնարկէ, երբ կը խօսի «հարուստ մարդ»ուն մասին։ Այս հրեայ կրօնական առաջնորդները նաեւ կը սիրեն սուղ եւ շքեղ հագուստներ հագնիլ։ Իրենց հարստութենէն զատ, անոնք հարուստ կ’երեւին իրենց հոգեւոր առանձնաշնորհումներով։ Անոր համար, առակին մէջի հարուստ մարդուն ծիրանի հագուիլը կ’ակնարկէ փարիսեցիներուն առանձնաշնորհեալ դիրքին, իսկ ճերմակ բեհեզը ցոյց կու տայ, որ անոնք իրենք զիրենք արդար կը սեպեն (Դանիէլ 5։7)։
Հարուստ եւ հպարտ առաջնորդները ի՞նչ աչքով կը նային աղքատներուն կամ հասարակ ժողովուրդին։ Անոնք զիրենք կը կոչեն ամ հա·արեց, այսինքն՝ գետնի մարդիկ, որոնք ո՛չ Օրէնքը գիտեն, ոչ ալ արժանի են ատիկա սորվելու (Յովհաննէս 7։49)։ Այդ մարդոց վիճակը կը նմանի «Ղազարոս անունով աղքատ» մուրացկանին վիճակին, որ ա՛յնքան անօթի էր, որ «կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել»։ Եւ վէրքերով լեցուն Ղազարոսին պէս, հասարակ ժողովուրդը ցած աչքով կը դիտուի, կարծես հոգեւորապէս հիւանդ ըլլայ։
Այս ցաւալի վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր կը տիրէ, բայց Յիսուս գիտէ որ ժամանակը եկած է որ մեծ փոփոխութիւն տեղի ունենայ հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին վիճակը ունեցող մարդոց կեանքին մէջ։
◇ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն եւ հասարակ ժողովուրդին պարագաները ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր են։
◇ Ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ Յովհաննէսին ծառայութենէն սկսեալ։
◇ Յիսուսի առակին մէջի հարուստ մարդը եւ Ղազարոսը որո՞նք կը ներկայացնեն։