Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 5/1 էջ 8-12
  • «Աստուած մեզ այսպէս սիրեց»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Աստուած մեզ այսպէս սիրեց»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Աստուած Սէր Է»
  • Ինչո՞ւ Փրկանք մը
  • Ո՞րքան Բարձր Էր Գինը
  • Փրկանքը Ի՞նչ Բան Կարելի կը Դարձնէ
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Եհովային նպատակը անպայման պիտի կատարուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 5/1 էջ 8-12

«Աստուած մեզ այսպէս սիրեց»

«Եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։11

1. Մարտ 23–ին, մայրամուտէն ետք, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ինչո՞ւ պիտի հաւաքուին Թագաւորութեան Սրահներու եւ այլ հաւաքավայրերու մէջ։

ԿԻՐԱԿԻ, 23 Մարտ 1997–ին, մայրամուտէն ետք, անկասկած 13,000,000–է աւելի անհատներ պիտի հաւաքուին Թագաւորութեան Սրահներու, կամ Եհովայի Վկաներու կողմէ գործածուած այլ հաւաքավայրերու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնը իրենց սրտերուն դպած է։ Յիսուս Քրիստոս ուշադրութիւն կեդրոնացուց Աստուծոյ սիրոյն այդ սքանչելի ապացոյցին վրայ, ըսելով. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննու 3։16

2. Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ մեր ընդառաջումին մասին, լաւ է որ ի՞նչ հարցումներ հարցնենք մենք մեզի։

2 Մինչ նկատի կ’առնենք Աստուծոյ արտայայտած սէրը, լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Իրապէս կը գնահատե՞մ Աստուծոյ ըրածները։ Արդեօք իմ վարած կեանքս այդ գնահատութիւնը կ’արտայայտէ՞’։

«Աստուած Սէր Է»

3. (ա) Ինչո՞ւ սէր ցուցադրելը Աստուծոյ համար անսովոր բան մը չէ։ (բ) Զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ի՞նչ կերպերով բացայայտ են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։

3 Աստուծոյ համար սէր արտայայտելը ինքնին արտասովոր բան մը չէ, քանի որ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Սէրը իր տիրական յատկութիւնն է։ Երբ երկիրը կը պատրաստէր մարդկային բնակութեան համար, ան ոգեզմայլ զօրութիւն ցոյց տուաւ, լեռները բարձրացնելով ու ջուրերը լիճերու եւ ովկիանոսներու մէջ հաւաքելով։ (Ծննդոց 1։9, 10) Երբ Աստուած ջուրի ու թթուածինի շրջանները գործի լծեց, երբ անհամար մանրակազմածներ եւ բոյսերու այլազան տեսակներ ծրագրեց, որպէսզի երկրի քիմիական տարրերը այնպիսի նիւթերու վերածեն, զորս մարդիկ մարսելով կարենան իրենց կեանքերը շարունակել։ Նաեւ, երբ մեր կենսաբանական ժամացոյցները լարեց, որպէսզի Երկիր մոլորակի օրերուն եւ ամիսներու երկարութեան համապատասխանեն՝ մե՜ծ իմաստութիւն յայտնաբերեց։ (Սաղմոս 104։24. Երեմեայ 10։12) Սակայն, ֆիզիքական ստեղծագործութեան մէջ շատ աւելի աչքառու է Աստուծոյ սէրը։

4. Ֆիզիքական ստեղծագործութեան մէջ, Աստուծոյ սիրոյն ո՞ր ապացոյցները պէտք է բոլորս ալ տեսնենք եւ գնահատենք։

4 Մեր քիմքը մեզի կը խօսի Աստուծոյ սիրոյն մասին, երբ հիւթեղ, հասուն պտուղ մը խածնենք, որ ակներեւաբար եղած էր ո՛չ միայն մեզ կազդուրելու, այլ նաեւ հաճոյք պատճառելու համար։ Մեր աչքերը Աստուծոյ սիրոյն անթերի ապացոյցը կը տեսնեն ոգեզմայլ մայրամուտներուն, յստակ գիշերուան մը պահուն աստղազարդ երկնքին, ծաղիկներու այլազան տեսակներուն եւ վառ գոյներուն, անասուններու ձագերուն միմոսութիւններուն եւ բարեկամներու ջերմ ժպիտներուն մէջ։ Մեր քիթը զայն զգալի կը դարձնէ, երբ գարնանային ծաղիկներու անոյշ բոյրը կ’ըմբոշխնենք։ Մեր ականջները կը զգան զայն, երբ ջրվէժի մը շառաչիւնը, թռչուններու դայլայլումը եւ սիրելիներու ձայները կը լսենք։ Զայն կը զգանք, երբ սիրելի մը մեզ ջերմօրէն ողջագուրէ։ Կարգ մը անասուններ որոշ բաներ տեսնելու, լսելու կամ հոտվտալու կարողութիւններով օժտուած են, զորս մարդիկ չունին։ Սակայն, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդկութիւնը կարողութիւնը ունի Աստուծոյ սէրը զգալու այնպիսի կերպով մը որ ո՛չ մէկ անասուն կրնայ զգալ։—Ծննդոց 1։27

5. Եհովան ի՞նչպէս առատ սէր ցոյց տուաւ Ադամի ու Եւայի հանդէպ։

5 Երբ Եհովա Աստուած առաջին մարդկային արարածները՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց, իր սիրով պատեց զանոնք։ Ան պարտէզ մը՝ դրախտ մը, տնկած եւ ամէն տեսակ ծառեր աճեցուցած էր հոն։ Ան գետ մը հայթայթած էր, զայն ոռոգելու համար, եւ զայն լեցուցած էր թովիչ թռչուններով ու անասուններով։ Ան այս բոլորը Ադամին ու Եւային տուաւ, որպէս բնակարան։ (Ծննդոց 2։8-10, 19) Եհովա անոնց հետ վարուեցաւ որպէս իր զաւակները՝ իր տիեզերական ընտանիքին մէկ մասը։ (Ղուկաս 3։38) Եդեմը որպէս նախօրինակ մը հայթայթելով, այս առաջին մարդկային զոյգին երկնաւոր Հայրը, անոնց առջեւ դրաւ Դրախտը աշխարհածաւալ կերպով տարածելու գոհացուցիչ նշանակումը։ Ամբողջ երկիրը իրենց սերունդովը պիտի լեցուէր։—Ծննդոց 1։28

6. (ա) Ադամի ու Եւայի բռնած ըմբոստ ընթացքին նկատմամբ ի՞նչ է ձեր զգացումը։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եդեմի մէջ պատահած դէպքէն դաս առած եւ այդ գիտութենէն օգտուած ենք։

6 Սակայն, շատ չանցած, Ադամն ու Եւան հնազանդութեան կամ հաւատարմութեան փորձի մը ենթարկուեցան։ Նախ մէկը, ապա՝ միւսը, ձախողեցաւ իրենց շնորհուած սիրոյն հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել։ Անոնց ըրածը ահռելի, աններելի էր։ Որպէս հետեւանք, անոնք Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը կորսնցուցին, իր ընտանիքէն վտարուեցան եւ Եդեմէն դուրս դրուեցան։ Մինչեւ օրս, տակաւին անոնց մեղքին ազդեցութիւնը կը զգանք։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1-6, 16-19, 24. Հռովմայեցիս 5։12) Բայց այս եղելութենէն բան մը սորվեցա՞նք։ Աստուծոյ սիրոյն ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ Մեր առօրեայ որոշումները ցոյց կու տա՞ն որ իր սէրը կը գնահատենք։—Ա. Յովհաննու 5։3

7. Հակառակ Ադամի ու Եւայի ըրածին, Եհովա ի՞նչպէս սէր ցոյց տուաւ անոնց սերունդին։

7 Աստուծոյ բոլոր ըրածներուն հանդէպ մեր ծնողքին ցուցաբերած բացայայտ թերագնահատութիւնը Աստուծոյ սէրը ետ չպահեց իրենցմէ։ Տակաւին չծնած մարդոց հանդէպ՝ մէջը ըլլալով բոլորս որ այժմ ողջ ենք՝ կարեկցութիւն ցոյց տալով, Աստուած թոյլատրեց որ Ադամն ու Եւան մեռնելէն առաջ ընտանիք մը կազմեն։ (Ծննդոց 5։1-5. Մատթէոս 5։44, 45) Եթէ ատիկա ըրած չըլլար, ո՛չ մէկս ծնած պիտի ըլլայինք։ Աստիճանաբար իր կամքը յայտնելով, Եհովա նաեւ յոյսի հիմ մը հայթայթեց Ադամի սերունդէն բոլոր անոնց, որոնք հաւատք ի գործ պիտի դնէին։ (Ծննդոց 3։15. 22։18. Եսայեայ 9։6, 7) Իր կարգադրութիւնը կը պարփակէր այն միջոցը, որով բոլոր ազգերը պիտի կարենային վերագտնել ինչ որ Ադամ կորսնցուցած էր. այսինքն, կատարեալ կեանք՝ որպէս Աստուծոյ տիեզերական ընտանիքին ընդունելի անդամները։ Ան ասիկա ըրաւ փրկանք մը հայթայթելով։

Ինչո՞ւ Փրկանք մը

8. Ինչո՞ւ Աստուած պարզապէս չէր կրնար վճռել որ Ադամն ու Եւան մեռնէին, բայց իրենց հնազանդ սերունդէն ոեւէ մէկը չմեռնէր։

8 Իրապէս անհրաժե՞շտ էր որ փրկագինը մարդկային կեանքով մը վճարուէր։ Աստուած չէ՞ր կրնար պարզապէս վճռել, որ Ադամն ու Եւան մեռնէին իրենց ըմբոստութեան համար, սակայն իրենց սերունդէն ով որ Աստուծոյ հնազանդ ըլլար՝ յաւիտեան ապրէր։ Մարդկային կարճատես հայեացքով, անիկա տրամաբանական կրնայ թուիլ։ Սակայն, Եհովա «արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ»։ (Սաղմոս 33։5) Ադամն ու Եւան մեղանչելէն ետքն էր միայն, որ անոնք զաւակներ ունեցան. հետեւաբար, այդ զաւակներէն ո՛չ մէկը կատարեալ ծնաւ։ (Սաղմոս 51։5) Բոլորն ալ մեղք ժառանգած էին, եւ մեղքին պատիժը՝ մահ էր։ Եթէ Եհովան անտեսէր ասիկա, ի՞նչպիսի օրինակ մը հանդիսացած պիտի ըլլար իր տիեզերական ընտանիքի անդամներուն։ Ան չէր կրնար անտեսել իր անձնական արդար չափանիշները։ Ան արդարութեան պահանջները կը յարգէ։ Ո՛չ մէկը օրինաւոր գետնի վրայ կրնար քննադատել պարփակուած հարցերը ձեռք առնելու Աստուծոյ կերպը։—Հռովմայեցիս 3։21-23

9. Ըստ աստուածային արդարութեան չափանիշին, ի՞նչպիսի փրկանքի մը կարիքը կար։

9 Արդ, Ադամի սերունդէն անոնք որոնք սիրայօժար կերպով պիտի հնազանդէին Եհովայի, անոնց համար փրկութեան ի՞նչ յարմար հիմ մը կարելի էր հայթայթել։ Եթէ կատարեալ մարդ մը զոհաբերուէր, արդարութիւնը պիտի թոյլատրէր որ այդ կատարեալ կեանքին արժէքը ծածկէր այդ փրկանքը հաւատքով ընդունողներուն մեղքերը։ Քանի որ մէկ մարդու՝ Ադամին, մեղքը պատճառ եղաւ որ ամբողջ մարդկային ընտանիքը մեղաւորներ ըլլան, ուրիշ կատարեալ մարդու մը թափուած արիւնը, համահաւասար արժէք ունենալով, կրնար արդարութեան գոհացում տալ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6) Սակայն, այսպիսի անձ մը ո՞ւր պիտի գտնուէր։

Ո՞րքան Բարձր Էր Գինը

10. Ինչո՞ւ Ադամի սերունդը անկարող էր հարկ եղած փրկանքը հայթայթել։

10 Մեղաւոր Ադամի սերունդէն, ո՛չ մէկը կրնար Ադամի կորսնցուցած կեանքի ակնկալութիւնները վերագնելու համար հարկ եղածը հայթայթել։ «Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել, (քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել։) Որպէս զի ապրի յաւիտեան ու ապականութիւն չտեսնէ»։ (Սաղմոս 49։7-9) Փոխանակ մարդկութիւնը անյոյս ձգելու, Եհովա ողորմածօրէն կարգադրութիւն ըրաւ։

11. Ի՞նչ միջոցաւ Եհովա հարկ եղած մարդկային կատարեալ կեանքը հայթայթեց որպէս յարմար փրկանք մը։

11 Եհովա երկնքէն հրեշտակ մը չղրկեց երկիր, որ նիւթական մարմին մը հագնելով մեռնիլ ձեւացնէր, մինչ կը շարունակէր որպէս հոգեղէն ապրիլ։ Այլ, հրաշք մը գործելով, որ միայն Աստուած՝ Ստեղծիչը, կրնար ծրագրել, ան երկնաւոր որդիի մը կեանքի ոյժը եւ անձնաւորութեան գծերը, Յուդայի ցեղէն կնոջ մը, Հեղիի դուստրին՝ Մարիամի, արգանդին մէջ փոխադրեց։ Աստուծոյ գործօն ոյժը, իր սուրբ հոգին, մօր արգանդին մէջ մանուկին աճման հսկեց եւ ան ծնաւ որպէս կատարեալ մարդկային արարած մը։ (Ղուկաս 1։35. Ա. Պետրոս 2։22) Ուստի, ան իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ ա՛յն փրկագինը, որ կատարելապէս կը լեցնէր աստուածային արդարութեան պահանջները։—Եբրայեցիս 10։5

12. (ա) Ի՞նչ առումով Յիսուս Աստուծոյ «միածին Որդին» է։ (բ) Մարդկութիւնը փրկելու համար Յիսուսը ղրկելով, Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը ինչպէ՞ս շեշտեց։

12 Եհովա, իր բիւրաւոր երկնային որդիներէն որո՞ւն տուաւ այս նշանակումը։ Անոր՝ որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նկարագրուած է որպէս իր «միածին Որդին»։ (Ա. Յովհաննու 4։9) Այս արտայայտութիւնը գործածուած է նկարագրելու համար ո՛չ թէ ինչ որ ան եղաւ, երբ որպէս մարդ մը ծնաւ, այլ՝ ինչ որ նախապէս էր, երկնքի մէջ։ Եհովա ուղղակիօրէն ստեղծած էր զի՛նք՝ առանց ուրիշի մը համագործակցութեան։ Ան ամբողջ ստեղծագործութեան Անդրանիկն է։ Ա՛ն է որ Աստուծոյ կողմէ գործածուեցաւ մնացեալ բոլոր արարածները ստեղծելու համար։ Հրեշտակները Աստուծոյ որդիներն են, ինչպէս որ Ադա՛մ Աստուծոյ որդի էր։ Սակայն Յիսուս նկարագրուած է որպէս «Հօրմէն միածնի փառքին պէս» փառք ունեցող մը։ Անոր համար ըսուած է որ «Հօրը ծոցն» էր։ (Յովհաննու 1։14, 18) Ան Հօրը հետ սերտ, մտերիմ եւ գորովալից յարաբերութիւն մը կը վայելէ։ Ան մարդկութեան հանդէպ իր Հօրը ունեցած սէրը կը բաժնէ։ Առակաց 8։30, 31–ը կ’արտայայտէ Հօրը զգացումը Որդւոյն հանդէպ, եւ Որդւոյն ունեցած զգացումը մարդկութեան հանդէպ. «Ամէն օր անոր [Եհովայի] զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։ . . . Ու իմ [Յիսուսի, Եհովայի Ճարտարապետին, իմաստութեան մարմնացումին] զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»։ Այս ամենէն թանկագին Որդի՛ն էր որ Աստուած երկիր ղրկեց՝ փրկանքը հայթայթելու համար։ Ուստի, որքա՜ն իմաստալից են Յիսուսի խօսքերը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ»։—Յովհաննու 3։16

13, 14. Իսահակը զոհելու Աբրահամի փորձին մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է օգնէ որ մեզի համար Աստուծոյ ըրածը գնահատենք։ (Ա. Յովհաննու 4։10)

13 Անոր նշանակութիւնը ձեւով մը ըմբռնելու համար, Յիսուսի երկիր գալէն 3,890 տարիներ առաջ, Աստուած Աբրահամի պատուիրեց ըսելով. «Քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրա[յ] որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ (Ծննդոց 22։1, 2) Հաւատքով՝ Աբրահամ հնազանդեցաւ։ Դուք ձեզ Աբրահամի տեղը դրէք։ Եթէ անիկա ձեր զաւակը, ձեր շատ սիրած մէկ հատիկ զաւակը ըլլար, ի՞նչ պիտի ընէիք։ Ողջակէզին փայտերը ճեղքելու, Մօրիայի երկիրը երթալու համար քանի մը օր ճամբորդութիւն ընելու, եւ ձեր որդին ողջակէզի սեղանին վրայ դնելու ժամանակ, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր զգացումը։

14 Կարեկից ծնող մը ինչո՞ւ նման զգացումներ կ’ունենայ։ Ծննդոց 1։27 կ’ըսէ թէ Աստուած մարդը Իր պատկերովը ստեղծեց։ Մեր սիրոյ եւ կարեկցութեան զգացումները շատ սահմանափակ կերպով կը ցոլացնեն Եհովայի սէրն ու կարեկցութիւնը։ Աբրահամի պարագային, Աստուած միջամտեց որ Իսահակ իրապէս չզոհուէր։ (Ծննդոց 22։12, 13. Եբրայեցիս 11։17–19) Սակայն, իր անձնական պարագային, Եհովա վերջին վայրկեանին ետ չկեցաւ փրկանքը հայթայթելէ, հակառակ անոր որ անիկա շատ սուղ արժեց թէ՛ իրեն եւ թէ իր Որդւոյն համար։ Աստուած ո՛չ թէ պարտաւորութեան զգացումէ տարուած ասիկա ըրաւ, այլ՝ իր անարժան ողորմութիւնը արտակարգ կերպով արտայայտելու համար։ Լիովին կը գնահատե՞նք ասիկա։—Եբրայեցիս 2։9

Փրկանքը Ի՞նչ Բան Կարելի կը Դարձնէ

15. Փրկանքը ի՞նչպէս կեանքերու վրայ ազդեցութիւն ունեցած է նոյնիսկ ներկայ դրութեան մէջ։

15 Աստուծոյ կողմէ եղած այդ սիրազեղ կարգադրութիւնը խոր ազդեցութիւն ձգած է զայն հաւատքով ընդունողներուն կեանքին վրայ։ Անոնք մեղքի պատճառաւ նախապէս օտարացած էին Աստուծմէ։ Ինչպէս իր Խօսքը կ’ըսէ, անոնք ‘չար գործերու մասին խորհելով՝ թշնամիներ էին’։ (Կողոսացիս 1։21-23) Սակայն ‘Աստուծոյ հետ հաշտուեցան իր Որդիին մահովը’։ (Հռովմայեցիս 5։8-10) Անոնք իրենց կեանքի ընթացքը փոխելով եւ ընդունելով այն թողութիւնը որ Աստուած կարելի կը դարձնէ Քրիստոսի զոհագործութեան բոլոր հաւատացողներուն՝ մաքուր խղճմտանք մը կ’ունենան։—Եբրայեցիս 9։14. Ա. Պետրոս 3։21

16. Ի՞նչ օրհնութիւններ շնորհուած են պզտիկ հօտին, փրկանքին հանդէպ իրենց ցուցաբերած հաւատքին պատճառաւ։

16 Եհովա ասոնցմէ որոշ թիւով անհատներու՝ պզտիկ հօտի մը՝ իր Որդւոյն հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ ընկերակիցներ ըլլալու պատեհութիւնը շնորհած է, երկրի նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը իրագործելու հեռանկարով։ (Ղուկաս 12։32) Ասոնք առնուած են ‘ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ . . . մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու, որպէս զի երկրի վրայ թագաւորեն’։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Ասո՛նց էր որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դուք . . . որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ»։ (Հռովմայեցիս 8։15-17) Աստուծոյ կողմէ որպէս որդիներ որդեգրուած ըլլալով, անոնց շնորհուեցաւ այն գորովալից յարաբերութիւնը զոր Ադամ կորսնցուց. սակայն այս որդիներուն երկնային ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ պիտի շնորհուին, զորս Ադամ բնաւ չունեցաւ։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք»։ (Ա. Յովհաննու 3։1) Աստուած այսպիսիներուն հանդէպ ո՛չ միայն սկզբունքային սէր (ա·կաբէ) կ’արտայայտէ, այլ նաեւ խանդաղատանք (ֆի·լիա), որ միայն հարազատ բարեկամներու միջեւ գոյութիւն կ’ունենայ։—Յովհաննու 16։27

17. (ա) Ի՞նչ պատեհութիւն տրուած է բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատք ի գործ կը դնեն փրկանքին վրայ։ (բ) ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ ի՞նչ պիտի նշանակէ անոնց։

17 Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կեանքի համար Աստուծոյ ըրած առատաձեռն կարգադրութեան բոլոր հաւատացողներուն առջեւ ալ, Եհովա պատեհութիւնը կը բանայ Ադամի կորսնցուցած թանկագին յարաբերութիւնը շահելու։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Ստեղծուածները [Ադամէ սերած մարդկային ստեղծագործութիւնը] մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն [այսինքն՝ ա՛յն ժամանակին, երբ բացայայտ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ որդիները, որոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ են, դրական քայլեր կ’առնեն մարդկութեան ի նպաստ]։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները [մեղքի մէջ ծնած ըլլալով, մահուան հեռանկարը ունէին, եւ ո՛չ մէկ միջոց կար որ կարենային իրենց կեանքը ազատել], (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց), այն յոյսով [Աստուծոյ կողմէն տրուած], որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։19-21) Այդ ազատութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Պիտի նշանակէ որ անոնք ազատագրուած են մեղքի ու մահուան գերութենէն։ Անոնք պիտի ունենան մտքի ու մարմնի կատարելութիւն, Դրախտը՝ որպէս բնակարան, յաւիտենական կեանք՝ իրենց կատարելութիւնը վայելելու եւ իրենց գնահատութիւնը արտայայտելու Եհովայի, միակ ճշմարիտ Աստուծոյն։ Իսկ այս բոլորը ինչպէ՞ս կարելի եղաւ։ Աստուծոյ միածին Որդւոյն փրկանքի զոհին միջոցաւ։

18. Մարտ 23–ի մայրամուտէն ետք, ի՞նչ պիտի ընենք եւ ինչո՛ւ։

18 Հասարակ Դարաշրջան 33–ի Նիսան 14–ին, Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ, Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։ Իր մահուան տարեկան յիշատակութիւնը կարեւոր դէպք մը եղած է բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներու կեանքին մէջ։ Յիսուս անձնապէս պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) 1997–ին, Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 23–ի մայրամուտէն ետք (երբ Նիսան 14–ը կը սկսի)։ Այդ օրը ո՛չ մէկ բան աւելի կարեւոր կրնայ ըլլալ քան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ի՞նչ կերպերով Աստուած առատապէս սէր ցոյց տուած է մարդկութեան հանդէպ։

◻ Ինչո՞ւ կատարեալ մարդկային կեանք մը հարկ էր Ադամի սերունդը փրկելու համար։

◻ Եհովա Աստուած ո՞րքան բարձր գնով մը հայթայթեց փրկանքը։

◻ Փրկանքը ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ։

[Նկար՝ էջ 9]

Աստուած իր միածին Որդին տուաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել