-
Ան մեր վիշտը կը հասկնայԴիտարան 2008 | Յունիս 1
-
-
Երբ իր բարեկամը՝ Ղազարոս վաղահասօրէն մեռաւ, Յիսուս անոր գիւղը ուղղուեցաւ։ Հասկնալիօրէն, Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարիամ ու Մարթա, վշտահար եղած էին։ Յիսուս այս ընտանիքը շատ կը սիրէր։ (Յովհաննէս 11։5) Ուստի ան ի՞նչպէս պիտի հակազդէր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս երբ տեսաւ [Մարիամը] որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, եւ ըսաւ. ‘Ո՞ւր դրած էք զանիկա’։ Ըսին իրեն. ‘Տէ՛ր, եկուր ու տես’։ Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննէս 11։33-35) Յիսուս ինչո՞ւ լացաւ։ Ճիշդ է որ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս մեռած էր, բայց Յիսուս զայն յարուցանելու վրայ էր։ (Յովհաննէս 11։41-44) Արդեօք ուրիշ բան մըն ալ կա՞ր, որ Յիսուսի յուզումը շարժեց։
Անգամ մը եւս նայէ վերը մէջբերուած խօսքերուն։ Նկատէ թէ երբ Յիսուս տեսաւ որ Մարիամ եւ իրեն հետ եղողները կու լան, ան «հառաչեց» եւ «խռովեցաւ»։ Բնագրային լեզուին մէջ հոս գործածուած բառերը բուռն յոյզեր ցոյց կու տան։a Յիսուս իր տեսածով չափազանց ազդուեցաւ։ Իր մէջ եռացող զօրաւոր յոյզերը բացայայտ դարձան, իր աչքերը արցունքով լեցուելով։ Բացորոշ է թէ ուրիշներու վիշտը Յիսուսի սրտին դպաւ։ Բնաւ պատահա՞ծ է որ լացած ես, քանի որ քու մէկ սիրելիդ կու լար։—Հռովմայեցիս 12։15
-
-
Ան մեր վիշտը կը հասկնայԴիտարան 2008 | Յունիս 1
-
-
a «Լացաւ» թարգմանուած Յունարէն բառը յաճախ ցոյց կու տայ «լռելեայն հեկեկալ»։ Իսկ Մարիամի ու միւսներուն լացը նկարագրող բառը կրնայ ցոյց տալ «բարձրաձայն լաց, ողբ»։
-