Երկնային քաղաքացիութիւն ունեցող քրիստոնեայ վկաներ
«Բայց մեր քաղաքականութիւնը [քաղաքացիութիւնը (ՆԱ)] երկինքն է»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 3։20
1. Եհովա կարգ մը մարդոց նկատմամբ ի՞նչ հոյակապ նպատակ ունի։
ԵՐԿՐԻ վրայ ծնած անհատներ երկնքի մէջ պիտի իշխեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ, նոյնիսկ հրեշտակներուն վրայ։ (Ա. Կորնթացիս 6։2, 3. Յայտնութիւն 20։6) Ասիկա ի՜նչ ապշեցուցիչ ճշմարտութիւն մըն է։ Այսուհանդերձ, Եհովա նպատակադրեց զայն եւ իր նպատակը կ’իրագործէ իր միածին Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցով։ Մեր Ստեղծիչը ինչո՞ւ այսպիսի բան մը կ’ընէ։ Իսկ այդ մասին գիտութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ Քրիստոնեային այսօր։ Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը պատասխանէ այս հարցումներուն։
2. Յովհաննէս Մկրտիչ ծանուցանեց որ Յիսուս ի՞նչ նոր բան պիտի ընէր, եւ ասիկա ի՞նչ բանի հետ առնչութիւն ունէր։
2 Երբ Յիսուսին համար ճամբան կը պատրաստէր, Յովհաննէս Մկրտիչ ծանուցանեց որ Յիսուս նոր բան մը պիտի ընէր։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Յովհաննէս] կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ‘Իմ ետեւէս ինծմէ զօրաւորը կու գայ։ Ես արժանի չեմ ծռելու եւ անոր կօշիկներուն կապերը արձակելու։ Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ սուրբ հոգիով պիտի մկրտէ’»։ (Մարկոս 1։7, 8) Այդ ժամանակէն առաջ, ոչ ոք սուրբ հոգիով մկրտուած էր։ Ասիկա սուրբ հոգին պարփակող նոր կարգադրութիւն մըն էր եւ մարդիկ երկնային իշխանութեան համար պատրաստելու Եհովայի շուտով յայտնուելիք նպատակին հետ առնչութիւն ունէր։
‘Նորէն Ծնանիլ’
3. Յիսուս երկնքի Թագաւորութեան մասին ի՞նչ նոր բաներ բացատրեց Նիկոդէմոսին։
3 Կարկառուն Փարիսեցիի մը հետ գաղտնի հանդիպումի մը ընթացքին, Յիսուս այս աստուածային նպատակին մասին յաւելեալ բան յայտնեց։ Փարիսեցին՝ Նիկոդէմոս՝ գիշերով Յիսուսին եկաւ, իսկ Յիսուս անոր ըսաւ. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել»։ (Յովհաննու 3։3) Փարիսեցի մը ըլլալով, Նիկոդէմոս վստահաբար Եբրայերէն Գրութիւնները ուսումնասիրած էր, ուստի ան Աստուծոյ Թագաւորութեան հոյակապ ճշմարտութեան մասին որոշ բան մը գիտէր։ Դանիէլի գիրքը մարգարէացած էր որ Թագաւորութիւնը «Որդի Մարդոյ նման մէկ»ու մը եւ «Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին» պիտի տրուէր։ (Դանիէլ 7։13, 14, 27) Թագաւորութիւնը միւս բոլոր թագաւորութիւնները ‘պիտի փշրէր ու հատցնէր’ եւ անիկա յաւիտեան պիտի մնար։ (Դանիէլ 2։44) Հաւանաբար, Նիկոդէմոս կը կարծէր որ այս մարգարէութիւնները Հրեայ ազգին նկատմամբ պիտի կատարուէին. բայց Յիսուս ըսաւ որ Թագաւորութիւնը տեսնելու համար նորէն պէտք է ծնանիլ։ Նիկոդէմոս չհասկցաւ, ուստի Յիսուս շարունակեց ըսել. «Եթէ մարդ մը ջուրէն ու հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։—Յովհաննու 3։5
4. Սուրբ հոգիէն ծնած անհատներուն յարաբերութիւնը Եհովային հետ ինչպէ՞ս պիտի փոխուէր։
4 Յովհաննէս Մկրտիչ սուրբ հոգիով մկրտուելու մասին խօսած էր։ Արդ, Յիսուս կ’աւելցնէ որ սուրբ հոգիէն պէտք է ծնանիլ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնելու համար։ Այս անզուգական ծնունդով, անկատար այր մարդիկ ու կիներ Եհովա Աստուծոյ հետ շատ մասնայատուկ յարաբերութեան մը մէջ կը մտնեն։ Անոնք իր որդեգիր որդիները կ’ըլլան։ Կը կարդանք. «Որոնք որ [Յիսուսը] ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը. որոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան»։—Յովհաննու 1։12, 13. Հռովմայեցիս 8։15
Աստուծոյ Որդիներ
5. Հաւատարիմ աշակերտները ե՞րբ սուրբ հոգիով մկրտուեցան, եւ միեւնոյն ատեն սուրբ հոգիին ո՞ր յարակից գործողութիւնները տեղի ունեցան։
5 Յիսուս Նիկոդէմոսին հետ խօսած ատեն, սուրբ հոգին արդէն իր վրայ եկած էր Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ իր ապագայ իշխանութեան համար զինք օծելով, իսկ Աստուած Յիսուսը հանրապէս ընդունած էր որպէս Իր Որդին։ (Մատթէոս 3։16, 17) Եհովա յաւելեալ հոգեւոր որդիներ ծնաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Երուսաղէմի մէջ, վերնատան մէջ հաւաքուած հաւատարիմ աշակերտները սուրբ հոգիով մկրտուեցան։ Միեւնոյն ատեն, անոնք սուրբ հոգիէն նորէն ծնան Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ ըլլալու համար։ (Գործք 2։2–4, 38. Հռովմայեցիս 8։15) Ասկէ զատ, անոնք սուրբ հոգիով օծուեցան ապագայ երկնային ժառանգութեան մը նպատակով եւ նախնական կերպով սուրբ հոգիով կնքուեցան որպէս այդ երկնային յոյսին ստոյգ ըլլալուն գրաւական մը։—Բ. Կորնթացիս 1։21, 22
6. Երկնային Թագաւորութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ յարմար է որ մարդիկ անոր մէջ բաժին ունենան։
6 Ասոնք Աստուծոյ կողմէ ընտրուած առաջին անկատար մարդիկը եղան Թագաւորութիւնը մտնելու համար, այսինքն, իրենց մահէն ու յարութենէն ետք, անոնք երկնային Թագաւորութեան մաս պիտի կազմէին, որ մարդոց եւ հրեշտակներուն վրայ պիտի իշխէր։ Եհովա կը նպատակադրէ որ, այս Թագաւորութեան միջոցաւ, իր մեծ անունը սրբացուի եւ իր գերիշխանութիւնը ջատագովուի բոլոր ստեղծագործութեան առջեւ։ (Մատթէոս 6։9, 10. Յովհաննու 12։28) Որքա՜ն յարմար է որ մարդիկ այդ Թագաւորութեան մէջ բաժին ունենան։ Սատանան մարդիկը գործածեց, երբ Եդեմի պարտէզին մէջ Եհովայի գերիշխանութեան դէմ սկսաւ ասպարէզ կարդալ, իսկ հիմա Եհովա կը նպատակադրէ որ մարդիկ պարփակուին այդ մարտահրաւէրին պատասխանելու համար։ (Ծննդոց 3։1–6. Յովհաննու 8։44) Պետրոս առաքեալ այդ Թագաւորութեան մէջ իշխելու համար ընտրուած անհատներուն գրեց. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի»։—Ա. Պետրոս 1։3, 4
7. Սուրբ հոգիով մկրտուածները Յիսուսին հետ ի՞նչ անզուգական յարաբերութիւն կը վայելեն։
7 Աստուծոյ որդեգիր որդիներ ըլլալով, այս ընտրուած Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի եղբայրներ դարձան։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. 9։4, 26. Եբրայեցիս 2։11) Քանի որ Յիսուս փաստեց Աբրահամի խոստացուած Սերունդը ըլլալ, հոգիով օծուած այս Քրիստոնեաները այդ Սերունդին ընկերակցող, կամ երկրորդական, մէկ մասն են, որ հաւատացեալ մարդոց վրայ օրհնութիւն պիտի տեղացնէ։ (Ծննդոց 22։17, 18. Գաղատացիս 3։16, 26, 29) Ի՞նչ օրհնութիւն։ Մեղքէն ազատագրուելու եւ Աստուծոյ հետ հաշտուելու եւ հիմա ու յաւիտեան իրեն ծառայելու պատեհութիւնը։ (Մատթէոս 4։23. 20։28. Յովհաննու 3։16, 36. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաները արդարամիտ անհատներու ուշադրութիւնը այս օրհնութեան կ’ուղղեն, իրենց հոգեւոր եղբօր՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ իրենց հայրագրին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ մասին վկայութիւն տալով։—Գործք 1։8. Եբրայեցիս 13։15
8. Աստուծոյ կողմէ հոգիէն ծնած որդիներուն ‘յայտնուիլ’ը ի՞նչ է։
8 Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ հոգիէն ծնած այս որդիներուն «յայտնուելուն» մասին կը խօսի։ (Հռովմայեցիս 8։19) Թագաւորութիւնը մտնելով որպէս Յիսուսին ընկերակից թագաւորներ, անոնք իրերու Սատանայի համաշխարհային դրութեան կործանումին կը մասնակցին։ Անկէ ետք, հազար տարուան ընթացքին, անոնք կ’օգնեն որ քաւիչ զոհին օգուտները մարդկութեան մատակարարուին եւ այսպիսով մարդկային ցեղը կը հասցնեն այն կատարելութեան զոր Ադամ կորսնցուց։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8–10. Յայտնութիւն 2։26, 27. 20։6. 22։1, 2) Անոնց յայտնուիլը այս բոլորը կը բովանդակէ։ Անիկա բան մըն է, որու անձկագին կը սպասէ հաւատացեալ մարդկային ստեղծագործութիւնը։
9. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կ’ակնարկէ օծեալ Քրիստոնեաներու համաշխարհային մարմինին։
9 Օծեալ Քրիստոնեաներու համաշխարհային մարմինը ‘երկինքը գրուած անդրանիկներուն ժողովք’ն է։ (Եբրայեցիս 12։23) Անոնք Յիսուսի քաւիչ զոհէն առաջին օգտուողներն են։ Անոնք նաեւ «Քրիստոսին մարմինն» են, որ իրարու հետ եւ Յիսուսին հետ իրենց մտերիմ յարաբերութիւնը ցոյց կու տայ։ (Ա. Կորնթացիս 12։27) Պօղոս գրեց. «Ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ։ Վասնզի մենք ամէնքս մէ՛կ հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ եւ ամէնքս ալ մէ՛կ հոգիէ խմեցինք»։—Ա. Կորնթացիս 12։12, 13. Հռովմայեցիս 12։5. Եփեսացիս 1։22, 23. 3։6
«Աստուծոյ Իսրայէլ»ը
10, 11. Առաջին դարուն, ինչո՞ւ նոր Իսրայէլի մը հարկը տեսնուեցաւ, եւ այս նոր ազգը որո՞նք կազմեցին։
10 Յիսուսի՝ խոստացեալ Մեսիային՝ գալէն առաջ աւելի քան 1,500 տարիներու ընթացքին, մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը Եհովայի սեփական ժողովուրդն էր։ Հակառակ յարատեւ վերյիշեցումներու, ազգը, որպէս ամբողջութիւն մը, անհաւատարիմ գտնուեցաւ։ Երբ Յիսուս երեւան եկաւ, ազգը մերժեց զինք։ (Յովհաննու 1։11) Հետեւաբար, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ (Մատթէոս 21։43) Փրկուելու համար կենսական է ճանչնալ այն ‘ազգը որ Թագաւորութեան պտուղ կը բերէ’։
11 Նոր ազգը օծեալ Քրիստոնէական ժողովքն է, որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ծնաւ։ Անոր առաջին անդամները Յիսուսի Հրեայ աշակերտներն էին, որոնք զինք ընդունած էին որպէս իրենց երկնային Թագաւորը։ (Գործք 2։5, 32–36) Սակայն, անոնք Աստուծոյ նոր ազգին անդամներն էին, ոչ թէ՝ իրենց Հրէական ծագումին պատճառաւ, այլ՝ Յիսուսին վրայ իրենց հաւատքին շնորհիւ։ Ուստի, Աստուծոյ այս նոր Իսրայէլը անզուգական բան մըն էր—հոգեւոր ազգ մը։ Երբ Հրեաներուն մեծամասնութիւնը մերժեց Յիսուսը ընդունիլ, նոր ազգին մաս կազմելու հրաւէրը Սամարացիներուն եւ ապա Հեթանոսներուն տրուեցաւ։ Նոր ազգը «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը կոչուեցաւ։—Գաղատացիս 6։16
12, 13. Ինչպէ՞ս յստակ եղաւ որ նոր Իսրայէլը պարզապէս Յուդայականութեան մէկ աղանդը չէր։
12 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, երբ ոչ–Հրեաներ նորահաւատներ դառնային, անոնք Մովսիսական Օրէնքին պէտք էր հպատակէին եւ արուները ասիկա պէտք էր խորհրդանշէին՝ թլփատուելով։ (Ելից 12։48, 49) Հրեայ Քրիստոնեաներէն ոմանք խորհեցան որ նոյն բանը պէտք էր կիրարկուէր Աստուծոյ Իսրայէլի մէջ գտնուող ոչ–Հրեաներուն։ Սակայն, Եհովա տարբեր կերպով կը դիտէր։ Պետրոս առաքեալ սուրբ հոգիով Հեթանոս Կոռնելիոսի տունը առաջնորդուեցաւ։ Երբ Կոռնելիոս եւ իր ընտանիքը Պետրոսի քարոզչութեան ընդառաջեցին, անոնք սուրբ հոգին ստացան—ջուրի մէջ մկրտուելէ նոյնիսկ առաջ։ Ասիկա յստակօրէն կ’ապացուցանէր որ Եհովա այս Հեթանոսները ընդունած էր որպէս Աստուծոյ Իսրայէլին անդամներ, առանց պահանջելու որ անոնք Մովսիսական Օրէնքին հպատակին։—Գործք 10։21–48
13 Բազմաթիւ հաւատացեալներ ասիկա դժուար ընդունեցին եւ շուտով հարկ եղաւ որ ամբողջ հարցը ծեծուի Երուսաղէմի առաքեալներուն եւ երէցներուն կողմէ։ Այդ հեղինակաւոր մարմինը մտիկ ըրաւ այն մանրամասն վկայութիւնները թէ սուրբ հոգին ի՛նչպէս գործած էր ոչ–Հրեայ հաւատացեալներու վրայ։ Աստուածաշունչի հետազօտութիւնները ցոյց տուին որ ասիկա ներշնչուած մարգարէութիւններու կատարումն էր։ (Եսայեայ 55։5. Ամովսեայ 9։11, 12) Այս մարմինը շիտակ որոշումի մը յանգեցաւ. Ոչ–Հրեայ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին հպատակելու պարտաւոր չէին։ (Գործք 15։1, 6–29) Այսպիսով, հոգեւոր Իսրայէլը իրապէս նոր ազգ մըն էր եւ ոչ թէ պարզապէս Յուդայականութեան մէկ աղանդը։
14. Քրիստոնեայ ժողովքը ‘ամէն կողմ ցրուած տասներկու ցեղեր’ կոչելով, Յակոբոս ի՞նչ ցոյց կու տայ։
14 Այս որոշումին հետ ներդաշնակ, երբ առաջին դարու օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց, Յակոբոս աշակերտ իր նամակը ‘ամէն կողմ ցրուած տասներկու ցեղերուն’ յղեց։ (Յակոբու 1։1. Յայտնութիւն 7։3–8) Անշուշտ, նոր Իսրայէլին քաղաքացիները մասնայատուկ ցեղերու չէին նշանակուած։ Հոգեւոր Իսրայէլը 12 որոշ ցեղերու չէր բաժանուած, ինչպէս էր մարմնաւոր Իսրայէլի պարագան։ Այսուհանդերձ, Յակոբոսի ներշնչուած արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ որ Եհովայի աչքին Աստուծոյ Իսրայէլը ամբողջովին փոխարինած էր բնական Իսրայէլի 12 ցեղերը։ Եթէ ծնունդով Իսրայելացի մը նոր ազգին մաս կազմէր, իր մարմնաւոր ծագումը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր, նոյնիսկ եթէ ան Յուդայի կամ Ղեւիի ցեղէն ըլլար։—Գաղատացիս 3։28. Փիլիպպեցիս 3։5, 6
Նոր Ուխտ մը
15, 16. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս կը նկատէ Աստուծոյ Իսրայէլին ոչ–Հրեայ անդամները։ (բ) Նոր Իսրայէլը ի՞նչ օրինական հիման վրայ հաստատուեցաւ։
15 Եհովայի աչքին, այս նոր ազգին ոչ–Իսրայելացի անդամները լրիւ հոգեւոր Հրեաներ են։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Հրեայ չէ ան որ դուրսէն է եւ թլփատութիւն չէ այն որ դուրսէն՝ մարմնով է. հապա ա՛ն Հրեայ է որ ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնըն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով, որուն գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ»։ (Հռովմայեցիս 2։28, 29) Շատ մը Հեթանոսներ Աստուծոյ Իսրայէլին մաս կազմելու հրաւէրին ընդառաջեցին եւ այս փոփոխութիւնը Աստուածաշունչի մարգարէութիւններ կատարեց։ Օրինակի համար, Ովսէէ մարգարէն գրեց. «Չողորմեալին պիտի ողորմիմ եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ. ան ալ ինծի՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ»։—Ովսեայ 2։23. Հռովմայեցիս 11։25, 26
16 Եթէ հոգեւոր Իսրայելացիները Մովսիսական Օրէնքի ուխտին ներքեւ չէին, անոնք ի՞նչ բանի հիման վրայ նոր ազգին մաս կը կազմէին։ Եհովա, Յիսուսի միջոցով, այս հոգեւոր ազգին հետ նոր ուխտ մը ըրաւ։ (Եբրայեցիս 9։15) Երբ Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, ան հաց ու գինի հրամցուց 11 հաւատարիմ առաքեալներուն եւ ըսաւ որ գինին «ուխտին արիւն»ը կը խորհրդանշէր։ (Մատթէոս 26։28, ՆԱ. Երեմեայ 31։31–34) Ինչպէս յիշուած է Ղուկասի արձանագրութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ որ գինիին գաւաթը «նոր ուխտ»ը կը խորհրդանշէր։ (Ղուկաս 22։20) Յիսուսի խօսքերուն առ ի կատարում, երբ Պէնտէկոստէի օրը սուրբ հոգին թափուեցաւ եւ Աստուծոյ Իսրայէլը ծնաւ, Թագաւորութիւնը մարմնաւոր Իսրայէլէն առնուեցաւ եւ նոր, հոգեւոր ազգին տրուեցաւ։ Մարմնաւոր Իսրայէլին տեղ այլեւս այս նոր ազգն էր Իր վկաներէն բաղկացած Եհովայի ծառան։—Եսայեայ 43։10, 11
«Նոր Երուսաղէմը»
17, 18. Յայտնութիւն գրքին մէջ օծեալ Քրիստոնեաներուն սպասող փառքին մասին ի՞նչ նկարագրութիւններ տրուած են։
17 Երկնային կոչումին մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունեցողներուն ի՜նչ փառք կը սպասէ։ Իսկ ի՜նչ հաճոյք է անոնց վերապահուած սքանչելի բաներուն մասին սորվիլ։ Յայտնութիւն գիրքը անոնց երկնային ժառանգութեան վրայ խայտալի ակնարկներ կը նետէ։ Օրինակի համար, Յայտնութիւն 4։4–ին մէջ, կը կարդանք. «[Եհովայի] աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին»։ Այս 24 երէցները օծեալ, յարուցուած Քրիստոնեաներ են, որոնք ներկայիս այն երկնային դիրքը կը գրաւեն զոր Եհովա խոստացած էր անոնց։ Անոնց պսակներն ու աթոռները մեզի կը յիշեցնեն անոնց թագաւորներ ըլլալը։ Խորհինք նաեւ Եհովայի աթոռին շուրջ ծառայելու անոնց հոյակապօրէն գերազանց առանձնաշնորհումին մասին։
18 Յայտնութիւն 14։1–ին մէջ, անոնց մասին ուրիշ ակնարկ մը կը գտնենք. «Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։ Հոս այս օծեալներուն սահմանափակ թիւը կը տեսնենք. 144,000։ Եհովայի կողմէ գահակալուած Թագաւորին, «Գառնուկ»ին՝ Յիսուսին՝ հետ անոնց կայնիլը կը թելադրէ անոնց արքայական հանգամանքը։ Իսկ անոնք երկնային Սիօն Լերանը վրայ են։ Երկրային Սիօն Լեռը Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի արքայական քաղաքին՝ վայրն էր։ Երկնային Սիօն Լեռը կը ներկայացնէ երկնաւոր Երուսաղէմը կազմող Յիսուսի եւ իր ժառանգակիցներուն բարձրացեալ դիրքը։—Բ. Մնացորդաց 5։2. Սաղմոս 2։6
19, 20. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները ո՞ր երկնային կազմակերպութեան մաս պիտի կազմեն։ (բ) Երբե՞ն ի վեր, Եհովա ընտրեց անոնք որոնց քաղաքացիութիւնը երկինքը պիտի ըլլայ։
19 Այս մտքին հետ ներդաշնակ, իրենց երկնային փառքին մէջ եղող օծեալներուն մասին նաեւ կը խօսուի որպէս «Նոր Երուսաղէմը»։ (Յայտնութիւն 21։2) Երկրային Երուսաղէմը «մեծ Թագաւորին քաղաք»ը, ինչպէս նաեւ՝ տաճարին վայրն էր։ (Մատթէոս 5։35) Երկնային Նոր Երուսաղէմը Թագաւորութեան արքայական կազմակերպութիւնն է, որու միջոցաւ մեծ Գերիշխանը՝ Եհովա՝ եւ իր նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս՝ հիմա կ’իշխեն եւ որու մէջ քահանայական ծառայութիւն կը սպասարկուի, մինչ Եհովայի աթոռէն ճոխ օրհնութիւններ կը հոսին մարդկութեան բուժման համար։ (Յայտնութիւն 21։10, 11. 22։1–5) Ուրիշ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս կը լսէ որ հաւատարիմ, յարուցուած, օծեալ Քրիստոնեաներու կ’ակնարկուի որպէս ‘Գառնուկին կինը’։ Ասիկա Յիսուսին հետ անոնց վայելելիք մտերմութեան եւ իր հանդէպ անոնց ցուցաբերելիք յօժարակամ հպատակութեան մասին ի՜նչ ջերմ նկարագրութիւն մըն է։ Մտապատկերենք երկնքի մէջ ըլլալիք ուրախութիւնը, երբ անոնց վերջին անդամը վերջապէս իր երկնային վարձատրութիւնը ստանայ։ Այն ատեն, վե՜րջապէս, «Գառնուկին հարսանիքը» կրնայ տեղի ունենալ։ Այդ երկնային արքայական կազմակերպութիւնը այն ատեն պիտի ամբողջանայ։—Յայտնութիւն 19։6–8
20 Այո, հոյակապ օրհնութիւններ վերապահուած են անոնց որոնց մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Բայց մեր քաղաքականութիւնը [քաղաքացիութիւնը (ՆԱ)] երկինքն է»։ (Փիլիպպեցիս 3։20) Գրեթէ երկու հազար տարիներէ ի վեր, Եհովա իր հոգեւոր որդիները կ’ընտրէ եւ երկնային ժառանգութեան մը համար կը պատրաստէ զանոնք։ Ըստ բոլոր ապացոյցներուն, ընտրութեան եւ պատրաստութեան այս գործը գրեթէ ամբողջացած է։ Բայց այսքանով պիտի չվերջանար, ինչպէս Յովհաննէսի յայտնուեցաւ Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած իր տեսիլքին մէջ։ Արդ հիմա, Քրիստոնեաներու ուրիշ խումբ մը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ ասիկա նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Երկնային ժառանգութիւն ունեցողներուն վրայ հոգիին զանազան գործողութիւնները ի՞նչ են։
◻ Օծեալները ի՞նչ մտերիմ յարաբերութիւն կը վայելեն Եհովային հետ։ Անոնք ի՞նչ մտերիմ յարաբերութիւն կը վայելեն Յիսուսին հետ։
◻ Աստուածաշունչին մէջ, օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը ինչպէ՞ս կը նկարագրուի։
◻ Աստուծոյ Իսրայէլը ի՞նչ օրինական հիման վրայ հաստատուեցաւ։
◻ Օծեալ Քրիստոնեաներուն երկնային ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կը սպասեն։
[Նկար՝ էջ 8]
Գրեթէ երկու հազար տարիներու ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Եհովա ընտրեց անոնք որոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ պիտի իշխէին