Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը
«Թող քու բարի հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 143։10
1, 2. Ի՞նչ բաներ կրնան Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն տառապանք պատճառել։
‘ՇԱ՜Տ յուսալքուած կը զգամ։ Ո՞ւր կրնամ որոշ սփոփանք մը գտնել։ Արդեօք Աստուած զիս լքա՞ծ է’։ Որեւէ ժամանակ այդպէս զգացա՞ծ էք։ Եթէ այո, դուք առանձին չէք։ Թէեւ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հոգեւոր բարգաւաճ դրախտին մէջ կը բնակին, սակայն անոնք երբեմն տառապալից խնդիրներու, փորձութիւններու եւ հրապոյրներու դիմաց կը գտնուին, որոնք մարդկութեան համար սովորական բաներ են։—Ա. Կորնթացիս 10։13
2 Թերեւս շրջապատուած էք երկարատեւ փորձութեամբ մը, կամ մեծ ճնշում պատճառող բանով մը։ Կրնայ ըլլալ որ սիրելիի մը մահուան համար վշտի մէջ էք եւ դուք ձեզ շա՜տ առանձին կը զգաք։ Կամ սիրելի ընկերոջ մը հիւանդութեան պատճառաւ, թերեւս ձեր սիրտը յուզուած է։ Այսպիսի պարագաներ թերեւս ձեր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը կը խլեն եւ նոյնիսկ ձեր հաւատքին կը սպառնան։ Ի՞նչ պէտք է ընէք։
Աստուծմէ Իր Հոգին Խնդրեցէք
3. Եթէ բան մը ձեզմէ կը խլէ այնպիսի յատկութիւններ ինչպէս՝ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը, ի՞նչ ընելը իմաստութիւն է։
3 Եթէ բան մը ձեր խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը, կամ աստուածային ուրիշ յատկութիւն մը կը խլէ, իմաստութիւն է աղօթել Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ոյժին՝ համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի հոգին լաւ պտուղներ յառաջ կը բերէ, որոնք Քրիստոնեայի մը կ’օգնեն խնդիրներ եւ փորձութիւններ դիմագրաւելու։ «Մարմնին գործեր»ուն դէմ ազդարարելէ ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բայց հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։—Գաղատացիս 5։19–23
4. Ինչո՞ւ յարմար է որ Քրիստոնեան իր աղօթքներուն մէջ մասնայատուկ ըլլայ երբ որոշ փորձութեան մը դիմաց գտնուի։
4 Ձեր դիմագրաւած փորձութեան տեսակին պատճառաւ, թերեւս անդրադառնաք որ ձեր հեզութիւնը կամ մեղմութիւնը կորսնցնելու վտանգին մէջ էք։ Այդ պարագային, հոգիին այս պտուղին՝ հեզութեան համար մասնայատուկ կերպով Եհովա Աստուծոյ աղօթեցէք։ Եթէ փորձութիւն մը կը դիմագրաւէք, մասնաւորաբար ժուժկալութեան պտուղին կարիքը ունիք։ Անշուշտ, տեղին պիտի ըլլայ նաեւ աղօթել որ Աստուած օգնէ ձեզի փորձութեան դիմադրելու, Սատանայէն ազատելու համար փորձութեան տոկալու եւ պէտք եղած իմաստութիւնը տալու։—Մատթէոս 6։13. Յակոբու 1։5, 6
5. Եթէ պարագաները այնքան տառապալից են որ չէք գիտեր հոգիին ո՛ր պտուղին համար աղօթել, ի՞նչ կարելի է ընել։
5 Սակայն, երբեմն պարագաները այնքան տառապալից կամ վրդովալից, կ’ըլլան որ չէք գիտեր թէ հոգիին ո՛ր պտուղին կարիքը ունիք։ Իրականութեան մէջ, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, հեզութիւնը եւ աստուածային ուրիշ յատկութիւնները բոլորն ալ կրնան վտանգի մատնուիլ։ Ի՞նչ պէտք է ընել։ Ինչո՞ւ Աստուծմէ սուրբ հոգին իսկ չխնդրել եւ թոյլ չտալ որ անիկա ձեր պարագային պէտք եղած պտուղը ծաղկեցնէ։ Կրնայ ըլլալ որ անհրաժեշտ պտուղը ըլլայ սէրը, կամ ուրախութիւնը, կամ խաղաղութիւնը, կամ հոգիին պտուղներու բաղադրութիւն մը։ Նաեւ աղօթեցէք որ Աստուած օգնէ ձեզի, որպէսզի իր հոգիին ուղղութեան ենթարկուիք, քանի որ ան կը գործածէ զանիկա իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։
Եհովա կը Կամենայ Օգնել
6. Յիսուս ինչպէ՞ս շեշտեց անդադար աղօթելու կարիքը իր հետեւորդներուն։
6 Երբ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները աղօթքի մասին խրատ ուզեցին, ան մասամբ յորդորեց զանոնք որ Աստուծոյ հոգիին համար աղօթեն։ Յիսուս նախ առակ մը գործածեց որու նպատակն էր անդադար աղօթելու մղել զանոնք։ Ան ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէս գիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասնզի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’»։—Ղուկաս 11։5–8
7. Ղուկաս 11։11–13–ին մէջ Յիսուսի խօսքերուն իմաստը ի՞նչ է, եւ անոնք Աստուծոյ եւ իր հոգիին նկատմամբ ի՞նչ երաշխիք կու տան մեզի։
7 Եհովա կը կամենայ օգնել իր հաւատարիմ ու նուիրուած ծառաներէն ամէն մէկուն եւ անոնց խնդրանքներուն մտիկ ընել։ Բայց եթէ այսպիսի անհատ մը ‘շարունակէ խնդրել’, ինչպէս Յիսուս յորդորեց, ան ջերմեռանդ փափաք ցուցաբերած եւ հաւատք ապացուցանած կ’ըլլայ։ (Ղուկաս 11։9, 10) Քրիստոս աւելցուց. «‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։11–13) Եթէ երկրային ծնող մը, որ քիչով շատով չար է ժառանգուած մեղքին պատճառաւ, իր զաւկին լաւ բաներ կու տայ, վստահաբար մեր երկնաւոր Հայրը պիտի շարունակէ իր սուրբ հոգին տալ իր հաւատարիմ ծառաներէն ոեւէ մէկուն որ խոնարհութեամբ զայն կը խնդրէ։
8. Սաղմոս 143։10–ն ինչպէ՞ս կը կիրարկուի Դաւիթին, Յիսուսին, եւ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն։
8 Աստուծոյ հոգիէն օգտուելու համար, Դաւիթին պէս յօժար պէտք է ըլլանք անոր առաջնորդութեան հետեւիլ։ Ան աղօթեց. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս. թող քու բարի հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 143։10) Դաւիթ, որ իրաւազրկուեցաւ Իսրայելացի Սաւուղ Թագաւորին կողմէ, ուզեց որ Աստուծոյ հոգին զինք առաջնորդէ, որպէսզի վստահ ըլլայ թէ ուղիղ ընթացքի մէջ էր։ Ժամանակին, Աբիաթար եկաւ քահանայի եփուտով մը՝ որ Աստուծոյ կամքը ստուգելու համար կը գործածուէր։ Որպէս Աստուծոյ քահանայական ներկայացուցիչը, Աբիաթար Դաւիթին ցոյց իր հետեւելիք ճամբան, որպէսզի Եհովան հաճեցնէր։ (Ա. Թագաւորաց 22։17–23։12. 30։6–8) Դաւիթի նման, Յիսուս ալ Եհովայի հոգիով առաջնորդուեցաւ եւ նոյնը կարելի է ըսել Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն համար, որպէս դասակարգ մը։ 1918–1919–ի ընթացքին, անոնք մարդկային ընկերութեան աչքին մերժուած վիճակի մէջ էին եւ անոնց կրօնական թշնամիները կը խորհէին թէ կրնային զանոնք կործանել։ Օծեալները իրենց անգործունեայ վիճակէն դուրս ելլելու համար աղօթեցին եւ 1919–ին, Աստուած անոնց աղօթքներուն պատասխանեց, զանոնք ազատագրեց եւ վերաշխուժացուց իր ծառայութեան մէջ։ (Սաղմոս 143։7–9) Վստահաբար, այն ատեն Եհովայի հոգին իր ժողովուրդին օգնեց եւ առաջնորդեց, ինչպէս որ կ’ընէ մինչեւ օրս։
Հոգին Ի՛նչպէս կ’Օգնէ
9. (ա) Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կը ծառայէ որպէս «օգնական» մը։ (բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ սուրբ հոգին անձ մը չէ։ (Տես լուսանցքի բացատրութիւնը։)
9 Յիսուս Քրիստոս սուրբ հոգին «օգնական» կոչեց։ Օրինակի համար, ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [օգնական (ՆԱ)] մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի։ Ճշմարտութեան հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասնզի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասնզի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ»։ Ի միջի այլոց, այդ «օգնական»ը ուսուցիչ մը պիտի ըլլար, քանի որ Քրիստոս խոստացաւ. «Մխիթարիչը [Օգնականը (ՆԱ)] սուրբ հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ Հոգին նաեւ Քրիստոսին մասին վկայութիւն պիտի տար եւ ան իր աշակերտներուն վստահեցուց. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, մխիթարիչը [օգնականը (ՆԱ)] ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ»։—Յովհաննու 14։16, 17, 26. 15։26. 16։7a
10. Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով փաստած է օգնական մը ըլլալ։
10 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուս խոստացուած սուրբ հոգին երկնքէն թափեց իր հետեւորդներուն վրայ։ (Գործք 1։4, 5. 2։1–11) Օգնական մը ըլլալով, հոգին Աստուծոյ կամքին ու նպատակին մասին յաւելեալ հասկացողութիւն տուաւ անոնց եւ անոր մարգարէական Խօսքը պարզաբանեց անոնց։ (Ա. Կորնթացիս 2։10–16. Կողոսացիս 1։9, 10. Եբրայեցիս 9։8–10) Այդ օգնականը նաեւ զօրութիւն տուաւ Յիսուսի աշակերտներուն, որպէսզի վկաներ ըլլան ամբողջ երկրին մէջ։ (Ղուկաս 24։49. Գործք 1։8. Եփեսացիս 3։5, 6) Ներկայիս, սուրբ հոգին կրնայ նուիրուած Քրիստոնեայի մը օգնել, որ գիտութեան մէջ աճի, եթէ օգտագործէ այն հոգեւոր հայթայթումները զորս Աստուած կ’ընէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45–47) Աստուծոյ հոգին կրնայ օգնել Եհովայի ծառաներուն, վկայելու համար քաջութիւնն ու զօրութիւնը տալով անոնց։ (Մատթէոս 10։19, 20. Գործք 4։29–31) Սակայն սուրբ հոգին ուրիշ կերպերով ալ Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ։
«Անբարբառ Հառաչանքներով»
11. Եթէ փորձութիւն մը կը թուի ջախջախիչ ըլլալ, Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
11 Եթէ Քրիստոնեայ մը շրջապատուած է փորձութիւնով մը՝ որ կը թուի ջախջախիչ ըլլալ, ի՞նչ պէտք է ընէ։ Ան սուրբ հոգիին պէտք է խնդրէ, թոյլ տալով որ անիկա իր գործը կատարէ։ «Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն», ըսաւ Պօղոս, «քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ Եւ սրտերը Քննողը գիտէ հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար»։—Հռովմայեցիս 8։26, 27
12, 13. (ա) Հռովմայեցիս 8։26, 27–ն ինչպէ՞ս կը կիրարկուի այն աղօթքներուն որոնք յատկապէս փորձիչ վիճակներու մէջ կը մատուցուին։ (բ) Պօղոս եւ իր ընկերակիցները ի՞նչ ըրին երբ ծանրաբեռնուած էին Ասիոյ Նահանգին մէջ։
12 Այն սուրբերը որոնց ի նպաստ Աստուծոյ հոգին բարեխօսութիւն կ’ընէ Յիսուսի օծեալ հետեւորդներն են, որոնք երկնային յոյս ունին։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ ձեր կոչումը, երկնային թէ երկրային, որպէս Քրիստոնեայ կրնաք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը ստանալ։ Կը պատահի որ Եհովան մասնայատուկ աղօթքի մը ուղղակի պատասխանէ։ Սակայն, երբեմն կրնաք այնքան մտատանջ ըլլալ որ չէք կրնար ձեր զգացումները բառերու վերածել եւ միայն կրնաք Եհովային աղաչել անխօս հառաչանքներով։ Իրականութեան մէջ, կրնայ ըլլալ որ գիտնաք թէ ի՛նչն է լաւագոյնը ձեզի համար եւ թերեւս սխալ բան մը խնդրէք եթէ չաղօթէք սուրբ հոգիին համար։ Աստուած գիտէ թէ դուք կ’ուզէք իր կամքը կատարել եւ կը գիտակցի թէ իրապէս ի՛նչ բանի կարիքը ունիք։ Ասկէ զատ, իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, ան շատ մը աղօթքներ արձանագրել տուած է իր Խօսքին մէջ, որոնք փորձիչ վիճակներուն հետ առնչութիւն ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Բ. Պետրոս 1։21) Ուստի, Եհովա կրնայ նկատել որ այսպիսի ներշնչուած աղօթքներուն մէջ արտայայտուած կարգ մը զգացումներ ուղղակի ձերն են որպէս իր ծառաներէն մէկը եւ կրնայ անոնց պատասխանել։
13 Թերեւս Պօղոս եւ իր ընկերակիցները կարելի է որ չէին գիտեր ի՛նչ բանի մասին աղօթել երբ նեղութիւն կը քաշէին Ասիոյ Նահանգին մէջ։ ‘Իրենց կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուելով, մահուան վճիռը իրենց վրայ կը զգայ’։ Բայց անոնք ուրիշներէ խնդրեցին որ իրենց ի նպաստ աղաչանքներ մատուցանեն եւ Աստուծոյ վստահեցան, որ կրնայ մեռելները յարուցանել, իսկ ան փրկեց զանոնք։ (Բ. Կորնթացիս 1։8–11) Որքա՜ն սփոփարար է գիտնալ թէ Եհովա Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքները կը լսէ եւ անոնց համաձայն կը գործէ։
14. Ի՞նչ բարիք յառաջ կու գայ եթէ Եհովա թոյլատրէ որ փորձութիւն մը շարունակուի որոշ ժամանակ մը։
14 Աստուծոյ ժողովուրդը, որպէս կազմակերպութիւն մը, յաճախ շրջապատուած է փորձութիւններով։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, անոնք հալածուեցան։ Թէեւ այն ատեն իրենց դիրքին նկատմամբ յստակ հասկացողութիւն մը չունէին եւ հետեւաբար չէին գիտեր ճիշդ ի՛նչ բանի համար աղօթեն, սակայն Եհովայի Խօսքը մարգարէական աղօթքներ կը պարունակէր, որոնց ան պատասխանեց իրենց ի նպաստ։ (Սաղմոս 69, 102, 126. Եսայեայ գլուխ 12) Իսկ երբ Եհովա թոյլատրէ որ փորձութիւն մը շարունակուի որոշ ատեն մը ...։ Ասիկա կրնայ վկայութեան մը պատճառ ըլլալ, ոմանց մղել ճշմարտութիւնը ընդունելու եւ Քրիստոնեաներուն պատեհութիւն տալու եղբայրական սէր յայտնելու՝ վշտակիր հաւատակիցներուն ի նպաստ աղօթելով կամ ուրիշ կերպով անոնց օգնելով։ (Յովհաննու 13։34, 35. Բ. Կորնթացիս 1։11) Յիշեցէք որ Եհովա, իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը, անոնց համար լաւագոյն եղածը կ’ընէ եւ հարցերը այնպէս մը կ’ուղղէ որ իր սուրբ անունը պատուէ ու սրբացնէ։—Ելից 9։16. Մատթէոս 6։9
Հոգին Երբեք Մի՛ Տրտմեցնէք
15. Քրիստոնեաները կրնան Եհովայի հոգիին ապաւինիլ, որպէսզի ան ի՞նչ ընէ իրենց ի նպաստ։
15 Եթէ Եհովայի ծառայ մըն էք, ուրեմն, փորձութիւններու ընթացքին եւ ուրիշ առիթներով սուրբ հոգին խնդրեցէք։ Ապա, անպայման անոր առաջնորդութեան հետեւեցէք, քանի որ Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ սուրբ հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար»։ (Եփեսացիս 4։30) Աստուծոյ հոգին, անցեալին եւ ներկայիս, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներուն համար կնիք մը, կամ ‘գալիքին գրաւ’ն է, այսինքն, երկնային անմահ կեանքին։ (Բ. Կորնթացիս 1։22. Հռովմայեցիս 8։15. Ա. Կորնթացիս 15։50–57. Յայտնութիւն 2։10) Թէ՛ օծեալ Քրիստոնեաները եւ թէ երկրային յոյս ունեցողները կրնան վստահ ըլլալ որ Եհովայի հոգին շատ բան պիտի ընէ իրենց ի նպաստ։ Անիկա կրնայ զիրենք առաջնորդել հաւատարիմ ընթացք մը ունենալու եւ օգնել որ մեղաւոր արարքներէ խուսափելու, որոնք Աստուծոյ տհաճութեան կ’արժանացնեն, ինչպէս նաեւ իր սուրբ հոգին կորսնցնելու եւ յաւիտենական կեանքէն զրկուելու պատճառ կ’ըլլան։—Գաղատացիս 5։19–21
16, 17. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ հոգին տրտմեցնել։
16 Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, հոգին տրտմեցնել։ Եհովա իր հոգին կը գործածէ ժողովքին մէջ միութիւն յառաջացնելու եւ պատասխանատու անհատներ նշանակելու։ Հետեւաբար, եթէ ժողովքի անդամ մը նշանակուած երէցներուն դէմ տրտնջայ, զրպարտութիւններ տարածէ, կամ նման բաներ ընէ, խաղաղութեան եւ միութեան առաջնորդող Աստուծոյ հոգիին հետեւած պիտի չըլլայ։ Ընդհանուր առմամբ, ան հոգին տրտմեցուցած պիտի ըլլայ։—Ա. Կորնթացիս 1։10. 3։1–4, 16, 17. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13. Յուդա 16
17 Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս զանոնք զգուշացուց ստութեան, յարատեւ բարկութեան, գողութեան, անվայել խօսակցութեան, պոռնկութեան, գարշելի բաներու եւ խեղկատակութեան հակումին դէմ։ Եթէ Քրիստոնեայ մը այսպիսի բաներու անձնատուր ըլլայ, ան Աստուածաշունչին մէջ հոգիէն ներշնչուած խրատին հակառակ գործած կ’ըլլայ։ (Եփեսացիս 4։17–29. 5։1–5) Այո, այս կերպով, Աստուծոյ հոգին որոշ չափով տրտմեցուցած կ’ըլլայ։
18. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ որեւէ Քրիստոնեայի երբ սկսի անտեսել հոգիէն ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքին խրատը։
18 Արդարեւ, ոեւէ Քրիստոնեայ, որ կը սկսի անտեսել հոգիէն ներշնչուած Եհովայի Խօսքին խրատը, կրնայ կեցուածք մը կամ յատկանիշ մը զարգացնելու վրայ ըլլալ, որ կրնայ յօժարակամօրէն մեղք գործելու եւ աստուածային հաճութիւնը կորսնցնելուն առաջնորդել։ Թերեւս ան տակաւին մեղք չէ գործած, սակայն այդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ։ Հոգիին առաջնորդութեան հակառակող այսպիսի Քրիստոնեայ մը զայն տրտմեցուցած կ’ըլլայ։ Այսպիսով, ան նաեւ Եհովային, սուրբ հոգիի Աղբիւրին, դէմ դրած եւ զայն տրտմեցուցած կ’ըլլայ։ Աստուած բնաւ պիտի չփափաքի այսպիսի բան մը ընել։
Շարունակեցէք Սուրբ Հոգիին Համար Աղօթել
19. Եհովայի ժողովուրդը ինչո՞ւ մանաւանդ ներկայիս իր հոգիին կարիքը ունի։
19 Եթէ Եհովայի ծառայ մըն էք, շարունակեցէք իր սուրբ հոգին խնդրել։ Մանաւանդ այս «վերջին օրեր»ու չար ժամանակներուն, Քրիստոնեաները Աստուծոյ հոգիին օգնութեան կարիքը ունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Երկնքէն դուրս նետուած եւ ներկայիս երկրին ծիրին մէջ գտնուող Բանսարկուն եւ իր դեւերը Եհովայի կազմակերպութեան դէմ զայրացած են։ Հետեւաբար, հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի, Աստուծոյ ժողովուրդը իր սուրբ հոգիին կարիքը ունի առաջնորդուելու, կամ ուղղուելու եւ դժուարութիւններու եւ հալածանքի տոկալու համար կարող ըլլալու։—Յայտնութիւն 12։7–12
20, 21. Ինչո՞ւ պէտք է հետեւինք Եհովայի Խօսքին, հոգիին եւ կազմակերպութեան առաջնորդութեան։
20 Միշտ երախտապարտ եղէք այն օգնութեան համար, զոր Եհովա Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կը հայթայթէ։ Հոգիէն ներշնչուած իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ առաջնորդութեան հետեւեցէք։ Հոգիէն առաջնորդուած Աստուծոյ երկրային կազմակերպութեան հետ լիովին համագործակցեցէք։ Երբեք թոյլ մի՛ տաք ձեր անձին հակա–սուրբ գրային ընթացք մը որդեգրելու, որ սուրբ հոգին տրտմեցնելու պիտի առաջնորդէ, ինչ որ կրնայ վերջապէս պատճառ ըլլալ որ անիկա ձեզմէ հեռանայ եւ դուք հոգեւոր աղէտի հանդիպիք։—Սաղմոս 51։11
21 Եհովայի հոգիով առաջնորդուիլը միակ կերպն է զինք հաճեցնելու եւ խաղաղ, ուրախ կեանք մը վայելելու։ Նաեւ յիշեցէք թէ Յիսուս սուրբ հոգին կոչեց «օգնական» կամ «մխիթարիչ» մը։ (Յովհաննու 14։16) Անոր միջոցաւ, Աստուած Քրիստոնեաները կը մխիթարէ եւ զանոնք կը զօրացնէ իրենց փորձութիւնները դիմագրաւելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Հոգին Եհովայի ժողովուրդին ոյժ կու տայ բարի լուրը քարոզելու եւ անոնց կ’օգնէ որ սուրբ գրային կէտեր մտաբերեն, որոնք կարեւոր են լաւ վկայութիւն մը տալու համար։ (Ղուկաս 12։11, 12. Յովհաննու 14։25, 26. Գործք 1։4–8. 5։32) Աղօթքին եւ հոգիին ուղղութեան միջոցաւ, Քրիստոնեաները կրնան հաւատքի փորձութեանց հետ գլուխ ելլել երկնային իմաստութեան շնորհիւ։ Հետեւաբար, կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ, անոնք կը շարունակեն Աստուծոյ սուրբ հոգին խնդրել։ Առ ի հետեւանք, Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը։
[Ստորանիշ էջ 24]
a Թէեւ անձնաւորուած է որպէս «օգնական» մը, սակայն սուրբ հոգին անձ մը չէ, քանի որ հոգիին համար գործածուած է Յունարէն չէզոք դերանուն մը (որ Անգլերէնով “it” թարգմանուած է)։ Անձնաւորուած իմաստութեան համար, նմանապէս գործածուած են Եբրայերէն իգական դերանուններ։ (Առակաց 1։20–33. 8։1–36) Ասկէ զատ, սուրբ հոգին ‘թափուեցաւ (ՆԱ)’, ինչ որ կարելի չէ վերագրել անձի մը։—Գործք 2։33
Ի՞նչ Են Ձեր Պատասխանները
◻ Եհովայի սուրբ հոգին ինչո՞ւ պէտք է խնդրենք։
◻ Սուրբ հոգին ի՞նչ իմաստով օգնական մըն է։
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ հոգին տրտմեցնել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընելէ խուսափիլ։
◻ Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք սուրբ հոգին խնդրել եւ անոր առաջնորդութեան հետեւիլ։
[Նկար՝ էջ 23]
Ինչպէս որ սիրալիր հայր մը իր որդւոյն լաւ բաներ կու տայ, նոյնպէս Եհովան սուրբ հոգին կու տայ իր ծառաներուն որոնք զայն կը հայցեն
[Նկար՝ էջ 25]
Գիտէ՞ք Աստուծոյ հոգին ի՛նչպէս բարեխօս կ’ըլլայ աղօթող Քրիստոնեաներուն համար։