Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 6/1 էջ 19-23
  • Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ սէրը ընդդէմ մեղքին
  • Ինչ որ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հայթայթեց
  • Արդարացում՝ փրկանքի հիման վրայ
  • Աստուծոյ սէրը ուրիշներ ալ կը պարփակէ
  • Հիմա արդար կեցուածք վայելէ
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 6/1 էջ 19-23

Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը

«Շնորհքը [պիտի] թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը» (ՀՌՈՎ. 5։21)։

1, 2. Ի՞նչ երկու պարգեւներ կարելի է նկատի առնել, բայց ո՞ր մէկը աւելի մեծ արժէք ունի։

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ Մելպուրն համալսարանէն Տէյվիտ Ճ. Ուիլիամզ անունով ուսուցչապետ մը նշեց, թէ քաղաքակրթութեան համար Հռոմէական կայսրութեան օրէնքները, մնայուն արժէք ունեցող պարգեւ մըն են։ Սակայն Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Աստուած շատ աւելի թանկարժէք եւ սիրալիր պարգեւ մը շնորհած է մեզի։ Այս պարգեւը աստուածային միջոց մըն է, Աստուծոյ առջեւ ընդունելի եւ արդար կեցուածք ու փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալու համար։

2 Առումով մը, Աստուծոյ օրէնքը ազդեց այն կերպին, որով այս պարգեւը մատչելի դարձուց։ Հռովմայեցիս 5–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ այս երեսակը չներկայացուց օրէնքներուն մանրամասնութիւնները քննարկելով։ Փոխարէն, ան հետեւեալ ոգեւորիչ երաշխիքով սկսաւ. «Մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Անոնք որոնք Աստուծոյ պարգեւը կը ստանան, իրենց կարգին կը մղուին զինք սիրելու։ Պօղոս անոնցմէ մէկը ըլլալով՝ գրեց. «Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով» (Հռով. 5։1, 5)։

3. Ի՞նչ հարցումներ տրամաբանօրէն կը ծագին։

3 Սակայն ինչո՞ւ այս սիրալիր պարգեւը անհրաժեշտ էր։ Աստուած ինչպէ՞ս կրցաւ իր պարգեւը մատուցանել այնպիսի կերպով մը, որ արդար էր եւ բոլոր մարդոց պիտի օգտէր։ Ատոր որակեալ ըլլալու համար, անհատներ ի՞նչ բան հարկ է որ ընեն։ Այժմ գոհացուցիչ պատասխանները գտնենք, եւ տեսնենք թէ անոնք ինչպէ՛ս Աստուծոյ սէրը կ’ընդգծեն։

Աստուծոյ սէրը ընդդէմ մեղքին

4, 5. ա) Եհովա ի՞նչ հոյակապ կերպով իր սէրը ցուցաբերեց։ բ) Ի՞նչ ենթահող գիտնալը մեզի կ’օգնէ Հռովմայեցիս 5։12–ը հասկնալու։

4 Խոր սէրէ մղուած, Եհովան իր միածին Որդին ղրկեց՝ մարդոց օգնելու համար։ Պօղոս զայն հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9ա)։ Հոս նշուած մէկ իրողութեան վրայ խորհէ՛. «Երբ դեռ մեղաւոր էինք»։ Բոլոր մարդիկ կարիք ունին գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս մեղաւոր եղանք։

5 Պօղոս հարցը ուրուագծեց, սկսելով սա կէտով. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։ Ասիկա հասկնալու ի վիճակի ենք, քանի որ Աստուած մարդկային կեանքի ծագումին մասին արձանագրութիւն մը ըրած է։ Եհովան երկու մարդկային արարածներ ստեղծեց՝ Ադամն ու Եւան։ Ստեղծիչը կատարեալ է, նոյնն էր պարագան առաջին զոյգին՝ մեր նախահայրերուն։ Աստուած անոնց միայն մէկ սահմանափակող ցուցմունք տուաւ եւ յայտնեց թէ այդ օրէնքին չհնազանդիլը մահավճիռ պիտի բերէր (Ծն. 2։17)։ Այսուհանդերձ, անոնք ընտրեցին ապականիլ, Աստուծոյ տրամաբանական ցուցմունքը բեկանելով, եւ հետեւաբար մերժելով զինք որպէս Օրէնսդիր եւ Գերիշխան (Բ. Օր. 32։4, 5)։

6. ա) Ադամի զարմը ինչո՞ւ կը մեռնէր մովսիսական օրէնքէն առաջ ե՛ւ վերջ։ բ) Հեմոֆիլիա հիւանդութեամբ ի՞նչ կարելի է լուսաբանել։

6 Միայն մեղանչելէն ետքն է որ Ադամ զաւակներ բերաւ, բոլորին փոխանցելով մեղքն ու ատոր հետեւանքները։ Անշուշտ, Ադամի նման անոնք չէին բեկանած աստուածային օրէնքը, ուստի նոյն մեղքին համար չդատապարտուեցան. եւ անոնց ո՛չ մէկ օրինագիրք տակաւին տրուած էր (Ծն. 2։17)։ Բայց եւ այնպէս, Ադամին զարմը մեղքը ժառանգեց։ Այսպէս, մեղքն ու մահը թագաւորեցին մինչեւ այն ժամանակ, երբ Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ Օրէնքը, որ յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ անոնք մեղաւորներ էին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։13, 14)։ Ժառանգուած մեղքին ազդեցութիւնը կարելի է լուսաբանել որոշ ժառանգական հիւանդութիւններով կամ թերութիւններով, ինչպէս՝ թալասեմիա կամ հեմոֆիլիա։ Թերեւս կարդացած ես, թէ Ռուսիոյ ցարը Նիկոլա Բ. եւ իր կինը Ալեքսանդրա ունէին որդի մը՝ Ալեքսէ, որ արիւնահոսութիւն պատճառող հեմոֆիլիա հիւանդութիւնը ժառանգած էր։ Ճիշդ է որ, նոյնիսկ այսպիսի ընտանիքներու մէջ, կարգ մը երեխաներ այդ հիւանդութիւններէն չեն տառապիր, բայց անոնք տակաւի՛ն կրնան ախտակիր ըլլալ։ Մեղքին պարագան այդպէս չէ։ Ադամէն մեղքը ժառանգելը անխուսափելի էր։ Բոլո՛րը անոր ենթակայ են։ Անիկա միշտ մահաբեր է ե՛ւ բոլոր երեխաներուն կը փոխանցուի։ Այս դժուար կացութիւնը երբեք պիտի նուաճուէ՞ր։

Ինչ որ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հայթայթեց

7, 8. Ինչպէ՞ս երկու կատարեալ մարդոց ընթացքները տարբեր արդիւնքներու առաջնորդած են։

7 Սիրալիրօրէն, Եհովա կարգադրութիւն ըրաւ, որ մարդիկ ժառանգուած մեղքէն ձերբազատուին։ Պօղոս բացատրեց թէ ասիկա կարելի էր, ուրիշ կատարեալ մարդու մը՝ երկրորդ Ադամի միջոցաւ (Ա. Կոր. 15։45)։ Բայց այդ երկու կատարեալ մարդոց իւրաքանչիւրին ընթացքը, շատ տարբեր արդիւնքներու առաջնորդած է։ Ինչպէ՞ս (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։15, 16)։

8 «Շնորհքը յանցանքին պէս չէ», Պօղոս գրեց։ Ադամ այդ յանցանքը գործեց եւ իրաւամբ աննպաստ վճիռ ստացաւ,– մեռաւ։ Բայց միայն Ադամ չէր որ պիտի մեռնէր։ Կը կարդանք. «Մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան»։ Ադամի ամբողջ զարմը,– ի ներառեալ մենք,– մեղաւոր ըլլալով, մահու արժանի է։ Այսուհանդերձ, կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով, որ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս, կրնար բոլորովին տարբեր արդիւնք մը յառաջ բերել։ Ի՞նչ արդիւնք։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Բոլոր մարդոց կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ» (Հռով. 5։18, ԱԾ)։

9. Ինչպէս Հռովմայեցիս 5։16, 18–ի մէջ նշուած է, մարդիկը արդարացնելով Աստուած ի՞նչ կ’ընէր։

9 ‘Արդարացնել’ թարգմանուած յունարէն բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։ Անոր առնչութեամբ Աստուածաշունչի թարգմանիչ մը գրեց. «Ատիկա զուտ օրինական արտայայտութիւն մը չէ, բայց օրինական երեսակ մը ունի՛։ Ատիկա կը յայտնէ Աստուծոյ առջեւ փոփոխութիւն մը անհատին դիրքին մէջ, եւ ոչ թէ անհատին մէջ՝ ներքին փոփոխութիւն. . . Փոխաբերութիւնը կը նկարագրէ Աստուած որպէս դատաւոր, որ որոշում կայացուցած է ի նպաստ ամբաստանեալին, որ այլաբանօրէն խօսելով, Իր ատեանին առջեւ բերուած էր՝ անարդարութեան յանցանքով ամբաստանուած։ Բայց Աստուած ամբաստանեալը անմեղ կը հռչակէ»։

10. Յիսուս ի՞նչ ընելով հիմ հայթայթեց որ մարդիկ արդարացուին։

10 Ի՞նչ բանի հիման վրայ, ամբողջ երկրի արդար «Դատաւորը» կրնար անարդար անհատ մը անմեղ հռչակել (Ծն. 18։25)։ Կարեւոր քայլ մը առնելով, Աստուած սիրալիրօրէն իր միածին Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս կատարելապէս իր Հօր կամքը կատարեց, հակառակ փորձութիւններու, ծայրայեղ ծաղրանքի եւ նախատինքի։ Ան ուղղամիտ մնաց, նոյնիսկ տանջանքի ցիցին վրայ մահը դիմագրաւելով (Եբ. 2։10)։ Իր մարդկային կատարեալ կեանքը զոհելով, Յիսուս փրկանք հայթայթեց, որ կրնայ Ադամի սերունդը մեղքէն ու մահէն ազատել (Մատ. 20։28. Հռով. 5։6-9ա)։

11. Ի՞նչ համապատասխան բանի վրայ փրկանքը հիմնուած է։

11 Այլուր, Պօղոս ասիկա «համապատասխան փրկանք» կոչեց (Ա. Տիմ. 2։6, ՆԱ)։ Անիկա ի՞նչ կերպով համապատասխան էր։ Ադամ իր սերունդին՝ միլիառաւորներու՝ վրայ անկատարութիւնն ու մահը բերաւ։ Ճիշդ է որ Յիսուս՝ կատարեալ մարդը, կրնար միլիառաւոր կատարեալ անհատներու աղբիւրը ըլլալ։a Հետեւաբար ըսուեցաւ թէ Յիսուսի կեանքը եւ իր հաւանական կատարեալ սերունդին կեանքը միասնաբար կազմեցին զոհ մը, որ համահաւասար էր Ադամին կեանքին եւ իր անկատար սերունդին կեանքին։ Սակայն, Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Յիսուսի որեւէ հաւանական սերունդ փրկանքին մէկ մասը կազմեց։ Հռովմայեցիս 5։15-19–ն կ’ընդգծէ թէ միայն «մէկ մարդուն» մահը փրկութիւնը հայթայթեց։ Արդարեւ Յիսուսի կատարեալ կեանքը համապատասխան էր Ադամի կեանքին։ Ուշադրութիւնը կեդրոնացած է, ու պէտք է կեդրոնանայ, միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ։ Յիսուսի «արդարութեան» շնորհիւ,– իր հնազանդութեան եւ ուղղամտութեան ընթացքը մինչեւ մահ,– կարելի դարձաւ որ բոլոր մարդիկ ստանան պարգեւն ու կեանքը (Բ. Կոր. 5։14, 15. Ա. Պետ. 3։18)։ Փրկանքը ինչպէ՞ս կը գործէ։

Արդարացում՝ փրկանքի հիման վրայ

12, 13. Ինչո՞ւ անոնք որոնք կ’արդարանան, Աստուծոյ ողորմութեան եւ սիրոյն կարիքը ունին։

12 Եհովա Աստուած իր Որդիին հայթայթած փրկանքի զոհը ընդունեց (Եբ. 9։24. 10։10, 12)։ Այսուհանդերձ, երկրի վրայ Յիսուսի աշակերտները, ի ներառեալ իր հաւատարիմ առաքեալները, անկատար մնացին։ Թէեւ անոնք ջանացին խուսափիլ սխալ գործելէ, սակայն միշտ չյաջողեցան, քանի որ մեղքը ժառանգած էին (Հռով. 7։18-20)։ Բայց ասոր նկատմամբ Աստուած կրնա՛ր բան մը ընել եւ ըրա՛ւ։ Ան «համապատասխան փրկանք»ը ընդունեց եւ իր մարդկային ծառաներուն ի նպաստ զայն կիրարկելու յօժար էր։

13 Ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուած առաքեալներուն եւ ուրիշներու կը պարտէր փրկանքը կիրարկել, քանի որ որոշ բարի գործեր ըրած էին։ Փոխարէն, Աստուած ողորմութենէ եւ մեծ սէրէ մղուած, իրենց ի նպաստ փրկանքը կիրարկեց։ Ան որոշեց առաքեալներուն եւ ուրիշներու դէմ արձակուած դատավճիռը ջնջել, զանոնք ժառանգուած մեղքէն անպարտ նկատելով։ Պօղոս բացատրեց. «Շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է» (Եփ. 2։8)։

14, 15. Ի՞նչ ապագայ վարձատրութիւն ունէին անոնք որոնք արդարացան. բայց տակաւին ի՞նչ պէտք էր ընէին։

14 Պահ մը խորհէ՛ թէ ի՜նչ պարգեւ մըն է, որ Ամենակալը անհատի մը ժառանգած մեղքը եւ գործած յանցանքները ներէ։ Չես կրնար համրել մեղքերու քանակը, զորս անհատներ գործեցին քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ. սակայն փրկանքի հիման վրայ, Աստուած կրնայ այդ մեղքերը ներել։ Պօղոս գրեց. «Շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ» (Հռով. 5։16)։ Առաքեալները եւ ուրիշներ, որոնք այս սիրալիր պարգեւը ստացան (այսինքն՝ արդարացան), պէտք էր շարունակէին հաւատքով ճշմարիտ Աստուածը պաշտել։ Անոնց ի՞նչ ապագայ վարձատրութիւն կը սպասէր։ «Անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Արդարեւ արդարութեան պարգեւը Ադամի մեղքին հակառակ ազդեցութիւնը ունի. անիկա կեանք կը բերէ (Հռով. 5։17. կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30)։

15 Անոնք որոնք այդ պարգեւը կը ստանան, այսինքն՝ կ’արդարանան, Աստուծոյ հոգեւոր որդիները կ’ըլլան։ Քրիստոսի ժառանգակիցներ ըլլալով, անոնք որպէս իսկական հոգեղէն որդիներ յարուցանուելով երկինք երթալու հեռանկարը ունին, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի հետ «թագաւորեն» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։15-17, 23)։

Աստուծոյ սէրը ուրիշներ ալ կը պարփակէ

16. Նոյնիսկ հիմա ի՞նչ պարգեւ կրնան ստանալ անոնք, որոնք երկրային յոյս ունին։

16 Ո՛չ թէ բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաները, որոնք Աստուծոյ հաւատք կ’ընծայեն եւ զինք կը պաշտեն, կ’ակնկալեն երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ ‘թագաւորել’։ Աստուծոյ նախաքրիստոնէական ծառաներուն նման, շատեր Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յոյս ունին,– դրախտային երկրի վրայ յաւիտեա՛ն ապրիլ։ Անոնք կրնա՞ն նո՛յնիսկ հիմա Աստուծմէ սիրալիր պարգեւ մը ստանալ եւ այսպէս արդար նկատուիլ, երկրային կեանքի հեռանկարը ունենալով։ Հռոմայեցիներուն Պօղոսի գրածին համաձայն, հաւաստիացուցիչ պատասխանը՝ այո՛ է։

17, 18. ա) Աբրահամի հաւատքին ի տես, Աստուած զինք ինչպէ՞ս նկատեց։ բ) Եհովա ի՞նչ բանի հիման վրայ կրցաւ Աբրահամը արդար նկատել։

17 Պօղոս գլխաւոր օրինակ մը քննարկեց՝ Աբրահամ, հաւատքի տէր մարդ մը, որ ապրեցաւ Եհովայի կողմէ իսրայէլացիներուն օրինագիրք մը տրուելէն առաջ եւ Քրիստոսի կողմէ երկնային կեանքի ճամբան բացուելէն շա՜տ առաջ (Եբ. 10։19, 20)։ Կը կարդանք. «Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը» (Հռով. 4։13. Յակ. 2։23, 24)։ Ուրեմն Աստուած հաւատարիմ Աբրահամը արդար սեպեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 4։20-22)։

18 Ատիկա չի նշանակեր, թէ մինչ Աբրահամ տասնամեակ տարիներ Եհովայի կը ծառայէր, ան որեւէ մեղք չգործեց։ Ան այդ առումով արդար չէր (Հռով. 3։10, 23)։ Սակայն Եհովա իր անսահման իմաստութեամբ, Աբրահամի բացառիկ հաւատքը եւ անկէ յառաջ եկած գործերը հաշուի առաւ։ Յատկապէս, Աբրահամ հաւատք ընծայեց խոստացեալ «սերունդ»ին, որ իր շառաւիղէն պիտի գար։ Այդ Սերունդը Մեսիան կամ Քրիստոսն էր (Ծն. 15։6. 22։15-18)։ Հետեւաբար, «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութեան» հիման վրայ, երկնային Դատաւորը կրնա՛յ անցեալին գործուած մեղքերը ներել։ Ուստի Աբրահամ եւ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրած հաւատքի տէր այլ մարդիկ, յարութիւն առնելու ի վիճակի են (կարդա՛ Հռովմայեցիս 3։24, 25. Սաղ. 32։1, 2)։

Հիմա արդար կեցուածք վայելէ

19. Աբրահամի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը, ներկայիս ինչո՞ւ շատերու համար սրտապնդիչ պէտք է ըլլայ։

19 Ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար պէտք է սրտապնդիչ ըլլայ այն իրողութիւնը, թէ սիրոյ Աստուածը Աբրահամը արդար դասեց։ Եհովա Աբրահամը չարդարացուց ա՛յն առումով, որ կ’ընէ անոնց՝ զորս հոգիով կ’օծէ, որպէսզի «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» ըլլան։ Այդ սահմանափակ խումբը «սուրբ ըլլալու կանչուածներ» են եւ որպէս «Աստուծոյ որդիներ» ընդունուած են (Հռով. 1։7. 8։14, 17, 33)։ Միւս կողմէ, Աբրահամ «Աստուծոյ բարեկամ»ը եղաւ, փրկանքի զոհը հայթայթուելէն առաջ (Յակ. 2։23. Եսա. 41։8)։ Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել ճշմարիտ քրիստոնեաներու մասին, որոնք վերահաստատուած երկրային Դրախտին մէջ ապրելու յոյսը ունին։

20. Աստուած ի՞նչ կ’ակնկալէ անոնցմէ, զորս ներկայիս Աբրահամի նման արդար կը նկատէ։

20 Ասոնք «արդարութեան պարգեւ»ը չեն ստացած եւ «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութեան» միջոցով երկնային կեանքի հեռանկարը չեն ունեցած (Հռով. 3։24. 5։15, 17)։ Այսուհանդերձ, անոնք Աստուծոյ եւ իր կարգադրութիւններուն խոր հաւատք կ’ընծայեն, եւ իրենց հաւատքը բարի գործերով կը ցուցաբերեն, ինչպէս՝ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզել եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով սորվեցնել’ (Գործք 28։31)։ Ուստի, Եհովա այսպիսիները Աբրահամի նման արդար կրնայ նկատել։ Անոնց ստացած պարգեւը,– Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն,– օծեալներուն ստացած «պարգեւ»էն կը տարբերի։ Սակայն վստահաբար ատիկա պարգեւ մըն է, զոր խոր գնահատութեամբ կ’ընդունին։

21. Եհովայի սիրոյն եւ արդարութեան շնորհիւ, ի՞նչ օգուտներ մատչելի են։

21 Եթէ կը յուսաս երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելել, պէտք է գիտակցիս թէ այս պատեհութիւնը քեզի մատչելի չդարձաւ մարդկային կառավարիչի մը քմահաճ մէկ արարքին պատճառաւ։ Փոխարէն, ատիկա Տիեզերքի Գերիշխանին իմաստուն նպատակը կ’արտացոլացնէ։ Եհովա իր նպատակը իրագործելու համար, աստիճանական քայլեր առած է, որոնք իսկական արդարութեան հետ ներդաշնակ եղած են։ Աւելին, անոնք Աստուծոյ մեծ սէրը արտացոլացուցած են։ Պատշաճօրէն Պօղոս կրցաւ ըսել. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9ա)։

[Ստորանիշ]

a Օրինակ՝ այն միտքը թէ սերունդ մը պարփակուած էր, նշուած է հետեւեալ աղբիւրներուն մէջ. Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Բ. հատոր, էջ 736, պարբերութիւն 4 եւ 5. Դիտարան–ի 15 մարտ 2000 թիւը, էջ 4, պարբերութիւն 4։

Կը յիշե՞ս

• Ադամի սերունդը ի՞նչ ժառանգեց, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

• Համապատասխան փրկանք մը ինչպէ՞ս հայթայթուեցաւ, եւ ի՞նչ առումով համապատասխան էր։

• Արդարանալու պարգեւը ի՞նչ հեռանկար տուաւ քեզի։

[Նկար՝ էջ 21]

Կատարեալ մարդը Ադամ մեղանչեց։ Կատարեալ մարդը Յիսուս հայթայթեց «համապատասխան փրկանք»

[Նկար՝ էջ 23]

Ի՜նչ բարի լուր,– Յիսուսի միջոցաւ կրնա՛նք արդարանալ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել