Մտքով փոխուած ու սրտով լուսաւորուած եղէք
«Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։17
1. Մեր միտքն ու սիրտը ի՞նչ կ’ընեն մեզի համար։
ՄԱՐԴՈՑ ունեցած ամենէն հիանալի կարողութիւններէն երկուքը միտքն ու սիրտն են։ Թէեւ անոնք անհամար գործողութիւններ կը կատարեն, սակայն անոնք իւրաքանչիւր անհատի պարագային մասնայատուկ են։ Մեր անձնաւորութիւնը, խօսակցութիւնը, վարքը, զգացումները եւ արժէքները խորապէս կ’ազդուին մեր մտքին ու սրտին գործած կերպէն։
2, 3. (ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը գործածէ «սիրտ» եւ «միտք» բառերը։ (բ) Ինչո՞ւ թէ՛ սրտով եւ թէ մտքով պէտք է հետաքրքրուինք։
2 Աստուածաշունչին մէջ, «սիրտ» բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ շարժառիթին, յուզումներուն եւ ներքին զգացումներուն, իսկ «միտք» բառը՝ իմացական եւ մտածական կարողութիւններուն։ Այսուհանդերձ, անոնք իրարու հետ առնչուած են։ Օրինակի համար, Մովսէս Իսրայելացիներուն սա յորդորը տուաւ. «Սրտիդ [«մտքիդ», ՆԱ–ի լուսանցքի բացատրութիւն] մէջ դիր, թէ ... Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է»։ (Բ. Օրինաց 4։39) Յիսուս իր դէմ դաւադրող դպիրներուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք»։—Մատթէոս 9։4. Մարկոս 2։6, 7
3 Ասիկա ցոյց կու տայ թէ միտքն ու սիրտը սերտ կապակցութիւն ունին։ Անոնք իրար կ’ազդեն, երբեմն իրար կ’ամրացնեն որպէս միացած խումբ մը գործելու համար, բայց յաճախ իրարու հետ տիրապետութեան պայքար կը մղեն։ (Մատթէոս 22։37. բաղդատել Հռովմայեցիս 7։23։) Հետեւաբար, Եհովայի հաճութիւնը շահելու համար, ոչ միայն վստահ պէտք է ըլլանք մեր մտքին ու սրտին վիճակէն, այլ նաեւ պէտք է մարզենք զանոնք որ համերաշխօրէն գործեն, նոյն ուղղութեամբ ընթանան։ Մենք մտքով փոխուած ու սրտով լուսաւորուած պէտք է ըլլանք։—Սաղմոս 119։34. Առակաց 3։1
‘Հեթանոսներուն Քալած Կերպ’ը
4. Սատանան ինչպէ՞ս մարդոց մտքին ու սրտին ազդած է, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
4 Սատանան խաբէութեան ու խարդախութեան վարպետն է։ Ան գիտէ որ մարդոց վրայ իշխելու համար, անոնց միտքն ու սիրտը իր թիրախը պէտք է ընէ։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն իսկ, ան կը գործածէ այս կամ այն հնարքը այդ նպատակին հասնելու համար։ Որպէս հետեւանք, «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Իրականութեան մէջ, Սատանան այնքան յաջողութեամբ ազդած է աշխարհի մարդոց սրտին եւ մտքին որ Աստուածաշունչը զանոնք կը նկարագրէ որպէս «կամակոր ու խոտորեալ ազգ» մը։ (Փիլիպպեցիս 2։15) Պօղոս առաքեալ վառ կերպով կը նկարագրէ այդ կամակոր ու խոտորեալ ազգին սրտի ու մտքի վիճակը եւ իր խօսքերը ներկայիս կը ծառայեն որպէս ազդարարութիւն բոլորիս։ Օրինակի համար, հաճեցէք կարդալ Եփեսացիս 4։17–19 եւ զայն բաղդատել Հռովմայեցիս 1։21–24–ի Պօղոսի խօսքերուն հետ։
5. Պօղոս ինչո՞ւ ազդու խրատ գրեց Եփեսացիներուն։
5 Կրնանք Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն գրած Պօղոսի այս ազդու խօսքերուն պատճառը գնահատել, երբ յիշենք թէ այդ քաղաքը նշանաւոր էր իր բարոյական անկումով եւ հեթանոսական կռապաշտութեամբ։ Թէեւ Յոյները ունէին իրենց անուանի մտաւորականներն ու փիլիսոփաները, սակայն կը թուի որ Յունական կրթութիւնը շատ մը մարդոց աւելի ատակ դարձուց չարութեան մէջ. իսկ անոնց մշակոյթը զանոնք պարզապէս աւելի ընտէր դարձուց անառակութիւններուն մէջ։ Պօղոս խորապէս մտահոգուած էր իր Քրիստոնեայ ընկերակիցներով որոնք այսպիսի միջավայրի մը մէջ կ’ապրէին։ Ան գիտէր որ անոնցմէ շատեր նախապէս հեթանոսներ էին եւ «այս աշխարհին բռնած ճամբովը» քալած էին։ Բայց հիմա ճշմարտութիւնը ընդունած էին։ Անոնց միտքը փոխուած էր, ու սիրտը՝ լուսաւորուած։ Ամէն բանէ առաջ, Պօղոս կ’ուզէր որ անոնք ‘այնպէս քալեն ինչպէս կը վայելէ կոչումին’։—Եփեսացիս 2։2. 4։1
6. Ինչո՞ւ Պօղոսի խօսքերով պէտք է հետաքրքրուինք։
6 Պարագան նոյնն է այսօր։ Մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ խեղաթիւրուած արժէքներով, ինկած բարոյականութեամբ եւ սուտ կրօնքի սովորութիւններով լեցուն է։ Մեզմէ շատեր ատեն մը այս աշխարհին բռնած ճամբուն համաձայն ապրած են։ Ուրիշներ ամէն օր շփման մէջ են աշխարհայիններու հետ։ Ոմանք կ’ապրին ընտանիքներու մէջ, ուր աշխարհային հոգին կը տիրէ։ Հետեւաբար, պայման է որ Պօղոսի խօսքերուն իմաստը հասկնանք եւ իր խրատէն օգտուինք։
Ունայն ու Խաւարած Մտքեր
7. Պօղոս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր ‘իրենց մտքին ունայնութիւնը’ արտայայտութեամբ։
7 Զօրաւոր զարկ մը տալու համար իր յորդորին թէ Քրիստոնեաները ‘անգամ մըն ալ այնպէս չքալեն, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն’, Պօղոս նախ յիշեց ‘իրենց մտքին ունայնութիւնը’։ (Եփեսացիս 4։17) Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ ‘Ունայնութիւն’ թարգմանուած բառը, ըստ Աստուածաշունչի թարգմանութեան մը (The Anchor Bible), «իր մէջ կը պարփակէ պարապութիւն, ծուլութիւն, պատրանք, յիմարութիւն, աննպատակ եւ անարդիւնաբերութիւն»։ Այսպիսով, Պօղոս կը մատնանշէր որ Յունական եւ Հռովմէական աշխարհի համբաւն ու փառքը կրնային տպաւորիչ թուիլ, բայց զանոնք հետապնդելը իրապէս պարապ, յիմար եւ աննպատակ էր։ Անոնք որոնք համբաւի ու փառքի կը տենչան, վերջապէս միմիայն անարդիւնաբերութիւն եւ յուսախաբութիւն պիտի ունենան։ Ներկայ աշխարհին մէջ ալ պարագան նոյնն է։
8. Ի՞նչ կերպերով աշխարհի ձգտումները ունայնութիւն են։
8 Աշխարհը ունի իր մտաւորականներն ու իր ընտրանիները որոնց կը դիմեն մարդիկ իրենց խորունկ հարցումներուն պատասխաններ առնելու համար, զոր օրինակ, կեանքի ծագման ու նպատակին եւ մարդկութեան ճակատագրին մասին։ Բայց անոնք ի՞նչ ներատեսութիւն եւ ուղղութիւն կրնան մատուցանել։ Անաստուածութիւն, երեւութապաշտութիւն, բարեշրջութիւն եւ բազմաթիւ ուրիշ շփոթեցուցիչ ու հակասական գաղափարներ եւ տեսութիւններ որոնք անցեալի ծեսերէն ու աւելորդապաշտութիւններէն աւելի չեն լուսաւորեր։ Աշխարհային շատ մը հետապընդումներն ալ կրնան որոշ չափով գոհունակութիւն եւ բան մը իրագործած ըլլալու զգացումը տալ։ Մարդիկ կը խօսին գիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, մարմնամարզանքի, քաղաքականութեան եւ նման բաներու մէջ յաջողութեան եւ իրագործման մասին։ Անոնք կ’ըմբոշխնեն իրենց վաղանցիկ փառքի վայրկեանները։ Այսուհանդերձ, պատմութեան տարեգրութիւնները եւ այժմու մրցանիշի գիրքերը մոռցուած հերոսներով կը վխտան։ Այս բոլորը միմիայն ունայնութիւն, ծուլութիւն, պատրանք, յիմարութիւն, աննպատակ եւ անարդիւնաբերութիւն է։
9. Շատեր ո՞ր ունայն հետապնդումներուն կը դիմեն։
9 Այսպիսի ձգտումներու ունայնութեան գիտակցելով, շատեր նիւթապաշտական հետապնդումներու կը դիմեն—դրամ դիզել ու դրամով ձեռք ձգուած բաներ գնել—եւ անոնք այս հետապնդումները իրենց կեանքի նպատակակէտը կը դարձնեն։ Անոնք համոզուած են թէ երջանկութիւնը հարըստութեան, ստացուածքներու եւ հաճոյք փնտռելու մէջ կը կայանայ։ Անոնք ոչ միայն ատոնց վրայ կը սեւեռեն իրենց միտքը, այլ պատրաստ են ամէն բան զոհելու—իրենց առողջութիւնը, ընտանիքը, նոյնիսկ խըղճմտանքը։ Ասիկա ի՞նչ արդիւնք տուած է։ Փոխանակ բան մը իրագործած ըլլալու, անոնք ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցած են’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։10) Զարմանալի չէ որ Պօղոս յորդորեց իր Քրիստոնեայ ընկերակիցները որ այլեւս չքալեն, ինչպէս հեթանոսները կը քալեն, այդ մտածելակերպին ունայնութեան ի տես։
10. Աշխարհի մարդոց «իմացականութիւնը» ինչպէ՞ս «խաւարած է»։
10 Ցոյց տալու համար թէ աշխարհը նախանձելու կամ ընդօրինակելու արժանի բան մը չունի, Պօղոս ապա ըսաւ որ անոնց «իմացականութիւնը խաւարած է»։ (Եփեսացիս 4։18) Անշուշտ, աշխարհը գրեթէ ամէն ասպարէզի մէջ ուշիմ եւ լաւատեղեակ անհատներ ունի։ Այսուհանդերձ, Պօղոս ըսաւ որ անոնց իմացականութիւնը խաւարած է։ Ինչո՞ւ։ Իր ըրած դիտողութիւնները անոնց մտային փորձագիտութեան կամ կարողութիւններուն մասին չեն։ ‘Միտք’ արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ ակնարկել մարդկային ըմբռնումի առանցքին, հասկացողութեան վայրին, ներքին մարդուն։ Անոնք խաւարի մէջ են, քանի որ իրենց ձգտումներուն մէջ առաջնորդող լոյս կամ ուղղութեան զգացում մը չունին։ Ասիկա կարելի է տեսնել շիտակի եւ սխալի նկատմամբ անոնց ունեցած շփոթ հասկացողութենէն։ Մարդիկ կրնան խորհիլ թէ այժմու անդատապարտելի, ամէն–բան–թոյլատրելի մտայնութիւնը լուսաւորուած ըլլալու ապացոյց է, բայց, ըստ Պօղոսին, անիկա իրապէս խաւարած մտայնութիւն մըն է։ Հոգեւորապէս, անոնք ամբողջական խաւարի մէջ կը խարխափին։—Յոբ 12։25. 17։12. Եսայեայ 5։20. 59։6–10. 60։2. բաղդատել Եփեսացիս 1։17, 18։
11. Աշխարհի մէջ մտային խաւարին պատճառը ի՞նչ է։
11 Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ շատ մը բաներու մէջ մարդիկ, ուշիմ, նոյնիսկ հանճարեղ ըլլալով հանդերձ, հոգեւորապէս խաւարի մէջ են։ Բ. Կորնթացիս 4։4–ին մէջ, Պօղոս մեզի պատասխանը տուաւ. «Այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէսզի Քրիստոսին աւետարանին փառքին [փառաւոր բարի լուրին (ՆԱ)] լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ Ի՜նչ թանկագին օրհնութիւն մըն է որ փառաւոր բարի լուրը ընդունողները մտքով փոխուած ու սրտով լուսաւորուած են։
Տգէտ եւ Անզգայ Սրտեր
12. Աշխարհը ի՞նչ կերպով «օտարացած [է] Աստուծոյ կեանքէն»։
12 Մտքով փոխուած ու սրտով լուսաւորուած ըլլալու կարեւորութիւնը աւելի լաւ հասկցնելու համար, Պօղոս մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղէ այն իրողութեան թէ աշխարհի ճամբան «օտարացած [է] Աստուծոյ կեանքէն»։ (Եփեսացիս 4։18) Ան ըսել չուզեր թէ մարդիկ այլեւս չեն հաւատար Աստուծոյ կամ թէ անոնք ամբողջովին անաստուած դարձած են։ Թերթի մը սիւնակագիրը այս կերպով բացատրեց. «Անաստուած բառին տեղ, նոր բառ մը յօրինենք. սակաւ հաւատացեալ։ Սակաւ հաւատացեալ անհատները կ’ուզեն Աստուծոյ հաւատացողներու վայել վարկ ստանալ, մինչ միեւնոյն ժամանակ զայն կը պահեն տուփի մը մէջ, միայն Կիրակի առաւօտ անկէ դուրս հանելով եւ երբեք թոյլ չտալով Անոր որ շաբթուան միւս օրերու ընթացքին իրենց քաղաքական աշխարհային տեսութեան կամ անձնական կեանքին ազդէ։ [Անոնք] քիչ թէ շատ Աստուծոյ կը հաւատան, բայց չեն խորհիր որ ան շատ ըսելիք ունի արդի ընկերութեան մասին»։ Պօղոս Հռովմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ այս կերպով բացատրեց. «Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան»։ (Հռովմայեցիս 1։21) Ամէն օր անհատներ կը տեսնենք, որոնք իրենց կեանքը կը վարեն առանց Աստուծոյ մասին մտածելու։ Վստահաբար, անոնք զինք չեն պատուեր կամ իրեն շնորհակալութիւն չեն յայտներ։
13. Ի՞նչ է «Աստուծոյ կեանք»ը։
13 «Աստուծոյ կեանք» արտայայտութիւնը իմաստալից է։ Անիկա նաեւ կ’ապացուցանէ թէ մտային եւ հոգեւոր խաւարը մարդոց մէջ ի՛նչպէս շփոթութիւն ստեղծած է արժէքներու նկատմամբ։ Հոս «կեանք» թարգմանուած Յունարէն բառը պիօս չէ (որմէ ծագում կ’առնեն «պայօլօճի [կենսաբանութիւն]», «պայօկրէֆի [կենսագրութիւն]» բառերը), որ կը նշանակէ կենցաղ կամ ապրելակերպ։ Այլ, անիկա զօէ է (որմէ ծագում կ’առնեն «զու [կենդանաբանական պարտէզ]», «զոալաճի [կենդանաբանութիւն]» բառերը)։ Անիկա կը նշանակէ «կեանք՝ որպէս սկզբունք մը, կեանք՝ բացարձակ իմաստով, կեանք՝ ինչպէս Աստուած կը վայելէ։ ... Այս կեանքէն մարդս օտարացած է որպէս հետեւանք Անկումին», ըստ բառարանի մը։ (Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words.) Այսպիսով, Պօղոս մեզի կ’ըսէր որ մտային ու հոգեւոր խաւարը ոչ միայն աշխարհի մարդիկը առաջնորդած է մարմնի ապականութեան, այլ նաեւ զանոնք հեռացուցած է Աստուծոյ մատուցած յաւիտենական կեանքի յոյսէն։ (Գաղատացիս 6։8) Ինչո՞ւ։ Պօղոս շարունակեց պատճառները տալ մեզի։
14. Ի՞նչ է պատճառներէն մէկը թէ ի՛նչու աշխարհը օտարացած է Աստուծոյ կեանքէն։
14 Ամէն բանէ առաջ, ան ըսաւ որ ատիկա «իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով» է։ (Եփեսացիս 4։18) «Իրենց մէջ եղած» արտայայտութիւնը կը շեշտէ թէ տգիտութիւնը ոչ թէ պատեհութեան պակասին արդիւնքն է, այլ՝ Աստուծոյ գիտութիւնը կանխամտածութեամբ մերժելուն։ Այս արտայայտութեան ուրիշ թարգմանութիւններ են. «Աստուած ճանչնալու իրենց ներքին մերժումը» (The Anchor Bible). «առանց գիտութեան, քանի որ անոնք իրենց սիրտը գացած են անոր հանդէպ» (Jerusalem Bible)։ Քանի որ անոնք Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւնը կը մերժեն, կամ յամառօրէն կ’արհամարհեն, հիմ մը չունին ձեռք ձգելու այն կեանքը զոր Եհովա կը հրամցնէ անոնց՝ որոնք հաւատք կ’ընծայեն իր Որդւոյն որ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3. Ա. Տիմոթէոս 6։19
15. Ի՞նչ բան կը նպաստէ որ այս աշխարհը օտարանայ Աստուծոյ կեանքէն։
15 Ըստ Պօղոսին, ‘իրենց սրտին բթութիւնը’ ուրիշ պատճառ մըն է որով աշխարհը ընդհանուր առմամբ օտարացած է Աստուծոյ կեանքէն։ (Եփեսացիս 4։18) «Բթութիւն» բառը հոս գլխաւորաբար կը նշանակէ կարծրութիւն, կարծես թէ կոշտերով ծածկուած է։ Բոլորս ալ գիտենք թէ կոշտերը ի՛նչպէս կը զարգանան։ Սկիզբը մորթը կրնայ փափուկ եւ զգայուն ըլլալ, բայց եթէ անիկա անդադար որոշ ճնշումի կամ շփումի ներքեւ գայ, կը կարծրանայ եւ կը հաստանայ, կոշտ մը կազմելով։ Անիկա այլեւս բորբոքում չ’զգար։ Նմանապէս, մարդիկ կարծրացած կամ կոշտաւոր սրտով մը չեն ծնիր, այնպէս որ Աստուծոյ հանդէպ ինքնաբերաբար անզգայ ըլլան։ Բայց քանի որ կ’ապրինք այս աշխարհին մէջ եւ անոր հոգիին ենթակայ ենք, շատ չանցած սիրտը կրնայ կոշտաւոր դառնալ կամ կարծրանալ, եթէ չպահպանուի։ Ատոր համար է որ Պօղոս ազդարարեց. «Նայեցէ՛ք ... չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը»։ (Եբրայեցիս 3։7–13. Սաղմոս 95։8–10) Հետեւաբար, որքա՜ն ստիպողական է որ մտքով փոխուած ու սրտով լուսաւորուած մնանք։
«Անզգայ Ըլլալ»
16. Աշխարհի մտային խաւարին եւ Աստուծոյ կեանքէն օտարանալուն հետեւանքը ի՞նչ է։
16 Այսպիսի խաւարի եւ օտարացումի հետեւանքը ամփոփուած է Պօղոսի յաջորդ խօսքերուն մէջ. «Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան [մեղկ վարքին (ՆԱ)] տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու»։ (Եփեսացիս 4։19) «Անզգայ ըլլալ» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ «ցաւ զգալէ դադրիլ», բարոյական ցաւ։ Այսպէս կ’ըլլայ կոշտաւոր սրտին վիճակը։ Երբ անիկա սկսի խղճմտանքի խայթ չզգալ եւ Աստուծոյ առջեւ համարատու ըլլալու զգացումը կորսնցնէ, այլեւս որեւէ արգելք չի մնար։ Ուստի, Պօղոս ըսաւ որ անոնք «ինքզինքնին» մեղկ վարքի եւ պղծութեան «տուին»։ Ասիկա կանխամտած, դիտումնաւոր քայլ մըն է։ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «մեղկ վարք»ը կը նշէ լիրբ, անամօթ վերաբերմունք, օրէնքի ու հեղինակութեան արհամարհում։ Նմանապէս, «ամէն կերպ պղծութիւն»ը կը պարփակէ ոչ միայն սեռային խեղաթիւրումներ, այլ նաեւ՝ կրօնքի անունով կատարուած ապականեալ բաներ, ինչպէս բեղմնաւորութեան ծեսերն ու արարողութիւնները որոնք կը կատարուէին Եփեսոսի Արտեմիսի տաճարին մէջ, որոնց քաջածանօթ էին Պօղոսի գրութիւնը կարդացողները։—Գործք 19։27, 35
17. Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ որ անզգայ եղած մարդիկը «ագահութիւնով» կը մեղանչեն։
17 Կարծես թէ մեղկ վարքի եւ ամէն կերպ պղծութեան անզուսպ կերպով անձնատուր ըլլալը չէր բաւեր, Պօղոս կ’աւելցնէ որ այսպիսի անհատներ «ագահութիւնով» կը գործեն։ Երբ տակաւին բարոյական որոշ զգացում ունեցող անհատներ մեղք գործեն, առնուազն կը խղճահարին եւ կը ջանան չկրկնել զայն։ Բայց անոնք, որոնք ‘անզգայ եղած’ են, կը մեղանչեն «ագահութիւնով» («եւ դեռ աւելին կը պահանջեն», The Anchor Bible)։ Անոնք անձկագին կը ձեռնարկեն գահավէժ մինչեւ որ ընկղմին ապականութեան խորքը—եւ զայն բնական կը սեպեն։ ‘Հեթանոսներուն կամքը’ ի՜նչ ճշգրիտ կերպով նկարագրուած է։—Ա. Պետրոս 4։3, 4
18. Առ ի ամփոփում, Պօղոս ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ աշխարհի մտային ու հոգեւոր վիճակին մասին։
18 Միայն երեք համարներով՝ Եփեսացիս 4։17–19՝ Պօղոս կը քօղազերծէ աշխարհի բարոյական եւ հոգեւոր իսկական վիճակը։ Ան կը նշէ թէ աշխարհային մտաւորականներու յառաջացուցած գաղափարներն ու տեսութիւնները եւ հարստութեան ու հաճոյքի անողոք հետապնդումը ամբողջովին ունայն են։ Ան կը պարզէ որ մտային ու հոգեւոր խաւարին պատճառաւ, աշխարհը բարոյական ճահիճի մը մէջ է, որ երթալով աւելի կը մխրճուի անոր մէջ։ Վերջապէս, ինքնակամ տգիտութեան եւ բթութեան պատճառաւ, աշխարհը անյուսօրէն օտարացած է Աստուծոյ կեանքէն։ Վստահաբար, լաւ պատճառներ ունինք որ այնպէս չքալենք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն։
19. Տակաւին ի՞նչ կարեւոր հարցումներ նկատի պէտք է առնուին։
19 Քանի որ մտքի ու սրտի խաւարն է, որ պատճառ կ’ըլլայ որ աշխարհը օտարանայ Եհովա Աստուծմէ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտքէն ու սրտէն ամէն խաւար վանել։ Այո, ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի շարունակենք լոյսի որդիներու պէս քալել եւ Աստուծոյ հաճութիւնը պահել։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Ի՞նչ բան մղեց Պօղոսի որ Եփեսացիս 4։17–19–ի ազդու խրատը գրէ։
◻ Աշխարհի ճամբաները ինչո՞ւ ունայն ու խաւարած են։
◻ «Օտարացած [է] Աստուծոյ կեանքէն» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
◻ Խաւարած մտքի մը եւ անզգայ սրտի մը հետեւանքները ի՞նչ են։
[Նկար՝ էջ 8]
Եփեսոս նշանաւոր էր իր բարոյական անկումով եւ կռապաշտութեամբ
1. Հռովմէացի սուսերամարտիկ, Եփեսոսի մէջ
2. Արտեմիսի տաճարին աւերակները
3. Թատրոն մը, Եփեսոսի մէջ
4. Եփեսոսի Արտեմիսը, բեղմնաւորութեան չաստուածուհին
[Նկար՝ էջ 9]
Աշխարհի ընտրանիները մատուցանելիք ի՞նչ ներատեսութիւն ունին։
Ներոն
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Musei Capitolini, Roma