Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 6/1 էջ 12-17
  • «Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոսին Մասին Սորվեցէք
  • ‘Հին Անձնաւորութիւնը Ձեր Վրայէն Հանեցէք’
  • Նոր ‘Մտքի Հոգի’ մը
  • ‘Նոր Անձնաւորութիւնը Ձեր Վրայ Հագէք’
  • «Լոյսի Որդիներու Պէս Քալեցէք»
  • ‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • «Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 6/1 էջ 12-17

«Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք»

«Նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։24

1. Եհովայի երկրպագուները ի՞նչ բանով օրհնուած են։ Ինչո՞ւ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ ‘լոյսի Հայր’ն է եւ «անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ»։ (Յակոբու 1։17. Ա. Յովհաննու 1։5) Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ (Յովհաննու 8։12) Հետեւաբար, Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները, իր Որդւոյն հետեւորդները, օրհնուած են մտային, բարոյական եւ հոգեւոր լուսաւորութեամբ եւ անոնք «լուսաւորներու պէս կը փայլի[ն] աշխարհի մէջ»։—Փիլիպպեցիս 2։15

2. Աստուծոյ ժողովուրդին եւ աշխարհին միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն նախագուշակուեցաւ։

2 Շատ առաջ, Եսայի մարգարէն ներշնչմամբ նախագուշակեց այս հակադրութիւնը. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ»։ Իրականութեան մէջ, կ’ըսուի որ Աստուծմէ օտարացած ամբողջ մարդկութիւնը «այս խաւար աշխարհին իշխաններուն» զօրութեան եւ ազդեցութեան ներքեւ է։—Եսայեայ 60։2. Եփեսացիս 6։12

3. Ի՞նչ պատճառներու համար խորապէս հետաքրքրուած ենք Պօղոսի այժմէական խրատով։

3 Պօղոս առաքեալ շատ հետաքրքրուած էր որ իր ընկերակից Քրիստոնեաները այսպիսի խաւարէ մը զերծ մնային։ Ան յորդորեց որ անոնք «անգամ մըն ալ այնպէս չքալ[են], ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն», այլ «լոյսի որդիներու պէս քալե[ն]»։ (Եփեսացիս 4։17. 5։8) Ան նաեւ բացատրեց թէ ի՛նչպէս կրնային յաջողիլ ասոր մէջ։ Այսօր, ազգերը ծածկող խաւարն ու մառախուղը աւելի թանձրացած են։ Աշխարհը բարոյական ու հոգեւոր անկումի տիղմին մէջ աւելի մխրճուած է։ Եհովայի երկրպագուները երթալով աւելի ահարկու եղող մղելիք պայքար մը ունին։ Հետեւաբար, խորապէս հետաքրքրուած ենք Պօղոսի խօսքերով։

Քրիստոսին Մասին Սորվեցէք

4. Պօղոս ի՞նչ ի մտի ունէր, երբ ըսաւ. «Դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը»։

4 Աշխարհի ունայն հետապնդումներն ու պղծութիւնը նկարագրելէ ետք, Պօղոս առաքեալ դարձեալ իր ուշադրութիւնը դարձուց Եփեսոսի իր ընկերակից Քրիստոնեաներուն։ (Հաճեցէք կարդալ Եփեսացիս 4։20, 21–ը։) Պօղոս շուրջ երեք տարիներ այդ քաղաքին մէջ քարոզած ու սորվեցուցած էր եւ ժողովքին մէջ շատերու հետ անձնապէս ծանօթացած ըլլալու էր։ (Գործք 20։31–35) Ուստի, երբ ըսաւ՝ «Դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը», ան կ’արտայայտէր իր գիտցածը թէ Եփեսացի Քրիստոնեաները թոյլատու եւ անհեղինակաւոր ճշմարտութիւն մը չսորվեցան, որ 17–էն 19 համարներուն մէջ իր նկարագրած անառակութիւնները արտօնէր։ Ան գիտէր որ անոնք պատշաճօրէն ու ճշգրտօրէն Քրիստոնէական իրական ապրելակերպը սորվեցան, որու մէջ Յիսուս Քրիստոս օրինակ հանդիսացած էր։ Այդ պատճառով, անոնք այլեւս խաւարին մէջ չէին քալեր, ինչպէս հեթանոսները կ’ընէին, այլ լոյսի որդիներ էին։

5. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ճշմարտութեան մէջ հարեւանցի ըլլալուն եւ ճշմարտութիւնը մեր մէջ ունենալուն միջեւ։

5 Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է ‘Քրիստոսը սորվիլ’ պատշաճ կերպով։ Քրիստոսը սորվելու սխալ կերպեր կա՞ն։ Այո, արդարեւ։ Նախապէս, Եփեսացիս 4։14–ին մէջ, Պօղոս զգուշացուցած էր եղբայրները. «Ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։ Բացայայտօրէն, կային ոմանք որոնք Քրիստոսին մասին սորված էին, բայց տակաւին աշխարհի ճամբաներուն մէջ կը քալէին եւ նոյնիսկ կը փորձէին ուրիշները համոզել նոյնը ընելու։ Ասիկա մեզի ցոյց կու տա՞յ պարզապէս ճշմարտութեան մէջ ըլլալու վտանգը, ինչպէս կ’ըսեն ոմանք, փոխանակ ճշմարտութիւնը մեր մէջ ունենալու։ Պօղոսի օրերուն, անոնք, որոնք միայն հարեւանցի հասկացողութիւն ունէին, ուրիշներու կողմէ դիւրաւ եւ արագօրէն կը խախտուէին եւ պարագան նոյնն է այսօր։ Ասոր առաջքը առնելու համար, Պօղոս շարունակեց ըսել որ Եփեսացիները ‘Քրիստոսի վրայով լսելու եւ Յիսուսի միջոցաւ սորվելու’ կարիքը ունէին։—Եփեսացիս 4։21

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսէ սորվիլ եւ իրեն լսել ներկայիս։

6 Պօղոսի գործածած ‘սորվիլ’ եւ ‘լսել’ արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն ուսումնասիրութեան եւ ուսուցումի մը, ինչպէս կը կատարուի դպրոցի մը մէջ։ Անշուշտ, ներկայիս չենք կրնար Յիսուսի լսել կամ ուղղակի իրմէ սորվիլ։ Բայց ան Աստուածաշունչի աշխարհածաւալ դաստիարակչական արշաւ մը կը վարէ իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45–47. 28։19, 20) Կրնանք պատշաճօրէն ու ճշգրտօրէն ‘Քրիստոսը սորվիլ’, եթէ ծառայ դասակարգին կողմէ ատենին հայթայթուած հոգեւոր կերակուրով կանոնաւորաբար սնուցանուինք, ժրաջանութեամբ զայն ուսումնասիրենք, ըլլա՛յ անձնապէս կամ ժողովքի մէջ, անոր վրայ խոկանք եւ կիրարկենք ինչ որ կը սորվինք։ Այս բոլոր հայթայթումները լման կերպով օգտագործենք, որպէսզի կարենանք ճշմարտօրէն ըսել թէ ‘անոր վրայով լսեցինք եւ անկէ սորվեցանք’։

7. Ի՞նչ նշանակութիւն կարելի է տեսնել «ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է» Պօղոսի խօսքերուն մէջ։

7 Հետաքրքրական է թէ, Եփեսացիս 4։21–ին մէջ, սորվելու ընթացքը շեշտելէ ետք, Պօղոս աւելցուց. «Ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է»։ Կարգ մը Աստուածաշունչի մեկնաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն իրողութեան թէ Պօղոս իր գրութիւններուն մէջ հազուադէպօրէն գործածած է Յիսուսի անձնական անունը առանձին։ Արդարեւ, Եփեսացիներուն յղուած նամակին մէջ, ասիկա միակ պարագան է։ Ասիկա մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունի՞։ Թերեւս Պօղոս ուշադրութիւն կը հրաւիրէր որպէս մարդ Յիսուսի ձգած օրինակին։ Յիշեցէք որ Յիսուս առիթով մը իր մասին ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ (Յովհաննու 14։6. Կողոսացիս 2։3) Յիսուս ըսաւ՝ «ես եմ ... ճշմարտութիւնը», քանի որ ան ոչ միայն անոր մասին խօսեցաւ եւ զայն սորվեցուց, այլ ապրեցաւ ու մարմնաւորեց։ Այո, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը պարզ գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ՝ ապրելակերպ մը։ ‘Քրիստոսը սորվիլ’ կը պարփակէ ճշմարտութիւնը ապրելով զինք ընդօրինակել սորվիլ։ Ձեր կեանքը Յիսուսի վրայ կը կաղապարէ՞ք։ Ամէն օր անոր քայլերուն մօտէն կը հետեւի՞ք։ Միայն այնպէս ընելով կրնանք շարունակել լոյսի որդիներու պէս քալել։

‘Հին Անձնաւորութիւնը Ձեր Վրայէն Հանեցէք’

8. Պօղոս ի՞նչ օրինակ գործածեց Եփեսացիս 4։22, 24–ին մէջ, եւ ինչո՞ւ նպատակայարմար է։

8 Ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս կրնանք յաջողութեամբ ‘Քրիստոսը սորվիլ’ եւ լոյսի որդիներու պէս քալել, Եփեսացիս 4։22–24–ին մէջ, Պօղոս շարունակեց ըսել որ երեք որոշ քայլեր կան, որոնց պէտք է հետեւինք։ Ասոնցմէ առաջինն է. «Ձեր վրայէն [հանեցէք] այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)], որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր»։ (Եփեսացիս 4։22) ‘Ձեր վրայէն Հանեցէք’ եւ ‘ձեր վրայ հագէք’ (համար՝ 24) արտայայտութիւնները հագուստ մը հանելու եւ հագուելու մտապատկերը կը ներկայացնեն։ Ասիկա փոխաբերութիւն մըն է, զոր Պօղոս յաճախ գործածեց եւ որ ազդեցիկ է։ (Հռովմայեցիս 13։12, 14. Եփեսացիս 6։11–17. Կողոսացիս 3։8–12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Երբ մեր հագուստը աղտոտուի կամ բծաւորուի, թերեւս ճաշի մը ընթացքին, առաջին առիթով կը փոխենք զայն։ Նոյն հոգածութիւնը ցոյց պէտք չէ՞ տանք, երբ մեր հոգեւոր վիճակը որեւէ կերպով արատաւորուի։

9. Ի՞նչ կերպով անհատ մը իր վրայէն կը հանէ հին անձնաւորութիւնը։

9 Ուստի, անհատ մը ինչպէ՞ս իր վրայէն կը հանէ հին անձնաւորութիւնը։ Բնագիր լեզուին մէջ ‘իր վրայէն հանել’ բայը անորոշ կատարեալ եղանակով է։ Անիկա կը մատնանշէ քայլի մը՝ որ մէկ անգամ կամ մէկ անգամ ընդ միշտ կ’առնուի։ Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ «հին մարդը», ինչպէս նաեւ մեր «առաջուան վարմունքը», լիովին ու ամբողջովին մեր վրայէն պէտք է հանենք, հաստատ եւ վճռակամ քայլով մը։ Անիկա բան մը չէ, որու մասին կրնանք յաջողութեամբ կշռադատել կամ նոյնիսկ վարանիլ։ Ինչո՞ւ արդեօք։

10. Անհատ մը ինչո՞ւ հաստատամիտ ու վճռակամ պէտք է ըլլայ հին անձնաւորութիւնը իր վրայէն հանելու մէջ։

10 «Ապականուած էր» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ «հին մարդը» բարոյական վատթարացումի անընդհատ ու յառաջդիմական ընթացքի մը մէջ է, երթալով աւելի գէշ դառնալով։ Իրականութեան մէջ, քանի որ կը մերժէ հոգեւոր լուսաւորութիւնը, ամբողջ մարդկութիւնը գահավէժ կ’ընթանայ։ Ասիկա «խաբեբայ ցանկութիւններ»ուն հետեւանքն է, ըսաւ Պօղոս։ Մարմնաւոր ցանկութիւնները խաբեբայ են, քանի որ անոնք կրնան անվնաս թուիլ, բայց ի վերջոյ աւերիչ են։ (Եբրայեցիս 3։13) Եթէ հսկողութեան տակ չառնուին, անոնց վախճանը պղծութիւն ու մահ պիտի ըլլայ։ (Հռովմայեցիս 6։21. 8։13) Ատոր համար հին անձնաւորութիւնը վճռակամօրէն եւ ամբողջովին մեր վրայէն պէտք է հանենք, ինչպէս որ մաշած, աղտոտ հագուստ մը կը հանենք։

Նոր ‘Մտքի Հոգի’ մը

11. Հոգեւոր նորոգութիւնը ուրկէ՞ պէտք է սկսի։

11 Ցեխոտ ջրակոյտէ մը դուրս ելլող անհատ մը ոչ միայն կարիքը ունի իր վրայէն աղտոտ հագուստները հանելու, այլ նաեւ ամբողջովին լուացուելու, նոր եւ մաքուր բան մը հագուելէ առաջ։ Ճիշդ այդ է որ Պօղոս ուրուագծեց որպէս երկրորդ քայլը հոգեւոր լուսաւորութեան. «Ձեր մտքով ու հոգիով [նորոգուեցէք]» կամ «Ձեր միտքը դրդող ոյժով պէտք է նորոգուիք (ՆԱ)»։ (Եփեսացիս 4։23) Ինչպէս ան մատնանշեց 17 եւ 18–րդ համարներուն մէջ, հեթանոսները կը քալեն «իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ» եւ անոնց «իմացականութիւնը խաւարած է»։ Տրամաբանօրէն, նորոգութիւնը նախ մտքէն՝ ըմբռնումի ու հասկացողութեան կեդրոնէն՝ պէտք է սկսի։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ։ Պօղոս բացատրեց որ ատիկա մեր միտքը դրդող ոյժը նորոգելով կ’ըլլայ։ Ի՞նչ է այդ ոյժը։

12. Ի՞նչ է մեր միտքը դրդող ոյժը։

12 Մեր միտքը դրդող ոյժը, որու Պօղոս ակնարկեց, արդեօք սուրբ հոգի՞ն է։ Ո՛չ։ «Ձեր միտքը դրդող ոյժ»ը արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը կարդացուի «ձեր մտքի հոգին»։ Աստուածաշունչին մէջ ոչ մէկ տեղ ըսուած է որ Աստուծոյ սուրբ հոգին մարդու մը կը պատկանի կամ մարդու մէկ մասն է։ «Հոգի» բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ «շունչ», բայց Աստուածաշունչին մէջ անիկա նաեւ գործածուած է «նշելու համար այն ոյժը որ պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը որոշ վերաբերմունք, տրամադրութիւն, կամ զգացում ցուցաբերէ, կամ որոշ քայլ մը կամ ընթացք մը առնէ»։ (Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 1026, Անգլ.) Ուստի «մտքի հոգին» այն ոյժն է, որ մեր միտքը՝ մեր մտայնութիւնը եւ հակումը՝ գործօն կը դարձնէ կամ կը դրդէ։

13. Ինչո՞ւ պէտք է նորոգել մեր մտայնութիւնը։

13 Անկատար մտքին բնական հակումն ու ձգտումը կ’ուղղուի ֆիզիքական, մարմնաւոր եւ նիւթապաշտական բաներու։ (Ժողովողի 7։20. Ա. Կորնթացիս 2։14. Կողոսացիս 1։21. 2։18) Նոյնիսկ երբ անհատ մը հին անձնաւորութիւնը իր գէշ սովորութիւններով իր վրայէն հանէ, եթէ իր մեղաւոր մտային հակումը չէ փոխած, ուշ կամ կանուխ անիկա պիտի մղէ զինք իր լքած բանին վերադառնալու։ Ասիկա չէ՞ պատահած այն շատերուն որոնք փորձած են, զոր օրինակ, ծխելը, չափազանց խմելը, կամ ուրիշ գէշ սովորութիւնները դադրեցնել։ Երբ անոնք ջանք չեն թափած իրենց միտքը դրդող ոյժը նորոգելու, վերանկումը գրեթէ անխուսափելի եղած է։ Որեւէ իրական փոփոխութիւն պէտք է պարփակէ մտքի ամբողջական նորոգում։—Հռովմայեցիս 12։2

14. Ինչպէ՞ս կարելի է մեր միտքը դրդող ոյժը նորոգել։

14 Արդ, անհատ մը ինչպէ՞ս այդ ոյժը կը նորոգէ, որպէսզի անիկա իր մտքին շիտակ ուղղութիւն տայ։ Յունարէն բնագրին մէջ «Նորոգել» բայը ներկայ եղանակով է, արտայայտելով շարունակական արարք մը։ Ուստի Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը շարունակաբար ուսումնասիրելով եւ անոր նշանակութեան վրայ խոկալով է որ կարելի է դրդող ոյժը նորոգել։ Գիտնականներ կ’ըսեն որ մեր ուղեղին մէջ, ելեկտրական կամ քիմիական ազդանշաններու կերպով ծածկագրուած տեղեկութիւններ մէկ ջղաբջիջէն միւսը կը փոխադրուին, կցորդակէտեր կոչուած շատ մը կապակցութիւններէ անցնելով։ «Որոշ տեսակի յիշողութիւն մը կը ստեղծուի ջիղերու կցորդակէտին մէջ, երբ ծածկագրուած ազդանշանը անկէ անցնի, իր ետին ձգելով իր յատուկ դրոշմը», կ’ըսէ Ուղեղը խորագրով գիրքը (Անգլ.)։ Երբ նոյն ազդանշանը յաջորդ անգամ անցնի, ջղաբջիջները կը ճանչնան զայն եւ աւելի արագ կ’ընդառաջեն։ Ժամանակի ընթացքին, ասիկա մտածելու նոր կերպ մը կը ստեղծէ անհատին մէջ։ Մինչ կը յարատեւենք հոգեւոր պիտանի տեղեկութիւններ առնել, նոր մտածելակերպ մը կը կերտուի եւ մեր միտքը դրդող ոյժը կը նորոգուի։—Փիլիպպեցիս 4։8

‘Նոր Անձնաւորութիւնը Ձեր Վրայ Հագէք’

15. Նոր անձնաւորութիւնը ի՞նչ իմաստով նոր է։

15 Վերջապէս, Պօղոս կ’ըսէ. «Նոր մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] ձեր վրայ [հագէք], որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով [հաւատարմութիւնով (ՆԱ)] ստեղծուած է»։ (Եփեսացիս 4։24) Այո, Քրիստոնեան նոր անձնաւորութիւն մը իր վրայ կը հագնի։ Հոս «նոր» բառը ոչ թէ ժամանակին կ’ակնարկէ, այլ՝ որակին։ Այսինքն, անիկա նոր չէ այն իմաստով թէ վերջնագոյն տեսակն է։ Անիկա ամբողջովին նոր, թարմ անձնաւորութիւն մըն է, ստեղծուած՝ «Աստուծոյ պատկերին պէս»։ Կողոսացիս 3։10–ին մէջ, Պօղոս նոյնանման ոճ մը գործածեց եւ ըսաւ որ անիկա կը նորոգուի «իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։ Այս նոր անձնաւորութիւնը ինչպէ՞ս մէջտեղ կու գայ։

16. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ նոր անձնաւորութիւնը «Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած է»։

16 Եհովա Աստուած մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ Իր պատկերին ու նմանութեանը պէս ստեղծեց։ Անոնք բարոյական եւ հոգեւոր յատկութիւններով օժտուեցան, որոնք զիրենք զատորոշեցին ու անասնական ստեղծագործութենէն շատ աւելի բարձր դասեցին։ (Ծննդոց 1։26, 27) Թէեւ անոնց ըմբոստութիւնը ամբողջ մարդկութիւնը մխրճեց մեղքի եւ անկատարութեան մէջ, բայց որպէս Ադամի սերունդը, մենք տակաւին կարողութիւնը ունինք բարոյական ու հոգեւոր յատկութիւններ յայտնաբերելու։ Աստուծոյ կամքն է որ փրկանքի զոհագործութեան հաւատք ընծայողները ձերբազատուին հին անձնաւորութենէն եւ ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ վայելեն։—Հռովմայեցիս 6։6. 8։19–21. Գաղատացիս 5։1, 24

17. Ինչո՞ւ արդարութիւնն ու հաւատարմութիւնը նոր անձնաւորութեան ուշագրաւ յատկանիշներն են։

17 Ճշմարիտ արդարութիւն եւ հաւատարմութիւն. երկու յատկութիւններ զորս Պօղոս ընդգծեց որպէս նոր անձնաւորութեան յատկանիշները։ Ասիկա աւելի կը շեշտէ այն իրողութիւնը թէ նոր անձնաւորութիւնը զայն Ստեղծողին պատկերին համաձայն կը նորոգուի։ Սաղմոս 145։17–ն մեզի կ’ըսէ. «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած [հաւատարիմ (ՆԱ)] է իր բոլոր գործերուն մէջ»։ Իսկ Յայտնութիւն 16։5–ը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ [հաւատարիմ (ՆԱ)] ես»։ Արդարեւ, Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած կեանք մը վարել, իր փառքը ցոլացնելով, արդարութիւնն ու հաւատարմութիւնը անհրաժեշտ յատկութիւններ են։ Զաքարիային՝ Յովհաննէս Մկրտիչին հօրը նմանինք, որ սուրբ հոգիէն մղուած Աստուած փառաբանեց, քանի որ Ան իր ժողովուրդին շնորհեց «հաւատարմութիւնով եւ արդարութիւնով», «անվախօրէն իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու առանձնաշնորհումը»։—Ղուկաս 1։74, 75, ՆԱ։

«Լոյսի Որդիներու Պէս Քալեցէք»

18. Պօղոս ինչպէ՞ս մեզի օգնեց որ աշխարհի ճամբաները տեսնենք ի՛նչպէս որ են։

18 Եփեսացիս 4։17–24–ին մէջ, Պօղոսի խօսքերը մանրամասնօրէն նկատի առնելէ ետք, անոնց մասին մտածելիք շատ բան ունինք։ 17–էն 19 համարներուն մէջ, Պօղոս մեզի կ’օգնէ որ աշխարհի ճամբաները տեսնենք ի՛նչպէս որ են։ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալը մերժելով եւ իրեն հանդէպ իրենց սրտերը խստացնելով, տակաւին աշխարհի մէջ եղողները իրենք զիրենք զրկած են կեանքի իսկական աղբիւրէն։ Հետեւաբար, առանց իրական նպատակի կամ ուղղութեան, անոնց ջանքերուն արդիւնքը կ’ըլլայ յիմարութիւն ու ունայնութիւն։ Անոնք երթալով աւելի կը մխրճուին բարոյական ու հոգեւոր անկման մէջ։ Ի՜նչ խղճալի վիճակ մը։ Իսկ մեզի համար ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մը որ վճռենք շարունակել լոյսի որդիներու պէս քալելու։

19. Պօղոս ի՞նչ վերջին քաջալերանք մը կու տայ լոյսի որդիներու պէս քալելու։

19 Ապա, 20–րդ եւ 21–րդ համարներուն մէջ, Պօղոս կը շեշտէ ճշմարտութիւնը ժրաջանութեամբ սորվելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ոչ թէ ճշմարտութեան հետ պարզապէս կապ ունենանք, այլ զայն ապրինք, ինչպէս Յիսուս ապրեցաւ։ Վերջապէս, 22–էն 24–րդ համարներուն մէջ, ան մեզ կը յորդորէ հին անձնաւորութիւնը մեր վրայէն հանել եւ նորը հագնիլ—վճռակամօրէն, հաստատամտօրէն։ Մինչ այդ, պէտք է շարունակենք մեր մտայնութիւնը առաջնորդել օգտակար, հոգեւոր ուղղութեան։ Ամէն բանէ առաջ, Եհովայի պէտք է դիմենք օգնութեան համար, մինչ կը շարունակենք լոյսի որդիներու պէս քալել։ «Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ ‘խաւարէն լոյս ծագի’, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը»։—Բ. Կորնթացիս 4։6

Կը Յիշէ՞ք

◻ Այսօր ինչպէ՞ս կրնանք ‘Քրիստոսը սորվիլ’։

◻ Հին անձնաւորութիւնը ինչո՞ւ վճռակամօրէն մեր վրայէն պէտք է հանենք։

◻ Ի՞նչ է միտքը դրդող ոյժը, եւ անիկա ինչպէ՞ս կը նորոգուի։

◻ Ո՞ր յատկութիւնները կը նշեն նոր անձնաւորութիւնը։

[Նկար՝ էջ 13]

Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»

[Նկար՝ էջ 14]

«Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք»—բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը եւ ստախօսութիւնը։—Կողոսացիս 3։8, 9

[Նկար՝ էջ 15]

«Նոր մարդը ձեր վրայ հագ[էք], որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։—Եփեսացիս 4։24

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել