Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 12/1 էջ 13-17
  • Ուրախ եղէք Եհովայով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախ եղէք Եհովայով
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուրախ Ըլլանք. Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս
  • Ուրախ Ըլլալու Անհամար Պատճառներ
  • Քարոզել—Բե՞ռ մը, թէ՝ Ուրախութիւն մը
  • Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Եհովայի ծառայութեան մէջ ձեր ուրախութիւնը պահպանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 12/1 էջ 13-17

Ուրախ եղէք Եհովայով

«Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։4

1. Ինչո՞ւ կրնանք հարց տալ թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ Քրիստոնեաները ամէն ատեն ուրախ պէտք է ըլլան։

ԱՅՍ օրերուն, ուրախանալու պատճառները հազուագիւտ են։ Հողէն շինուած մարդիկ, նոյնիսկ անկեղծ Քրիստոնեաներ, կը դիմագրաւեն վիշտ պատճառող վիճակներ—անգործութիւն, վատառողջութիւն, սիրելիներու մահ, անձնաւորութեան խնդիրներ կամ ընտանիքի անհաւատ անդամներուն կողմէ կամ նախկին ընկերներուն կողմէ հակառակութիւն։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի յորդորը հասկնալ. «Ուրախ եղէք ... ամէն ատեն»։ Արդեօք ասիկա կարելի՞ է, ի տես անհաճոյ ու դժուարին պարագաներուն որոնց հետ բոլորս ալ պէտք է պայքարինք։ Այս խօսքերուն ընդհանուր բովանդակութեան վրայ աչք մը նետելը այս հարցը յստակացնելուն պիտի նպաստէ։

Ուրախ Ըլլանք. Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս

2, 3. Ուրախութիւնը որքա՞ն կարեւոր է, ինչպէս որ լուսաբանուած է Յիսուսի եւ վաղեմի Իսրայելացիներուն պարագաներով։

2 «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։ Ասիկա մեզի կը վերյիշեցնէ շուրջ 24 դարեր առաջ Իսրայելացիներուն ուղղուած հետեւեալ խօսքերը. «Տէրոջը [Եհովայի (ՆԱ)] ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն [ամրոցն (ՆԱ)] է», կամ ըստ Moffatt–ի թարգմանութեան. «Աստուծմով ուրախանալը ձեր ոյժն է»։ (Նէեմեայ 8։10) Ուրախութիւնը ոյժ կը հայթայթէ եւ ամրոցի մը նման է, որու անհատ մը կրնայ դիմել սփոփանքի ու պաշտպանութեան համար։ Ուրախութիւնը օգնելու միջոց մը եղաւ նոյնիսկ կատարեալ մարդուն՝ Յիսուսին՝ որ տոկայ։ «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Բացայայտօրէն, դժուարութիւններու դիմաց ուրախանալու կարող ըլլալը փրկութեան համար կենսական է։

3 Աւետեաց Երկիրը մտնելէ առաջ, Իսրայելացիներուն պատուէր տրուեցաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու քու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախացէ՛ք դուն ալ, Ղեւտացին ալ եւ ձեր մէջ եղող օտարականն ալ»։ Ուրախութեամբ Եհովայի ծառայելուն մէջ թերանալուն հետեւանքները դառն պիտի ըլլային։ «Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս ..., քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր»։—Բ. Օրինաց 26։11. 28։45-47

4. Ի՞նչ բաներ կրնան մեր ուրախութեան արգելք հանդիսանալ։

4 Հետեւաբար, ստիպողական է որ ներկայ օծեալ մնացորդը եւ «ուրիշ ոչխարներ»էն եղող անոր ընկերակիցները ուրախանան։ (Յովհաննու 10։16) Պօղոս իր խրատը՝ «դարձեալ կ’ըսեմ»՝ կրկնելով, մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բարիքներուն համար ուրախանալու կարեւորութիւնը շեշտեց։ Արդեօք կ’ուրախանա՞նք, թէ ոչ ա՛յնքան մխրճուած ենք առօրեայ կեանքին մէջ որ երբեմն չենք յիշեր իսկ ուրախ ըլլալու համար մեր ունեցած բազմաթիւ պատճառները։ Խնդիրները ա՛յնքան բա՞րձր կը կուտակուին որ այլեւս չենք տեսներ Թագաւորութիւնը եւ անոր օրհնութիւնները։ Արդեօք թոյլ կու տա՞նք որ ուրիշ բաներ—Աստուծոյ օրէնքներուն անհնազանդիլը, աստուածային սկզբունքները անգիտանալը, կամ Քրիստոնէական պարտականութիւնները անտեսելը—մեր ուրախութիւնը խլեն։

5. Անբանաւոր անձ մը ինչո՞ւ ուրախ ըլլալը դժուար կը գտնէ։

5 «Ձեր քաղցրութիւնը [բանաւորութիւնը (ՆԱ)] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է»։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Անբանաւոր անձ մը հաւասարակշռութիւն չունի։ Ան թերեւս իր առողջութեան պատշաճօրէն հոգ տանելու մէջ կը թերանայ, անտեղիօրէն իր մարմինը անհարկի պրկումի կամ մտատանջութեան ենթարկելով։ Հաւանաբար ան չէ սորված իր կարողութեան սահմանները ընդունիլ եւ անոնց համաձայն ապրիլ։ Ան թերեւս շատ բարձր նպատակակէտեր կը դնէ, ապա կը փորձէ անոնց հասնիլ ամէն գնով։ Կամ, ան կրնայ իր կարողութեան սահմանները գործածել որպէս չքմեղանք դանդաղելու կամ նուազ ժրաջան ըլլալու համար։ Հաւասարակշռութիւն չունենալով եւ անբանաւոր ըլլալով, ան ուրախ ըլլալը դժուար կը գտնէ։

6. (ա) Քրիստոնեայ ընկերակիցները ի՞նչ պէտք է տեսնեն մեր մէջ, եւ միայն ե՞րբ այս պիտի ըլլայ պարագան։ (բ) Բ. Կորնթացիս 1։23–ի եւ Հռովմայեցիս 14։4–ի Պօղոսի խօսքերը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի որ բանաւոր ըլլանք։

6 Նոյնիսկ երբ հակառակորդները մեզ մոլեռանդներ նկատեն, մեր Քրիստոնեայ ընկերակիցները միշտ մեր բանաւոր ըլլալը պէտք է տեսնեն։ Իսկ անոնք պիտի տեսնեն ասիկա, եթէ հաւասարակշռուած ենք եւ եթէ կատարելութիւն չենք ակնկալեր թէ՛ մեր անձերէն եւ թէ ուրիշներէն։ Ամէն բանէ առաջ, ետ պէտք է կենանք ուրիշներու վրայ այնպիսի բեռներ դնելէ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին պահանջածէն անդին կ’անցնին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը»։ (Բ. Կորնթացիս 1։23 [Ըստ Հայերէն Աստուածաշունչին։]) Նախկին Փարիսեցի մը ըլլալով, Պօղոս լաւ գիտէր որ հեղինակութիւն ունեցողներու կողմէ դրուած ու պարտադրուած անթեք կանոնները կը մարեն ուրախութիւնը, մինչդեռ գործակիցներու ներկայացուցած օգտակար թելադրութիւնները կ’աւելցնեն զայն։ Այն իրողութիւնը թէ «Տէրը մօտ է», բանաւոր անձին պէտք է վերյիշեցնէ որ մենք «ուրիշին ծառան [պէտք չէ դատենք]. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ»։—Հռովմայեցիս 14։4

7, 8. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է ակնկալեն խնդիրներ ունենալ, այսուհանդերձ ինչպէ՞ս կարելի է որ անոնք շարունակեն ուրախ ըլլալ։

7 «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6) Մենք այսօր փորձառաբար կը տեսնենք այն «չար ժամանակներ»ը որոնց մասին Պօղոս գրեց։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ուստի Քրիստոնեաները պէտք է ակնկալեն խնդիրներու դիմաց գտնուիլ։ Պօղոսի խօսքերը՝ «ուրախ եղէք ... ամէն ատեն»՝ չեն ժխտեր այն հաւանականութիւնը թէ հաւատարիմ Քրիստոնեայ մը կրնայ սրտաբեկութեան կամ վհատութեան ատեններ ունենալ։ Պօղոս իրապաշտական կերպով ընդունեց. «Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք»։ (Բ. Կորնթացիս 4։8, 9) Սակայն, Քրիստոնեայի մը ուրախութիւնը կ’ամոքէ եւ վերջապէս կը փառատէ մտատանջութեան եւ վշտի կարճատեւ ատենները։ Անիկա պէտք եղած ոյժը կու տայ, որպէսզի շարունակենք առաջ ընթանալ, ուրախ ըլլալու բազմաթիւ պատճառները բնաւ չմոռնալով։

8 Երբ խնդիրներ ծագին, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց բնոյթը, ուրախ Քրիստոնեան խոնարհաբար աղօթքի մէջ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէ։ Ան ծայրայեղ մտատանջութեան անձնատուր չըլլար։ Խնդիրը լուծելու համար տրամաբանական չափով իր ձեռքէն եկածը ընելէ ետք, ան մնացածը Եհովայի կը յանձնէ, հետեւեալ հրաւէրին համաձայն. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ»։ Մինչ այդ, Քրիստոնեան կը շարունակէ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել Իր տուած բոլոր բարիքներուն համար։—Սաղմոս 55։22. տես նաեւ Մատթէոս 6։25-34–ը։

9. Ճշմարտութեան մասին գիտութիւնը ինչպէ՞ս մտքի խաղաղութիւն կու տայ, եւ ասիկա ի՞նչ լաւ ազդեցութիւն ունի Քրիստոնեայի մը վրայ։

9 «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։7) Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին գիտութիւն մը Քրիստոնեային միտքը կ’ազատագրէ ստութենէն եւ կ’օգնէ անոր որ առողջ մտածելակերպ մը զարգացնէ։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Այսպիսով, ան օգնութիւն ստացած կ’ըլլայ սխալ կամ անխոհեմ վերաբերմունքէ խուսափելու համար, որ կրնայ ուրիշներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւնները վտանգել։ Փոխանակ անարդարութեան եւ ամբարշտութեան պատճառաւ յուսախաբ ըլլալու, ան Եհովայի կը վստահի, որպէսզի մարդկութեան խնդիրները լուծէ Թագաւորութեան միջոցաւ։ Մտքի այսպիսի խաղաղութիւն մը իր սիրտը կը պահպանէ, իր շարժառիթները մաքուր կը պահէ եւ իր խորհուրդները արդարութեան ճամբուն մէջ կ’առաջնորդէ։ Մաքուր շարժառիթները եւ շիտակ խորհրդածութիւնը, իրենց կարգին, ուրախ ըլլալու անհամար պատճառներ կը հայթայթեն, հակառակ քաոսային աշխարհին պատճառած խնդիրներուն ու ճնշումներուն։

10. Իսկական ուրախութիւնը կարելի է ձեռք ձգել միայն ի՞նչ բաներու մասին խօսելով կամ մտածելով։

10 «Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Քրիստոնեայ մը չար բաներու մասին խօսելու կամ մտածելու մէջ հաճոյք չի գտներ։ Ասիկա ինքնաբերաբար անոր կեանքէն կը վանէ աշխարհի մատակարարած զբօսանքին մեծ մասը։ Ո՛չ ոք կրնայ Քրիստոնէական ուրախութիւնը պահպանել, եթէ իր միտքն ու սիրտը կը լեցնէ սուտերով, խեղկատակութիւնով եւ այն բաներով որոնք անարդար, անբարոյական, անպարկեշտ, ատելի եւ գարշելի են։ Բացայայտ է որ ո՛չ ոք կրնայ իսկական ուրախութիւն գտնել իր միտքն ու սիրտը պղծութիւնով լեցնելով։ Սատանայի ապականած աշխարհին մէջ, որքա՜ն շինիչ է գիտնալ թէ Քրիստոնեաները բազմաթիւ լաւ բաներ ունին, որոնց մասին անոնք կրնան մտածել ու խօսակցիլ։

Ուրախ Ըլլալու Անհամար Պատճառներ

11. (ա) Ո՞ր բանը բնաւ թեթեւի պէտք չէ առնուի, եւ ինչո՞ւ։ (բ) Միջազգային համաժողովի մը ներկայ գտնուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ պատուիրակի մը ու իր կնոջը վրայ։

11 Երբ ուրախ ըլլալու պատճառներուն մասին կը խօսինք, չմոռնանք մեր միջազգային եղբայրակցութիւնը։ (Ա. Պետրոս 2։17) Մինչ աշխարհի ազգային ու ցեղային խումբերը իրար հանդէպ բուռն ատելութիւն կ’արտայայտեն, Աստուծոյ ժողովուրդը սիրով իրար աւելի կը մօտենայ։ Անոր միութիւնը աչքի կը զարնէ յատկապէս միջազգային համաժողովներուն ընթացքին։ Անոնցմէ մէկուն մասին, որ տեղի ունեցաւ 1993–ին Ուքրանիոյ Գիէվ քաղաքին մէջ, Միացեալ Նահանգներէն պատուիրակ մը գրեց. «Ամբոխներու ուրախութեան արցունքները, ճառագայթող աչքերը, յարատեւ մտերմիկ ողջագուրումները եւ յղած բարեւները, որոնք խաղադաշտին մէկ կողմէն միւսը գունաւոր հովանոցներ ու դաշկինակներ կը շարժէին, բացայայտօրէն կը խօսէին աստուածպետական միութեան մասին։ Մեր սրտերը մեծապէս հպարտացան այն բանով զոր Եհովա հրաշալիօրէն իրագործած է համերկրային եղբայրակցութեամբ։ Ասիկա խորապէս ազդեց կնոջս ու ինծի եւ մեր հաւատքին նոր իմաստ մը տուաւ»։

12. Եսայեայ 60։22–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի մեր աչքերուն առջեւ։

12 Այսօր Քրիստոնեաներուն հաւատքը որքա՜ն կը զօրացնէ իրենց աչքերուն առջեւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը նկատելով։ Նկատի առնենք, զոր օրինակ, Եսայեայ 60։22–ին խօսքերը. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ 1914–ին՝ Թագաւորութեան ծննդեան ատեն՝ շատ քիչեր, միայն 5,100 հոգի, գործօն կերպով քարոզչութեան կը մասնակցէին։ Բայց անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին, համերկրային եղբայրակցութեան չափը ամէն շաբաթ միջին հաշուով 5,628 նոր մկրտուած Վկաներով կ’աւելնար։ 1993–ին, 4,709,889 գործունեայ ծառաներու գագաթ թիւի մը հասանք։ Պահ մը երեւակայեցէք. ասիկա կը նշանակէ որ 1914–ի «քիչուորը» բառացիօրէն «հազարաւոր» ըլլալու վրայ է։

13. (ա) 1914–էն ի վեր, ի՞նչ բան տեղի կ’ունենայ։ (բ) Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս կը պահեն Բ. Կորնթացիս 9։7–ին մէջ Պօղոսի խօսքերուն յայտնած սկզբունքը։

13 1914–էն ի վեր, Մեսիական Թագաւորը սկսած է իր թշնամիներուն մէջտեղը տիրել։ Անոր իշխանութեան թիկունք կանգնած են կամաւոր անհատներ որոնք իրենց ժամանակը, ոյժն ու դրամը կը տրամադրեն աշխարհածաւալ քարոզչական գործը, ինչպէս նաեւ միջազգային շինարարութեան արշաւը, կատարելու համար։ (Սաղմոս 110։2, 3) Եհովայի Վկաները կ’ուրախանան որ դրամական նուիրատուութիւնները կը կատարուին այս գործունէութիւնները ամբողջացնելու համար, թէեւ դրամը քիչ անգամ կը յիշուի իրենց ժողովներուն մէջ։a (Բաղդատել Ա. Մնացորդաց 29։9։) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նուիրատուութիւն ընելու համար խթանուելու կարիքը չունին. անոնք իրենց պարագաներուն ներած չափով առանձնաշնորհում կը սեպեն իրենց Թագաւորին թիկունք կանգնիլը, ամէն մէկը «ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի ... ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ»։—Բ. Կորնթացիս 9։7

14. 1919–էն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ի՞նչ վիճակ ի յայտ եկած է, ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ տալով անոնց։

14 Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատութիւնը, որ գուշակուած էր, հոգեւոր դրախտի մը ստեղծուելուն առաջնորդած է։ 1919–էն ի վեր, անոր սահմանները աստիճանաբար ընդարձակուած են։ (Սաղմոս 14։7. Եսայեայ 52։9, 10) Ի՞նչ արդիւնքով։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն» կը վայելեն։ (Եսայեայ 51։11) Յառաջ եկած լաւ պտուղները կը փաստեն ինչ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին կրնայ իրագործել անկատար մարդոց միջոցաւ։ Ամբողջ վարկը եւ պատիւը Եհովայի կ’երթայ, բայց Աստուծոյ գործակիցը ըլլալէն աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը կրնա՞յ ըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Եհովա բաւական կարողութիւն ունի պատճառ ըլլալու որ քարերը ճշմարտութեան պատգամը աղաղակեն, եթէ հարկ ըլլայ։ Այսուհանդերձ, ան յարմար տեսած է որ այս կերպին չդիմէ, այլ ան հողէն շինուած կամաւոր արարածներ կը դրդէ, որ իր կամքը կատարեն։—Ղուկաս 19։40

15. (ա) Այժմու ո՞ր իրադարձութիւններուն հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք։ (բ) Ի՞նչ դէպք ուրախութեամբ կը սպասենք։

15 Ահով լեցուն, Եհովայի ծառաները այժմ կը դիտեն աշխարհի իրադարձութիւնները, որոնք կապ ունին Աստուածաշունչի ուշագրաւ մարգարէութիւններուն հետ։ Ազգերը ճիգ կը թափեն կայուն խաղաղութիւն մը իրագործելու համար, բայց ի զուր։ Իրադարձութիւնները զանոնք կը ստիպեն, որ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան դիմեն, որպէսզի անիկա գործի լծուի աշխարհի տագնապալից շրջաններուն մէջ։ (Յայտնութիւն 13։15-17) Մինչ այդ, Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն մեծ ակնկալութեամբ առաջ կը նայի դէպի ամենէն ցնծալից դէպքերէն մէկուն որ տեղի պիտի ունենայ, դէպք մը որ օրէ օր աւելի կը մօտենայ։ «Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց»։—Յայտնութիւն 19։7

Քարոզել—Բե՞ռ մը, թէ՝ Ուրախութիւն մը

16. Բացատրեցէք թէ իր սորվածը գործադրելու մէջ թերանալը ի՛նչպէս կրնայ Քրիստոնեայի մը ուրախութիւնը խլել։

16 «Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ (Փիլիպպեցիս 4։9) Իրենց սորվածը գործադրելով, Քրիստոնեաները կրնան Աստուծոյ օրհնութիւնները ակնկալել։ Անոնց սորված ամենէն կարեւոր բաներէն մէկն է բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելու անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, ո՞վ կրնայ մտքի խաղաղութիւն վայելել կամ ուրախ ըլլալ, եթէ պարկեշտ սրտով անհատներէ ետ պահէ այն տեղեկութիւնները որոնցմէ կախեալ է անոնց կեանքը։—Եզեկիէլ 3։17-21. Ա. Կորնթացիս 9։16. Ա. Տիմոթէոս 4։16

17. Մեր քարոզչութիւնը ինչո՞ւ միշտ ուրախութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ։

17 Ի՜նչ ուրախութիւն է գտնել ոչխարանման անհատներ որոնք կը փափաքին Եհովայի մասին սորվիլ։ Արդարեւ, անոնք որոնք շիտակ շարժառիթով կը ծառայեն միշտ ուրախութեան աղբիւր մը պիտի նկատեն Թագաւորութեան ծառայութիւնը, քանի որ Եհովայի Վկայ մը ըլլալու գլխաւոր պատճառն է Անոր անունը փառաբանել եւ որպէս Գերիշխան Կառավարիչ Անոր դիրքին թիկունք կանգնիլ։ (Ա. Մնացորդաց 16։31) Այս իրողութեան գիտակցող անհատը ուրախ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ երբ մարդիկ անմտօրէն մերժեն իր բերած բարի լուրը։ Ան գիտէ որ անհաւատներուն քարոզելը օր մը վերջ պիտի գտնէ. իսկ Եհովայի անունը փառաբանելը անվերջ պիտի շարունակուի։

18. Ի՞նչ բան կը դրդէ Քրիստոնեային որ Եհովայի կամքը ընէ։

18 Ճշմարիտ կրօնքը կը դրդէ զայն գործադրողները որ Եհովայի պահանջած բաները ընեն, ո՛չ թէ քանի որ ստիպուած են, այլ քանի որ կ’ուզեն ընել։ (Սաղմոս 40։8. Յովհաննու 4։34) Շատեր դժուար կը գտնեն ասիկա հասկնալը։ Անգամ մը տիկին մը իրեն այցելող Վկայի մը ըսաւ. «Դուք գովասանքի արժանի էք։ Վստահաբար ես երբեք տունէ տուն պիտի չերթայի իմ կրօնքիս մասին քարոզելու համար, ինչպէս դուք կ’ընէք»։ Ժպիտով մը, Վկան պատասխանեց. «Կրնամ հասկնալ ձեր զգացումը։ Եհովայի Վկայ ըլլալէս առաջ, դուք պիտի չկարենայիք իմ անձս մղել, որ ուրիշ մարդոց երթամ կրօնքի մասին խօսելու համար։ Բայց հիմա ե՛ս կ’ուզեմ ատիկա ընել»։ Տիկինը պահ մը մտածեց, ապա եզրակացուց. «Բացայայտօրէն, ձեր կրօնքը բան մը կը մատուցանէ զոր իմ կրօնքս չըներ։ Թերեւս պէտք է հետազօտեմ»։

19. Ինչո՞ւ հիմա աննախընթաց կերպով ուրախ ըլլալու ժամանակն է։

19 1994–ի տարուան համարը, որ մեր Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ ակնբախօրէն ցուցադրուած է, կանոնաւորաբար մեզ կը յուշէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը [Եհովայի (ՆԱ)] ապաւինէ»։ (Առակաց 3։5) Մենք կրնանք Եհովայի՝ մեր ամրոցին՝ ապաւինիլ ու իր քով ապաստան գտնել. ուրախ ըլլալու աւելի մեծ պատճառ մը կրնա՞յ ըլլալ։ Սաղմոս 64։10–ն կը բացատրէ. «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ»։ Հիմա տատամսելու կամ տեղի տալու ժամանակը չէ։ Իւրաքանչիւր անցնող ամիս մեզ աւելի կը մօտեցնէ այն բանին, զոր Եհովայի ծառաները Աբէլի օրերէն ի վեր կարօտով կը սպասեն։ Հիմա է ժամանակը մեր ամբողջ սրտով Եհովայի ապաւինելու, գիտնալով որ ասկէ առաջ ուրախ ըլլալու ա՛յսքան շատ պատճառներ բնաւ չենք ունեցած։

[Ստորանիշ էջ 16]

a Համաժողովներուն եւ ամիսը անգամ մը ժողովքներուն մէջ, համառօտ տեղեկագիր մը կը կարդացուի ստացուած յօժարակամ նուիրատուութեան գումարը, ինչպէս նաեւ՝ եղած ծախսերը, տեղեկացնելու համար։ Երբեմն նամակներ կը յղուին, որոնք կը տեղեկացնեն թէ այս նուիրատուութիւնները ի՛նչպէս գործածուած են։ Այսպիսով ամէն անհատի ուշադրութեան կը յանձնուի Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ գործին նիւթական վիճակը։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ըստ Նէեմեայ 8։10–ին, ինչո՞ւ ուրախ պէտք է ըլլանք։

◻ Բ. Օրինաց 26։11–ը եւ 28։45-47–ն ինչպէ՞ս ցոյց կու տան ուրախ ըլլալու կարեւորութիւնը։

◻ Փիլիպպեցիս 4։4-9–ն ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի որ միշտ ուրախ ըլլանք։

◻ 1994–ի տարուան համարը ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառ կու տայ մեզի։

[Նկար՝ էջ 15]

Ռուս եւ Գերմանացի Վկաներ ուրախ են, որ միջազգային եղբայրակցութեան մը մաս կը կազմեն

[Նկար՝ էջ 16]

Ուրիշներու հետ ճշմարտութիւնը բաժնելը ուրախ ըլլալու պատճառ մըն է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել