Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 9/1 էջ 4-6
  • «Ճշմարիտ կեանքը» վայելեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ճշմարիտ կեանքը» վայելեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ճշմարիտ Կեանքը» Այն Ատեն
  • «Ճշմարիտ Կեանքը» Անտարակուսելի Է—Անոր Կառչեցէ՛ք
  • «Ահա, ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
    «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
  • Եհովա հաւատարիմներուն նկատմամբ իր խոստումները կը կատարէ
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 1
  • Խաղաղ կեանք՝ նոր աշխարհի մը մէջ
    Խաղաղ կեանք՝ նոր աշխարհի մը մէջ
  • Ուրախ ապագայ մը կրնաք ունենալ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 9/1 էջ 4-6

«Ճշմարիտ կեանքը» վայելեցէք

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ յաւիտենականութեան ըմբռնումը տուած է մարդուն։ (Ժողովողի 3։11) Անոր համար մարդիկ անզօր կը զգան մահուան դիմաց, բայց անիկա միեւնոյն ատեն անոնց մէջ կ’արթնցնէ ապրելու անվերջ ցանկութիւնը։

Սուրբ Աստուածաշունչը, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը, մեզի մեծ յոյս մը կու տայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Եհովա, որ սիրոյ մարմնացումն է, չէր կրնար մարդը ստեղծած ըլլալ յաւիտենականութեան ըմբռնումով, ապա միայն քանի մը տարի ապրելու դատապարտել զայն։ Մեր վիճակին վրայ ողբալու համար մեզ ստեղծած ըլլալը Աստուծոյ անձնաւորութեան հակառակ եղող բան մըն է։ Մենք չենք ստեղծուած «անբան անասուններու պէս, որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են»։—Բ. Պետրոս 2։12

Ադամն ու Եւան յաւիտենականութեան բնածին զգացումով ստեղծելով, Եհովա Աստուած «շատ բարի» բան մը ըրաւ. ան յաւիտեան ապրելու հնարաւորութեամբ ստեղծեց զանոնք։ (Ծննդոց 1։31) Բայց դժբախտաբար, առաջին զոյգը իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածեցին, Ստեղծիչէն եկած բացայայտ արգելքին անհնազանդ գտնուելով եւ իրենց սկզբնական կատարելութիւնը կորսնցնելով։ Որպէս հետեւանք, անոնք մեռան, անկատարութիւն եւ մահ փոխանցելով իրենց սերունդին։—Ծննդոց 2։17. 3։1-24. Հռովմայեցիս 5։12

Աստուածաշունչը կեանքին նպատակը եւ մահուան իմաստը որպէս առեղծուած չի ներկայացներ։ Անիկա կ’ըսէ որ մահուան մէջ, «գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (Ժողովողի 9։5, 10) Ուրիշ խօսքով, մեռելները մեռած են։ Հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը սուրբ գրային չէ, ուստի մահուան վիճակին մասին խոր արմատ կապած խորհուրդ մը չկայ որ պէտք է լուծուի։—Ծննդոց 3։19. Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 3։19, 20. Եզեկիէլ 18։4a

Աստուած նպատակ մը ունէր. ան երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց»։ Ան՝ դրախտանման վիճակներու մէջ, կատարեալ մարդոցմով ‘բնակուելու համար’ ստեղծեց զանիկա. Աստուած իր նպատակը փոխած չէ։ (Եսայեայ 45։18. Մաղաքեայ 3։6) Ասիկա իրագործելու համար ան իր Որդին երկիր ղրկեց։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով, Յիսուս Քրիստոս՝ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու միջոցը հայթայթեց։ Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննու 3։16

Աստուած վաղուց խոստացաւ որ «նոր երկինք ու նոր երկիր» պիտի ստեղծէր։ (Եսայեայ 65։17. Բ. Պետրոս 3։13) Անիկա պիտի ներփակէր սահմանափակ թիւով հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ընտրել, երկնքի մէջ ապրելու համար։ Յիսուս Քրիստոսի հետ, անոնք վարչական կորիզը կը կազմեն։ Աստուածաշունչը ասոր կ’ակնարկէ որպէս «երկնքի թագաւորութիւնը» կամ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը», որ պիտի ղեկավարէ «ինչ որ երկրի վրայ կայ»։ (Մատթէոս 4։17. 12։28. Եփեսացիս 1։10. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3) Մեր երկրագունդէն ամէն անաստուածութիւն ոչնչացնելով եւ զայն մաքրելով, Աստուած մարդկային նոր ընկերութիւն մը, կամ «նոր երկիր» մը պիտի հաստատէ։ Անոր մէջ պիտի գտնուին այն մարդիկը զորս Աստուած պիտի պաշտպանէ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան մօտալուտ կործանման ընթացքին։ (Մատթէոս 24։3, 7-14, 21. Յայտնութիւն 7։9, 13, 14) Անոնց պիտի միանան խոստացուած յարութեամբ ետ կեանքի բերուած անհատները։—Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15

«Ճշմարիտ Կեանքը» Այն Ատեն

Ապագայ Դրախտ երկրին կապակցաբար խայտալի նկարագրութիւն մը տալով, Աստուած կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ (Յայտնութիւն 21։5) Մարդկային միտքը չի կրնար լիովին ըմբռնել մարդկութեան համար Աստուծոյ ընելիք հոյակապ գործերը։ Աստուած՝ Եդեմի նմանող համերկրային դրախտ մը պիտի ստեղծէ։ (Ղուկաս 23։43) Եդեմին նման, ամէն տեղ գոյնի, ձայնի եւ ճաշակի գեղեցկութիւն ու հաճելիութիւն պիտի ըլլայ։ Աղքատութիւնն եւ ուտելիքի պակասը չքացած պիտի ըլլան, քանի որ այդ ժամանակին մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4. Սաղմոս 72։16) Այլեւս ոեւէ մէկը պիտի չըսէ՝ «Հիւանդ եմ», քանի որ հիւանդութիւնը յաւիտեան վերցուած պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 33։24) Այո, վշտի ամէն պատճառ անհետացած պիտի ըլլայ, մէջը ըլլալով մարդկութեան դարաւոր թշնամին՝ մահը։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) ‘Նոր երկրին’՝ Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ եղող մարդկային նոր ընկերութեան՝ մասին տրուած ապշեցուցիչ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ լսեց ձայն մը որ կ’ըսէր. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Ի՞նչ բան կրնար աւելի մեծ մխիթարութիւն եւ ուրախութիւն տալ, քան աստուածային այս խոստումին կատարումը։

Ապագայ կեանքը նկարագրելով, Աստուածաշունչը մասնաւորաբար շեշտ կը դնէ այն վիճակներուն վրայ, որոնք մարդուն բարոյական եւ հոգեւոր տենչերուն գոհացում պիտի տան։ Այն բոլոր գաղափարները, որոնց համար մարդկութիւնը զուր տեղը պայքարած է մինչեւ հիմա, լիովին ձեռք պիտի ձգուին։ (Մատթէոս 6։10) Անոնց մաս կը կազմէ արդարութիւնը, որ մինչեւ հիմա անկատար մնացած է, քանի որ մարդը յաճախ բիրտ հարստահարիչներու կողմէ տառապած է, որոնք տիրած են տկարներուն վրայ։ (Ժողովողի 8։9) Սաղմոսերգուն մարգարէական լեզուով գրեց Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ եղող վիճակներուն մասին. «Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 72։7

Հաւասարութիւնը ուրիշ ձգտում մըն է որու համար շատեր զոհողութիւններ ըրած են։ «Վերստին ծննդեան մէջ» Աստուած պիտի վերացնէ խտրականութիւնը։ (Մատթէոս 19։28, ստորանիշ) Բոլորը իրենց արժանապատուութիւնը պիտի պահեն։ Այս հաւասարութիւնը բիրտ կառավարութեան մը կողմէ պիտի չպարտադրուի։ Ընդհակառակը, խտրականութեան պատճառները մէջտեղէն վերցուած պիտի ըլլան, ի ներառեալ ագահութիւնը եւ հպարտութիւնը, որոնց հետեւանքով է որ մարդիկ կը ջանան ուրիշներու վրայ տիրել կամ հսկայական քանակութեամբ ապրանք կուտակել։ Եսային մարգարէացաւ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն»։—Եսայեայ 65։21, 22

Մարդը որքա՜ն տառապած է անհատական թէ հաւաքական կռիւներու մէջ թափուած արեան պատճառաւ։ Ասիկա Աբէլի սպանութենէն մինչեւ մերօրեայ պատերազմները շարունակուած է։ Մարդիկ որքա՜ն երկար ժամանակ յուսացած եւ սպասած են որ խաղաղութիւն հաստատուի, բայց ի զուր։ Վերահաստատուած Դրախտին մէջ, բոլոր մարդիկ խաղաղ եւ խոնարհ պիտի ըլլան. անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

Եսայեայ 11։9–ն կ’ըսէ. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ Ժառանգուած անկատարութեան եւ ուրիշ ազդակներու պատճառով, ներկայիս կարելի չէ որ լիովին հասկնանք այս խօսքերուն տարողութիւնը։ Մենք տակաւին պէտք ունինք սորվելու թէ Աստուծոյ կատարեալ գիտութիւնը ի՛նչպէս մեզ միութեան մէջ պիտի բերէ իրեն հետ եւ թէ անիկա ի՛նչպէս մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ մեզի։ Բայց քանի որ Սուրբ Գիրքը մեզի կը տեղեկացնէ որ Եհովա հոյակապ զօրութիւն, իմաստութիւն, արդարութիւն ու սէր ունեցող Աստուած մըն է, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան «նոր երկրի» բոլոր բնակիչներուն աղօթքները պիտի լսէ։

«Ճշմարիտ Կեանքը» Անտարակուսելի Է—Անոր Կառչեցէ՛ք

Շատերուն համար, աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ յաւիտենական կեանքը պարզապէս երազ մը կամ պատրանք մըն է։ Բայց Աստուածաշունչի խոստումին իրապէ՛ս հաւատացողներուն համար, այս յոյսը անտարակուսելի է։ Անիկա իրենց կեանքին մէջ խարիսխի մը նման է։ (Եբրայեցիս 6։19) Ճիշդ ինչպէս որ խարիսխ մը նաւը կայուն կը պահէ եւ արգելք կ’ըլլայ որ ան երերայ, յաւիտենական կեանքի յոյսը մարդիկը կայուն եւ վստահ կը դարձնէ եւ անոնց կ’օգնէ որ կեանքի լուրջ դժուարութիւնները դիմակալեն եւ նոյնիսկ զանոնք յաղթահարեն։

Կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ։ Ան նոյնիսկ ասիկա երաշխաւորած է երդումով՝ անփոփոխելի հաւատարմագրութեամբ մը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու»։ (Եբրայեցիս 6։17, 18) «Երկու անփոփոխելի բաներ»ը որոնք Աստուած բնաւ չի կրնար չեղեալ համարել՝ իր խոստումը եւ իր երդումն են, որոնց վրայ կը հիմնենք մեր ակնկալութիւնները։

Աստուծոյ խոստումներուն հաւատք ընծայելը մեծ մխիթարութիւն եւ հոգեւոր զօրութիւն կը հայթայթէ։ Իսրայէլի ժողովուրդին առաջնորդներէն մէկը՝ Յեսու՝ այսպիսի հաւատք մը ունէր։ Երբ Յեսու Իսրայելացիներուն իր հրաժեշտի խօսքերը կ’ուղղէր, ան տարեց էր եւ գիտէր թէ մեռնելու վրայ էր։ Բայց ան զօրութիւն եւ անսասան հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ ամբողջական վստահութենէն ծագում կ’առնէր։ Ըսելէ ետք թէ ինք ‘երկրին ճամբան կ’երթար’՝ այն ճամբան որ ամբողջ մարդկութիւնը մահուան կը տանի, Յեսու նշեց. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ Այո, Յեսու երեք անգամ կրկնեց որ Աստուած միշտ պահած է իր բոլոր խոստումները։—Յեսուայ 23։14

Դուք ալ կրնաք նոյն հաւատքը ունենալ շուտով հաստատուելիք նոր աշխարհի մասին Աստուծոյ խոստումին վրայ։ Աստուածաշունչը ջանադրութեամբ ուսումնասիրելով, պիտի հասկնաք թէ Եհովան ո՛վ է եւ թէ ինչո՛ւ բացարձակ վստահութեան արժանի է։ (Յայտնութիւն 4։10բ) Աբրահամ, Սառա, Իսահակ, Յակոբ եւ երբեմնի ուրիշ հաւատարիմներ անխախտ հաւատք ունէին, հաւատք մը որ հիմնուած էր ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ մասին իրենց ունեցած լաւ գիտութեան վրայ։ Անոնք զօրաւոր պահեցին իրենց յոյսը, հակառակ այն իրողութեան թէ իրենց ողջ եղած ժամանակ ‘խոստումները չառին’։ Բայց «հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին»։—Եբրայեցիս 11։13

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալով, հիմա «ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ին մօտենալը կը տեսնենք, որու ընթացքին երկիրը ամէն ամբարշտութենէ պիտի մաքրուի։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Վաղեմի հաւատարիմ մարդոց նման, մենք ալ ապագայ դէպքերը վստահութեամբ պիտի սպասենք, հաւատքէ, ինչպէս նաեւ, Աստուծոյ ու «ճշմարիտ կեանք»ին հանդէպ սէրէ մղուած պէտք է ըլլանք։ Նոր աշխարհին մօտ ըլլալը զօրաւոր խթան մըն է Եհովայի հաւատացողներուն ու զինք սիրողներուն համար։ Այսպիսի հաւատք եւ սէր պէտք է մշակուին, որպէսզի Աստուծոյ հաճութիւնը եւ, իր մօտալուտ մեծ օրուան ընթացքին, իր պաշտպանութիւնը վայելէք։—Սոփոնեայ 2։3. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3. Եբրայեցիս 10։37-39

Ուստի՝ կեանքը կը սիրէ՞ք։ Իսկ՝ տակաւին անկէ աւելի կը տենչա՞ք այն «ճշմարիտ կեանք»ին, ուրախ ապագայի մը հեռանկարով, այո, յաւիտենական կեանքի ակնկալութեամբ ապրելով որպէս Աստուծոյ ընդունելի ծառայ մը։ Եթէ ձեր փնտռածը այս է, Պօղոս առաքեալի յորդորին մտիկ ըրէք. ան գրեց որ ‘մեր յոյսը անստոյգ հարստութեան վրայ չդնենք, հապա Աստուծոյ վրայ’։ Պօղոս շարունակեց որ Աստուած պատուող ‘բարի գործերով հարստանանք’, որպէսզի ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգենք’։—Ա. Տիմոթէոս 6։17-19, ստորանիշ

Եհովայի Վկաներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը ընդունելով, կրնաք այն գիտութիւնը ձեռք ձգել որ «կը նշանակէ յաւիտենական կեանք»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Աստուածաշունչը սիրալիր կերպով կ’արձանագրէ այս հայրական հրաւէրը. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։—Առակաց 3։1, 2

[Ստորանիշ]

a Այս նիւթին մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, տեսնել՝ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել