Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 10/1 էջ 7-11
  • Ո՞ր սեղանէն կը կերակրուիք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞ր սեղանէն կը կերակրուիք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Դեւերուն Սեղան»էն Խուսափինք
  • ‘Հաւատարիմ Ծառան’ Եհովայի Սեղանին կը Սպասարկէ
  • Դեւերուն Սեղանին Վրայ Մատակարարուած Թունաւոր Կերակուրէն Զգուշացէք
  • Միայն Եհովայի Սեղանը Պիտի Մնայ
  • Յիսուս դեւերէն աւելի զօրաւոր է
    Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛
  • Աստուածային ուսուցումը դեւերու ուսմունքներու դէմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ի՞նչպէս կրնանք դեւերուն դիմադրել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ո՛վ երիտասարդներ, որո՞ւ ուսուցումին կը հետեւիք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 10/1 էջ 7-11

Ո՞ր սեղանէն կը կերակրուիք

«Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10։21

1. Մեր դիմաց ի՞նչ սեղաններ դրուած են, եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ անոնց առնչութեամբ։

ՊՕՂՈՍ առաքեալի այս ներշնչուած խօսքերը ցոյց կու տան որ մարդկութեան դիմաց այլաբանական երկու սեղաններ դրուած են։ Իւրաքանչիւր սեղան բնորոշուած է իր վրայ դրուած այլաբանական կերակուրով եւ բոլորս ալ կա՛մ մէկ սեղանէն եւ կամ միւսէն կ’ուտենք։ Սակայն, եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել, չենք կրնար իր սեղանէն կերակրուիլ եւ միեւնոյն ժամանակ դեւերուն սեղանէն պատառներ առնել։ Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»։—Ա. Կորնթացիս 10։20, 21

2. (ա) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Եհովային պատկանող ո՞ր սեղանը գոյութիւն ունէր, եւ որո՞նք մասնակից կ’ըլլային հաղորդութեան զոհերուն։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ ներկայիս Եհովայի սեղանէն վայելել։

2 Պօղոսի խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն հաղորդութեան զոհերը զորս վաղեմի Իսրայելացիները կը մատուցանէին Եհովայի Օրէնքին ներքեւ։ Աստուծոյ խորանը կոչուած էր սեղան մը, իսկ կ’ըսուէր որ զոհուելիք անասունը բերողը հաղորդութիւն կ’ունենար Եհովայի ու քահանաներուն հետ։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին հերթին, Եհովա հաղորդակից կ’ըլլար զոհին, քանի որ արիւնը կը սրսկուէր իր խորանին վրայ եւ ճարպը կ’այրուէր անոր տակի բոցով։ Երկրորդ, քահանան անոր հաղորդակից կ’ըլլար, ինք (ու իր ընտանիքը) զոհուած անասունին խորոված երբուծը ու աջ զիստը ուտելով։ Իսկ երրորդ, մատուցանողը հաղորդակից կ’ըլլար անոր մնացած մասը ուտելով։ (Ղեւտացւոց 7։11-36) Այսօր, Եհովայի սեղանէն վայելելը կը նշանակէ իրեն մատուցանել իր պահանջած պաշտամունքը, որու մէջ Յիսուս եւ իր առաքեալները օրինակ հանդիսացան։ Ասիկա ընելու համար, հոգեւորապէս պէտք է կերակրուինք այն բաներով զորս Եհովա կը հայթայթէ իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ։ Եհովային հետ իր սեղանէն մասնաւոր հաղորդութիւն վայելող Իսրայելացիներուն արգիլուած էր իրենց սեղանին վրայ դեւերուն զոհեր մատուցանել։ Աստուածային նոյն արգելքը ի զօրու է հոգեւոր Իսրայելացիներուն եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն պարագային։—Յովհաննու 10։16

3. Մեր օրերուն անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ դեւերուն սեղանէն վայելելու յանցանքին մէջ իյնալ։

3 Մեր օրերուն անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ դեւերուն սեղանէն վայելելու յանցանքին մէջ իյնալ։ Եհովայի հակառակ եղող որեւէ բանի շահերուն ծառայելով։ Դեւերուն սեղանը կը պարփակէ դիւային ամբողջ պրոպականտը, որու նպատակն է մեզ մոլորեցնել ու հեռացնել Եհովայէ։ Ո՞վ պիտի ուզէր այսպիսի թոյնով իր միտքն ու սիրտը կերակրել։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը մերժեն մասնակից ըլլալ այն զոհերուն զորս մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր կը մատուցանէ պատերազմի ու մամոնայի աստուածներուն։—Մատթէոս 6։24

«Դեւերուն Սեղան»էն Խուսափինք

4. Բոլորս ալ ո՞ր հարցումը կը դիմագրաւենք, եւ ինչո՞ւ պիտի չուզէինք գիտակցաբար վայելել դեւերուն սեղանէն։

4 Բոլորս ալ կը դիմագրաւենք հետեւեալ հարցումը. Ո՞ր սեղանէն կը կերակրուիմ։ Փախուստ չկայ, ստիպուած ենք կա՛մ մէկ սեղանէն ուտել եւ կամ միւսէն։ (Բաղդատել Մատթէոս 12։30։) Մենք պիտի չուզէինք գիտակցաբար վայելել դեւերուն սեղանէն։ Ատիկա ընելը միակ ճշմարիտ ու կենդանի Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ հաճութիւնը կորսնցնել պիտի նշանակէ։ Միւս կողմէն, մի՛այն Եհովայի սեղանին վրայ մատուցուածները ճաշակելը յաւիտենական ուրախ կեանքի կ’առաջնորդէ մեզ։ (Յովհաննու 17։3) Առած մը կ’ըսէ որ անհատին վիճակը իր կերածէն կախեալ է։ Ուստի, ֆիզիքական ու մտային լաւ առողջութիւն ունենալ փափաքողը իր կերածին ուշադիր պէտք է ըլլայ։ Ճիշդ ինչպէս որ շատ իւղոտ անսնունդ ուտելիքը՝ թէեւ քիմիական յաւելուածականներով համեղ կերպով պատրաստուած՝ մեր ֆիզիքական առողջութեան չի նպաստեր, նոյնպէս դիւային գաղափարներով համեմուած այս աշխարհի պրոպականտը այլաբանական անսնունդ, վատ ուտելիք մըն է, որ մեր մտքերը կ’ապականէ։

5. Ներկայիս, ինչպէ՞ս կրնանք դիւային ուսմունքներ իւրացնելէ խուսափիլ։

5 Պօղոս առաքեալ գուշակեց որ վերջին օրերուն, մարդիկ պիտի մոլորէին «դեւերու ուսմունքներ»ով։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Այսպիսի դիւային ուսմունքներ ոչ միայն կը գտնուին կրօնական սխալ հաւատալիքներու մէջ, այլ նաեւ ուրիշ կերպերով լայնօրէն կը մատակարարուին։ Օրինակի համար, պէտք է վերլուծենք եւ քննենք թէ մենք ու մեր զաւակները ի՛նչպիսի գրքեր ու պարբերաթերթեր կը կարդանք, հեռատեսիլի ի՛նչպիսի յայտագիրներ, ի՛նչպիսի թատերախաղեր ու շարժանկարներ կը դիտենք։ (Առակաց 14։15) Եթէ ժամանցի համար երեւակայական պատմութիւն մը կը կարդանք, անիկա անիմաստ բռնութեան, անօրէն սեռի, կամ ոգեհարցութեա՞ն վրայ շեշտ կը դնէ։ Եթէ տեղեկութիւն ստանալու համար իրական պատմութիւն մը կը կարդանք, անիկա «Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» չեղող փիլիսոփայութիւն մը կամ կենցա՞ղ մը կը բացատրէ։ (Կողոսացիս 2։8) Անիկա ունայն վարկածնե՞ր կը ներկայացնէ, կամ աշխարհային ընկերական շարժումներու միջամուխ ըլլա՞լը կը պաշտպանէ։ Անիկա շատ հարստանալու վճռակամութի՞ւն կը քաջալերէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9) Այդ գրականութիւնը խորամանկութեամբ հերձուածական ուսուցումնե՞ր կը ներկայացնէ, որոնք Քրիստոսի ուսուցումին հակառակ են։ Եթէ պատասխանը այո է եւ մենք կը շարունակենք այսպիսի բաներ կարդալ կամ դիտել, դեւերուն սեղանէն կերակրուելու վտանգին մէջ ենք։ Այսօր, հարիւր հազարաւոր գրականութիւններ կան, որոնք շատ պայծառամիտ եւ ընթացիկ երեւցող աշխարհային փիլիսոփայութիւններ յառաջ կը տանին։ (Ժողովողի 12։12) Բայց այս պրոպականտէն ոչ մէկը իրապէս նոր է. ոչ ալ անհատին օգտին եւ բարւոքման կը նպաստէ, ինչպէս որ խորամանկութեամբ Եւայի ըսած Սատանային խօսքերը բարւոքում չբերին անոր։—Բ. Կորնթացիս 11։3

6. Երբ Սատանան իր դիւային անսնունդ ուտելիքը համտեսելու հրաւիրէ մեզ, իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

6 Հետեւաբար, երբ Սատանան իր դիւային անսնունդ ուտելիքը համտեսելու հրաւիրէ մեզ, ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։ Յիսուսի նման. երբ ան Սատանային կողմէ փորձուեցաւ, որ քարերը հացի վերածէ։ Յիսուս պատասխանեց. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ Իսկ երբ Բանսարկուն «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» առաջարկեց Յիսուսին, եթէ ան իյնար ու պաշտամունքի արարք մը մատուցանէր իրեն, Յիսուս պատասխանեց. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասընզի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։—Մատթէոս 4։3, 4, 8-10

7. Ինչո՞ւ մենք մեզ կը խաբենք, եթէ խորհինք որ կրնանք յաջողաբար կերակրուիլ թէ՛ Եհովայի սեղանէն եւ թէ դեւերուն սեղանէն։

7 Եհովայի սեղանը եւ իր դիւային թշնամիներուն սարքած սեղանը երբեք կարելի չէ իրարու հետ հաշտեցնել։ Այո, անցեալին ատիկա ընելու փորձ մը եղած է։ Յիշեցէք Եղիա մարգարէին օրերու վաղեմի Իսրայելացիները։ Ժողովուրդը Եհովան պաշտել կը դաւանէր, բայց կը հաւատար որ ուրիշ աստուածներ՝ ինչպէս Բահաղ՝ բարգաւաճում կը խոստանային։ Եղիա ժողովուրդին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Անժխտելիօրէն, Իսրայելացիները կը կաղային «նախ մէկ ոտքի՝ ապա միւսին վրայ»։ (Գ. Թագաւորաց 18։21, The Jerusalem Bible) Եղիա ասպարէզ կարդաց Բահաղի քահանաներուն որ իրենց աստուծոյն աստուածութիւնը փաստեն։ Այն Աստուածը, որ երկնքէն կրակ իջեցնէր զոհին վրայ, պիտի փաստէր որ ինքն էր ճշմարիտ Աստուածը։ Հակառակ իրենց թափած ջանքերուն, Բահաղի քահանաները ձախողեցան։ Ապա Եղիա պարզապէս աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած»։ Անմիջապէս Եհովայէ երկնքէն կրակ իջաւ ու ջրով ողողուած ողջակէզը սպառեց։ Եհովայի աստուածութեան համոզիչ ապացոյցով խրախուսուած, ժողովուրդը, Եղիային հնազանդելով, Բահաղի 450 մարգարէները մեռցուց։ (Գ. Թագաւորաց 18։24-40) Մենք ալ այսօր, Եհովան պէտք է ընդունինք որպէս ճշմարիտ Աստուածը եւ վճռենք մի՛այն իր սեղանէն կերակրուիլ, եթէ տակաւին այս քայլը չենք առած։

‘Հաւատարիմ Ծառան’ Եհովայի Սեղանին կը Սպասարկէ

8. Յիսուս գուշակեց որ, իր ներկայութեան ընթացքին, ինք ո՞ր ծառան պիտի գործածէր իր աշակերտները հոգեւորապէս կերակրելու համար, եւ ո՞վ է այս ծառան։

8 Տէր Յիսուս Քրիստոս գուշակեց որ, իր ներկայութեան ընթացքին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը հոգեւոր կերակուր պիտի հայթայթէր իր աշակերտներուն. «Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ (Մատթէոս 24։45-47) Փաստուած է որ այս ծառան նուիրուած, օծեալ Քրիստոնեաներու դասակարգ մըն է, ոչ թէ՝ անհատ մը։ Այս դասակարգը Եհովայի սեղանին վրայ լաւագոյն հոգեւոր կերակուրը սպասարկած է թէ՛ օծեալ մնացորդին եւ թէ ‘մեծ բազմութեան’ը համար։ Այժմ չորս միլիոնէ աւելի բաղկացող ամբոխ մը՝ մեծ բազմութիւնը՝ դիրք բռնած է օծեալ մնացորդին կողքին՝ Եհովա Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութեան եւ իր Թագաւորութեան կողմը, որով ան պիտի սրբացնէ իր սուրբ անունը։—Յայտնութիւն 7։9-17

9. Ծառայ դասակարգը ի՞նչ միջոց կը գործածէ Եհովայի Վկաներուն հոգեւոր կերակուր հայթայթելու համար, եւ անոնց հոգեւոր կոչունքը մարգարէաբար ինչպէ՞ս նկարագրուած է։

9 Այս հաւատարիմ ծառայ դասակարգը Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը կը գործածէ բոլոր Եհովայի Վկաներուն հոգեւոր կերակուր հայթայթելու համար։ Մինչ Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ իրերու այս դրութեան մնացեալ մասերը սովամահ կ’ըլլան կենսատու հոգեւոր կերակուրի պակասին պատճառաւ, Եհովայի ժողովուրդը կոչունքի մէջ է։ (Ամովսեայ 8։11) Ասիկա կատարումն է Եսայեայ 25։6–ի մարգարէութեան. «Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք»։ Ինչպէս ցոյց կը տրուի 7 եւ 8–րդ համարներով, այս կոչունքը անվերջ պիտի շարունակուի։ Ատիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է հիմա Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան մէջ եղողներուն եւ ի՜նչ օրհնութիւն մը պիտի շարունակէ ըլլալ ապագային։

Դեւերուն Սեղանին Վրայ Մատակարարուած Թունաւոր Կերակուրէն Զգուշացէք

10. (ա) Չար ծառայ դասակարգը ի՞նչ տեսակ կերակուր կը մատակարարէ, եւ անոնց մղումը ի՞նչ է։ (բ) Չար ծառայ դասակարգը իր նախկին ծառայակիցներուն հետ ինչպէ՞ս կը վարուի։

10 Դեւերուն սեղանին վրայ մատակարարուած կերակուրը թունաւոր է։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, չար ծառայ դասակարգին եւ հաւատուրացներուն կողմէ մատակարարուած կերակուրը։ Անիկա չի սնուցաներ կամ կերտեր. անիկա վատառողջ է։ Անիկա չի կրնար առողջապահական ըլլալ, քանի որ հաւատուրացները այլեւս չեն կերակրուիր Եհովայի սեղանէն։ Որպէս հետեւանք, այն նոր անձնաւորութիւնը, զոր անոնք զարգացուցած էին, անհետացած է։ Զիրենք մղողը ատելավառ դառնութիւնն է, ոչ թէ՝ սուրբ հոգին։ Անոնք համակուած են միայն մէկ նպատակակէտով—իրենց նախկին ծառայակիցները ծեծել, ինչպէս Յիսուս գուշակեց։—Մատթէոս 24։48, 49

11. Չ. Թ. Ռասըլ ի՞նչ գրեց անհատի մը հոգեւոր կերակուրի ընտրութեան մասին, եւ ան Եհովայի սեղանը լքողները ինչպէ՞ս նկարագրեց։

11 Օրինակի համար, վաղուց, 1909–ին, Չ. Թ. Ռասըլ՝ Դիտարանի Ընկերութեան այդ ատենուան նախագահը՝ գրեց անոնց մասին, որոնք Եհովայի սեղանէն հեռացան ու ետքը սկսան գէշ կերպով վարուիլ իրենց նախկին ծառայակիցներուն հետ։ Դիտարան Հոկտեմբեր 1, 1909–ի թիւը ըսաւ. «Բոլոր անոնք, որոնք իրենց կապերը կը խզեն Ընկերութեան ու անոր գործունէութեան հետ, փոխանակ բարգաւաճելու կամ ուրիշները հաւատքի եւ հոգիին պարգեւներուն մէջ կերտելու, երեւութապէս հակառակը կ’ընեն—կը փորձեն վնաս հասցնել այն Դատին որու ատենօք ծառայեցին եւ աւելի թէ նուազ աղմուկով, աստիճանաբար մոռացութեան կը մատնուին, միայն իրենք իրենց եւ նոյնանման կռուազան հոգի ունեցողներուն վնասելով։ ... Եթէ ոմանք կը խորհին թէ կրնան ուրիշ սեղաններէ նոյնքան կամ աւելի լաւ կերակուր ձեռք ձգել, կամ եթէ կրնան նոյնքան կամ աւելի լաւը իրենք պատրաստել—թող իրենց ընթացքին հետեւին։ ... Բայց մինչ մենք թոյլ կու տանք որ ուրիշներ երթան ո՛ւր որ ուզեն գոհացուցիչ կերակուր ու լոյս գտնելու համար, զարմանալի է որ մեր հակառակորդները դարձողները շատ տարբեր ընթացք մը կը բռնեն։ Փոխանակ աշխարհային արիութիւն ցոյց տալով ըսելու. ‘Ես գտայ բան մը զոր կը նախընտրեմ, մնաք բարի’, անոնք այնպիսի բարկութիւն, չարակամութիւն, ատելութիւն, կռիւներ, ‘մարմնին ու Բանսարկուին գործերը’ կը ցուցաբերեն, զորս աշխարհային մարդիկ չեն ըներ։ Անոնք կարծես թէ պատուաստուած ըլլան մոլեգնութեամբ, Սատանայական կատաղութեամբ։ Անոնցմէ ոմանք մեզ կը հարուածեն եւ ապա կ’ըսեն թէ մե՛նք հարուածեցինք։ Անոնք արհամարհելի ստութիւններ ըսելու ու գրելու եւ ստորնանալու պատրաստ են»։

12. (ա) Հաւատուրացները ինչպէ՞ս կը ծեծեն իրենց ծառայակիցները։ (բ) Ինչո՞ւ վտանգաւոր է հետաքրքրութենէ մղուած հաւատուրացներու գրութիւններով կերակրուիլ։

12 Այո, հաւատուրացները գրականութիւններ կը հրատարակեն, որոնք խեղաթիւրումներու, կէս ճշմարտութիւններու եւ բոլորովին ստութեան կը դիմեն։ Անոնք նոյնիսկ Վկաներուն համաժողովներու վայրերէն դուրս կը կայնին անզգոյշները թակարդը ձգել փորձելով։ Հետեւաբար, վտանգաւոր է թոյլ տալ որ մեր հետաքրքրութիւնը մեզ այսպիսի գրութիւններով կերակրուելու կամ անոնց գռեհիկ խօսքերը մտիկ ընելու մղէ։ Մինչ կրնանք խորհիլ որ անոնք վտանգ մը չեն ներկայացներ մեզի, բայց վտանգաւոր է։ Ինչո՞ւ։ Նախ, հաւատուրացներուն կարգ մը գրականութիւնները «անոյշ խօսքերով» եւ «խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով» ստութիւններ կը ներկայացնեն։ (Հռովմայեցիս 16։17, 18. Բ. Պետրոս 2։3) Ուրիշ բան կրնայի՞նք ակնկալել դեւերուն սեղանէն։ Իսկ թէեւ հաւատուրացները կրնան նաեւ որոշ իրողութիւններ ներկայացնել, սակայն անոնք սովորաբար ընդհանուր պարունակութենէն դուրս առնուած են, ուրիշները Եհովայի սեղանէն հեռացնելու նպատակով։ Անոնց բոլոր գրութիւնները միայն կը քննադատեն ու կը քանդեն. անոնք ոչ մէկ կերպով կը կերտեն։

13, 14. Հաւատուրացներուն եւ անոնց պրոպականտին պտուղները ի՞նչ են։

13 Յիսուս ըսաւ. «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ (Մատթէոս 7։16) Արդ, հաւատուրացներուն ու անոնց գրականութիւններուն պտուղները ի՞նչ են։ Չորս բաներ կը յատկանշեն անոնց պրոպականտը։ (1) Ճարպիկութիւն։ Եփեսացիս 4։14 կ’ըսէ թէ անոնք «խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։ (2) Ամբարտաւան իմացականութիւն։ (3) Սիրոյ պակաս։ (4) Այլազան կերպի անպարկեշտութիւն։ Ասո՛նք են դեւերուն սեղանին վրայ մատակարարուած կերակուրին բաղկացուցիչ մասերը, որոնց նպատակն է Եհովայի ժողովուրդին հաւատքը տկարացնել։

14 Ուրիշ երեսակ մըն ալ կայ։ Հաւատուրացները ի՞նչ բանի վերադարձած են։ Շատ մը պարագաներուն, անոնք նորէն մտած են Քրիստոնեայ Աշխարհի ու անոր վարդապետութիւններու խաւարին մէջ, զոր օրինակ, այն համոզումին թէ բոլոր Քրիստոնեաները երկինք կ’երթան։ Ասկէ զատ, մեծամասնութիւնը այլեւս արեան, չէզոքութեան եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայելու կարիքին նկատմամբ սուրբ գրային հաստատ կեցուածք մը չ’առներ։ Սակայն, մենք խոյս տուած ենք Մեծն Բաբելոնի խաւարէն եւ երբեք չենք ուզեր անոր վերադառնալ։ (Յայտնութիւն 18։2, 4) Մենք՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներս՝ ինչո՞ւ պիտի ուզենք նոյնիսկ ակնարկ մը նետել այն պրոպականտին վրայ, զոր կը հրատարակեն Եհովայի սեղանը մերժողները որոնք այժմ բերանացի կերպով կը ծեծեն «ողջամիտ խօսքեր»ով կերակրելու համար մեզի օգնողները։—Բ. Տիմոթէոս 1։13

15. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքը մեզի կ’օգնէ որ իմաստուն ընթացք մը բռնենք, երբ հաւատուրացներուն ըրած ամբաստանութիւնները լսենք։

15 Ոմանք կրնան չափազանց հետաքրքրուիլ հաւատուրացներուն ըրած ամբաստանութիւններով։ Բայց լուրջի պէտք է առնենք Բ. Օրինաց 12։30, 31–ի սկզբունքը։ Հոս Եհովա Մովսէսի միջոցաւ Իսրայելացիները զգուշացուց թէ, երբ Աւետեաց Երկրին հեթանոս բնակիչները սեփականազրկէին, անոնք ի՛նչ բանէ պէտք էր խուսափէին։ «Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։ Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ»։ Այո, Եհովա Աստուած գիտէ թէ մարդկային հետաքրքրութիւնը ի՛նչպէս կը գործէ։ Յիշեցէք Եւան, նաեւ՝ Ղովտին կինը։ (Ղուկաս 17։32. Ա. Տիմոթէոս 2։14) Երբեք ականջ չտանք հաւատուրացներու ըսածներուն կամ ըրածներուն։ Ընդհակառակը, մարդոց կերտելով եւ Եհովայի սեղանէն հաւատարմօրէն կերակրուելով զբաղած ըլլանք։

Միայն Եհովայի Սեղանը Պիտի Մնայ

16. (ա) Շուտով ի՞նչ պիտի պատահի Սատանային, անոր դեւերուն եւ այն այլաբանական սեղանին որմէ աշխարհի ազգերը կը կերակրուին։ (բ) Ի՞նչ պիտի պատահի բոլոր անոնց որոնք կը շարունակեն դեւերուն սեղանէն կերակրուիլ։

16 Շուտով, մեծ նեղութիւնը յանկարծ պիտի պայթի, «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» արագօրէն բարձրակէտի մը հասնելով։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Անիկա իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, մինչ Եհովա կը կործանէ իրերու այս դրութիւնը եւ այլաբանական սեղանը որմէ աշխարհի ազգերը կը կերակրուին։ Եհովա նաեւ պիտի տապալէ Բանսարկու Սատանային անտեսանելի ամբողջ կազմակերպութիւնը, անոր դեւերու հրոսախումբին հետ միասին։ Անոնք, որոնք շարունակած են Սատանայի հոգեւոր սեղանէն՝ դեւերուն սեղանէն՝ կերակրուիլ, պիտի պարտադրուին ներկայ ըլլալ բառացի ճաշի մը, ոչ թէ՝ որպէս ճաշակիցներ, այլ անո՛նք պիտի ըլլան գլխաւոր ճաշը—իրենց բնաջնջումին համար։—Տես Եզեկիէլ 39։4. Յայտնութիւն 19։17, 18։

17. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը քաղեն անոնք որոնք միմիայն Եհովայի սեղանէն կը կերակրուին։

17 Միայն Եհովայի սեղանը պիտի մնայ։ Անկէ գնահատութեամբ կերակրուող անհատները պիտի պահպանուին ու յաւիտեան անկէ ուտելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։ Այլեւս որեւէ տեսակ կերակուրի պակաս պիտի չսպառնայ անոնց։ (Սաղմոս 67։6. 72։16) Անոնք կատարեալ առողջութեամբ Եհովա Աստուծոյ պիտի ծառայեն Դրախտին մէջ։ Վերջապէս, Յայտնութիւն 21։4–ի սրտայոյզ խօսքերը հոյակապ կերպով պիտի կատարուին. «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։ Հակառակութիւնը անցեալին պատկանած ըլլալով, Եհովա Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութիւնը պիտի տիրէ ամէնուրեք յաւիտեանս յաւիտենից, մինչ դրախտային երկրին մէջ բնակող փրկուած մարդկութեան վրայ աստուածային անվերջ հաճութիւնը պիտի տեղայ։ Այս վարձատրութիւնը ձեռք ձգելու համար, բոլորս ալ վճռենք միմիայն Եհովայի սեղանէն վայելել, որ հոգեւոր լաւագոյն կերակուրներով կը յորդի։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք դիւային ուսմունքներով մոլորուելէ խուսափիլ։

◻ Ինչո՞ւ չենք կրնար յաջողաբար կերակրուիլ թէ՛ Եհովայի սեղանէն եւ թէ դեւերուն սեղանէն։

◻ Հաւատուրացները ի՞նչ տեսակ կերակուր կը մատակարարեն։

◻ Հաւատուրացներու ամբաստանութիւններուն նկատմամբ հետաքրքիր ըլլալը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

◻ Հաւատուրացներուն պտուղները ի՞նչ են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել