Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 2/1 էջ 30
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս Քրիստոս ինչպէ՞ս Մովսէսի նման մարգարէ մըն էր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Մովսէսի հաւատքը ընդօրինակէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Մեծագոյն Մովսէսը գնահատել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 2/1 էջ 30

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եբրայեցիս 11։26–ին մէջ, Մովսէ՞սի համար ըսուած է «Քրիստոս», թէ ոչ ան Յիսուս Քրիստոսի մէկ տիպն էր։

Երբ Մովսէսի հաւատքին մասին կը խօսի, Պօղոս առաքեալ կը գրէ, թէ ան «աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասնզի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին»։ (Եբրայեցիս 11։26) Այնպէս կը թուի թէ Պօղոս Մովսէսին կ’ակնարկէ որպէս տեսակ մը «Քրիստոս», կամ օծեալ։

Ճիշդ է, որ Մովսէս շատ մը մարզերու մէջ, գալիք Մեսիային մէկ օրինակը հանդիսացաւ։ Թէեւ ինք մարգարէ մըն էր, բայց Մովսէս ‘իրեն պէս’ աւելի մեծ մարգարէի մը գալը նախագուշակեց։ Բազմաթիւ Հրեաներ զգացին որ Յիսուս «այն մարգարէն» էր, ինչ որ հաստատեցին իր հետեւորդները։ (Բ. Օրինաց 18։15–19. Յովհաննու 1։21. 5։46. 6։14. 7։40. Գործք 3։22, 23. 7։37) Մովսէս նաեւ Օրէնքի ուխտին միջնորդն էր, բայց Յիսուս «ա՛լ աւելի գերեզանց պաշտօն» մը ստացաւ, «լաւագոյն ուխտի մը»՝ փառաւոր նոր ուխտին՝ «միջնորդ» ըլլալով։ (Եբրայեցիս 8։6. 9։15. 12։24. Գաղատացիս 3։19. Ա. Տիմոթէոս 2։5) Ուստի, կրնայ ըսուիլ, որ կարգ մը մարզերու մէջ, Մովսէս գալիք Մեսիային մէկ տիպն էր։

Սակայն, Եբրայեցիս 11։26–ի գլխաւոր իմաստը երեւութապէս այդ չէ։ Ոչ մէկ ցուցմունք կայ թէ Մովսէս Մեսիայի մասին մանրամասնութիւնները գիտէր, գիտակցաբար խորհելով որ Եգիպտոսի մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը Մեսիային, կամ Զայն ներկայացնելու համար էր։

Ոմանք ենթադրած են թէ Եբրայեցիս 11։26–ի Պօղոսի խօսքերը, «Քրիստոսին չարչարանքներ»ուն ենթարկուող Քրիստոնեաներուն համար իր տուած մեկնութեան նման իմաստ մը ունին։ (Բ. Կորնթացիս 1։5) Օծեալ Քրիստոնեաները գիտեն թէ Յիսուս Քրիստոս չարչարուած է եւ եթէ իրենք ալ ‘իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլան, իր փառքին ալ հաղորդ պիտի ըլլան’ երկնքի մէջ։ Բայց Մովսէս չէր գիտեր թէ գալիք Մեսիան ինչպէս պիտի չարչարուէր, ոչ ալ երկնային յոյս մը ունէր։—Հռովմայեցիս 8։17. Կողոսացիս 1։24

Շատ աւելի պարզ կերպով կրնանք հասկնալ թէ Մովսէս ինչպէս «հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը»։

Երբ Պօղոս Եբրայեցիս 11։26–ին մէջ «Քրիստոս» բառը գրեց, ան Յունարէն Խրիսթու բառը գործածեց, որ Եբրայերէն Մաշիահ, կամ Մեսիա բառին կը համապատասխանէ։ Թէ՛ «Մեսիա» եւ թէ «Քրիստոս» կը նշանակեն «օծեալ»։ Ուստի, Պօղոս կը գրէր որ Մովսէս ‘օծեալին նախատինքը նախընտրեց։ Կրնա՞նք Մովսէսը «օծեալ» մը կոչել։

Այո՛։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, անհատի մը գլխուն իւղ թափելով, անոր մասնաւոր պաշտօն մը կը վստահուէր։ «Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ եւ անոր [Սաւուղին] գլխուն վրայ թափեց»։ «Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա [Դաւիթը] օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ»։ (Ա. Թագաւորաց 10։1. 16։13. բաղդատել Ելից 30։25, 30. Ղեւտացւոց 8։12. Բ. Թագաւորաց 22։51. Սաղմոս 133։2) Սակայն, ոմանք «օծեալ» կոչուած են, նոյնիսկ առանց իրենց վրայ բառացի թիւղ թափուելու, ինչպէս Եղիա մարգարէն եւ Սուրիացի Ազայէլ Թագաւորը։ (Գ. Թագաւորաց 19։15, 16. Սաղմոս 105։14, 15. Եսայեայ 45։1) Հետեւաբար, անհատ մը կրնայ «օծեալ» մը ըլլալ ընտրուելով, կամ մասնաւոր յանձնարարութեամբ մը։

Մովսէս այս առումով Աստուծոյ օծեալն էր, անոր համար կարգ մը թարգմանութիւններ Եբրայեցիս 11։26–ը կը թարգմանեն որպէս «Աստուծոյ Օծեալը», կամ «Օծեալը»։ Մովսէս յանձնարարութիւն ստացած էր որպէս Եհովայի ներկայացուցիչը եւ Իսրայէլը Եգիպտոսէ հանողը։ (Ելից 3։2–12, 15–17) Թէեւ Մովսէս Եգիպտոսի հարստութիւնով ու փառքով մեծցած էր, ան աւելի թանկարժէք սեպեց իր յանձնարարութիւնը, զոր ընդունեց եւ կատարեց։ Հետեւաբար, Պօղոս կրնար գրել, թէ Մովսէս «աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը քան թէ Եգիպտոսին գանձերը»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել