Հաւատքը մեզ գործի կը մղէ
«Կը տեսնե՞ս թէ [Աբրահամի] հաւատքը գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 2։22
1, 2. Եթէ հաւատք ունինք, ի՞նչպէս պիտի վարուինք։
ՇԱՏԵՐ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ վրայ հաւատք ունին։ Սակայն, պարզապէս դաւանեալ հաւատք մը դիակի մը նման անկենդան է։ Յակոբոս գրեց. «Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է»։ Ան նաեւ ըսաւ որ աստուածավախ Աբրահամ ունէր հաւատք մը, որ «անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց»։ (Յակոբու 2։17, 22) Այս խօսքերը ի՞նչ նշանակութիւն ունին մեզի համար։
2 Եթէ ճշմարիտ հաւատք ունենանք, քրիստոնէական ժողովներուն մէջ մեր լսածներուն միայն հաւատալով չենք բաւարարուիր։ Այլ, Եհովայի գործունեայ Վկաներ ըլլալով մեր հաւատքը ցոյց կու տանք։ Այո՛, հաւատքը պիտի մղէ մեզ որ գործի լծուինք եւ Աստուծոյ Խօսքը մեր կեանքերուն մէջ կիրարկենք։
Աչառութիւնը եւ Հաւատքը Անհամապատասխան Են
3, 4. Հաւատքը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ ուրիշներուն հետ մեր վերաբերմունքին։
3 Եթէ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի վրայ հարազատ հաւատք ունինք, աչառութիւն պիտի չընենք։ (Յակոբու 2։1-4) Յակոբոսի նամակը ընկալողներէն ոմանք, ճշմարիտ Քրիստոնեաներէն պահանջուած անաչառութիւնը չէին ցուցաբերեր։ (Հռովմայեցիս 2։11) Հետեւաբար, Յակոբոս կ’ըսէ. «Աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը»։ Եթէ ոսկի մատանիներով եւ փառաւոր հանդերձներով հարուստ անհաւատ մը, նաեւ «աղտոտ հանդերձներով» աղքատ անհաւատ մը ժողովի գար, երկուքն ալ լաւ ընդունելութիւն պէտք էր ստանային, բայց հարուստին մասնայատուկ ուշադրութիւն կը տրուէր։ Հարուստները «պատուով» տեղեր կը նստեցնէին, իսկ աղքատ անհաւատներուն ալ կ’ըսուէր՝ որ ոտքի կայնէին կամ մէկու մը ոտքին քով նստէին։
4 Եհովա՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը հայթայթեց թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին հաւասարապէս։ (Բ. Կորնթացիս 5։14) Եթէ հարուստները փաղաքշենք, Քրիստոսի հաւատքէն շեղած կ’ըլլանք, որ ‘մեզի համար աղքատ եղաւ, որպէս զի մենք անոր աղքատանալովը հարստանանք’։ (Բ. Կորնթացիս 8։9) Երբեք այս կերպով չարժեւորենք անհատները, ուրիշ խօսքով, սխալ շարժառիթով զանոնք չպատուենք։ Աստուած անաչառ է, բայց եթէ մենք աչառութիւն ընենք, «չար խորհուրդներու դատաւոր» եղած կ’ըլլանք։ (Յոբայ 34։19) Աստուած հաճեցնելու ցանկութիւնը ունենալով, վստահաբար աչառութիւն ընելու կամ ‘շահու համար երեսպաշտութիւն ընելու’ փորձութեան մէջ պիտի չիյնանք։—Յուդա 4, 16
5. Աստուած որո՞նց ընտրած է որպէսզի «հաւատքով հարուստ» ըլլան, իսկ նիւթապէս հարուստները յաճախ ի՞նչպէս կը վարուին։
5 Յակոբոս կը բնորոշէ իսկական հարուստները եւ կը յորդորէ որ առանց աչառութեան, բոլորին հանդէպ սէր ցուցաբերուի։ (Յակոբու 2։5-9) «Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը»։ Պարագան այս է, քանի որ աղքատները յաճախ աւելի կ’ընդառաջեն բարի լուրին։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-29) Որպէս դասակարգ, նիւթականով հարուստ եղողները կը հարստահարեն ուրիշները, պարտքերու, աշխատավարձքերու եւ օրինական գործառնութեանց մէջ։ Անոնք Քրիստոսի անուան մասին գէշ կը խօսին եւ մեզ կը հալածեն, քանի որ անոր անունը կը կրենք։ Սակայն, վճռենք «արքայական օրէնք»ին հնազանդիլ, որ կը պահանջէ մեր ընկերը՝ թէ՛ հարուստը եւ թէ աղքատը հաւասարապէս սիրել։ (Ղեւտացւոց 19։18. Մատթէոս 22։37-40) Աստուած ասիկա կը պահանջէ մեզմէ, ուստի աչառութիւնը ‘մե՛ղք գործել’ է։
«Ողորմութիւնը կը Պարծենայ Դատաստանին Դիմաց»
6. Եթէ ուրիշներուն հետ ողորմածօրէն չենք վարուիր ի՞նչպէս օրինազանցներ կ’ըլլանք։
6 Եթէ անողորմօրէն աչառութիւն ընենք, օրինազանց եղած կ’ըլլանք։ (Յակոբու 2։10-13) Այս ուղղութեամբ սխալ քայլ մը առնելով, Աստուծոյ բոլոր օրէնքները բեկանած կ’ըլլանք։ Իսրայելացիները շնութիւն չգործեցին, բայց գողութիւն ընելով Մովսիսական Օրէնքը բեկանեցին։ Որպէս Քրիստոնեաներ, «ազատութեան [«ազատ ժողովուրդի մը», ՆԱ] օրէնքովը» կը դատուինք, նոր ուխտին մէջ եղող հոգեւոր Իսրայէլն ըլլալով այդ ժողովուրդը, որու սրտին մէջ է այդ ուխտին օրէնքը։—Երեմեայ 31։31-33
7. Անոնք որոնք կը շարունակեն աչառութիւն ընել, ինչո՞ւ ողորմութիւն պէտք չէ ակնկալեն Աստուծմէ։
7 Եթէ դաւանինք որ հաւատք ունինք, բայց շարունակենք աչառութիւն ընել՝ վտանգի մէջ ենք։ Անսիրալիր եւ անողորմ եղողները իրենց դատաստանը անողորմութեամբ պիտի ստանան։ (Մատթէոս 7։1, 2) Յակոբոս կ’ըսէ. «Ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց»։ Եթէ Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունինք մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ ողորմութիւն ցուցաբերելով, դատաստանի ժամանակ պիտի չդատապարտուինք։ Ընդհակառակը, ողորմութիւն պիտի գտնենք եւ խիստ արդարութեան կամ դատապարտութեան վրայ յաղթանակ պիտի տանինք։
Հաւատքը Աղէկ Գործեր կ’Ունենայ
8. Ի՞նչ է անհատի մը պարագան, որ կ’ըսէ թէ հաւատք ունի, բայց գործեր չունի։
8 Հաւատքը մեզ սիրալիր եւ ողորմած դարձնելէ զատ, ուրիշ բարի գործեր ալ ընել կու տայ։ (Յակոբու 2։14-26) Անշուշտ, առանց գործերու հաւատք դաւանիլը մեզ պիտի չփրկէ։ Շիտակ է որ Օրէնքին գործերով Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը չենք կրնար շահիլ։ (Հռովմայեցիս 4։2-5) Յակոբոս հոս կը խօսի, ոչ թէ օրինագիրքի մը, այլ՝ հաւատքի ու սիրոյ կողմէ դրդուած գործերու մասին։ Եթէ այսպիսի յատկութիւններ մեզ ղեկավարեն, կարօտեալ հաւատակիցի մը պարզապէս ազնիւ մաղթանքներ պիտի չընենք, այլ՝ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տանք այն եղբօր կամ քրոջ, որ մերկ կամ անօթի է։ Յակոբոս կը հարցնէ. Եթէ «ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. ‘Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’, բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի»։ Ո՛չ մէկ։ (Յոբայ 31։16-22) Այսպիսի «հաւատք» մը անկենդան է։
9. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ հաւատք ունինք։
9 Թերեւս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ որոշ տարողութեամբ կ’ընկերակցինք, բայց միայն սրտանց գործերը կրնան սատար կանգնիլ մեր դաւանած հաւատքին։ Եթէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը մերժած ենք եւ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուծոյ կը հաւատանք՝ լաւ է։ Սակայն պարզապէս հաւատալը, իրական հաւատք չի համարուիր։ «Դեւերն ալ կը հաւատան», «կը սարսափին» ալ, քանի որ կործանում կը սպասէ իրենց։ Եթէ իրապէս հաւատք ունինք, անիկա մեզ պիտի մղէ որ բարի լուրը քարոզելու եւ կարօտեալ հաւատակիցներու ուտելիք ու հագուելիք հայթայթելու նման գործեր ընենք։ Յակոբոս հարց կու տայ. «Կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի [Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութեամբ չլեցուած] մարդ թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Այո՛, հաւատքը գործեր կը պահանջէ։
10. Աբրահամ ինչո՞ւ կոչուած է ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’։
10 Բարեպաշտ Աբրահամ նահապետին հաւատքը զինք գործի մղեց։ ‘Բոլոր հաւատացողներուն հայրը ըլլալով’, ան ‘գործերով արդարացաւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու’։ (Հռովմայեցիս 4։11, 12. Ծննդոց 22։1-14) Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Աբրահամ հաւատք չընծայէր որ Աստուած կրնար Իսահակը յարուցանել եւ անոր միջոցաւ սերունդի մը նկատմամբ Իր խոստումը կատարել։ Այն ատեն Աբրահամ երբեք պիտի չփորձէր իր որդին զոհել։ (Եբրայեցիս 11։19) Աբրահամի հնազանդ արարքներով էր որ իր «հաւատքը կատարեալ եղաւ», կամ ամբողջացաւ։ Այսպիսով «գրքին խօսքը [Ծննդոց 15։6] կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. ‘Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ’»։ Իսահակը զոհելու Աբրահամի արարքը հաստատեց Աստուծոյ նախկին յայտարարութիւնը, թէ Աբրահամ արդար էր։ Հաւատքի գործերով, ան Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ եւ «Աստուծոյ բարեկամ»ը կոչուեցաւ։
11. Ռախաբի պարագային, հաւատքի ի՞նչ ապացոյց ունինք։
11 Աբրահամ փաստեց «թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով»։ Նոյնն էր պարագան Ռախաբի, Երիքովի մէջ բնակող պոռնիկի մը։ Ան «գործերով արդարացաւ, երբ [Իսրայելացի] լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք», այնպէս որ կրցան իրենց Քանանացի թշնամիներէն խուսափիլ։ Իսրայելացի լրտեսներուն հանդիպելէ առաջ, ան ընդունած էր որ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն էր, իսկ անոր յաջորդ խօսքերը եւ իր անառակ կենցաղը լքելը իր հաւատքը ապացուցանեցին։ (Յեսուայ 2։9-11. Եբրայեցիս 11։31) Գործերով ցուցաբերուած հաւատքի այս երկրորդ օրինակէն ետք, Յակոբոս կ’ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի [«ոգիի», ՆԱ] մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Երբ անհատ մը մեռած է, իր մէջ կենդանութեան ոյժ կամ «ոգի» չկայ, ուստի ան բան մը չի կրնար իրագործել։ Պարզապէս դաւանեալ հաւատք մը նոյնքան անկենդան եւ անօգուտ է, որքան մեռած մարմին մը։ Սակայն, երբ իսկական հաւատք ունենանք, անիկա մեզ բարեպաշտ արարքներ ընելու պիտի մղէ։
Ձեր Լեզուն Զսպեցէ՛ք
12. Ժողովքի երէցները ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնեն։
12 Խօսիլը ու սորվեցնելն ալ հաւատք կ’ապացուցանեն, բայց անոնց մէջ ալ սանձուելու կարիքը ունինք։ (Յակոբու 3։1-4) Ժողովքին մէջ ուսուցիչներ ըլլալով, երէցները ծանր պատասխանատուութիւն ունին եւ Աստուծոյ մեծապէս համարատու են։ Ուստի, անոնք խոնարհօրէն իրենց շարժառիթները եւ որակումները պէտք է քննեն։ Գիտութեան եւ կարողութեան կողքին, այս մարդիկը Աստուծոյ ու իրենց հաւատակիցներուն հանդէպ խոր սէր պէտք է ունենան։ (Հռովմայեցիս 12։3, 16. Ա. Կորնթացիս 13։3, 4) Երէցները իրենց խրատները Աստուածաշունչին վրայ պէտք է հիմնեն։ Եթէ երէց մը սխալ խրատ մը տալով խնդիրներու դուռ բանայ ուրիշներուն, ան Յիսուսի միջոցաւ Աստուծոյ կողմէ պիտի դատապարտուի։ Ուստի, երէցները խոնարհ եւ ուսումնասէր պէտք է ըլլան, հաւատարմաբար կառչելով Աստուծոյ Խօսքին։
13. Ինչո՞ւ խօսքով յանցանք կը գործենք։
13 Նոյնիսկ լաւագոյն ուսուցիչներ, իրապէս բոլորս՝ «շատ յանցանքներ կ’ընենք» անկատարութեան պատճառաւ։ Խօսքով յանցանքներ գործելը ամենէն յաճախադէպ եւ վնասակար թերութիւններէն մէկն է։ Յակոբոս կ’ըսէ. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ Մենք չենք կրնար Յիսուս Քրիստոսի նման մեր լեզուն կատարելապէս զսպել։ Եթէ յաջողէինք, մեր մարմնին միւս անդամներն ալ պիտի կարենայինք զսպել։ Սանձերը եւ լկամները մեր ուզած կողմը կ’ուղղեն ձիերը, իսկ փոքր ղեկով մը նաւավարը կրնայ նոյնիսկ սաստիկ հովերէն քշուող մեծ նաւ մը իր ուզած կողմը տանիլ։
14. Յակոբոս ի՞նչպէս կը շեշտէ որ լեզուն զսպելը ջանքի կը կարօտի։
14 Բոլորս ալ պարկեշտօրէն պէտք է ընդունինք որ լեզուն զսպելը իսկական ջանք կը պահանջէ։ (Յակոբու 3։5-12) Ձիու մը հետ բաղդատած, սանձը փոքր է. նոյնպէս ղեկը՝ երբ բաղդատենք նաւուն հետ։ Լեզուն ալ պզտիկ է մարդկային մարմնին հետ բաղդատած, բայց «մեծ բաներ կը խօսի»։ Իսկ որովհետեւ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ որ Աստուած չի հաճիր սնապարծութեան, անկէ խուսափելու համար իրմէ օգնութիւն խնդրենք։ (Սաղմոս 12։3, 4. Ա. Կորնթացիս 4։7) Նաեւ մեր լեզուները զսպենք երբ զայրանանք, յիշելով որ կայծ մը բաւարար է անտառ մը հրդեհելու համար։ Ինչպէս Յակոբոս կը մատնանշէ, «լեզուն ալ կրակ մըն է» որ կարող է մեծ վնասներ պատճառել։ (Առակաց 18։21) Անսանձ լեզուն «անիրաւութեան տիեզերք մը»ն է։ Այս ամբարիշտ աշխարհին բոլոր չար յատկանիշները անզուսպ լեզուին հետ կապուած են։ Անիկա պատասխանատու է զրպարտութեան եւ սուտ ուսուցումի նման վնասակար բաներու։ (Ղեւտացւոց 19։16. Բ. Պետրոս 2։1) Ի՞նչ կը խորհիք. մեր հաւատքը պէտք չէ՞ մղէ մեզ որ ծանր աշխատինք մեր լեզուն զսպելու համար։
15. Անսանձ լեզուն ի՞նչ վնասներ կրնայ հասցնել։
15 Անսանձ լեզուն մեզ բոլորովին «կ’ապականէ»։ Օրինակ, եթէ շատ անգամ ստախօսութեամբ բռնուինք, որպէս ստախօս կրնանք ճանչցուիլ։ Սակայն, անզուսպ լեզու մը ի՞նչպէս «բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ»։ Կեանքը յոռի շրջանակի մը նման դարձնելով։ Լման ժողովք մը կրնայ տակնուվրայ ըլլալ մէկ անզուսպ լեզուի մը պատճառաւ։ Յակոբոս «գեհեան»ը՝ Ենովմի Ձորը՝ կը յիշէ, որ ժամանակ մը մանուկներ զոհելու համար կը գործածուէր, իսկ ետքը աղբանոցի մը վերածուեցաւ, ուր Երուսաղէմի աղբերը կ’այրուէին։ (Երեմեայ 7։31) Ուստի, Գեհեանը բնաջնջումի խորհրդանիշ մըն էր։ Ուրիշ խօսքով, Գեհեանը իր կործանարար ոյժը անզուսպ լեզուին կը փոխանցէ։ Եթէ մեր լեզուները չզսպենք, մեր իսկ բռնկեցուցած հրդեհին զոհը մենք կրնանք դառնալ։ (Մատթէոս 5։22) Եթէ անհատ մը պարսաւենք, կրնանք նոյնիսկ ժողովքէն վտարուիլ։—Ա. Կորնթացիս 5։11-13
16. Անզուսպ լեզուի մը հասցուցած վնասներուն ի տես, ի՞նչ պէտք է ընենք։
16 Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, տեղեկացած ըլլալու էք թէ Եհովա հրամայած էր որ մարդը անասուններուն վրայ իշխէր։ (Ծննդոց 1։28) Ամէն տեսակ անասուններ ընտելացուած են։ Օրինակ, մարզուած բազէներ որսորդութեան համար գործածուած են։ Թերեւս Յակոբոսի յիշած «սողուններ»ուն մէջ կան թովիչներու կողմէ ղեկավարուած օձեր։ (Սաղմոս 58։4, 5) Մարդը նոյնիսկ կրնայ կէտերը զսպել, սակայն որպէս մեղաւոր մարդիկ չենք կրնար լիովին մեր լեզուն զսպել։ Այսուհանդերձ, պէտք է խուսափինք գռեհիկ, վիրաւորական կամ զրպարտիչ ակնարկներ ընելէ։ Անզուսպ լեզու մը կրնայ մահացու թոյնով լեցուն վտանգաւոր գործիք մը ըլլալ։ (Հռովմայեցիս 3։13) Դժբախտաբար, սուտ ուսուցիչներու լեզուները նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանց Աստուծմէ հեռացուցին։ Հետեւաբար, բնաւ թոյլ չտանք որ հաւատուրացներու թունաւոր խօսքերը մեզ նուաճեն, անոնք ըլլան բերանացի կամ գրաւոր։—Ա. Տիմոթէոս 1։18-20. Բ. Պետրոս 2։1-3
17, 18. Յակոբու 3։9-12–ի մէջ, ո՞ր հակասութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնուի, եւ այս առնչութեամբ ի՛նչ պէտք է ընենք։
17 Աստուծոյ վրայ հաւատք ունենալը ու զինք հաճեցնելու փափաքը կրնան հաւատուրացութենէ մեզ պաշտպանել, ինչպէս նաեւ՝ արգելք հանդիսանալ որ մեր լեզուն հակասական կերպով գործածենք։ Ոմանց ունեցած այս հակասականութեան ակնարկելով, Յակոբոս կ’ըսէ թէ ‘լեզուով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են’։ (Ծննդոց 1։26) Եհովա մեր Հայրն է, որովհետեւ «ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։ (Գործք 17։24, 25) Ան նաեւ օծեալ Քրիստոնեաներուն Հայրն է՝ հոգեւոր առումով։ Բոլորս ալ «Աստուծոյ նմանութիւնով»՝ մտային եւ բարոյական յատկութիւններով ստեղծուած ենք, մէջը ըլլալով սէրը, արդարութիւնը եւ իմաստութիւնը, որոնք մեզ կը զատորոշեն անասուններէն։ Հետեւաբար, եթէ Եհովայի վրայ հաւատք ունինք, ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
18 Եթէ մարդոց անիծենք, ատիկա կը նշանակէ որ անոնց գէշութիւն կը ցանկանք։ Քանի որ մենք Աստուծմէ ներշնչուած մարգարէներ չենք ու մէկու մը անիծելու հեղինակութիւն չունինք, այսպիսի արտայայտութիւն մը ատելութիւն կ’ապացուցանէ, ինչ որ մեր պաշտամունքը ունայն կը դարձնէ։ Պատշաճ չէ որ միեւնոյն բերնէն ելլեն «օրհնութիւն ու անէծք»։ (Ղուկաս 6։27, 28. Հռովմայեցիս 12։14, 17-21. Յուդա 9) Որքա՜ն մեղաւոր ընթացք մը պիտի ըլլայ, ժողովներու ընթացքին Աստուծոյ օրհնութեան մեղեդիներ երգել ու քիչ ետք հաւատակիցներուն մասին գէշ բաներ խօսիլ։ Միեւնոյն աղբիւրէն անոյշ ու լեղի ջուր չի կրնար բղխիլ։ Ինչպէս որ ‘թզենին ձիթապտուղ չի բերեր կամ որթատունկը՝ թուզ’, նմանապէս աղի ջուրէն անոյշ ջուր չի կրնար հոսիլ։ Մեզմէ կ’ակնկալուի որ բարի բաներ խօսինք, բայց եթէ միշտ կծու խօսքեր ըսենք, կը նշանակէ որ հոգեւորապէս սխալ բան մը կայ։ Եթէ այս սովորութեան մէջ ինկած ենք, աղօթքով Եհովայի օգնութիւնը հայցենք, որպէսզի անոր վերջ մը դնենք։—Սաղմոս 39։1
Վերին Իմաստութեամբ Գործեցէք
19. Եթէ երկնային իմաստութեամբ կ’առաջնորդուինք, ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն ազդել։
19 Բոլորս ալ հաւատք ունեցողի մը վայել եղող բաներ ըսելու եւ ընելու համար իմաստութեան կարիքը ունինք։ (Յակոբու 3։13-18) Եթէ Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախ ունինք, ան մեզի երկնային իմաստութիւն, այսինքն՝ գիտութիւնը շիտակ գործածելու կարողութիւն կը շնորհէ։ (Առակաց 9։10. Եբրայեցիս 5։14) Իր Խօսքը մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս «իմաստութեան հեզութիւն» ցուցաբերել։ Իսկ քանի որ հեզ ենք, ժողովքին մէջ խաղաղութիւն կը յառաջացնենք։ (Ա. Կորնթացիս 8։1, 2) Անոնք որոնք կը պարծենան թէ իրենք հաւատակիցներուն մէջ մեծ ուսուցիչներ են, ‘սուտ կը հանեն ճշմարտութիւնը’, որ կը դատապարտէ իրենց ինքնագովութիւնը։ (Գաղատացիս 5։26) Անոնց «իմաստութիւնը» «երկրաւոր» է՝ Աստուծմէ օտարացած մեղաւոր մարդոց յատուկ։ Անիկա «շնչաւոր» է՝ քանի որ մարմնաւոր հակումներուն արդիւնքն է։ Այո, անիկա նոյնիսկ «դիւական» է, քանի որ չար ոգիները հպարտ են։ (Ա. Տիմոթէոս 3։6) Հետեւաբար, իմաստութեամբ եւ հեզութեամբ գործենք, չստեղծելու համար մթնոլորտ մը, ուր «չար բաներ», ինչպէս՝ զրպարտութիւն եւ աչառութիւն, կրնան ուռճանալ։
20. Երկնային իմաստութիւնը ի՞նչպէս կը բնութագրէք։
20 «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է», մեզ բարոյապէս ու հոգեւորապէս կը մաքրէ։ (Բ. Կորնթացիս 7։11) Անիկա «խաղաղարար» է, մեզ մղելով որ խաղաղութեան ետեւէ ըլլանք։ (Եբրայեցիս 12։14) Երկնային իմաստութիւնը մեզ «բանաւոր» (ՆԱ) կը դարձնէ, ո՛չ՝ վարդապետական եւ անթեք։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Վերին իմաստութիւնը «հլու» է, աստուածային ուսուցումին հանդէպ հնազանդութիւն եւ Եհովայի կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւն կը քաջալերէ։ (Հռովմայեցիս 6։17) Վերին իմաստութիւնը նաեւ մեզ ողորմած եւ կարեկից կը դարձնէ։ (Յուդա 22, 23) «Բարի պտուղներով» լեցուն ըլլալով, անիկա կը մղէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք եւ բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան հետ ներդաշնակ արարքներ ընենք։ (Եփեսացիս 5։9) Իսկ որպէս խաղաղարարներ, խաղաղ պայմաններու ներքեւ ուռճացող «արդարութեան պտուղը» կը վայելենք։
21. Յակոբու 2։1–3։18–ի համաձայն, Աստուծոյ վրայ մեր հաւատքը մեզ ի՞նչ գործերու պէտք է մղէ։
21 Բացայայտ է ուրեմն, որ հաւատքը մեզ գործի կը մղէ։ Անիկա մեզ անաչառ, ողորմած եւ բարի գործերու մէջ գործունեայ կը դարձնէ։ Հաւատքը կ’օգնէ մեզի որ մեր լեզուները զսպենք եւ աստուածային իմաստութեամբ գործենք։ Բայց այս նամակէն կրնանք յաւելեալ բաներ սորվիլ։ Յակոբոս յաւելեալ խրատներ ունի, որոնք կրնան օգնել մեզի որ Եհովայի վրայ հաւատք ունեցողներու վայել եղող կերպով վարուինք։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Աչառութիւն ընելու մէջ ի՞նչ սխալ կայ։
◻ Հաւատքին եւ գործերուն միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
◻ Լեզուն զսպելը ինչո՞ւ կարեւոր է։
◻ Երկնային իմաստութիւնը ի՞նչ է։