Աստուածատուր ազատութիւնը ուրախութիւն կը բերէ
«Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։—ՆԷԵՄԵԱՅ 8։10
1. Ի՞նչ է ուրախութիւնը, եւ Աստուծոյ նուիրուած անհատները ինչո՞ւ կրնան անոր փորձառութիւնը ունենալ։
ԵՀՈՎԱ իր ծառաներուն սրտերը ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Մեծ ուրախութեան կամ ցնծութեան այս վիճակը բարիք ստանալու կամ ակնկալելու արդիւնքն է։ Աստուծոյ նուիրուած անհատներ կրնան այսպիսի զգացումներու փորձառութիւնը ունենալ, քանի որ ուրախութիւնը իր սուրբ հոգիին, կամ գործօն ոյժին, պտուղներէն մէկն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի, նոյնիսկ երբ տաղտկալի փորձութիւններ դիմագրաւենք, կրնանք ուրախ ըլլալ որպէս իր հոգիով առաջնորդուող Եհովայի ծառաներ։
2. Եզրասի օրերուն, Հրեաները ինչո՞ւ ուրախացան մասնայատուկ առիթով մը։
2 Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարուն, մասնայատուկ առիթով մը, Հրեաները իրենց աստուածատուր ազատութիւնը գործածեցին Երուսաղէմի մէջ Տաղաւարահարաց Տօնը ուրախութեամբ կատարելու համար։ Եզրաս եւ ուրիշ Ղեւտացիներ Աստուծոյ Օրէնքը կարդալէ եւ բացատրելէ ետք, «բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասնզի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան»։—Նէեմեայ 8։5–12
Եհովայի Ուրախութիւնը Մեր Զօրութիւնն Է
3. Ո՞ր պարագաներուն ներքեւ «[Եհովայի] ուրախութիւնը» կրնայ մեր զօրութիւնը ըլլալ։
3 Այդ տօնակատարութեան ընթացքին, Հրեաները անդրադարձան սա խօսքերուն ճշմարտութեան. «Եհովայի ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ (Նէեմեայ 8։10) Այս ուրախութիւնը մեր զօրութիւնն ալ է, եթէ Եհովայի որպէս նուիրուած ու մկրտուած Վկաներ մեր աստուածատուր ազատութեան համար ամուր կը կենանք։ Մեզմէ քիչեր սուրբ հոգիին կողմէ օծուելու եւ Քրիստոսի հետ որպէս երկնային ժառանգակիցներ Աստուծոյ ընտանիքին մէջ որդեգրուելու փորձառութիւնը ունեցած են։ (Հռովմայեցիս 8։15–23) Հիմա մեզմէ շատեր երկրային դրախտի մը մէջ ապրելու ակնկալութիւնը ունին։ (Ղուկաս 23։43) Որքա՜ն ուրախ պէտք է ըլլանք։
4. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան տառապանքներու եւ հալածանքի տոկալ։
4 Թէեւ հոյակապ ակնկալութիւններ ունինք, բայց տակաւին դիւրին չէ տառապանքներու եւ հալածանքի տոկալ։ Սակայն, ասիկա կրնանք ընել, քանի որ Աստուած մեզի իր սուրբ հոգին կու տայ։ Անով, ուրախութիւնը եւ համոզումը ունինք որ ո՛չ մէկ բան մեզմէ կրնայ խլել մեր յոյսը կամ Աստուծոյ սէրը։ Ասկէ զատ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեր զօրութիւնը պիտի ըլլայ ա՛յնքան ատեն որ զինք կը սիրենք մեր ամբողջ սրտովը, անձովը, զօրութիւնովը եւ մտքովը։—Ղուկաս 10։27
5. Ո՞ւր կրնանք գտնել ուրախանալու պատճառներ։
5 Եհովայի ծառաները ճոխ օրհնութիւններ կը վայելեն եւ ուրախանալու շատ պատճառներ ունին։ Ուրախութեան կարգ մը պատճառները առաջարկուած են Գաղատացիներուն յղած Պօղոսի նամակին մէջ։ Իսկ ուրիշներ՝ Սուրբ Գրութիւններու ուրիշ մասերուն մէջ։ Այսպիսի ուրախալի օրհնութիւններ նկատի առնելը մեզ պիտի խրախուսէ։
Աստուածատուր Ազատութիւնը Արժէւորենք
6. Պօղոս ինչո՞ւ յորդորեց Գաղատացի Քրիստոնեաներուն որ ամուր կենան։
6 Որպէս Քրիստոնեաներ, Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլալու ուրախալի օրհնութիւնը ունինք։ Քանի որ Քրիստոս իր հետեւորդները Մովսիսական Օրէնքէն ազատագրած էր, Գաղատացիները յորդորուած էին որ ամուր կենան եւ այդ «գերութեան լուծի»ն տակ չմտնեն։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Եթէ փորձէինք արդար յայտարարուիլ Օրէնքը պահելով, Քրիստոսէն խափանուած պիտի ըլլայինք։ Սակայն, Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, մենք կը սպասենք այն յուսացուած արդարութեան որ սիրով գործադրուող հաւատքէն կու գայ եւ ոչ թէ մարմնաւոր թլփատութենէն կամ Օրէնքին ուրիշ գործերէն։—Գաղատացիս 5։1–6
7. Եհովայի մատուցած մեր սրբազան ծառայութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
7 Օրհնութիւն մըն է մեր աստուածատուր ազատութիւնը գործածել ‘Եհովայի ուրախութեամբ ծառայել’ու համար։ (Սաղմոս 100։2) Արդարեւ, անգնահատելի առանձնաշնորհում մըն է սրբազան ծառայութիւն մատուցանել ‘Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ’՝ «յաւիտենականութեան Թագաւոր»ին։ (Յայտնութիւն 15։3) Երբ արժանապատուութիւն կորսնցնելու ալիքներ ձեզ ճօճեն, կրնայ օգտակար ըլլալ անդրադառնալ թէ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ ձեզ իրեն քաշած է եւ «Աստուծոյ աւետարան»ին սրբազան գործին մասնակցելու առանձնաշնորհումը տուած է ձեզի։ (Հռովմայեցիս 15։16. Յովհաննու 6։44. 14։6) Ուրախանալու եւ Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալու ի՜նչ պատճառներ։
8. Մեծն Բաբելոնի առնչութեամբ, Աստուծոյ ծառաները ուրախութեան ի՞նչ պատճառ ունին։
8 Ուրախութեան ուրիշ պատճառ մըն է Մեծն Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն՝ մեր աստուածատուր ազատութիւնը։ (Յայտնութիւն 18։2, 4, 5) Թէեւ այս կրօնական պոռնիկը այլաբանօրէն «շատ ջուրերու վրայ կը նստի», որոնք կը պատկերացնեն ‘ժողովուրդներ, բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ’, սակայն ան Եհովայի ծառաներուն վրայ չի նստիր, այսինքն, անոնց վրայ կրօնական ազդեցութիւն կամ տիրապետութիւն չի բանեցներ։ (Յայտնութիւն 17։1, 15) Մենք Աստուծոյ սքանչելի լոյսով կ’ուրախանանք, մինչ Մեծն Բաբելոնի կողմնակիցները հոգեւոր խաւարին մէջ են։ (Ա. Պետրոս 2։9) Այո, «Աստուծոյ խորունկ բաներ»էն ոմանք հասկնալը կրնայ դժուար ըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Բայց իմաստութեան եւ սուրբ հոգիին օգնութեան համար մատուցուած աղօթքները կ’օգնեն մեզի որ հասկնանք սուրբ գրային ճշմարտութիւնը որ հոգեւորապէս կ’ազատագրէ զայն ձեռք ձգողները։—Յովհաննու 8։31, 32. Յակոբու 1։5–8
9. Եթէ կ’ուզենք կրօնական սխալներէ վերջնականապէս ազատագրուած ըլլալու օրհնութիւնը վայելել, ի՞նչ պէտք է ընենք։
9 Կրօնական սխալներէ վերջնականապէս ազատագրուած ըլլալու օրհնութիւնը կը վայելենք, սակայն այդ ազատութիւնը պահելու համար պէտք է մերժենք հաւատուրացութիւնը։ Գաղատացիները Քրիստոնէական մրցումին մէջ աղէկ կը վազէին, սակայն ոմանք անոնց արգելք կ’ըլլային ճշմարտութեան հնազանդելու։ Այս սադրանքը Աստուծմէ չէր, հետեւաբար պէտք էր ընդդիմանալ անոր։ Ինչպէս որ պզտիկ թթխմոր մը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ, սուտ ուսուցիչներ կամ հաւատուրացութեան հակում ունեցողներ ամբողջ ժողովք մը կրնան ապականել։ Պօղոս կը մաղթէր որ Գաղատացիները իրենց հաւատքէն մոլորեցնելու համար թլփատութեան այդ ջատագովները ո՛չ միայն թլփատուէին, այլ՝ իրենց սեռային անդամները հաշմէին։ Շատ ազդու լեզու մը արդարե՛ւ։ Մենք ալ նոյնքան վճռակամ պէտք է ըլլանք հաւատուրացութիւնը մերժելու, եթէ կ’ուզենք կրօնական սխալներէ մեր աստուածատուր ազատութիւնը պահել։—Գաղատացիս 5։7–12
Սիրով Իրարու Ծառայենք
10. Որպէս Քրիստոնէական եղբայրութեան մէկ մասը, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
10 Աստուածատուր ազատութիւնը մեզ սիրալիր եղբայրութեան մը հետ յարաբերութեան մէջ բերած է, սակայն սէր ցուցաբերելու մէջ, մենք մեր բաժինը պէտք է բերենք։ Գաղատացիները «մարմնի ցանկութիւններու», կամ իրենց անսիրալիր անձնասիրութիւնը արդարացնելու համար, իրենց ազատութիւնը որպէս պատրուակ պէտք չէր գործածէին։ Անոնք սէրէ մղուած իրարու պէտք էր ծառայէին։ (Ղեւտացւոց 19։18. Յովհաննու 13։35) Մենք ալ պէտք է խուսափինք չարախօսելէ եւ ատելէ որոնք կրնան միայն իրար սպառելու առաջնորդել։ Անշուշտ, եթէ եղբայրական սէր ցուցաբերենք, ասիկա տեղի պիտի չունենայ։—Գաղատացիս 5։13–15
11. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն համար օրհնութիւն մը ըլլալ, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան մեզ օրհնել։
11 Մեր աստուածատուր ազատութիւնը Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան համաձայն գործածելով, սէր պիտի ցուցաբերենք եւ ուրիշներուն համար օրհնութիւն մը պիտի ըլլանք։ Սովորութիւն պէտք է դարձնենք սուրբ հոգիով մենք մեզ քննելը եւ անկէ առաջնորդուիլը։ Այդպէս ընելով, հակումը պիտի չունենանք անսիրալիր կերպով յագեցնելու մեր մեղաւոր մարմինը որ «կը ցանկայ հոգիին հակառակ»։ Եթէ Աստուծոյ հոգիէն առաջնորդուինք, սիրալիր բաներ պիտի ընենք. ոչ թէ անոր համար որ կանոնները թիւրահաւանութիւն կը պահանջեն եւ յանցագործներուն պատիժ կը սահմանեն։ Օրինակի համար, սէրը՝ ոչ թէ օրէնք մը՝ ուրիշները բամբասելէ պիտի պահէ մեզ։ (Ղեւտացւոց 19։16) Սէրը պիտի մղէ մեզ որ ազնուօրէն խօսինք ու վարուինք։ Քանի որ հոգիին պտուղը՝ սէր՝ կը ցուցաբերենք, ուրիշները մեզ պիտի օրհնեն, կամ մեր մասին աղէկ պիտի խօսին։ (Առակաց 10։6) Ասկէ զատ, մեր ընկերակցութիւնը անոնց օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ։—Գաղատացիս 5։16–18
Հակասական Պտուղներ
12. Մեղաւոր «մարմնին գործեր»էն խուսափելուն հետ ընկերակցած կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։
12 Մեր աստուածատուր ազատութեան հետ ընկերակցած բազմաթիւ օրհնութիւններ ձեռք կը ձգենք խուսափելով մեղաւոր «մարմնին գործեր»էն։ Որպէս Աստուծոյ ծառաները, քանի որ պոռնկութիւն, պղծութիւն չենք գործադրեր եւ մեղկ վարք մը չունինք, ընդհանրապէս բարոյական շատ մը տառապանքներէ զերծ ենք։ Կռապաշտութենէ խուսափելով ուրախութիւն ունինք որ այդ հարցին մէջ Եհովան կը հաճեցնենք։ (Ա. Յովհաննու 5։21) Քանի որ ոգեհարցութեամբ չենք զբաղիր, դեւերու տիրապետութենէն զերծ ենք։ Մեր Քրիստոնէական եղբայրութիւնը չի քանդուիր թշնամութիւններով, կռիւներով, նախանձներով, բարկութիւններով, հակառակութիւններով, երկպառակութիւններով, բաժանումներով, կամ աղանդներով եւ չար ցանկութիւններով։ Իսկ մեր ուրախութիւնը գինովութիւններու եւ անառակութիւններու մէջ չի կորսուիր։ Պօղոս կը զգուշացնէր որ մարմնին գործերը գործադրողները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ Քանի որ իր խօսքերուն կը հետեւինք, կրնանք Թագաւորութեան ուրախալի յոյսին կառչիլ։—Գաղատացիս 5։19–21
13. Եհովայի սուրբ հոգին ի՞նչ պտուղներ կ’արտադրէ։
13 Աստուածատուր ազատութիւնը մեզի ուրախութիւն կը բերէ, քանի որ Քրիստոնեաները Եհովայի հոգիին պտուղները կը յայտնաբերեն։ Գաղատացիներուն գրած Պօղոսի խօսքերէն դատելով, կը տեսնենք որ մեղաւոր մարմնին գործերը փուշերու պէս են բաղդատած հոգիին հոյակապ պտուղներուն հետ, որոնք են՝ սէր, խնդութիւն կամ ուրախութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն ու ժուժկալութիւն, որոնք աստուածապաշտ սրտերու մէջ ցանուած են։ Վճռած ըլլալով մեղաւոր մարմնին ցանկութիւններուն հակառակ կեանք մը վարել, կը փափաքինք Աստուծոյ հոգիէն առաջնորդուիլ եւ անով ապրիլ։ Հոգին մեզ հեզ ու խաղաղարար կը դարձնէ եւ ոչ թէ ‘սնապարծ, մէկզմէկ գրգռող եւ իրարու վրայ նախանձող’։ Զարմանալի չէ որ ուրախութիւն կը պատճառէ հոգիին պտուղները ցուցաբերողներուն հետ ընկերակցիլը։—Գաղատացիս 5։22–26
Ուրախանալու Ուրիշ Պատճառներ
14. Չար հոգեղէն ուժերու դէմ մեր պայքարին մէջ ո՞ր սպառազինութեան կարիքը ունինք։
14 Մեր աստուածատուր հոգեւոր ազատութեան հետ կ’ընկերակցի Սատանայէն եւ դեւերէն պաշտպանուած ըլլալու օրհնութիւնը։ Չար հոգեղէն ուժերու դէմ մեր պայքարին մէջ յաջողելու համար, պէտք է հագնինք «Աստուծոյ [լման (ՆԱ)] սպառազինութիւնը»։ Ճշմարտութեան գօտիին եւ արդարութեան զրահին կարիքը ունինք։ Մեր ոտքերը պէտք է ամրացնենք խաղաղութեան բարի լուրին պատրաստութիւնով։ Մանաւանդ հաւատքի մեծ վահանին պէտքը ունինք չարին կրակոտ նետերը մարելու համար։ Պէտք է կրենք փրկութեան սաղաւարտը եւ առնենք «հոգիին սուրը»՝ Աստուծոյ Խօսքը։ Նաեւ, ‘ամէն ատեն աղօթք ընենք հոգիով’։ (Եփեսացիս 6։11–18) Եթէ հոգեւոր սպառազինութիւնը հագնինք եւ դիւապաշտութիւնը մերժենք, կրնանք անվախ եւ ուրախ ըլլալ։—Բաղդատել Գործք 19։18–20։
15. Քանի որ Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ վարք մը ունինք, ի՞նչ ուրախ օրհնութիւն կը վայելենք։
15 Ուրախութիւն կը վայելենք, քանի որ մեր վարքը Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ է եւ մենք շատ մը յանցագործները տանջող յանցապարտութեան զգացումէն զերծ ենք։ ‘Կը ջանանք, որ ամէն ատեն մաքուր խըղճմտանք ունենալ Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ’։ (Գործք 24։16) Հետեւաբար, կամաւ անզեղջ մեղանչողներու վիճակուելիք աստուածային պատիժէն վախնալու կարիքը չունինք։ (Մատթէոս 12։22–32. Եբրայեցիս 10։26–31) Առակաց 3։21–26–ի խրատը կիրարկելով, այդ խօսքերուն կատարումը կրնանք զգալ. «Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ՝ կեանք ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։ Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։ Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։ Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ, վասնզի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէսզի չբռնուի»։
16. Աղօթքը ինչպէ՞ս ուրախութեան պատճառ մըն է մեզի, եւ այս առնչութեամբ Եհովայի հոգին ի՞նչ դեր կը խաղայ։
16 Ուրախութեան ուրիշ պատճառ մըն է աղօթքով Եհովայի մօտենալու մեր աստուածատուր ազատութիւնը, վստահ ըլլալով որ պիտի լսուինք։ Այո, մեր աղօթքները կը լսուին, քանի որ մենք Եհովայի հանդէպ յարգալից «վախ»ը ունինք։ (Առակաց 1։7) Ասկէ զատ, ‘սուրբ հոգիով աղօթել’ով, մենք մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը պահենք։ (Յուդա 20, 21) Ասիկա կ’ընենք Եհովայի ընդունելի սրտավիճակ մը ցուցաբերելով եւ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ իր կամքին եւ իր Խօսքին հետ ներդաշնակ եղող բաներու համար աղօթելով. քանի որ իր Խօսքը մեզի ցոյց կու տայ ի՛նչպէս աղօթել եւ ի՛նչ խնդրել։ (Ա. Յովհաննու 5։13–15) Երբ դառն փորձութեան ներքեւ ենք եւ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթել, ‘հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն, մեզի համար պաղատելով անբարբառ հառաչանքներով’։ Աստուած կը պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու։ (Հռովմայեցիս 8։26, 27) Շարունակենք սուրբ հոգին խնդրել եւ թոյլ տանք որ անիկա մեր մէջ արտադրէ իր հոգիին պտուղներէն անոնք որոնց մասնաւորաբար կարիքը ունինք որոշ փորձութիւն մը դիմագրաւելու համար։ (Ղուկաս 11։13) Նաեւ մեր ուրախութիւնը պիտի աւելցնենք եթէ աղօթքով եւ ժրաջանօրէն ուսումնասիրենք Աստուծոյ սուրբ հոգիէն ներշնչուած Խօսքը եւ այդ հոգիին առաջնորդութեամբ պատրաստուած Քրիստոնէական գրականութիւնները։
Միշտ Ներկայ Եղող Օգնութենէն Օգտուինք
17. Մովսէսի փորձառութիւնը եւ Դաւիթի խօսքերը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Եհովա իր ժողովուրդին հետ է։
17 Մեր աստուածատուր ազատութիւնը շիտակ կերպով գործածելով, ուրախութիւնը կ’ունենանք գիտնալու որ Եհովան մեզի հետ է։ Երբ աննպաստ պարագաներ ստիպեցին որ Մովսէս Եգիպտոսէ փախչի, հաւատքով ան շարունակեց ամուր կենալ, «որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Մովսէս առանձին չէր. ան գիտէր որ Եհովան իրեն հետ էր։ Նոյնպէս, Կորխի որդիները երգեցին. «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։ Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին, թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, լեռները դողան անոր ուռենալովը»։ (Սաղմոս 46։1–3) Եթէ Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի հաւատք մը ունիք, ան բնաւ պիտի չլքէ ձեզ։ Դաւիթ ըսաւ. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի»։ (Սաղմոս 27։10) Որքա՜ն ուրախութիւն է գիտնալ թէ Աստուած այսքան հոգ կը տանի իր ծառաներուն։—Ա. Պետրոս 5։6, 7
18. Եհովայի ուրախութիւնը ունեցողները ինչո՞ւ ջախջախիչ մտատանջութենէն աստուածատուր ազատութիւնը ունին։
18 Եհովայի ուրախութիւնը ունենալով, ջախջախիչ մտատանջութենէ աստուածատուր ազատութիւնը ունինք։ «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք», ըսաւ Պօղոս, «հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Աստուծոյ խաղաղութիւնը անբաղդատելի հանդարտութիւն մըն է, նոյնիսկ ամենէն փորձիչ պարագաներուն։ Անով մեր սրտերը հանդարտ կը մնան, ինչ որ օգտակար է մեզի հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական գետնի վրայ։ (Առակաց 14։30) Անիկա նաեւ կ’օգնէ որ մենք մտային հաւասարակշռութիւն պահենք գիտնալով որ ո՛չ մէկ բան զոր Աստուած կը թոյլատրէ կրնայ մեզի մնայուն վնաս հասցնել։ (Մատթէոս 10։28) Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութենէն առթող այս խաղաղութիւնը կը վայելենք, քանի որ Եհովայի նուիրուած ենք եւ կ’ենթարկուինք իր հոգիին առաջնորդութեան, որ ուրախութեան եւ խաղաղութեան նման պտուղներ կ’արտադրէ։
19. Մեր սրտերը ի՞նչ բանի վրայ սեւեռած պահելը մեզի պիտի օգնէ ուրախ ըլլալու։
19 Մեր սրտերը աստուածատուր ազատութեան եւ Թագաւորութեան յոյսին վրայ սեւեռած պահելը մեզի պիտի օգնէ ուրախ ըլլալու։ Օրինակի համար, երբեմն տկար առողջութեան պատճառաւ կրնանք քիչ բան ընել, բայց կրնանք իմաստութեան եւ անոր հետ գլուխ ելլելու զօրութիւն ունենալու համար աղօթել. կրնանք նաեւ մխիթարութիւն գտնել խորհելով հոգեւոր առողջութեան՝ զոր հիմա կը վայելենք եւ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ մեր վայելելիք ֆիզիքական բուժումին մասին։ (Սաղմոս 41։1–3. Եսայեայ 33։24) Թէեւ թերեւս հիմա չքաւորութեան մէջ ենք, սակայն մօտալուտ Դրախտ երկրին մէջ կեանքի անհրաժեշտութիւններու պակասը պիտի չունենանք։ (Սաղմոս 72։14, 16. Եսայեայ 65։21–23) Այո, մեր երկնաւոր Հայրը հիմա մեզի հոգ կը տանի եւ վերջապէս պիտի ամբողջացնէ մեր ուրախութիւնը։—Սաղմոս 145։14–21
Մեր Աստուածատուր Ուրախութեան Վրայ Գուրգուրանք
20. Ըստ Սաղմոս 100։1–5–ին, Եհովայի առջեւ ինչպէ՞ս պէտք է ներկայանանք։
20 Որպէս Եհովայի ծառաներ, վստահաբար պէտք է գուրգուրանք այս աստուածատուր ազատութեան վրայ, որ մեզի ուրախութիւն եւ շատ մը օրհնութիւններ կը բերէ։ Զարմանալի չէ ուրեմն որ Սաղմոս 100։1–5–ը մեզ կը յորդորէ որ Աստուծոյ ներկայանանք «ցնծութեամբ»։ Մենք Եհովայի կը պատկանինք եւ ան մեզի հոգ կը տանի որպէս սիրալիր Հովիւ մը։ Այո, «մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։ Իր Արարչութիւնը եւ հոյակապ յատկութիւնները կը մղեն մեզի որ իր սրբարանին գաւիթները մտնենք օրհնութեամբ եւ գոհութեամբ։ ‘Իր անունը օրհնել’ու, Եհովա Աստուծոյ մասին աղէկ խօսելու կը մղուինք։ Ասկէ աւելին, կրնանք միշտ ապաւինիլ մեզի հանդէպ իր ողորմութեան, կամ կարեկցութեան։ ‘Սերունդէ սերունդ’ Եհովա հաւատարիմ է, իր կամքը կատարողներուն հանդէպ անշեղ սէր ցուցաբերելով։
21. Այս պարբերաթերթին առաջին թիւին մէջ ի՞նչ քաջալերութիւն տրուեցաւ, եւ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք մեր աստուածատուր ազատութեան համար։
21 Որպէս անկատար մարդկայիններ, չենք կրնար բոլոր փորձութիւններէ զերծ մնալ։ Աստուածային օգնութեամբ, սակայն, կրնանք Եհովայի խիզախ եւ ուրախ Վկաներ ըլլալ։ Շատ յատկանշական են այս պարբերաթերթին առաջին թիւին (Յուլիս 1879) մէջ լոյս տեսած հետեւեալ խօսքերը. «Քաջ եղիր ... Քրիստոնեայ եղբայրս կամ քոյրս, յոգնած քայլով ջանալով նեղուածք ճամբուն մէջ վազել։ Ուշադրութիւն մի՛ դարձներ խորտուբորտ ճամբուն. անիկա օրհնուած եւ սրբացուած է Տիրոջ օրհնեալ ոտքերով։ Ամէն փուշ ծաղիկ նկատէ. ամէն սրածայր խարակ նշանահար մը՝ որ քեզ արագօրէն կը հասցնէ նպատակակէտին։ ... Աչքերդ սեւեռած պահէ մրցանակին վրայ»։ Հիմա Եհովայի ծառայող միլիոնաւոր անհատներ իրենց աչքերը սեւեռած կը պահեն մրցանակին վրայ եւ քաջ ու ուրախ ըլլալու շատ պատճառներ ունին։ Անոնց հետ դուք ալ աստուածատուր ազատութեան համար ամո՛ւր կեցէք։ Անոր նպատակէն մի՛ շեղիք եւ թող Եհովայի ուրախութիւնը միշտ ձեր զօրութիւնը ըլլայ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ «[Եհովայի] ուրախութիւնը» ինչպէ՞ս կրնայ մեր զօրութիւնը ըլլալ։
◻ Կրօնական գետնի վրայ, աստուածային ազատութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ բերած է Եհովայի ծառաներուն։
◻ Ինչո՞ւ սիրով իրարու կը ծառայենք։
◻ Աստուածային ազատութեան հետ ընկերակցած կարգ մը օրհնութիւնները ի՞նչ են։
◻ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս կրնան ուրախ մնալ։
[Նկար՝ էջ 23]
«Ամէն փուշ ծաղիկ նկատէ. ամէն սրածայր խարակ նշանահար մը՝ որ քեզ արագօրէն կը հասցնէ նպատակակէտին»