Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ09 3/1 էջ 7
  • Յիսուս ամենակալ Աստուա՞ծն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս ամենակալ Աստուա՞ծն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած միշտ Յիսուսէն գերադա՞ս է
    Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան
  • ‘Որդին կ’ուզէ Հայրը յայտնել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Աստուծոյ եւ Քրիստոսին մասին ճշմարտութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
դ09 3/1 էջ 7

Յիսուս ամենակալ Աստուա՞ծն է

Սովորական պատասխաններ

▪ «Այո՛, Յիսուս ամենակալ Աստուածն է»։

▪ «Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ որպէս Յիսուսը»։

Յիսուս ի՞նչ ըսաւ

▪ «Եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28)։ Յիսուս ընդունեց, թէ ինք ու իր Հայրը հաւասար չեն։

▪ «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով» (Յովհաննէս 20։17)։ Յիսուս իր մասին չխօսեցաւ իբրեւ Աստուած, բայց Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս անջատ Անձ։

▪ «Ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ» (Յովհաննէս 12։49)։ Յիսուսի ուսուցումներուն աղբիւրը ինք չէր, այլ՝ Հայրը։

ՅԻՍՈՒՍ դաւանեցաւ Աստուծոյ Որդին ըլլալ, ո՛չ թէ՝ ամենակալ Աստուածը։ Եթէ Յիսուս Աստուածն էր, որո՞ւն կ’աղօթէր երբ երկրի վրայ էր (Մատթէոս 14։23. 26։26-29)։ Վստահաբար Յիսուս չէր ձեւացներ թէ մէկու մը հետ կը խօսէր։

Երբ երկու աշակերտներ խնդրեցին որ իր Թագաւորութեան մէջ մասնայատուկ դիրքերու տիրանան, Յիսուս պատասխանեց. «Իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս» (Մատթէոս 20։23)։ Յիսուս անոնց սո՞ւտ կը խօսէր, նշելով թէ այս խնդրանքը շնորհելու հեղինակութիւն չունէր։ Բնաւ երբեք։ Փոխարէն, ան խոնարհաբար գիտակցեցաւ, թէ միայն Աստուած այսպիսի որոշումներ կայացնելու հեղինակութիւնը ունի։ Յիսուս նոյնիսկ բացատրեց, թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ հրեշտակները կարգ մը բաներ գիտէին, հապա միայն իր Հայրը (Մարկոս 13։32)։

Արդեօք Յիսուս Աստուծմէ ստորադաս էր միա՞յն երբ երկրի վրայ էր որպէս մարդ։ Ո՛չ։ Նոյնիսկ իր մահէն ու յարութենէն ետք, Յիսուս Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է իբրեւ Աստուծմէ ստորադաս անհատ։ Պօղոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ, թէ «Քրիստոսին գլուխը Աստուած [է]» (Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ապագային, «երբ ամէն բան ենթարկուի Որդիին, այն ատեն Որդին ալ ինքզինք պիտի ենթարկէ Աստուծոյ, որ ամէն բան իրեն ենթարկեց, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէն բանի մէջ» (Ա. Կորնթացիս 15։28, Անթիլիաս)։

Բացորոշ է թէ Յիսուս ամենակալ Աստուածը չէ։ Այս պատճառով է որ ան իր Հօր մասին խօսեցաւ որպէս ‘իմ Աստուածս’ (Յայտնութիւն 3։2, ՆԱ, 12. Բ. Կորնթացիս 1։3, ՆԱ, 4)։a

[Ստորանիշ]

a Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 201-204, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

Յիսուս ըսաւ թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ հրեշտակները կարգ մը բաներ գիտէին, հապա միայն իր Հայրը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել