Երգ 107
Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք
1. Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք
ու տեսէ՛ք Եհովայի
լեռը, որ բլուրներէն
շատ վեր բարձրացած է։
Այժմ ժողովուրդներ
հեռու տեղերէ կու գան,
կ’ըսեն իրարու. ‘Եկէ՛ք,
Եահին ծառայեցէ՛ք’։
Ժամանակն է հիմա,
որ պզտիկ ազգը մեծ ազգ դառնայ։
Մինչ կ’աճինք, կը տեսնենք
օրհնութիւնը Եահի մեր վրայ։
Միլիոնաւոր մարդիկ
Գերիշխանը կ’ընդունին։
Եահին ուխտ մը կ’ընեն
որ չշեղին իր Խօսքէն։
2. Յիսուս պատուէր տուաւ
որ երթանք ու քարոզենք։
Եահի Թագաւորութեան
լուրը կը տարածենք։
Քրիստոս այժմ կ’իշխէ
իր երկնային վեհ գահէն։
Հեզերն արդար ճամբան
կը սորվին Եահի Խօսքէն։
Ինչպիսի՜ ցնծութիւն. . .
կը տեսնենք աճող մեծ բազմութիւն։
Մենք կ’օգնենք բոլորին,
որ ճանչնան, ծառայեն Աստուծոյն։
Բարձր ձայնով կանչենք,
ամէնուն հրաւիրենք.
‘Եահի լեռը ելէք դուք,
որ յաւերժական է’։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 43։3. 99։9. Եսա. 60։22. Գործք 16։5)