Ուսումնասիրութիւն 3
Ճշգրիտ Առոգանութիւն
ԲՈԼՈՐ Քրիստոնեաներն ալ աշխարհիկ բարձր ուսում ստացած չեն։ Նոյնիսկ Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները նկարագրուած էին որպէս՝ «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ»։ (Գործք 4։13) Այսուհանդերձ, մարդոց ուշադրութիւնը ձեր ներկայացուցած Աստուածաշունչի ճշմարտութենէն չշեղեցնելու համար, բառերը տկար կերպով արտասանելէն պէտք է խուսափիլ։
Նկատի Առնուելիք Ազդակներ։ Առոգանութեան օրէնքներու շարք մը չկայ որ բոլոր լեզուներուն կիրարկուի։ Շատ լեզուներ իրենց այբուբենը ունին։ Հայերէնի այբուբենէն զատ, կան Արաբերէնի, Եբրայերէնի, Լատիներէնի, Կիւրիլական, եւ Յունարէնի այբուբենը։ Այբուբենի փոխարէն գրաւոր Չինարէնը կը գործածէ տառանշաններ, որոնք գաղափարագրեր են։ Այս տառանշանները յաճախ բառ մը կամ բառին մէկ մասը կը ներկայացնեն։ Հակառակ անոր որ Ճափոներէնը եւ Քորէայերէնը Չինարէնի տառանշանները կ’օգտագործեն, բայց տառանշանները կրնան գործածուիլ շատ տարբեր ձայներ ներկայացնելու համար եւ կրնան նոյն իմաստը չունենալ։
Այբուբեն ունեցող լեզուներու մէջ, շիտակ առոգանութիւնը կը պահանջէ իւրաքանչիւր տառ կամ բաղադրեալ տառեր շիտակ հնչել։ Երբ այսպիսի լեզու մը կայուն օրէնքներու կը հետեւի, ինչպէս՝ Զուլուերէնը, Հայերէնը, Յունարէնը եւ Սպաներէնը, հարցը կը դիւրանայ։ Սակայն, լեզուի մը վրայ օտար ազդեցութիւններ կրնան այնպիսի հնչումներ յառաջացնել, որոնք բառին ծագումին վրայ լոյս կը սփռեն։ Որպէս արդիւնք, մասնայատուկ տառեր կամ բաղադրեալ տառեր կրնան մէկէ աւելի կերպերով հնչուիլ, կամ երբեմն բնաւ չհնչուիլ։ Թերեւս կարիքը տեսնէք բացառութիւնները անգիր սորվելու, ապա զանոնք յաճախ գործածելու ձեր խօսակցութեան մէջ։ Չինարէնին մէջ, ճշգրիտ հնչելու համար կը պահանջուի հազարաւոր տառանշաններ անգիր սորվիլ։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, բառի մը իմաստը կը փոխուի, երբ ձայնին թոնը փոխուի։ Երբ լեզուի մը այս երեսակին պէտք եղած ուշադրութիւն չտրուի, սխալ գաղափարներ կրնան փոխանցուիլ։
Եթէ լեզուի մը բառերը վանկերէ կազմուած ըլլան, կարեւոր է շիտակ վանկին վրայ դնել գլխաւոր շեշտը։ Այսպիսի կառոյց ունեցող լեզուներէն շատեր, ընդհանրապէս խօսակցութեան մէջ շեշտի որոշ կանոն մը ունին։ Երբ այս կանոնին չեն հետեւիր, գրաւոր լեզուին մէջ շեշտի նշան կը դրուի։ Ասիկա յարաբերաբար կը դիւրացնէ հնչումը։ Բայց եթէ կայուն օրէնք մը չըլլայ, հարցը աւելի կը դժուարանայ։ Ասիկա յաջող կերպով ընելու համար, պէտք է շատ բան անգիր ընել։
Կարգ մը լեզուներու մէջ, տրոհանիշերուն շատ ուշադրութիւն պէտք է տրուի։ Ասիկա կը պարփակէ որոշ տառերուն վերեւը կամ ներքեւը եղած նշանները, ինչպէս՝ è, é, ô, ñ, ō, ŭ, č, ö, ç։ Տրոհանիշերը կրնան գրուիլ, կամ՝ կարդացողէն կ’ակնկալուի որ զանոնք դնէ, բովանդակութեան մէջ բառին գործածութեան համեմատ։ Երկրորդ պարագային, հաւանաբար ուշադիր պատրաստութեան կարիքը ունենաք, երբ հանրային ընթերցանութիւն նշանակուի ձեզի։
Առոգանութեան կարգ մը որոգայթներէն պէտք է խուսափիք։ Չափազանց բծախնդիր ըլլալը կրնայ անհարազատ ըլլալու, կամ նոյնիսկ ցուցամոլութեան տպաւորութիւնը տալ։ Նոյնը կարելի է ըսել այն հնչումներուն մասին, որոնք այլեւս գործածական չեն։ Ասիկա ուշադրութիւնը միմիայն դասախօսին վրայ պիտի հրաւիրէ։ Իսկ միւս կողմէ, լաւ է խուսափիլ միւս ծայրայեղութենէ՝ անփոյթ խօսակցութիւն եւ հնչում գործածելէ։ Ասոնցմէ քանի մը հատը արդէն նկատի առինք «Բառերու Յստակ Արտասանութիւն» նիւթին ներքեւ։
Լեզուի մը բառերուն ընդունելի հնչումը կրնայ տարբերիլ մէկ երկրէն միւսը, նոյնիսկ նոյն երկրին մէկ շրջանէն միւսը։ Ուրիշ երկրէ եղող անհատ մը կրնայ տեղական լեզուն խօսիլ իւրայատուկ առոգանութեամբ։ Բառարաններուն մէջ բառի մը համար մէկէ աւելի ընդունելի հնչումներ կրնան դրուիլ։ Մանաւանդ անհատ մը որ աշխարհիկ շատ ուսում ստանալու առիթ չէ ունեցած, կամ հիմա իր խօսած լեզուն իր մայրենի լեզուն չէ, մեծապէս կրնայ օգտուիլ տեղական լեզուն լաւ խօսողներուն ուշադրութեամբ մտիկ ընելով, ապա անոնց հնչումը կրկնելով։ Որպէս Եհովայի Վկաներ կ’ուզենք խօսիլ այնպիսի կերպով մը, որ մեր քարոզած պատգամին պատիւ բերէ եւ մեր շրջանի մարդոց կողմէ հասկնալի ըլլայ։
Առօրեայ խօսակցութեան մէջ սովորաբար նախընտրելի է գործածել այնպիսի բառեր, որոնց քաջածանօթ էք։ Սովորական խօսակցութեան մէջ առոգանութիւնը ընդհանրապէս խնդիր չէ։ Բայց երբ բարձրաձայն կը կարդաք, կրնաք հանդիպիլ կարգ մը բառերու, զորս չէք գործածեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ։ Իսկ Եհովայի Վկաները բարձրաձայն կարդալու շատ առիթներ ունին։ Երբ մար դոց կը վկայենք, Աստուածաշունչէն կը կարդանք անոնց։ Կարգ մը եղբայրներէ կը խնդրուի որ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան, կամ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան ընթացքին պարբերութիւնները կարդան։ Կարեւոր է ճշգրիտ կերպով կարդալ, որպէսզի բառերը սխալ հնչելով մարդոց ուշադրութիւնը պատգամէն չվրիպեցնենք։
Աստուածաշունչի յատուկ անուններէն ոմանք լաւ կերպով հնչելու դժուարութիւն ունի՞ք։ Երբ բառի մը մէջ իրարու յաջորդող քանի մը բաղաձայններ ըլլան, ինչպէս Մուրթքէ անունը, վերջին բաղաձայնը կը միանայ ձայնաւորին ու տարբեր վանկ կը կազմէ (Մուրթ–քէ)։ Հայերէնին մէջ սովորաբար շեշտը բառերուն վերջին վանկին վրայ կը դրուի. թէեւ առաջին վանկին վերջին ձայնաւորն ալ թեթեւ շեշտ մը կը ստանայ։ Այն սուղ վանկերը որոնք ը գիրը կը պարունակեն, վերջընթեր վանկն է որ կը ստանայ շեշտը, ինչպէս՝ ծա՛ղր, դա՛ռն, ծա՛նր։ Բայց վանկ մը սուր կերպով շեշտելու համար, վանկին վերջին ձայնաւորին վրայ շեշտ (՛) կը դրուի, բացի վերջաւորութեան ը գիրէն։ Հայերէն լեզուին մէջ ունինք նաեւ երկարը (՜), որ միշտ կը դրուի վանկին վերջին ձայնաւորին վրայ, զայն աւելի երկար արտասանելու համար։
Բարելաւման Կերպեր։ Առոգանութեան խնդիր ունեցողներէն շատեր ասոր չեն անդրադառնար իսկ։ Եթէ ձեր դպրոցի տեսուչը ձեր ուշադրութեան յանձնէ կարգ մը բառերու հնչումը՝ գնահատեցէք իր ազնուութիւնը։ Խնդիրը գիտնալէն ետք, ի՞նչպէս կրնաք բարելաւումներ ընել։
Երբ բարձրաձայն կարդալիք նշանակում մը ունենաք, նախ եւ առաջ բառարան գործածելու ժամանակ տրամադրեցէք։ Ձեզի անծանօթ եղող բառերուն նայեցէք։ Եթէ բառարան գործածելու վարժութիւն չունիք, սկիզբի էջերուն նայեցէք գործածուած համառօտագրութիւններուն բացատրութիւնները ստանալու համար, եւ եթէ հարկ ըլլայ, անհատէ մը խնդրեցէք որ ձեզի բացատրէ։ Բառարանը կարգ մը բառերուն շիտակ հնչումը կրնայ տալ։ Ինչ բառի որ նայիք, քանի մը անգամ բարձրաձայն կրկնեցէք զայն, բառարանը գոցելէն առաջ։
Ձեր առոգանութիւնը շտկելու երկրորդ կերպն է՝ բառերը լաւ հնչող մէկու մը ներկայութեան կարդալ ու անկէ խնդրել որ ձեր սխալները շտկէ։
Ձեր առոգանութիւնը շտկելու երրորդ կերպն է՝ ուշադիր կերպով մտիկ ընել լաւ դասախօսներու։ Մինչ մտիկ կ’ընէք, նկատի առէք այն բառերը որոնք ձեր հնչած կերպէն տարբեր են։ Զանոնք գրի առէք եւ կրկնեցէք։ Ժամանակի ընթացքին, ձեր խօսակցութիւնը սխալ հնչումներէ զերծ պիտի ըլլայ, եւ ասիկա մեծապէս պիտի գեղեցկացնէ ձեր խօսակցութիւնը։