Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 39 էջ 220-էջ 222 պարբ. 6
  • Ազդու Եզրակացութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ազդու Եզրակացութիւն
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լաւ եզրափակել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ուրուագծի Պատրաստութիւն
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 39 էջ 220-էջ 222 պարբ. 6

Ուսումնասիրութիւն 39

Ազդու Եզրակացութիւն

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր եզրափակիչ նախադասութիւններուն մէջ բան մը ըսէք, որուն նպատակը ըլլայ ունկնդիրները մղել որ իրենց լսած բաներուն հիման վրայ քայլ առնեն։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Եզրակացութեան մէջ ըսուածը սովորաբար աւելի երկար ժամանակ կը յիշուի։ Անիկա ամբողջ դասախօսութեան տպաւորիչ ըլլալուն կ’ազդէ։

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ հոգածութեամբ պրպտում ըրիք եւ ձեր դասախօսութեան մարմինին համար նիւթը դասաւորեցիք։ Թերեւս հետաքրքրութիւն արթնցնող բացում մըն ալ պատրաստեցիք։ Տակաւին ուրիշ բանի մըն ալ կարիքը ունիք, որ է՝ ազդու եզրակացութիւն։ Անոր կարեւորութիւնը մի՛ նսեմացնէք։ Ինչ որ վերջին անգամ կ’ըսէք, սովորաբար ան է որ աւելի երկար ժամանակ կը յիշուի։ Եթէ եզրակացութիւնը տկար ըլլայ, նոյնիսկ նախապէս ըսուածները կրնան իրենց ազդեցութիւնը կորսնցնել։

Հետեւեալը նկատի առէք. Յեսու իր կեանքի վերջաւորութեան յիշատակելի ճառ մը տուաւ Իսրայէլ ազգի ծերերուն։ Աբրահամի օրերէն ի վեր Իսրայէլի հետ Եհովայի վերաբերմունքը վերաքաղ ընելէ ետք, Յեսու գլխաւոր կէտերը ամփոփումի կերպով պարզապէս կրկնե՞ց։ Ո՛չ։ Հապա խոր զգացումով ժողովուրդը յորդորեց. «Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք»։ Անձամբ կարդացէք Յեսուի եզրակացութիւնը՝ արձանագրուած Յեսուայ 24։14, 15–ի մէջ։

Գործք Առաքելոց 2։14-36–ի մէջ արձանագրուած ուրիշ ուշագրաւ դասախօսութիւն մը տրուեցաւ Պետրոս առաքեալի կողմէ, Երուսաղէմի մէջ խմբուած ամբոխի մը, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Նախ ան բացատրեց թէ անոնք ականատես կ’ըլլային Աստուծոյ հոգիին թափուելուն մասին Յովէլի մարգարէութեան։ Ապա ցոյց տուաւ որ ասիկա ի՛նչպէս կապակցութիւն ունէր Սաղմոսներուն մէջ յիշուած Մեսիական մարգարէութիւններուն հետ, որոնք կը նախագուշակէին Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը եւ Աստուծոյ աջ կողմը բարձրանալը։ Իսկ իր եզրակացութեան մէջ, Պետրոս յստակօրէն յիշեց այն հարցը, որ իր ունկնդիրներէն իւրաքանչիւրը պէտք էր դիմագրաւէր։ Ան ըսաւ. «Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Հոն ներկայ գտնուողները հարցուցին՝ «Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»։ Պետրոս պատասխանեց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը»։ (Գործք 2։37, 38) Այդ օրը, իր ունկնդիրներէն շուրջ 3,000 անհատներ, իրենց լսած բաներէն խորապէս ազդուած, Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը ընդունեցին։

Ի Մտի Ունենալիք Կէտեր։ Եզրակացութեան մէջ ձեր ըսածը պէտք է ուղղակիօրէն կապ ունենայ ձեր դասախօսութեան բնաբանին հետ։ Անիկա ձեր զարգացուցած գլխաւոր կէտերուն պէտք է յաջորդէ որպէս տրամաբանական հետեւութիւն մը։ Թէեւ կրնաք ձեր բնաբանին բանալի բառերը պարփակել, բայց զայն ամբողջութեամբ կրկնելը ձեզի ձգուած է։

Սովորաբար, երբ կը խօսիք, ձեր նպատակն է քաջալերել դիմացինները որ ձեր ներկայացուցած տեղեկութեան հիման վրայ կարգ մը քայլեր առնեն։ Եզրակացութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է անոնց ցոյց տալ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Երբ ձեր բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը ընտրեցիք, հոգածութեամբ նկատի առի՞ք թէ նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է ձեր ունկնդիրներուն համար եւ թէ զայն ներկայացնելով ի՛նչ կ’ուզէք իրագործել։ Եթէ այո, ուրեմն գիտէք թէ անոնք ի՛նչ քայլ կ’ուզէք որ առնեն։ Այժմ պէտք է բացատրէք թէ ի՛նչ է այն քայլը եւ թերեւս ի՛նչպէս կրնան առնել զայն։

Ձեր ունկնդիրներուն ինչ ընելիքը ցոյց տալէ զատ, ձեր եզրակացութիւնը շարժառիթ պէտք է հայթայթէ։ Անիկա պէտք է պարփակէ գործի լծուելու վաւերական պատճառներ, եւ հաւանաբար՝ այդպէս ընելուն օգուտները։ Եթէ վերջին նախադասութիւնը բծախնդրաբար մտածուի ու լաւ կազմուած ըլլայ, անիկա ամբողջ դասախօսութիւնը աւելի ազդեցիկ պիտի դարձնէ։

Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ դասախօսութիւնը վերջանալու վրայ է։ Ձեր խօսքերով ասիկա պէտք է նշէք։ Ձեր խօսակցութեան արագութիւնն ալ անոր յարմար պէտք է ըլլայ։ Մինչեւ վերջ արագօրէն խօսելով, յանկարծ կանգ մի՛ առնէք։ Իսկ միւս կողմէ, մի՛ ձգէք որ ձեր ձայնը ուղղակի մարի։ Ձեր ձայնածաւալը բաւարար պէտք է ըլլայ, բայց ո՛չ շատ բարձր։ Ձեր վերջին քանի մը նախադասութիւնները աւարտի հասած ըլլալու թոնը պէտք է ունենան։ Անոնք լրջութիւն եւ համոզում պէտք է հաղորդեն։ Երբ ձեր դասախօսութիւնը ներկայացնելու կը պատրաստուիք, ձեր եզրակացութիւնը անպայման փորձ ըրէք։

Եզրակացութիւնը ո՞րքան երկար պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ժամացոյցով որոշելիք բան մը չէ։ Եզրակացութիւնը պէտք չէ քաշքշուի։ Անոր երկարութեան յարմարութիւնը կրնայ որոշուիլ ունկնդիրներուն վրայ անոր ունեցած ազդեցութենէն։ Միշտ գնահատուած է պարզ, կտրուկ ու դրական եզրակացութիւնը։ Կարճ օրինակ մը պարունակող քիչ մը աւելի երկար եզրակացութիւնն ալ կրնայ ազդու ըլլալ՝ եթէ հոգածութեամբ ծրագրուի։ Ամբողջ Ժողովողի գրքին հակիրճ եզրակացութիւնը՝ որ կը գտնուի Ժողովողի 12։13, 14–ի մէջ, համեմատեցէք շատ աւելի կարճ Լերան Քարոզին եզրակացութեան հետ, որ արձանագրուած է Մատթէոս 7։24-27–ի մէջ։

Դաշտի Ծառայութեան Մէջ։ Որեւէ տեղ եզրակացութեան կարիքը ա՛յնքան յաճախ պիտի չունենաք, որքան՝ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Պատրաստութիւն տեսնելով ու մարդոց հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ունենալով կրնաք շատ բան իրագործել։ Նախորդ էջերուն մէջ յիշուած խրատները կրնան օգտակար կերպով կիրարկուիլ, նոյնիսկ երբ երկու հոգիի միջեւ խօսակցութեան յարմարցուին։

Խօսակցութիւն մը կրնայ շատ կարճ ըլլալ։ Անհատը կրնայ զբաղած ըլլալ։ Ձեր ամբողջ այցելութիւնը թերեւս միայն վայրկեան մը տեւէ։ Եթէ յարմար ըլլայ, կրնաք այսպիսի բան մը ըսել. «Կը հասկնամ որ զբաղած էք։ Բայց առնուազն կ’ուզեմ քաջալերական միտք մը տալ ձեզի։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մեր Ստեղծիչը հոյակապ նպատակ մը ունի, որ է՝ այս երկիրը վայրի մը վերածել, ուր մարդիկ պիտի կարենան յաւիտեան կեանքը վայելել։ Մենք ալ կրնանք այդ Դրախտին մէջ ըլլալ, բայց Աստուծոյ պահանջները պէտք է սորվինք»։ Կամ՝ պարզապէս կրնաք առաջարկել աւելի յարմար ժամանակ մը վերադառնալ։

Եթէ այցելութիւնը ընդհատուի, քանի որ տանտէրը կտրուկ՝ կամ նոյնիսկ անքաղաքավար՝ կերպով կը վարուի ձեզի հետ, տակաւին շատ բան կարելի է իրագործել։ Ձեր միտքը պահեցէք Մատթէոս 10։12, 13–ի եւ Հռովմայեցիս 12։17, 18–ի խրատները։ Ձեր ազնիւ ընդառաջումը կրնայ Եհովայի Վկաներու մասին իր տեսակէտը փոխել։ Ասիկա լաւ իրագործում մը պիտի ըլլայ։

Միւս կողմէ, թերեւս լաւ խօսակցութիւն մը ունեցաք տանտիրոջ հետ։ Ինչո՞ւ անգամ մը եւս չկրկնէք գլխաւոր կէտը, զոր կ’ուզէք որ յիշէ։ Դրդապատճառ մը պարփակեցէք, որպէսզի անոր հիման վրայ բան մը ընէ։

Եթէ պատեհութիւնը պիտի ունենաք ուրիշ առիթով խօսակցութիւնը շարունակելու, անոր հանդէպ ակնկալութիւն մը արթնցուցէք։ Հարցում մը հարցուցէք, թերեւս Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն, կամ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու համար ծրագրուած գրականութենէ մը։ Ձեր մտքին մէջ ունեցէք այն նպատակակէտը, զոր Յիսուս դրաւ մեր դիմաց, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ։

Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կ’եզրափակէ՞ք։ Բնաբանը կրկնելով կրնաք աշակերտին օգնել որ նկատի առնուած նիւթը յիշէ։ Վերաքաղի հարցումներ գործածելը պիտի օգնէ որ բանալի գաղափարները տպաւորուին աշակերտին մտքին մէջ, մանաւանդ երբ այդ վերաքաղը հապճեպով չըլլայ։ Երբ հարցնէք թէ ուսումնասիրուած նիւթէն ի՛նչ օգուտ կրնայ քաղել, կամ զայն ի՛նչպէս կրնայ ուրիշներուն հետ բաժնել, ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ան մտածէ իր սորված բաները գործադրել։—Առ. 4։7

Յիշեցէ՛ք. ձեր եզրակացութիւնը ամբողջ դասախօսութեան ազդու ըլլալուն կրնայ ազդել։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Վստահ եղէք որ ձեր եզրակացութիւնը ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ ձեր արդէն ներկայացուցած մտքերուն հետ։

  • Ունկնդիրներուն ցոյց տուէք թէ իրենց լսած բաներուն հիման վրայ ի՛նչ պէտք է ընեն։

  • Ձեր ունկնդիրները խթանեցէք ձեր ըսած բաներով եւ զանոնք ըսելու կերպով։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Դաշտի ծառայութեան համար երկու եզրակացութիւն պատրաստեցէք. (1) ի՛նչ ըսել, երբ տանտէրը զբաղած է եւ շատ քիչ ժամանակ ունիք խօսելու, եւ (2) ձեր յաջորդ այցելութեան նկատի առնելիք որոշ հարցում մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել